ՇՂԱՐՇԷՆ ԱՆԴԻՆը ճարտարապետ-լուսանկարչուհի Նուարդ Տալեանի եւ Բագինի խմբագիր-բանաստեղծուհի Սոնիա-Սանան Քիլէճեանի համատեղ աշխատանքի արգասիքն է։
Նուարդ Տալեանի լուսանկարչական պատկերները, որոնք կը ներկայացնեն Համշէնի հրաշալի բնութիւնն ու զայն զով հոսանքներով ծածկող ու ապա կամաց-կամաց անհետացող մշուշի արթած անսահմանութեան զգացողութիւնն ու քօղազերծուող լիճի կախարդանքը, կը զուգաւորուին Սոնիա-Սանան Քիլէճեանի բանաստեղծութեան հետ։
Հոս, գիրն ալ որպէս մշուշային ծածկոյթ կը շղարշէ ու կը բանայ գաղտնիքը բանաստեղծի ներքին բնանկարին եւ անհատական փորձառութիւններուն, սակայն երկու արուեստագէտներուն համար ալ մշուշը կը հանդիսանայ միջոցը տեսանելիէն անդին խորասուզուելու, մինչեւ որ վերացականը հասնի իրականի սահմանին եւ քօղազերծէ իր իսկական էութիւնը։
I
մարմինս/դ
կը թաթխեմ
մշուշին
եւ
ես/դուն
կը բացուինք
բազմադրուագ
ծփանքներու
երանգներով
II
մշուշը
շղարշ
շունչիս/դ շնչիւնին
բայց աւելի
խորութիւն ծնուցիչ
երկրին միջեւ եւ երկնքին
այլաշրջիկ փսփսուքին մէջ ջուրերուն
ուր
դուն/ես բնակիչներ վաղեմի
յիշողութեան արգասաւոր երկունքին մէջ փաթթուած
թառած
ծայրը ալեծածան ժամանակի տեւողութեան
խրած կողին
անլուսանցիկ սկիզբին
գրեթէ մերկ
բաղխիւններէն ու ցաւերէն մարդկային
կեանքէն խզուած
բայց դէպի կեանք սուրացող
հազարումէկ երազներով աներկբայ
եւ ռիթմերով շափիւղայ
ընդելուզուած լիճին խորքին,
անդորրութեան,
բազմադիմակ հողի ծոցէն արտաքսուած
որուն առջեւ ծունկի եկած
միանուագ ընթացումով դէպի յաւերժ կը նայիմ/ս
III
մշուշը
մարմին
մտերմութեան
ուր կը մտնեմ/ս
արարումի
կշռութաւոր ճառագայթ մը բռնելու
կարծես հպէի/ր սկիզբին
շունչիս/դ
շնչադարձ օղակներով
ընծայուած առաւօտին
ուր
ստուերներ
կազմալուծուող հորիզոնէն փրթելով
լիճին խորքէն շոգիացող
կշռութաւոր շքեղութեամբը խոնաւին
թրթռացող ճշմարտութեամբ
կը պարուրեն
ամէն բացուածք
ամէն ամայք
որոնք
կ՛աճին ծփանքներէն լռութեան
սեղմուելու
մարմնիս/դ
զով խտութեամբը
ժամանակին
IV
մշուշը
վայրը
չքացման
կորուստի
բայց
յարատեւօրէն արգաւանդ
իշխող
երազային
ճերմակութեամբն իր խոնաւ
որուն
տամուկ ողողումէն
մարմինս/դ
զգայազեղ յորդումով
կը դառնայ
գէջ բնակիչը
կռթնած լոյսին
արտաբխող ներկային
եւ
բազմախօս լինելութեամբ ճշմարիտ
այգաբացի ցայտքերուն մէջ
կը խայտայ
մթնշաղի անչափելի
տարափոխուող
քայքայմամբ
որուն խորքը
աչքերս/դ
ձուկերու պէս կը լողան
անցած ժամանակի մը
վկաները փնտռելու
V
օրօրուն շօշափներուն քայքայումը տեսնելով
կ՛ընկղմիմ/ս
շափիւղայի խորհուրդին յանձնուած
անպարագիծ
բացուածքին մէջ հեռուին
կը գրաւուիմ
տարածութեան մէջ կազդուրիչ
կը պատռուիմ/ս դէպի դուրս
դէպի ներս
սթափումի ծփանքին հետ լուծուելու
ամէն ինչ կ՛ոճաւորուի
խաղաղութեան անծայրածիր տարածութեան գոյներով
լոյսի
մութի
ընդգրկումով ծնուցիչ
տարագրուած
ձայնի շեղբէն
ծանրութենէն բառերու
յայտնակերպուած
մառախուղին
թովչանքովը վիպային
որպէս
մարմին տարածական
եւ
գոյութիւն ապահով
պատուած
սաղմով
անհպելի անվերջութեան
VI
մշուշը
տարածք
այլակերպումի
կախուած ծուէններէն անյայտի
ուր ամէն ինչ
պահ մը ուրիշ
եւ
միակ
երկնումովը
ցայգալոյսի շառայլներուն
որոնք հատ-հատ կը մխրճուին
մարախուղի բացուած ծոցէն
մարմիններուն մեր բխրուն
ցնորական
արձակումով
ասեղնագործ
մութի լոյսի
յորձանուտով կրկնախօս
եւ խարշափովը հեռուին
տամուկ
անձայն
տրոփիւնով
այլայլիչ
VII
երկնքի եւ երկրի սահմանին
ուր
առաւօտը արեւներ կը նետէ
ժամանակը կը դառնայ տեսանելի
մինչ
մշուշէն առկախուած
շերտ առ շերտ
կը կեղուուի
թաղանթը
ափունքին
մարմինս/դ
կը ծնի օրը
ըղձակերտ
բախող մութին անվաւեր
որուն
մառախլապատ խորշերուն մէջ
խուսափուկ
դեռ կը հանգչին աչքերս/դ
ծագումներու
քերթուածները
կրկին անգամ գրելու