ԱՊԱԺԱՄ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ…

Գոյութեան իրաւունք ունի՞, Արտասահմանեան հայ կեանքի մէջ, «գրական շարժում» բացատրութիւնը – իբրեւ համապատասխան երեւոյթ կամ իրագործում: 
    Հարցական է: 
    Անձնապէս չենք հաւատար, թէ այդ «շարժում»ը կայ, – որովհետեւ՝ բառին ետեւ պարտաւոր ենք փնտռելու գաղութէ գաղութ հաստատելի իմացական պահանջներու, հետաքրքրութեան եւ գործօն դերակատարութեան փա՛ստը։ Եւ ցաւագին իրողութիւնը այն է, միշտ մեր անձնական կարծիքով, որ լռութեամբ սահմանափակ գօտիներու – մեր ժողովուրդը իմացական «ծարաւ» չզգար, մեր գրագէտներն ու մտաւորականութիւնը կը կազմեն բջիջային «դասակարգ» մը, եւ, ինչ որ հիմնականն է «շարժում»ի մը փաստական գոյութեան հաւատալու համար, հոգեկան ու մտաւոր որեւէ մնայուն կապ չկայ անհատ գրագէտին եւ զանգուած ժողովուրդին միջեւ: 
    Որբ է Հայ գրականութիւնը՝ շատ աւելի ողբերգականօրէն մերկ ու ցամաք է Հայ իրականութիւնը: – Մինակ է Հայ գրագէտը, գրեթէ շնչահեղձ է իր ներաշխարհին մէջ. լքումի եւ անզօր խռովքի մը մտրակումով կ’ապրի հետզհետէ աւելի խոր կը զգայ, թէ անարձագանգ տագնապանք մըն է իր երկունքը: Առօրեան այնքան ամլացուցիչ չափերով չի ճնշեր հաւանօրէն իր մտքին եւ հոգիին վրայ, որքան այն իրատես ու առարկայական անդրադարձումը՝ թէ իր ետեւ չունի «շարժում» մը հիմնաւորող հասարակաց, գոնէ միջին տարողութեամբ հետաքրքրութիւնը մեր ժողովուրդի: Կա՛յ «մատուցումը», – փոյթ չէ թէ յարաբերական չափով մը. սակայն չկայ «խնդրանքը», – գոնէ այն չափով՝ որ գրագէտը կարենար ձերբազատուիլ առանձին մնացած ըլլալու լլկիչ տպաւորութենէն։
    Մեր գրականութեան վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը ի յայտ կը բերէ յանուն իմացական արժանապատուութեան եւ մտաւոր կնանքի առկայութեան յայտարարուած լուռ բայց սրտառուչ պայքար մը.- Հայ մտքի եւ հոգիի գոյատեւման ոգորում մը։
    Հաւանաբար քիչեր միայն հաստատած ըլլան, հարիւր տարիներու այդ տեւողութեան մէջ՝ գործերէն, գրի ու բառի վերածուած ապրումներէն, երբեմն ողջունուած սակայն հասարակ ուրացուած իրագործումներէն մեզի փոխանցուած խռովքը Հայ գրագէտին ու բանաստեղծին: Իսկ այդ քիչերը վստահօրէն լրիւ ըմբռնած են՝ թէ ի՛նչ գնով ինքզինք եւ իր վաստակը մեր ժողովուրդին պարտադրելու քաջութիւնը – եւ յաջողութիւնը – ունեցած է ամէն մէկ քերթող կամ արձակագիր, ամէն մէկ մտքի մշակ կամ հոգիի սերմանող:
    Եթէ 1870-1940ական թուականներ ստեղծագործող գրական սերունդները ակօս մը ձգեցին իրենց ետին ու պատմութիւն մը շինեցին, 1940-1960ական քսանամեակի նորագոյնները, աւելի՛ քան նախորդները խորունկ ապրելով եւ տառապագին երկունքով մը թուղթին փոխանցելով հանդերձ իրենց հոգեկան ու մտաւոր տագնապանքը, բախտը չունեցան լսուելու կամ փնտռուելու. ո՛չ անշուշտ փառքի՜- եւ մեծարանքի պատուանդանի մը վրայ պահուելու, բայց գոնէ անպատասխան եւ անարձագանգ չմնալու համար: 
    Առնուազն բարեմտութիւն է – եթէ ոչ ցամաք եւ անպատասխանատու դատում – «արժէք»ի հարց յուզել այս պարագային:
    Ճիշդ պիտի չըլլար գրական ընդհանուր լճացումը բացատրել հայ գրագէտներու կամ բանաստեղծներու որակական անշքացումով, կամ այն հապճեպ եզրակացութեամբ՝ թէ անոնք չեն կրցած … «ժամանակին շունչը» դառնալ եւ իրենց գործին կշիռովը կախարդել բազմութիւնները։
     Ըսենք այստե՛ղ իսկ.- Որքան ալ համեստ եւ անշուք ըլլայ վերջին տասնամեակներու հայ գրական բերքը, իր կոչումին եւ իմացական արժանապատուութեան մէջ անդաւաճան մնացած է Հայ գրագէտը: Մղած է, ու այսօր ալ տակաւին կը մղէ – զարմանալի կենսունակութեամբ մը, ու գրեթէ հիացումի արժանի յամառութեամբ մը – «անկարելի պատերազմը» իմացական ու հոգեկան կեանքի մը, խեղդիչ ու հաշմող անտարբերութեան մէջ, ներքին սուզումներէ եւ՝ որոնումներէ խոյս տուող առարկայապաշտական արշաւի մը մէջ, օրը օրին ապրելու նիւթապաշտական դաւանանքի մը ջլատիչ, սիրտ ու հոգի բզկտող մթնոլորտին մէջ, ու տակաւին վիճակներու եւ երեւոյթներու մէջ՝ որոնք կը մղեն մեզ երբեմն հաւատալու, թէ Հայութիւնը հրաժարած է զինք կեցուցանող, զինք պատուհասներու եւ քանդիչ փոթորիկներու դէմ անխորտակ դարձնող ներանձնական ուժէն, – մշակոյթի ոգիէն:

