Նիկողոս Սարաֆեան

«­ՆՈՐ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐ ՊԷՏՔ ԵՆ ՄԵԶԻ»

     Ներկայ գրութիւնը դասախօսութեան մը պատճէնն է որ Նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972) տուած է Պրիւքսէլ, 1955-ի Փետրուարին։ Սարաֆեանի արխիւին մէջ պահպանուած է հրաւիրագիր մը, գրուած Պելճիքայի Հայ ուսանողական միութեան կողմէ (24 Յունուար 1955) որ կազմակերպիչ մարմինն եղած է այս հանդէսին։ Դասախօսութեան մասին Գրիգոր Շահինեան ակնարկութիւն մը ունի իր Վերաքաղ (Հատընտիր Յուշեր) հատորին մէջ, Պէյրութ 2004 (էջ 230) եւ որ պատկերացում մը կու տայ այդ մշակութային եւ ընկերական ձեռնարկներու շրջարկէն։
     Սարաֆեան իր խօսքը գրած է ամբողջութեամբ, 25 թուագրուած էջերու վրայ, կարծէք մէկ շունչով։ Կատարած է որոշ ջնջումներ, թերեւս ալ վերագրած որոշ մասեր։ Ակներեւ է գրութեան հապճեպ բնոյթը, որ բանաւոր խօսքին նեցուկի դեր կը կատարէ, ուստի իբրեւ այդ՝ սեւագրութեան մը տպաւորութիւնը կը ձգէ։ Թերեւս ասոր համար Սարաֆեան գրութիւնը չէ տպած ինծի ծանօթ թերթերու մէջ։ Պահպանած է սակայն արխիւին մէջ (այժմ՝ Անթիլիաս)։
     Այս հրատարակութեան համար նկատի առած եմ բնագիրը ինչպէս որ է, պահած անոր շատ կարճ պարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ գրագէտին կէտադրութիւնը, իր բնորոշ բութերու առատութեամբ։ Վերջին էջին մէջ Սարաֆեան ջնջած է նախավերջին պարբերութիւնը, բայց քանի որ ատիկա անհրաժեշտ անցում մը կը թուի աւարտական տողին եւ վերծանումի որեւէ հարց չի ստեղծեր, ես ինծի թոյլ տուի զայն վերականգնել, զետեղելով սակայն ուղղանկիւն փակագիծի մէջ։ Նոյն ձեւով նշած եմ մի քանի բառի յաւելում, որոնք գրչի ակնյայտ վրէպներ են։ Իսկ երբ հեղինակը չէ ջնջած քանի մը տող որոնք գուցէ իրենց տեղերը չեն, փոփոխութեան չեմ ձեռնարկած, պարզապէս զետեղած եմ նոյնանման փակագիծի մէջ։
     Բնագիրը խորագիր չունի։ Հոս դրուածը պայմանական բնոյթ կը կրէ անշուշտ։ Նօթերը կու գան մասամբ լուսաբանել ակնարկութիւններ կամ ճշդել յիշուած անուններ եւ ամբողջական ըլլալու յաւակնութիւն չունին։

Գ. Պ.

 

Սիրելի հայրենակիցներ,

                                                    եւ սիրելի ուսանողներ

     Եկած եմ խօսելու համար ձեզի՝ մեր մշակոյթին մասին։ Ասկէ աւելի կարեւոր նիւթ չեմ տեսներ՝ երբ քով քովի կու գանք օտարութեան մէջ։
     Պատկեր մը տպաւորուած է մէջս՝ մանկութենէս ի վեր։ Սեւ Ծովի ափին, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ քաղաքներուն մէջ, շատ պանդուխտներ կային։ Անոնք, գաղթողները, եթէ իրենց ծանր աշխատանքէն վերջ, քով քովի կու գային, սրճարանի մը անկիւնը, հայրենական երգեր կ’երգէին յաճախ։ Հայրենիքն ու հարազատները կը յիշէին իրենց գաւառական այդ երգերը երգելով, կը յուզուէին, կ’ոգեւորուէին, կը մխիթարուէին այդ երգերով։
     Օտարութեան մէջ, մեր ժողովուրդը միշտ փնտռած է իր Հայրենիքը եւ իր աւանդութիւններով ապրած է միշտ։ Թախիծով կը ժայթքէր հայրենասիրութիւնը՝ անցած ճամբաներուս վրայ։ Հայրենիք վերադառնալու հաւատք մը կը բարձրանար յուզումներուն խորէն։
     Առօրեայ կեանքին մէջ, աշխատանքը, վազքը հացին ետեւէն, հոգերը կը մղեն մեզ ապրիլ մեր ինքնութենէն տարբեր հոգերով։ Բայց պահեր կան ուր մեր ուզած կեանքն ու մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք։ Պահանջք մըն է ասիկա։ Եւ ահա, հրաշքի պէս բան մը տեղի կ՚ունենայ երբ քով քովի կու գանք եւ մեր աւանդութիւնները կ’ոգեկոչենք։ Երբեմն ժողովրդական պարզ երգ մը, իր անբացատրելի կախարդանքով, մեր հայութեան, մեր ինքնութեան կը մօտեցնէ մեզ։ Պարզ, անկեղծ տաղ մը կը բանայ մեր մէջ կուտակուած յուզումներուն դռները։

 

Լուսանկարի կեդրոնը՝ երկրորդ շարք՝ Նիկողոս Սարաֆեան, Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի ուսանող

     Նման պահանջ մըն է որ մեզ իրարու կը մօտեցնէ այսօր՝ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մեծ քաղաքներուն մէջ։ Կ’ապրինք շատ անգամ հայութենէն հեռու։ Չենք լսեր մեր լեզուն յաճախ։ Բայց հայութեան կարօտ մը կայ շատերուս մէջ։ Եւ մեր հայութիւնը զգալու, զայն պահելու ներքին պահանջով մըն է որ կը մօտենանք իրարու։
     Ու մեր ազգային ոգին, մեր ներքին ինքնութեան մօտենալու լաւագոյն միջոցը մեր մշակոյթն է։
     Մեզի կեանք տուող աւիշ մըն է մեր մշակոյթը։
     Մեծ է իր կարեւորութիւնը, ինչպէս կը տեսնէք։ Անով է որ մեր ժողովուրդը կրցած է ապրիլ զարհուրելի դարերն ի վեր եւ ահով է որ պիտի կրնանք ապրիլ դարձեալ այս մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ուր ձուլումն է որ կը սպառնայ այս անգամ մեզի։
     Մեր մշակոյթը կ’առնէ աւելի մեծ նշանակոութիւն մը՝ օտարութեան մէջ, երբ կը պակսին հողն ու հաւաքական կեանքն ալ։ Մեր մշակոյթով է միայն որ պիտի կրնանք ոտքի պահել ջարդէն, աքսորէն, օտարութենէն եւ հիասթափութիւններէն յոգնած հայ ոգին։ Որովհետեւ ան արտայայտութիւնն է մեր ժողովուրդին ոգեկան գեղեցկութիւններուն եւ ոգեկան գեղեցկութիւններն են որ կ’ապրեցնեն մեզ առաւելապէս։
     Camus[1]Ն­կա­տի ու­նի ան­շուշտ վի­պա­սան, թա­տե­րա­գիր եւ մտա­ծող Albert Camus (1913-1960). Յ­ղու­մը գտա­նե­լի չէ ե­ղած ին­ծի։ տեղ մը կ’ըսէ թէ արուեստագէտներն են որ պիտի կրնան փրկել մարդկութիւնը՝ որուն խաթարումը կը մատնանշէ աշխարհի ամէն կողմ։ Չեմ գիտեր թէ որքան հաւանական է այս պատգամը։ Չեմ գիտեր թէ Գեղեցկութիւնը պիտի կրնայ օր մը յաջողիլ աշխարհ մը կերտել։ Բայց որոշ է թէ մեծ դեր մը վիճակուած է այսօր, արտասահմանի մէջ, մեր գրողներուն եւ մեր մամուլին։
     Ահա, սիրելի հայրենակիցներ, նիւթ մը որ կը խօսի մեր մտքին ու սրտին եւ մտքով ու սրտով պէտք է մօտենանք անոր։ Այլ խօսքով, պէտք է ճանչնանք մեր ժողովուրդը եւ սիրենք զայն։ Ու ճանչնալու համար զայն պէտք է որ սրտով մօտենանք անոր։ Եւ սրտով մօտենալու համար անոր, պէտք է որ ճանչնանք զայն։

***

     Բազմաթիւ հարցերու առջեւ ենք անշուշտ, երբ կը խօսինք մեր մշակոյթին մասին։ Կ’ուզենք ամենէն առաջ գիտնալ թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ ան։ Ի՞նչ ենք մենք իբրեւ ժողովուրդ։ Բոլոր ալ առաւել կամ նուազ չափով կը հարցնենք մենք մեզի թէ ինչ կը ներկայացնէ հայութիւնը աշխարհի վրայ՝ ուր այնքան մեծ ժողովուրդներ կան, մեծ քաղաքակրթութիւններ։ Բոլորս ալ պզտիկ կը զգանք մեզ՝ այս մեծութիւններուն առջեւ։ Եւ սակայն, բոլորս ալ որոշ մեծութիւն մը կը տեսնենք մեր պզտիկ ժողովուրդին մէջ։ Մեծ կը տեսնենք զայն՝ նայելով անոր տոկունութեան, անոր անսպառ յոյսին, ապրելու եւ մեծնալու կորովին։ Մեծ կը տեսնենք զայն՝ երբ նկատի կ’առնենք իր մեծ սէրը լոյսին, իր եկեղեցիին, իր լեզուին։
     Այս եւ այս հարցերու պատասխանն է որ պէտք է տանք ամենէն առաջ, փոխանակ խօսելու մեր արուեստներուն վրայ։ Կարեւորը այս է, ըստ իս։
     Ուրիշներ խօսած են եւ կը խօսին միշտ մեր Գողթան երգիչներուն, Աստուածաշունչի թարգմանութեան, մեր լեզուին, մեր մանրանկարչութեան, մեր երաժշտութեան եւ ճարտարապետութեան վրայ։ Իմ փափաքս է ընդհանուր նայուածք մը նետել այս բոլորին վրայ, գոհացում տալու համար մեր առջեւ դրուած հարցերուն։

***

     Գիտէք թէ երկու հոսանքներ կան այսօր։ Մէկը կը փառաւորէ մեր մշակոյթը, միւսը դժգոհ է անկէ։ Աղէտէն ի վեր որ մեր ժողովուրդը նետեց զանազան երկիրներ, կ՚աճին այս հոսանքներն ալ մեծ համեմատութեամբ։ Մէկը երկինք կը բարձրացնէ մեր մշակոյթը, միւսը կը ստորադասէ զայն։
     Տարիներ առաջ, մեր ընկերներէն մէկը, վէպով մը, ցայտուն դիմագիծ մը տուաւ այդ դժգոհութեան։ Նահանջի մէջ ենք՝ պոռաց, կորսուած ենք, ընելիք չունինք այլեւս եւ լաւ է որ ձուլուինք օր առաջ, անհետանանք իսկոյն՝ փոխանակ քաշքռտուելու։ Այս խօսքերը ընողը, տաղանդաւոր գրող բայց դառնացած հոգի, ծաղրեց մեր ժողովուրդը եւ մեր պատմութիւնը, սկսեալ մեր թագաւորներէն։ Հեգնեց մեր եկեղեցին ու մեր արուեստները։ Եւ ըսելէ վերջ այս բոլորը, լռեց ու հեռացաւ մենէ[2]Սա­րա­ֆե­ան «­Շա­հան Շահ­նուր» խո­րա­գի­րը կրող յօ­դո­ւած մը գրած է Փա­րի­զի «Ամ­րոց» թեր­թին մէջ, 1934-ին, … Continue reading։ Սկսաւ ֆրանսերէն գրել։
     Ոմանք գայթակղեցան։ Բայց, կը յիշեմ, ոմանք գնահատական տողեր գրեցին եւ յիշեալ վէպը հող գտաւ ոչ միայն արտասահմանի մէջ, այլեւ Հայաստանի մէջ։ Հող գտաւ, որովհետեւ արժէքաւոր գործ մըն էր անշուշտ, բայց հող գտաւ նաեւ անոր համար որ շատեր գաղութները կորսուած կը նկատէին արդէն անկէ քսան տարիներ առաջ։
     Հոս, սիրելի հայրենակիցներ, թոյլ տուէք որ փակագիծ մը բանամ, շատ յատկանշական։ Շահնուր, յիշեալ վէպին հեղինակը, որուն մէկ էջը կարդացուեցաւ ձեզի, մեր ամենէն տաղանդաւոր գրողներէն մէկն է անկասկած։ Ցաւ է մեզի համար անոր հեռացումը մեր գրականութենէն։ Մօտէն գիտեմ որ շատ մը գրելիքներ ունէր ան տակաւին։ Շատ մը ձեռագիրներ պատռեց, երբ կռնակ դարձուց մեր ժողովուրդին։
     Իսկ իր հեռանալուն գլխաւոր պատճառը մեր մշակոյթին հանդէպ ունեցած իր դժգոհութիւնը չէր։ Իր դառնութիւնը մեծ եղաւ այն օրէն երբ աջէն ու ախէն յարձակումներ եղած իր վրայ՝ անտաղանդ մարդոց կողմէ շատ անգամ[3]­Հոս տե­ղը չէ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ո­գե­կո­չե­լու։ Ակ­նար­կու­թիւ­նը կ’եր­թայ Ա­զատ եւ Հրաչ … Continue reading։ Ինք ալ սուր գրիչ ունէր։ Ինք ալ յարձակեցաւ։ Բայց, ի վերջոյ, կը կարծեմ, թէ աւելորդ տեսաւ գրականութիւն ընել մեր մէջ։ Ապերախտութիւն տեսաւ շուրջը եւ գլուխը առաւ-հեռացաւ։
     Շատ արդար էր իր դառնութեան մէջ. որովհետեւ մեծ գնահատանք մը գտաւ իր շուրջ, եւ, գիտնալով թէ հիւանդ է, շատեր օգնեցին իրեն իր քաշուելէն վերջ ալ[4]Շահ­նու­րի վէ­պին, Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գըի ստեղ­ծած աղ­մու­կէն ան­դին Սա­րա­ֆե­ան նկա­տի ու­նի ան­շուշտ … Continue reading։
     Շատ արդարացի չեմ գտներ իր դառնացումը, բայց երեւոյթ մը կայ՝ արժէքաւորը խեղդելու, բարձրացնողները տապալելու ձգտում մը։ Բայց մեր մէջ յարձակումներ կ’ըլլան իրական արժէքներու դէմ, նոյնիսկ անոնց կողմէ որ օրն ի բուն ազգ եւ մշակոյթ կը փառաբանեն։ Օտարներու մէջ ալ կը տեսնենք նման յարձակումներ, բայց շատ աւելի վնասակար են անոնք մեր մէջ։ Փակելով այս փակագիծը կը շարունակեմ. Ճիշդ է որ նահանջականութիւն մը կայ շատերուն մօտ։ Շատեր գոհ չեն ժողովուրդէն եւ մեր մշակոյթէն։ Շատեր ունենալով հանդերձ ազգային զգացումներ, յոռետես եւ յուսահատ ալ մասնաւորապէս արտասահմանէն։ Քայքայում կը տեսնեն։
     Անուրանալի է այս։ Նահանջը։
     Եւ սակայն եղած է եւ կայ միշտ տարբեր հոսանք մը, որուն համար մեր երկիրը դրախտավայր մըն է եւ մեր լեզուն Աստուծոյ գործած լեզուն։ Ներշնչեալ ձայներ կը պոռան յաճախ թէ մենք տուեր ենք մեծ մշակոյթ մը, ունեցեր ենք մեր ոսկեդարը, մեր զարթօնքը եւ խելացի արուեստագէտ, տոկուն, անմահ ժողովուրդ ենք, չենք մեռնիր երբեք։ Կ’ըսեն թէ յաւիտենական է մեր մշակոյթը եւ մեր յաւիտենական փառքն է ան, կրնայ մրցիլ մեծ ժողովուրդներու մեծ մշակոյթներուն հետ։ Մեծ է հայ հանճարը, կ՚ըսեն։
     Կը տեսնենք իսկոյն թէ երկու ծայրայեղութիւններու առջեւ ենք։ Որոշ ճշմարտութիւններ կու տան երկուքն ալ։ Բայց երկու հոսանքներն ալ չափազանցութիւններու մէջ են, ուրացումներ կ’ընեն, աւերներ կը գործեն, նպաստներ բերելով հանդերձ։ Եւ ազգային դժբախտութեան մը արդիւնքն են երկուքն ալ։ Մէկը տեղի կու տայ։ Միւսը կը ծառանայ տոկալու համար։
     Ըստ իս, պէտք է կենալ այս երկու հոսանքներու մէջտեղը, ճգրիտ դատաստան մը ընելու համար։

