Հրայր Անմահունի. լուսանկար՝ Փաթիլ Անմահունիի

ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆԿԱՐԾԱԲԱՆՈՒՄԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱԶ*

Ubiquitous Listening հատորը

1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին, որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած առաջնակարգ ամերիկեան պարբերաթերթն էր։ Նիւթս ճազը Միջին արեւելեանին հետ համաձուլող (fusion) երաժշտութեան մասին էր, ինչ որ անմիջապէս մերժուեցաւ, հակառակ զայն Օռնէթ Քոլմանի ու իր նման ճազի ծանրակշիռ անուններու գործերու պարունակին մէջ տեղադրած ըլլալուս։ Օրին ենթադրեցի որ մերժումի պատճառը անոնց բոլորովին անծանօթ անձերու մասին գրելու ցանկութիւնս էր, ինչպէս օրինակ Սուրէն Պարոնեանի եւ իր Թաքսիմ խումբին մասին, թէեւ գիտակից էի նոյնպէս թէ նորեկ ըլլալս եւ անոնց հետ նախապէս աշխատակցած չըլլալս ինքնին բաւարար պատճառ կրնային նկատուիլ։ Դժուար էր, սակայն, երեւակայել որ քսան տարի ետք նոյն նիւթը կրկին ձեռք պիտի առնէի։

Sudan Baronian – It’s About Time. 1995

    Այս գլուխը այդ տարիներուն սփիւռքի երկայնքին հայկականն ու ճազայինը համաձուլող երաժշտական փորձերու ունկնդրութեանս անձնական տեղեկագրութիւնն է։ Կցկտուր է ան, կազմուած՝ յուշերու եւ մտածումներու բեկորներէ, որպէս երաժշտական գիտաշխատող  հասունացման իմ ճանապարհս ընդգրկող, ես որ տարիներով հայկական երաժշտութիւնը մէկ կողմ թողած (գէթ որպէս մտածումի առարկայ), կամացուկ մը կը վերադառնայի անոր կրկին, զգուշաւոր, անոր ընձեռած վայելքի պահերը կրկին կապելու համար աշխատանքներուս հետ։ Այս գլուխին սկզբնական մէկ տարբերակը գրուած էր ճազի ու համաշխարհային երաժշտութեան նուիրուած հաւաքածոյի մը համար, որպէս պատուէր, ինչ որ առիթ հանդիսացած էր բազմազան հարցադրումներու, որոնց պիտի անդրադառնամ ստորեւ, մինչ կ՚անցնէր բարեկամներու ու խմբագիրներու կողմէ ընթերցումի բովէն։ 
   Ուշադրութիւնս հոս պիտի կեդրոնանայ ճազայինը հայկականին համաձուլող երեք ձայնապնակներու[1]Նշուած երեք ձայնապնակները հետեւեալներն են. Sudan Baronian’s Taksim: It’s about Time (Carlee Records, 1995), Night Ark: In Wonderland (EmArcy, 1997) եւ … Continue reading վրայ եւ անոնց գրաւած տեղին՝ սփիւռքեան ինքնութեանս կազմաւորման ընթացքին մէջ։ Զանազան պատճառներով դժուարին գործընթաց մըն էր անիկա, առնուազն հայկական սփիւռքի մէջ ուղղութիւններու ու մշակոյթներու բարդութիւններուն բերմամբ, որոնց նախապէս անդրադարձած էի գրքի երկրորդ գլուխին մէջ, բայց նաեւ բազմաթիւ այլ պատճառներով, որոնցմէ ինծի համար ամենացայտունը կը մնայ այն հակադրութիւնը, որ կար որպէս ֆեմինիստ զարգացմանս միջեւ՝ մէկ կողմէ, եւ 1970էն 1990ական թուականներուն ամերիկահայ համայնքին մէջ տիրող սեռային դերերու ու ներկայացումներու կարծրատիպերուն միջեւ՝ միւս կողմէ։ (Հակառակ անոր որ ֆեմինիզմը որեւէ ընկերութեան մէջ իմ փափաքած չափովս յառաջդիմած չէ, սփիւռքահայ համայնքները բարեբախտաբար այս օրերուս շատ աւելի հանդուրժող են կիներու հանդէպ քան այդ թուականներուն)։ Փորձութեան այդ տարիներուս երկայնքին, այս ձայնապնակները խիստ կարեւոր –պիտի ըսէի նոյնիսկ մտերիմ – դեր խաղացին օգնելու համար որ ես զիս գտնեմ որպէս ամերիկահայ քաղաքականացած ֆեմինիստ մայր, ընկեր, կողակից, եւ երաժշտութեան ու հաղորդամիջոցներու գիտաշխատող։ Հոս կ՚ուզեմ ակնարկս սեւեռել մէկ կողմէ այդ երեք ձայնապնակներուն հետ անձնական յարաբերութեանս վրայ, այն դերին, որ անոնք խաղացին ու կը շարունակեն խաղալ ինծի համար – հաւանաբար նաեւ շատ ուրիշներու – սփիւռքեան իսկական, բարդ, ոչ պարզապէս ձուլուած, ինքնութեան մը կարելիութիւնը առաջարկելու մէջ, եւ միւս կողմէ այս գլուխին կրկին եւ կրկին գրուելու գործընթացին վրայ։

Ներդիր՝ Night Ark – In Wonderland. 1996

[…]

[էջ 82]
Նախքան վերոյիշեալ ձայնապնակները ունկնդրելս, ես զիս կը զգայի, ինչպէս վերը փորձեցի նկարագրել, որպէս անկարելի արարած — թէ՛ ֆեմինիստ, թէ՛ ուտի սիրահար, ունակ թէ՛ ֆիլմի տեսութիւն դասաւանդելու, թէ՛ եփելու այն անուշեղէնը, որ մայրս կը կոչէր՝ ղատայիֆ,  հայրս ալ՝ քնեֆէ, ի դէպ իրենք ալ իրենց կարգին միաժամանակ թէ՛ հայ, թէ՛ արեւմտականացած։ Չէի գիտեր որ զգացումներս բաժնող այլ սփիւռքահայեր գոյութիւն ունէին։ Անգամ մը որ այս ձայնապնակներուն ծանօթացայ — ամէն մէկը, ինչպէս կը նկարագրէի, կեանքիս կարեւոր մէկ հանգրուանին — դարձեալ սկսայ մաս կազմել բաշխուած ենթակայութեան մը։ Այլեւս առանձին չէի՝ այլ զուգորդուած, մեկուսացած չէի՝ այլ ընդգրկուած, լուռ չէի՝ այլ ձայներով լի։ 
     Այլ կերպով դրուած, այն զգացումը ունէի, որ մասնիկներու խուրձ մըն եմ, մասնիկներ, որոնք կը տենչան, սակայն անկարող են՝ ամբողջանալու։ Մէյ մը որ սկսայ ինծի նման այլ «մասնիկներու խուրձեր»ու հետ կիսել ելոյթներ ու փորձառութիւններ, պակսող բանի մը զգացումը մէջէս անհետացաւ։ Սակայն, զգացի որ շարք մը բաներ կան, զորս ժամանակաւոր կերպով կը կիսեմ՝ ձայները, գաղափարները, նախկին դժգոհութիւնն ու անհանգստութիւնը, պակասի ու չափազանցութեան զգացումները, կորուստ եւ հրճուանք։ Kef for Kerryն[2]2004ի աշնան, հայ համայնքի որոշ անդամներու կողմէ կազմակերպուած համերգաշար մը, ի նպաստ օրին նախագահական … Continue reading զիս չամբողջացուց, այլ մասնակից դարձուց ենթակայութեան դաշտի մը, որ կազմուած էր վերոնշեալ բոլոր այս բաներէն։ Այդ սրահին մէջ, կարճ միջոցի մը համար, բաշխուած ենթակայութեան փոքր միաւոր մըն էինք, միաւոր մը որ շատ յատուկ բան մը կը կիսէր. ո՛չ թէ ամերիկահայ ինքնութիւն մը, որ՝ Մասումիի[3]Brian Massumi, Parables for the Virtual: Movement, Affect, Sensation, Durham, NC: Duke University Press, 2002 [թրգմնչ.]: եզրերով կը հանդիսանայ լճացում մը, այլ շարժումի մէջ գտնուող գործընթաց մը, սփիւռքցի/հայ/ամերիկացի/յուսալի/դեմոկրատ-ձախակողմեան- հակա-Ճորճ-Պուշեան ըլլալու գործընթացը։

Armenian Navy Band – New Apricot-2001
Ներդիր՝ Night Ark – In Wonderland. 1996

Այս ձայնապնակները ունկնդրելով (կրկին ու կրկին, մինչ միւս կողմէն այլեւայլ գործեր կ՚ընէի, կեդրոնացումս ուշադրութեան դաշտին մէջ զանազան կէտերու վրայ ցրուած), ես զիս բաշխման դաշտի մը մասնակից կը զգայի, մասնակից գործընթացի մը, որ կը գոյանայ ունկնդրութեամբ։ Նախքան այդ ձայնապնակները, ունկնդրելը ինծի համար հատումնային բնոյթ ունէր – կրնաս քու այսինչ մասնիկդ բերել գործունէութեան, բայց ո՛չ միւսը։ Մինչդեռ Its about Timeի, In Wonderlandի եւ New Apricotի նման ձայնապնակներու փորձառութիւնը դուրս ձգող  գործընթաց մը չի հանդիսանար[4]Մարդ անշուշտ կրնայ դուրս ձգուիլ իր անձնական ճաշակին հետեւանքով։ Խօսքս այդ իմաստով դուրս ձգուելու մասին չէ։ … Continue reading։ Ընդհակառակը։ Անոնց հրամցուցածը, որ կը բխի երաժշտական բազմապիսի կատարողական արուեստներէ, ներառնող է, բաշխուած ենթակայութեան ցանցի ընդերքը շօշափող։ Նման ծրագիրներու մէջ, յուզական ունկնդրութիւնը կրնայ իր ամենակարեւոր նպաստը բերել, ճամբայ բանալով դէպի նոր փորձառութիւններ, տեսանկիւններ, իրադարձութիւններ եւ գործընթացներ, որոնք բոլորովին նոր կարելիութիւններու աշխարհ մը կը բանան մեր առջեւ։ 

*Քաղուած՝ Անահիտ Գասապեանի Ubiquitous Listening (University of California Press, 2013) հատորի 5րդ գլուխէն, որ կը կոչուի “Improvising Armenian Identities – Armenian Jazz”, էջ 73։

Անահիտ Գասապեան

Թարգմանութիւնը՝ Հրայր Անմահունիի եւ Րաֆֆի Աճէմեանի

Կ. ՏԱՐԻ,  2021 ԹԻՒ 1

 

References
1 Նշուած երեք ձայնապնակները հետեւեալներն են. Sudan Baronian’s Taksim: It’s about Time (Carlee Records, 1995), Night Ark: In Wonderland (EmArcy, 1997) եւ Armenian Navy Band: New Apricot (Imaj, 2001) [թրգմնչ.]:
2 2004ի աշնան, հայ համայնքի որոշ անդամներու կողմէ կազմակերպուած համերգաշար մը, ի նպաստ օրին նախագահական դեմոկրատ թեկնածու՝ Ճոն Քերիի։ Հաղորդագրութիւնը տե՛ս https://asbarez.com/50877/the-kef-for-kerry-tour/ [թրգմնչ.]։
3 Brian Massumi, Parables for the Virtual: Movement, Affect, Sensation, Durham, NC: Duke University Press, 2002 [թրգմնչ.]:
4 Մարդ անշուշտ կրնայ դուրս ձգուիլ իր անձնական ճաշակին հետեւանքով։ Խօսքս այդ իմաստով դուրս ձգուելու մասին չէ։ Ճաշակը արտասովոր կերպով բարդ գործողութիւն մըն է, որ կրնայ գուցէ կարեւոր խորաթափանցութիւններ արտադրել եթէ անոր մօտենանք բաշխուած ենթակայութեան տեսանկիւնէն։ Խօսքս հոս սակայն կը վերաբերի նուազ գիտակից գործընթացներու, ինչպէս օրինակի համար այն զգացումին, որ գուցէ ունենամ եթէ հայերէն երաժշտութիւն չըլլայ ունկնդրելու, բան մը որ տարբեր չէ լռութեան վախէն, այսինքն բաշխման ցանցի բերած ապահովութեան պակասէն (տե՛ս 6րդ գլուխը)…։
յաջորդ
ՍԷՐ