ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԱՌԱՁԳԱԿԱՆԸ ՅՂԱՑՔ, ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԼԱՑՔՆԵՐ

Բանաստեղծութիւններ կան, ուր փրփրուն գետեր կը հոսին, ուր հովեր կը խօսին, աստղեր վար կը թափին, քամին՝ հարցում-պատասխան իրար անցուցած գլուխը կ’առնէ կ’երթայ, տրտմա­յած հառաչներ կան եւ ցնծագին ծնծղայ, օրհնութիւն ու անէծք, պատիւ կամ պատիժ տնօրինողներ, փառք ու պարծանք պան­ծացնողներ։ Հեղուկը, շոգին, կարծրն ու փափուկը, հեքիաթայինը, ողբերգականը, կը յայտնուին մարդկային կերպարանքնե­րով, հետազօտող նայուածքներու առջեւ։

Տարբեր է Յարութիւն Պէրպէրեանի քերթողութիւնը։ Եօթանասուներկու տա­րեկան է բանաստեղծը, սակայն հազիւ յի­սուն ցոյց կու տայ։ Ուրեմն գոնէ յիսուն տարիներու աշխատանք ու սնուցանող արգասիք կայ Առաձգականին մէջ։ Իւրա­յատուկ ճարտարապետութեամբ, յստակ գիծերով կառուցուած բնակարան մըն է։ Լայնանիստ, տասնինը մուտքերով եւ բազմազան սենեակներով։ Իւրաքանչիւրը ունի իր պատշգամը՝ մաքուր օդ, արեւ ու անձրեւ ընդունող։ Լուսամուտեր՝ անծայ­րութիւն թելադրող, ու դարպաս մը որ կը հրաւիրէ ընթերցողը իր նման եւ իրմէ տարբեր հոգեվիճակներու հանդիպելու։ Կ’ընդունի ուրուականներ ու վաղանցիկ ճամբորդներ։ Պարտէզ ալ ունի, մեղմ բոյրերով ու գոյներով, հազուագիւտ բոյսե­րով։

Առաձգականը հրատարակուած է 2021- ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի աջակցութեամբ, 272 էջ, Զանգակ հրատա­րակչատան կողմէ, Երեւան։ Բանաստեղ­ծը նուիրած է իր թոռներուն՝ Լեւոնին եւ Սեւանային։ Կողքին՝ քանդակագործ Ար­թոյէն գծանկար մը, իսկ ետին ջերմ գրու­թիւն մը «անոնց» մասին։ Այդ անոնքը էջ առ էջ կը յայտնուին երբ սկսինք ըմբոշխ­նել հատորը։

Ամէն քերթողագիրք չունի այս ծրագ­րումը՝ կեանքին շոգեկառքը, հոս ու հոն ցանուած պատահական կայքեր չեն։ Հանգրուան առ հանգրուան կը յառաջա­նայ։ Հինգ հատոր՝ Կորիզ (1979, Պէյրութ), Ոսպնեակ (1984, Պէյրութ), Անցման եղա­նակ (1993, Մոնթրէալ), Սահմաններ (2007, Երեւան), Առաձգական (2021, Երեւան):

Հեղինակին անցած բոլոր ամայացած ճամբաները, աղմկարար փողոցները մի­այն ու միայն դէպի այս տունը կ’ուղղուին։ Իր անցման եղանակներուն, փորձառու­թիւններուն, փորձութիւններուն եւ յան­դուգն փորձերուն ապաստարանն է Առաձգականը։ Բանաստեղծին կեանքի կորիզը։

Այս տունը շինուած է փորձառութեան քարերով, աղիւսներով։ Բառերը հող են ու երկինք։ Խոհերը՝ շաղախ։ Տանիքը Հայ Լեզուն է որ կը պահպանէ տունը կայ ծակ փոթորիկէ, հեղձուցիչ օդէ կամ կլանիչ հողմապտոյտէ։ Հիմը՝ Հայոց պատմութիւն։ Քաղաքը՝ հայութիւնն է իր նշանակալից մանրամասնութիւններով։ Բնութիւնը հո­գի՛ն է այս քաղաքին, խորհրդալի ձայներու խմբերգով ու վեհասլաց երկինքով։

Ներսը՝ սիրոյ թունդ գինի կայ եւ ընտանեկան առօրեայի համով-հոտով նկանակ։

Լուսանկարները մեր օրերու դէմքերն են, նահապետ ու նորածին, վաղահաս մա­հեր ու անարդար ճաղեր, աղէտ ու խրախ­ճանք, գերդաստան ու գաղթ, մշակոյթի ճեպանկարներ, քանի մը հերոս, տարա­գիր փարոս, շրջապտոյտ ու շրջանաւար­տութիւն, բարեկամութիւններ, յիշողութեան յաւերժական թարմութիւն։

Խորհրդանշաններ որոնք հայը կը հասկնա՛յ։

Իսկ կլիմա՜ն, կլիման ի՜նչ ալ ըլլայ Տու­նը կը տոկայ։ Տեսանելի յիշատակներ կան.

Լուսանկարէն քանի մը աչքեր

պահուած են անեղծ,

որոնք երբեմնի

ակնկալութեան եւ կայունութեան

դարաշրջանէն՝

կը նային խոցող

անձկութեամբ մը խոր

«Հին լուսանկար», էջ 70

Լոյսէ անցած նկարներ, մութով պա­տուած նկարներ, ինքնուրոյն գծանկար­ներ, ի մի բերուած ոչ թէ զեղուն տողերով, այլ՝ մտածո՛ղ բանաստեղծին խոհերով ու խորհուրդներով։

Երկիրը՝ Սփիւռք,

Ուղեւորութիւնը՝ Հայաստան,

Ուխտագնացութիւնը՝ բացարձակա­պէս անձնական։

Ահաւասիկ համադրումը Պէրպէրեանի յիսուն տարիներու գրական վաստակին։ Զօրաւոր ձգողութեամբ՝ Առաձգականը, համապատկերը իր կեանքի լոյսին ու ստուերին, լեռներուն ու վիհերուն, անցքե­րուն ու անցարգելներուն, ճռուողիւններուն ու կաղկանձներուն։ Այս բոլորին ետին կայ ոյժ մը զանոնք ծնող ու աճեցնող։ Բանաս­տեղծի՛ն ոյժը։ Իրականութիւնը ակամայ ապրելու անխուսափելիութիւնը, զայն դի­մագրաւելու իմաստութիւնը, եւ աշխարհին ցոյց տալու իւրայատուկ կարողութիւնը։

Անդադրում անհանգստութիւն մը, ցնցում մը, հարցումներ որոնց մէջ է պատաս­խանը, նաեւ հարցումներ որոնք կը խառ­նուին իրարու, հանգոյց մը ձգելով ետին։

Ոյժը որ կը բխի իրմէ, ի՛րն է միայն։ Շաղախուած հին դարերուն եւ նորն ու արդին արտացոլող միայնգամայն։ Հո՛ս է իր յաջողութիւնը։ Ցնծաղիկը ժայռի պռունկին կը յայտնուի, քիչ մը կը ցնծայ ու կ’անհե­տի։ Վարդը ո՜ւր ալ գտնուի, նախ իր փու­շերը կ’արձակէ ինքզինք պաշտպանելու համար, յետոյ կը յայտնէ իր գեղեցկութիւ­նը, փոխանցող ու սահման չճանչցող բոյ­րը: Բանաստեղծը ամբողջութեամբ կանգնած է վտանգի եւ ինքնամատուցման մի­ջեւ։ Գիտէ յաղթահարել վտանգը, իր բա­ռերու ոյժով զգետնելով դաժանը, իր աստուածատուր խօսքը օրհնութեամբ կը ցնցուղէ մարդկութիւնը։ Շա՞տ եղաւ։ Պատ­կերացուցէ՛ք մարդկութիւնը առանց բա­նաստեղծի, ջնջեցէ՛ք ձեր մէջէն բանաստեղծութիւնները, որ հոգի տուած են ձեզի պահ մը, եւ առկայծ մոմի պէս կ’ապրին ձեր նե­րաշխարհի խորքերուն։ Ջնջեցէ՛ք. ի՞նչ կը մնայ եթէ բառը աստուածութիւն չունենայ իր մէջ։ Կաւը կաւ կը մնայ. հոգի չ’ունենար։ Կարճատեւ, մակերեսային ու ծանծաղ գո­յութիւն, ոչ թէ գոյեղութիւն։ Չի բարձրա­նար, ինքզինքէն դուրս չի գար, ծնունդ չի տար։ Կը խօսիմ միմիայն գրականութեան մասին եւ ոչ թէ այլ արուեստներու։

Յարութիւն Պէրպէրեանի մօտ բա­նաստեղծութիւնը իբրեւ լեզուական աշ­խատանք մը տեսնելու գիտակցութիւնը առաջնահերթ կը մնայ։ Նաեւ՝ լեզու մը ստեղծելու, որ աւելի բնական է կամ մօտ առօրեայ խօսակցականին։1984ին լոյս տեսած իր երկրորդ գրքին Ոսպնեակ հատորի յառաջաբանի սկզբնա­ւորութեան Պէրպէրեան կը գրէ.«Ի՞նչ ընել բանաստեղծութիւն մը, որ արտասանուելու կամ նման նպատակի մը համար չէ գրուած։ Բանաստեղծութիւն մը որ աւելի լռութիւններով եւ թելադրակա­նութեամբ կը զարգանայ, անցումի կամուրջները կը ջնջէ, քան կը պատմէ կամ կը նկարագրէ։ Բանաստեղծութիւն մը որ «յուզելու» չի միտիր։ Գուցէ եւ կարիք չկայ նման բանաստեղծութեան մը»:

Բանաստեղծութիւնը լեզուական ա­րարք մը, աշխատանք մը ըլլալով, պարզ է որ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան արմատները կու գան արեւմտահայ բանաս­տեղծութեան ժառանգութենէն։

Սակայն՝

Մեր գործածած

Իւրաքանչիւր բառը՝ թռչուն տագնապահար,

վտանգուած թառը փնտռող

եւ շատ յաճախ կորսնցուցած

անվերադարձ…

«Կորսուող բնաշխարհ» III, էջ 87

Թէպէտ այս է իրականութիւնը, բայց Պէրպէրեան կը փաստէ գիրքին մէկ ծայրէն միւսը, թէ այդ «տագնապահար թռչուն»ին ինչպիսի՜ թառ կը հայթայ թէ, որ անոնք ցոլացնեն Այբուբենի արեւը, երգեն անոր ճառագայթներուն մէջ, ու կտցահա­րեն յուսահատութեան կեղեւները։

Առաձգականը 272 էջերով, տասնինը բաժիններով՝ գրական ցուցահանդէսն է Յարութիւն Պէրպէրեանի փորձառութիւններուն, հանդիպած աշխարհներուն։

Իսկ կիզակէ՞տը.

Երազները իմ սերունդիս կորսուեցան

պարպուող երկրի մը

եւ վտանգուող լեզուի մը միջեւ։

էջ 107

Այս երեք տողերուն մէջ մէկտեղուած են քերթողագիրքին բանալի բառերը՝ երազ, կորսնցնող սերունդ, պարպուող երկիր, վտանգուող լեզու։

Սկսինք խարիսխէն՝ լեզուէն, հասնելու համար մնացեալ ալքերուն։

Ովկիանոսէն ընդյատակեայ անտեսա­նելի հոսանքներ իրարու կը բախին ու անյաղթահարելի ոյժով մը վեր կը ցայտեն, մենք կը տեսնենք գալարուող ալիքը մի­այն։ Ճի՛շդ այդ պահն է, որ կը նկարահա­նէ բանաստեղծը։ Ահա սարսուռ պահ մըն է, որովհետեւ ալիքը զինք կ’ընկլուզէ եթէ պատսպարուած չէ։ Մինչ այդ՝ պէտք է պարսպապատուած ըլլայ. փնտռած ու գտած ըլլայ բան մը, որպէսզի ան զինք փրկէ անհետանալու վտանգէն։

Փնտռէ՛ բառը կորսուած

փնտռէ՛ տողը կորսուած

եթէ մէջդ կը ծաղկի

բառը թմրած քնացած

սպասելով ժայթքումի

պեղէ միտքդ ծուլացած։

էջ 22

Սակայն ի՞նչ է բառը. լեզուն բառ չէ։ Բառն է որ լեզու կը շինէ, կ’աճեցնէ. ժամա­նակի հոլովոյթին մէջ կը հրէ, ու ան իր կերպարանքը կը գտնէ։ Բառը առաձգական է։

Փշածաղիկ էր բառը

վիրաւորող անընդհատ

նախ քեզ ապա խարանող

միշտ կրճատուող դիւրաբեկ

քու աշխարհը վտանգուած

Ահա լեզուն կորսուող

աղքատացող շարունակ

բառեր արդէն մոռցուող

աղաւաղուող կտրատուող

շրթունքներուն մանկամարդ։

էջ 22

Ահազանգը կորուստին, աղքատաց­ման, կտրատումի, կրճատումի, դիւրաբեկման, հետեւաբար՝ դատարկումի՛ն։ Իսկ ուր որ գոյութիւն ունի բանաստեղծը, հոն դա­տարկութիւն չի կրնար գոյութիւն ստանձնել։ Պէրպէրեան տենդագին կը շարունակէ.

Փնտռէ՛ բառը կորսուած

փնտռէ տողը կորսուած

Պէրպէրեան բանաստեղծութիւն գրե­լու արուեստը ունի իր թեքնիքը՝ ներքին խաւերն ու խաղերը բազմաթիւ են այս հա­տորին մէջ եւ միտք կը խթանեն։ Վերի բա­նաստեղծութիւնը յարակատար դերբայերով կը սկսի (կորսուած, քնացած, ծուլա­ցած) եւ հիմնականօրէն ենթակայական դերբայերով կը զարգանայ (վիրաւորող, խառանող, կորսուող, կտրատուող») բանաստեղծութեան ամբողջ կառոյցը դեր­բայերու վրայ խարսխուած է, որ դարձեալ կ’առնչուի անոր արարումին. պէտք չէ մոռ­նալ, որ դերբայը չի կրնար առանձին ստո­րոգել, պարզապէս կ’աջակցի իմաստին:

Ամէն պարագայի, լեզուի կորուստը, արեւմտահայերէնի վտանգումին տագնա­պը միշտ գոյութիւն ունի մեր սերունդին համար։ Սեփական լեզուի վտանգումը գո­յութենական կենսական հարցի կը վերա­ծէ Պէրպէրեան, որովհետեւ կը կորսուի արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ զարգացման ամենակարեւոր ազդակներէն մէ­կը՝ ընթերցողը։

Հայ բանաստեղծին համար, երբ լեզուն կը կորսուի՝ վտանգուած է աշխարհը։ Սփիւռքի մէջ մեր հողը, որուն վրայ կրնանք ամուր դիմանալ՝ մեր լեզո՛ւն է։ Մեզի ինքնութիւն եւ սեփական բնակավայր տուողը հայերէնն է։ Արեւմտահայերէնը հայրե­նիք չունի, նոյնինքն է այն հայրենիքը, ուր կը շնչենք, ուր կ’ապրի մեր առօրեան։ Անդադրում հեւքով փնտռէ բառը, շինէ տողը, որպէսզի ոտքիդ տակէն չսահի հողը։

Լիբանանի քաղաքացիական պատե­րազմը, որ տարբեր ձեւերով ապրեցանք, զօրաւոր դրոշմ դրաւ մեր ապրելակերպին վրայ. անկէ ետք մեր կեանքը երբեք նոյնը չէր։ Անշուշտ որ կեանքը իր հոլովոյթը պէտք է ունենայ, սակայն յարակայ մղձա­ւանջ է, երբ անկայուն կ’ըլլայ, գլխի վայր կը դառնայ։ Այլեւս չենք կրնար եղանակային թռչուններու նման ֆիզիքապէս այդ երկու աշխարհներուն մէջ երթալ-երթալ-գալ։

