Ահա շէնքեր կը բացուին
կակաչներու պէս բոսոր՝
հրդեհներ բոցավառ:
Փողոցներուն ուրուականներ կը շրջին,
կը շրջանցեն՝ անցարգելներ,
փշաթելեր գալարուն:
Կանաչ աղջիկը Լորքայի
դեռ կը սպասէ իր ասպետին,
որ չի հասնիր երբեւիցէ,
եւ գիշերներ կը ճերմկին:
Կը հեռաձայնենք
հոն ուր տակաւին կը պատասխանեն:
Ձայնասփիւռը բաց կը պահենք՝ իմանալու՝
թէ մահը ո՞ւր
սուր մանգաղով՝
իր ցորեանի
կարմիր արտը կը հնձէ խուլ…
Բայց, դարանակալ
բոյրը պահուըտած
նարնջենիի ծաղկած պուրակին՝
ծովափէն փչող հովին դաշնակցած
խումբ մը անցորդներ կը զինաթափէ՝
արթնցնելով հանգչած ապրումներ…
Այլապէս այստեղ այն երկիրն է,
ուրտեղ ծանօթներ, Ոդիսեւսին հետ,
կ’անցնին, շատ յաճախ, երկիրը մահի:
Երբեմն կու գան՝
առանց բառերու,
աչքերով դատարկ կը նային քեզի…