ՇՂԱՐՇԷՆ ԱՆԴԻՆը ճարտարապետ-լուսանկարչուհի Նուարդ Տալեանի եւ Բագինի խմբագիր-բանաստեղծուհի Սոնիա-Սանան Քիլէճեանի համատեղ աշխատանքի արգասիքն է։ Նուարդ Տալեանի լուսանկարչական պատկերները, որոնք կը ներկայացնեն Համշէնի հրաշալի բնութիւնն ու զայն զով հոսանքներով ծածկող ու ապա կամաց-կամաց անհետացող մշուշի արթած անսահմանութեան զգացողութիւնն ու քօղազերծուող լիճի կախարդանքը, կը զուգաւորուին Կարդալ աւելին
ԱՆԳԼԵՐԷՆ քիչ գործեր սփիւռքահայ փորձառութեան հիւսուածքը կ՚ընդգրկեն անոր ուրուային ստեղծագործութեան կախարդական հարստութեամբ։ Ահա թէ ինչու displaced հատումի հրատարակութիւնը նշանակալից է։ Ան կը հրամցնէ լոսանճըլէսաբնակ արուեստագէտ Արա Օշականի լուսանկարները եւ փարիզաբնակ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Կամուրջը» խորագրուած փորձագրութիւնը՝ Թալին Ոսկերիչեանի եւ Քրիստոֆըր Միլզի անգլերէն թարգմանութեան առընթեր։ Այս հատորի վկայակոչած գլխաւոր (միամիտ իմաստով) Կարդալ աւելին
Պուրճ Համուտ
Անց­նող քա­նի մը տա­րի­ներուն լուսան­կար­չա­կան եր­կու հա­տոր լոյս տե­սան Պուրճ Հա­մու­տի ու պուրճ հա­մուտցի­նե­րու մա­սին։ Առաջինը՝ վերը նշուած Ա­րա Մա­ծու­նե­ա­նի հա­տորն է (ա­նգլե­րէն ու գու­նա­ւոր)։ Միւ­սը Ա­րիան Ա­թէ­շե­ան-Տը­լա­քամ­բանյի՝ Ariane Delacampagne: Portraits of Survival – The Armenians of Bourj Hammoud, Somogy Editions, Paris 2014 հատորն է (ա­նգ­լե­րէն – ֆրանսերէն, սեւ-ճեր­մակ)։ Նոյն նիւ­թով երկու... Կարդալ աւելին