Հաճի Ապտուլլահ
Յակոբ Օշական

Խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան

Կողքի խորանկարը՝ Փօլ Կիրակոսեան, Կողքի ձեւաւորում՝ Յ. Քիւրքճեան
Հրատարակութիւն՝ Բագին Տպարան՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան Պէյրութ, 2024

Հաճի Ապտուլլահը, ի տարբերութիւն՝ Յ. Օշականի վաստակի մեծ մասին, կը պատկերէ բացառապէս թրքական պոլսամերձ գաւառներու կեանքը, թուրք կերպարներու յարաբերութիւններն ու ապրումները: Միացած մի քանի այլ գործերու, նաեւ Մնացորդացէն որոշ հատուածներու, անիկա կը կազմէ անկրկնելի վկայութիւն մը ԺԹ դարավերջին թուրք ընկերութեան եւ բարքերուն, որ վիպագիրը առիթ է ունեցած ճանչնալու խորապէս: