ՍԻՐԵԼԻ Մարուշ, արուեստի հիմնական պատրաստութիւնդ երաժշտութիւնը եղած է, եւ բնականաբար երբեմն երաժշտական եզրեր կը գտնենք բանաստեղծութիւններուդ մէջ, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անցումդ բանաստեղծութեան:
ԽՈՐՔԻՆ մէջ բնաւ անցում եղած չէ. երկուքը
Կարդալ աւելին
Կը սիրեմ էութեանս մթին պահերը:
Միտքս կը խորանայ անոնց մէջ:
Կը գտնեմ հոն՝ հին նամակներու նման
օրերը կեանքիս, արդէն ապրուած,
դիմացած՝ առասպելի նման, եւ հասկցուած:
Յետոյ կը հասնի գիտնալու պահը - Կարդալ աւելին
Սեղանիս վրայ դրուած են Վեհանոյշ Թեքեանի բոլորովին վերջերս հրատարակուած երկու գրքերը՝ մէկը բանաստեղծութիւնների Աղօթքներ ուռկանի մէջ վերնագրով (ինքնատիպ եւ անսովոր վերնագիր, բայց արդարացուած եւ իմաստաւորուած՝ իր ներքին բանաստեղծական բովանդակութեամբ). եւ միւսը՝ յօդուածների եւ... Կարդալ աւելին
Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեանի Աղօթքներ ուռկանի մէջ բանաստեղծութեան հատորը մեզ անմիջապէս կարգ մը մտածումներու կամ հաստատումներու կը մղէ:
     Առաջին՝ որոշ տարիներու լռութենէ ետք գրողին վերադարձն է բանաստեղծութեան: Իր Սնունդն ու անդունդը 2000 թուականին լոյս տեսած էր Նիւ Ճըրզի, իսկ նոյն տարին Հայաստան լոյս տեսած Հրագիրը ծաղկաքաղ մըն էր... Կարդալ աւելին
Նշանեան
Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու... Կարդալ աւելին
«Լիբանանի մէջ... դիցուհիներ ոտաբոպիկ կը շրջէին հին երգերը շալերու պէս իրենց մարմիններուն փաթթուած...»
Վեհանոյշ Թեքեանի գործերուն մէջ այս նոյն կիներուն զանազան տարբերակները կը ճեմեն: Անոնք կ’անցնին էջէ էջ, կը ցատկռտեն տողէ տող. կը պահուըտին երկար ատեն, յայտնուելու համար կրկին՝ այլ էջի մը անկիւնը: Հին երգերը, նորերու հետ շաղախուած՝ կը յամենան զիրենք փաթթող շալերուն մէջ: Անոնք երբեմն լուռ են. հազիւ լսելի.. Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Որոշում եւ իրագործում Երկիր մոլորակին վրայ ապրելու՝ 10 Մարտ, 1948։
Իր մօր եւ հօր հետ, 1949, Շթորա, Լիբանան
Երկիր՝ Լիբանան
Քաղաք՝ Պէյրութ
Հասցէ՝ Քանթարի փողոց, առաջին շէնքին առաջին յարկը, ուր Նշան Փալանճեան Ճեմարանը հիմնուած էր ատենին։
Արաբ տանտիրուհին կը պատմէր թէ Նիկոլ... Կարդալ աւելին
Ուրիշ ճար չկայ, ողջ մնալու համար պէտք է յաջողիլ անդնդախոր ձորերուն գլխուն բարակիկ զառիվերներէն՝ հարիւր անգամ Մարիամ Աստուածածինի միջնորդութիւնը խնդրելով քշել։ Եւ եթէ Սուրբ Կոյս Մարիամը գթայ քեզի, քառասուն վայրկեան ետք կը հասնիս փոքրիկ գիւղ մը որ ունի գեղեցկագոյն բնութեան բոլո՜ր տեսարանները եւ երկար անուն մը՝ Մազրաա... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան որպէս բանաստեղծուհի ի յայտ կու գայ համեմատաբար անջրդի շրջանի մը, 1969ին, երբ երկար ժամանակ Սփիւռքէն ձայն մը, մանաւանդ՝ երիտասարդ, չէր լսուած:
Իր առաջին գիրքը՝ Կապոյտ Ապրիլ, ցնցիչ յայտնութիւն մըն էր, հակառակ անոր, որ Թեքեան արդէն ծանօթ անուն դարձած էր մամուլին մէջ իր յաճախակի երեւումներով:
Այդ օրերուն թէեւ Սփիւռքի կամ Սփիւռք... Կարդալ աւելին
Ընդամէնը հայելի մըն եմ
ջարդուած հայելին զիս կրող պատկերներուն
քաղաքներու պատերուն փակցուցեր եմ
զիս կրող պատկերներուն անունները բաղաձայն
բազմաձայնումը
Ոսկորներուս խշրտուքը ծանրանալով
անլուծօրէն կը լծուի հողիս ամլութեան
Ամլութիւնը տարածուեր է լեզուիս եւ գանկիս մէջ
ոսկորներուս վրայէն պէտք է անցնէի Կարդալ աւելին