Նշանեան
Րաֆֆի Աճէմեան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ ԱՐՁԱԿԱԳԻՐ*

Վեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու շունչով ու թեմայով գրուած արձակ գրութիւններ։ Ասոր պիտի յաջորդեն կիսով արձակ գրութիւններ ընդգրկող երկրորդ հատոր մը, Նշանագիր 1987ին, ապա 10 տարի ետք՝ 1997ին, Տոհմածառը եւ վերջապէս 2015ին՝ Խօսող լերան պատմութիւնը։ Սա կը նշանակէ թէ գրողը առաջին օրէն արձակի միտում ունի։ Ժամանակին, երբ Վահէ Օշականին, որ նոյնպէս բանաստեղծութեան հատորներէ ետք հրատարակած էր արձակ հատորներ, հարցուցած էինք արձակագրին մասին՝ կտրուկ պատասխանած էր պնդելով թէ Վ. Օշական բանաստեղծ է։ Այսինքն՝ արձակը կը նկատէր երկրորդական։ Ասիկա հաւանաբար բանաստեղծի հարց կրնայ նկատուիլ։ Ո՞ւր կը վերջանայ բանաստեղծութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի արձակը։ Գրողին համար կա՞ն այդպիսի յստակ տարանջատումներ։ Այս  հարցը չենք տուած Վեհանոյշ Թեքեանին, սակայն այս առիթով ուզեցինք աչքէ անցընել հեղինակին արձակը, անջատաբար բանաստեղծական հատորներէն, գուցէ ճաշակ մը կարենալ կազմելու համար ընդհանուր տպուած արտադրութեան մասին, ինչպէս նաեւ ըմբոշխնելու այս գեղեցիկ լեզուով եկող գիրը, որ կը կոչենք արեւմտահայերէն, եւ գիտնալու թէ արդեօք կարելի՞ էր գիծ մը գտնել որ կը շարունակուի հատորէ հատոր, ընդհանուր մտահոգութիւն մը, կամ նոյնիսկ լեզուական յառաջխաղացք մը։ Գործերը կը գրուին ու կը տպուին իրենց ժամանակին մէջ, սակայն ապագայի ընթերցողը առիթը ունի զանոնք ընկալելու ժամանակին ընձեռած հեռաւորութեամբ ու կարկինով, մանաւանդ երբ զանոնք կը դնենք այսպէս կողք կողքի։

Ճեղքուած մանրանկարի բոլոր
գրութիւնները ծնունդ կ՚առնեն այդ
օրերուն մայրիներու երկիրը բռնկած
ու հրոյ ճարակ դարձուցած հրդեհէն։

     Առաջին հատորի՝ Ճեղքուած մանրանկարի բոլոր գրութիւնները ծնունդ կ՚առնեն այդ օրերուն մայրիներու երկիրը բռնկած ու հրոյ ճարակ դարձուցած հրդեհէն։ Պատերազմի առաջին տարիներն են եւ ցնցումը զօրաւոր է։ Ո՞վ կրնար երեւակայել որ այդ բարդ կառոյցով ու բազմաշերտ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու վրայ վրայի դիզուած շերտերով երկիրը կրնար մէկ օրէն միւսը կրակ առնել ու այրիլ։ Առաջին տարիներու այդ բռնկումը քաղաքակեդրոնի թաղային կռիւներով ու թալանով շուտով պիտի տարածուէր ու ընկլուզէր ինքզինք Սփիւռքի միջնաբերդը ու սիրտը նկատող հայութեան քաղքենի դասակարգի մը հիմնական կեդրոնները։ Մէկ օրէն միւսը քաղաքին հայահոծ թաղերը պիտի պարպուէին ու ծանրութեան կեդրոնը, մանաւանդ մշակութային ու մտաւորական գետնի վրայ՝ թերթեր, միութիւններու կեդրոնատեղիներ, եւայլն, կամաց կամաց պիտի անցնէին կանաչ գիծէն միւս կողմ՝ արեւելեան արուարձաններ, Պուրճ Համուտ ու աւելի անդին, ուր կրկին՝ կառոյցներ, դպրոցներ ու հայահոծ նոր թաղեր պիտի կառուցուէին Լեռնալիբանանի փէշերը բարձրացած քաղաքի երկարաձգումին հետ։ Քաղաքակեդրոնը ինքնին պիտի դառնար սրտէն զարնուած ու մէջտեղէն երկուքի կիսուած հիւանդ մը՝ անցած փառքի օրերը երազող։ Ասիկա ընդհանուր պատկերն է, սակայն բուն զոհերը անոր բնակիչներն են։

Գրողին մօտ կայ պատերազմը՝
անբաղձալին, հասկնալու կամ
ինքնիրեն բացատրելու պէտքը։
«Ինքնապաշտպանութեան ձեւ մը,
հաւանաբար», կը գրէ ան։ Գիրը ձեւով
մը կու գայ մեղմացնելու փլուզումին
անյեղլի իրականութիւնը։ Կայ սակայն
ապրուած իրականութիւնը իր տեղին
ու ժամանակին մէջ արձանագրելու
մղումը։

     «Այս հատորը սովորական պատմուածքներու հատոր մը չէ», կը գրէ Թեքեան ներածականին մէջ ու կը շարունակէ. «Ընթերցողը այստեղ Գրողին մօտ կայհերոսներ չէ որ պիտի գտնէ, այլ՝ հոգեվիճակներ։ Հոգեվիճակներէ աւելի՝ մասնայատուկ տրամադրութիւններ, որոնք կը ձգտին տարբեր տեսանկիւններէ բռնել մէկ ու միակ իրականութիւնը պատերազմին», ու աւելի վար՝ «այս հատորին մէջ փորձած եմ լուսարձակը բանալ խեղաթիւրումներուն վրայ իւրաքանչիւր մարդու եւ զոհի, որ նոյն քաղաքին մէջ կ՚ենթարկուի անոր ակամա՛յ»։ Մէկ ու միակ իրականութիւնը պատերազմին։ Ակնարկը անշուշտ յստակ է։ Պատերազմը այն անբաղձալին է, ինչպէս կը պիտակէ զայն քիչ անդին, որմէ փախուստ չունի բնակիչը, եւ որ մէկ օրէն միւսը հրէշի պէս կը յայտնուի տակն ու վրայ ընելով անոր առօրեան։ Ինչպէ՞ս դիմադրել անոր պատճառած բոլոր վերիվայրումներուն ու այլանդակութիւններուն։ Յետադարձ ակնարկով պիտի ըսէինք՝ ինչպէ՞ս վերապրիլ անկէ։ Որովհետեւ պատերազմները երկրաշարժի նման են, մէկէն խզում կը յառաջացնեն ժամանակին մէջ, ստեղծելով առաջ մը եւ վերջ մը։ Մէջէն անցնողը թէեւ մորթին վրայ կ՚ապրի զայն, սակայն միտքը աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ կարենալ ինքն իրեն բացատրելու համար պատահածը։ Ասիկա ճակատագրի նման մշտական իրականութիւնը եղաւ կարծես հայահոծ գաղութներուն, ու Գրիգոր Պըլտեանի Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար հատորին հետ՝ այդ մէկը բանաստեղծական, լոյս տեսած 1976ին, Ճեղքուած մանրանկարը առաջին
գործերէն է ուր փորձ կը կատարուի դիմակալելու Լիբանանի պատերազմին իրողութիւնն ու հետեւանքները։

… երբ պատերազմը կը փրթի՝ երբ
անոր յառաջ բերած ցնցումը կը
խորտակէ բոլորին գետինները
միաժամանակ, հոն մէկէն
գիտակցութիւնը կը ծագի
ներանձնականէն կամ համայնքայինէն
անդին՝ աւելի լայն համայնութեան մը
կարելիութեան։ Գրութիւնը ուրեմն կը
փորձէ գտնել, մատնանիշ ընել
հայկականէն անդին՝ պատերազմի
անհեթեթը ցոյց տուող ընդհանուր
գետին մը։

     Գրողին մօտ կայ պատերազմը՝ անբաղձալին, հասկնալու կամ ինքնիրեն բացատրելու պէտքը։ «Ինքնապաշտպանութեան ձեւ մը, հաւանաբար», կը գրէ ան։ Գիրը ձեւով մը կու գայ մեղմացնելու փլուզումին անյեղլի իրականութիւնը։ Կայ սակայն ապրուած իրականութիւնը իր տեղին ու ժամանակին մէջ արձանագրելու մղումը։ Լիբանանահայութիւնը, նման Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանրապէս բոլոր հայկական գաղութներուն, իր գոյութիւնը իբրեւ հայութիւն մշակած ու ապրած է երկրին ու տեղական շրջապատին մէջ ու կողքին միաժամանակ, աւելի կողքին, որպէս զուգահեռ իրականութիւն, քան մէջ։ Այսինքն, թէեւ կեանքը, անոր առօրեան, ակամայ խառնուիլ կը պահանջէ, եւ ասիկա կը պատահի բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ամենէն անձնականէն մինչեւ քաղաքականն ու պաշտօնականը, սակայն ատոր անցքը գիրէն ու ընկալումը գիրով, որ հեռացում կը պահանջէ, միշտ մնացած է հարկատու այլեւայլ պարագաներու։ Գիրը մնացած է կլանուած ինքն իր ոլորտին մէջ, անկարող տալու այդ ներսէն դուրս անցքն ու համախառնումը, կարծես գտնուէր պատուարի մը առջեւ։ Պատերազմը, ուրիշ բաներու կողքին, ճի՛շդ այդ պատուարն է որ կը քայքայէ եւ գրողը որպէս գիրի մշակ զգայուն է ասոր նկատմամբ։ Այնպէս որ երբ պատերազմը կը փրթի՝ երբ անոր յառաջ բերած ցնցումը կը խորտակէ բոլորին գետինները միաժամանակ, հոն մէկէն գիտակցութիւնը կը ծագի ներանձնականէն կամ համայնքայինէն անդին՝ աւելի լայն համայնութեան մը կարելիութեան։ Գրութիւնը ուրեմն կը փորձէ գտնել, մատնանիշ ընել հայկականէն անդին՝ պատերազմի անհեթեթը ցոյց տուող ընդհանուր գետին մը։ Գրքին առաջին մասը կը պարունակէ 13 կարճ պատմուածք, անմիջական ու իրապաշտ ոճով, գուցէ ըսենք մանրանկարային, ուր կ՚ուրուագծուին պատերազմին մա սնակցող կերպարներու իտէալիզմը մէկ կողմէ, հեծանիւով թերթ բաժնող ու ապագան երազող պատանին, քաղաքէն հեռացող երիտասարդներու վերջին հաւաքոյթն ու շէնքին տակ դրուած ռումբին պայթումը, եւայլն։ Պատկեր մը կու տան այդ օրերէն եւ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին, թէեւ 40 տարի հեռաւորութենէն հին լուսանկարի տպաւորութիւն կը ձգեն երբեմն։ Աշխարհ մը անցած է կարծես։

Թեքեանի լեզուն սկիզբէն ունի
իւրայատուկ արձակում ու
ազատութիւն։

     Թեքեանի լեզուն սկիզբէն ունի իւրայատուկ արձակում ու ազատութիւն։ Ճաշակ մը տալու համար՝ քանի մը տող առաջին կտորէն որ կը կոչուի «Տեսիլքի եւ արարքի միջեւ».

Օր մը առաջ եկած էր մեզի։ Հինգ ընկերներ էին, զէնքի ու երազի ընկերներ։ Մտած էին քլաշնիքոֆներով, որոնց տեսքին ծանօթ էինք այնպէս ինչպէս տարիներէ ի վեր նոյն անտառին մէջ ապրող ճնճղուկը՝ յովազին։ Թելադրած էին որ չվախնանք, համբերենք, քանի մը օր պիտի կռուին մեր պատշգամէն. ինչ կարիք որ ունենանք ապսպրենք իրենց։ Համալսարանական տղաք՝ կարեւորը կեանքի մէջ իտէալ ունենալն է, ըսին. պիտի չլքենք մեր երկիրը, մեզմէ ամենավերջին կռուողին գոյութիւնը իսկ բաւարար է նոր Լիբանանի մը ձեւակերտումը հունաւորելու, ըսին։ Մօտս նստողին տարիքը հարցուցի։ Տասնութ։ Անունը՝ Նասր։ Ձեռքին մէջ ունեցած կլոր եւ գլանաձեւ ձեռնառումբերը պոնպոն եւ հաթ տակ կոչեց։ Մեղք չե՞ս, մայրդ ի՞նչ դիրքորոշում ունի։ Մայրս հինգ որդիները պայքարի հանեց, ես եղբայրներուս կրտսերագոյնն եմ, բացատրեց։ Տասնութ տարիք չէր. տասնութ գարնան կրակ կար աչքերուն մէջ, տասնութ տարուան խենթութիւն։ Խումբին ամենաբուռն կռուողն էր, արկածախնդրութիւններու ակնկալութեամբ լեցուած, պատրաստ զոհուելու։ Գաղափարին պէս մահն ալ շարունակելի է, կ՚ենթադրէր։ (Էջ 9)

     Երկրորդ մասը կը պարունակէ երկու քիչ մը աւելի երկար կտորներ՝ «Պուրճապատում» եւ «Հակահարուած» վերնագրերով, ուր կրկին նիւթը պատերազմն է, ենթարկուած՝ գեղարուեստական ծաւալումի։ Ահաւասիկ առաջին կտորին առաջին պարբերութիւնը։

Տեսա՞ծ ես Պէյրութի Պուրճի հրապարակը։ Կազմը որեւէ հրապարակի պէս է, միայն թէ ամէն տեսակ մարդ չ՚անցնիր այստեղէն։ Անապատներէն հասած արաբը՝ տիւրզին, պարապ ֆիլմերով նկարիչները, անգործ բեռնակիրները, մանրավաճառները, նոր հասած հիփփիները հոս են։ Մուրացկանները, թուրիսթները, գիւղագնացները, լրագրավաճառները, օթօպիւս սպասողները եւ մեծ լումայափոխները հոս են միշտ։ Բայց օրինակ, մեծամիտ առեւտրականները, պզտիկ գեղասէրները, սնոպ լիբանանցիները այս հրապարակին մասին վախվխելով կը խօսին. իսկ անուշավաճառ Վիթալիին կինը կեանքին մէջ չէ անցած այստեղէն, սիրտը վեր կ՚ելլէ եղեր։ Բայց իրաւ գեղեցիկ է, գեղեցիկ է Պուրճի հրապարակը. գունաւոր, խոտերով ժամացոյց ունի, արմաւի երկար ծառեր ունի, այդ ծառերէն ցած շէնքեր ունի, հսկայակազմ սինեմայի աֆիշներ, ուր անպայման պորտապարուհի մը նկարուած է, եւ վստահ կրնաս ըլ լալ որ անկէ քիչ մը անդին ձեռքը ատրճանակ բռնած մարդու մը նկարը կայ. իսկ վերը-վարը-աջին-ձախին աչքառու պէներով արաբական սինեմաշխարհի արթիսթներ։ Այս հրապարակը գեղեցիկ է նաեւ անոր համար որ ամէն ինչ բնական է։ Այստեղ գողը կը գողնայ, լումայափոխը կը լոլոզէ, սմսարը կը խաբէ, տարիքոտ դատարկապորտը նարտի կը խաղայ, աւելի ծոյլը՝ մայթին վրայ նստած նարկիլէ կը ծխէ, աւելի երիտասարդը բոլոր անցնող կիներուն ձեռք կը նետէ, թուք ունեցողը կը թքնէ, լրագրավաճառը ճշմարտանման սուտեր կը շինէ։ Օրինակ՝ եթէ պոռայ որ Համրայի մէկ թաքստոցէն տասը բոզեր ձերբակալուած են եւ կամ՝ վարչապետը պիտի հրաժարի որովհետեւ այսինչ պլոքը տարակարծիք է իր հետ, իր այդ ժամուն թերթը հարիւրաւոր օրինակներով աւելի կը ծախուի։ (Էջ 107)

     Նկարագրուածը սկիզբի առաջին տարիներն են միայն, որմէ ետք պատերազմը շատ աւելի պիտի երկարէր ու տասնհինգ տարի ետք քաղաքին դիմագիծը ամբողջովին փոխուած պիտի ըլ լար։ Որմէ ետք ալ կողմերու սպառումին ու միջազգային իրավիճակի փոփոխութեան պիտի յաջորդէր հաշտութիւնը եւ ուշակորոյս մոռացում մը դէպքերուն ու քաղաքին։ Կարծես տասնհինգ տարի այս մարդիկը զիրար չէին ատած ու մէկը միւսին գլխուն կրակ տեղացուցած։ Մեռնողը մեռեր էր, մեկնողն ալ մեկներ։ Մնացեր էին քաղաքին փլատակները, որոնց վրայ պիտի շինուէր նոր քաղաք մը իբրեւ թէ հինին տեսքով։ Իրականութեան մէջ՝ շինծու քաղաք մը որ նախկինին ո՛չ շունչը ունէր, ո՛չ ալ բնակիչները։ Միայն պարապ փողոցները։
     Քառասունհինգ տարի ետք կեանքը կը շարունակուի անշուշտ ինքն իր ընթացքով։ Այս պատմուածքներուն յատակին սակայն կը յամենայ տարօրինակ զգացում մը, որ կը յիշեցնէ քաղաքը լքողներուն երազները։ Ո՛չ իբրեւ նոսթալժի։ Ընթերցումին մէջէն ի յայտ կու գան ժամանակին ու այդ օրերուն իտէալիզմը, ջարդի ու աքսորի մոխիրներէն վերականգնած հայութիւն մը, հայեացքը հայրենիքին՝ թէկուզ հոգեկան, որ կը գտնուի իր ուժականութեան գագաթնակէտին։ Լիբանանը՝ մեր երկրորդ հայրենիքը, կը լսուէր այդ օրերուն բեմերէն աջ ու ձախ։ Թեքեան բացայայտօրէն կը փորձէ լուսարձակը դարձնել երկրորդէն դէպի անմիջականը՝ լիբանանեան հայրենիքը։ «Ես չեմ համարձակիր Լիբանանը նկարագրել, որովհետեւ հայրենիքը ամենագեղեցիկն է. աննկարագրելի՛ն» (էջ 5), կը գրէ ան եւ քիչ մը անդին՝ «Փրկեցէք Փիւնիկէն»։ Հայրենիքէ աւելի երազ մըն է, քիչ մը համատարած այդ օրերուն, որուն բնակիչները կը կոչուին Նասր, Մուսթաֆա, Համօ, Սահակ, Ռիմա, Տիկին Ճէմիլէ, Վահէ, Ֆրետերիք Պշարա, Պեռնար, եւն.։ Իտէալ հայրենիք մը, բազմադէմ ու բազմախաւ, միայն թէ անոր բնակիչները չեն գիտեր թէ ինչու աջ եւ ձախ ռումբեր կը պայթին, մարդիկ կը մեռնին՝ երիտասարդ ու ծեր, երեխայ ու անտէր։ Այո՛, հայրենիք։ Ա՛յդ է ուժեղ գիծը այս պատմուածքներուն։ Բոլորն ալ կը մեռնին հայրենիքին համար, սակայն հայրենիքն է որ կը մեռնի քիչ մը եւս ամէն մէկուն հետ։ Թեքեանի կատարածը այդ հայրենիքին ողբն է ձեւով մը, իր բաժինը, անոր հայ բնակիչին բաժինը, ինքն իր լեզուով գրելու անոր ողբերգութիւնը։ «Այս հատորը յուշարարն է մտքի սպանութեան», կը գրէ ան «Ներածական»ին մէջ ու կը շարունակէ՝ «նաեւ անշուշտ ծառացում մը», ու աւելի վար՝ «Գրութիւններէն մաս մը աշխատցուած են կատարեալ խաւարի մէջ, ուրիշներ՝ հազուագիւտ մոմի լոյսին տակ, բայց ամենէն աւելի՝ ահեղագոռ ռմբակոծումներու եւ հրդեհներու լայն բերաններուն դիմաց։ Ինքնապաշտպանութեան ձեւ մը, հաւանաբար»։ Հրատարակուած՝ 1977ին, չենք գիտեր որքան տպաքանակով կամ թէ ի՞նչ եղած է անոր ճակատագիրը, սակայն 10 տարի տարի ետք՝ 1987ին, Թեքեան կը ձեռնարկէ երկրորդ տպագրութեան մը, հատորը եղածին պէս։ Մեր ունեցածը այդ մէկն էր, Ասատուրէն կողքով։
     Յաջորդը, լոյս տեսած նոյն տարին՝ 1987ին, կը կրէ Նշանագիր վերնագիրը եւ առաջին մասով ունի բանաստեղծութեան բաժին մը, որուն կը յաջորդէ արձակի ստուար բաժին մը, հատորին մէկ երրորդէն քիչ մը աւելի։ Հոն կան երեք արձակ կտորներ, որոնք կը կրեն «Նշանագիր XIV», «… XIX», «… XXI» խորագիրները։ Առաջինն ու վերջինը յարաբերաբար աւելի կարճ են եւ աւելի պատմողական, մէկը՝ Փարիզ, միւսը Նիւ Եորք տեղի ունեցող անցուդարձներով, մինչ մէջտեղինը՝ «Նշանագիր XIX»ն ամենէն երկարն է, կազմուած անջատ վերնագիրներ կրող մասերէ, ուր կը տրուին Հայաստան այցելուին զանազան խոկումներն ու նկարագրութիւնները, մեկնելով այցերէ կամ հանդիպումներէ։ Երկար բաժինով մը կայ գրողին հանդիպումին դրուագը Յովհաննէս Շիրազին հետ, նախ նամակագրութեամբ, ապա՝ անձամբ։ Յափշտակութեամբ կարդացուող էջեր են ասոնք՝ օրագրային, որ սակայն կը պարունակեն խանդավառութիւն մը գիրին հանդէպ որ վարակիչ է։ Վարակիչ է որպէս գիրին հանդէպ սէր, բայց նաեւ որպէս տեղ ստեղծող գիր։ Տեղը գրողին կեցած տեղն է, ուրկէ ան կը հանդիպի բանաստեղծի գործին ու անձին։ Հետաքրքրական է, թէ Եղեռնի յիսնամեակի մթնոլորտին յաջորդող տարիներուն որքա՜ն մեծ եղած էր Շիրազի տաղերուն հմայքն ու տարածումը սփիւռքեան ոստաններուն մէջ, ուր գրողին գիրքերը պիտի ունենային բազմաթիւ հրատարակութիւններ ու հնչէին կանոնաւոր կերպով բեմերէ ու ռատիոժամերու ալիքներէ։ Անոր տողերուն մէջ յայտնուող բանտուած Արարատի կարօտը կարծես կայծ կու տար իր աւաններէն աքսորուած սիրտերուն ու կը բռնկեցնէր այդտեղ կուտակուած թախիծն ու կարօտը։ Հոն կայ նաեւ Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ» հատորին շուրջ անդրադարձը, մանաւանդ Պետրոսեանի որոշ մէկ արտայայտութեան հանդէպ, ուր ան որոշակի հեգնական կեցուածք մը ցուցաբերած էր Սփիւռքի մէջ ապրող եւ հին քարտէսներ երազող հայուն հանդէպ։Թեքեան կ՚արտայայտէ իր ցասումը ընդդէմ այս Սփիւռքի վաւերականութիւնը արհամարհող խօսքերուն ու կեցուածքին։ Գեղեցիկ տողեր են, որովհետեւ հոս կ՚երեւի իր ճակատագիրը ստանձնած գրողին իսկական դէմքը պատմութեան ու կեանքին դիմաց։ «Գոնէ դուն հիւրի պէս մի գար երթար։ Ինքզինքդ նե՛րս նետէ եւ յետոյ գրէ էսքիզներդ», կը գրէ ան եւ ապա՝ «Դու պիտի գաս Հայաստան՝ ըսիր այդպէս, դիւրութեամբ։ Դուն գիտես թէ ուրկէ՛ եկայ ես հոս՝ եւ դուն հոն գացիր ուրկէ՛» (էջ 116)։ Ահաւասիկ տեղը ուրկէ կը գրէ գրողը։ Ճեղքուած մանրանկար հատորին մէջ այդ տեղը հայրենիք կոչած էր ան, հոս անոր կը յղուի որպէս «Հայաստանէն այս կողմ»։ Գեղեցիկը գրողին մօտ հայութեան հանդէպ ջերմեռանդութիւնը այդ օրերունԽորհրդային Հայաստանի քարտէսէն ներս չսահմանափակելն է։ Կը նշենք այս գիծը այստեղ որովհետեւ վաւերական գրողին համար կարեւոր է ոտքին տակ ունենալ հող, ունենալ տեղ, թէկուզեւ այդ հողն ու տեղը չգտնուին ներկայ Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Բայց պէտք է ընդունիլ որ կը գտնուինք հողի մը վրայ որ մեր կեանքով կը դարձնենք բնակելի, գուցէ եւ հայրենիք։ Բոլորս ալ գիտենք թէ ինչու եւ ինչպէս հոս հասանք։ Սակայն արդեօք կը յիշե՞նք այդ բոլորը։ Պիտի տեսնենք գրողին առճակատումը այս հարցին հետ աւելի ուշ։

Բոլորն ալ կը մեռնին հայրենիքին
համար, սակայն հայրենիքն է որ կը
մեռնի քիչ մը եւս ամէն մէկուն հետ։
Թեքեանի կատարածը այդ
հայրենիքին ողբն է ձեւով մը, իր
բաժինը, անոր հայ բնակիչին բաժինը,
ինքն իր լեզուով գրելու անոր
ողբերգութիւնը։

     Յաջորդ հատորով՝ Տոհմածառ, լոյս տեսած 10 տարի ետք՝ 1997ին, Թեքեան կ՚անցնի խոստովանական արձակի ու շատ մտերիմ շունչով կը պատմէ այս անգամ ի՛ր Պէյրութը։ Կը սկսի Ամերիկայէն կամաւոր վերադարձած մեծ հօր կերպարով, որ կը մնայ Արեւելք, կը հաստատուի Պէյրութ ու կ՚ամուսնանայ։ Հոն շքեղօրէն կը գտնէք երազային Պէյրութը։ Ծովուն եզերքը նստած քաղաքն է անիկա՝ հորիզոնը բաց ամէն կողմէ փչող հովերուն։ Պատմուածքները գրուած են 1977էն 1996ի միջեւ, այսինքն՝ թէեւ կը սկսին անոր Պէյրութ կեցութեան վերջին տարիէն, սակայն մեծ մասը գրուած են 1978ին՝ ԱՄՆ փոխադրութենէն ետք, ուրեմն յետադարձ ակնարկով, որով նիւթերը ջախջախիչ կերպով կ՚առնչուին հեղինակի պէյրութեան տարիներուն։ Թեքեան հոս կը կատարելագործէ մտերմիկը գեղեցիկին հիւսող սեփական լեզու մը, որ հատորին կու տայ իր իւրայատուկ շունչը։ Ահաւասիկ պարբերութիւն մը։

Ճեփ-ճերմակ մազերը կիսաբոլորակ սարմայի պէս ծոծրակին փակցուցած, բոլոր փէշերը նոյն երկայնքով, ձգախէժէ ցած կրունկ կօշիկներով Օրիորդ Նոյեմին թուաբանութիւն կը բացատրէր. ըստ երեւոյթին՝ իր չամբարած թուաբանութիւնը աւելի օգտակար էր քան ինչ որ կը սորվեցնէր։ Վաթսուներկու տարեկանին առաջին անգամ ըլ լալով ամուսնացաւ։ Ծանօթները բացատրեցին պատճառը. «Ծերութեան որո՞ւ պիտի դառնար խեղճը, եղբա՞յրը իրեն պիտի հոգայ, թո՜ւհ, եղբայրը իր ընտանիքին հոգերը առեր նստեր է։ Շատ լաւ ըրաւ, որո՛ւն ձեռք պիտի բանար աղջիկը»։
     Բայց Օրիորդ Նոյեմին իր այս դաւը չլարած՝ մեր կարծիքն ալ առնելու էր, վնաս չունի որ նախակրթարանի չորրորդ կարգի աշակերտներ էինք։ Նախ՝ յայտնի ալ չէր որ ուրիշ ուսուցչուհիներու նման՝ ամուրիի տագնապի խոր-խորատին մէջ ինկած էր. վեհանդորր ժպիտ մը ունէր, քալուածքը հանդարտ, մաշկը մաքուր, նայուածքը մեղմանոյշ. ի՜նչ պիտի ընէր ամուսնութիւնը։ Ամուսնացեր է եւ երեք ամիսէն Ամերիկայի մէկ անկիւնը՝ երկրորդ տիկին ասինչ պիտի կոչուի, ապագան պիտի ապահովէ եղեր, աս ձեւի կեանքը վերջ չունի եղեր։ Ո՞վ մեզի պիտի բացատրէր այդքան սիսթեմաթիք եւ անառարկելիօրէն, որ երկու անգամ երկու չորս կ՚ընէ, երկու առաւել երկու ալ չորս կ՚ընէ, երեք առաւել մէկ ալ չորս կ՚ընէ, զէրօ առաւել չորս ալ չորս կ՚ընէ, ո՛ր կողմէն դառնաս՝ ամէն բան չորս կ՚ընէ։
     Օրիորդ Նոյեմին շատ լաւ սորվեր էր թէ ինչ գործողութեամբ ալ զարնես գումարես բաժնես հանես՝ բանի մը գումարը ընդհանրապէս նոյնն է։ Անոր համար՝ չմեկնած մեզի սկսաւ երգեր սորվեցնել անկասելի թափով։ Մէկը չկրցաւ ըսել՝ «Օրիորդ Նոյեմին ամուսնացաւ», ամէնքը կ՚ըսէին «էրիկ մը գտաւ գնաց»։ (էջ 54)

     Շատ համով ոճ մըն է եւ ծայրէ ծայր մեծ հաճոյքով կը կարդացուի։ Տողերուն մէջէն ուրուագծուողը իր բնակիչներէն գողցուած քաղաքն է, քաղաք մը որ կ՚ապրէր իր փառքի օրերը, այսինքն՝ կը գտնուէր ծաղկումի ու վերելքի իր գագաթնակէտին, ինչ որ փայլք մը կու տար մարդոց դէմքերուն՝ իբրեւ ինքն իր ճակատագիրը ստանձնած, ինքն իր հայութիւնը լիուլի ապրող համայնք եւ գաղութ, Մերձաւոր Արեւելքի գոհարը նկատուող ոստանին մէջ։ Ինչ որ ունինք այսօր այդ օրերէն, այսինքն՝ այդ քաղաքին հայկական օրերէն, վերակազմուած յիշողութիւն մըն է, գիրի, լուսանկարի եւ պատմուածի կուտակում, այնպէս որ Վեհանոյշ Թեքեանի Քանթարին եւ Էշրէֆիէն նոյնքան ներկայութիւն են հոն որքան ըսենք Գրիգոր Պըլտեանի Հայաշէնը կամ շուկաները։

Յաջորդ հատորով՝ Տոհմածառ, լոյս
տեսած 10 տարի ետք՝ 1997ին,
Թեքեան կ՚անցնի խոստովանական
արձակի ու շատ մտերիմ շունչով կը
պատմէ այս անգամ ի՛ր Պէյրութը։

     Այս հատորին մէջ ինկած է նաեւ «Արեւմտահայերէնի վերջին ճգնաժամը» կոչուող գրութիւնը, նոյնիսկ սկիզբը դրուած, որ առաջին ակնարկով տարօրինակ կը թուի հատորին մնացեալ պատմողական կտորներու կողքին, որով միակն է որ պատմուածք չէ։ Իրականութեան մէջ սակայն ունի նմանութեան եզր մը անոնց հետ։ Մինչ պատմուածքները կը պատմեն հեղինակին Պէյրութն ու անոր կորուստը, այս մէկը կու տայ լեզուին պատմութիւնը ու անոր կորուստը, փորձելով մատնանշել այդ կորուստին պատասխանատուները։ Գրութիւն մըն է որ առաջին անգամ լոյս տեսած էր 90ականներու սկիզբը «Հորիզոն» շաբաթաթերթի «Գրական յաւելուած»ին մէջ եւ օրին պայթուցիկ տպաւորութիւն ձգած, իր ապշեցուցիչ յանդգնութեամբ ու պոռթկումով։ Իրականութեան մէջ հալածող գրութիւն մըն է, իր անկեղծութեամբ ու ցասումով, որով տեսանելի կը դարձնէ ինչ որ բոլորս կը տեսնենք եւ որ սակայն կ՚անգիտանանք։ Ի՞նչ կ՚ըսէ անիկա։ Մէկ նախադասութեամբ՝ օրն ի բուն կ՚աւաղենք լեզուին հեռացումը մեզմէ, զայն վերագրելով պայմաններու բերման, մինչդեռ մե՛նք ենք որ կը հեռանանք անկէ կամովին՝ կանոնաւոր կերպով ուրանալով անոր ապագան։ Այս է իրականութեան մէջ Սփիւռքի բո՛ւն ողբերգութիւնը։ Թեքեան հոս վերջ կու տայ սուտին։ Գրողը զանիկա կը զգայ առաջին գիծի վրայ, որով այդ հեռացումը լեզուէն՝ անոր լքումը՝ զինք կը դարձնէ թափանցիկ արարած, անտեսանելի եւ ուրեմն չգոյ։ Գրողը կը շարունակէ անշուշտ իր ընթացքը, սակայն առանց լսողի, կարծես խօսէր երկինքին հետ։ Ընդվզումի կողքին, Թեքեան կ՚ուզէ պատմութեան համար արձանագրել հոս իրականութիւն մը, որ գերիվեր է գրողէն։ Իրականութեան մէջ վերջաւորութեան արձանագրութիւն մըն է։ Գրողը գոյութենական ու առօրեայ կերպով կը զգայ ատիկա իր գրչին իսկ տակ։ Բոլորս կը զգանք, սակայն կը մերժենք ընդունիլ։ Մինչդեռ եթէ ընդունէինք, գուցէ սկսէինք լսել այն կենդանի լեզուն որ կը խայտայ տակաւին մեր երեխաներու հագագներուն մէջ, գուցէ սկսէինք ընդունիլ զայն իբրեւ աշխարհ ստեղծող լեզու, փոխանակ նկատելու զայն կորսուած հայրենիքի մասունք ու սրբութիւն՝ արժանի կախուելու պատէն։ Հարց տուէ՛ք դուք ձեզի թէ ո՞ր ազգը իր լեզուին այբուբենը կը կախէ պատէն իբրեւ սրբութիւն։ Մեռածներուն նկարները կը կախէն պատէն։ Իսկ մեզի համար ի՞նչ է այդ այբուբենը, եւ անով գրող անձը որո՞ւն համար կը գրէ։ Ի՞նչ կ՚ուզենք ընել այս լեզուով։ Հարիւր տարի առաջ ճակատագրական խորտակումին յաջորդած էր վերապրելու անհաւատալի կամք մը, որմէ ետք անգտանելի միջոցներով մէկ սերունդի մէջ հաւաքաբար դարձած էինք հայախօս։ Ըստ երեւոյթին այդ օրերուն գիտակցութիւնը կար թէ ի՛նչ կ՚ուզէինք ընել այս լեզուով։ Այսօր աշխարհին լայնածաւալ միջոցները մեր տրամադրութեան տակ՝ կը պակսի կարծես գիտակցութիւնը։

«Արեւմտահայերէնի վերջին
ճգնաժամը»

     Վերադառնանք սակայն գրութեան։ Նոյն գրութիւնը մանր յաւելումներով կը գտնուի նաեւ վերջին հատորին մէջ, որ կը կոչուի Խօսող լերան պատմութիւնը, լոյս տեսած 2015ին։ Հատորը կը խմբէ զանազան առիթներով հեղինակին գրած կամ խօսած խոհագրութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները գրականութեան մասին։ Գրութիւններ կան Մեծարենցի մասին եւ Տէրեանի, Վարուժանի, Թէքէեանի, Ժագ Յակոբեանի, Մուշեղ Իշխանի, Կարապենցի, Մովսէս Պչաքճեանի, եւ այլն։ Թէեւ գրութիւններուն տարեթիւերը կ՚երկարին երեսուն տարիներու վրայ, սակայն ընթերցումը մէկ շունչով կը համախմբէ նիւթերու այլազանութիւն մը։ Գրողին «ներսէն ըլ լալու» հանգամանքը, ինչպէս կը խոստովանի ինք, այսինքն ինքն ալ գրող ըլլալու եւ իբրեւ գրող ուրիշ գրողներու արտադրութիւնը ընթերցելու հանգամանքը յաւելեալ գոյն ու լարում կու տայ գիրքին, հարազատութեան զգացում մը։ Շատ յստակ է գրողին ներկայութիւնը, շունչը, նոյնիսկ սրտին բաբախումը ամէն մէկ տողի ետեւ, որով վարակիչ սէր ու գուրգուրանք կայ այդտեղ գիրին ու մասնաւորաբար արեւմտահայ գիրին հանդէպ։ Նաեւ գրողին, Սփիւռքի մէջ ապրող գրողին, որ ամենէն աւելի անտեսուած «ապրանք»ն ըլ լայ կարծես նոյնիսկ ու մանաւանդ անոնց մօտ որ ի պաշտօնէ կը բարբառին արեւմտահայերէնին ու անոր կորուստին կամ փրկութեան ի խնդիր։ Հայ գրողին փորձառութիւնն է Սփիւռքի մէջ եւ ընդվզումը անոր տարիներու երկայնքին ապրած ապրումներէն։

Մէկ նախադասութեամբ՝ օրն ի բուն
կ՚աւաղենք լեզուին հեռացումը մեզմէ,
զայն վերագրելով պայմաններու
բերման, մինչդեռ մե՛նք ենք որ կը
հեռանանք անկէ կամովին՝
կանոնաւոր կերպով ուրանալով անոր
ապագան։ Այս է իրականութեան մէջ
Սփիւռքի բո՛ւն ողբերգութիւնը։
Թեքեան հոս վերջ կու տայ սուտին։

Այս երկը կը հրատարակուի որպէսզի յետագայ ուսումնասիրողներու համար գոյութիւն ունենա՛յ արձանագրութիւն մը, սեւով ճերմակի վրայ։ Անհուն տխրութիւն մը, ամայութեան մէջ երկարաձգուող ճիչ մը, ամենէն առաջ վկայագի՛ր մը որ տեսողական մակարդակի վրայ կը դնէ կեղծիքն ու պատեհապաշտութիւնը, ու պատմէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ փառաճաճանչ արեւմտահայերէնին եւ անոր հաւատացեալներուն։ (Էջ xiii)

Խօսող լերան պատմութիւնը

     Աւելի անդին կը գրէ՝ «չենք գիտեր կարեւորութիւնը մեր գրողներուն. անոնք է որ կը զօդեն դարերը իրարու» (էջ 189)։ Թեքեան խիստ խօսքեր ունի գրողը անտեսողներուն ու լռեցնողներուն հանդէպ։ «Բարկացած եմ նպատակի
մը համար» (192), կը գրէ ան ու ապա՝ «Գիտէ՞ք ինչու հալածուեցան՝ որովհետեւ իրենց անձը ուրացան եւ գրեցին ճշմարտութի՛ւնը՝ զոր կը տեսնէին։ Անոնք «պանծալի անցեալ»ը չերգեցին, այլ ներկան՝ իր սեւով ու մուրով, որովհետեւ այնքան սիրեցին իրենց ժողովուրդը որ տուին իրենց մտքի, հոգիի միածինը անոր որպէսզի ան որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի» (192)։

Վեհանոյշ Թեքեանի գիրքերն ալ
ովասիսի նման են հայ գիրի ու բանի
ծարաւով ապրող ընթերցողին
համար…

     Թախիծն ու ընդվզումը անհուն են, սակայն գրողին ոգին կը մնայ աննկուն։ Ժագ Յակոբեանին ուղղուելով, ան կը գրէ. «Կեանքն անապատ մըն է, Ժա՛գ, երգդ ովասիս կ՚ընէ զայն» (98)։ Վեհանոյշ Թեքեանի գիրքերն ալ ովասիսի նման են հայ գիրի ու բանի ծարաւով ապրող ընթերցողին համար ու մեր մաղթանքն է երկար կեանք եւ յարատեւ թարմ գրիչ քեզի՝ սիրելի Վեհանոյշ Թեքեան։

* Այս գրութեան առաջին տարբերակը կարդացուած էր Վեհանոյշ Թեքեանի գիրքերուն նուիրուած շնորհահանդէսին՝ Մոնթրէալ, 17 Հոկտեմբեր 2017։

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 3-4