Լոս Անճելըսի մէջ, մանաւանդ հայահոծ թաղամասերէն ներս, հայերէն լեզուի ներկայութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած է։ Այսինքն՝ լեզուն այլեւս մասնիկն է քաղաքին հանրային հիւսուածքին։ Ան կը լսուի մայթերուն վրայ, ճաշարաններու կից սեղաններէն, ինքնաշարժներու բաց պատուհաններէն եւ բժշկական հաստատութիւններու սպասման սրահներու, խանութներու կամ վերելակներու մէջ։ Կը լսուի արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը, իրենց թէ՛ բարբառային թէ՛ գրական եղանակներով, եւ յաճախ՝ նոր խառնածին (hybrid) հնչիւնաբանութեամբ եւ տարբերակներով։ Սփիւռքեան բազմազան շերտերէ բաղկացած այս ընդարձակ համայնքի խառն կերպարը, տասնեակ տարիներու ընթացքին, յղացած է խօսակ ցական լեզուի որոշ բարբառային միաձուլում մը որ կը համընկնի ոչ մի այն հայ գաղութներու ներկայ յեղաշրջուն դիմագիծին, այլ նաեւ թուայնացման շրջանի լեզուային նոր մօտեցումներուն։
Արդի թուային հաղորդակցութեան միջոցներ ուսումնասիրող տեսաբանները կ’առաջարկեն որ ելեկտրոնային գրութիւններու հետ մեր առօրեայ յարաբերութիւնը նորանոր ընթերցման վարժութիւններ կը մշակէ։ Իմակի ու text messaging-ի ստեղծած անմիջական կապը կը պահանջէ վայրկենականութիւն մը որ նաեւ յատկանիշն է խօսակցական լեզուի։ Լեզուաբան Ճոն ՄքՈւորթըր այս երեւոյթը անուանած է «մատներով խօսիլ»։ Հետեւաբար այն ինչ որ տեսնենք հեռախօսի կամ համակարգիչի մեր պաստառներուն վրայ, խօսակցական լեզուի գրանցումն է եւ ո՛չ թէ գրական լեզուի մը դրսեւորումը։ Այսինքն հոն լեզուն կը գտնենք իր բնական լպրծուն հոսանքին մէջ՝ կանխաւ չմտածուած կամ քերականական խիստ օրէնքներով չշարահիւսուած։
Հայերէնի պարագային, քանի որ խօսակցական լեզուն հետզհե տէ կը ձուլէ բարբառային իւրայատկութիւնները արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, այդ խառնուրդն է որ գրաւոր արտայայտութեան մէջ ալ կ’արտացոլայ։ Թուայնացման շրջանի արեւմտահայ գրականութիւնը սկսած է կրել խօսակցական լեզուի հետքերը, որ միաժամանակ կը պարզեն շփման նոր գօտիներ հայ սփիւռքի մէջ։
Հրայր Վարազի # ճիվ ճիվ #դwիդթռ փօըմ (2022) փորձառական քերթուածներու հաւաքածոն, թէեւ լոյս տեսած է տպագիր, յստակօրէն կը կրէ իր թուային ձեւաւորման հետքերը։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել որ # ճիվճիվը թուային գրագիտութիւնը կը ներկայացնէ իբր իր հետազօտութեան նպաստող գործիքը։ Հայերէնը ձեւակերպելու համար որպէս անմիջական՝ պահու մը մէջ ծնող լեզու, դիտումնաւոր ձեւով կ’նդգծէ լեզուի հաղորդակցական յատկանիշը։ Նախապէս Twitter կոչուող հարթակի կառուցային սահմանափակումը որդեգրելով, բոլոր քերթուածները կը բաղկանան 280 տառանիշ պարունակող գրութիւններէ։ Գիրքը կը ներկայանայ իբր երկլեզու աշխատութիւն, ուր բանաստեղծութեան հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները զետեղուած են յարակից էջերու վրայ։ Իւրաքանչիւր հայերէն քերթուածի կ’ընկերանայ անոր լատինատառ մշակումը, իսկ անգլերէն թարգմանութեան կ’ընկերանայ հայերէն փոխատառ տարբերակը։ Բանաստեղծական տողերը յաճախ կը գունաւորուին իրենց մէջ զետեղուած emoji-ներով, առանց անպայման հայելի վերարտադրութիւն գտնելու թարգմանութեան մէջ։ Առաւել, արուեստագէտ Էյմի Գազանճեանի նկարազարդումները կը ճոխացնեն գիրքին կարգ մը էջերը։
Հայերէն գրաւոր լեզուն աւելի մօտեցնելու համար պարզ խօսքին, Վարազ կ’օգտագործէ լեզուական թոյլ եւ անփոյթ կառուցուածք մը որ ընդհանրապէս կը վերագրենք թուային հաղորդակցութեան։ Գրական չափանիշերու խստապահան ջութեան հանդէպ բացայայտ դժգոհութիւն արտայայտելով, Վարազ գիրքին նախաբանին մէջ կը յայտնէ աշխատութեան բուն նպատակը՝ որ հետեւեալը կը խրատէ. «Մաս-մա քուր հայրենը մոռցիր, կարեւորը գործածել նէ»1։ Ինչպէս սոյն մէջ բերումը կ’առաջարկէ իր ոճին եւ ձեւին ընդմէջէն, խօսակցական լեզուն խթանելու միտումով է որ Վարազ կը փորձարկէ օրէնքներու խախտումներ եւ հնչիւնաբանական նոր մօտեցումներ։ Այսինքն՝ լեզուին բերանացի գործածութիւնն է որ կը մտահոգէ հեղինակը ու առիթը կու տայ ստեղծագործական փորձի մը որ գրաւոր կերպով ներկայացնէ խօսակցական լեզուն։
Այսպիսով կը տեսնենք լեզուային ամենօրեայ արտայայտութիւններու ձայնական (phonetic) ներկայացումը ուր «քովնալթէյ»ի նման խօսք մը կը գրուի իբր «քովնաթէյ»2։ Կան բազմաթիւ նման օրինակներ ուր քերականական օրէնքները կը փոխարինուին խօսակցական ոճի հնչիւնաբանութեամբ՝ «հոն է» (հոն է), «մէջն է» (մէջն է)3, «դո՛ւ նա» (դո՛ւն ալ), « հայլի» (հայելի)4, «պէ’չունիս» (պէտք չունիս), եւ «մէկկոմդիր» (մէկ կողմ դիր)5։ Ձայներու այս գրաւոր պատկերացումը, որ ինքնաբերաբար բախում մը կ’ենթադրէ օրինաւոր գրական լեզուի մեր ակնկալիքին հետ, կը դառնայ կիզակէտ՝ բանաստեղծութեան ընդհանուր տարողութեան։
Հետեւաբար #ճիվճիվը կը ներկայացնէ, որպէս գիրքին հիմնական նիւթ՝ բերանացի արտայայտութիւնը իբր արարք եւ խօսակցական լեզուն իբր դիտաւորեալ տեսանելի լեզուական դասակարգ։ Այս առումով, գիրքին աշխատութեան մէջ մղում մը կայ դէպի երեւակայական համայնքի մը ստեղծումը՝ փոխադարձաբար ընթեռնելի խօսքի շուրջ։ Այս մղումը նաեւ կը պարզէ զուգահեռ ըմբռնում մը, առաջադրելով որ հայերէնի պարագային, զոյգ գրական լեզուներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդարձակ հեռաւորութիւնը արգելք կը հանդիսանայ միասնական տարածքի մը մշակման՝ արեւելահայախօսներու եւ արեւմտահայախօսներու միջեւ։ Հոս է որ Վարազ կը փորձէ իր ստեղծագործական միջամտումը բերել եւ նոր մարտահրաւէրներ ներկայացնել ընթերցողին։ Գիրքի մը մէջ հրատարակուած գրութիւններ կարդալու ընթացքին, ընթերցողը գրական լեզուն է որ կ’ակնկալէ գտնել հոն։ Անմիջապէս նկատելով անոր բացակայութիւնը եւ միաժամանակ խօսակցական լեզուի հակադիր սաւառնումը տպագիր էջին վրայ, ընթերցողը կը ստիպուի մարզել վարժութեան նոր ձեւ մը։ Ընթեռնելու այս վարժութիւնը ընդունելութեան հանգամանք մը կը պարտադրէ ինչ կը վերաբերի խօսակցական լեզուի ժողովրդականութեան, բազմազանութեան եւ միաձուլումին։ Վարազի համար ստեղծագործելը կ’ընդգրկէ թարգմանութեան աշխատանք ո՛չ միայն հայերէնի եւ իր ապրած երկրի գերիշխող լեզուի՝ անգլերէնի միջեւ, այլ նաեւ հայերէններու միջեւ։ Հայերէններու շփման առօրեայ երեւոյթը ներքին թարգմանութեան եւ փոխարինումի յաճախակի աշխտանք կը պահանջէ իր տրամախօսներէն։ Վարազի բանաստեղծութեան մէջ այդ աշխատանքը կը ստանայ գրաւոր դրսեւորում։
Այսպիսի ներքին թարգմանութեան հիման վրայ կերտուած փոխադարձաբար ընթեռնելի լեզուական համայնքի մը մշակումը զերծ չի մնար քաղաքական դասակարգութիւններէ։ Թէեւ հետզհետէ ո՛չ մէկ հայկական համայնք, թէ՛ սփիւռքի թէ՛ Հայաստանի մէջ, լեզուի իմաստով չի կրնար համասեռ համարուիլ, նկատելի է որ արեւելահայերէնը՝ իր նոր ուղղագրութեամբ, գերիշխող լեզուն կը դառնայ անդրազգային հայկական տարածքներու մէջ։ Որպէս լեզու մը որ կը վայելէ ազգային պե- տութեան մը վաւերական կառոյցներու նեցուկը, որ ունի պետական հաստատութիւններու կողմէ կանոնակարգուած իր ձեւն ու չափորոշիչները, որ ներկայիս կ’օգտագործուի աշխարհի հայութեան մեծամասնութեան կողմէ՝ արեւելահայերէնը ոչ միայն ունի աւելի ընդարձակ շրջագայութիւն, այլեւ ներկայութիւն՝ աւելի բազմազան ոլորտներէ ներս (գրական մշակոյթ, հասարակական մշակոյթ, համացանցային, բժշկական ոլորտ, իրաւական փաստաթուղթեր, քաղաքական վարչութիւն, եւայլն…)
#ճիվճիվի քերթուածներուն մէջ կան փոխառուած արեւելահայերէն քերականական կառոյցներ, յատկապէս ներգոյական հոլովը, որ կը կազմուի «ում» հոլովով։ Վարազ կը ներկայացնէ հետեւեալ օրինակներուն նման շարադրութիւններ՝ «լճափ-ում քայլքըլեն-կոր»6 կամ «ինքնացած Yelamu-ում Ohlone-ում»7։ Նախադասութեան մէջ արեւելահայերէնի այս եօթներորդ հոլովը չի փոխարիներ քերականական որեւէ յատկանիշ արեմտահայերէնի, որ ընդհանրապէս կ’օգտագործէ տեղի մակբայներ։ Այլ պարզապէս յաւելում մըն է։ Այսինքն՝ գրութեան մէջ կը հանդիսանայ յաւելեալ մնացորդ, ընթերցողին յիշեցնելու համար լեզուներու փոփոխականութեան մասին որ վերջերս յա ռաջացած է խառնածին եւ տարասեռ խօսքի համայնքներէ ներս։
Վարազի գրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած ներքին թարգմանական փոխանցումը, որ կը բաղկանայ արեւելահայերէն որոշ տարրերու գործածութենէն, յաճախ արեւմտահայերէնի հնչիւնաբանական թերութիւնները յայտնաբերել կը թուի։ Վարազ երբեմն կ’օգտագործէ դասական ուղղագրութիւն, երբեմն աբեղեանական ուղղագրութիւն (օրինակ՝ «հիշենք կապվինք սորվինք»8) եւ երբեմն ալ բոլորովին կ’անտեսէ ուղղագրական կանոնները։ Ուղղագրական այս խաղերը խառնածին հայախօս ընթերցողին համար միասնաբար կը ներշնչեն խորթութեան եւ հարազատութեան զգացումներ, կազմելով գիրքին գեղագիտական տրամաբանութիւնը։ Ամէն մէկ էջի տակ, կայ ծանուցումի բնոյթ ունեցող յայտարարութիւնը՝ «ուղագրական ազատութիւններով գրված»։ Ան կը գրէ «ձաւ»՝ ցաւի փոխարէն9, «մախտանք»՝ մաղթանքի փոխարէն10, «հերուէն»՝ հեռուէն-ի փոխարէն11, «կմտահոգվէի»՝ կը մտահոգուէի-ի փոխարէն12, «նետված կսքամ»՝ նետուած կը զգամ-ի փոխարէն13 կամ «աչ ցերքէն»՝ աջ ձեռքէն-ի փոխարէն14։ Այլ խօսքով՝ Վարազը որ դեգրած է գրելու հնչիւնական մօտեցում մը, որ կ’ակնարկէ արեւմտահայերէնի դարերու ընթացքին կորսնցուցած հնչիւնական զանազանութիւններուն եւ ստեղծագործական խաղի կը վերածէ այն երեւոյթը որ արեւմտահայերէնը երկուական տառ ունի դ-թ, գ-ք, ձ-ց, բ-փ եւ չ-ջ հնչիւններուն համար։
Մինչդեռ անշուշտ արեւելահայերէնի բարբառները պահպանած են հնչիւնական նրբերանգները այս տառերուն միջեւ։ Գրաւոր արտայայտութեամբ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ արեւելահայերէնի բազմազան հնչիւնները կը գործածեն Խորհրդային Միութեան սկզբնական տարիներուն մշակուած բարեփոխուած ուղղագրութիւնը, որ կը ձգտէր բառերու գրուածքն ու հնչումը կամրջել՝ գրագիտութիւնը տարածելու նպատակով։ Մասնակիօրէն ենթարկուելով բարեփոխուած ուղղագրութեան, Վարազն ալ նպատակ ունի հայերէն գրելն ու կարդալը խրախուսելու՝ գրաւոր լեզուն աւելի հասանելի դարձնելով խառնածին հայախօսներուն համար, ինչպէս նաեւ քննադատական ակնարկի հրաւէր երկարելով արեւելահայերէնի հնչիւնաբանական արժէքներուն գերակայութեան ուղղութեամբ, արեւելահայախօսներու համար։ Պէտք է նկատի առնել որ քերթուածներուն արեւմտահայերէն հնչիւնաբանութիւնը կ’ամրապնդուի իւրաքանչիւր տողի տակ գտնուող տառադարձութեան միջոցով եւ «ուղագրական ազատութիւններով գրված» որոշ բառեր կը կորսնցնեն իրենց զուգորդիչ կապը բնագիրին հետ, հետեւաբար կորսնցնելով իրենց իմաստը։
#ճիվճիվի նման խառնածին գրութենականութեան (hybrid textuality) մուտքը հայ արդի գրական ստեղծագործութիւններէ ներս, անդրադարձի առիթը կը ստեղծէ անկէ յառաջացած բախումներու մասին՝ տպագիր աշխարհի կայական (static) տարրերու եւ թուային աշխարհի յարաշարժական (dynamic) տարրերու միջեւ, գրական լեզուի եւ խօսակցական լեզուի միջեւ կամ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ։ Դեռ պէտք է սպասենք որոշելու համար թէ արդեօք ասոնք պիտի մնա՞ն իբր փորձառական գրութեան օրինակներ, թէ՞ կ’առաջադրեն աւելի մեծ ուղղութիւն մը: Կ’արժէ յիշել որ այս նիւթիւն շուրջ խորհիլը բացարձակ նորութիւն մը չի ներկայացներ: Ահա կ’աւարտեմ Դանիիէլ Վարուժանի միտքերը խառնածին լեզուի հարցին մասին՝ «Դիցուք թէ վայրկեան մը անտեսենք այդպիսի ձուլումի մը երեք գլխաւոր արգելապատճառները,- ժողովուրդը, գրական անցեալը ու երկու լեզուներուն մէջ եղած խորունկ տարբերութիւնները եւ արեւելեան ու արեւմտեան բարբառները նետենք մէկ հալոցի մէջ. ի՞նչ առաջ պիտի գայ. Անկերպարան միգամած մ, լեզուական խառնակութիւն մը, ալքիմիական բաղադրութիւն մը՝ ուրկէ ի հարկէ ոսկի պիտի չստանայինք»15: