Եթէ հաւատաս, որ վերջին կայարանի
Վերջին պահուան անցումը քու մէջդ է…
Եթէ գրկես հին վաղեմի սէրերդ…
Ու պտըտիս երջանկութեան սենեակներուն մէջ,
Ուր կապոյտ են բոլոր աչքերը,
Ուր աչքեր են սենեակները
Եւ սենեակներ են աչքերը վաղեմի սէրերուն,
Որ պաշարած են ապրումներդ ամէն պահ։
Զիրենք բերած-քաշած ես հետդ,
Բռնած ես անոնց կատարելութեան ձեռքերէն,
Կառչած ես անոնց ոգիին
Եւ ճերմակ օթոյիդ մէջ մոռցուած աղօթքի փշուրներուն։
Առաւելագոյնը մինչեւ Պիքֆայան՝ մեր հոգիի ապրումներուն,
Կամ մինչեւ վերադարձը գերի ինկած բառերուն,
Որոնք ինկան աշնան բարի մեղեդիի մը մէջ։
Հիմա ամէն տեղ դիմակներ են։
Դիմակներ կը բաժնեն,
Դիմակներ են քիթերուն վրայ, բերնին, քթածակերուն, երազներուն…
Երազներն անգամ դիմակներով կը տեսնեմ,
Եւ մինչեւ հատնումը մեծ կիրքի պահերուն,
Դիմակ կը դնեն սէրերուն վրայ… աղամանին… մոմակալին,
Դիմակ՝ մոխիր դարձող դիակներուն
Եւ անշնչացած մարմիններուն,
Որոնք մեզ մօտիկ կը դարձնեն հողին
Ու խոնաւ հողի կարօտներուն։
Ես վարագոյրը կը բանամ դիմակներուն,
Լոյսերուն հետ խօսիլ կ՚ուզեմ,
Տրամագիծը կը գծեմ լեզու–հայրենիքին,
Որուն մէջ աճեցանք ես եւ դուն։
Մեր լեզուն կը խօսիմ,
Մայթերուն վրայ, անձրեւին հետ,
Ու այն ընկերներուն, որ հասկցան մեր աչքերուն գոյնը
Եւ տեսան մեզ,
Մեզ ընկալեցին,
Հաղորդուեցան մեր սեղաններուն վրայ
Մոխիր չդարձած դիմակներուն համար…ու բաժակներուն,
Որ մեզ կը կապեն հին սպասումի մը,
Որ դեռ պիտի գայ…
Չէ որ, սիրելիս, մենք հոգիի սենեակներուն մէջն ենք:
Մեր հոգին ուրիշ հոգիէ է:
Լրագրութեան բոլոր կանոնները թափեցինք ջուրին մէջ,
Հոն խառնեցինք մեր կարօտը անսահման,
Բայց չլացինք առաջուան պէս,
Որովհետեւ գիտէինք, որ անպայման պիտի տեսնենք զիրար։
Մեր պահը սէր չէր,
Մեր պահը աւելի նուիրական էր ու մաքուր։
Մենք աշխարհի ամենահեռու կէտին վրայ մեր բառը դրինք։
Մենք չմեռանք, որովհետեւ հաւատացինք այդ բառին։
Սիկարէթի խոտին մէջ ծխեցինք Շուշանեանի սիրտը,
Եղիան երգեցինք
Ու վեհերոտ հայեացքով նայեցանք աճող սօսիներուն։
Փակեցինք մեր լերան ծիրը,
Դարձանք ամայութեան
Ու յաղթեցինք։
Մահուան ահէն քալեցինք,
Գէորգին անունը դրինք, Քրիստափորին, եւ միւսներուն,
Որոնք այսօր կը հոսին մեր երակներէն։
Ապրեցանք ոչ թէ ապրումի պահուան համար,
Ոչ ալ դիմակները պատռելու ոգիով,
Այլ ապրեցանք, որովհետեւ մեր մէջ սիրոյ թախիծն էր,
Խոնաւ մայթերէն հասնող մեր երակներուն:
Լեցնելու համար մեր սրտերը
Եւ անոնց երազները վառելու,
Որոնք վաղը պիտի գան։
Սառը ձուկերուն պէս արգանդներուն մէջ,
Երբ Ճիմ Մորիսընի բառերը թաց-թաց մեզ սպառնացին
Ու հաւատացուցին, որ նորէն պիտի ապրինք
Սէրը Իր ամբողջ վեհութեամբ:
Եւ Համրայի փողոցներէն պիտի քալենք
Բանաստեղծութեան ճանապարհները փնտռելու։
Մեր սէրն աւելին էր, սիրելիս,
Մեր սէրն ուրիշ էր,
Տեսակ մը յենակ էր,
Պիրկ արմուկ էր,
Դաշն ծաղիկ էր
Ու խոնարհ թէյի սեղան էր,
Որուն շուրջ կային Վանէն, Էրզրումէն, նոյնիսկ Տիարպէքիրէն մեզի
հասած Ճերմակ հաղորդագրութիւններ:
Կային սէրեր տակաւին,
Կար ծովը… իր կապոյտով
Եւ կար գաղափար՝ Կեդրոնականի շէնքին առջեւ,
Որուն սալաքարերը հաշուեցինք ես եւ այդ Ն. Պէզճեանը,
Ամիրային աչքերուն մէջ նայելով
Ու երկար սիրելով այդ քաղաքի մեծ խռովքն ու մեծ աղմուկը։
Մեր անէծքը,
Պահուած էր բոլոր ժամանակներուն համար:
Ու պահուած անոնց համար, որոնք կը կարծէին, որ մեզի յաղթեցին։
Մեր սէրն անպարտելի էր, սիրելիս,
Կեանքին առջեւ,
Դիմակներէն,
Պատուաստներէն
Եւ երկու հարիւր յիսուն միլիկրամ տէքսթամէթազոլէն աւելին…
Մեր սէրն անդինն էր,
Հեռուն էր,
Մաքուր էր ու… պայծառ։
Որովհետեւ մենք ուրիշ էինք,
ՈՒՐԻՇ վէրքերէ հասած,
Ու նոր կեանքով ապրող։
Սիրելիս…