***

     Դժգոհները հանճար չեն տեսներ մեր ժողովուրդին մէջ։ Չեն տեսներ ազգային ինքնուրոյնութիւն իսկ մշակոյթին մէջ։ Օշական չէր խնայեր մինչեւ իսկ մեր ոսկեդարը, որով այնքան հպարտ ենք։ Կը հաստատէր լեզուին, ոճին գոյութիւնը, բայց օտար ազդեցութիւններ կը տեսնէր[5]Սա­րա­ֆե­ան նկա­տի ու­նի հա­ւա­նա­բար Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի Գրա­կա­նու­թե­ան հա­մար յօ­դո­ւա­ծա­շար­քը, լոյս … Continue reading։ Ուրիշներ աւելի մեծ համեմատութիւն մը կու տան այս ազդեցութիւններուն։ Բիւզանդիոնին կը վերագրեն մեր մշակոյթին ատումը, բիւզանդականութիւն կը տեսնեն նոյնիսկ մեր գրաբարին մէջ։ Բիւզանդական ազդեցութիւն՝ նաեւ մեր հին մանրանկարչութեան մէջ։ Ոմանք խանդավառ չեն նոյնիսկ մեր ճարտարապետութեամբ՝ հակառակ օտարներու գնահատանքին։
     Վերջերս երաժիշտ մը [կը] ձգտէր հաստատել թէ ազգային ինքնութիւնը շատ քիչ է երաժշտութեան մէջ ալ, արաբական եւ այլ ազդեցութիւններ կը տեսնէր։
     Բանիմաց մտաւորական մը կը գանգատէր օր մը. «Չեմ գիտեր թէ իրապէս հարուստ է մեր աշխարհաբարը, կ’ըսէր, բայց կ’անճրկինք երբ թարգմանել կ’ուզենք ֆրանսերէն գրութիւն մը, իմաստասիրական երկ մը մանաւանդ։ Կը պակսին բառերը»։
     Կը պակսին նաեւ գաղափարները՝ երբ աչք մը նետենք մեր ամբողջ մատենագրութեան վրայ։ Վերջերս, պզտիկ գիրք մը ինկաւ ձեռքս՝ որուն խորագիրն է Histoire des idées françaises[6]Ֆ­րան­սա­կան գա­ղա­փար­նե­րու պատ­մու­թիւն։ Հե­ղի­նա­կը ան­ծա­նօթ է ին­ծի։։ Խորհեցայ պահ մը թէ կարելի՞ [է] նման գիրք մը գրել նաեւ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի արտայայտած գաղափարներուն մասին։ Կարելի էր ի հարկէ, բայց մեծ բան մը չէր կրնար ըլլալ։ Կրօնական ու քաղաքական քանի գաղափարներէ զատ՝ ոչինչ գրեթէ իմաստասիրական կամ գեղագիտական գետնի վրայ, մինչ գաղափարներու անսահման առատութիւն մը կը տեսնենք սկսեալ Rabelais-էն[7]ԺԶ. դա­րու վի­պա­սանն է,­Կար­կան­թի­ւայի հե­ղի­նա­կը (1483-1553)։, Montaigne-էն[8]Մի­շէլ դը Մոն­տէյն (1533-1592), Essais-նե­րու հե­ղի­նակ (Փոր­ձեր)։ մինչեւ Camus եւ Sartre[9]Ժան-Փոլ Սարտր (1905-1980)։ Սա­րա­ֆե­ան առ­հա­սա­րակ նկա­տի ու­նի գո­յա­պաշ­տու­թե­ան տե­սա­բա­նը եւ ոչ գրողն ու … Continue reading ֆրանսական գրականութեան մէջ։ Մեր մշակոյթը չի կրնար գոհացում տալ շատերուն, այս գետնի վրայ։
     Ու կը տեսնենք առաւելապէս ինքն իր վրայ կծկուած ժողովուրդ մը, մեկուսացած՝ իր եկեղեցիով, լեզուով եւ գիրով։ Եւ ստորազգացութիւն մը, օտարամոլութիւն մը նոյն ատեն կը տեսնենք այս մեկուսացման մէջ։ Մեր մտաւորականները զգուշացած են միշտ շփման մէջ մտնելէ օտար մտաւորականներու հետ։ Ունեցած են անոնց մեծութեան առջեւ ճզմուելու վախ մը։ Կամ ստորազգացութիւն մը ցոյց տուած են երբ մօտեցած են անոնց։
     Պատկերը տխուր կ’երեւայ երբ կը նայինք արտասահմանեան արդի գրականութեան։ Միջակութիւններ կը ծաւալին։ Վերջերս «հայեցի» գրականութեան պահանջ մը ձեւաւորուեցաւ։ Այսինքն՝ տալ գրականութիւն մը՝ որ բխի հայուն սրտէն եւ խօսի հայուն։ Լաւ մտածում մը՝ անշուշտ։ Բայց գրականութիւնը, ազգայնական այս դրօշակին տակ լճացում մը կը մատնէ դարձեալ, կը սահմանափակէ մեր մշակոյթը, կը մերժէ ամէն նորութիւն։ Գրականութիւն եւ արուեստը, այսպէս, ազգայնացումով, քիչ անգամ կրնան վեր գալ միջակութենէն։ Աժան եւ յորդառատ ազգայնականութիւն մըն է որ կը տեսնենք յաճախ։ Ազգային զգացումները շահագործողներ է որ կը տեսնենք շատ անգամ հրապարակի վրայ։
     Եւ այդ գրականութիւնը կը գոհանայ սահմանափակ իր հորիզոններով, առանց մօտենալու աշխարհը յուզող հարցերուն։ Ջաղացք մըն է որ կը դառնայ անցեալին պէս։ Կան տաղանդներ, անշուշտ, բայց շատեր յիսուն տարի ետ մնացած են կարծէք։ Ոչ միայն չենք տեսներ միջազգային հարցերը մեր արդի գրականութեան մէջ, այլեւ անոնք որ մերն են, այսինքն՝ մեր ազգային մեծ աղէտը քննելու, վերլուծելու, սխալները ճշտելու, նոր ուղիներ բանալու հոգերը։
     Բոլորիս ալ փափաքն է որ մեր գրականութիւնը ըլլայ «հայեցի», բայց ոչ այսպէս,այլ բարձր մակարդակով, ինչ որ չենք տեսներ։
     Կը տեսնենք դիւրամարս գրականութիւն մը եւ վէճեր ու կռիւներ կը լսենք յաճախ, բառեր եւ բառեր։
     Դժգոհները իրաւունք ունին մասամբ։ Քայքայման շրջան մը կ’ապրինք։ Եւ օտարութիւնը չէ միայն որ կը ցնցէ մեզ, այլ նաեւ հովը՝ որ կու գայ հայրենիքէն եւ բաժան բաժան կը բերէ[10]Բ­նա­գի­րը այս­պէս է, գու­ցէ վրի­պակ է եւ կար­դա­լու է «կ­’ը­նէ»։ մեզ՝ արտասահմանի մէջ։ Կասկած չկայ թէ, մնալով հանդերձ ազգային տուեալներու վրայ, տարբեր ըմբռնում մը ունին մշակոյթին մասին՝ մեր եղբայրները հայրենիքին մէջ։ Եւ այդ ըմբռնումը, յեղաշրջումի արդիւնք, տարածուած մասամբ նաեւ արտասահմանի մէջ, կը ջլատէ ուժերը։
     Դժգոհները իրաւունք ունին տակաւին երբ կ’ըսեն թէ ասպարէզ չկայ մեր իրականութեան մէջ եւ կը պակսին մշակոյթ մը ծաղկեցնելու նիւթական եւ բարոյական պայմանները, գրողներուն եւ արուեստագէտներուն շուրջ։
     Դժգոհները կ’աւելցնեն թէ մեր ժողովուրդը ետ մնացած է։
     Դժգոհները կ’աւելցնեն տակաւին թէ օտար մեծ ժոովուրդները կարեւորութիւն տուած չունին մեզի։ Չեն հետաքրքրուիր մեր մշակոյթով։ Եւ եթէ ոմանք կը գնահատեն մեր ճարտարապետութիւնը, ուրիշներ արհամարհանքով կը նային մեզի։
     Ահա, սիրելի՛ հայրենակիցներ, արդարացի դժգոհութիւններ։
     Բայց կը կարծեմ թէ իրաւունք չունինք այսքան ստորագնահատելու մեզ։
     Անշուշտ Հայաստանը Հելլադա մը չէ եղած, ոչ ալ Եգիպտոս մը։ Արձան մը չէ եկած մեր հողերուն խորէն, համաշխարհային արժէք մը տալու համար մեր մշակոյթին։ Ո՛չ Պղատոն ունինք եւ ոչ ալ Սոփոկլէս։ Պզտիկ կը տեսնենք մեզ՝ անշուշտ երբ նկատի կ՚առնենք Շեքսփիր մը, Կէօթէ մը, Հիւկօ մը, Վալերի մը[11]Paul Valéry (1871-1945), բա­նաս­տեղծ, մտա­ծող, Սա­րա­ֆե­ա­նի կա­նո­նա­ւոր յ­ղում­նե­րէն մին։, Ռեմպօ մը[12]Arthur Rimbaud (1854-1891).։
     Եւ սակայն ձայն մը կ’ըսէ մեզի մեր ներսէն թէ անարդար պիտի ըլլայինք եթէ այս անկիւնէն միայն նայէինք մեր մշակոյթին։ Ինչպէ՞ս կրնանք բաղդատել մեզ՝ օտար ժողովուրդներու հետ, որ քաղաքական անկախութիւն մը վայելած են դարերով, մինչ դարերով, բոլոր փոթորիկները անցած են մեր ժողովուրդին վրայէն։
     Ոմանք պիտի ըսեն անշուշտ թէ, եթէ խելացի եւ քաջ ժողովուրդ ըլլայինք, հաւանաբար այդ փոթորիկները չհալածէին մեզ։ Կրնայ ըլլալ։ Բայց բաց դուռ մը պէտք է ձգել նաեւ հոս։ Պէտք է խորհիլ աշխարհագրական մեր աննպաստ դիրքին՝ որ կը բացատրէ մեր շատ մը տկարութիւնները։ Պէտք է խորհիլ մեր քրիստոնէական կրօնքին որ, մէկ կողմէ մեզ հայ պահեց դարերու ընթացքին, բայց միւս կողմէ, պատճառ դարձաւ շատ մը կոտորածներու։
     Պէտք է խորհիլ թէ մեծ պետութիւնները երբեք համաձայն չեղան իրարու հետ, երբ մենք օգնութեան աղաղակներ կ’արձակէինք, իրենց կը դիմէինք այնքան հաւատքով։
     Գալով ազդեցութիւններուն, այս ազդեցութիւնները կը տեսնենք նաեւ օտար մեծ մշակոյթներու մէջ նաեւ։ Ֆրանսական ամբողջ մշակոյթը հիմնուած է յունականին եւ լատինականին վրայ։ Յունարէնի եւ լատիներէնի խառնուրդ մըն է մեծ մասամբ ֆրանսական լեզուն իսկ։ Մշակոյթ չկայ առանց օտար ազդեցութեան։ Բոլոր մշակոյթներն ալ պարտական են իրարու։
     Կասկած չկայ թէ այդ ազդեցութիւնները պիտի ըլլային մեծ՝ երբ քաղաքականապէս ենթակայ էինք մերթ Բիւզանդիոնին եւ մերթ Պարսկաստանին։ Աւելի վերջը, այդ ազդեցութիւնները պիտի ըլլային ռուսականն ու ֆրանսականը՝ Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ կեդրոններուն մէջ։ Բայց մեր մշակոյթը ծաղկած է շնորհիւ այդ ազդեցութիւններուն։ Եւ ազդուելով հանդերձ, անուրանալի է որոշ ինքնութիւնը՝ որ մեր ժողովուրդը դրած է իր մշակոյթին մէջ։
     Ընդունակ ենք առնելու եւ ձգտումը ունինք համամարդկային բան մը տալու։ Եւ այդ համամարդկայինը ներկայ է որոշ չափով մեր մշակոյթին մէջ։
     Ազդուող եղած ենք, բայց մարսող եւ իւրացնող՝ նոյն ատեն։ Զարմացած եմ միշտ մեր պզտիկ ժողովուրդին վրայ որ իր մէջ ձուլած է բացմաթիւ ցեղեր։
     Իրաւունք չունինք այդքան վար զարնելու մեր մշակոյթը, երբ նկատի կ’առնենք ժողովուրդը՝ իր դարաւոր ծանր պայմաններով։ Եւ որքան ալ դժգոհ ըլլանք, իրաւունք չունինք մանաւանդ հեռանալու մեր հայութենէն։ Ընդհակառակն, այս օրերուն է որ աւելի եւ աւելի պէտք է կառչած մնանք մեր ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթին։ Իրաւունք չունիք այդքան յոռետես ըլլալու։ Ձուլուին, անհետանան հաւանաբար շատ մը գաղութներ, բայց կայ ու կը մնայ հայրենիքը եւ Սուրիա ու Լիբանան, երկրորդ հայրենիքի մը պէս, կրնան ապրիլ տակաւին երկար ատեն, շնորհիւ իրենց հոծ զանգուածին եւ իրենց դպրոցներուն։
     Մեր դժգոհութեան դէմ կրնանք դնել շատ մը գոհացուցիչ տուեալներ։ Մեր լեզուն՝ ամենէն առաջ գրաբարը, իրապէս զմայլելի, առնական, հզօր, թանձր ու սրբատաշ՝ ինչպէս պատերն են մեր եկեղեցիներուն։ Աշխարհաբարը նաեւ, արեւմտահայերէնը, որ Վարուժանէն ի վեր, երթալով կը գեղեցկանայ։ Իսկ հոն, Հայաստանի մէջ, ուր այդ լեզուն կը խաթարուի մասամբ օտար բառերով, հոն, սիրելի՛ հայրենակիցներ, պէտք է ըսել թէ ունինք այսօր այն ինչ որ չենք ունեցած դարերէ ի վեր, համալսարան մը՝ հայերէն լեզուով։
     Ունինք մեր երգերը, պարզ, բարի, տխուր, այնքան հարազատ, այնքան հայկական որ կը խռովեն, կը յուզեն, կը գրաւեն մեզ իսկոյն երբ կը լսենք զանոնք։
     Կրնանք հպարտանալ տակաւին մեր ճարտարապետութիւնով, որ, իր կարգին, ազդեցութիւն ձգած է, կ’ըսեն, Բիւզանդիոնի եւ Եւրոպայի վրայ։
     Անվերապահ հիացումով կրնանք նայիլ մեր եկեղեցական երաժշտութեան, որ զարմացուցած է զիս յաճախ։ Բաղդատեցէք զայն լատին երգեցողութեան հետ եւ մեծ տարբերութիւն մը պիտի տեսնէք իսկոյն։ Լատինականին մէջ, ձայները վերացական են միայն, երկնային, աւելի իմացական քան թէ զգացական։ Մտածումի խաղաղութիւն, երանութեան հասած մարդու հոգեվիճակը մը կ’արտայայտեն։ Մերը, առաւելապէս աշխարհիկ, կեանքին կարօտով, ապրելու սէրով, տառապագին ծաւալում մըն է դէպի երկինք, խորապէս խռովիչ, բաբախուն եւ գեղեցիկ։ Կը ծաւալի հեծեծանքներով եւ յաղթանակներով կը վերջանայ միշտ, պէթովենեան երաժշտութեան մը պէս։ Տառապած, ճզմուած՝ բայց ապրիլ ուզող, լոյսն ու բնութիւնը սիրող, միշտ յուսացող ժողովուրդի մը խրոխտ երգեցողութիւնն է։ Մեծութիւն մըն է։
     Եթէ կանգ առնենք հոս պահ մը, եթէ նայինք մեր կրօնական երգերուն եւ հեթանոսական շրջանէն մնացած բանաստեղծութիւններուն, կը տեսնենք գլխաւոր նկարագիրը մեր մշակոյթին։
     Կը տեսնենք արեւին, լոյսին, բնութեան սէրը։ Կենսապաշտ մշակոյթի մը առջեւ ենք, ինչպէս նկատել տուած են ոմանք։ Այս կենսապաշտութիւնն է որ կը տեսնենք նոյնիսկ մեր եկեղեցական երգերուն մէջ, մահուան, ունայնութեան գաղափարին հետ։ Արեւին լոյսն ու գերբնական լոյսը ներկայ են միասնաբար, եւ այլափոխաբար, այսինքն՝ արեւը գերբնական լոյսն է եւ գերբնական լոյսը այլեւս։
