Մարկ Նշանեան

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ՝ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Շատ կանուխէն՝ Սփիռքի գրականու­թիւնը բաժնուեցաւ քանի մը ճիւղե­րու, որոնք գրեթէ կապ չունէին իրարու հետ: Կար նախ՝ Փարիզի ճիւղը (Շահ­նուր, Սարաֆեան, Որբունի եւ ուրիշներ) եւ Ամերիկայի ճիւղը (Նուրիկեան, Արամ Հայ­կազ, Համաստեղ): Նշուած գրողները 1915ին պատանի էին: Գտնուած են Պոլիս 1919ի եւ 1922ի միջեւ եւ աշակերտած ի միջի այլոց՝ Յակոբ Օշականին եւ Վահան Թէքէեանին: Կամ առնուազն՝ անոնց ան­միջական ազդեցութեան տակ գտնուած են: Պոլսէն 1922ի գաղթն է, որ տուած է ե­րիտասարդ գրողներու առաջին սերունդը Սփիւռքի մէջ: Միջին արեւելքը աւելի ուշ սկսած է արթննալ եւ տուած է արեւմտա­հայ լեզուով զարգացող գրականութեան եւ զայն մշակող գրագէտներու ուրիշ կարեւոր ճիւղ մը, ժամանակագրական առումով՝ երրո՛րդը միայն:

Գրականութեան մէջ չկա՛յ, կ’երեւի, ինքնակոչ սերունդ, ոչինչ ծնած: Հայ սփիւռքի օրինակը, իբրեւ փորձառական դաշտ, ցոյց կու տայ որ գրելու ցանկութիւնը ինքնածին եւ ինքնաբուխ չէ:

Ինչո՞ւ աւելի ուշ: Հաւանաբար որովհե­տեւ Միջին Արեւելքի մէջ հոծ հայութիւն ու­նեցող միակ կեդրոնը այն ատեն, այսինքն՝ քսանական թուականներու սկիզբին՝ Հա­լէպն էր: Գաղթականներու քաղաք, ուր հայերը նո՛ր սկսած էին կազմակերպուիլ, որբանոցներէն դուրս ելլել, շուրջերնին դի­տել, կեանքի մէջ նետուիլ, իրենց կրած ա­հաւոր հարուածէն սթափիլ, իրենց հոգեկան վէրքերը սպիացնել, դպրոցներ բա­նալու մասին խոր հիլ: Այս դանդաղ զարթ­նումին պատմութիւնը չէ գրուած մինչեւ այսօր, կամ ալ եթէ գրուած է՝ գրուած է հա­րեւանցի կերպով, հատ ու կենտ, ուրիշ բա­ներու կարգին: Վերապրողներուն մեծ մասը կիլիկեցիներն էին, ո՛չ հայախօս:

Նախորդ սերունդի մեծ դէմքերը կա՛մ ան­հետացած էին խորշակին մէջ, կա՛մ կը փորձէին յուսահատական ճիգով մը՝ Պոլի­սը վերակենդանացնել, կա՛մ ալ իրենց գլխուն ճարին կը նայէին:

 

 

 

Նախա-Եղեռնեան միակ ականաւոր դէմքը, որ Հալէպ գտնուած է 1918ին՝ Արամ Անտոնեանն է, որ ուսուցչութեամբ չէր զբաղեր եւ արդէն ան­միջապէս ետքը՝ Պոլիս անցաւ եւ յետոյ՝ Եւ­րոպա: Այս զանազան պատճառներուն եւ բացատրութիւններուն առընթեր, պէտք է նշել նաեւ Կիլիկիոյ հայկական ինքնավարութեան կարճ շրջանը, որ կլանեց երի­տասարդներուն ուժերը երկու տարի եւս, մինչեւ 1922: Հալէպի եւ ամբողջ Միջին ա­րեւելքի մէջ՝ գրականութեան մասին խոր­հող չկար քսանական թուականներուն:

Երրորդ ճիւղը ուրեմն, այսինքն՝ Միջին Արեւելքի գրականութիւնը 1930էն ետքն է, որ կազմաւորուեցաւ հետզհետէ, երբ Հա­լէպի եւ յետոյ՝ Պէյրութի մէջ բացուած դպրոցները սկսան իրենց առաջին հունձքերը