Իսկ երբ մեկնեցար երկիրն հայրերուդ,

հոն կենցաղային տարբեր բարքերու

ու նոյնիսկ լեզուի

նոր օտարում մը

(կոչել զայն աքսո՞ր)

քեզ շրջապատեց

իր շատ թափանցիկ, սակայն

դիմացկուն

պատերով հազար

կարծես նոյնիսկ հոն դուն չէիր

ազատ։

«Օտարումներ», էջ 24

Սա՝ իր տեղը գտած չըլլալու հարցը՝ բանաստեղծներուն դարերու վրայ երկա­րող երկընտրանքը (dilemma) եղած է։ Հա­կառակ որ չի ալ կրնար բացատրել թէ ուր է «իր տեղը»։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ամէն տեղ է։ Ինչո՛ւ ոչ։

Սփիւռքահայուն անդադրում ճիգը՝ օ­տարը վանելու, եղածը պաշտպանելու, չե­ղածէն պաշտպանուելու դարաւոր ճիգէն ետք, հիմա օտարը ընդունելու, ներմուծե­լու ճիգն է։ Ընդունիլ՝ միշտ իր էութեան հաւատարիմ մնալով։

Ահաւասիկ գրողական սերունդին տագնապը։

Քերթողներու այն սերունդին կը պատկանիմ,

որը թուրքին եաթաղանը չունէր վզին.

անապատին մէջ չքալեց,

ոչ ալ ճանչցաւ Ստալինի ցուրտ

Սիպերիան,

կամ՝ թոքախտը։

Սակայն մեծցաւ

ծովուն կողքին բազմադարեան,

ապա դարձաւ մէկ այլ երկրի քաղաքացի,

վերածուեցաւ՝

կախարդուած կամ յաճախուած

ձկնորս բառի,

որուն բռնած ձկնիկն ոսկի

ո՛չ թէ այդ խոր

ծովերուն մէջ ապականած կ’անհե­տանար,

այլ զայն փնտռող ուտող չկար։

«Սերունդ», էջ 9

Նախկին սերունդը չունէր արհաւիրքը անհետացող ձկնիկին։ Իսկ այդ ձկնիկը լուծուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պղտոր ջուրերուն մէջ։ Մինչդեռ նոր սերունդը յաճախ չի փնտռեր ան­գամ ձկնիկը։

Անոր չգոյութիւնը զինք չի խանգարեր.

Արդ կը քալեմ

մէկ այլ ճերմակ տարածքի մէջ,

ուր բառերը լուռ, շնչասպառ

ձուկերու պէս կ’իյնան անշունչ

եւ կը դառնան

ձայն բարբառոյ յանապատի։

«Սերունդ», էջ 9

Ոսկեղնիկը կը լքուի անապատի ամա­յութեան մէջ։ Հակառակ որ ա՛յլ անապատի մը մէջ, ուր մահը դիւրութեամբ կը քաշէր վերջին շունչը տարագաղթ հայերու, ա­նոնք չյանձնուեցան անապատին, ձեւ մը գտան անով փրկելու իրենց ժառանգը։ Աւազներուն վրայ Այբուբենի տառերը գրե­ցին որ իրենց զաւակները չմոռնան։ Չէ, հոն ձուկ չկար, կային թունաւոր սարդեր, օձեր ու համահունձ մահաճարակ։ Եթէ փրկեց զայն, ուրեմն անապատը չէ որ այբուբենը կը ջլատէ։ Ձայն ու բարբառ այնքան տկար էին անապատին մէջ, բայց Գիրին զօրութիւնը կար։ Եւ ան բնակութիւն հաստատեց եւ ուռճացաւ եւ գաղութ ու անդաստան դարձաւ։

Կը մտաբերէ.

Երկար ատեն ապրեցայ

քաղաքին մէջ ծովային:

Եւ ռումբերու կան ճառերու ունկդիր՝

զրուցեցի ջուրերուն հետ ալեկոծ

… պահելու խաղաղութիւնս ներքին

Եւ երբ անոր յոյսն ալ ռմբակոծուեցաւ, ճար մը գտնելու էր կենդանութիւնը պահելու.

… Չուզեցի

ժայռերու գիրկը,

այն տեղ յայտնուած ձուկերուն նման

բրածոյ դառնալ

Հոն կեցութիւնը, ապագան կը տեսնէ որպէս աստիճանական բրածոյացում, սա­կայն պէտք էր ապրիլ.

հողը նեղ կու գար, օդը նեղ կու գար,

եւ չէի ուզեր լուռ երկփեղկուիլ…

Բայց երբ կտրեցի ովկիանոսը խոր,

լայնատարած, համայնակուլ

երկրին մէջ նոր

ես ինքզինքս

Մհերին պէս բանտուած գտայ։

էջ 180

Եթէ ոչ բրածոյ՝ բանտ, բայց ողջ։

Ծննդավայր լքելու ցաւը տեղի չի տար. պէտք է բացատրէ անոր զուգահեռ ցաւը որ միակ կարելին էր ստեղծագործելու.