     Ահա քրիստոնէութիւն մը՝ ենթարկուած մեր ազգային նկարագրին, ինքնատպութիւն մը, իմացական խորք մը։
     Հայ իմացականութիւնը պահած է իր ինքնութիւնը երբ այդ տարբեր ազդեցութիւնները կը սպառնային խեղդել զինք։ Պահած է իր ինքնութիւնը իսլամ աշխարհին առջեւ։ Որովհետեւ, հայ հոգին նկատի առած է ամենէն առաջ իր գոյութիւնը։ Եւ իր մշակոյթը կերտած է համաձայն ատոր։ Ըմբռնելի է թէ ինչո՞ւ մինչեւ այսօր ալ հայեցի գրականութիւն մը կը պահանջուի։ Կ’ուզուի ցեղին գոյութեան պահպանման յատուկ գրականութիւն մը, շատ աշխարհիկ՝ յաճախ, չըսելու համար իրապաշտ։
     Դարերու խորէն, աշուղներու շրջանէն եկող կենսապաշտ նոյն գիծն է կարծէք որ կը շարունակուի այսօր, մանաւանդ մեր գրականութեան արեւելեան հատուածին մէջ այնքան հայկական թէեւ նուազ գեղագիտական նաեւ։
     Աւելի շատ է արուեստին տրուած կարեւորութիւնը արեւմտեան հատուածին մէջ։ Բայց հոս իսկ, արտասահմանի մէջ անգամ, մեծ մշակոյթներու շուքին տակ, մեր գրականութիւնը կ’աճի առաւելապէս այդ աւանդական գիծով։
     Ու կ’ըմբռնէք անշուշտ առաւելութիւնն ու տկարութիւնը այդ գիծին։
     Մեր մշակոյթը, երկար քունէ մը վերջ, կ’արթննայ առասպելապէս հայրենասիրական նպատակներով։ Կը դառնայ յեղափոխութեան գործիքը։ Կը ծաղկի գաւառի գրականութիւն մը։ Միշտ ազգային ոգին է որ կը տիրապետէ։ Մեր ազգին գոյութիւնն է որ նկատի կ’առնէ։
     Եւ սակայն, կը յայտնուին արուեստագէտներ ալ։ Եւ Պետրոս Դուրեանէն մինչեւ Մեծարենց, Վարուժանէն մինչեւ Թէքէեան, մինչեւ մեր օրերը, եղած են եւ կան միջազգային արուեստներուն հետ քալող արուեստագէտ հոգիներ։
     Կ’անցնիմ այս բոլորին վրայէն արագօրէն ցոյց տալու համար թէ կայ ազգային մշակոյթ մը եւ մեր ժողովուրդը սիրած է զայն։ Եթէ արուեստներու պաշտամունքը չենք ունեցած ինչպէս ունեցած են հին յոյները իրեն Ապողոնով, մենք սիրած ու պաշտպանած ենք մեր մշակոյթը մեր գոյութեան համար իսկ։ Ու գտնուած են ամիրաներ որ չեն խնայած իրենց դրամը եկեղեցիներ եւ դպրոցներ կերտելու համար։
     Կայ այդ մշակոյթը, որ կը ձգտի լոյսին, կեանքին, ուրախութեան եւ երջանկութեան, կը ձգտի համամարդկային եղբայրութեան, մինչ իր արմատները կ’ոռոգուին ցեղին արիւնով, հերոսներու, նահատակներու, մտաւորականներու արիւնով։ Բազմաթիւ առաքեալներ եկած ու անցած են դարերն ի վեր։
     Կայ այդ մշակոյթը երբ կը նայինք Վենետիկին։ Կայ մշակոյթը երբ կը նայինք հրատարակուող գիրքերուն, այնքան առատ։ Գաղութներուն մէջ կը տեսնենք հարիւրէն աւելի թերթեր եւ պարբերաթերթեր, հանդէսներ։ Ստեղծագործ ժողովուրդի մը առջեւ ենք անկասկած։
     Կ’անցնիմ այս բոլորին վրայէն արագօրէն, ցոյց տալու համար թէ կայ ազգային մշակոյթ մը եւ այդ մշակոյթը կը քալէ շարունակ, հակառակ միշտ ծանր պայմաններուն։
     Այս է մեր համոզումը՝ երբ Հայաստանէն եկող գիրքերուն կը նայինք —բանահիւսութիւն, ուսումնասիրութիւն, վէպ, բանաստեղծութիւն աճումի մէջ են շարունակ։ Անուրանալի արժէքներու առջեւ ենք։
     Եւ ազգային արժէքներու տարածումը կը տեսնենք միջազգային ճակատներու վրայ։ Հայ երաժիշտներ, հայ երգիչներ, նկարիչներ, գրողներ տեղ կը գրաւեն հետզհետէ օտար դիրքերու վրայ։
     Յառաջդիմութիւն մը կրնանք հաստատել նաեւ արտասահմանեան մեր մշակոյթին մէջ, հակառակ առատ թշուառութիւններու։ Արձակին եւ բանաստեղծութեան որակին բարձրացումը կը հաստատենք ոմանց մէջ։
     Զանազան դպրոցներէ անցած է ֆրանսական բանաստեղծութիւնը։ Այդ դպրոցները չենք տեսներ անշուշտ մեր բանաստեղծութեան մէջ։ Աղքատ ենք գեղագիտական որոնումներով եւ մեր ժողովուրդը կը մերժէ կարծէք նորութիւնները։ Իրապաշտ՝ իր խորքին մէջ, այսինքն՝ աշխարհիկ, կը մերժէ այն ինչ որ հեռու է անմիջական կեանքէն։ Բայց եւ այնպէս ժողովուրդ մըն է որ տուած է անհամար բանաստեղծներ եւ բանաստեղծութիւնը իր գլխաւոր երակն է կարծէք։
     Իրաւունք չունինք այդքան ստորագնահատելու մեր մշակոյթը ինչպէս կը տեսնուի, տոկացող, աշխատող, տառապանքէն եւ յուսահատութենէն միշտ վեր ձգտող, իր աւերակները միշտ վերականգնող, ստեղծագործող ժողովուրդի մը առջեւ ենք։
     Կայ այդ մշակոյթը, բայց անբաւարար է։ Այս է որ կը զարնէ մեր աչքին այսօր երբ Եւրոպայի մէջ կ’ապրինք։
     Ահա ուր կը հասնինք երբ կը խորհինք։ Չենք կրնար ուրանալ մեր մշակոյթը։ Չենք կրնար հաշտուիլ նահանջի գաղափարին հետ ալ։ Եւ եթէ անխուսափելի է ձգտումը, մեր անհետացումը այս հողերուն վրայ, մեր մէջ կռուելու փափաք մը կը զգանք։ Նահանջենք, կ’ըսենք, բայց գոնէ կռուելով նահանջենք։
     Եւ սակայն, նահանջելէ աւելի, մեծ մշակոյթի պահանջն ու կարօտը կը զգանք։ Ահա մեր երիտասարդներուն ողբերգութիւնը, անոնց որ օտար համալսարաններ կը յաճախեն։
     Անշուշտ լուծում չունի աս ողբերգութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ըսելիքս այս էր, սիրելի՛ երիտասարդներ։ Պէտք է կառչած մնալ միշտ մեր մշակոյթին եւ եթէ կարելի է՝ բարձրացնել զայն։ Եթէ նոյնիսկ անհետանանք տարիներու ընթացքին, լաւ է որ քաղենք ամեն ինչ որ կարելի է քաղել օտար մեծութիւններէն եւ ժառանգել զայն Հայաստանին, որ պիտի ապրի անկասկած։ Եւ մեր, ձեր ձգած այդ իմացական ժառանգութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ մեր գալիք եղբայրներուն։
     Պէտք է պահեմ մեր հայութիւնը օտարութեան մէջ եւ բարձրացնել մշակոյթը՝ որքան որ կարելի է։
     Ահա, սիրելի՛ երիտասարդներ, այն ինչ որ կը սպասուի ձենէ։

