Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորութեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փարիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթափանց աչքերու կրնայ երեւիլ իբր հմտաբանի, գիտնականի «ինքնատպութիւն» մը սոսկ. ասոր լծորդուող «մշակութապաշտութիւն» մը՝ ուր կը միախառնուին դասական յունարէնէն մինչեւ եբրայերէն շրջագայող ստուգաբանական մարզանքներ, տորոնի մշակութենէն մինչեւ սխտորաբուժական դեղագրերու վերծանումը շօշափող հետաքրքրութիւններ. եւ, հակադրաբար այս բոլորին, որոշ տարփային լիցք ենթադրող (խաբուսիկ, պիտի տեսնենք) զգայաբանականութիւն մը, տարաշխարհիկ հեքիաթի, բանաստեղծականութեան կլիմայ մը, եւ զանոնք պարագրկող դաշնութեան ոլորտ մը. առաջին իսկ ակնարկով բաւական հակասական այս տարրերը միաբերող «նարդեան» (բառը իմս չէ, իրն է…) վաստակի այս պատկերին առջեւ՝ խորաչափող աչքը անմիջապէս հարց կու տայ.— ի ՞նչ աշխարհ կը պառկի, կը պահուի «Ալպոմ»էն մինչեւ «Մեղեդիներ, մեղեդիներ», եւ «Բաներ, բաներ»էն մինչեւ «Երուսաղէմ, Երուսաղէմ»:
Դժուարին չէ վերլուծական «ընթերցումը» Նարդեան աշխարհին. վերլուծական ըլլալու ալ պէտք չունի ան ՝ բառի ֆրէօտեան իմաստով, ինչպէս վերլուծական չէր եւ պէտք չունէր ըլլալու նախորդ գլուխը այդ շարքին՝ «Վազգէն Շուշանեան»ը: ինչպէս այս վերջինը՝ Նարդունիի այս խորաչափում-ընթերցումը եւս կրնայ վերապահումներ արթնցնել հոս կամ հոն. ատիկա շարքի հեղինակը եւ խորաչափման աշխատանքը չի շահագրգռեր, բացի եթէ, անշուշտ, այս դրոյթներուն հակադրուող հետաքրքրական դրոյթներ առաջարկուին: Եղածը սփիւռքահայ գրողներու (այս պարագային՝ Նարդունիի) գործին հոգեբանական-ընկերա-բանական լոյսին տակ կատարուած՝ բաւական պարզ ու բացայայտ եզրայանգումներու հասնող դիտարկում մըն է, ծամծմուածէն խուսափիլ փորձող, սակայն զերծ՝ ինքնատիպի ու անտիպի մարմաջ-բարդոյթէն:
Եւ կը բաւէ, ահաւասիկ, քիչ մը ուշադիր աչք մը նետել Նարդունիի գրական վերոյիշեալ երկերուն՝ անդրադառնալու համար անմիջապէս, որ իր մատնանշուած կեցուածքներուն մէջէն կարմիր թելի պէս անցնող ու անոնց միութիւնը կազմող գիծը բացարձակ մերժումն է ներկային, այսինքն՝ ներկայ վայրին ու ներկայ ժամանակին: Հետագայ տողերը պիտի ձգտին պարզաբանել, երանգաւորել Նարդեան մերժումին մասնայատկութիւնը՝ յարաբերաբար, ըսենք, շուշանեանի մը, կամ Համաստեղի մը արդէն բացայայտուած մերժումներուն:
ԱՆՁԻ ԵՐԵՒՈՒԹԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՍԵՌԱՅԻՆ ԶՐԿԱԽՏԸ
«Մեղեդիներ»ու էջերուն, տեղ մը, Նարդունի շատ դասական ու հետեւաբար շատ խաբուսիկ ստորոգութիւններու մէջ կը ձուլէ իր ներաշխարհային զարգացման ուղեգիծը: Նախ մանուկ՝ Արմաշի երազաշխարհի ծոցին, ան—ըստ իր բնորոշումին—շատ արագ պիտի անցընէ զգայարանական գինովութեան փուլը, բանաստեղծութեան ու աննիւթական սէրերու հեւքէն հազիւ շոյուած, եւ յանգի՝ իր գոյութեան երրորդ ու վերջնական հանգրուանին՝ «վարդապետութիւն փիլիսոփայութեան եւ ախտաբանութեան» («վարդապետ» բառը հայերէն եզրը կամ տերմինն է՝ լատիներէն «տոքթոր»ին). դառնայ բժիշկ, հոգեբոյժ, «տերվիշ», եւ դիտէ, «մթութիւն հագած» իր մութ սենեակէն՝ «լոյսի առուակի մը մէջ բռնուած մարդիկը»: Նարդունիի գծած այս հոլովոյթը կը կրէ սակայն թերութիւն մը, կենսակա՛ն թերութիւն մը՝ իր իսկ աչքին…«մթութիւն հագած» ըլլալու թերութիւնը: Եւ հոգեբան, հմտաբան, իմացապաշտ ու սկեպտիկ Նարդունիի մը իրականութիւնը, վերոյիշեալ էջերուն վրայ անվիճելի թուացող, կաւէ արձանի պէս կը փշրուի սակայն՝ ոչ թէ խորաչափումի ճիգին դէմ, այլ՝ պարզապէս իրեն հակադրուող ուրի՛շ իրականութեամբ մը, որ մեզի կը յայտնաբերուի Նարդունիի՛ էջերուն իսկ մէջ, նո՛յն հատորին իսկ մաս կազմող: Երբ, օրինակ, վեցամեայ թոռան մը վերածուած, գրագէտը կու լայ, ողոքելով հոգին իր մեծ հօր. «Մենծ հայր, մենծ հայր, տես. թոռնիկդ հիմա քիլօ մը տանձով է մնացեր…»: Նոյնը, երբ, նո՛յն հատորին էջերուն, կը պատմէ մանուկի լացը՝ այս անգամ սէր փնտռող իր սիրտին. «...իմ երեսուն տարուան սիրտս կու լար, կու լար մանուկի մը պէս: Կու լար եւ կ’ուզէր դարձեալ բանաստեղծ դառնալ: Կու լար եւ իր սիրեկանին անունը կը կանչէր»: Միտք–Նարդունին թող ի կարգ հրաւիրէ զայն՝ որքան կ’ուզէ. «Դուն բժիշկ ես, դուն գիտութեան ու փիլիսոփայութեան մարդն ես, արու ու կորովի»: Անօգուտ. «արու ու կորովի» կարծուած սիրտը պիտի մնայ նոյն լացող, նոյն մանուկ սիրտը՝ գրագէտին իսկ բառերով հերքելով «գիտութեան ու փիլիսոփայութեան մարդ», «արու ու կորովի» մտքի մարդու մը գոյութիւնը, զայն զեղչել–վերածելով իր…առասպելի հանգամանքին:
Հակադրաբար շուշանեանի, շ. Նարդունի պաշտելի միամտութեամբ մը, բարեմտութեա՛մբ մը կ’ըսէ մեզի իր ցաւը, առանց զայն բառակոյտի մը տակ խեղդելու. ասիկա եթէ բացառենք քիչ առաջ մատնանշուած միտք—Նարդունի ի յորդորակները. եթէ բացառենք նաեւ հրապարակագիր—չեմ համարձակիր գաղափարախօս բառը գործածել—Նարդունին, որ՝ «ճանկերը լայն բացած»՝ պատրաստ է յարձակելու բանավիճող հակառակորդին վրայ, զայն «գզելու համար»: Եւ որուն քով գաղափարախօս շուշանեան մը ինքզինք պարտադրող պայծառ ներկայութիւն է անկասկած: Անձնական, ենթակայակա՛ն գրականութեան մակարդակին է, ըսենք կրկին, որ Նարդեան աշխարհը կ’երեւի մեզի բիւրեղային յստակութեամբ, մանուկի