Ես որ ծովերու ունկնդիրն էի,

ինքզինքիս կ’ըսեմ՝

ի՞նչ պատահեցաւ,

ինչպէ՞ս զիջեցայ հաստատուելու հոս,

ուր ջուրը գետի՝ ձմրան կը սառի

Յորդահոս պատկերը կ’անշարժանայ ի վերջոյ.

Հիմա ոչ կրնանք այս տեղ հաշտ ապրիլ

եւ ոչ ալ՝ այնտեղ

— Կ’ապրինք կտրատուած ժամանակի մէջ

… ամէն ինչ հեւք է

Լայն շնչառութեան առիթը չկայ

«Անանուն կղզին» էջ 59

Կ’աղերսէ գերագոյն խաղաղութիւն հայթայթողին։

Գրիշնա, ինչպէ՞ս

բոլորին հետ միաձուլուիմ,

երբ իմ ներսս մէկ չեմ հիմա»։

«Գրիշնա», էջ 71

Ուզածիդ չափ ծամէ խաղաղութիւն, անոր համը կորսուած է։ Եթէ բանաստեղ­ծը պակասը կը զգայ լայն շնչառութեան, ուրեմն ունէր զանիկա «հոն»։ Ահաւասիկ պահը անխուսափելի բաղդատութեան, որ աշխարհագրական բոլոր սահմանները կը զանցէ, տալով անոր համամարդկային բնոյթ.

Եւ քանի Մոնարք թիթեռնիկներու

նրբին թեւերուն բաց խփումը կար՝

ամէն ինչ լաւ էր տի եզերքի մէջ,

նոյնիսկ թէ արդար հացը կը պակսէր

մեր սեղաններուն,

եւ անարդար էր

կարգն ու սարքը ընկերութեան մէջ.

«Կորուստ», էջ 92

Կը ճմլուի բանաստեղծին սիրտը, որովհետեւ սեփական փորձառութեամբ գիտէ թէ ի՛նչ կը պատահի հոն։ Այս «հոն»ը՝ երեք տառ, կը պարփակէ աշխարհ մը, ան հուն կարօտ ու ցաւ ու անկարութիւն ու յանցա­պարտի զգացում, նաեւ գիրկ խաղաղութեան։ Ինչո՞ւ մէկ օրէն միւսը՝ երկիրը ուր հասակ նետեց ու այսքան սիրեցին զիրար՝ դարձաւ «հոն»։ Բանաստեղծը փրկուեցաւ հոգեկան աւազախրումէ.

Սակայն քաջ գիտեմ, որ կայ աւելի՛ն,

այդ արնակարմիր երկինքներու տակ

տխուր աչքերով բիւր փոքրիկներ կան,

որոնք միմիայն բրտութիւն տեսան,

քանդուած տուներ,

երբեք չճանչցան օրերն արեւոտ

զուարթ մանկութեան …

«Քաղաքներ, որոնց …», էջ 35

Ո՞ր տմարդի արարածներն են որ ըն­թացք տուին այս պատերազմին, ուր փլած պատեր մնացին։ Եւ դեռ աւելին.

Անշուշտ թէ ճամբուդ

չկեցնէ քեզ զինեալ մը անդէմ,

որ չի հասկնար

այնքան կենարար

թովիչ ծաղկու մը կեռասենիի

«Սաննինը վերն է», էջ 43

Բուրաւէտ պատկերներ, թափանցիկ տողեր, ասոնց նման շատ պիտի գտնէք գիրքի գրկին մէջ.

իսկ տախտակէ

շրջանակները պատուհաններուն,

ծերունիներու

ոսկորներուն պէս

լուռ կը պարպուին։

«Մայրոստանի …», էջ 64

Հակառակ անոր որ բանաստեղծին, այսպէս կոչուած, քնարական հերոսը յա­րաբերաբար խաղաղութեան մէջ է, սա­կայն սահուն, միակտուր չէ իր աշխարհը, կտրատուած է։ Համերաշխութեան սիրոյն այլակերպումներու վայր դարձած է։

Ե՞րբ պիտի կրնամ

անցեալէն դուրս գալ

եւ ներկային հետ

հաշտութիւն կնքել…

«Անանուն կղզին», էջ 60

Միայն այդ ուղղութիւնը առնողը կը հասկնայ թէ ինչպէս կը հասնին զօրութեան եւ անկարողութեան, անորոշութեան եւ վճռակամութեան, վերահաստատման ու վերանայ մանալիքները ետեւ ետեւի։

Լուրթ ջուրերը կ’ալեկոծին,

սիրեններու պէս կը կանչեն:

Ոչ, փրկութիւն, գիտեմ չկայ-

կործանում է, եթէ մնամ,

եւ կործանում է, եթէ հեռանամ։

«Անդրադարձումներ», էջ 179

Գրողը երկու աշխարհներու միջեւ առ­կախ անձն է. կը հարցնէ, կը տարտղնէ, կը խօսի, որովհետեւ կանգնած է առաջին կայանին ուրկէ պէտք է սկսի։

Ես հոս կրնամ միմիայն

Ճշմարտութիւնս յայտնել.

Նոյն, էջ 180

Եւ կը հասնի մեծագոյն հարցումը.

