Նաւապտոյտը շուտով պիտի սկսի։ Շչակը հնչած էր վայրկեան մը առաջ եւ զբօսաշրջիկները կամրջակին վրայ կարգի կեցած՝ սկսած էին արդէն դէպի նաւը յառաջանալ։ Սեդա կը հաւաքէ պայուսակն ու վերարկուն նստարանին վրայէն եւ ինք ալ կ’ուղղուի դէպի նաւը։
ԱՄԼ Զէֆիր նաւը ճամբայ կ’ելլէ Պէ-Սէնթ-Քաթրին քարափէն եւ կը յառաջանայ դէպի Սէն-Լորան գետի խորերը։ Նաւուն ընդարձակ տախտակամածը տրամադրուած է զբօսաշրջիկներու, որոնք Սեդային պէս եկած են կէտ ձուկերը դիտելու (որոնք ձուկ անգամ չեն, այլ ստնաւոր)։ Դեռ կէտերը չյայտնուած, շրջագայու թեան առաջ նորդը՝ բարձրախօսը ձեռքին՝ կը սկսի կէտերու տեղեկագրականով զբօսաշրջիկները զբաղեցնելու եւ կը հասնի յատկապէս Սէն-Լորան գետը այցելող կէտերուն։
— Աշխարհի 80 տեսակ կէտերէն 12ը ամէն տարի Սէն-Լորան կը քաղթեն, իսկ մէկ տեսականին ալ մնայուն կերպով այս գետին մէջ Կ’ապրի։
Սեդա իր հեռադիտակը կը հանէ պայուսակէն եւ կը սկսի դիտել հեռուները, փորձելով հանդիպիլ կէտերէն մէկուն։ Չգտնելով որեւէ կէտ որ յայտնուէր այդ վայրկեանին, պայուսակէն կը հանէ իր նօթատետրը եւ կը սկսի գրի առնել առաջնորդին տուած տեղեկութիւնները։ Որպէս ազատ լրագրող, եկած էր ուսումնասիրելու այս նաւապտոյտը իր յօդուածին համար, զոր խոստացած էր ճամբորդական պարբերաթերթի մը։
— Եւ այս հանգամանքը,— կը շարունակէ առաջնորդը,— որ Սէն-Լորան գետի յարաբերաբար փոքր իքոսիսթեմին մէջ այսքան տեսականի կէտեր կը գտնուին, զինք դարձուցած է աշխարհի լաւագոյն կեդրոններէն մէկը կէտեր դիտելու։
Այսքանը լաւ, բայց ի՞նչ են իմ տպաւորութիւններս ընդհանրապէս այս նաւապտոյտին մասին, կը մտածէ Սեդա, եւ իր չորս կողմը կը նայի։ Ամէն տարիքի մարդիկ հաւաքուած են հոն, ոմանք ուշի ուշով մտիկ կ’ընեն առաջնորդը—որ թութակի պէս կը կրկնէ իր ամենօրեայ արտասանութիւնը առանց որեւէ շեշտ դնելու իր բառերուն վրայ—իսկ ուրիշներ ալ սէլֆի առնելով կամ խմբովին նկարուելով զբաղած են։ Առաջնորդի միապաղաղ ձայնէն զզուած՝ Այս մարդը ձանձրացած ըլլալու է իր գործէն, կը մտածէ Սեդա, եւ կը սպասէ որ կէտ մը ներկայանայ ջուրին մէջ, որպէսզի թէ՛ իր հետաքրքրութիւնը եւ թէ՛ իր նիւթը կեանք ստանան։