մը արցունքին պէս ջինջ, ըսէր հաւանաբար ինք: Եւ որբութեա՛ն ցաւն է Նարդունիի ցաւը, գլխագիր որբութեան, «չափահաս որբ»ին ցաւն է ան: որովհետեւ մեռա՛ծ է իր գիւղը, եւ ա՛լ գիւղ չունի ինք. չունի՛ տուն, չունի՛ հայր ու գերդաստան: չունի՛ Վայր: ունի միայն սուգը գիւղին, որբութիւնը իր անձին: Եւ իմաստէ զուրկ չէ պատմագրական այն փաստը, որ Նարդունի ակնառու դէմքն է հանդիսացած արեւմտեան Սփիւռքի որբաշխարհին, ոգին ու մղիչը չափահաս որբերու շարժումին:
Ուրիշ ի՞նչ երեւոյթներ կը պարզէ այս Նարդեան տարբերակը որբութեան, չափահաս, անբուժելի որբութեան: Ան, յամենայնդէպս, կ’արտայայտուի, առաջին իսկ ակնարկով՝ կրկին, սեռային լոյսի մը տակ: Այս կալուածի լուսաւորումը կրկին կու գայ մեզի նոյն «Մեղեդիներ»ու «Փառք Կեռասին» գրութենէն, որ իմաստային մեկնաբանութեան կարիքը չի զգացնե՛ր իսկ, այնքա՛ն բացայայտ է այլաբանութիւնը: Պատանի՝ հատուածին հերոսը կ’ապրի կեռասով խորհրդանշուող զգայարանական արբունքի վիճակը. իր սիրականին հետ կեռաս կը գողնայ. կեռաս կ’ուտեն, հակա ռակ «մեծ–մօր» արգելքին: Այս վերջինը պիտի հասնի յանկարծ, ու տեսնէ պատանին՝ աղջիկը գրկած–բարձրացուցած կեռաս քաղելու դիրքին մէջ: Վերջին հատուածը կարելի չէ տալ աւելի բացատրական ու թափանցիկ՝ քան Նարդունին ՝ ինքը. կը մէջբերեմ.
— Մե՛ղք է, պտղամո՛լ:
— Լաւ, եթէ թագաւոր եմ. ո՞վ կ’արգիլէ ինծի: Երբ կեռաս կ’ուզեմ, պէտք է որ ուտեմ: Ապա թէ ոչ թագաւոր չեմ ըլլար:
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Ափսո՜ս:
Հիմա մեծ–մօրս «մեղքին» արգելքը չէ որ զրկած է զիս կեռասէն:
Ես հիմա թագաւոր չեմ: Ես հիմա կեռաս չունիմ: իսկ նշանածս ալ մեռաւ. ու իմ շրթներուս մէջ
կորսուած է համը իր կեռասներուն:
Ու արիւն կու գայ աչքերէս, կեռասի այս տօներուն:
Կարելի չէ անզգայ մնալ ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան այս պատկերին առջեւ, սեռային զրկախտէն մինչեւ զգացական, մտաւոր–առանց խօսելու ֆիզիքականի մասին—հաշմումները գացող: Պէտք չէ սակայն մոռնալ Շուշանեանի առիթով կատարուած ա՛յն հաստատումը, թէ երէց սերունդի մօտ հաշմումի այս զգայնութիւնը մշակութային հոգեբանական պատուաստումով անցած է յաջորդ սերունդին: Եւ այս պատուաստումի «յաջողութիւնը» պարզապէս ախտաբանական վերապրում մը կը յայտնաբերէ, ու նոյնքան ախտաբանական հաճոյացումի մը ծնունդ կու տայ, երկրորդ նոյնիսկ երրորդ սերունդի մակարդակին…:
ՏՈՀՄԱՊՂԾՈՒՄԻ ԵՒ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՋԵՒ
Ա՞յս է սակայն միակ բացատրութիւնը զրկախտին, հողին կորուսո՞ւմը, Վայրին ջնջո՞ւմը միայն: Աքսորն ու օտարութի՞ւնը: Երթալէ առաջ աւելի խորը՝ հարկ է, ամէն պարագայի, հետազօտել այս տարաշխարհը: Հետազօտե՞լ. դիւրի՛ն է ըսելը: կարելի պիտի ըլլար, եթէ Նարդունի գրած ըլլար, ապրա՛ծ ըլլար Սփիւռքը: Բան մը, որ չէ ըրած ան: Եւ ըստ էութեան Սփիւռքը «ըսող» նարդեան էջերը այնքան հազուադէպ են, որքան… գիտակցութեան վայրկեանները շուշանեանի գրական ստեղծագործութեան մէջ, կամ՝ ցաւի ճիչը՝ արեւելեան աշխարհի որբաշխարհի «կրթուած», «փափկանկատ» ու սկաուտի կեղծ զուարթութիւն ցուցաբերող պատանիներու կոկորդին մէջ: Երբ ճառ չի խօսիր, Նարդունի կ’ընկղմի նախ–աղէտ–եան դրախտի հեշտանքներուն խորը: Երբ դուրս կու գայ անկէ, առանց բանասէրի ախորժներու վրայ արշաւելու, պահ մը կը տեսնենք զինք տ’Արքուրի սրճարանի ծուխերուն մէջ, եւ կ’ակնկալենք, կը խնդրե՛նք փարիզեան առօրեայի, ի վերջոյ ներկայի՛ ապրում մը. երեք տող՝ եւ Նարդունին արդէն ճախրելով հասած է Սիփանի փէշերուն (տեսած ըլլա՛ր գոնէ Սիփանը. Վանեցի՛ ըլլար գոնէ): «Մեղեդիներ»ուն մէջ, կրկին կը սկսի նկարագրութեանը փարիզցի բժիշկի մը սենեակին: Պուտ մը ներկա՞յ կ’ակնկալէք: Ափսո՜ս. ինտրայի հիանալի սենեակ–ներաշխարհը, ծանօթ իր այլուրութեամբ, չունի աներկբայ անվայրութիւնը Նարդունիի սենեակին, ուր կայ հօտը իր բոժոժներով, մեծ մայրը իր հարսնութեան շապիկով, հեթանոս տօներն ու կոյսերը օրացոյցին. բայց ո՛չ փարիզահայու սենեակը: ոչ՝ Սփիւռքը:
Նոյնը, ու աւելիով, օտարի հետ յարաբերութեան հարցին մէջ: ի յառաջագունէ, Նարդունիի մօտ նկատուած որոշ զգայարանականութիւն մը կրնար մեզ յուսադրել օտարի հետ կարելի յարաբերութեան մը հաշուին. բայց մինչեւ հիմա պարզուածը ատոր ի նպաստ չի խօսիր: Բաւական յստակ է, ընդհակառակն, վախը օտարին, տարբերին, տարաշխարհիկին: Առանց հասնելու, անշուշտ, շուշանեանի՛ մօտ ծանօթ տագնապանքը ստեղծող ծանրութեան, օտարն ու իր վախը երբե՛մն՝ կ’երեւին Նարդունիի աշխարհին մէջ: «Մեր գիւղին լճակը» հեքիաթը, սակայն, կը բաւէ մեզի ստուգելու ներկայութիւնը այդ վախին. ու պարզ կ’երեւի, որ ան ներմղուած է իր ստեղծած խուճապին իսկ պատճառով: Պատմութիւնը կը խօսի գիւղին ականակիտ ջուրերուն լիճին մասին, որ սակայն ապականած է ակնթարթի մը մէջ, «օտար աշխարհէ» վերադարձող գիւղի տղոցմէ մէկուն բերած ախտին ապականութեամբը: Պարզ է ու ցնցող՝ թելադրանքը հեքիաթին: Օտարը, մի՛ւսը, տարբե՛րը՝ կ’ապականեն:
Մէկ–երկու անդրադարձ ալ՝ ներկայ աղէտին: Լեզուն կորսնցնող, ինքնութիւնը կորսնցնող նոր սերունդի մը ներկայութիւնը կը հաստատուին Նարդունիի կողմէ, սակայն պատահաբար, ի մէջ այլոց:
Վախը, սակայն, օտարի՞ն վախն է միայն: կամ, ուրիշ խօսքով, օտարը միայն «ազգայի՞ն» իմաստով օտարն է, թէ ընդհանրապէս Օտարը, ուրիշը…: կը հակինք երկրորդ պատասխանին՝ աւելի: կամ, այլապէս, պէտք է ընդգծել, որ Նարդունիի մօտ գոյութիւն ունի նաեւ վախը՝ սեփականին, վախը ինքնութեան. սեռային իմաստով՝ վախը տոհմապղծումին՝ incesteին: Օտարը, ըսենք՝ Օտարուհին՝ չեն միայն վտանգի ու կորուսման վայրը: «Մեղեդիներ»ու երկրորդ իսկ հատուածը «Լճին ժամը» կը պատմէ ոճիրը հարուստ ա՛յն գիւղացիին, որ գեղեցիկ աղջիկը միակ յարմար հարսն էր նկատած իր կտրիճ տղուն, ու պսակած՝ քոյր ու եղբայր: Հարկ կա՞յ աւելցնելու, որ, ինչպէս տարաշխարհի ախտով լճի ապականման հեքիաթին մէջ, հոս եւս անէ՛ծք կը սպասէ գիւղին: Եւ եթէ Օտարի ախտը կը ցամքեցնէ գիւղին լիճը, տոհմապղծումի արարքը կը սրբուի միայն անիծեալներու կլանումովը, անհետացումովը՝ լիճի ընդերքներուն:
ՆԱՐԴԵԱՆ ԳՈՐԾԸ՝ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱԿԱՅԻՆ, ՄԱՀՈՒԱՆ
Կարելի է մանրամասնել, խորացնել հպանցիկ այս վերլուծական մատնանշումները: շատ հեռու պիտի տանէին անոնք վերլուծումն ու վերլուծողը: Այսքանը բաւ չէ՞ սակայն հաստատելու համար, որ տարաշխարհի Ախտին ու Սեփականի պղծումին զոյգ վախերը կը խեղդեն ներկայ անհատ դառնալու (այս բանաձեւի զոյգ իմաստներով) ամէն կարելիութիւն՝ նարդեան ներաշխարհին համար: Այսքանը բաւ չէ՞, նոյնպէս, հաստատելու համար որ բոլոր արտադրութիւնները Նարդեան այս ներաշխարհին՝ պիտի յատկանշուին իրենց յղացումովը՝ Աղէտին նախորդող աշխարհին, որ հեքիաթ է՝ անիրական, անչափահաս ու անսեռային: Նարդունիի գործը այս գինը պիտի վճարէ՝ իր վաւերականութիւնը վաստկելու համար. անվաւերական է իբր հեքիաթ, իբր հնագիտական առարկայ, իբր գեղօր (bibelot): իբր վկայութիւն՝ բացակայէն, անհատի նախապատմութենէն, նախ–աղէտէն: Ասկէ՝ իր դաշնութիւնը, կշռութային, փոխաբերային իր դասական բայց իրապէ՛ս գեղագիտական յատկանիշերը: Բաներ, որոնցմէ զուրկ է, տեսանք, շուշանեանի աշխարհը: Ասկէ՝ նաեւ՝ նարդեան աշխարհի թափանցիկութիւնը, ըսինք՝ միամտութի՛ւնը՝ իր ցաւը, իր վէրքը պոռացած պահերուն: Եւ ասիկա՝ դարձեալ հակադրաբար շուշանեանի մը: Բայց, ահաւասիկ, այդ ցաւն ու վէրքը բացակայութիւն մըն է, չգոյութիւնն է մարդուն՝ որ Նարդունիի բժշկագիտական դասագիրքերն իսկ «չափահաս անհատ» կը կոչեն: ու ցաւով ու խոր հասկացողութեամբ կը հաստատենք, վերջացնելու համար, որ Նարդունի անհատը չէ վերապրած, անդր–ապրած՝ իր գիւղին մահէն, իր նշանածին մահէն, Ապրիլ ամիսէն անդին: Կեռասի մահէն անդին: Եւ նարդեան գրականութիւնը էապէս՝ կեանքը ամէն գնով շարունակելու, երկարաձգելու, ապրելո՛ւ այս անկարելիութեան ողբերգական—սակայն նաեւ ախտաբանական—պատմութիւնն է միայն:
(Թիւ 11-12, 1987)