Արդ ո՞ւր փնտռել վայրդ հարազատ։

«Օտարումներ», էջ 24

Վայրը միմիայն տարածութեան առու­մով չէ։ Այլ՝ լեզուի, կենսաձեւի, իմաստա­ւորումի, հրճուանքի կամ վիշտի մաքուր պարունակի, ապահովութեան դարպասի, ամբողջ ժողովուրդի մը վիշտին ու արհա­ւիրքի փշալարերուն։

Գոնէ յիսուն տարիներու վրայ երկա­րած ճշմարտութիւններու մէջ ենք։ Բանաս­տեղծին կերտած երկրին մէջ։

Նախորդ էջերուն մէջ յաճախ նշուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազ­մը, այն վայրը որ այնքան սիրելի էր բա­նաստեղծին եւ ուր սակայն այլեւս չէր կրնար մնալ: Անկախ երկրին շուրջ զար­գացող շրջանային թէ միջազգային պայ­քարներէն՝ ընկերային խորացող անհաւասարութեան մէջ, այդ ահաւոր արիւնի բա­ղանիքը պիտի ժայթքէր, եւ Պէրպէրեան նախազգուշացնելով կ’ըսէ.

Կարծես ամէն ինչ գիտես.

կը փորձես խօսիլ,

կը փորձես կանխել աղէտը հիւսուող …

Սակայն լռութեան եղանակներ կան,

արեան, զենումի եղանակներ եւ

բրտութեան ծէսեր։

«Լեռնային կայան», էջ 39-40

Եւ մեր դիմաց կը տողանցեն նաւա­հանգիստի ծայրամասին ինկած ջրասոյզ նաւերը, որոնք «քանդուած կեանքեր կը յուշեն», Պէյրութի երկու բաժիններուն մէջ մնացած, քաղաքի միակ անցքին, նաւա­հանգիստի ազատ գօտիին մէջէն անցնող ինքնաշարժներուն վրայ՝ արձակազէնը կը կրակէ, եւ բանաստեղծը սեւ հեգնանքով պիտի ըսէ, որ կ’երեւի

տեղ մը պէտք է ապահովել,

որ արտօնուի ձերբազատուիլ՝

չարչրկող ներքին անձկութիւններէն

աւելցնելու համար

Այո, պարոններ,

հոս ամէն ըղձանք

թոյլատրելի է։

«Ազատ գօտի», էջ 45

Այսպէս, «ազատ գօտի» կոչուած վայ­րը ամբողջովին ուրիշ իմաստ կ’առնէ: Իսկ քաղաքի նշանաւոր ծովափներուն, ուր մարմիններ արեւի լոգանք կ’առնէին, այ­լեւս դիակներ երկարած են բաց երկնքին տակ: Իսկ քաղաքի հրապարակին վրայ, կարծես ուրուականներ կը թռչին․

Այլապէս այստեղ այս երկիրն է,

որտեղ ծանօթներ, Ոդիսեւսին հետ,

կ’անցնին, շատ յաճախ, երկիրը մահի:

Երբեմն կու գան՝

առանց բառերու,

աչքերով դատարկ կը նային քեզի …

«Ոդիսեւսին հետ», էջ 50

Ասոր համար ալ, բանաստեղծը տա­ղանդաւոր գեղանկարիչ Շակալին հետ զրուցելով, բաղդատելով այս երկու աշ­խարհները պիտի գրէ.

Իսկ ես գիտեմ՝ մանկութիւնը բոլորիս

(այդ միամիտ հիացմունքը ապշահարող)

կորսուած է անվերադարձ.

աքաղաղը՝ մորթուած,

արիւնն անոր կը հոսի

երկրին վրայ անցեալի,

ուր սիրելիներ մնացին թաղուած կամ անպատսպար,

արեւելեան քաղաքին մէջ այդ հնամեայ:

Մարդիկ՝ որոնք ինկան անձայն,

արկերու տակ կամ գնդակէ մը կորսուած,

եւ կամ իրենց բխրուն սիրտը դաւաճանեց՝

գիշերներէ ետք բոցավառ, գեհենային

գերեզմաննոցը հայերու՝ մնաց տեղ մը անիրական …։

«Զրոյց Շակալին հետ», էջ 54

Հոս ներկայացուած կացութիւնը, փորձառութիւնը համահարդկային ողբերգու­թիւն է, պարզապէս արձանագրուած հայերէն լեզուով:

Հատորի «Անցման եղանակ» բաժնին լրացումը կամ ամբողջացումը կը դառնայ «Հոգեհանգիստ»ը, որ ոչ միայն բանաս­տեղծին քրոջը, քաղաքացիական պատե­րազմի զոհ դարձած Նայիրիին հոգեհանգիստն է, այլ նաեւ աւելի քան հարիւր հա­զար հոգիներու եւ քանդուող քաղաքին։

Այս մեծ անձկութեան մէջէն կ’անցնին հարկաւ երանելի պահեր։

Պէրպէրեան, քանի որ իր մէջ կ’ապրի թովիչ ծաղկումը կեռասենիի, մեզի կը հրամցնէ իր «փորձառութեան թոնիրներու» հացերէն։

Տարբեր հրճուանք կ’առթեն իր փո­խանցած ջերմ ու լուսեղէն պահերը. օրի­նակ՝ հալէպեան մանկութեան յուշերէն՝ «Աղուէսի մուշտակը», երբ ամրան տօթէն խուսափելով տանիքը կը քնանային եւ մա­ղին տակ մածունը, կորեկը եւ այլ բարիք­ներ կ’ըլլային, Լիբանանի ձիթենիները, նարինջենիներու ծաղիկներուն բոյրը, որ «կ’առեւանգէ» անցորդները (այդ ահաւոր ողբերգութեան մէջ ահա հաճելի առեւան­գում մը), նշենիի ծաղիկները, եւ ամէն տեղ եւ ամէնուր ծովը, Միջերկրականը՝ իր փրկող ներկայութեամբ, իսկ աւելի ուշ՝ իր հմայքով ու սիրենեան կանչերով:

Կայսիրային բանաստեղծութիւններու շարք մը, որ աւելի երիտասարդ տարինե­րու սէրերէ սկսելով.

Դուն գարնան աչքերն ես

դուն երամ ես թռչուններու՝ փոթորկած: Աքսորներէ զիս դուրս բերող

արահետն ես…

Դուն կրակ ես

լեզուի վրայ

ափերուս մէջ

«Դուն», էջ 155

կը հասնի մինչեւ հասուն սէրերու («Սիրոյ պարտէզ»), յղութեան եւ ծնունդի («Ելից»), եւ սէրը միշտ պահելու շարունակական ճի­գին («Ծածկոցին տակ երփներանգ»), որ նուիրուած է իր կնոջ՝ Մարալին:

Արեւելքի մէջ ծնած Յարութիւն Պէրպէրեանը անգլերէն գրականութեան մասնա­գէտ՝ ոստայնները լարած է համաշխար­հային գրականութեան եւ արուեստներու հետ։

Առանձին ուշադրութեան արժանի են Յարութիւն Պէրպէրեանի բազմաթիւ գրա­վերլուծումները հայ թէ օտար գրողներու գործերուն։

Բազմամշակոյթ երկիրներու բնակիչ, այժմ՝ Մոնթրէալ, Գանատա։ Ան կը բերէ իր մտքի եւ սրտի բերքը հայ ընթերցողին։ Կու տայ բազմազան դէմքերը կեանքին, նոյնիսկ քիչ ծանօթ երեւոյթներ կը պատկերէ, ինչպէս «մնջախաղ», « Ցուլը», « Բա­ւիղ», « Քարահունջ», «Աշնան կերպարանափոխումները», «Միջին Արեւելք» եւայլն:

Մէջբերում մը․

«Ես կը լսեմ անտառներ»էն է.

Բայց ինչո՞ւ կրկին

աստղեր կը բզզան ականջներուս մէջ,

ինչո՞ւ որսորդի բնազդը ննջած՝ յանկարծ կընդվզի,

կ’ուզէ դուրս ելլեմ, խարոյկը վառեմ,

պարեմ անոր շուրջ,

խօսիմ հովին հետ, ժայռերուն վրայ իմ կեանքս գծեմ

եւ կամ արեւին գաղտնագիրերով նամակներ գրեմ։

էջ 140

Քերթուածի աւարտին՝ այս խօլ ցայտ­քերէ ետք կը հասնի Նիրվանան։

Պէրպէրեան ունի ընդարձակ, սակայն ներքին ազատութեամբ զարգացած բա­նաստեղծական կառոյցներով այլ գործեր նաեւ (Longer contemporary poems) ինչպէս՝ «Եռ», «Կրկնուող շարժումներ», կամ «San Pedro – Terminal Island», որ ահաբեկչութեամբ ամբաստանուած եւ բանտարկուած բանաստեղծին եղբօրը՝ Տիգրանին եւ իր միջեւ բանտի մէջ հանդիպում մըն է, որ կը քննարկէ մեր հաւաքական կեանքի տարբեր երեսները։ Սրտառուչ է իր մտերիմ գրչեղբօր, վաղամեռիկ Սարգիս Կիրակոսեանին նուիրուած «նամակ»ը։ Ինչպէս նաեւ «Ցաւազերծում» խորագրուած բա­նաստեղծութիւնը Սահմաններ հատորէն, նուիրուած իր մեռնող հօր, ուր բանաստեղ­ծը կ’երթայ ոչ միայն իր հօր երիտասար­դութիւնը, ինքզինք ըլլալու անոր երկար պայքարը բերելու, այլեւ Ցեղասպանութենէն փրկուած, կարաւանով վերադար­ձին թուրք զինուորներու յարձակումէն վի­րաւորուած, բայց վերապրած մեծ հօրը: Այլ երկար ճամբորդութիւն մը նոյնպէս կը գտնենք Սահմաններուն մէջ, նուիրուած իր տղուն՝ Կորիւնին («Կասփեզի»), որ կը բա­ցուի Պէրպէրեանի նախասիրած բանաստեղծներէն՝ Ն. Սարաֆեանի հետեւեալ տողով. «Հոս՝ հեռացածն է ներկայ եւ գալիքն է միասին»:

Այսպէս, տեղ մը ամփոփելով մեր հա­ւաքական փորձառութիւնը, որովհետեւ իր տողերուն մէջ արձանագրուածը որքան անձնական է, նոյնքան եւ մեր հաւաքա­կան իրականութիւնը կը բերէ, ան կ’ըսէ.

Ո՛չ մեր կեանքը չեղաւ երբեք

առուակին պէս ճափոնական պարտէզին՝

քարերն ի վեր միշտ բացող

հանգրուաններ նոր, մեկին.