***

     Մեծ դժուարութիւններ առջեւ ենք անշուշտ։
     Օտարութիւնը ամենէն մեծ դժբախտութիւն է անշուշտ։ Բայց կարելի է օգտուիլ այս դժբախտութենէն։ Քսանէն աւելի տարիներ առաջ, կը գրէի տեղ մը. «Օտարութիւնը դժբախտութիւն մըն է որ կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ»[13]Ակ­նար­կու­թիւն հա­ւա­նա­բար «Ազ­գայինն ու մի­ջազ­գայի­նը գրա­կա­նու­թե­ան մէջ» բա­նա­վէ­ճին առ­թիւ … Continue reading։ Այսինքն, միջոցներ կու տայ զարգանալու։ Բարիք մըն է իմացական գետնի վրայ։
     Ժիտ[14]­Սա­րա­ֆե­ան նկա­տի ու­նի Ա­նդ­րէ Ժի­տի (1869-1951) բա­նա­վէ­ճի Մօ­րիս Պա­ռէ­սի հետ (1862-1923), այս վեր­ջի­նիս Les … Continue reading խօսելով Պառէսի «Արմատախիլներ»ուն վրայ, կը խորհի թէ մտաւորականը աւելի մեծ կ’ըլլայ օտարութեան մէջ։ Պայքարն է որ կը մեծցնէ մարդը։ Ըստ Ժիտին, հովը որքան ուժգին փչէ, առագաստը այնքան աւելի կ’ուռի[15]Ա. Ժիտ կը գրէ. «plus le vent du dehors s’élève et plus se nécessite une forte envergure»., նշո­ւած հա­տոր էջ 7։ Սա­րա­ֆե­ա­նի ամ­բողջ այս … Continue reading։ Ընդհակառակն, շատ շուտ կը խամրին անոնք որ արմատուած կը մնան։
     Շատ ճիշդ չէ անշուշտ այս դատողութիւնը։ Անհրաժեշտ է հայրենիքը։ Անհրաժեշտ է համախումբ ժողովուրդը։ Ասոնց շնորհիւ է որ մեծ դէմքեր երեւան կու գան։ Ժիտ ինք իսկ, մեծ բան կը պարտի Ֆրանսային։
     Բայց եւ այնպէս որոշ ճշմարտութիւն մը կայ ըսածին մէջ։
     Երբ կը նայինք մեր ժողովուրդին, կը տեսնէք թէ ան դարերու ընթացքին, օտարութեան մէջ ապրելու, տոկալու եւ նոյնիսկ դիրքի հասնելու կարողութիւն ցոյց տուած է միշտ։ Չէ վախցած արմատախիլ ապրելէն։ Եւ հարկ կը տեսնեմ յիշելու հոս թէ ֆրանսացի եւ այլ ժողովուրդներէ աւելի հայը եղած է թափառող, որոնող այլազան հորիզոններու վրայ, աշխարհի զանազան եւ հեռաւոր մասերուն վրայ։ Կը կարծեմ թէ հոյակապ էջեր կարելի է գրել զանազան գաղութներու վրայ, ինչպէս օրինակ Հնդկաստանի գաղութը։ Հայրենասիրութիւն, ազգային ոգին վառ պահելու եւ մշակոյթը շարունակելու, հայրենիքը ազատագրելու խանդավառ աշխատանք մը պիտի տեսնենք գաղութներու այդ պատմութեան մէջ։ Օտար պայմաններու յարմարելու, օտար հողերու վրայ արմատուելու եւ նոյն ատեն արմատախիլ ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնը, հայրենաբաղձութիւն մը պահելու փրկարար ոգին պիտի տեսնենք, եւ հայրենասիրութիւն մը միշտ հազուագիւտ առաքինութիւն է։
     Բայց, հակառակ այս բոլորին, այս տոկունութեան եւ քարէն հաց հանող կամքին, գաղութներ անհետացած են։ Որոշապէս կը տեսնուի թէ անհրաժեշտ է կապ պահել միշտ հայրենիքին հետ։ Պէտք է պահենք այդ կապը։
     Կարելի է հետեւաբար յառաջդիմել օտարութեան մէջ՝ պահելով այդ կապը, պահելով աւանդութիւններն ու լեզուն մանաւանդ։ Կարելի է կազմակերպուած աշխատանք մը տանելով, այն ինչ որ կը պակսի մեր գաղութներուն մէջ։ Մտաւորականութեան այդ անկազմակերպութիւնը աղետաւոր եղած է մեզի։ Մտաւորականներն են որ ժողովուրդ մը ժողովուրդ կ’ընեն եւ մեր մտաւորականները քիչ անգամ լծուած են հաւաքական համերաշխ աշխատանքի մը՝ դպրոցներ բանալու եւ մշակոյթ տարածելու համար։
     Մեծ դժուարութիւններ առջեւ էք եւ մեծ զոհողութիւններ կը պահանջուին ձենէ։ Պէտք է որ սիրով տանիք այդ բոլորը յանուն մեր մշակոյթին։
     Պէտք է օգտուիլ մեր առջեւ բացուած օտար, հարուստ հորիզոններէ եւ մնալ հայ՝ նոյն ատեն։ Զարգանալով է որ կրնանք տոկալ մեծ մշակոյթներուն առջեւ։
     Աւելորդ չ’ըլլար եթէ իմ երիտասարդութիւնս յիշեմ պահ մը ձեզի։ Առաւելապէս օտար դաստիարակութեամբ մեծցած, երբ Փարիզ եկայ քսան տարեկանիս[16]Սա­րա­ֆե­ան Փա­րիզ հաս­տա­տո­ւած է 1923-ին, ծնած էր 1902-ին եւ ոչ ան­շուշտ 1905-ին, ի­նչ­պէս կը գրո­ւի հոս-հոն։, տարուած օտար լոյսերով, կ’անտեսէի մեր ժողովուրդն ու մեր մշակոյթը։ Բայց հետզհետէ, մօտեցայ անոնց։ Մօտեցայ մտքով եւ սրտով։
