ԵՐԵՔ ԳԻՐՔ

2024ի ամրան, բանաստեղծական երեք գիրքեր եկան ճոխացնելու սփիւռքեան գրական մեր անդաստանը։ Ճիշտ է, որ բանաստեղծական գիրքերու տեսակէտէ ընդ­հանրապէս ժլատ չեն եղած անցնող տասնամեակները, սակայն երեք գիրքերուն միաժամանակ լոյս ընծայու մը ճոխութիւն մըն է, որ կ’ուրախացնէ մեզ։

Բանաստեղծութիւնը ըլլալու կերպ մըն է, բայց մանաւանդ լեզուն ապրելու, պիտի ըսէինք ներապրելու եղանակ մը։ Լսել մըն է անիկա լեզուին ընդերքէն եկող ձայնին ու կանչին։ Բայց նաեւ ապրիլ մը օրին ու ժամանակին մէջ։ Այս երեք հատորները կը ծնին աշխարհի տարբեր անկիւններէն, սակայն բոլորն ալ մեր լեզուին ապրումն ու վերապրումը կը բեմադրեն, մեզի հասած ԻԱ. դարու առաջին քառորդի մեր հաւաքական գո­յութենէն։ Վայելք է անշուշտ այս լեզուով ընդունիլ բանաստեղծական ընծան, թէկուզ ամէն մէկը գրողի մը կեանքին ու լեզուին փորձառութենէն բխած է ու բիւրեղացած։ Երեք գրողներն ու հատորները ակունք կ’առնեն մեր գոյութեան այն էջէն, որ կոչուեցաւ դառնալու յետ եղեռնեան հաւաքական մեր կեանքի վերածնունդը իր բոլոր երեսներով՝ ներառեալ լեզուականով։ Նոյն ակունքէն կը բխին, սակայն տարբեր հողերով կ’անց­նին ու կ’ուռճանան։

Առաջին գիրքը Կարօ Արմենեանինն է ու կը կոչուի Մարմին եւ արիւն՝ երրորդ նուագ։ Գրեթէ 60 տարի առաջ Պէյրութի գրական բեմ մուտք գործած գրողին երրորդ հատորն է ասիկա, նոյն խորագրով ինչ որ ունէին նախորդ եր­կուքը։ Սակայն վերջինին ու այս մէկուն միջեւ գրեթէ կէս դարեայ բացութիւն մը կայ ու կեանք մը՝ սպրթած ու կախուած ժամանակի այդ տարածութեան մէջ։ Այդ ընթացքին մեր աշխարհը բազմաթիւ ցնցումներու մէջէն կը նաւարկէր։ Չենք թուեր աւան­դական Սփիւռքի երբեմնի եռուն գաղթօճախներուն մէկիկ-մէկիկ անշքացումն ու աշխարհի միւս ծագերուն նորերուն ծնունդը, ինչպէս նաեւ տասնամեակներով փայփայուած ու երազուած ան­կախութեան վերածնունդը, ինչպէս նաեւ կորուստները որոնք սկիզբ առին վերջին տարիներու չարաղէտ դէպքերով։ Ասոնք բո­լորը գուցէ հարցականի տակ առնեն բանաստեղծութեան գոյու­թիւնը ինքնին, ինչպէս հեղինակը իր վերջաբանին մէջ կը խոստովանի՝ «Գիրքը կքեցաւ եւ բառերը կորսնցուցին իրենց գոյու­թեան իրաւունքը»։ Սակայն բանաստեղծութիւնը կ’ապրի, որով­հետեւ կեանքը կը շարունակուի։ Արմենեան անշուշտ գրելէ չէր դադրած անցնող տասնամեակներուն ու զանազան պարբերականներու, մանաւանդ Բագինի մէջ, շարունակած էր լոյս ընծայել նոր կտորներ։ Այս հատորը գեղեցիկ ծածկի մը տակ ի մի կը բերէ վերջին քանի մը տասնամեակներու արգասիքը։ Անոր մօտ զգալի է ինքնութեան խորունկ ակունքներէ եկող անմարելի հրայրքը։ Արմենեանի զուսպ բառերը մարգրիտներու պէս կը խտացնեն այդ փորձառութիւնը՝ զայն վերածելով բանաստեղ­ծական գիրի ուտողի։ Արմենեան կ’ապրի ԱՄՆի Ուաշինկթըն քաղաքը, իսկ գիրքը լոյս տեսած է Երեւանի Զանգակ հրատա­րակչատունէն։

Երկրորդը կը պատկանի Մարուշ Երամեանի գրիչին, որ այս հատորը լոյս ընծայած է Գնչուհի Ձունոյ ծածկանունով։ Հատորը կը կոչուի Տարփանք եւ լոյս տեսած է Գահիրէ, ուր գրողը Սուրի­ոյ պատերազմէն ետք կայք հաստատած է վերջին տասնամեակին։ Մարուշի 7րդ բանաստեղծական հատորն է Տարփանքը, որոնց կողքին ունի նաեւ երկու արձակ հատոր ու սփիւռքեան բա­նաստեղծութեան մասին ուսումնասիրական հատոր մը։ Մարուշ մնայուն անուն մըն է Սփիւռքի գրական մամուլին մէջ։ Իր բանաստեղծական առաջին հատորներով արդէն մեր քերթողութեան էջերէն ներս մտած էր իգական զօրաւոր ու ինքնուրոյն երանգով մը։ Առաջին հատորները, մանաւանդ Հալոցը կը յատկանշուին իրենց բնանիւթերով ու ազատութեամբ։ Գեղեցիկ հով մը կը փչէ մեր գիրերու ան­դաստանէն ներս։ Հոս բանաստեղծը օգտուելով ծածկանունի հնարքէն, կարծես երկ­րորդ ու աւելի ազատ կեանք մը կու տայ սիրոյ անկաշկանդ փնտռտուքին։ Առ այդ, անոր տողերը իւրայատուկ ձայն մը կը բերեն յաճախ արական ձայնի գերակշռութեամբ յա­գեցած մեր գրական անդաստանին։

Երրորդը կը հանդիսանայ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի առաջին հատորը, լոյս տեսած կրկին Երեւան՝ Զանգակ հրատարակչա­տունէն։ Ան կ’ապրի Պուէնոս Այրէս ու հատորը կը կոչուի Սահմանելի։ Տէր Ղուկասեանն ալ անծանօթ անուն մը չէ մեր ընթերցողներուն։ Տասնամեակներու ընթացքին ան մասնակից է մեր գրական մամուլին բանաստեղծութիւններով ու բանաստեղծա­կան արձակով։ Այս տեղ կրկին կը գտնենք գրողի ձայնին խիտ ներկայութիւնը ընդդէմ կեանքին բերած խայտաբղէտ իրակա­նութիւններուն։ Բառերէն վախցող մը չէ Տէր Ղուկասեան։ Անոր բանաստեղծութիւններուն ընթերցումը յաճախ մտածողական զանազան էջեր կը բանայ մեր առջեւ։ Անոր գրքին մէջ տեղ գտա­ծը կեանքի փորձառութիւն մըն է բազմալեզու գիրին ու փորձա­ռութեանց, միշտ կարկառի եկած այս լեզուին մէջ, որ կը շարունակէ մնալ «տունն հայուն» երկնակամարի ո՛ր աստղին տակ ալ գտնուի ան ։

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *

յաջորդ
ՀՄԱՅՔԸ