իր հոսանքով հեզասահ՝

մակարդակներ նուաճող,

ուր անկումները նոյնիսկ

(նախատեսուած վաղնջուց)

համակարգին մասնիկներն էին սոսկ։

«Բաւիղ», էջ 197

Իսկ հատորին վերջին բանաստեղծու­թիւնը խորագրուած է «Ղատ», որ «տաղ»ի շրջումն է։ Հոս բանաստեղծը իր լեզուի բառերուն, երաժշտութեան, իսկական բանաստեղծութեան հետ յարաբերելու, արարելու ուրախութիւնը, հաճոյքը կամ գինովութիւնը կը փոխանցէ, ուր վերջին տողե­րով պիտի արձանագրէ.

ահա կը մտնեմ ձեռներեցօրէն

ձայներեցօրէն

ձայնաթելերով հիւսուած քօղին տակ

ծիածանող քեզ։

«Ղատ», էջ 259

Ահաւասիկ վարուժանեան բառով յուռ­թի դաշտը ցորեաններու եւ մշակը՝ Յարու­թիւն Պէրպէրեան, որ ցանած է հեռու-հեռու սահմանէն, աստղերու պէս, ալիքնե­րու պէս։

Տակաւին հոս չենք քննարկեր Պէրպէ­րեանի ծաւալուն վաստակը որպէս մտաւո­րական։ Պէյրութի օրերէն եղած է «Բագին»ի խմբագրական կազմի մէջ, խմբագ­րած է բանաստեղծութեան եւ այլ հատոր­ներ։ Իսկական գրաքննադատ է, այսինքն՝ չի ներկայացներ գիրքը, այլ խորապէս կը վերլուծէ։ Իսկ ոսկեայ մետալը իր անմնացորդ նուիրումն է իբր հայ գիր ու գրակա­նութեան ուսուցիչ։ Երեսուն տարի լուսագիր ու լուսալեզու ջամբած է նոր սերուն­դին։

Իսկ բանաստեղծը իր փառապսակը կը ստանայ Առաձգականով։

Խորասուզուեցէ՛ք այս հատորէն ներս ուր կը թրթռայ հայուն կեանքը, քերթողու­թեան հմայքը բազմահիւս ու ճաշակաւոր, ամենատես ջահերու լոյսը։ Բագին ու խորան, կրակ ու խունկ։ Արտասուք, խնդուք, բերկրանք ու սուգ։

Եւ պիտի տեսնէք անոր ծալքերուն մէջ թէ՛ շփոթայորդութիւն եւ թէ ՛ աշխարհացնծութիւն։

Ու պիտի լսէք հեռո՜ւ հեռուները ապրող Միջերկրականի երգը, Պէյրութի արեւը որ գրկած է նաեւ եղեռնահար խաւար մը։ Պի­տի ունկնդրէք գրականութեան սօսիներու սօսափիւն, ու ձայներ, որոնք եթէ ծանօթ էք քաղաքին՝ կրնաք զատորոշել։

Այս օրերուն, մա՛նաւանդ՝ Սփիւռքի մէջ, գիրք մը կը ճօճանակուի ու կը միաց­նէ հակադիր բեւեռներ։ Եթէ չմիացնէ՝ զու­գահեռ կը տանի զանոնք։

Ցուցանիշը՝ առաձգականութիւնն է ծննդավայրի եւ գաղթերկրի միջեւ։ Աւան­դականի եւ նորարութեան միջեւ։ Հայ մշա­կոյթի եւ բազմամշակութեան միջեւ։ Լեզուի կենսունակութեան եւ խօսքի համրու­թեան միջեւ։ Կեանքի եւ մահուան միջեւ։ Ծնողքի եւ զաւկի միջեւ։ Եւ հեղինակին ու ընթերցողին միջեւ հաղորդութի՛ւն է։

Ա՛ռ գինին, կտոր մը նշխար, նստէ բա­նաստեղծին հետ բաց երկինքի տակ, ան­գամ մը եւս պիտի լսես Սփիւռքի գրողին հնչեցուցած՝ հայ գրականութեան աւետի­սը։

Բռնէ՛ բառը կորսուող…

Մեծարենց գեղահմայ գիւղի իր անկիւ­նէն ուրախութիւնն անանձնականը կ’ա­ղերսէր։. Մեր սերունդը, բազմաթիւ սահմաններու մէջ տատանող, կը ճգնի գտնել ու փրկել բառը կորսուած, որպէսզի մնայ մեր մշակոյթը, չդատարկուի մեր հոգեկան հայրենիքը, վարար ու պայծառ մնայ հայ գրականութեան համալիրը։

 

Յարութիւն Պէրպէրեանի մօտ բանաստեղծութիւնը իբրեւ լեզուական աշխատանք մը տեսնելու գիտակցութիւնը առաջնահերթ կը մնայ։

Սեփական լեզուի վտանգումը գոյութենական կենսական հարցի կը վերածէ Պէրպէրեան, որովհետեւ կը կորսուի արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ զար գացման ամենակարեւոր ազդակներէն մէկը՝ ընթերցողը։

Պէրպէրեան ունի ընդարձակ, սակայն ներքին ազատութեամբ զարգացած բանաստեղծական կառոյցներով գործեր

բանաստեղծը իր լեզուի բառերուն, երաժշտութեան, իսկական բանաստեղծութեան հետ յարաբերելու, արարելու ուրախութիւնը, հաճոյքը կամ գինովութիւնը կը փոխանցէ