     Թափառելէ վերջ արուեստի ծայրագոյն սահմաններուն վրայ, ես զիս զգայուն գտայ յանկարծ մեր ժողովրդական երգերուն առջեւ։ Մօտեցայ մեր պատմութեան եւ իմ իրական ինքնութիւնս գտայ մօտենալով անոր։ Մեր ժողովուրդը տեսայ բարձր կարգ մը առաքինութիւններով։
     Կը մաղթեմ որ, սիրելի՛ երիտասարդներ, ուսանողներ, հասկնաք, աւելի հայանաք օտար համալսարաններու մէջ։ Եւ մեծցնէք այդ հայութիւնը։ Պարտադրէք զայն օտար աշխարհին, որ այնքան ալ շլացուցիչ պէտք չէ ըլլայ ձեր աչքին, մանաւանդ երբ ամբողջ աշխարհը տագնապի մէջ է եւ ցնցումի մէջ են շատ մը քաղաքակրթութիւններ, սնանկութեան մը առջեւ են։
     Այս ցնցումները կը տեսնենք մենք երեսուն տարիներէ ի վեր։ Ֆրանսական գրականութեան մօտէն հետեւողները կը տեսնեն թէ փլած են շատ մը հաւատքներ, յոյսեր, երազներ, որոնց վրայ հիմնուած էր քաղաքակրթութիւն մը։ Այդ քաղաքակրթութիւնը, բիրտ ուժին եւ նիւթին վրայ հիմնուած, եկած հասած է անելի մը առջեւ։ Քայքայում մըն ալ կայ օտար հորիզոններու վրայ ալ։
     Չեմ երկարեր։ Բաւական է գիտնալ թէ պէտք չէ շլանալ ի վերջոյ մեծ քաղաքակրթութիւններէն։ Այլ հպարտութեամբ նայիլ նոյնիսկ, հայու աչքով նայիլ, այսինքն՝ մեծ քաղաքակրթութիւններէն խաբուած, բայց իր խորքին մէջ իրաւացի, իր ազգային դատին մէջ արդար հայու աչքով՝ անիրաւուած ժողովուրդի մը աչքով։ Այս հպարտութիւնն իսկ կը մեծցնէ մեզ, որքան ալ թշուառ ըլլանք։
     [Ամբողջ աշխարհը իր քաղաքակրթութեան տագնապին մէջ է, երբ շատ մը մեծ երկիրներ իրենց խեղճութիւններով կ’երեւան։]
     Ձենէ ոմանք ստիպուին թերեւս օր մը օտար լեզուով արտայայտուելու կամ օտար ասպարէզներու մէջ փայլելու։ Անխուսափելի կ’երեւայ այս օտարացումը։ Բայց կրնաք միշտ հայ մնալ, ինչպէս է Սարոյեան մը, որ գրելով հանդերձ ամերիկեան լեզուով, հպարտ է իր հայութեամբ, եւ իր հայութիւնը կը պոռայ աշխարհին։ Եւ, միջազգային գետնի վրայ, մեր ժողովուրդը վարկ կը շահի անկասկած Սարոյեանով եւ նմաններով։
     Անուրանալի է այս վաստակը, բայց եւ այնպէս լաւագոյն է կառչած մնալ մեր լեզուին։ Եւ ինծի կը թուի թէ շատ աւելի լրիւ է արուեստագէտը երբ իր լեզուով կ՚արտայայտուի։ Եւ մեր լեզուն է որ ամէն բանէ աւելի կը սպասէ մեր գոյութեան պահպանումին, մեր յառաջդիմութեան։ Հոս է մեծութիւնը Սահակին եւ Մեսրոպին։ Ողնայար մը տուին անոնք մեր ժողովուրդին՝ տալով մեզի հայերէն տառերը։
     Ջանացէք կառչած մնալ այս տառերուն, որքան ալ զարգանաք։
     Հայ մնալը ամենէն դժուար բաներէն մէկն է այսօր, օտարութեան մէջ։ Հայ մշակոյթին լծուիլը շատ աւելի դժուար։ Զոհողութիւն եւ հերոսութիւն կը պահանջէ եւ շատեր տրամադիր չեն այդ զոհողութիւնը ընելու։ Իրենց կեանքին կը մտածեն, իրենց հանգիստին կը խորհին։
     Բայց պիտի ընէք այդ զոհողութիւնը։ Մօտեցէք մեր ժողովուրդին եւ մշակոյթին։ Կարդացէք անոր տառապագին պատմութիւնը։ Խորհեցէք ինկած անհամար հերոսներուն։ Պիտի տեսնէք թէ պէտք է զոհաբերուիլ մեր ժողովուրդին վերջնական յաղթանակին համար։

     Ու կը վերջացնեմ, սիրելի՛ հայրենակիցներ։ Կը վերջացնեմ աւանդական պատմութիւնով մը։ Կ’ըսուի թէ մեր Տրդատ թագաւորը ամէն տեսակ չարչարանքները տուած է Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ Լուսաւորիչը չէ մեռած։ Կենդանի մնացած է միշտ, հակառակ զարհուրելի չարչարանքներուն։ Ապրած եւ տարածած է իր լոյսը։
     Շատեր յիշած են այս պատմութիւնը, ցոյց տալու համար կենսունակութիւնն ու անմահութիւնը մեր ժողովուրդին՝ որ վերապրած է շարունակ։ Արդարեւ, ճշմարտութիւն մը կայ։ Չափազանցուած է պատմութիւնը։ Բայց մեծ ճշմարտութիւն մը կայ, երբ կը նայինք մեր ժողովուրդի պատմութեան [մէջ] իր մշտնջենական յարութեան։
     [Փակելէ առաջ սակայն՝ ուրիշ մեկնութիւն մըն ալ տալ Լուսաւորիչին, սուրբին վերագրուած այդ հրաշքին։ Կարելի է տեսնել անոր մէջ ճակատագիրը անոնց որ լոյսը կը տարածենք Անենք, մեր մշակոյթին ծառայող արուեստագէտները, բանաստեղծները, լոյսը կու տան հակառակ ամէն տառապանքի։ Մեր մշակոյթը կը պարտինք այս նուիրեալներուն։]
     Նոր նուիրեալներ պէտք են մեզի։

