Յարութիւն Քիւրքճեան

ՅԱՂԱԳՍ ՊԻՊԵՌԵԱՆ ԶԱՒԷՆԻ

Զաւէն Պիպեռեանի, ինչպէս փաստօրէն գրական եւ կենսագրական նմանատիպ ուղեծիր ապրած շատ ուրիշ արժանաւոր գրագէտներու պարագային, ընդունուած կարգ է առաջնահերթաբար նշել անտեսումի, ճանաչման զլացումի երեւոյթը – բնորոշ գիծ՝ մեր ազգա-մշակութային իրականութեան:  Եւ, հաւանօրէն, այդպիսի ընդգծում արդարացի է մասամբ:
     Բայց ես պիտի նախընտրեմ տուրք չտալ այդպիսի կանոնակարգի…: Ինչպէս կը հաւատամ, եւ պիտի փորձեմ հաստատել աւելի վար, անտեսման նման շեշտադրում՝ ձեւով մը՝ «պաշտպանական» իր միտումի կողքին -ու հակառակ անոր- այլապէ՛ս կը կայացնէ անարդարութիւն տուեալ վաստակաւորներու հանդէպ: Չհաշուած դեռ անհրաժեշտութիւնը՝ քննարկելու, վիճարկելու՝ ինչ որ կը կոչենք անտեսում կամ ոչ-ճանաչում, պարագայ առ պարագայ:
     Ուրեմն, առժամաբար շրջանցելով նշուած հարցը՝ իր հարցադրումով հանդերձ, կ’ուզեմ հոս սկսիլ թարմ տպաւորութիւններու փոխանցումով՝ պատմուածագիր Պիպեռեանի մասին, մեկնած՝ իր Ծովը ժողովածուի ընթերցումէն, որուն առաջին՝ 1961-ի տպագրութենէն հազուագիւտ օրինակ մը պոլսահայ գրական-մշակութային գործիչ Սեւան Տէյիրմէնճեանը տրամադրեց ինծի. բարեկամական շնորհ, որուն իմաստն ու արժէքը կարելի չէ չգնահատել:
     Ժողովածուի պատմուածքներէն միայն երկուքին ծանօթ էի զանազան ծաղկաքաղներէ եւ առանց այլեւայլի ըսեմ, որ անիկա յայտնութիւն մը եղաւ իբրեւ ամբողջութիւն, փոխնիփոխ թարմութեան եւ տռամային-ողբերգական ներուժով յագեցած՝ իր գրեթէ բոլոր էջերով: Հանդէս մը ամբողջ՝ յոյզերու, մեծ ու մանր կիրքերու, տեղ-տեղ՝ խոր զգայնութեան, տրուած տարապայման խտութեամբ եւ թելադրականութեամբ՝ սահմանափակ ծաւալի մէջ, լեզուա-ոճային պրկութեամբ, տպաւորիչ տիրականութեամբ:
     Ըստ տրամադրելի սահմանափակ կենսագրական տուեալներու, Պիպեռեան պատմուածքներ սկսած է գրել շատ կանուխ: Անոնցմէ տասներկուքը միայն ընտրուած են՝ Ծովը ժողովածուին համար, հրատարակուած՝ Կեդրոնական Սանուց միութեան մատենաշարով: Հատորի վերջին էջերուն՝ կը նշուի, որ Ծովը անոր թիւ 2-ն է, թիւ 1-էն՝ Զահրատի Մեծ քաղաքը գործէն ետք: Կը ճշդուի նաեւ, որ հատորի կողքը, ծով եւ ալիքներ թելադրող կապտորակ խորք մը, գործն է իր՝ Պիպեռեանին (գրականութեան եւ լրագրութեան կողքին, ան փորձեր է նաեւ գեղանկարչութիւն): Կտորներու ընտրութիւնը յայտնօրէն կատարած է ինք՝ Պիպեռեան, որ՝ այդ մասին գրելով նամակի մը մէջ[1]Գրուած՝ Հրանդ Բալուեանին, 12 Դեկտ.1962 թուակիր: Կը հաղորդէ կենսագրական թանկագին տուեալներ: Տե՛ս Մրջիւններու … Continue reading՝ զանոնք կը բնորոշէ իբրեւ իր «գլխաւոր պատմուածքները»: Անոնք գրուած են 1946-ի եւ 1961-ի միջեւ, ուրեմն տասնհինգամեակի մը վրայ, որ կը համապատասխանէ գրագէտի կեանքին ամենագործօն տարիներուն, ամենէն աւելի լեցուն «թոհուբոհով» (բառը իրն է, նոյն նամակէն, բայց որ գրական գործունէութեան կը վերաբերի… միայն ի մէջ այլոց):
     Կ’արժէ հոս նշել, որ մեծ մասամբ 50-ականներուն եւ 60-ականներու մուտքին գրուած այս էջերուն կողքին, գրականութեան տրամադրած իր քիչ ժամանակին մէջ, Պիպեռեան տուեալ միջոցին՝ 1960-ի շուրջերը, հասած է նաեւ գրելու, կամ գոնէ ամբողջացնելու-հրատարակելու, իր՝ միջին ծաւալի երկու առաջին՝ Անկուտի սիրահարները եւ Լկրտածը վէպերը: Պատմուածքներու ժողովածուն, լոյս ընծայման ժամանակագրական կարգով, կը տեղադրուի այս երկուքին միջեւ:
     Անմիջապէս կ’ուզեմ հաստատել, որ Ծովը ժողովածուի Պիպեռեանը, իբրեւ հեղինակային դիմագծում, բաւական տարբեր կը ներկայանայ առաջին վէպերու, եւ աւելի՛ եւս վերջին՝ Մրջիւններու վերջալոյսը մեծ վէպի Պիպեռեանէն: Այս մէկը, արդէն տասնամեակ մը հեռաւորութեամբ հետեւող, իր գրողական թէ աշխարհայեցային տարբերութիւնները կրնայ մասամբ պարտիլ 60-ական տասնամեակին ապրուած կենսային որոշ հոլովոյթի: Բայց առաջիններու պարագային, հեղինակային դիմագծումի տարբերութեան երեւոյթը դիւրին բացատրելի չէ՝ նկատի առած երկու վէպերու եւ պատմուածքներու (ասոնց մեծ մասի) ժամանակակցութեան հանգամանքը:

«Պատմուածներու Պիպեռեանի»
մասնայատկութիւնը, նաեւ գլխաւոր
շահեկանութիւնը, ըստ իս՝ կը
կայանան Ծովը շարքի պատկերած
ներքին այլազանութեան մէջ

     «Պատմուածքներու Պիպեռեանի» մասնայատկութիւնը, նաեւ գլխաւոր շահեկանութիւնը, ըստ իս՝ կը կայանան Ծովը շարքի պատկերած ներքին այլազանութեան մէջ: Անոնք մեզի կը բերեն հեղինակ մը՝ աւելի բազմակողմանի, բազմադիմի, աւելի՛ հարուստ ու երանգաւոր զգայնութեամբ, կրնամ ըսել, քան վէպերը:
     Այլազանութիւնը նախ՝ կ’ընդգրկէ նիւթի «մարզերու» հարցը, ըսել կ’ուզեմ՝ թեմաթիկան: Հոն իրար կը խաչաձեւեն, կը հանդիպին երեք-չորս գլխաւոր ոլորտներ.-
ա- պատկերում ընկերային շատ խոնարհ, թշուառ խաւերու («Պուրունսուզ Քատրիէն», «Ժիւլիէթին հինգնոցը»).
բ- առօրեայ յոյզեր, տագնապներ («Գանձը», «Պապային տղան», «Երբ սրտերը կը լուացուին», «Անոնք որ վերադարձան»).
գ- ձգտումներ, ողբերգական բախումներ («Զիկանան թող խելօք կենայ», «Վահրիճ», «Ծովը»).
դ- թարմութիւն եւ երազ («Անիշխանական չէ եղեր», «Կանաչ փեղկերով ճերմակ տունը», «Գարնանային»):

     Առաջին այս այլազանութեան՝ կու գայ պատուաստուիլ ազգա-աշխարհագրական ու մարդկային միջավայրերու, նաեւ գործողութեան թատերաբեմերու այլազանութիւն մը: Մեծաթիւ հայազգի կերպարներու կողքին, հոն կը տողանցեն թիւ մը սլաւ-պալքան, յոյն, թուրք, լեռնցի (քիւրտ, լազ կամ այլ) կերպարներ: Գործողութիւններու վայրերը մեծ մասամբ կը տեղադրուին Թուրքիա, յաճախ՝ Պոլիս, բայց երբեմն եւ գաւառ: Իսկ երկու պատմուածք՝ իբրեւ թատերաբեմ ունին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը…
     Կերպարները այլազան են նաեւ, ըստ ընկերային վիճակի, ապա եւ, ըստ կենսա-հոգեկան լիցքի. անոնք կը ներկայանան իբրեւ անդամներ ամենաբազմապիսի կերպարաշարի մը, ցուցահանդէսի մը – ուրախ կամ տխուր, երազող կամ հիասթափ, պայքարող կամ համակերպ: Անցողակի կ’արժէ նշել միայն, որ թարմ ու եռանդուն հոգեվիճակներու կրող կերպարները… հայ չեն, ինչպէս հայկական չեն թեթեւ, զուարթ տրամադրութիւններ ու մթնոլորտ հանդիսադրող միջավայրերը (իմաստալի՜ զատորոշում, նոյնիսկ հեղինակին կողմէ թերեւս անգիտակցաբար կիրարկուած…): Տակաւին՝ այլազան այս կերպարները չեն պատկանիր երկու գլխաւոր (ու հակադիր) տեսակներու, ինչպէս վերջին վէպի պարագային:
     Պիպեռեանի գրականութեան ոչ-բազմաթիւ յաճախողները իրաւացիօրէն խօսած են իր վէպերո՛ւ ետին կանգնած վաւերական գրագէտի մը մասին: Բայց պատմուածքներու այս հատորը եւս, կը հաւատամ, մեզի կը բերէ նոյնքան շեշտակի, այլ՝ անփոխարինելի՛ վկայութիւն մը –  ճի՛շդ այս այլազանութեան անկիւնէն դիտած, ու հակառակ վտիտ ծաւալի մը: Անիկա կրնանք ներկայացուցչական նկատել, երաշխաւորուած՝ հեղինակին իսկ կողմէ կազմուած ըլլալու փաստով, եւ իր կողմէ գործածուած, արդէն նշեցի, «գլխաւոր պատմուածքներ» բնորոշումով. ուրեմն եւ կրնանք շրջանցել բացակայ պատմուածքներու պարագան, որոնք -այլ հարց- մամուլի մէջ ցրուած՝ դիւրաւ գտանելի ալ չեն…
     Հոս կ’արժէ պահ մը կանգ առնել գործածուած վաւերական գրագէտ բնորոշումին վրայ, որ -կը շեշտեմ-  իմս չէ միայն: Կանգ առնել, որովհետեւ հաստատումը կրնար հնչել իբրեւ յարակարծիք (փարատոքս), երբ աչքի առաջ կը բերենք գրագէտը՝ իր կեանքով ու նկարագրային մասնայատկութիւններով:

Պիպեռեանի մարդը «ներքին»
մարդն է, իր ոլորտը՝ մարդու
հոգեբանական ոլորտն է։

     Մէկ կողմէ, գործ ունինք անհաւատալի ուժականութենէ մղուած նկարագրային գեր-գործունեայի մը հետ. ծայրայեղ դիրքերու վրայ կանգնած գործօն կուսակցական, որ նոյնիսկ, երկրի տուեալ պայմաններուն մէջ, բռնադատուած է եղած կիսա-դաւադրական, երբեմն եւ ուղղակի ընդյատակեայ վարքի  ու կեանքի: Ապա՝ քաղաքական գործիչ, որոշ պահերու նոյնիսկ ատակ՝ պատասխանատու կառավարչական բեռի տակ մտնելու (Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդի փոխնախագահութիւն…): Հրապարակախօս՝ մարտունակ մամուլի մէջ յանդուգն յօդուածներով, երբեմն եւ թերթ հրատարակելու լուծին տակ մտած՝ հակառակ միջոցներու եւ տարրական ազատութիւններու բացակայութեան…: Ապա եւ՝ պարբերական յաճախորդ բանտի ու աքսորի…:
     Կ՛երեւի արդէն, հեռու չենք հարկադրանքէն՝ դիմագծելու «անբուժելի» դժգոհ, մնայուն ըմբոստ կերպար մը, որ -ի դէպ- երեք-չորս տարի Լիբանան ապաստանած՝ հոն եւս առիթ կը գտնէ խարանելու վարչակարգի գործադրած ճնշումները, պատմուածքի մը հեւքոտ ընթացքին մէջ՝ տողատակի: Դեռ չհաշուած դառն ու պատրանաթափ իր հաշուեփակը՝ լիբանահայութենէն իր փորձառութեան, այսինքն գաղութի (վերջին հաշուով իրեն գաղափարակից) թերթերու խմբագրական կարճատեւ գործակցութեան, որմէ՝ կը թուի նախընտրած ըլլալ շինարարական վերակացութեան, գրաշարութեան եւն. ապրուստի ճամբաներ, նախքան տունդարձը՝ իբրեւ «[Սփիւռքի կողմէ] բաւական շահագործուած իսթանպուլցի» (միշտ՝ նշուած նամակէն…): 
     Նկարագրային-յարաբերական առումով այսպիսի անհաղորդ, դժուար անձի մը ճակտին դրոշմուած, միւս կողմէ, կրցանք վերծանել մտաւորականի, վաւերական գրագէտ-արուեստագէտի կնիքը: Մանուկ-պատանի տարիքէն արդէն հեղինակ՝ վէպերու, որոնք՝ իր իսկ վկայութեամբ -անյաւակնոտ ու հեգնոտ վկայութիւն- «արժանի էին զամբիւղի». բայց որոնց գոյութիւնն իսկ՝ կը խօսի ի ծնէ գրագէտի մը մասին…: Եթէ ան, կեանքին ու գործին հաշուեկշիռ մը փորձած պահուն, «կը զղջա[յ] հայերէնի սկսելու[ն (ակնարկելով բաւական ուշ տարիքի գրական հայերէն սորվելու եւ հայ գրականութեան յարելու փաստին), ընդհանրապէս գրելու իր մոլութեան, մոլուցքի՛ հաշուին չէ՛ որ ափսոսանք ունի…:
     Երկրորդ աստիճանի յարակարծիք մըն ալ՝ կենսային գործունէութեան այս զոյգ մարզերը՝ ընկերա-քաղաքականն ու գրական-գեղարուեստականը, իրարմէ յաջողապէս անջատելու շնորհն է, խուսափումը առաջինի ներխուժումէն՝ երկրորդի ոլորտին մէջ. պահպանումը՝ գրական ստեղծագործութեան անհրաժեշտ ինքնօրինութեան, զտութեան (Այսքանը միայն՝ հոս, մնացեալին համար ապաւինելով ընթերցողի ընկալման, եւ խուսափելով գրականութեան յանձնառու եւ ոչ-յանձնառու յատկանիշներու մասին տաղտկալի վիճարկումէ…):
     Գրական-գեղարուեստականի զտութեան, ինքնօրինութեան փայլուն օրինակներ են՝ պատմուածքներէն անոնք, ուր «խառնուրդի փորձութիւնը» կը հսկէր դարանակալ: Տիպար-պարագայ է «Վահրիճ»ը, ուր՝ գեղարուեստական շնորհով եւ խորքային մակաբոյծ պատգամներէ հեռու՝ կը պատկերուի պատրանաթափ, բայց  իր կաշկանդեալ ձգտումներուն մէջ դեռ տուայտող գաղափարա-քաղաքական կերպարը:

Ինչպէս միշտ՝ Պիպեռեանի մօտ,
հոգեբանութիւնը թելադրուած է
անուղղակի, զուսպ պատումի,
միջ-անհատական կացութիւներու,
դիմառդիմաւթիւններու ներկայացման
ու երկխօասթիւններու
վերարտադրման մէջէն։

     Նշուած յաջողութիւնը, պարզ է, կը բացատրուի Պիպեռեանի մօտ առկայութեամբը նոյնքան վաւերական գրագէտի մը, որքան՝ մարտունակ գաղափարական գործիչի: Կը կայանայ փաստին մէջ, շատ ճիշդ բնորոշուած՝ զգօն վերլուծողի մը կողմէ ու անոր բառերով, որ Պիպեռեանի մարդը «ներքին» մարդն է[2]Բնորոշումները՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանէն, նշուած երկը, «Յառաջաբան»:, իր ոլորտը՝ մարդու հոգեբանական ոլորտն է: Որ կը հիմնէ արդէն Պիպեռեանի մնայուն արժէքը, մնայուն այժմէութիւնը – ներքի՛ն մարդը, իրականի մնայո՛ւն խաւը, ի հակադրում տուեալ պահու մը, տուեալ վայրի մը մարդերէ վկայող ժամանցելի վկայութիւններու…
     Եւ հոս անշուշտ, ինչպէս միշտ՝ Պիպեռեանի մօտ, հոգեբանութիւնը թելադրուած է անուղղակի, զուսպ պատումի, միջ-անհատական կացութիւններու, դիմառդիմութիւններու ներկայացման ու երկխօսութիւններու վերարտադրման մէջէն: Կերպարները բերուած են մեր առջեւ. կը դիտենք զանոնք՝ առանց «պատմող» հեղինակի օգնութեան, բեմադրական անմիջականութեամբ: Աւելին՝ հոս նաեւ պատումային սարքը պարզ է, անմիջական: Չկան պատումի առանձնաշնորհեալ անկիւններ, «դիտանկիւն-կերպարներ», ինչպէս այլուր՝ Պիպեռեանի մօտ[3]Պատումային սարքին մասին վերլուծական շահեկան նշումներու համար (յատկապէս՝ դիտուող եւ դիտող-անդիտելի … Continue reading: Անմիջականութիւնը երբեմն կը դառնայ մարդոց կեանքի որոշ մտերիմ երեսները պատկերելու «հում» անմիջականութիւն, բայց ատիկա չ՛առներ երբեք ինքնանպատակ գրգռութեան ձեւ. նաեւ այս մարզին մէջ բնորոշ գիծ է Պիպեռեանական «զսպութիւնը»… Զսպութիւն, որ՝ առանց շփոթուելու անտեղի ամօթխածութեան հետ՝ չի ալ խուսափիր այդ «հում» պատկերումներէն: Ասոր մէկ կողմնակի, բայց շատ ուշագրաւ արդիւնքն ալ այն՝որ լիբանանեան իր կարճատեւ  կեցութենէն արձագանգ բերող երկու պատմուածքներով՝ Պիպեռեան կը յաջողի աւելի վառ պատկերել պէյրութեան որոշ իրականութիւններ, քան իրեն ժամանակակից լիբանահայ արձակագիրները[4]Փաստ՝ որ իրաւացիօրէն կը շեշտէր Ս. Տէյիրմէնճեան, 2015ի Հոկտեմբեր 11ին, Պէյրութ,  ժամանակակից սփիւռքահայ … Continue reading…:
     Ուրեմն ասոնք՝ Պիպեռեանական պատմուածքի յատկանիշները.- Պատումի ուրոյն թեքնիք՝ պրկութեամբ, երկխօսութիւններու բնականութեամբ եւ դիպուկութեամբ, կերպարներու վարմունքի ու կացութիւններու նկարման կենդանութեամբ, ուրկէ եւ՝ անկրկնելի բեմականութիւն մը, թատերականութիւն մը…

Պիպեռեանական պատմուածքի
յատկանիշները.- Պատումի ուրոյն
թեքնիք՝ պրկութեամբ,
երկխօսութիւններաւ բնականութեամբ
եւ դիպուկութեամբ, կերպարներու
վարմունքի ու կացութիւններու
նկարման կենդանութեամբ, ուրկէ եւ՝
անկրկնելի բեմականութիւն մը,
թատերականութիւն մը…

