ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄՀԵՐ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
ԼՈՂԱՒԱԶԱՆ
պարապ նամակատուփէն ետք
մինչեւ պատշգամ
հոտը կայ բրածոյ ձուկերու տապկոցին
եւ անծանօթ, քսու համեմներու—
յետոյ անեզրութիւնը լուսամուտներու շարանին,
պատշգամին դէմ յանդիման,
որ կը նայի երիկամաձեւ լողաւազանին՝
իրար յարած չորս շէնքի կուշտին—
ամրան ձայները, ցատկը ջուրերուն,
ետ կու գան յաճախ,
սակայն արդէն կանաչ կապած խորքը անոր՝
վատնումներ կը պահէ գաղտագողի
եւ մգլոտումը չոր տերեւներ կը ծփացնէ
մէկ սլաքի անցքէն միւսը—
միջօրէին՝ անջրպետուող հայելի են ջուրերը,
արտացոլումներ զարնելով մէն մի պատուհանէ ներս,
փռուած հագուստներուն, խաբուսիկ թաղարներու
կամ գարեջուրի շիշերու դատարկութեան ընդմէջէն—
մթնշաղին՝ գիշերը ծայր կ’առնէ հոնկէ կրկին,
վերջին անգամ երերցնելով պատկերը պատշգամներու շարանին
ու քանի մը գլխահակ ստուերներու—
սեւեռած ջուրի գորշութեան
(մեր ետին պատկերասփիւռի գունաթափումները)
մտածենք գուցէ
ժամանակի մասին՝ երբ կրնայինք
թռչիլ երազին մէջ մեր,
քաղաքին վրայ թէ Զրադաշտի տաճարին
թէկուզ վերջ գտնէր թռիչքն այդ
անկումով մը՝ նիզակներու ցցուն դէզի մը վրան, յօշոտուած-
հիմա, մինչեւ անկողին
վախեր կան բազում
որոնք (հազիւ քուն դպած աչքի)
կը թառին կոնքերու վրայ,
կը շնչեն կարծես, փետրաւոր թեւի քսքրտուք մը կը զգացնեն—
յետոյ՝ լուսամփոփի վառումը,
ու շլմորած զարթնումէն ետք՝ ոչինչ,
անքնութիւնը միայն,
որ մակոյկ մըն է աւազախրած
տեղ մը ծնունդի ու մահուան միջեւ-
չորս շէնքի կուշտին՝ լողաւազանը
տխեղծ լոյսերու վէտվիտումներով,
ստերջն ու մութը ի մի բերած՝
հագներգութիւնն իր կը մօտեցնէ աւարտին
բայց չհասած հոն
կրկներեւոյթն իր կը նկարէ օդին մէջ,
կը մնայ հոն—
նորածինի ճիչը լուսամուտէ մը՝
ետ գլխահակ ստուերներ կը հանէ պատշգամ.
եւ փետրաւոր թեւի թափահարումներ
կը լսուին ջուրերուն վրայ՝
կանաչ, անշարժ…
7 ապրիլ 1996, Մոնթրէալ
մինչ ոռնոց մը կը ցաթի փախստական երկնքին վրայ
եւ ազատութիւնները կը յայտնուին ջնջուած աւարտով մը
դեռ կը մնաս կամուրջի մը կիսուն
օրաթերթերու հողմացրիւ ոլորապտոյտի մը մէջ
վախնալով որ առած առաջին քայլէդ՝
կուտակումներդ բռնանան, ողորկ կոնի մը մէջ պատեն զքեզ,
իսկ քաղաքը ծանուցէ յեղակարծ անհետացումը՝
իր տաճարներու որմանկարներուն
ՀՆՁԱՆ
եռուզեռ է կրկին
արուարձանին վերեւ
վայրէջքի գացող օդուղիները խճողած-
(խախտումներ չկան ժամանակացոյցի)
շուքեր կը սահին օդանաւերու
եւ կը ձեւազեղծուին ասֆալթին վրայ,
ժխորը իրենց միախառնելով
անքնութեան այն վիթխարի գունտին
որ կը թաւալի տանիքէ տանիք,
մէկ հեռախօսի զանգէն միւսը,
ստամոքսի իրերայաջորդ այրուցքէ այրուցք…
օ առաւօտ անանց թմբիրի
եւ հակընդդէմ հայելիներու,
որոնց միջեւ կը բազմապատկուին
անըմբռնելի պրկումները մեր
ու բարձրացող փոշիին հետ՝
կը զօդուին տիեզերքի անթարթութեան-
յետոյ կու գայ աստղամարմին սուրհանդակը
ժամացոյցի աշտարակի ետեւէն
կ’անցնի քսուելով մեծ բանտի մատրան գմբէթին,
ու կը բացուին օրաթերթերը,
հերկի նման տողերը իրենց՝ լորեր կը թռցնեն,
երամը եկքանիկներու կ’անհետացնէ մայրուղին,
ռեհաններ կը յայտնուին մեր ափերուն մէջ,
կը բուրեն երէկ մը արբշիռ
երբ դեռ ոտքերու տակ կը ճմլուէին
ողկոյզները զմրուխտ
օղիի բարկ նախերգանքին,
երբ դեռ թարմութիւնը
խլուրդի բոյներու մանր հողին
իր գոլորշիով կը կտրատէր փշաթելերը,
եւ արեւէն ինկած թոնրահաց կար,
եւ կային կապտաչուի տատասկներ, ձկնբերան
ու լալաներ կարմրածուփ,
կեռասենին երբ որ ծաղկէր՝
եղեամը կ’ընդունէր ժայթքելիք տռփանքով,
իսկ եղէգնուտը կը սարսռար քաղցրաւենի նօսրութեամբ—-
վերադարձ, վերադարձ հապշտապ,
քայլ առ դէպի Կիրակին այս անկար
դէպի կղմինտրներու կծկումը կարմիր
եւ պատշգամներէ փռուած լաթերը՝
եղերերգի մը միալար բզզիւնին պէս…
քայլ առ դէպի եօթներորդ օրն այս հանգիստի
եւ ողջունէ մժեղաբոյծ գետափը քաղաքի հիւսիսակողմին,
ողջունէ կանաչապատ արձանները՝
հրեշտակի, սուրբի, գաղութարարի,
ողջունէ զառամեալ մենութիւնը արեւուն՝
արտացոլուող ապակեպատ երկնաքերներու կուշտին,
անցիր եւ մի՛ նայիր
աստղամարմին սուրհանդակի դիակին
ինկած անձրեւի ջրափոսի մը մէջ
քսան գնդակի վէրք՝ քունքին, վզին ու անութին-
անցիր ու գտիր բազկաթոռդ անմահական,
գտիր ծիրդ ու սեղմէ հեռավարի կոճակը-
բաց է փքոցը պատերասփիւռին
եւ անդորր է երկնքի դրան առաջ…
մերթ ընդ մերթ
օդանաւ մը կը դղրդայ նորէն,
կ’երթայ վայրէջքի
ու ձեւազեղծ շուք մը կը թողու առկախ
զգեստներու պահարանին մէջ…
մեծ բանտի մատուռէն ներս՝
ժամն է Դաւիթի սաղմոսներուն-
պարսատիկի լարումներու ձայնով՝
կը շաչեն, կը սուլեն, կ’ալիքաւորուին
շէնքերուն վերեւ,
իսկ դուռը երկնքի՝
իր անդորրը ցաքուցրիւ կ’ընէ
երազէ մը ետք չյիշուող վերջին, խուսափուկ պատկերներուն պէս
14 յուլիս 1996, Մոնթրէալ
ԿՇՌՈՅԹՆԵՐՈՒ ԾԱՌ
կշռոյթներու ծառ,
տեսլամարմին դիցուհի,
ժամանակը փսոր փսոր կտրատած
կը շնչես ու կը սփռես նարնջագոյնդ էգ,
որ կը պտղաբերէ քարեր փիլիսոփայական
րոպէաբար հասունցող—
հիմային մէջ արգաւանդ՝
կ’անցնիս պարով մը առհաւական,
դափ-թաւջութակ յանգաւորած
ծովասէզի պարոյկներով՝
կը հարցադրես լեզուներու աստղացանը
ու կը մտնես ուղին մերկութեանց—
ի՜նչ թռիչք է գետնին մեխուած՝ կշռութաբախ մարմինդ ձիգ
զոր կը զգենուն աքսորներէ վերադարձող հոգիները,
կը նոյնանան մէջդ եւ կ’արբենան՝
կրկնութեանց արարիչ ու դարերը ճեղքող գետէն —
(«կրկնութիւն չեն» կը սօսափեն տերեւներդ ոգեխօսիկ
«այլ հոլապտոյտ, ինքնիր վրայ ծալլուող սկիզբ մը նոր»)
հազար աչքեր ու հազար ունկ
կ’ընկալեն քեզ անվերծան, մագնիսացած,
ու յեղակարծ կը կայծկլտան
արգասաւոր փայլով յուռթի..
օ՜ ծառ կշռոյթի
աներկեւան դիցուհի,
պղպջացող ներբաններուդ հետեւելով
մենք կը մտնենք այգիները բոսորագոյն,
կը ժողովենք խեցիները արեգնաձայն,
ու անտեսի ցանկորմներէն անցնելով՝
կը խառնենք գոյներու պսակը այգաբացի—
բերքի տօնն է, տօ’նդ դիցուհի,
մամուլին տակ, խաղողին հետ՝
ճզմած կ’անցնինք խեցիներն ալ տարաշխարհիկ,
սերկեւիլի ու լուտասի բոյր կը ծեփենք կրաղիւսէ դէմքերուն,
կը բանտուինք մշտնջենական հիմային մէջ,
գնացքէ գնացք կը փախցնենք երազներու սերմանոցը
ու կը բերենք զայն քու մեհեանիդ իբրեւ մատաղ—
տօնն է բերքիդ, դիցուհի՛,
եւ արբշռանքի մեր սեղանին անեզրական՝
մենք սփռած ենք
կեռաս ու մոր,
նուռ, նեկտար ու մանանա,
սեր ու խորիսխ, ցորեն ու բոց,
եւ կապանքներն ապառնիի—
կշռոյթներու ծառ,
հրաճաճանչ դիցուհի,
պատմէ մեզի անտառէ մը սաղարթախօս,
որմով հատենք ձգողութեան օրէնքները,
մտնենք ծփանքին մէջ այլակերպմանդ,
ետին թողած
խոզակները մեր հանապազօրեայ
2012
ԴԱՐԱՆԱԿԱԼ
այս աժդահայ աղջամուղջին՝
շէնքերու բոլոր նամակատուփերը լի են ազդ ու փաստով
ու ամեն ինչ տեղի՛ն է—
կոյուղիի անցքերը վանդակաճաղ համերգ են այս գիշերամուտին,
մայթերու կրաղիւսը ճաք-ճաք ճապուկ յակինթ է
ու ամեն ինչ տեղի՛ն է—
ինքնաշարժի, բնակարանի, հեռախօսի թէ անցագրերու
համարները թաքուն թիւ կը փոխեն,
կ’ոստոստեն մէկէն միւսը անխօս խինդով,
դիւցազներգակ հովեր կ’առնեն միմոսացած
ու ամեն բան տեղի՛ն է—
(ե՛ւ ամպերու արշիպեղագոսը զգայազիրկ,
ե՛ւ քայլքը մեծ մատենադարանի գրքերուն,
ե՛ւ լուսնէն բացուող թեւերը թրթուրներու,
ե՛ւ մայթաղիճներու հմայիլները ճաթած,
միահամու՛ռ ասքի մէջ են բանդագուշող՝
որ ամեն ինչ կարգի՛ն է)
թաղամաս մը՝ խոտ ու մարգի հունձք կը բուրէ,
այլ տեղ՝ խանձած հողի հոտ է համատարած,
եւ գռիհներու մէջ՝ ճենճեր զոհի կամ խոհի-
օ՜ այս ի՛նչ կապերտ է հրաշքներու,
այս ի՛նչ խումհար ծուփ ու աղու
(ամեն, ամե՛ն ինչ տեղին է)
եւ ամենուր՝ վերադարձն է անթեղուած մեր շոգմոգութեանց..
արուարձանի հերձուածոյ գիշերն է արդէն,
փչակաւոր դէմքերու, անխոյակ սիւներու գիշեր—
գիշեր` տիղմի եւ մագոգահիւս խռմփոցի,
երազամոյն լարուածութեան,
կերպընկալէ ցանկորմներու
ու կոճղերու սնկավարակ—
երթեւեկի թոթով ու թիւր գիծերուն միջեւ բռնուած
գիշերն այս աննշան,
գիշերն ուր ամե՛ն ինչ, ամե՛ն բան, ամե՛ն շունչ տեղին է՝
պաղ քրտինքի եւ դիրտի մէջ անեզրացած—
ամե՛ն:29/08/2012
153 ՁՈՒԿ
…ինծի մնաց գրել այս բոլորը
Վերջը եկաւ անձայն անծպտուն,
ոչ շողարձակ պայթիւններով, ոչ ալ երաշտով համատարած:
ոչ կենսոլորտի փլուզմամբ, ոչ ալ թունոտ արտանետումներէ:
Եկաւ, հասաւ ու վերջացաւ ամեն ինչ՝ այնպէս ինչպէս կար:
Եօթ կնիքներ չքակուեցան ու չարշաւեցին ձիաւորները չորս,
Յայտնութենական փողեր չհնչեցին,
սով չեղաւ, ժանտախտ ու վարակ չկային,
ո՛չ որոտ ահասարսուռ, ո՛չ ալ երկրաշարժի արհաւիրք…
Սկիզբը, չորս ծագերէն օրերով լսուեցաւ մեղմաձայն ֆրֆռոցը..
Օդառկախ բզզիւն մըն էր, բիւրաւոր իլիկներու միատեղ հոլովման պէս,
կեանքի թելի տեղ՝ միապաղաղը հիւսող:
Այդ օրերուն էր՝ հայելիներուն մէջ նկատեցինք
սրբուած թանաքի մրուր կար մեր ճակտին
(վաղուց թէեւ՝ բոլորով ընդուներ էինք որ ճակատնիս գիր չկար:
Ջնջուածն ի՞նչ էր չիմացանք—
«Ադամական մեղքն է, ի սպա՛ռ սրբուած»
բացագանչեցին բերկրալից հերձուածողները)
Յետոյ, յեղակարծ անհետացան լեզուներն ու խօսքերը: Ձայները մնացին:
Խուճապային վայնասունն ու կաղկանձոտ հառաչները տեւեցին երկար:
Տիւ եւ գիշեր մրջնոցի վխտում կար ամենուրեք,
այլանդակ կռինչներ, ֆշշոցներ գալարուն եւ ահուդողի մէջ աչքեր…
Մտքեր կայի՞ն թէ ոչ այդ աչքերու ետին, չհասկցանք:
Անոնց դիմաց՝ կարծես գիրերը դարձեր էին անվերծան բիծեր:
Յիշողութեանց թումբե՞րն էին յորդած
ու գանկերը լեցուցած ոգեբնակ յաճախանքովը մեր ապրածին—
աչքերն ալ դարձեր էին անվերծան բիծեր..
Յետոյ չքացան գոյները, մնաց մէկը միայն—
այսպէս, առաւօտ մը ամեն ինչ դարձաւ յեղակարծօրէն սպիտակ..
երանգ երանգ սպիտակ – կոյս, գորշախառն կամ թուացեալ սպիտակներ:
Չէ, չկային սեւախանձ փլատակներ քաղաքներու,
չկային շողավարակ մողէզներ երկգլխանի,
չկային ամայքներ մոխրացնցուղ երկինքներու
ու չկային բաղեղածածկ հրապարակներ՝ ինկած օդանաւերու կմախքներով:
Լեզուակորոյս մղձաւանջէն ետք՝ բնականոն ընթացքն էր մեր առօրեային:
Չէ, ամեն շարժում մնաց ինչպէս որ է, ամեն ծիսակարգ ինչպէս որ է,
կրկներեւոյթները մնացին միախառնուած իրողութեանց,
(թէեւ իրերը ըմբոստացան բայց վայրկենական ինկան գնդակահար)
ու յետոյ՝ պարզապէս ամեն լռութիւն դարձաւ պայթուցիկ…
Չեկան արտերկրայինները ոչ ներխուժումով, ոչ ալ եղբայրօրէն,
չեղաւ սրբազան Յափշտակումը դէպի դարպասները Եդեմի,
տիեզերքը շարունակեց շնչահատ ու մեծղի խռմփալ,
իսկ մենք տասներկուքով՝ մնացինք անհպելի ու անփոփոխ:
Չտուինք իր անունը, չշշնջացինք իսկ անխօսելի հնչիւնները անոր,
նշաններ ըրինք իրար համր ու խուլի, տառերն իսկ չգծագրեցինք աւազին—
տասներկու անհպելիներս ահուդողի մէջ էինք՝
չբացայայտելու իր անասելի անունը,
առաւել՝ առեղծուածը մեր պահած գոյներուն..
Ամեն քայլի հետ, ուր ալ կոխէինք ու դպնայինք, գոյն էր որ կը մնար իբրեւ հետք:
Մինչեւ Գալիլիոյ ծովափը հասնինք՝ եղանք հերաթափ, մունջ ու կմախակերպ…
Նետեցինք ուռկանը՝ օրհնութեամբ բացուած,
նորէ՛ն բռնեցինք 153 ձուկ ու ետ նետեցինք զանոնք ջուր…
(բռնածնիս ձուկ չէր, խորհրդաւոր շարժուձեւեր էին)—
Նստանք, վառեցինք խարոյկը, եւ սպասեցինք…
Յետոյ լսուեցաւ մօտեցող քայլափոխը
ու մենք լիահագագ՝ իր անունը գոռգոռացինք…
Լսուեցաւ շնչաձայն հովի մը անցքը:
Քայլահետքերը կային, բայց մեր աչքերուն իջած էր վարագոյրը անգոյնի…
Րոպէ մը ետք, մեր ամենակրտսերը միայն ըսաւ թէ՝
հսկայական, վեցթեւանի սերովբէ մը՝ կը յածէր մեր վրայ:
Թեւերուն վրայ բիւր աչքերու պակուցիչ սեւեռումէն
եւ իր փառաւորեալ ճառագումէն՝
բզզիւնը կտրականապէս կեցած էր, գոյները խտացած էին,
Ու բառեր կը զատորոշուէին՝ վայնասունին ու լռութեան մէջ թունաւոր…
28/07/2020