Ճիշդ պիտի չըլլար գրական ընդհանուր լճացումը բացատրել
հայ գրագէտներու կամ բանաստեղծներու որակական
անշքացումով, կամ այն հապճեպ եզրակացութեամբ՝ թէ
անոնք չեն կրցած … «ժամանակին շունչը» դառնալ եւ
իրենց գործին կշիռովը կախարդել բազմութիւնները։

    Աննախընթաց տագնապը, զոր կ’ապրինք «իմացական շարժում»ի կամ «գրական կենսունակութեան» մը չգոյութեան ճամբով, – հետեւանք է մանաւանդ կեանքի այն նոր պայմաններուն, որոնք վիճակուեցան հայութեան՝ մասամբ մե՛ր իսկ ցեղային ինքնագոհութեան, ու առաւելապէս աշխարհաքաղաքական – ընկերային տնտեսական – հոգեբանական ազդակներու բերումով: 
    Մեր ժողովուրդի «ցեղային» ո՞ր «ինքնագոհութեան» մէջ պիտի փնտռենք մասնակի պատճառը՝ ներկայ ժամանակներու գրական շարժումի եթերային գոյութեան: 
    Պիտի փնտռենք կրաւորականութեան եւ ենթակայութեա՛ն այն հոգեվիճակին մէջ, որ հայոց պատմութեան մէջ նոյնքան բրտօրէն ցայտուն է, որքան ըմբոստութեան եւ անկախութեան ոգին, որքան յեղափոխական եւ թմբիրամերժ խառնուածքը: 
    Չենք երթար ետ, թուականներէն ու պատմական դարաշրջաններէն վկայութիւններ բերելու համար մեր այս հաստատումին: Կ’արձանագրենք պարզապէս, որ հայ հոգիի բնորոշ գիծերէն մէկը եղած է նաեւ ինքնագոհութեան զգացումը, – ֆիզիքական գոյութեան մը ապահովութեամբ ապրելու դաւանանքը, հետեւանք՝ նո՛յնքան պատմական այն միւս իրողութեան, որ մշտական գաղթականութիւնն է, յաւիտենական որբութիւնը եւ զրկանքը, ողբերգական առանձնութիւնը՝ անբարոյ աշխարհի մը մէջ։ 
    Մենք շա՛տ կը սիրենք խօսիլ մեր գոյութեան խիզախ մարտնչումներուն մասին, ստրկական կեանքի դէմ խրոխտ ծառացումներուն մասին, օտար կամ թշնամի լուծերու դէմ հրաշալի խոյանքներուն մասին – որոնք իրողութիւններ են։
    Չենք խօսիր սակայն ստրկամտական այն վիճակներուն ու նո՛յնքան իրական այն կրաւորականութեան մասին՝ որոնք դարէ դար արիւն ու ոսկոր դարձած են հայ մարդուն մէջ, ու այսօ՜ր ալ, տակաւին, կա՛ն ու կը մնան՝ շատերու համար իբրեւ հանգանակ կեանքի եւ ֆիզիքական ապահովութեան: 
    Հաւաքական գոյութեան որեւէ անկիւնադարձի, կամ կեանքի ու մահուան որեւէ հարցականի առջեւ։ Հայութեան այս երկու եւ նոյնքան իրական նկարագրային գիծերը շեշտօրէն ի յայտ են եկած։ – Եւ եթէ այսօր «ընդ հուր եւ ընդ ջուր» անցնելու տագնապանքը չէ փորձաքարը ազգային մեր կամքին, անժխտելիօրէն իմացական աղքատացումի եւ մտաւոր սնանկութեան վտա՛նգն է, զոր դժբախտաբար կ’անտեսենք կամ կասկածի կ’ենթարկենք, պարզապէս» մռայլ հեռանկարի մը դէմ զինուելու, զայն քաջօրէն ու մշակոյթի տէր ժողովուրդի մը վայել առուգութեամբ դիմակալելու ներքին-ենթակայական անզօրութեամբ

Մենք շա՛տ կը սիրենք խօսիլ մեր գոյութեան խիզախ
մարտնչումներուն մասին… Չենք խօսիր սակայն
ստրկամտական այն վիճակներուն ու նո՛յնքան իրական
այն կրաւորականութեան մասին՝ որոնք դարէ դար արիւն
ու ոսկոր դարձած են հայ մարդուն մէջ…

    Մեր հաստատումը միակ ու ամբողջական պատճառը չէ անշուշտ մեր ժողովուրդի իմացական կամ գրական պահանջներու ցամաքումին: Սակայն, ամենէն խորունկ ու իրական աղբիւրներէն մէկն է։
    Կարելի չէ ժխտել այն փա՛ստը, որ՝ ծագէ ծագ ու հեւասպառ վազքով իր առօրեան ապա հովելու հնհնուքը ապրող մեր ժողովուրդը, սերունդէ սերունդ կը տժգունի մտքի ու հոգիի իր ծարաւին մէջ. կ’առարկայանայ. օրէ օր կը գոհանայ «հացիւ», իր ինքնութիւնը երկրային սնունդներու հետամտութեան մէջ միայն արժեւորելու խթանումով մը, – տարբեր խօսքով՝ պարպուելով հետզհետէ հայութեան առհաւական հոգեպաշտութենէն, օտարանալով իմացական ու մտաւոր այն ներքին իրականութիւններուն՝ որոնք իր մէջ ազգային գոյատեւումի մը իսկութիւնը կ’ամրացնէին, եւ զինք անխաթար կը պահէին՝ իբրեւ Հայաստանեայց ժողովուրդ, բառին ամենէն հարազատ ու ամբողջական առումովը: «Կլիմայ» մըն էր Հայկ. Արտասահմանը, մինչեւ 1940ական թուականները, ցեղին բոլոր յաւերժական ձգտումներովը, ներքին պահանջներովը, դէպի պատմական ակունք հոսող յորձանքներովը, հետեւաբար՝ նաեւ՝ ինքնագոյ հաւաքականութիւն մը մնալու գրեթէ բնազդական պայքարներովը: Ձեռնթափութեան եւ դասալքութեան յաճախանքը, մտքերու եւ հոգիներու մէջ, թո՛յն էր եւ վանելի տրամադրութիւն: Հաշտ չէինք «պատշաճելու» այն իրատեսութեան հետ, որ իմաստութի՛ւն հռչակուած է այսօր: Կը պատուաստուէինք, առանց մեր ինքնութիւնը վրայ տալու: Կը ներդաշնակուէինք, առանց մեր հոգեկան անկախութիւնը գին վճարելու: Այսօր, ո՛չ միայն մեր ուժէն ու կամքէն վեր, ճակատագրական եւ անյաղթահարելի ազդակներու բերումով է, որ կ’ընկրկինք եւ կը դանդաչենք, այլեւ՝ որոշապէս «մտածուած», գիտակցական, հաշուըած ենթակայութեամբ մը.- Մտաւոր ամէն լարում եւ հոգեկան ամէն սուզում վանելով, մերժելով իմացական եւ գրական ամէն ճիգ, – մեղանչում պիտի չըլլար ըսել՝ «հրաժարելով Հայութենէ»: 
    Ընկերային դաստիարակութեան տէր ու մշակութային ժառանգութեան մը պահպանումին կոչուած ոեւէ ժողովուրդ – ինչպիսին է Հայը, կը հաւատա՛նք մենք պարտաւորութիւնը ունի, պատասխանատուութի՛ւնը պէտք է զգայ, նոյնիսկ դժխեմ պայմաններու մէջ եւ անժխտելի բացասական պարագաներու տակ, անտէր ու որբ չձգելու գրական եւ իմացական կեանքի իր մշակները: Հանապազօրեայ հացին չափ չենք ըսեր, սակայն այդ հացի