տալ: Կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն այս մարզին մէջ երկու Ճեմարանները՝ Հալէ­պի Քարէն Եփփէ եւ Պէյրութի Նշան Փա­լանճեան ճեմարանը (վեր ջինս 1929ին հիմնուած), որոնց պէտք է աւելցնել սկզբ­նական շրջանին՝ Աղեքսանտրիոյ եւ Գա­հիրէի դպրոցները: Գծեցինք այսպէս Սփիւռքի առաջին օրերուն քարտէսը, իր կեդրոններով, իր նորածին հաստատութիւններով եւ իր կրթական մշակներով: Մինչեւ 1926՝ Օշականը Եգիպտոս էր, Պէր­պէրեան վարժարանին մէջ կը դասաւանդէր: Շանթ եւ Աղբալեան նոյնպէս Եգիպտոս էին: Նախորդ սերունդին պատկանող այս մեծե՛րը եղած են իրենց յաջորդելու կո­չուած գրական սերունդին սերմնացաննե­րը: Գրականութեան մէջ չկա՛յ, կ’երեւի, ինքնակոչ սերունդ, ոչին չէն ծնած: Հայ Սփիւռ­քի օրինակը, իբրեւ փորձառական դաշտ, ցոյց կու տայ որ գրելու ցանկութիւնը ինք­նածին եւ ինքնաբուխ չէ: Միջին Արեւելքի մշակութային ու կրթական կեդրոններու ժամանակագրական տեղաշարժն է, այ­սինքն նաեւ՝ անոնց աշխարհագրութիւնը, որ կը բացատրէ նոր գրողներու ծնունդը 1930էն ետք:

Եդուարդ Պօյաճեան ասոնցմէ մէկն էր: Ծնած Ճէպէլ Մուսայի Խըտըրպէկ գիւղը 1915ին, իր հայրենակիցներու ճակատագ­րին հետեւած է: Փոր Սայի տի չորս տարուան գաղթէն ետք, վերադարձած է Մուսա Լեռ եւ հոն մնացած մինչեւ 15 տարեկան, որմէ յետոյ՝ անցած է Նշան Փալանճեան ճեմարանը, մինչեւ 1935: Ինքն է, որ կը պատմէ այս ամբողջը Մինաս Թէօլէօլեանի Դար մը գրականութիւն Բ. հատորին համար գրած իր հակիրճ ինքնակենսագրութեան մէջ: Ու կ’աւելցնէ. «Յետոյ, ուսուցիչ եմ մինչեւ այսօր:… հանուր մարդկութենէն վերջ, սիրած եմ մանաւանդ հայ ազգը, մանաւանդ՝ մեր պատմութիւնը եւ, շեշտուած կերպով՝ մեծ գիւղ մը, շարքին մէջ ուրիշ հայ գիւղերու… շինած է արիւնիս ջերմութիւնը, կլիմայական ներքին բարեխառնութիւն մը, որուն՝ գրականութիւն եւ արուեստ դատող մարդիկ կ’ըսեն խմոր, կ’ըսեն խառնուածք, ոճ եւ ինքնատպութիւն»: Այս ինքնավկայութեամբ՝ Եդուարդ Պօյաճեան կը բացատրէ ահաւասիկ՝ իր մշակած գրականութեան եւ իր արձակին, յատկութիւնները, եւ յատկութիւններէն առաջ՝ բխումը: Գիրին աշակերտութիւնը եւ գիւղին ենթահողը: Ճիշդ է, որ 1944էն ետք՝ քաղաքը եղած է Եդուարդ Պօյաճեանի գործունէութեան դաշտը, Սուրիա եւ Լիբանան: Բայց մնացած է ան իր հոգիին խորքովը՝ գիւղէն եկած պատանին, քաղաքի կեղծ բարքերուն հետ ընդմիշտ անհաշտ, եւ փնտռող մարդկային ճշմարտութիւն մը, որ իր մտքին մէջ կը շփոթուէր բանաստեղծական եւ բնազանցական վեհութեան մը հետ:

Իր առաջին փորձերը գրական մար­զէն ներս եղած են բանաստեղծութիւն: Ա­սոնց մէկ մասը իր մահէն ետք հաւաքուեցաւ հատորով մը՝ Ծննդավայր կորուսեալ (1984), որուն մասին պիտի անդրադառնամ աւելի ուշ: Իր ձեռքով հրատարակո­ւած առաջին գիրքը՝ նոյնպէս եղած է բանաստեղծութիւն՝ Սէր եւ վիշտ, լոյս տեսած 1944ին, Պէյրութ: Ատկէ ետքը սակայն Պօ­յաճեան անցած է արձակ գրականութեան, ու սկսած է գրել պատմուածքներ: Իր պատմուածքները խմբուած են երկու հատորի մէջ, Հողը (1948) եւ Տոմար տարագրի (1963): Այդ հատորներուն մէջն է, որ կը գտնենք իր տաղանդին եւ իր ախորժակնե­րուն լման պատկերացումը:

Անոնց մէջ կա­րելի է կարդալ իր մանկութենէն մնացած՝ գիւղական կեանքին եւ ընդհանրապէս՝ անեղծ բնութեան առթած հմայքին ո՛ղջ արտայայտութիւնը: Բայց կարելի է կարդալ միեւնոյն ատեն եւ մանաւանդ՝ մարդկային ամբողջ ողբերգութիւն մը: Անհնար էր ի հարկէ Մուսա Լեռը եւ անոր բնակչութիւնը նկարագրել առանց յիշելու անոնց վերջա­ւորութիւնը, գիւղին պարպումը 1939ին (երբ Սանճագը յանձնուեցաւ Թրքական Հանրապետութեան) եւ ուրիշ՝ գրեթէ անապատային շրջանի մը մէջ դժուար, դժնդակ, անտանելի տեղափոխութիւնը: Անշուշտ որ պատանեկութեան յիշատակ­ները մեծ դեր կը խաղան Պօյաճեանի նա­խասիրութիւններուն մէջ: Բայց իր ամբողջ գրականութիւնը կարծէք՝ դրդուած ըլլար 1939ի ողբերգական տեղահանութենէն, ա­նոր ձգած վէրքէն, գործուած անիրաւութե­ան դէմ՝ անզօրութենէն, անկէ մնացած ըմբոստութենէն: Պօյաճեանի մօտ՝ 1939ին պատահած է ինչ որ իր համագիւղացինե­րուն համար չէր պատահած 1915ին: Բնա­վայրի կորուստ, արմատական տեղաշարժ, վերաբնակեցում, մահերու շարան (եկեղեցւոյ զանգակը այլեւս չէին հնչեցներ, կ’ըսէ ինք, ժողովուրդը աւելիով չսարսափեցնելու համար), համատարած թշուառութիւն: Այս պատմութիւնն է, այս կորուստն է, որ կը տողանցէ անդադար Պօյաճեանի պատմուածքներէն ներս: Պանդխտութեան իւրայատուկ տեսակ մը, տունով տեղով, մեծով ու պզտիկով, փոխադրութիւն մը դէպի անբարեհամբոյր շրջանակ մը: Որ իր կարգին գիւղ էր, այո՛, Այնճար կոչուած, եւ ա՛յս է իւրայատկութիւնը այդ գաղթին: Բայց գիւղ մը ուր ոչի՛նչ կար բնավայրը յիշեցնող եւ կը թուի թէ Ճէ­պէլ Մուսայի հայերը շատ դժուար հաշտուեցան այդ տեղահանութեան եւ վերաբնակեցման հետ, եթէ երբեք հաշտուե­ցան: Գրող մը պէտք էր, լայն շունչով եւ խոր հայեացքով գրող մը, անհաշտութեան տարողութիւնը զգացնելու համար: Եդուարդ Պօյաճեան յաջողած է այդ գրո­ղը ըլլալ, դառնութիւնը զանցելու ինքն իր մէջ, գրականութեամբ: Անհաշտութեան հողին վրայ Եդուարդ Պօյաճեան իր գոր­ծը կառուցած է, սկիզբը՝ բանաստեղծութեամբ, յետոյ՝ պատմուածքի սեռը լաւա­գոյնս օգտագործելով, ինչպէս իրմէ առաջ թերեւս՝ Թլկատինցին կրցած էր ընել: Դառնութեան եւ ըմբոստութեան շաղա­խով տոգորուած այդ յամառ կառուցումը զինք դարձուցած է Միջին Արեւելքի լաւագոյն գրողը, ամենէն մարդկայինը թերեւս:

Դառնութիւն ու ըմբոստութիւնը թերեւ պատմուածքներուն սնուցանող հողն են, բայց հոն գոնէ բարեխառն են մեղմացնող հեգնանքով մը: Մինչդեռ առաջին շրջանի բանաստեղծութիւններուն մէջ անոնք կը յայտնուին իրենց ամբողջ անողոք մերկու­թեամբ: Այնճարի դաշտին մասին կ’ըսէ հեղինակը. «Այդ հեռու, լերկ ու խոպան / Ահաւո՛ր բան: Մկնահողն այդ, կարմիր, վատթար, / Մանրանկար՝ / Հայկական սեւ աքսորի, / Օղակ տխուր՝ / Ազգային Մեծ Տրտմութեան / Մեծ շղթային»: Շատ յատ­կանշական տողեր, ուր Ճէպէլ Մուսայէն դէպի Այնճար տեղահանութիւնը կը դառ­նայ մեծ Աղէտին մէկ կրկնութիւնը, Պօյաճեանի բառով՝ մանրանկարը: Հոս ալ՝ Ճէ­պէլ Մուսայի վեց գիւղերն են պատմումին հերոսները («Վեց գիւղ էիր, / Հայաստանի եւ հայութեան վեց դեսպան / Ստրկաս­պա՛ն»): Հոս ալ՝ դերակատարներ կը տո­ղանցեն ինչպէս պատմուածքներուն մէջ՝ փորձանք Ադումը, որբ, տգեղ ու «երազնե­րով սակայն լի» Սեվտալին, եւ ուրիշներ1: Կորուսեալ ծննդավայրի թեման մնաց Պօ­յաճեանի գրականութեան կեդրոնական երակը, մինչեւ վերջին տարիներու բանաստեղծական վերընձիւղումը, որ արդիւնք է շատ աւելի լայն շունչի ու ներշնչումի:

1961ին, երբ Պէյրութի մէջ Բագին ամ­սաթերթը հիմնուեցաւ, Եդուարդ Պօյաճեան դարձաւ բնականաբար անոր առաջին խմբագիրը: Իր ընկերներուն եւ ժամա­նակակիցներուն վկայութեամբ, կեանքին վերջին շրջանը (1961էն մինչեւ իր վաղա­ժամ եւ ապաժամ մահը 1966ին) եղաւ տենդագին գործունէութեան շրջան մը: Ատկէ ճիշդ առաջ՝ բանաստեղծական պզտիկ հատոր մը եւս տպած էր՝ Պայքարողներ, Պայքարողներ, Դուք Գազազած (Գահիրէ, 1958), որ կուսակցական մութ պատճառնե­րով՝ վերցուեցաւ հրապարակէն: Այդ հա­տորիկին մէջ՝ Պօյաճեան իր զզուանքը կ’արտայայտէ Լիբանանի եղբայրասպան կռիւներուն եւ քաղաքացիական պատե­րազմին դէմ յանդիպման («Պայքարողնե՜ր դուք բարբարոս, / Այդպէ՞ս կ’ընտրեն կա­թողիկոս, /Ազ գին առջեւ փորելով փո՞ս… »): Պատմուածքներու երկրորդ հատորէն առաջ՝ լոյս տեսաւ «Թուղթ զաւակներուս» գործը (1961), եւ անմիջապէս ետքը՝ «Երկու նամակներ» (1964): Ատկէ ետքը, այն կարճ ժամանակամի ջոցին, որ կը մնար իրեն ապրելիք, Պօյաճեան նուիրուեցաւ վերս­տին բանաստեղծութեան, բուռն թափով մը: Կեանքի վերջին շրջանի այդ գործերը, տպուած մեծ մասամբ Բագինի մէջ։ 1994ի Երեւանի մէջ Ընտրանի վերնագիրով հրատարկուած հատորին մէջ2 չէ ներմուծուած այս շարքը, որուն մասին Պօղոս Սնապ-եան կ’ըսէր 1967ին. «Ընդհանրապէս լայն կտաւի վրայ գրուած շուրջ 15 կտորներ են Բագինի» լոյս ընծայածները եւ մաս կը կազմեն Դուն3 խորագրով հրատարակելի ստուար հատորի մը»4: Նոյն քննադատը Պօյաճեանի բանաստեղծութեան երկու գլխաւոր շրջանները (առաջինը մինչեւ 1944, երկրորդը՝ 1960էն ետք) կը բնորոշէ սապէս. Առաջին շրջանին՝ «Դէպի Անեզ­րը, դէպի Անհունը, դէպի անծանօթ հորի­զոնները թեւածող յախուռն բանաստեղծ»ն է, իսկ վերջին շրջանին, թէ եւ սկզբնական ուժգնութենէն եւ որոնումէն ոչինչ նուազած է, «երկրի վրայ ապրող եւ երկրային բար­քերու ճնշումներուն ենթակա՛յ մարդն է, իր ամբողջական կենսագրութեամբ»5:

Ներկայ գրութիւնը գրողի աչքին սակայն Եդուարդ Պօյաճեանի ամենէն իւրայատուկ գործը 1961ին տպուած իր Թուղթ զաւակներուսն է: Կը պատկանի հայ գրականութեան մէջ քիչ զարգացած՝ փոր­ձագրութեան սեռին: 45 տարեկանին հասած ու կեանքին տաքն ու պաղը տեսած գրող մը «թուղթ» մը կ’ուղղէ իր երկու զա­ւակներուն, անոնց փոխանցելու համար պուտ մը իմաստութիւն: Ի նչ որ ձեւ մըն է անշուշտ վերաքաղ մը ընելու ինքն իրեն համար, այսինքն՝ իմաստ մը հաւաքելու իր փորձառութենէն: Կարծէք այդ «իմաստ»ը պիտի կորսուէր, պիտի չքանար ու ցնդէր, կամ երբե՛ք երեւան պիտի չ’ելլէր եթէ չըլ­լար զայն լոյս աշխարհ կոչողը: Քսանե­րորդ դարու Եւրոպայի գրողներու մօտծանօթ կերպ մըն է: Այս կերպին դիմողը երբեմն գործի կ’անցնի այն համոզումով, թէ իր կտրած ճամբան աննախադէպ է եւ միեւնոյն ատեն՝ օրինակելի: Կեանքէն կամ այս աշխարհէն ներս տեղ մը ապահովելու եւ ուրեմն՝ ստեղծելու ստիպողութեան տակ՝ տեւական պայքար մը մղած է: Կ’ուզէ որ իր տղաքը, իր յաջորդները, գիտակից ըլլան տարուած պայքարին, եւ շարունակեն նոյն ճամբուն վրայ: Գրականութենէն ան­դին մտահոգութիւն մը կայ հոս, բայց զար­մանալիօրէն յատուկ՝ գրականութիւն մշակողին:  Ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ փոխանցուելի «աննախադէպ»ը գրելով միայն կրնայ յայնտնաբերուիլ: Արժէք մը, մեծութիւն մը, ըլլալու եղանակ մը: Որոնք անհատականէն անդին կ’իյնան: Պօյաճեանի պարագային՝ ազգային ու մարդկային շեշտ երանգ մը կայ: Յայտնօրէն՝ ազգային ճակատագիրն է, որ կը յուզէ հոս հեղինակը: Պարզ բանաձեւումով մը ներկայացնե՛նք Պօյաճեանին հարցադրութիւնը. Ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ մարդ օտարութեան մէջ, զարգացած, ազնիւ ու յանձնառու մարդ: Հեղինաը այն տպաւորութիւնն ունի, որ ինք հասած է, որոշ համադրու- թեան մը, որ յաջողած է ձեւով մը, թերեւս հրաշքով, զարգացումի, ազնուութեան եւ յանձնառութեան կերպար մը մարմնաւո­րել: Խորքին մէջ՝ տիրապետողը հրաշքի զգացումն է: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ յառաջիկային տգէտ չմնալ, անազնիւ չըլլալ, անտարբեր չձեւանալ, այսքան ցնցումներէ ետքը, «անիտէալ» դարու մը, երբ աքսորուած ենք մեր «հայրենիք»էն, մեր «ծնն­դավայր»էն, ուր ամէն ինչ բնական էր, եւ ուրեմն՝ ուր արժէքի փնտռտուքի հարցը չէր դրուեր: Բնականութեան կորուստն է, որ կը մղէ այս «թուղթ»ի գրառումին: Չա­կերտեցի «ծննդավայր» եւ «հայրենիք» բառերը, որովհետեւ յստակ է որ Պօյաճեան կ’իտէալականացնէ զանոնք: Բայց պէտք է աւելցնել, որ իր «թուղթ»ին մէջ՝ կորուսեալ ծննդավայրը գիւղ մը չէ, հո­ղային հայրենիք մը չէ միայն: Կայ Պօյաճեանի մօտ կորուստի ընդհանուր զգացում մը եւ փորձառութիւն մը, թերեւս արմատա­ցած անձնական փորձառութեան մէջ, բայց ատկէ շատ անդին, քաղաքակիրթ աշխար­հին, մինչեւ իսկ՝ տիեզերքին վերաբերող, որ կրնայ մարդկային արժէքներու կո­րուստ մը ըլլալ, պատմութեան փոխանցած մեծութիւններու կորուստը: Կամ մակար­դակ մը վեր՝ տիեզերական ուժերը զգալու, մարմնաւորելու, արձանագրելու կարողու­թեան իսկ կորուստը, միաժամանակ՝ անձնական եւ գերանձնական գետի մը վրայ: Այս փորձառութեան կամ այս զգացումին չէի՞ն վերաբերեր արդեօք Պօյաճեանի վեր­ջին տարիներուն գրուած սքանչելի տողե­րը, քանիցս մէջբերուած ասկէ առաջ իր բարեկամներուն կողմէ. «Այս երկրին վրայ, ես մեծ խօսքերու մեծ կալուածատէր՝ / Անհուն խօսքերու չշարադրուած նամակը եղայ,/Այնքան ապրումի, այնքան տխրութեան, այնքան տռամի,/Ինձմէ միշտ փախչող իմ վէպս եղայ…»: Ուր կը գրուի անկատարութիւն մը, ձախողանք մը, բայց էական, գրողին էութիւնը նշող ու մատնանշող: Վէպս, կեանքիս վէպը կամ կեանքս իբրեւ վէպ, միշտ փախչեցաւ ինձմէ, բայց ես եղայ այդ փախչող վէպը: Ուրիշ ի՞նչ է գրող ըլլալը: ­­­

Նոյն կառոյցը կը գտնենք Թուղթ զա­ւակներուս սկիզբը: Հոն ի հարկէ կը կար­դանք հետեւեալը. «Կեանքիս մասին գրել մտադրած գիրքս կրնայ հազիւ տարի մը կամ քանի մը տարիէն գրուիլ:… Կրնայ նաեւ երբեք չգրուիլ: Գրուելու պարագային՝ նկատել այս թուղթը իբրեւ նախաբան մը, չգրուելու պարագային՝ նաեւ վերջա­բան մը: Գիրքս կարենամ գրել կամ ոչ՝ այս գրութիւնը կը համարեմ անհրաժեշտ»: Չգրուած (չգրուելի՞ք) գրքի մը մասին է հոս խօսքը, որ պիտի պարունակէր այնքան ապրում, այնքան տխրութիւն, այնքան տռամ: Եւ քանի որ ամէն ինչ պարունակող մեծ Գրքին ձախողութիւնն իսկ է գրողին է­ութիւնը, այս մէկը՝ թուղթ կամ նամակ, ան­հրաժեշտ է: Եթէ ոչ ինչպէ՞ս պիտի ըսուէր ձախողութիւնը, անհաշտութիւնը, իբրեւ էութիւն: Գրական ծրագրի մը ձախողութե­նէն անդին, ինքն իր (եւ իր ազգին) ճակատագրին հետ անհաշտութենէն ան­դին: Երկուքին համընկնումն է, Պօյաճեանի մտքին մէջ իսկ, որ Թուղթ զաւակներուսը կը դարձնէ խորհրդաւոր, համոզիչ, կը դարձնէ գրականութիւն: Եւ ո՛չ թէ իմաս­տութիւն քարոզողի մեծամտութիւն կամ ճակատագրին դէմ ողբ բարձրացողի նան­րամտութիւն: Կորուստէ մը կու գան այդ է­ջերը, կորուստի փորձառութենէ մը, կորուստի գիտակցութենէ մը: Ինչպէս Պօյաճեանի ամբողջ գրականութիւնը:

 

Եդուարդ Պօյաճեանմնացած է իր հոգիին խորքովը՝ գիւղէն եկած պատանին, քաղաքի կեղծ բարքերուն հետ ընդմիշտ անհաշտ, եւ փնտռող մարդկային ճշմարտութիւն մը, որ իր մտքին մէջ կը շփոթուէր բանաս տեղծական եւ բնազանցական վեհութեան մը հետ:

 « Հողը» … եւ « Տոմար տարագրի» … հատորներուն մէջն է, որ կը գտնենք իր տաղանդին եւ իր ախորժակներուն լման պատկերացումը: Անոնց մէջ կարելի է կարդալ իր մանկութենէն մնացած՝ գիւղական կեանքին եւ ընդհանրապէս՝ անեղծ բնութեան առթած հմայքին ո՛ղջ արտայայտութիւնը: Բայց կարելի է կարդալ միեւնոյն ատեն եւ մանաւանդ՝ մարդկային ամբողջ ողբերգութիւն մը:

1 Այս պարբերութեան մէջ բերումները «Ծննդավայր կորուսեալ» հատորէն, լոյս ընծայուած իբրեւ յետ մահու հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1984:

2 Ընտրանի, Երեւան, 1994, Հայաստանի «Մուսա Լեռ» հայրենակցական Միութեան հրատարակու­թիւն, կազմուած եւ յառաջաբանով մը Ա.Ս.Բէքմէզե­անի կողմէ: 380 էջնոց այս հատորը կը պարունակէ չորս բաժին: Երկուքը՝ արձակ (Հողը եւ Տոմար տա­րագրի), երկուքը՝ բանաստեղծութիւն (Սէր եւ վիշտ եւ Ծննդավայր կորուսեալ):

3 Ե. Պօյաճեանի նշեալ հատորը լոյս տեսաւ 2005ին, Երեւանի մէջ, խմբագրութեամբ Պօղոս Սնապեանի։

4 Բագին Ամսագիր, Պէյրութ, մայիս 1967: Այս շատ կարեւոր համարը ամբողջութեամբ նուիրուած է տա­րաբախտ գրագէտին, որ վախճանած էր դեկտ. 1966ին: Իրենց մասնակցութիւնը բերած են անոր, ու­սումնասիրութեան կամ վկայութեան ճամբով, Սնապեանէն զատ՝ Բաբգէն Փափազեան, Կարօ Սասու­նի, Նշան Պէշիկթաշլեան, Մուշեղ Իշխան, Ժիրայր Աթթարեան, եւ այլք բազումք…: Աւելցնենք, որ 1967ին լոյս տեսաւ նաեւ Եդուարդ Պօյաճեանի Դէմքեր վեր­նագրով հատորը, իբրեւ յետ մահու հրատարակու­թիւն: Հատորը կը պարունակէ գրական դէմքերու եւ դպրոցներու շուրջ փորձագրական ակնարկներ, ու ցոյց կու տայ հեղինակին մէկ ուրիշ երեսակը՝ մտա­ւորականը: Հոն ընթերցողը պիտի գտնէի միջի այ­լոց՝ Փարիզի մէջ երեսունական թուականներուն զարգացած «Մենք»ի շարժումին շուրջ պայծառ ու­սումնասիրութիւն մը, որ կը փաստէ Պօյաճեանի մտային հորիզոնին լայնութիւնը եւ Սփիւռքի գրական արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն հանդէպ իր նախանձախնդրութեան լրջութիւնը, բան մը որ բացա­ռիկ էր Միջին Արեւելքի գրողներու շրջանակին մէջ այդ տարիներուն:

 

Կորուսեալ ծննդավայրի թեման մնաց Պօյաճեանի գրականութեան կեդրոնական երակը, մինչեւ վերջին տարիներու բանաստեղծական վերընձիւղու մը, որ արդիւնք է շատ աւելի լայն շունչի ու ներշնչումի:

… « թուղթ»ին մէջ՝ կորուսեալ ծննդավայրը գիւղ մը չէ, հողային հայրենիք մը չէ միայն: Կայ Պօյաճեանի մօտ կորուստի ընդհանուր զգացում մը եւ փորձառութիւն մը, թերեւս արմատացած անձնական փորձառութեան մէջ, բայց ատկէ շատ անդին, քաղաքակիրթ աշխարհին, մինչեւ իսկ՝ տիեզերքին վերաբերող, որ կրնայ մարդկային արժէքներու կորուստ մը ըլլալ, պատմութեան փոխան

Your email address will not be published. Required fields are marked *