Յարութիւն Պէրպէրեան

Դուն միշտ կենդանի
քերթուածն ես, սէր,
զոր կը շօշափեմ
եւ խոր կը շնչեմ:

Բայց մեծ պատկերդ
ներաշխարհիս մէջ
լուռ կը կտրատուի,
ժամանակին հետ կարծես կ’աղօտի,
եւ ես կը փորձեմ
պատառիկները անոր բազմաթել
վերամիացնել:

Քեզ միշտ փնտռած եմ
տարբեր դէմքերու, տարբեր աչքերու
պաստառին վրայ,
եւ քեզ գտած ու կորսնցուցած եմ,
քեզ միշտ երգած եմ
տարբեր ձեւերով
այլ անուններով:

Կրակ ես
կեանք ես,
խռովք, հրաշք ես
եւ տառապանք ես,
քու ձգողութեան
ալիքներուն մէջ
զիս բանտարկած ես:
Յոյս եւ
երազ ես,
անհուն հմայք ես,
անձկութիւններուս
եւ սպասումիս հեւքը կը պահես
խօսքերովդ անշէջ:

Քեզ դարեր առաջ
մէկ այլ կեանքի մէջ
հանդիպած եմ եւ
թրուպատուրի
բառերով խռով
երգած եմ այսպէս՝

                                  տիրանամ,
շրթներուդ ես տիրանամ,
զով հով ըլլամ եւ մտնեմ
ծիծերուդ մէջ քնանամ:

                                     Շշնջամ,
ունկերուդ մեղմ շշնջամ,
բառեր բերեմ կենդանի,
քեզ գերեմ ու զովանամ:

                                    Լիանամ,
աչքերուդ մէջ լիանամ,
բանաս մարմինդ սիրուն,
զայն սիրեմ ու արբենամ:

                                    Նուաճեմ,
սիրտ ու հոգիդ նուաճեմ:
Հոգեթով ու հոգեզմայլ
երգերով քեզ կախարդեմ …:

Անհոգ խնդուքով պիրկ աղջիկները
ես դեռ կը տեսնեմ
քաղաքի զուարթ մայթերուն վրայ.
եթէ արեւ կայ՝
կանաչ, լաւ խուզուած մարգագետինին,
հրապարակի արձաններուն մօտ,
կիսամերկ եւ
լոյսը ծծող իրենց մարմնի
իւրաքանչիւր բջիջով,
բայց չեմ գտներ
միւս երամը՝ վտանգուած,
որոնց երկար ծամերուն մէջ
ինկած տերեւ կար
եւ խոնաւութիւն՝ իրենց աչքերուն:

Վայր յարածուփ, յաճախ հանդարտ
կամ փոթորկուն, գուրգուրալի,
հետախուզուած այնքան անգամ,
որուն եզրերուն, կորութիւններուն
անձկութիւնը կ’անհետանայ
եւ կամ կ’աճի …
որուն կեդրոնէն
շօշափելէ ու փայփայելէ ետք
ամէն մէկ կածան, կիրճ ու ճեղք թաքուն՝
անթարթ իջած եմ ընդերքը երկրի:
Վայր որ նոյն ատեն
կը շաղախէ քեզ իր կաւին մէջ նուրբ,
չեմ մնար անտուն,
կը միաձուլուիք՝
տրուած անանուն իր կախարդանքին:

Հիմա դուն գիտես պիտի մոռցուին,
անհետ կորսուին
յիշողութեան լուռ խամրող աշխարհի
երկրամասին հետ՝
սէրերդ բոլոր,
որոնք սեւ-ճերմակ լուսանկարներ
դարձած են արդէն
եւ բաց սրճագոյն երանգներ կ’առնեն:
Կենդանի, ապրող
պահեր կը կորչին –
զգայարանքներ
բոյրեր ցանուցիր,
որոնց ամէն մէկ
երանգը յատուկ
իր հասցէն ունէր,-
դրուագներ անթիւ,
ցաւի, հաճոյքի փորձառութիւններ
ապրուած խորին անձկութիւններով,
կամ ինքնամոռաց
ապրումով ազնիւ:

Սէր, կը գրեմ քեզ այստեղ,
որ չկորսուիս,
որ չկորսուիմ,
եւ մնաս խարիսխ,
որուն կապուած են
բիւր պատկերներս
ապրուած օրերու:

Արդ, միշտ կը կրկնեմ՝
սէր, դուն կենդանի
քերթուածն ես,
որով ես կ’ապրիմ
եւ խոր կը շնչեմ:

ԾԹ. տարի, 2020 թիւ 2