Կարօ Արմենեան

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

արմատ մը նոր

գիշերուան մէջ

պիտի ծնի

խենթ ու տկլոր

արմատ մը նոր

իր ոչինչէն

առնէ մարմին

հողերն են որ դարձած շրթունք ծծել կ’ուզեն հիւթն այս մաքուր

գինովութեամբ կը փնտռեն ջուրն ամեհի երկինքներուն

թող բոցավառ լեզուներուն ծարաւն անհուն քսուի երկրին

մառախուղներն այս վիթխարի ծովեր դառնան ու հեղհեղուին

տանիքներէն մինչեւ կողերն արգասաւոր

իջէք շանթեր կայծեր տուէք ալեկոծուած այս անտառին

իջէք գետեր ու լոգցուցէք խելագարած այս ծերունին

ծիծերն ահեղ ու լեփլեցուն թող պատռուին ու կեանքն յորդի

կաթիլներուն շոգեմշուշ սարսռանքէն

ու բերկրանքէն

մարմին մը նոր

պիտի ծնի

ծառերն այս գիրգ ու կենսարբու

տեսէք ինչպէս

ինչ խենթութեամբ

կ’իջնեն մինչեւ ծուծը հողին

տեսէք ինչպէս մատներն իրենց կը կարկառին

տաք արեւին

տեսէք ինչպէս քնաթաթախ մարմինն այս խուլ

կը պրկուի ու կ’արթննայ

տեսէք ինչպէս արմատն այս պինդ

կը հրճուի ու կ’ամրանայ

տեսէք ինչպէս կեանքն այս տոչոր կ’արհամարհէ իր ընտանին

կը փնտռէ կոչումն իր նոր

իր պատեանէն դուրս կը սողայ

ու բեղմնառատ իր արգանդէն

ընդերքներէն իր երկրաւոր

տառապանքով ու տենչանքով

տեսէք ինչպէս

դուրս կը պոռթկայ

* * *

նոյն դռներն են որոնք կը զգան մեր քայլերը

երբ յայտնուինք

տարիներ ետք

նոյն մայթերն են որոնք գիտեն մեր դողերը

ու կը լռեն

քանի՞ անգամ անցար հոսկէ

եւ եկար ետ

առեւանգուած

դուն քու շուքէդ

չկայ խորան

որ ընդունի

քու աղօթքդ

չկայ պախուրց որ կապէ քեզ ու քեզ փրկէ

նոյն երկինքն է որ կը նստի

քու ուսերուդ

երբ կու գաս դուրս

քու անկողնէդ

ամեն առտու

րոպէներդ են ահա որոնք ահա դուրս կը քալեն

փորսող ու մերկ

քու զուր կեանքէդ

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *

յաջորդ
ԵՐԵՔ ԳԻՐՔ