ՄՇՈՒՇԷՆ ԱՆԴԻՆ Զահրատ. Բանաստեղծութիւն Խմբագիրներ՝ Ե.Փ. Թովմասեան - Սեւան Տէյիրմենճեան

ՄՇՈՒՇԷՆ ԱՆԴԻՆ
Զահրատ.
Բանաստեղծութիւն
Խմբագիրներ՝ Ե.Փ. Թովմասեան – Սեւան Տէյիրմենճեան

Արաս հրատարակչատուն
Պոլիս, 2022

Զահրատ (1924-2007), որ Ի. դարու հայալեզու քնարերգութեան իր դրոշմը ձգած արդիաշունչ ու իւրայատուկ անուններէն մէկն է, յետմահու կը շարունակէ քաղցր անակնկալներ մատուցել զինք սիրողներուն։ Կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ գրողի թողօնէն հանուած ձեռագիր մասունքներու վրայ բծախնդիր աշխատանքի մը արդիւնքին ի մի բերուած Զահրատի առաջին շրջանի բանաստեղծութիւնները թերեւս քերթողը դէպի ապագայ մեծ բանաստեղծը առաջնորդող առաջին աստիճաններն էին։ Մշուշէն անդին, որ մամուլի մէջ ցրուած քանի մը քերթուած ալ կը պարունակէ, անկասկած պիտի խանդավառէ Զահրատի սիրահար ընթերցողները։