ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՀՈԳԵՎԱՐՔԸ Զապէլ Եսայեան. Վկայագրութիւն Խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՀՈԳԵՎԱՐՔԸ
Զապէլ Եսայեան.
Վկայագրութիւն
Խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան

Յառաջաբանը՝
Մարկ Նշանեանի
Արաս հրատարակչատուն
Պոլիս, 2022

Զապէլ Եսայեան 24 ապրիլ 1915ի վաղորդայնին շրջան մը ընդյատակ քաշուելէ ետք կ՚անցնի Պուլկարիա։ 1917ին ան Կովկաս էր արդէն, ուր կը հանդիպի որպէս գերմանացի սպայի մը թարգման Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Պաքու ապաստանած Հայկ Թորոյեանին։ Ան Եսայեանին կը պատմէ Փոքր Ասիայէն ու հայաշատ գաւառներէն Միջագետք աքսորուած հայերու վիճակը։ Մեծ Եղեռնի այս առաջին վկայագրութիւնը լոյս կը տեսնէ Գործ հանդէսին մէջ։ Ժողովուրդի մը հոգեվարքը սահմռկեցուցիչ տեսարաններ կը պարզէ ընթերցողներու աչքին առջեւ, կը ներկայացնէ հոգեվարքը ամբողջ ժողովուրդի մը, որ իր իսկ հայրենիքի տարածքին ու Սուրիոյ անապատներուն վրայ կը զոհուէր տասնեակ հազարներով։ Եսայեան խուսափած է հայ ժողովուրդի օրհասական այս տառապանքը գրականութեան նիւթի վերածելէ՝ անոր մօտենալով ամենայն պարզութեամբ ու ակնածանքով։ Ընթերցողը հոն պիտի գտնէ քաղաքակիրթ ազգի մը վերջին օրերու անպատմելի պատմութիւնը։ Որպէս յաւելուած հրատարակուած է «Գրագէտի մը յիշատակները», ուր Եսայեան կը պատմէ Ապրիլ 24ի շրջանին Պոլիս գտնուող մտաւորականի մը (ի՛ր) ձերբակալուելու վախը, հոս ու հոն թաքնուիլը եւ վերջապէս փախուստը։