Մինչ նաւը կը յառաջանայ դէպի գետին աւելի խորերը, ինչ որ քիչ առաջ մեղմ զեփիւռ էր քարափին վրայ, հիմա սուր հովի վերածուած կը փչէ, ստիպելով որ մարդիկ իրենց բաճկոնները կոճկեն։ Քանի մը կիներու երկար մազերը հովուն հետ կը ծփան օդին մէջ, ոմանց երեսները ծածկելով, մինչեւ որ իրենցմէ ոմանք շղարշով կը ծածկեն իրենց գլուխը։ Քէպէք քաղաքը արդէն Գանատայի պաղ քաղաքներէն է, իսկ հոս՝ նաւուն վրայ, հովուն դիմաց՝ պաղը ոսկորներուս կը հասնի, կը մտածէ Սեդա, եւ նօթատետրին մէջ գրի կ’առնէ այս կարեւոր իրողութիւնը, ապա վերարկուն կը հագնի։ Լաւ որ կարեւորութիւն տուի նաւապտոյտի գրքոյկի թելադրանքին եւ հետս առի վերարկուս, կ’ըսէ ինքնիրեն։
— Մէկուկէս մեթրէն մինչեւ 26 մեթր երկայնքով եւ 40 քիլոյէն մինչեւ 210 թօն կշիռքով կէտեր կը գտնուին այս ջուրերուն մէջ,— առաջնորդը կ’ըսէ եւ չափազանցող դերասանի նման բարձրախօսով ձեռքը կը տարածէ դէպի գետը։
Եւ ճիշդ այդ վայրկեանին, կարծես մարդուն ցուցմունքին վրայ՝ նաւէն հեռու ջուրը կը շարժի յանկարծ եւ կէտի մը հսկայ մարմինը, գլխէն մինչեւ մարմնին գրեթէ մէկ երրորդը մեղմօրէն վեր կը բարձրանայ, ապա վայելչօրէն գլուխը կը սուզուի ջուրին մէջ, մինչ բարձրացող ալիքի նման մարմինը կուռի ջուրին վրայ, նոյնքան մեղմօրէն ջուրին տակ անհետանալով եւ հսկայ պոչը բարձրացնելով ջուրէն վեր։ Յետոյ ուրիշ կէտ մը կը յայտնուի նոյնպէս, եւ ուրիշ մը, եւ ուրիշ մը, որոնք նոյն նազանքով կը բարձրանան ու կրկին կը սուզուին ջուրին տակ, բայց դարձեալ ջուրէն դուրս յայտնուելու եւ խորասուզուելու համար։ Զբօսաշրջիկները անակնկալի եկած այս յանկարծակի յայտնուած գեղեցիկ տեսարանէն, մեծ բացագանչութիւն մը կ’արձակեն եւ խուռներամ կը շարժին դէպի նաւուն եզրը։ Սեդա անմիջապէս կը հանէ իր քամերան եւ կը նկարէ կէտերն ու նաւուն եզրին հաւաքուած զբօսաշրջիկները, որոնք դեռ կը բացագանչեն իրարու ցոյց տալով իրար ետեւ յայտնուող կէտերը։ Առաջնորդն անգամ նկատել կու տայ, որ այսքան շատ կէտերու նոյն ատեն հաւաքուիլը գետի նոյն բաժնին մէջ ոչ յաճախակի երեւոյթ է։ Երեւի հոս մանր ձուկեր հաւաքուած են, որոնք իրենց համար կեր են, կ’ըսէ։
Կէտերուն սպասելը իսկապէս արժեց, կը մտածէ Սեդա, ու շունչը բռնած կը նկարէ աջ ու ձախ։ Սակայն ստեղծուած խճողումէն եւ հրմշտուքէն կ’անհանգստանայ եւ կը քաշուի դէպի նաւուն ապակիով ծածկուած մասը, ուրկէ եւս կարելի էր գետը դիտել։
Ներսը, աղմուկէն հեռու, նօթատետրին մէջ կը գրէ.
