Շաւարշ Նարդունիի կենդանագիրը կազմելու համար, առաջին տպաւորու­թեամբ, ունինք կարիքը ընթացիկէն հեռացող գոյներու, երանգներու: «Փա­րիզի տղոց» (գործածելով յ. Օշականի բնորոշումը) խումբին մէջ, ան միւսներէն կը զատորոշուի իր գործին անմիջական, շեշտօրէն ենթակայական նկարագրով, անմիջապէս աչքի զարնող այլազանութեամբ մը, որ ոչ-խորաթա­փանց Կարդալ աւելին
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձ(առութիւն)ը առաջին հերթին կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի գրական ստեղծումին մէջ: Յօդուածներու եւ վերլուծումներու ժողովածու հատորդ կը հաստատէ սփիւռքցի գրագէտներու ծննդաբանութիւն մը, որ կը սկսի Ցեղասպանութենէն վերապրածներով, ինչպէս Համաստեղ (Մ.Ն.): Կարելի է յիշել նաեւ Վահան Թէքէեան Կարդալ աւելին
Տեղեակ էի, թէ Բագին պարբերականին առընթեր նախաձեռնութիւն մը կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Յ. Քիւրքճեանէ հատորի մը: Եւ անհամբեր կը սպասէի: Ահա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է հատորը՝ որպէս առաջին թիւը «Բագին մատենաշար»ի, Սոնիա Քիլէճեանի եւ Րաֆֆի Կարդալ աւելին
լեռ կամսար
Ամիսներ առաջ, Բագին արձագանգեց «Արաս»ի մէկ նոր հրատարակութեան՝ Լեռ Կամսար - Մարդը գործին մէջէն հատընտիր հատորին: Տպաւորիչ իր ծաւալով (մօտ 500 էջ), արտաքին ներկայացումով եւ Աքսորականի գաղտնի օրագիր ենթատիտղոսով, հատորը ճոխացուած է նաեւ «Յաւելուած»ով մը, ուր տեղ կը գրաւեն ուսումնասիրա-կան ծաւալուն ակնարկ մը եւ յարակից այլ նիւթեր: Հատորի ներածական էջը, խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեանի Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը - բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան:  Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
     Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք... Կարդալ աւելին
Զաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1945
Ծնունդ, Հայաշէն։ Հայրը Յակոբ,Կիւրինէն. մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագ-Շեհիրէն։

1948-1956
Ազգային Թորգոմեան վարժարան, մինչեւ չորրորդ կարգ։

1957-1964
Ն.Փ. Ճեմարան, մինչեւ պաքալորիայի Ա մաս։ «Կոյր Առաքելը» Առաջին շարադրութիւն մը «Կանթեղ»ի մէջ, 1961։ «Ջահակիր», ոտանաւորներ ու արձակներ, «Աքսոր»... Կարդալ աւելին