Վազգէն Շուշանեան

ՏԵՆԴԵՐ

Այս գիշեր, հաշուեյարդարի ենթարկեցինք մէկը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր, կը զբաղէր ուշադրութեան անարժան բաներով: Ատիկա ծնունդով կը պատկանէր մարդոց այն դասակարգին, որ անգութ հեգնութեամբ մը «մտաւորական» կը կոչեն: Ան գձուձ էր ու վատ: Կը սիրէր գէշ հաճոյքներն ու սատիկ ուրախութիւնները: Կուսակից էր ձրի արարքներու ու անընդունակ էր որեւէ մեծ, գեղեցիկ ու հզօր ստեղծագործութեան: 

 

 

Երբ աշխատելու եւ պայքարելու ժամը հասած է, չյապաղի՛լ այլուրեք յանցաւոր ու պղտոր հաճոյքներու քով: Ծուլութեան հետ մեղսակից չըլլալ բնաւ: Սիրել արագութիւնը՝ մեղկութեան դէմ: Նախընտրել տենդոտ, բուռն ու աշխոյժ գործը՝ յոյլ ու ապահով կեցուածքներէն, յոգնութիւնը՝ հանգիստէն ու պայքարը՝ խաղաղութենէն: Մեր երիտասարդութեան ամբողջ անգթութեամբը երթալ դէպքերուն վրայ եւ մարդոց: Տիրել իրերուն: Կռուի ջերմութեան ու սպասումին մէջ՝ խեղդել վշտի ու տկարութեան բոլո՛ր ձայները

Սէրը հիմական ու կարեւորութեան արժանի զբաղում մը չէ: Սիրոյ նուիրուած ժամերը կորսուած են առյաւէտ, ստեղծագործութեան համար: Երբեք չմոռնալ ասիկա ոեւէ աղջկան ներկայութեան: Հպարտութիւնը, սիրոյ մէջ, համարել օրէնք ու սակաւապիտութիւնը՝ անհրաժեշտութիւն: Քնքուշ դէմքի մը, մեր մատներով հպած ատեն, երբ մեր մարմնին տենդը կը բարձրանայ՝ մակընթացութեան մէջ եղող ծովի պէս, յիշե՛լ որ փխրուն ու ամէ՛ն օր փլող գեղեցկութիւններէն անդին, կան նուիրումներ, որ այլապէս գեղեցիկ են ու ուրիշ գեղեցկութիւններ, որոնց դժուար է մերձենալ եւ որոնց խորհուրդին հաղորդուելու համար հարկ է տառապիլ

Վայրկեան մը կանգ առաւ, կարծես թոյլ տալու համար, որ նախադասութիւնը կազմուի ու հագնի իր վերջնական տարազը: Իր մտքերու ծփուն ու անորոշ յատակէն, բարձրանան բառեր՝ սահմանուած ու յստակ նշանակութեամբ: Ջղուտ ու խիստ շարժումով մը, ուր կը յայտնուէր իր տենդահար ու յախուռն երիտասարդութիւնը, քակեց փողկապը, բացաւ շապիկը ու ակռաներով խածաւ գրիչը: Յետոյ մնաց մտամոլոր ու շփոթ՝ իր գրած վերջին պարբերութեան առջեւ: Դուրսը աշնան թրջած ու գէշ իրիկուն մը՝ կը սողար պատերուն տակ: Մութը տակաւ կը բարձրանար: Միջոցին մէջ՝ տեղատարափի մը սպառնալիքը պահ առ պահ կը մեծնար: Բնութիւնը կը տառապէր լքման ցաւէ: Եւ ծեր, բայց շատ ծեր կասկենի մը, իր դեղին տերեւներով կարծես կ՛իյնար ներս, կիսաբաց պատուհանէն

Յանկարծ, ընդհանուր ու անծայր լռութեան դէմ, շատ անակնկալ ու զարտուղի երգ մը բարձրացաւ, լեցուց փողոցը ու մտաւ պատուհանէն ներս: Զայն խլեց իր աշխատանքի սեղանէն ու զարնուեցաւ երեսին: Հնամենի ու աղկաղկ սիրոյ մեղեդի մըն էր ատիկա. թափառիկ ու մելամաղձիկ բան մը, երգուած ծեր դատարկապորտի մը մաշած, անօթութենէ տառապող ձայնով: Այդ մեղեդին սակայն քնացած բան մը խախտեց իր հոգիին խորը, բան մը՝ որ ոչնչով յատակէն կը բարձրանայ մակերես, օրուան ամէն ժամուն եւ կը նեղէ երիտասարդ մը, աչքերուն առջեւ բանալով հեշտութեան մեծ նկարներ, բան մը՝ որ կը կոչուի.– Սիրոյ ծարաւ

Աճապարանքով վերադարձաւ սեղանին առջեւ ու բաց տետրակին լուսանցքին վրայ՝ աւելցուց հետեւեալը

Ուրիշ առթիւ վերադառնալ այս պարբերութեան: Սիրոյ մասին կարելի չէ այս խստութեամբ խօսիլ: Մնաց որ, ամէն պնդում ունի իր տկարութիւնը: Զգուշանալ հապճեպ ու շատ բուռն պնդումներէ: Երիտասարդութիւնը արդարացում չհամարել: Կարեւորը բառերուն գեղեցկութիւնը չէ, այլ ճշմարտութեան թանկ բեկորները՝ զոր ժամանակի կարճ կտորի մը համար կը հագուեցնենք այդ նոյն բառերուն խուսափուկ գրաւչութեամբ: Բառերուն ետին փնտռե՛լ մարդը, որ կը տառապի, կը հիննայ իր առօրեայ աշխատանքին վրայ եւ ընդունակ է մեծ բաներ ի կատար ածել: Բառերուն ետին՝ փնտռե՛լ արեան տենդ, սրտի բաբախում եւ ստեղծագործ, անկորնչելի զգայնութիւն

Յետոյ, իր երիտասարդ ու խոշոր գլուխը հակած սեղանին վրայ, վերսկսաւ շարունակել, մինչ նոյն աղկաղկ ու թափառիկ մեղեդին, այլեւս անօգուտ բանի մը պէս կը լուծուէր միջոցին մէջ ու մութը՝ խուլ ու մեծ ալիքներով կը թաւալէր գաւառական անդորր քաղաքին վրայ

Ո՛չ լռութիւնը ինքն իր մէջ առաքինութիւն է ու միշտ դրական, ոչ ալ խօսքը միշտ կենդանի գործ: Պարագաներ կան, երբ լռութիւնը կը յայտնէ անկարեկիր քաջութիւն մը ու վայրկեաններ, երբ՝ անկեղծ ու արի խօսքը, ըսուած մեր ձայնին ամբողջ ջերմութեամբը, կը դառնայ ուժեղ միջամտութիւն ու զոհաբերութեան երաշխիք: Կարեւորը, միշտ ընտրել կարենալն է լռութեան ու խօսքի ժամը: Այսուհանդերձ յիշե՛լ միշտ, որ լռութեամբ երբեք մեծ բաներ կարելի չէ կառուցանել: Լռութիւնը, ընդհանրապէս, տեսակ մը կրաւորական կեցուածք է ու նաեւ անհրաժեշտ պարապ՝ երբ խօսքը երկարատեւ երկունքով մը կը հասուննայ, բայց երբեք ներգործական ու երիտասարդ կեանքի արտայայտութիւն: Տեսակ մը ապաւէն նաեւ ու հանգիստ՝ երբ կեանքը շատ դժուար է ու խօսիլը՝ սպառման, անխուսափելի սպառման համազօր

Տենդահար ու ուժգին խանդավառութիւն մը, խանդավառութիւն մը՝ որ չի մաշիր, ահա՛ թէ ինչ պէտք է, որպէսզի մեր կեանքը չվերածուի սողուն, ծոյլ ու թշուառ բանի մը: Ապրի՜լ ուժգնութեամբ այն բոլո՛ր ապառնի օրերը ու օրերուն հետ, երբեք չծերանալ, չհիննալ: Ամէն առաւօտ արթննալ, կարծես թէ առաջին օրը ըլլար, գարնան առաջին ամսուն եւ ո՛չ վշտի, ոչ ալ ուրախութեան ժամուն չխանգարել ուրիշները

Չսնանի՜լ յիշատակներով: Յիշատակներով՝ որ կա՛մ թունաւոր սնունդ են եւ կամ մեղկացուցիչ ու գարշ ըմպելի, ծխախոտի ծուխ ու կլկլակի ձայն: Չսնանի՜լ նաեւ երազներով, լուսնահար տղոց պէս, հեռաւոր մարգագետիններու վրայ: Նախընտրել կեանքի ամենատկար արտայայտութիւնը՝ լուսնի վրայ անցուած խնդրական խնճոյքներէ

Բազուկները խաչաձեւած՝ լայն ու յաղթական կուրծքի մը վրայ, միտքը՝ աշխոյժ ու զարթուն եւ նայուածքը սեւեռուն՝ ներքին դաշտանկարներու, պայքարի կարելիութիւններու ու ապառնի դէպքերու վրայ, վայրկեան մը կանգ առաւ կրկին, որովհետեւ կը զգար, որ բարդ ու դժուար աշխատանք մը կը կատարուի իր մտքին խորը, բեղուն գործողութիւն մը: Դէմքին վրայ տաք ու անուշ տենդ մը կար ու ձեռքերը մեղմօրէն կը դողային, վասնզի իր արեան ամբողջ ջերմութեամբը ան կը զգար գրուած բաներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը

Ապրիլը նպատակ չէ, ոչ ալ մեր ուրախութիւնը՝ օրէնք: Երջանկութեան որոնումը՝ զուր ու անպտուղ աշխատանք: Պէ՛տք է ապրիլ մեծ իրագործումներու, գերագոյն զոհողութիւններու, գօտեպինդ մարտնչումներու համար: Պէ՛տք է անընդհատ որեւէ մեծ կատարումի մը ճամբուն վրայ ըլլալ

Աշխատի՜լ: Շռայլութեամբ տա՛լ, նուիրե՛լ կտորկտոր այս պզտիկ կեանքը: Աշխատի՜լ տենդի եւ խանդավառութեան մէջ: Մի՛շտ որեւէ անյագ տենդ կրել, այս սահմանափակ մարմնին մէջ եւ որեւէ ծարաւ, դժուարահաճ ու մեծ ծարաւ, որ կարելի չէ լրիւ գոհացնել: Երբեք աւարտումի մէջ չըլլալ, երբեք չվերջանալ որեւէ տեղ, հոս կամ անդին, այլ անընդհատ աճումի եւ ընթացքի մէջ ըլլալ

Ցած չխօսիլ, կիսով չարտասանել բառերը, ըսել ուժգնութեամբ ամէ՛ն բան: Կէսխօսքերը, կէսզայրոյթները, յուզումի կիսերանգները լաւ են քաղքենիներու համար: Կարենալ պնդե՛լ, երբ գիտենք, որ իրաւունք ունինք: Վստահութեամբ մեր կոպիտ խօսքը նետել վէճի նժարին մէջ: Ըլլա՛լ ուղղակի, հատուածական, կէսլուծումներու, իրաւախոհութեանց, փոխադարձ զիջումներու անզիջող հակառակորդ: Զօրութեամբ կռուիլ ու լրիւ ըմբռնել պայքարին գեղեցկութիւնը: Բոլո՛ր ծոյլ խաղաղութիւններուն դիմաց՝ ըլլա՛լ ուխտուած ու քաջ զինուոր: Յաղթանակե՛լ

Չխորշիլ աղքատութենէն (ասիկա խիստ կարեւոր է), ընտելանալ բոլո՛ր զրկումներուն, կարենա՜լ հրաժարիլ կարգ մը իրաւունքներէ, վայելքներէ ու դիւրին ուրախութիւններէ ու ընդունի՛լ բազմաթիւ կարգապահութիւններ: Կարենա՜լ ծառայել ու սորվիլ ծառայութեան յուզիչ գեղեցկութիւնը: Փոքրիկ զոհաբերութիւններէն անընդհատ բարձրանալ մեծ նուիրումներու: Ըլլալ մարդ մը վերջապէս, որ մակընթացութեան մէջ է: Ըլլալ անընդհատ զօրեղ ձեռքի մը պէս կարկառուն՝ դէպի աղքատութիւնը, տառապանքն ու մանկութիւնը

Տկար չըլլալ սակայն: Գթութեամբ կամ բարեհաճութեամբ չխափանել ազնիւ անգթութեան յաղթական ընթացքը: Ունենա՜լ երկու չափ եւ երկու կշիռ ու զօրաւորներու յանցանքներուն առջեւ երբեք չտկարանալ խոտելի գթութեամբ մը: Սորվիլ ատելութեան եւ բռնութեան գեղեցկութիւնը ու երբեք չնմանիլ շրջանառութեան մէջ եղող այն տխուր մտաւորականներուն՝ որ ամէն վատութեան առջեւ որեւէ պատրաստ արդարացում ունին

Սիրե՜լ կոպիտ, մկանային, յաղթական աշխատանքը: Անընդհատ յիշել, որ երկմիտ, վտանգաւոր, երկբայելի զէնքեր են գրիչն ու խօսքը: Զանոնք գործածելու ատեն ըլլալ զգոյշ, խիստ, հաւատարիմ մեր ներշնչումներուն ու անողոքելի՝ մեր տկարութիւններուն հանդէպ: Եթէ պատահի, որ մեր ձեռքերը հեռանան ստեղծագործ աշխատանքէ ընդմիշտ՝ ըլլան փափուկ ու սպիտակ, կարենալ արհամարհել զանոնք: Յիշել, որ նման ձեռքերով է, որ ամենավատ արարքները կը կատարուին

Յետոյ՝ նո՛յն ջղուտ ու խիստ շարժումով, ուր կը յայտնուէր իր հոգիին ամբողջ տագնապը, տետրակը հրեց անդին, բարձրացաւ ու խոշորաքայլ՝ սկսաւ ճեմել սենեակին մէկ ափէն միւսը: Յանկարծ անդրադարձաւ սակայն, որ ճեմել նման պահերու՝ խիստ պայմանադրական բան մըն է: Շատ մը քաղքենի վէպերու մէջ, շատ մը երիտասարդ տղաք՝ այդպէս խոշոր գլուխ մը կ՛առնեն իրենց ափերուն մէջ ու յետոյ կը ճեմեն: Այս մտածումը բաւեց, որ ցուրտ զայրոյթով մը վերադառնայ սեղանին առջեւ ու էջը փակէ, դառն ու անգութ խօսքով մը

Այս բոլորը գեղեցիկ բառեր են միայն: Նաեւ աւելորդ են ու կը մատնեն գէշ ծածկուած մանկութիւն մը: Ըլլա՜լ յեղափոխութեան պարզ շարքային մը ու չմեռնիլ հանգիստ մահիճի մէջ, թշուառ մանրքաղքենիի մը նման, ահա՛ թէ ինչ… 

(Թիւ 7-8, 1992)