Մենագրութiւնը նուիրուած է ֆրանսահայ բանաստեղծ, մտածող Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-1972)
ստեղծագործական ժառանգութեան։ Փիլիսոփայական, մշակութաբանական վերլուծութեան միջոցով ուրուագծուած
է քսաներորդ դարասկզբի հայ հոգեւոր միջավայրը, նկարագրուած է Սփիւռքի ձեւաւորման մտաւոր ընթացքը եւ
գաղափարական տարբեր ազդեցութիւններու որոշարկմամբ վերհանուած է Ն. Սարաֆեանի մտածողութեան
առանձնայատկութիւնները։ Յաւելուածին մէջ զետեղուած են Ն. Սարաֆեանի անտիպ մնացած որոշ էջեր։
Նախատեսուած է փիլիսոփայութեամբ, գրականութեամբ եւ հայ մշակոյթով հետաքրքրուողներու համար։