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 3

ԿԲ. ՏԱՐԻ, 2023 ԹԻՒ 1

References
1 Ն­կա­տի ու­նի ան­շուշտ վի­պա­սան, թա­տե­րա­գիր եւ մտա­ծող Albert Camus (1913-1960). Յ­ղու­մը գտա­նե­լի չէ ե­ղած ին­ծի։
2 Սա­րա­ֆե­ան «­Շա­հան Շահ­նուր» խո­րա­գի­րը կրող յօ­դո­ւած մը գրած է Փա­րի­զի «Ամ­րոց» թեր­թին մէջ, 1934-ին, ո­ւր խնդ­րոյ ա­ռար­կայ կը դարձ­նէ Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի վէ­պը եւ Յա­րա­լէզ­նե­րու դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը, տես Տե­սա­րան­նե­րը, մար­դիկ եւ ես, Ե­րե­ւան 1994, էջ 36-44։ Եր­կու գրող­նե­րու մի­ջեւ ե­ղած է նա­մա­կագ­րու­թիւն, սկ­սե­ալ «­Մենք»ի օ­րե­րէն, մին­չեւ Շահ­նու­րի ֆրան­սե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին գր­քի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Շահ­նու­րի նա­մակ­նե­րէն մէկ հա­տը լոյս տե­սած է Նա­մա­կա­նի­ին մէջ, հա­տոր Գ, Վա­թո­ւըր­թաուն, 2006, հրատ. Գ. Քէ­օ­սէ­ե­ան, էջ 117-119։
3 ­Հոս տե­ղը չէ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ո­գե­կո­չե­լու։ Ակ­նար­կու­թիւ­նը կ’եր­թայ Ա­զատ եւ Հրաչ Զար­դա­րե­ան եղ­բայր­նե­րու ֆի­զի­քա­կան յար­ձա­կու­մին, ա­պա նաեւ Չօ­պա­նե­ա­նի ե­լոյթ­նե­րուն «Ա­նա­հիտ»ի մէջ, 1937-ին, ո­րուն կը հա­կա­դար­ձէր Շահ­նուր «Ա­պա­գայ»ի մէջ։
4 Շահ­նու­րի վէ­պին, Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գըի ստեղ­ծած աղ­մու­կէն ան­դին Սա­րա­ֆե­ան նկա­տի ու­նի ան­շուշտ այն եր­կար գր­չա­պայ­քա­րը որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Փա­րի­զի տղոց շր­ջա­պա­տին մէջ ի­սկ մին­չեւ 1938։ Սա­րա­ֆե­ա­նի դա­սա­խօ­սու­թե­ան օ­րե­րուն տա­կա­ւին Շահ­նուր չէր կա­տա­րած իր վե­րա­դար­ձը, ո­րուն մա­սին ըն­թեր­ցո­ղը կը յ­ղեմ ի մի­ջի այ­լոց Ար­փիկ Մի­սա­քե­ա­նի յօ­դո­ւա­ծին, «Որ­պէս վկա­յու­թիւն», Սիրտ սր­տի, Փա­րիզ 1995, էջ 185-193։
5 Սա­րա­ֆե­ան նկա­տի ու­նի հա­ւա­նա­բար Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի Գրա­կա­նու­թե­ան հա­մար յօ­դո­ւա­ծա­շար­քը, լոյս տե­սած նա­խա­պէս «­Զո­ւարթ­նոց»ի մէջ (1929-1930), յե­տա­գային ա­ռան­ձին հա­տո­րով եւ նոյն խո­րա­գի­րով Ե­րե­ւան 1997, Գր. Յա­կո­բե­ա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թե­ամբ։ Տես նաեւ Ա­նգ­ղին կտու­ցին տակ, Պէյ­րութ 2008, էջ 101-140։
6 Ֆ­րան­սա­կան գա­ղա­փար­նե­րու պատ­մու­թիւն։ Հե­ղի­նա­կը ան­ծա­նօթ է ին­ծի։
7 ԺԶ. դա­րու վի­պա­սանն է,­Կար­կան­թի­ւայի հե­ղի­նա­կը (1483-1553)։
8 Մի­շէլ դը Մոն­տէյն (1533-1592), Essais-նե­րու հե­ղի­նակ (Փոր­ձեր)։
9 Ժան-Փոլ Սարտր (1905-1980)։ Սա­րա­ֆե­ան առ­հա­սա­րակ նկա­տի ու­նի գո­յա­պաշ­տու­թե­ան տե­սա­բա­նը եւ ոչ գրողն ու թա­տե­րա­գի­րը։
10 Բ­նա­գի­րը այս­պէս է, գու­ցէ վրի­պակ է եւ կար­դա­լու է «կ­’ը­նէ»։
11 Paul Valéry (1871-1945), բա­նաս­տեղծ, մտա­ծող, Սա­րա­ֆե­ա­նի կա­նո­նա­ւոր յ­ղում­նե­րէն մին։
12 Arthur Rimbaud (1854-1891).
13 Ակ­նար­կու­թիւն հա­ւա­նա­բար «Ազ­գայինն ու մի­ջազ­գայի­նը գրա­կա­նու­թե­ան մէջ» բա­նա­վէ­ճին առ­թիւ գրո­ւած «Ա­քա­ղաղ­նե­րը կ’եր­գեն» գրու­թե­ան, լոյս տե­սած «­Զո­ւարթ­նոց»ի մէջ 1929-ի­ն։ Սա­րա­ֆե­ա­նի չա­կեր­տած նա­խա­դա­սու­թիւ­նը տա­ռա­ցի ար­տագ­րու­թիւն չէ, գու­ցէ յի­շո­ղու­թե­ամբ վե­րար­տադ­րո­ւած է։ Յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը կար­դանք. «Այս սե­րուն­դը պէտք է գիտ­նայ բա­ցա­ռիկ բախ­տը որ ազ­գային դժ­բախ­տու­թիւ­նը տո­ւաւ ի­րեն՝ գաղ­թը», տես Տե­սա­րան­նե­րը, Մար­դիկ եւ ես, Ե­րե­ւան 1994, էջ 21-22։ Այս ա­մե­նէ մա­սին տես Ֆրան­սա­հայ գրա­կա­նու­թիւն 1922-1972, Նոյ­նէն Այ­լը, Խա­չենց-Փ­րին­թին­ֆօ-Ան­տա­րես, Ե­րե­ւան 2017։
14 ­Սա­րա­ֆե­ան նկա­տի ու­նի Ա­նդ­րէ Ժի­տի (1869-1951) բա­նա­վէ­ճի Մօ­րիս Պա­ռէ­սի հետ (1862-1923), այս վեր­ջի­նիս Les déracinés (Ար­մա­տա­խիլ­նե­րը 1894) վէ­պին մէջ յայտ­նո­ւող ազ­գայ­նա­պաշտ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­ան։ Շա­հե­կան է գիտ­նալ որ վէ­պին գլ­խա­ւոր հե­րո­սու­հին է Աս­տի­նէ Ա­րա­ւե­ա­նը, որ կը խորհր­դան­շէ յան­կու­ցիչ եւ դա­տա­պար­տե­լի Ա­րե­ւել­քը, ը­ստ Պա­ռէ­սի։ Բա­նա­վէ­ճը կը սկ­սի վէ­պին առ­թիւ գրո­ւած Ժի­տի յօ­դո­ւա­ծով, “A propos des “Déracinés” de Maurice Barrès”, André Gide, Essais critiques, Pléiade Paris 1999. Կ’ար­ժէ կար­դալ այս մա­սին Սա­րա­ֆե­ա­նի «Ար­մատ նե­տել» է­ջը, լոյս տե­սած նա­խա­պէս «Յա­ռաջ»ի մէջ, 1953-ին, տես Վէն­սէ­նի ան­տա­ռը, Փա­րիզ 1988, էջ 150-155։
15 Ա. Ժիտ կը գրէ. «plus le vent du dehors s’élève et plus se nécessite une forte envergure»., նշո­ւած հա­տոր էջ 7։ Սա­րա­ֆե­ա­նի ամ­բողջ այս պար­բե­րու­թիւ­նը միջգ­րու­թե­նա­կան կա­պեր ու­նի Ժի­տի յօ­դո­ւա­ծին հետ։
16 Սա­րա­ֆե­ան Փա­րիզ հաս­տա­տո­ւած է 1923-ին, ծնած էր 1902-ին եւ ոչ ան­շուշտ 1905-ին, ի­նչ­պէս կը գրո­ւի հոս-հոն։