կողքի՛ն՝ որոշ տեղ տալով մտքի ու հոգիի սնունդին, որքան ալ վտիտ կամ համեստ ըլլայ տրուածը, որքան ալ ծանր եւ անմարսելի թուի ան իրեն՝ ժամանակի, ընկալչութեան կամ ընտանութեան տեսակէտով: Կը թօշնի, կը քայքայուի ու կը փոշիանա՛յ այն ժողովուրդը, որ կը մերժէ գիտակցական ճիգը՝ մարզուելու մտքով ու հոգիով, ճանչնալու անհատական ու ցեղային իր ներաշխարհը, իր մտաւորականութեան տագնապանքն ու ապրումները, ու տակաւին բոլոր այն անանուն եւ անծանօթ խռովքները՝ որոնց արձագանգելու կոչումը ունին իր մեծ թէ խոնարհ զաւակները: 
    Պարզ կը դառնա՞յ, բոլոր այս արագ հաստատումներու ընդմէջէն, ախտաճանաչումի այն փորձը, զոր կ’ուզենք ընել։ Բաւարար յստակութեամբ ի յայտ կու գա՞յ դարմանելի բաժինը իմացականօրէն ու գրականօրէն ցամաք այն իրականութեան, զոր կը պարզէ հայ կեանքը, Հայութեամբ հոծ ու հայօրէն կարենալ ապրելու ի վիճակի շրջաններու մէջ առնուազն: 
    Հաւանական շփոթանքները փարատին հաւանօրէն, եթէ աւելցնենք նաեւ հետեւեալը.- Մենք անոնցմէ ենք, որոնք կը հաւատան՝ թէ դրական եւ իմացական շարժումները, որքան պահանջի նոյնքան եւ մասնաւոր ճիգի ու վարժութեան կը կարօտին: Ծարաւը չէ՛ միայն, որ մեզ ատակ կը դարձնէ որբութենէ փրկելու հայ գրագէտն ու մտաւորականը, այլեւ պատասխանատուութեա՛ն զգացումը. այն խոր գիտակցութիւնը, թէ գրագէտը չէ միայն, որ գրական շարժում կը ստեղծէ, այլեւ ու մանաւանդ՝ ընթերցո՛ղը, ընթերցող զանգուածներու հետաքրքրութիւնը եւ հետեւողականութիւնը: Անկարելի է արժէքներու յայտնաբերումը եւ անոնց տաղանդին ու խոստումներուն լրիւ պտղաբերումը, որքան ատեն որ գրագէտը իր բարոյական հեղինակութեան տակ պահող ժողովուրդ մը չունինք: Բացառիկ երեւոյթ է անհատական քաջութեամբ եւ անձնական անխորտակ խառնուածքով հայ գրագէտներ ողջունել Արտասահմանեան հայ իրականութեան մէջ։ Հաւանօրէն տարբե՜ր ըլլար պատկերը, եթէ հայրենի հողը ըլլար մեր ոտքերուն տակ, կամ՝ 1890-1913ի քառորդ դարու Պոլսահայութիւնը ըլլար մեր շուրջ, ընկերային, մտաւոր ու քաղաքական իր մթնոլորտով: 
    Եթէ կ’ուզենք դրական շարժում եւ իմացական ընդհանուր կենցաղ ստեղծել այսօրուան Սփիւռքին մէջ, պիտի ընե՛նք այդ ճիգը, պիտի յօժարի՛նք այդ վարժութեան, գրագէտին ու հանրութեան միջեւ հոգեկան այս անմիջական կապը պիտի գոյաւորե՛նք անպայման: 

* * *

Հիմնովին տարբեր են աշխարհաքաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ հոգեբանական այն բոլոր ազդակները, որոնց կ’ակնարկէինք քիչ անդին, գրական ու իմացական շարժումի մը չգոյութեան իբրեւ հիմնական պատճառ ցոյց տալով՝ մեր կամքէն անկախ, ճակատագրական վերիվայրումներ, որոնց ենթակայ կը մնայ տարասփիւռ Հայութիւնը:   

…դրական եւ իմացական շարժումները, որքան պահանջի
նոյնքան եւ մասնաւոր ճիգի ու վարժութեան կը կարօտին…
գրագէտը չէ միայն, որ գրական շարժում կը ստեղծէ,
այլեւ ու մանաւանդ՝ ընթերցո՛ղը, ընթերցող զանգուածներու
հետաքրքրութիւնը եւ հետեւողականութիւնը:

    Ո՛չ ոք կրնայ ժխտել ժողովուրդի մը ընկերային ընդհանուր կեցութեան ուղղակի եւ ուժեղ անդրադարձումը՝ անոր իմացական կեանքին մէջ: Այս տեսակէտով, մենք մեր մտաւոր կեանքի ամենէն մռայլ մէկ շրջանն է որ կ’ապրինք: 
    Ու չենք կարծեր, որ գտնուի ոեւէ հայ մարդ, որ անգիտանայ՝ թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս եւ տակաւին ի՞նչ աննպաստ շրջափոխութիւններով յղի եղան մեր ժամանակները, Հայկական Արտասահմանի բոլոր հորիզոններուն տակ։
    Համախումբ ու կազմակերպ մեր գաղութները, քաղաքական եւ տնտեսական անակնկալ վիճակներու բերումով, իսկ Արեւմտեան գօտիներու յարաբերաբար կայուն ու ապահով շրջագծին մէջ ապրող մեր ժողովուրդը՝ իրեն վիճակուած ընկերային շատ աւելի դաւադիր պայմաններու հետեւանքով, կը պարզեն գրական ու իմացական ճիգերու համար գրեթէ ողբերգական իրավիճակ մը։ Ձուլումի երախները փակել, – կը թուի անկարելի փորձ ու նոյնիսկ ծիծաղելի յանդգնութիւն: Խորթացումի եւ օտարացման զառիթափերը վերածել գէթ փրկութեան կածաններու՝ համազօր կը թուի ցնորքի եւ ինքնախաբութեան: 
    Բոյնե՜ր շիներ էինք, ու «կ’երգէինք»: Խորշակը եկաւ ու քանդեց զանոնք։ 
    Նո՛ր բոյներ շինելու յամառութիւնը ցոյց կու տանք, եւ ճիգը կ’ընենք վերստի՜ն երգելու: 
    Անկարելի այս նոր «պատերազմը» մղելով հանդերձ, սակայն, չենք կրնար յանձնուիլ ապահով յաղթանակի մը երազին: 
    Հայութիւնը, իր պատմութեան ամենէն խաւար եւ անկարեկիր շրջաններուն մէջ իսկ՝ լոյսի եւ կեանքի օճախներ վառեր է լեռնային կածաններու վրայ կամ անապատներու մէջ։ Տատաներ է՝ բայց չէ ընկղմեր: 
    Այսօր, սակայն, անհամեմատօրէն ծանր է տագնապը՝ զոր կ’ապրի, որովհետեւ Հայութեան էատարրերու անարիւնութիւն մը վարակած է իր ներաշխարհը
    Աշխարհի ամենէն հզօր բռնատիրութիւններն իսկ չկրցան մեզ մեր ինքնութեան մէջ խորտակել, – սակայն աշխարհի ամենէն հզօր ազատականները՝ մեր մէջ կրցան սնունդ ու աւիշ տալ անձնատուութեան ախտին, ստորադասութեան պատուհասիչ զգացումին, ու սեփական փառքերը օտար հարստութիւններուն զոհելու «իրատեսական» համակերպումին: 
    Հո՛ս, այս աղիտալի իրողութեան մէջ, մենք գրեթէ անզօր դարձած ենք այսօր: Ու թէեւ զինաթափ չըլլալու գերագոյն փորձը կ’ուզենք ընել ազգովին, չենք յաջողիր սակայն խորտակելու թումբերը, որովհետեւ տարբե՜ր նոր սէրեր, տարբե՜ր նոր պահանջներ, տարբե՜ր նոր փառքեր, տարբե՛ր նոր ձգտումներ, տարբե՜ր նոր տկարութիւններ եւ հիւանդագին հակամիտութիւններ մեզ մղած են մշակութային եւ իմացական ամէն կռուան երկրորդելու՝ շատ աւելի աժան ու դիւրին նուաճումներու… 
    Կրնա՞ք հերքել այն հաստատումը՝ թէ մենք, այսօր, աւելի «տիրացո՛ւ» հաւաքականութիւն ենք, քան «ազգ» եւ ընկերային գիտակցութեան տէր ժողովուրդ: 
    Կրնա՞ք ժխտել այն փաստը, որ՝ հանրային մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, նուազ կամ առաւել չափով կազմակերպուեցանք, սակայն լուրջ որեւէ փորձ չըրինք կազմակերպելու իմացական եւ մշակութային մեր կեանքը:
    Պատասխանատուութենէ խուսափող, մեղապարտ հոգեբանութեան տէր մարդոց ծիծաղելի արդարացում է ըսել, թէ «հայ մտաւորականութիւն, հայ գրագէտ եւ բանաստեղծ արժանի չեղան իրենց կոչումին» … Մինչ իրականութիւնը ա՛յն է, որ մենք, իբրեւ Հայութիւն, չուզեցինք ու չկրցանք հայ գրագէտին եւ մտաւորականին համար ստեղծել այն ենթահողը՝ որ կարելի պիտի դարձնէր տանելի եւ մարդկօրէն հանդուրժելի պայմաններու մէջ լրիւ նուիրուիլ ստեղծագործ աշխատանքի եւ ծառայել ամբողջական գրականութեան
    Հարիւրաւո՜ր աղօթատեղիներ կառուցեց Հայութիւնը. վարժարաններ շինեց. ակումբներ եւ մարզադաշտեր բացաւ. հաճոյքի ու ժամանցի վայրեր ապահովեց…: 
    Սակայն՝ չկրցաւ տնտեսապէս ապահով եւ լրիւ չափով ձեռնտու որեւէ Հրատարակչական հիմնել, որպէսզի հայ գրագէտը ապաւէն մը գտնէր իր գործերը ո՛չ միայն հրատարակուած տեսնելու, այլեւ տարածելու զանոնք, վաճառելու այնպէս՝ ինչպէս վայել է Մշակոյթի եւ Գրականութեան ճակատագիրը ազգովին հովանաւորող հաւաքականութիւններու: 
    Օ՜, գիտենք, գիտենք… 
    Պէյրութէն ու Իրանէն մինչեւ Արեւմտեան ափեր «հրատարակչականնե՜ր» հաստատուած են, մէկուն ու միւսին անձնական նախաձեռնութեամբ: – Եթէ անոնք ալ չըլլային, հաւանօրէն յարդ ծամէինք այսօր… 
    Մեր խօսքը տպագրող հրատարակիչներու մասին չէ, այլ Հրատարակչական Հաստատութիւններո՛ւ կամ Հաստատութեան մը, որ ի վիճակի պիտի ըլլար երկրէ երկիր ու գաղութէ գաղութ ցանց հիւսելու, հայ գիրքը հասցնելու հայկական երդիքներու, ի հարկին շրջուն գործիչներով ապահովելու ընթերցող հասարակութեան մը գոյաւորումը, առանց ակնկալելու՝ որ… ինք, հայ մտաւորականը, աղերսարկու դառնայ կամ «խնդրանք» որոնէ ծագէ ծագ, յաճախ նաեւ նուաստացուցիչ վերաբերումի առարկայ դառնալով: 

չուզեցինք ու չկրցանք հայ գրագէտին եւ մտաւորականին
համար ստեղծել այն ենթահողը՝ որ կարելի պիտի դարձնէր
տանելի եւ մարդկօրէն հանդուրժելի պայմաններու մէջ լրիւ
նուիրուիլ ստեղծագործ աշխատանքի եւ ծառայել ամբողջական գրականութեան: 

    Կրնա՞ք ուրանալ, թէ չգտնուեցաւ հայ մեծահարուստ մը, որ ասպարէզ իջնէր ու պայման դնէր իր կէս կամ մէկ միլիոնը միմիայն ու բացառապէս յատկացնելու՝ հայ գրագէտը եւ հայ մտաւորականը նիւթապէս ինքնապահ դարձնելու գնով գրական երկունքի եւ աշխատանքի լծելու նպատակին: 
    – Հապա ի՞նչ ըսել Պարոնեաններուն, Օտեաններուն, Վարուժաններուն, ու այն «բիւրք բիւրոց»ին, որ տաժանագին պայմաններու մէջ եւ յաճախ պատառ մը հացի կարօտ՝ ստեղծագործեցին, ծառայեցին Հայութեան ու մեռան «բաց կոպերով»…, պիտի ըսեն հիմա՝ մեզմէ աղէկները… 
    … Անշուշտ առանց անդրադառնալու, թէ անոնք, այդ սերունդները, նորագոյններէն շատ աւելի բախտաւոր էին, ու կեանքը եւ ստեղծագործական պայմանները անհամեմատօրէն տարբեր պահանջներով կը զարգանային այդ օրերուն: 
    Հիմա, ամէն ինչ ըսելու հարկը չենք տեսներ: Եւ կը կարծենք, թէ գրական պատմաշրջաններու տարրական ճանաչում մը բաւ է, այս կարգի փաստաբանութիւններ ժամանակավրէպ եւ անտեղի հիմնաւորում նկատելու համար: 
    Մէկն ու միւսը մեղադրելու նպատակով չէ, որ ըրինք այս հաստատումը: Այլ պարզապէս ըսելու համար, թէ մենք, հայ ժողովուրդ, ամէ՛ն տեղ՝ ամէ՛ն բան լաւ սերտելով հանդերձ, գրական եւ իմացական շարժում ստեղծելու նախատարերքը կամայ-ակամայ անտեսեցինք, ու այսօր միայն, երբ ջուրը ջաղացքն է տարած, մետասաներորդ վայրկեանի ճիգը կ’ընենք ջախջախը փրկելու…։

* * *

Շա՞տ յոռետես եղան մեր խորհրդածութիւնները: 
    Ուրիշներ կրնան աւելի լաւատես ըլլալ։ Մենք ա՛յսպէս կը տեսնենք՝ ա՛յսպէս կը հաւատանք: 
    Եւ պատրաստ ենք Լացի Պատ երթալու եւ քաւելու մեր սխալը, եթէ մէկը կարենայ համոզել մեզ՝ որ մեր ակնոցը սեւ է… . 

(Թիւ 2, 1968)