Բախտաւոր են այս հրաշալի կէտերը, որոնց ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ այս ջուրերուն մէջ։ Արդեօք գիտե՞ն որ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը այլ ջուրերու մէջ կ’որսացուին իրենց միսին, իւղին եւ…
Յանկարծ կ’անդրադառնայ որ իրմէ քիչ անդին, երկու կիներ կը վիճին իրարու հետ, բոլորովին անտարբեր որ կէտերը սկսած են յայտնուիլ։ Ինչո՞ւ եկած են հոս, եթէ կէտերը պիտի չդիտեն, կը մտածէ Սեդա, եւ կը նկատէ որ կիներէն մէկը ապշած միւս կնոջ կը նայի, մինչ միւս կինը կը շարունակէ վիճիլ։ Ապշած կնոջ դէմքին վրայ զարմանք, յուսախաբութիւն, եւ ազնիւ լռութիւն մը կայ. աչքերը սեւեռած վիճող կնոջ դէմքին՝ կարծես զայն նոր կը տեսնէ իր ամբողջութեան մէջ։
Արփինէն ալ ինծի այդպէս ապշած նայեցաւ երբ ես նկարագրիս բոլորովին հակառակ՝ անտեղի պատասխան տուի իր անմեղ հարցումին, կը մտածէ Սեդա։ Ար դեօք ի՞նք ալ յուսախաբ եղաւ ինձմէ, ի՞նք ալ զիս չափեց իմ այդ վրիպած խօսքովս։ Ինչպէ՞ս կրցայ նման բան ըսել խեղճ կնոջ, որ պարզ տեղեկութիւն մը կ’ուզէր ինձմէ։ Հարցուցածներս չգիտնալը պատճառ չէր որ այդ արտայայտութեամբ վերջացնէի խօսակցութիւնը։
Արփինէն ալ նոյնպէս սառած ինծի նայեցաւ, անկարող բառ մը արտասանելու, չհաւատալով լսածին։ Մենք նոր կը ծանօթանայինք իրարու եւ ես ինծի իսկ անծանօթ դէմքս իրեն պարզեցի քանի մը վայրկեանի մէջ։ Ես, որ ազնիւ անձ մըն եմ, քաղաքավար եւ ընդհանրապէս հանդուրժող, ինչպէ՞ս կրցայ զինք վիրաւորել անբարտաւան պատասխանով մը։ Անմիջապէս ետք շատ գէշ զգացի, հա, բայց արդէն ուշ էր. այդ բառերը բերնէս ելած էին։ Արդեօ՞ք ես ալ անազնիւ ջիղ մը ունիմ իմ մէջս, ես, որ քանի մը վայրկեանէն աւելի չեմ կրնար նոյնիսկ կատակով ըսուած սուտին կեանք տալ։ Արդեօ՞ք ազնուութիւնս անազնուութեանս հետ գոյակցութիւն ունի իմ մէջս եւ ատով իսկ կը սահմանուի։ Կ’երեւի ես ալ իմ մութ կողմերս ունիմ, իմ ստուերային անձս, ինչպէս Եունկ պիտի ըսէր։
Սեդա, նօթատետրը ձեռքին, վիճող կնոջ կը նայի երկար ու կը մտածէ. Արդեօք այս կինը ի՞նք ալ իրեն պէս ազնիւ կին է ընդհանրապէս, բայց հիմա բացառաբար այսպէս վիրաւորական կը խօսի։ Արդեօ՞ք ամէն ինչ կորսուած չէ այս կիներուն բարեկամութեան մէջ։ Երանի ներողութիւն մը ըսէ վերջացնէ։ Երանի ե՛ս ներողութիւն ըսած ըլլայի Արփինէին… բայց չըսի։ Ինչո՞ւ…
Ըստ երեւոյթի յստակ է. ես ալ կրնամ անազնիւ ըլլալ որեւէ անակնկալ վայրկեանին, որքան ալ չքմեղանքի դիմեմ—բացառիկ պարագայ, վրիպած խօսք, պլապլապլա։ Իսկ ինչո՞ւ զարմացայ որ այս երկու կիները մոռցած են թէ եկած են կէտերը դիտելու։ Իրենց մէջ մութ կէտ մը կայ, որ պէտք է յայտնուի եւ հարթուի։
Վիճող կինը հիմա լռած է եւ ձեռքերը ծալլած ապակիէն դուրս կը դիտէ։
Ապշած նայուածքով կինը, որ արդէն քանի վայրկեա նէ ի վեր լռած էր, կ’երթայ կը նստի նստարանի մը վրայ եւ գլուխը կը դնէ նստարանի կռնակին։ Վիճող կինը զինք կը դիտէ, սպասելով որ բան մը ըսէ, բայց տեսնելով որ միւսը զինք կ’անտեսէ՝ կը ձգէ նաւուն ապակիով ծածկուած մասը եւ կ’ուղղուի դէպի տախտակամած։ Սեդան ալ քամերան ձեռքը կ’ուղղուի դէպի հոն, նաւուն եզրին մօտենալու եւ աւելի յստակ նկարներ նկարելու համար։ Աճապարանքով դուրս ելած միջոցին կը զար նուի տարիքոտ մարդու մը, որ գլուխը կախ՝ առանց իր դիմացը նայելու դէպի ներս կու գար։ Սեդա ներողութիւն կը խնդրէ իր անուշադրութեան համար, սակայն մարդը չի լսեր զինք։ Ներս կը մտնէ ան գլուխը գետնին հակած, եւ բաներ մը մրմնջելով կը շրջագայի տեղքայլելով ու ատենը մէյ մը կը նայի ապակիէն դուրս, գետին ուղղութեամբ։
— Ես գիտեմ որ մարդիկ զիս խենթ կը կարծեն,— կ’ըսէ մեղմ ձայնով։ — Բայց իրենք չեն գիտեր որ երբ ես քեզի հետ կը խօսիմ մենախօսութեան պէս՝ քու պատասխաններդ շատ լաւ գիտնալով է որ քեզի հետ մեկուսի կը զրուցեմ։ Գիտեմ, հանգիստ ըրէ այլեւս, պիտի ըսես։ Ընդունիր որ ես չկամ եւ նորմալ կեանքիդ վերադարձիր, պիտի ըսես։ Գիտեմ։ Բայց իմ նորմալս հիմա այս է, հոգիս։ Առանց քեզի ի՞նչ նորմալութիւն։
Դուրսի պաղ հովէն պաշտպանուելու համար խումբ մը մարդիկ ապակիով ծածկուած մասը կը մտնեն եւ արագ ակնարկ մը կը նետեն ինքնիրեն խօսող մարդուն վրայ։ Իրենցմէ ոմանք ծիծաղելով բաներ մը կը փսփսան իրարու եւ կ’երթան դէպի ապակին, ներսէն կէտերը դիտելու համար։
— Մարդիկ կը խորհին, որ խելքս կորսնցուցեր եմ քու մահէդ ետք,— կը շարունակէ մարդը ցած ձայնով,— եւ կամ կ’ենթադրեն, որ ես ինծի կը խօսիմ ինքզինքս մխիթարելու համար։ Բայց իրենք չեն հասկնար որ իմ ամէն մէկ խօսքիս քու պատասխանդ ես շատ լաւ գիտեմ այսքան տարիներ ետք եւ պարզապէս մեր խօսակցութիւնները կ’ուզեմ շարունակել։ … Չէ, մի՛ պնդեր որ դադրիմ քեզի հետ խօսելէ։ Կ’ուզեմ քեզի հետ ըլլալ, որովհետեւ հաճելի է քեզի հետ զրուցել։ … Ճիշդ ես, Սիւզի, քու կարօտդ է որ զիս կապուած կը պահէ քեզի։ Կը կարօտնամ դէմքդ, ուր վերջերս մեղմ կնճիռներ յայտնուած էին եւ դուն ժպիտով եւ հպարտութեամբ՝ Կեանք կայ ասոնց ետին, կ’ըսէիր։ Քանի՞ կին կրնայ այդպէս իրապաշտութեամբ եւ հիւմըրով մօ տենալ իրենց յառաջացած տարիքին։ Կը կարօտնամ շէկ մազերդ, որ գիշերները վար կը ձգէ իր ան կողին մտնելէ առաջ… Կը կարօտնա՛մ քեզ, Սի՛ւ զի…։
Ապակիէն դուրս դիտող մարդիկը կը դառնան եւ զարմանքով կը նային այս մարդուն որուն ձայնը բարձրացած էր իր վերջին բառերուն հետ եւ հիմա ալ աչքերը կը սրբէր։
— Ըհը, հիմա ալ ասոնք զիս խենթ կը կարծեն կոր,— կ’ըսէ մարդը իր կնոջ։— Վնաս չունի, թող կարծեն. ես քեզի հետ պիտի խօսիմ մինչեւ իմ կեանքիս վերջը, մինչեւ քեզի միանամ եւ անոյշ դէմքդ նորէն տեսնեմ։
Զինք դիտող անձերէն կին մը կարեկցութեամբ իրեն կը մօտենայ եւ կը հարցնէ եթէ բանի մը պէտք ունի։ Մարդը ապշած իրեն կը նայի եւ կը քարանայ։
Կնոջ շէկ մազերն ու մեղմ կնճիռներով դէմքը լոյսի մէջ կը փայլին իր դիմաց եւ ինք լալագին Սիւզի՜… կը հառաչէ։ Կինը սարսափահար վայրկեան մը կը կենայ չկարենա լով որոշել ի՞նչ ընել, ապա մարդուն թեւէն բռնելով զինք կը տանի ամենամօտ նստարանը։
Մարդը ուժասպառ եւ իր ողբերգութեան յանձնուելու պատրաստ՝ գլուխը ձեռքերուն մէջ կ’առնէ եւ կը սկսի հեծկլտալ։
— Մարդիկ ճի՛շդ են եղեր, Սիւզի՜, ես խելքս կորսնցուցեր եմ։ Ես խենթացած եմ, Սիւզի, մահէդ ի վեր։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ հոս եմ այս նաւուն վրայ։ … Հա՛, յիշեցի. ծրագրած էինք միասին գալ կէտերը դիտելու, բայց առիթը չեղաւ. դուն անակնկալ բաժնուեցար։ Եկայ որ իմ աչքերովս դուն ալ տեսնես, բայց ըրածս յիմարութիւն է, չէ՞։ Ի՞նչ ընեմ, Սիւզի։ Ըսէ՛, ի՞նչ ընեմ…
Քանի մը վայրկեան ետք շէկ մազերով կինը իրեն կը մօտենայ կրկին, այս անգամ հետը բերելով նաւուն պաշտօնեաներէն մէկը։ Մարդը ներողութիւն կը յայտնէ շիկահեր կնոջ, որ այդպէս տարօրինակ վարուեցաւ իր հետ եւ կը բացատրէ, որ նոր այրիացած է եւ ըստ երեւոյ թին ընդունած չէ տակաւին իր կորուստը, ինչպէս ինք կը հաւատար մինչեւ հիմա, եւ հոգեպէս դեռ անհաւասակշիռ կը թուի ըլլալ։
Կինը՝ Կը հասկնամ, մի մտահոգուիք, կ’ըսէ, եւ իր մօտ կանգնած պաշտօնեան կը ներկայացնէ, որ եկած էր մարդուն վիճակը հասկնալու։ Լսելէ ետք թէ ի՛նչ է հարցը, իր ձեռքի հեռախօսով քանի մը խօսք կը փոխանակէ մէկու մը հետ եւ մարդուն դառնալով կ’առաջարկէ զինք տանիլ նաւուն վերի մասը, նաւապետին մօտ, որպէսզի տրամադրութիւնը փոխուի եւ իր տխուր մտածումներէն հեռանայ։ Մարդը կ’ընդունի եւ Շատ ազնիւ էք, շատ ազնիւ էք, շատ ազնիւ էք ըսելով պաշտօնեային
կը հետեւի ու նաւունվերը կը բարձրանայ:
Կին նաւապետը զինք տեսնելով կը հրաւիրէ զինք առջեւ գալու եւ դիտելու խումբ մը դլփիններ, որոնք ջուրէն վեր նետուելով կը սուզուէին կրկին եւ ապա նորէն վեր կը բարձրանային ու կը սուզուէին։ Մարդը հմայուած երկար կը դիտէ ու անձայն իր կնոջ հետ կը զրուցէ. Կը տեսնե՞ս, հոգիս, ինչպէս կը սուրան ջուրին վրայէն, մէջէն, դուրսէն, կ’ըսէ կնոջ մտովի։ Զիս հոս բերին որ քեզմէ հեռանամ, բայց ես յօժար եմ խենթութեանս, այնքան ատեն որ քեզի հետ եմ:
Մերթ ընդ մերթ մարդը կը ժպտի, կարծես իր կինը բան մը ըսած ըլլար իրեն։ Իսկ նաւապետը, կարծելով որ մարդը հանգչած է եւ հաճելի կը գտնէ տեսարանը, ինք ալ կը ժպտի իրեն եւ թեթեւօրէն ուսը կը տափէ։ Որպէս կին, կը գնահատէր այս տարիքոտ այր մարդուն ուժեղ սէրը իր կնոջ հանդէպ, եւ կարեկցութեամբ կը լեցուէր իր հանդէպ, որ կինը կորսնցուցած եւ իր շրջապատէն օտարացած՝ տակաւին զինք կը փնտռէր։ Նաւապետը կը կարեկցէր ու կը բաժնէր մանաւանդ ա՛յդ զգացումը։ Ինք ալ օտարացած կը զգար հիմա իր նախկին շրջանակէն։ Ինք ալ կը փնտռէր իր նախկին բարեկամներուն մտերմութիւնը։ Փարիզէն վերադառնալէն ի վեր անոնք իր հետ որոշ հեռաւորութեամբ մը, կարծես վերապահութեամբ մը կը վարուէին։ Իսկ իր առաջարկներն ու գաղափարները անյարիր էին անոնց կենցաղին։ Ինչպէ՞ս քանի մը տարին այսքան փոխած էր ամէն ինչ։ Անոնք խմբային մտերմութիւն մը կազմած էին իրենց միջեւ եւ ինք կարծես դուրս մնացած էր իր վաղեմի բարեկամներու շրջագիծէն։ Իր բացակայութեան՝ անոնք այլ նախապատւութիւններ որդեգրած էին, այլ մօտեցումներ հարցերու, եւ իր մտածելակերպը օտար կը հնչէր անոնց ականջին։ Նոր մարդիկ միացած էին իրենց, զորս ինք չէր ճանչնար, եւ անոնց հետ էր որ իր բարեկամները ներքին հասկացողութիւններ ունէին, ներքին կապեր, ներքին կատակներ, ներքին բանբասանք։
Ինք դուրս էր այդ բոլորէն. անծանօթի պէս առանձին կը մնար խումբին մէջ։ Դեռ երէկ երբ բարեկամ մը զինք ալ հրաւիրած էր իր պարտէզը հաւաքոյթի, տեսակ մը հին օրերու սիրոյն, ինք խմիչքը ձեռքին փորձած էր մօտենալ փոքր խումբեր կազմած անձերուն իրենց խօսակցութեան մաս կազմելու համար, սակայն անդրադարձած էր որ զիրենք հետաքրքրող նիւթերը օտար էին իրեն համար։ Կամ սաստիկ անկարեւոր։ Կամ ուղղակի անհետաքրքիր։
Իրաւ է, որ ինք իր Փարիզի տարիներուն նոր մշակոյթի մը մէջ ինկած էր, բայց փոխանակ ա՛յդ մշակոյթը իրեն համար ցնցիչ ըլլալու՝ իր նախկի՛ն մշակոյթը, հո՛ս, Քէպէքի՛ մէջ, ցնցած էր զինք վերադարձին։ Փարիզ գտնուած միջոցին, կարծես տուն դարձի զգացումով ապրած էր. այդքան հարազատ էր ամէն ինչ իրեն համար։ Փարիզեան կենցաղը, արուեստի մշակոյթը, իւրաքանչիւր օր վայելչօրէն ապրելու փիլիսոփայութիւնը, այդ ամէնը շատ դիւրաւ ընդունած էր եւ իւրացուցած։ Կարծես Փարիզի մէջ լիովին արթնցած էր իր իսկական էութիւնը՝ ճիշդ հողին մէջ ցանուած հունտի նման։ Ուրեմն ե՛ս է որ այս տեղի բարեկամներէս տարբեր եմ եւ հաւանաբար միշտ ալ եղած եմ, մտածեց։
Իրենք չէ՝ որ փոխուած են վերջին տարիներուն ընթացքին։ Ե՛ս եմ որ իմ իսկական եսս գտած եմ Փարիզի մէջ եւ հիմա այստեղի ծանօթներուս հետ բախման մէջ կը գտնուիմ։ Իրենցմէ հեռացումս օգնած է որ ինքզինքս լիովին ճանչնամ եւ գիտակցիմ իմ եւ իրենց տարբերութեան։ Ա՛խ, ինչ լաւ է այս զգացումը…։ Ալ ինչո՞ւ փորձել իրենց հետ շաղուիլ, իրենց համակերպիլ, պարզապէս իրենց շրջագիծէն ներս մտնելու համար։ Եթէ ընդունին զիս այնպէս ինչպէս որ եմ՝ լաւ. եթէ ոչ՝ նորէն լաւ։ Ես հանգիստ եմ իմ անձիս հետ եւ այդ կը բաւարարէ զիս։
Իր մտածումներէն յանկարծ կը սթափի, երբ իր օգնականը բաներ մը կը փսփսայ ականջին։ Պէտք էր դարձնէին նաւը եւ վերադառնային այլեւս։ Այո, պէտք է վերադառնային։ Այս նաւն ու գետը իր հոգեկան փրկութիւնը եղած էին իր վերադարձէն ի վեր։ Կը սիրէր ջուրին վրայէն ճախրող նաւուն ղեկը ձեռքին՝ դիտել պայծառ կամ ամպոտ երկինքը, խաղաղ կամ կէտերու այցելութենէն ալիքաւորուած գետը։ Բայց գիտէր նաեւ, որ կար վերադարձի պահը, երբ ինքն ու իր նաւը պէտք է հասնէին քարափ ու ինք վերստին մտնէր իրեն համար այլեւս օտարացած շրջապատէն ներս։ Բայց հիմա՝ տարտամ բայց հաճելի մտերմութիւն մը կը զգար իր առանձնութեան հետ։
Դառնալով կը նայի դեռ իր մօտ կանգնած այրի մարդուն եւ կը նկատէ, որ ան իր աչքերը կը սրբէր։ Ձեռքը դարձեալ կը դնէ անոր ուսին եւ կ’ըսէ, որ պէտք է այլեւս վար իջնէ, որովհետեւ ցամաք կը վերադառնան։ Մարդն ալ հնազանդօրէն նաւուն վարի՝ համընդհանուր բաժինը կ’իջնէ եւ կ’ուղղուի դէպի ապակիով բաժնուած մասը նաւուն, դարձեալ պատսպարուելու համար պաղ հովէն։ Մուտքին կը տեսնէ երիտասարդուհի մը, որ գետնին թափուած էջեր կը հաւաքէ աճապարանքով։ Ծռելով կը սկսի ժողվել էջերը եւ աղջկան տալ։ Սեդա շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կ’ըսէ, որ ներս մտած ատեն մէկը զարնուած էր իրեն եւ ձեռքէն թափուած էին էջերը։
— Ուշադիր եղիր. մի՛ կորսնցներ եթէ կարեւոր են։ Պահէ՛ մօտդ,— կ’ըսէ մարդը եւ ինքնիրեն՝ Դուն մօտս ես, հոգիս, մօտս մնացիր միշտ, ըսելով կը հեռանայ ու նստարանի մը վրայ կը նստի։
Սեդա թափուած էջերը հաւաքելով իր թղթապանակին եւ ապա պայուսակին մէջ կը դնէ եւ ինք ալ կ’երթայ նստելու նստարանի մը վրայ ու իր նօթերը գրի առնելու։
Երբ նաւամատոյց կը հասնին, Սեդա կ’օգնէ այրի մարդուն որ բազմութեան մէջէն յառաջանայ դէպի դուրս եւ կամրջակէն հասնի դէպի քարափ։ Նաւուն վերէն նաւապետը կը դիտէ բազմութիւնը, որ համբերութեամբ կամաց կամաց դուրս կու գայ նաւէն։ Կը տեսնէ որ իր մօտ եկած այրի մարդը աւելի արագ կ’ընթանայ դէպի դուրս՝ յենած երիտասարդուհիի մը թեւին։ Նաւապետը կը ժպտի պահ մը եւ կը մտածէ թէ ինչո՞ւ այդպէս կ’աճապարէ։
Սեդա արագ հրաժեշտ կու տայ մարդուն եւ ուսէն կախուած պայուսակը ամուր բռնած՝ կ’ուղղուի դէպի քիչ հեռուն կանգնած ինքնաշարժ մը։
Նաւապետը վերէն կը տեսնէ մարդը հիմա անշարժ կայնած քարափին վրայ, մինչ միւս զբօսաշրջիկները իր չորս կողմէն կը յառաջանան դէպի ճամբայ։