     Հոգեբանական ոլորտի բնորոշումս կը կարօտի յաւելեալ ճշգրտումի: Պատմուածքները առհասարակ կը զարգանան, «կը բանին» հոգեբանութեան որոշ մէկ մակարդակին վրայ, ըսենք՝ բնականոնի մակարդակին: Խօսելով ոչ-բնականոն ներաշխարհային տարրերու մասին, տեղ-տեղ կը նշմարուին «հոգետռամ-կացութիւններ» (այս բառը հոս եւ աւելի վար գործածուած՝ ախտաբանական՝ psychodram-ի առումով): Բայց անոնք պատահական են, կը մնան լուսանցային: Մանաւանդ՝ դեռ հեռու են հոգե-ախտաբանական ընդհանրացումի այն տեսիլքէն, որուն ոլորտն են վէպերը, յատկապէս՝ վերջինը:
     Հոս՝ փակագիծ մը անհրաժեշտ կը թուի՝ վէպերուն, եւ յատկապէս Մրջիւններու վերջալոյսը մեծ վէպին մասին, լուսաբանելու համար վերի՝ վերջին զանազանումս, նաեւ կանխաւ հասկնալի ընծայելու՝ հետեւելիքներէն մի քանին:
     Վերջին իր վէպով, Պիպեռեան կեդրոնացած է հոգեբանական ոլորտի մասնայատուկ այս մարզին՝ հոգե-ախտաբանականին վրայ –  քիչ մը անտեսուած փաստ՝ ասիկա: Պարզ է, երբ վէպ մը իր 500-ը անցնող էջերով  անվերջանալի շարք մըն է հոգետռամներու. երբ կերպարներու մէջ կը տողանցեն վիճակներ՝ անբացատրելի, անհեթեթ, ջղագար, շատ աւելի՝ քան բնականոններ, կամ նոյնքան ախտաբանական լռութիւններ, որոնք այլապէ՛ս շրջօնքն են ներմղուած վախերու, հոգեխոցերու. եւ երբ այս բոլորը իբրեւ այդպիսի՛ն կը թելադրուին մեզի ամբողջ գործի երկայնքին՝ հեղինակային տողատակի «ընթերցում»ով,- կարելի չէ տարբեր բնորոշել այդ գործը՝ էական իր յայտագիրով, քան իբր հսկայ որմնանկար մը՝ հիւանդ, որովհետեւ ճնշուած, իր գոյութեան մէջ վտանգուած հաւաքականութեան մը: Դեռ չհաշուած՝  ախտաճանաչական բացայայտ, խտացեալ բանաձեւումները, որոնք մեկնաբանութեան կարիքն ալ չեն ձգեր. Պիպեռեան իր կերպարներու բերնով չի՞ խօսիր արդէն ուղղակի՝ «աղէտի սպասումի», «հաւաքական մազոշիզմի» մասին:

     Եթէ հոգե-ընկերաբանական սովորական սեւեռումներէ անդին, վիպագիրը առաջնահերթաբար կը միտի վտանգուած, բարդութահար համայնքներու հաւաքական անգիտակիցին, անոր հակազդեցութիւններու վերլուծումին, – նովին բանիւ ան կը զանցէ նաեւ  բարացուցական-բարոյական հետազօտութեան ոլորտը: Ատոր համար է, որ իր մօտ կը հանդիպինք ո՛չ ընկերա-դասակարգային, ո՛չ ալ բարոյական ընդհանրացումներու: Կը բաւէ մտովի արագ համեմատութիւն մը ընել երեք-քառորդ դարով նոյն ճամբաներուն վրայ զինք նախորդած «Արեւելք»-ի, «Մասիս»ի սերունդին հետ՝ անդրադառնալու համար այս հեռաւորութեան:

     Անշուշտ, ճիշդ չէ բացարձակօրէն անջատել «ներքին» մարդն ու «արտաքին»  մարդը, կամ՝անհատականն ու հաւաքականը: Գ. Զօհրապ եւս, իր պատմուածքներուն մէջ նոյնքան, թերեւս եւ աւելի յաճախ, հոգեբան է: Բայց  ան հազուադէպօրէն կը յղուի զարտուղի հոգեվիճակներու: «Անդրշիրիմի սէր», «Լուսահոգին» հազուագիւտ պարագաներ են, ուր կը հպանցուին ոչ-բնական, մասամբ եւ հոգե-ախտաբանական վիճակներ: Նոյնը՝ ուրիշ   իրապաշտի մը՝ Երուխանի պարագային. եթէ «Ամիրային աղջիկը» երբեմն կը մօտենայ նկարագրային ախտագին վիճակներու սեւեռումին, անիկա կը մնայ առհասարակ անհատական եւ միջ-անհատական վերաբերումներու վրայ: Զ. Պիպեռեանի վէպին մէջ, ախտաբանականի սեւեռումը համակարգային է, ուղղակի՛ մօտեցման հիմ ու սկզբունք…

     Ուրեմն Պիպեռեանը կարելի չէ բնորոշել իբրեւ ընկերա-բարոյական սեւեռումներու գրագէտ, նոյնիսկ ոչ՝ իբրեւ հակա-բարոյախօս, ժիտեան կամ նմանօրինակ այլ իմաստներով: Կամ պիտի այդպիսին նկատուի՝ միայն երկրորդաբար: Ընկերա-տնտեսական թեմաներ՝ միջ-անհատական յարաբերութիւններու, ապրուստի-վաստակի առնչուող նիւթեր, այս բոլորը, իբր հանդիպման առանձնաշնորհեալ կէտ ունենալով ընտանիքը, կու գա՛ն Պիպեռեանի դիտակին տակ. բայց՝ առաւելաբար նիւթ հայթայթելու համար զանոնք ենթալարող ախտաբանական կացութիւններու սեւեռումին:

     Ասիկա նաեւ կը բացատրէ վէպին կերպարներուն հանդէպ Պիպեռեանի անկողմնակալ կեցուածքը, որ երբեմն աննկատ կ’անցնենք, փորձուելով հոն տեսնել, օրինակ, հակադրում մը ընթացիկ բարոյականութեան կեղծաւոր հետեւորդներու եւ զանոնք զանցողներու: Պիպեռեանի կերպարներու պատկերաշարը շատ աւելի բարդ կ’երեւի ինծի: Եթէ ուշադիր ըլլանք, գլխաւոր կերպար Պարէտի հանդէպ կրնանք վերծանել բաւական խիստ ենթատեքստ մը. կը բաւէ ընել անոր արարքներուն հաշուեկշիռը, որպէսզի գտնուինք ուրի՛շ մազոխականի մը, անկամութեան, պատասխանատւութիւններէ խուսափման ախոյեանի մը առջեւ, հոգ չէ թէ «մրջիւններուն» հակադրուող…: «Զոհ»-ի մը՝ որ քանիցս նաեւ դահիճ կը դառնայ իր կարգին. որ՝ բացի սիրային կապի մը խզումով պատճառած մահէն՝ նաեւ կը լքէ զինք սիրող հայր ու հօրեղբայր՝ հաւանօրէն նոյնքան ճակատագրական հետեւանքներով: Հեռու Անատոլին ալ, իր պատկերացումով իբր թէ յարաբերական պարզութեան, մաքրութեան վայր՝ կը կայացնէ ուրիշ պատրանք – նոյնպէս առիթ՝փախուստի…: Մարդկային դրական տիպար հայրը՝ Տիրանը, անցեալին գործօն էր, բայց այժմ ջլատուած: Դրական տիպար նաեւ՝ Տրդատ հօրեղբայրը. բայց զայն եւս կը տեսնենք դատապարտուած (կը յիշենք իր ահաւոր վախճանը, որ կը պատկերուի անհեթեթ պատիժի մը պէս): Ուրեմն վերջալոյս, այո՛, բայց որ միայն մրջիւն-ախտահարեալներունը չէ, համընդհանուր վերջալոյս է, բոլո՛ր ախտահարեալներունը…:
     Վերադառնալով պատմուածքներուն, ուրեմն, կարծեմ բաւական կը տեսնենք անոնց մասնայատկութիւնը, որ բնորոշեցի նկարումի կենդանութեամբ ու թատերականութեամբ, գրողական յղացքի համեմատական պարզութեամբ, ապա եւ ներքին այլազանութեամբ, իրենց ցուցահանած հեղինակային խառնուածքի բազմակողմանիութեամբ:
     Հարստութիւն, որ՝ անկասկած այլապէս ներկայ է վէպերուն մէջ, բայց որ յաւելեալ զտութեամբ, յստակութեամբ կը ներկայանայ հոս, մեկնարկի այս էջերուն՝ գրագէտին թռիչքի սկզբնական հարթակին վրայ:

*  *  *

     Հիմա՝ կարելի է անդրադառնալ անտեսումի երեւոյթին, որ սկիզբը շրջանցեցի: Անդրադառնալ Զաւէն Պիպեռեանի առթիւ, բայց եւ՝ ընդհանրապէս:
     Նախ՝ մեր առջեւ ունինք հրատարակուած գործեր, եւ տուեալներ՝ անոնց մասին: Ներկայ հատորը՝ Ծովը, Կեդրոնական Սանուցի հրատարակութիւն է՝ 1000 օրինակով, կատարուած հեղինակին գործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ: Վէպերէն մէկը՝ կը պատկանի «Թօ» մատենաշարին, միւսը՝ կը թուի ինքնահրատարակութիւն ըլլալ: Իսկ Մրջիւններու վերջալոյսը, իբրեւ թերթօն «Ժամանակ»ի մէջ երեւելէ ետք, լոյս տեսած է 1985ին՝ Պիպեռեանի մահէն տարի մը ետք, արժանանալով «Էլիզ Գաւուքճեան» գրական մրցանակին:
     Գոնէ գործերու հրատարակման պայմանները նկատի առած, եւ պոլսահայ մշակութային կեանքի ծիրին մէջ, դժուար է խօսիլ անտեսումի մասին: Եթէ հիւրընկալ մատենաշարներէն մէկը՝ «Թօ»-ն՝ լուսանցային-արմատական նկատենք, միւսը կ’առնչուի համայնքային վաստակաւոր հիմնարկութեան մը՝ Կեդրոնական վարժարանի շրջանակին: Իսկ համայնքի ոչ-առողջ խորքերը պեղող, ընկերա-քաղաքական որոշ անհանգստութիւն զգացնող գործի մը՝ «Ժամանակ»ի մէջ իբրեւ թերթօն հրատարակումը, եթէ մասամբ կը բացատրուի թերթին հետ իր անձնական կապերով ու գործակցութեամբ, չի դադրիր ըլլալէ հիւրընկալման փաստ մը:
     Ապա՛. 1985-ի մրցանակը եւ շնորհահանդէսի գրական  ձեռնարկը, ուր Զ. Պիպեռեան կը պատւուի Ե. Կոպէլեանի եւ Զ. Խրախունիի կողքին, անշուշտ տխուր՝ իր տարուան մը յապաղումով, չի դադրիր յարգանքի տուրք ու ճանաչում ըլլալէ, երբ դեռ թարմ է բազմաչարչար գրական գործիչի մահուան սուգը…
     Նոյնքան քիչ նշանակալի է Պիպեռեանի՝ Սփիւռքի մէջ եւս քիչ ծանօթ ըլլալու փաստը: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ նախորդ դարու կէսերուն, ու կէսերէն ետք ալ, շփումները բնաւ նոյնը չէին վայրէ վայր, ու մանաւանդ՝ Պոլսոյ հետ: Նոյնը չէին ո՛չ ներհայկական քաղաքական մթնոլորտը, ո՛չ տեղական պայմանները շատ տեղեր. ոչ ալ, ի հարկէ, հաղորդակցամիջոցները: Հազիւ 70-ականներէն ետք է, որ այդ շփումները ջերմացան, նաեւ արհեստագիտականօրէն կենդանացան, մինչեւ հասան դարավերջի եւ ներկայ դարասկիզբի վիճակին:
     Պիպեռեան իր ողջուցը, նաեւ յետ մահու՝ կրնայ նուազ յիշուած-յիշատակուած ըլլալ, քան ուրիշ, սերնդակից գրագէտներ: Բայց աւելին-նուազը չափելի՞ են հոս, եւ ինչո՞վ ու ինչպէ՞ս…: Ապա՝ բացառութի՞ւն է Պիպեռեան…: Իր պարագան ինչո՞վ կը տարբերի շա՜տ ուրիշ սփիւռքահայ գրագէտներու պարագայէն, գրեթէ անոնց բոլորի: Չհաշուած այն քիչերուն, որոնք եղած են սերտօրէն կապուած բեմի մը, կամ կողմի մը, միջոցներու տէր կառոյցի մը: Եւ վայր ու առիթ են ունեցած լսուելու, կարդացուելու, հրատարակուելու – յաճախ եւ վաստակի որակին խոտոր համեմատող չափերով: Ասիկա՝ ե՛ւ ներ-սփիւռքեան ճակատի վրայ, ե՛ւ Սփիւռք-Հայաստան երկճակատ ճամբարին համար[5]Այս մասին՝ կ’արժէ յիշատակել Մարկ Նշանեանի խորապէս ապրուած վկայութիւնը, ոգեկոչող՝ Զ. Պիպեռեանի գործին հետ իր … Continue reading:
     Շարք մը առարկայական պայմաններ դեր խաղացած են անշուշտ համեմատական անճանաչութեան մը փաստին մէջ – նաե՛ւ Պիպեռեանի պարագային[6]Խղճմտօրէն մատնանշուած եւ իրենց հաւանական հետեւանքներով գնահատուած՝  Ս. Տէյիրմէնճեանի կողմէ, սկիզբը նշուած … Continue reading: Խօսուած է հետեւող ժամանակամիջոցի քաղաքական հեղձումի մթնոլորտի մասին, ժամանցուած հրատարակումներու մասին: Ու պէտք չէ մոռնալ, մանաւանդ, այս բոլորի կողքին՝ մէկ գործօն եւս.- Պիպեռեանի գրականութեան առաջին անտեսողը՝ նոյնինքն… Պիպեռեանը: Յարակարծային մարդ, վաւերական գրագէտ, ի ծնէ՛ գրագէտ՝ ինչպէս կարելի գտայ բնորոշել աւելի վեր,- բայց միանգամայն գեր-գործունեայ մարդու նկարագրով օժտուա՞ծ, թէ՞ պատժուած…, վաւերական գրագէտի իր երակը հարկադրաբար մղած է երկրորդ մակարդակի…: Ինքն է յայտարարողը, ամենայն պարկեշտութեամբ. «Գրական արտադրութիւնս շատ ճղճիմ մնացած էՔաղաքական ու լրագրական պայքարներու մէջ, ատենը պակսած է գրական ստեղծագործութեան համար»: Բարեբախտաբար, այս յայտարարութենէն տասնամեակ մը ետք՝ կարելի դարձած է Մրջիւններու վերջալոյսը. բայց հոս սահմանուածը ամբողջ կեանքի մը ոճն է[7]Զ. Պիպեռեանի կեանքին ու վարքին շուրջ, 1950-60-ական տարիներուն համար, թանկագին (որովհետեւ հաւանօրէն եզակի) … Continue reading…:
     Ինչո՞ւ զարմանալ ուրեմն:
     Հարցադրեմ ընդհանրացնելով.- Որակը ե՞րբ դիւրին ընկալուեր է, ճանաչում գտեր…: Արժէքն ու արժանիքը ե՞րբ եղեր են բաւարար երաշխիք ճանաչումի: Եւ՝ միայն մե՞ր մէջ…: Չե՞նք գիտեր՝ ի՜նչ որակներ անգիտացուեր են, ու կ’անգիտացուին, եւ ի՜նչ անորակ գործեր ճանաչում կը գտնեն, համաշխարհային մրցանակներու կ’արժանանան՝ արժէքաւորներու կողքին, յաճախ եւ անոնցմէ առաջ ու աւելի՝ գրական արժէքին լրիւ խորթ դրդումներու իբրեւ հետեւանք…:

* * *

     Պիտի չուզէի, որ նախորդող շեշտադրումները ընկալուին բացասական, ջլատիչ եղանակով: Գրական երկը, գրական արտադրութիւնը առհասարակ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ընկալել պայքարի, դժուարին նուաճումի եզրերով. ոչ ակնկալութիւններով, անպայման ճանաչումի պահանջկոտութեամբ: Զ. Պիպեռեան ի՛նք՝ չեմ կարծեր, որ ընդունէր այդպիսի կեցուածք:
     Մանաւանդ պահը, որ առիթ կու տայ այս արտայայտութիւններուս, հիմա, կը ներկայանայ իբր դրական՝ ամէն իմաստով: Շնորհիւ «Արաս»ի եւ իր երիտասարդ գրական գործիչներու նախաձեռնութեան, Ծովը շարքի պատմուածքներու վերհրատարակումը, հակառակ գործի՝ հեղինակին իսկ բառով «վտիտ» ծաւալին, ընթերցողին պիտի բերէ վիպագիր Պիպեռեանի կենդանագիրը լրացնող կարեւոր տարրեր, արտօնելով միանգամայն տարբե՛ր, ամենահամակողմանի Պիպեռեանի մը յայտնաբերումը: Եւ եթէ Մրջիւններու վերջալոյսը կրնայ գրաւել պատուաւոր տեղ պոլսա-սփիւռքահայ վէպի՝ 30-ական-80-ական յիսնամեակի հունձքին մէջ (բաւական հարուստ՝ իր ֆրանսահայ թեւով յատկապէս),- ապա այս բուռ մը պատմուածքները այլապէ՛ս թանկագին նպաստ մը կը կազմեն նոյն ժամանակաշրջանի պատումային միւս ենթատեսակին՝ պատմուածքի մարզին մէջ, որ այնքան ալ հարուստ չէ՝ քանակապէս ինչպէս որակապէս, մանաւանդ ըստ էութեան մեր ներկայ կեանքը տուող թեմաներուն համար…

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 2

References
1 Գրուած՝ Հրանդ Բալուեանին, 12 Դեկտ.1962 թուակիր: Կը հաղորդէ կենսագրական թանկագին տուեալներ: Տե՛ս Մրջիւններու վերջալոյսը», հրատ. «Արաս», Պոլիս, 2007, «Յաւելուած»:
2 Բնորոշումները՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանէն, նշուած երկը, «Յառաջաբան»:
3 Պատումային սարքին մասին վերլուծական շահեկան նշումներու համար (յատկապէս՝ դիտուող եւ դիտող-անդիտելի կերպարներ եւն.), տե՛ս  Ս. Տէյիրմէնճեանի  նոյն «Յառաջաբան»-ը:
4 Փաստ՝ որ իրաւացիօրէն կը շեշտէր Ս. Տէյիրմէնճեան, 2015ի Հոկտեմբեր 11ին, Պէյրութ,  ժամանակակից սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուած զրոյցի մը մէջ:
5 Այս մասին՝ կ’արժէ յիշատակել Մարկ Նշանեանի խորապէս ապրուած վկայութիւնը, ոգեկոչող՝ Զ. Պիպեռեանի գործին հետ իր հանդիպումը: Անձնակնիք ու  անվերապահօրէն ենթակայական մեկնաբանութիւններու կողքին, յօդուածը կը տրամադրէ կենսագրական ու գրապատմական շահեկան նիւթեր: Տե՛ս Մրջիւններու վերջալոյսը, «Յաւելուած» (արտատպուած «ՅառաջՄիտք եւ արուեստ»-էն, յունուար, 1988:
6 Խղճմտօրէն մատնանշուած եւ իրենց հաւանական հետեւանքներով գնահատուած՝  Ս. Տէյիրմէնճեանի կողմէ, սկիզբը նշուած «Յառաջաբան»-ին մէջ:
7 Զ. Պիպեռեանի կեանքին ու վարքին շուրջ, 1950-60-ական տարիներուն համար, թանկագին (որովհետեւ հաւանօրէն եզակի) ներդրում կը կազմէ Ռ. Հատտէճեանի Յուշատետր բազմահատոր շարքի թիւ 15ը («Գրական հաւաքոյթ Սուատիյէի մեր պարտէզին մէջ», Պոլիս, 1999), որ իր ընդհանուր խորագրին տակ կը խմբէ «Հաւաքոյթ»-ներու երեք շարքեր, «Մարմարա»-ի մէջ կանխապէս լոյս տեսած յաջորդաբար 1988ին եւ 1994-95-ին: Տե՛ս յատկապէս մաս Բ., գլուխներ ԻԳ.-ԻԵ., էջեր 137-146: Տպաւորութիւններ, բայց նաեւ առարկայական փաստեր, որոնք կը հաստատեն Պիպեռեանի մասին հոս ըրած նշումներս: Իսկ հատորին միւս մասերը կը տրամադրեն ցրիւ բայց անվիճելի տուեալներ՝ Պոլիսի եւ իր գրական-մշակութային շրջանակներու՝ նոյն միջոցին ապրած մեկուսացման շուրջ: Նաեւ անշուշտ, փոխադարձաբար, թէեւ անուղղակի, Սփիւռքի միւս համայնքներու անտեղեակութեան մասին՝ պոլսահայութենէն ու անոր մշակութային կեանքէն: Նկատենք, որ հոս եւս, ինչպէս այլուր, տուեալներ կը պակսին Պիպեռեանի կեանքի վերջին անուրախ տասնամեակին ու երկարատեւ հիւանդութեան տարիներուն մասին յատկապէս: Նոյնքան անյայտ կը թուի անտիպներու գոյութեան պարագան, գոնէ իմ ծանօթութիւններու սահմաններուն մէջ: