ՈՒԺԵՂ ՆՐԲՈՒԹԻՒՆ – ԿԱՄ ԹԷ ԻՆՉՈՒ ՆԱՐԻՆԷ ԻՍԱՋԱՆԵԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՊԷՏՔ Է ՏԵՂ ԳՏՆԷ ՄԷՆ ՄԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ, ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻ, ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԻ ՈՒ ՏԱՆ ՄԷՋ

Երբ ներկայ կ’ըլլաք խմբային ցուցա­հանդէսի մը ու կը սկսիք աչքէ անց­նել պատերը խճողող պաստառները, պահ մը կու գայ երբ կը նշմարէք կտաւ մը որ ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր վրայ։ Կը շարունակէք ձեր ճամբան բայց կը վերա­դառնաք անոր։ Եթէ անիկա Նարինէ Իսա­ջանեան է, ապա կանգ կ’առնէք։ Կը կենաք, որովհետեւ անմիջապէս կը ներգրաւուիք անկէ եկող թրթռացումով։

Եթէ ուզէք այդ ազդեցութիւնը նկարագրող բառապաշար մը փնտռել, հետեւեալ գո­յականները (ուրիշներու կարգին) ի մտի կու գան. արմատներ, խորհուրդ, հող, փիլիսո­փայութիւն, ոգի, խորք, ուժ, տիեզերք, գե­տին, գեղեցկութիւն, անջրպետ, յուզում, Հայաստան, եւ շատ մը այլ բաներ։ Ածա­կաններու ցանկ մըն ալ պիտի պարփակէր՝ ներդաշնակ, անկեղծ, բաց, գրաւիչ, լեցուն, հաւասարակշռուած, զուսպ, ազատ, սահ­մանազերծ, անսահման, ու տակաւին բազմաթիւ ուրիշներ։ Գրեթէ բոլոր գոյականներն ու ածականները կրնան փոխն ի փոխ կողք կողքի դրուիլ ու իմաստալից նկարագրու­թիւններով օժտել Նարինէին գործած ազդեցութիւնները մեր վրայ։ Եթէ Նարինէին պաստառները հեռուէն դի­տէք, երբեմն առաջին ակնարկով շատ բան չէք տեսներ հոն պատահող, բայց բան մը ձեզ կը քաշէ դէպի ի­րեն։ Երբ կը մօտենաք, ամբողջ աշխարհը, իր աշխարհը, ամբողջո­վին ընդելուզուած ձերի­նին՝ կը յայտնուի ձեր աչքերուն առջեւ։ Երբ գեղեցիկ առիթը կ’ունե­նաք ներկայ գտնուելու անոր անհատական մէկ ցուցահանդէսին, այդ աշխարհը կը վե­րածուի իւրայատուկ ու ինքնուրոյն տիեզերքի մը։

Իր պաստառներուն բազմակիութիւնն ու համապարփակութիւնը ձեզ կը մղեն զինք տեսնելու որպէս եզակի ու խորունկ փիլիսո­փայ մը, մարդ արարած մը, որ իր «բառազուրկ» տեսողական արուեստին մէջէն պատգամ մը կ’ուղղէ մեզի որ կը սահմանէ մեր ով ըլլալը, ուրկէ գալը, եւ դէպի ուր երթալու ձգտումը։

 

Հում նիւթերը զորս կը գործածէ՝ ինչպէս հողը, աւազը, եւ այլն, մէկ կողմէ ձեզ աւելի կը մօ­տեցնեն մայր բնութեան՝ ֆիզիքական իր յայտնակերպումին մէջ, սակայն միւս կողմէ այդ նիւթերը, անցած ըլլալով արուեստագէ­տի հոգիէն ու ոգիէն, կ’անհետանան իբրեւ այդ ու կը վերածուին նորանոր գոյացութեան մը, մշտնջենա­կան արժէքներու սրբա­զան պատգամով։

Արուեստագէտին գործած ազդեցութեան մասին եւս մէկ կարե­ւոր նկատառում. ան ոչ միայն փոխանցուած պատգամով մեզ կը դաստիարակէ, այլ մեր ներսիդիէն կը քաղէ յուզումներ, մտածումներ ու խոկումներ, մեր ոգեկան ուժերը կանչելով իրեն։ Ահա ինչու Նարինէ Իսաջանեանի արուեստը պէտք է տեղ գտնէ մէն մի թանգարանի, ցուցասրահի, հաւաքածոյի ու տան մէջ։

Անգլերէնէ թրգմ.՝ Րաֆֆի Աճէմեան

 

1 Նիկոլա Չելիապով. Նարինէ Իսաջանեան, ակտուալ արուեստ, 124 էջ, Երեւան, 2024։

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *