ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

10 ՀԱՐՑՈՒՄ ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆԻՆ՝ ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆԷՆ

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԵՆ ԱՌՈՂՋ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

ՁԵՐ ուսումը քանի մը հանգրուաններէ անցեր է եւ ուղի փոխեր, ճի՞շդ է: Կրնա՞ք պատմել:

ՈՒՍՈՒՄՍ հետեւեալ քարտէսը կը պարզէ՝ նախակրթարան՝ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարան, միջնակարգի ա. դասարան՝ Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարան, որմէ ետք հայկական դպրոց չեմ յաճախած:   
    Թերեւս հոս կ’արժէ բացատրել բացակայութիւնս հայ դպրոցէն: «Հայկազեան» նախակրթարանին մէջ (Հալէպ) կը դասաւանդէին հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն. Գալուստեանը կը դասաւանդէր նաեւ անգլերէն: Երբ հոն սկսայ յաճախել 7րդ դասարան, միւս աշակերտները վեց տարի անգլերէն սերտած էին, իսկ ես տասը բառ չէի գիտեր: Անսովոր եւ լարուած պայմաններու տակ չորս ամիսէն բաւականաչափ անգլերէն սորվեցայ, դասընկերներուս հաւասարելու չափ: Բայց 7րդ դասարանը աւարտելէս ետք  Պէյրութ փոխադրուեցանք, ուր հայրս ստանձնեց «Սուրբ Նշան» միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը, իսկ մայրս ալ հոն ուսուցչուհի եղաւ:
    Հայրս քիչ մը պաշտօնական ձեւով հրաւիրեց զիս որ գամ նստիմ իր սեղանին առջեւ եւ շատ լուրջ արտայայտութիւն մը դէմքին, ըսաւ. «Տե՛ս, մօրդ հետ խորհրդակցելէ ետք որոշումի մը յանգեցայ որ խնդրայարոյց պիտի ըլլայ, Պէյրութի հայ շրջանակներուն մէջ վլվլուք պիտի յարուցանէ. դուն իրաւունք ունիս գիտնալու որ ինչո՛ւ որոշեցի քեզ Ամերիկեան համալսարանին կից Ինթըրնէշընըլ Քոլէժ (IC) արձանագրել, եւ ոչ Ճեմարան: Հոն ուսուցանուող արեւմտահայերէնին արդէն կը տիրապետես, իսկ հոն դասաւանդուած գրականութիւնը կամ կարդացած ես արդէն, կամ ալ ինքնաբերաբար պիտի կարդաս մեր տան մէջ: Գրաբար սկսար արդէն Գալուստեան սորվիլ, ես հետդ կը պարապիմ անով, կը շարունակես: Կարեւոր երկու հարց կայ։ Ճեմարանը խորան մըն է, ուր ֆրանսերէնին կ’երկրպագեն, եւ դպրոց մըն է ուր մարդավարի արաբերէն չեն դասաւանդեր, ըստ լսածիս: Դուն բաւական ֆրանսերէն գիտես եւ կրնաս շարունակել, դասեր առնել ICի մէջ: Միւս հարցը տարբեր է: Արաբ աշխարհին մէջ կ’ապրինք, դուն Սուրիա եւ Եգիպտոս բաւական արաբերէն սորվեցար, աւելին ալ պէտք է գիտնաս, տիրես սահուն արաբերէնի, եւ այդ Ճեմարանի մէջ կարելի չէ, մինչդեռ ICի մէջ դասընկերներուդ մեծ մասը արաբ պիտի ըլլայ: Եւ վերջապէս, ըսաւ շեշտելով, ապագայի լեզուն անգլերէնն է, եւ ֆրանսացիներուն նման՝ Ճեմարանի հայ վարիչներն ալ պատրաստ չեն այդ ընդունելու: Դուն պէտք է սահուն անգլերէնի տիրապետես»: Այդպէս ալ եղաւ: Արաբերէնս զօրացաւ (թէեւ հիմա շատը մոռցած-կորսնցուցած եմ), անգլերէնին արագօրէն եւ լաւ տիրապետեցի եւ ատիկա կեանքիս համար անկիւնադարձային եղաւ:
    Ուրեմն ութերորդէն տասներորդ երկրորդականի ուսումս ստացայ Պէյրութի International Collegeին մէջ: 16 տարեկանիս ընտանեօք գաղթեցինք Միացեալ Նահանգներ, ուր Ուոթըրթաուն քաղաքի տեղական high schoolը աւարտեցի:
    Բախտը ունեցայ Հարվըրտ համալսարան կրթաթոշակով ընդունուելու եւ Molecular Biology ուսանելու, որ այն օրերուն՝ 1962-1966, նոր կրթանք էր: Կը մտածէի բժիշկ ըլլալ: Բայց հիւանդանոցներու մէջ փոքր փորձառութիւն մը զիս համոզեց, որ այդ ասպարէզը իմս չի կրնար ըլլլալ: University of Rhode Island սկսայ յաճախել եւ հետեւեցայ տարբեր ճիւղի մը՝ ծովային կենդանաբանութեան (marine zoology), ովկիանոսագիտութեան մէկ ենթատեսակը: Երեք տարի այդ աշխատանքէն ետք յանգեցայ այն եզրակացութեան, որ գիտնական պիտի չըլլայի – տեսութիւնները կը սիրէի ու շատ յաջող էի այդ մարզին մէջ, բայց տարրալուծարանի աշխատանքէն կը ձանձրանայի եւ այնքան ալ յաջող չէի: Մէկ փոքր գիտական ուսումնասիրութիւն հրատարակեցի՝ սալամանդրի ողնայարի ոսկորներուն մասին … Ապա նոյն համալսարանին մէջ ճիւղ փոխեցի, եւ մէկ տարուան մէջ բազմաթիւ դասընթացքներ ամբողջացնելով եւ երկարապատում քննութիւններուն մէջ յաջողելով՝ տիրացայ մագիստրոսականի, անկլօ-ամերիկեան գրականութեան մէջ:
     Ապա անցայ աւելի խստապահանջ համալսարան մը՝ Brown University, ուր բաղդատական գրականութեան մէջ PhDս ստացայ։ Բարեբախտաբար, Հարվըրտ սպաներէն սորվեր էի հաճոյքի համար, այնպէս որ պէտք եղածին չափ օտար լեզուներ գիտէի. արաբերէնն ու հայերէնը չէին հաշուեր, քանի որ այդ ճիւղերուն մէջ մասնագէտ չունէր Պրաուն համալսարանը. հիմա գոնէ արաբերէնի մասնագէտներ ունի: Աւարտաճառս գրեցի պատումի (narrative) հարցերու մասին: Խորագիրն էր Form and in-form-ation in narrative, Իլիականէն մինչեւ Ֆոլքնըր, Ճոյս եւ Միշէլ Պիւթոր։

 

ՁԵՐ մասնագիտական կեանքը քանի մը ուղղութիւններ ունի՝ համալսարանի դասախօս, Diaspora հանդէսի հիմնադիր-խմբագիր եւ այլն: Կրնա՞ք արագ ակնարկով մը մանրամասնել այդ բոլորը:

ՍԿՍԱՅ դասաւանդել Wesleyan համալսարանին մէջ, 1974ին: Հոն մնացի, թոշակառու ըլլալով 46.5 տարի ետք՝ 2020ի աւարտին, բայց նաեւ որպէս այցելու դասաւանդելով University of Michigan (հայերէն եւ անգլերէն վէպ), Oregon State (ահաբեկչութիւն), Johns Hopkins (հետազօտելով տեսական հարցեր) եւ Columbia համալսարանները (վերջինին՝ սփիւռքագիտութիւն): Wesleyan համալսարանին մէջ դասաւանդեցի բազմաթիւ նիւթեր, յատկապէս արդի վէպ, գրականութեան քննադատութիւն եւ տեսութիւն (theory, այն իմաստով որ այդ բառը ստացաւ Ֆրանսայի մէջ, յատկապէս 1966էն, Պարթէն եւ Տէրիտայէն ետք): Դասաւանդած եմ նաեւ գրականութիւն-քաղաքականութիւն կապերու եւ ամերիկեան ֆիլմային պատումի գաղափարախօսութեան մասին: Միջոցին, յօդուածներ հրատարակած եմ ամերիկացի արդի վիպագիրներու մասին, յատկապէս Թոմաս Փինչոն, որուն կոթողային վէպը՝ «Ձգողութեան ծիածանը» (Gravity Rainbow) որ Արտաշէս Էմինի թարգմանութեամբ լոյս տեսաւ Հայաստանի մէջ, 1000 էջէն աւելի: Ապա նաեւ գրախօսականներ գրած եմ, շատ տեղեր դասախօսած:   
    Նորմալ ամերիկեան ակադեմական գործունէութիւն չեմ ունեցած, քանզի մէկ մասնագիտութիւն չեմ մշակած եւ այդ վնասած է ասպարէզիս մէջ արագ յառաջացումիս, մանաւանդ որ 1981էն ետք, անգամ մը որ tenure ստացայ, այսինքն գործի ցկեանս ապահովութիւն ունեցայ, գրեցի նոր նիւթերու մասին, որոնք իմ մասնագիտութիւններուս մաս չէին կազմեր, յատկապէս հայկական ահաբեկչութեան մասին, յօդուածներ հրատարակելով քաղաքական գիտութիւններու յատուկ մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ: 1987էն ետք սկսայ կարդալ ուսումնասիրութիւններ սփիւռքներու մասին, որոնք այդ օրերուն հազուագիւտ էին: 1991ին յաջողցուցի Diaspora: a journal of transnational studies գիտական պարբերաթերթի հիմնարկումը, Oxford University Pressին մօտ, նախ իմ նախաձեռնութեամբ եւ աշխատանքով, ապա նաեւ Զօրեան Հիմնարկին ու յատկապէս Գուրգէն Սարգիսեանի կենսական սատարով, եւ յաջորդ երեսուն տարիներուն սփիւռքագիտութիւն (Diaspora Studies) կրթանքի հիմնումին եւ զարգացումին նուիրուած էի, գրելով ու դասախօսելով Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ ի վերջոյ Հայաստանի մէջ, մինչեւ թոշակառու ըլլալս, որ համընկաւ քովիտին հետ:
    Անցողակի ընդգծեմ որ իմ նպատակս, որ լիովին կիսեց Զօրեանի վարչակազմը, կրկնակ էր։ Կ՚ուզէի ստեղծել վայր մը, ուր պիտի վերլուծուէին ոչ միայն այս կամ այն սփիւռքը,  իր յատկանիշներով,  այլ նաեւ «սփիւռք» յղացքը եւ արդի գիտական կրթանքներու եւ խօսոյթներու մէջ գործածուող միւս եզրերը – անդրազգ, գաղթական, աքսորեալ, եւն.։ Բայց կարեւոր յաւելում մըն ալ կար։ Կ՚ուզէի որ հայ խմբագրի մը եւ հայկական հիմնարկի մը պատասխանատուութիւնը ըլլար դարպասապահի (gatekeeper) դերը։ Որոշ ինքնավստահութեամբ մը կը հաւատայի որ նոր գիտաճիւղ մը պիտի ծնէր – սփիւռքագիտութիւնը, եւ շատ կը փափաքէի ո՛չ միայն անոր դայեակը ըլլալ, այլ նաեւ որ սփիւռքներու, յատկապէս հայ սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը կախեալ չըլլար ուրիշներու անարդար վարուելակերպէն։ Ես ալ, Գուրգէն Սարգիսեանն ալ, Ժիրայր Լիպարիտեանն ալ տեղեակ էինք Վահագն Տատրեանի դառն փորձառութեան։ Իր խնամուած ու փաստօրէն անհերքելի յօդուածները տարիներով թափառեցան մէկ մասնագիտական հանդէսէն միւսը, մերժուելով թուրք եւ թրքամէտ արժեւորող մասնագէտներու կողմէ, իբր թէ անհամոզիչ ըլլալով կամ պէտք եղած փաստերու բացակայութեան պատճառաւ։ Կենսական էր որ հայ թէ այլ սփիւռքներու վերլուծումը նման հակակշռի տակ չմնար։ Եւ յաջողեցանք այդ դարպասապահի դերը ապահովել, միաժամանակ բոլորովին չէզոք արժեւորումներ կարգադրելով որեւէ թրքական նիւթ պեղող յօդուածներու համար։

 

ԵՐԿԱՐ տարիներ Յառաջի մէջ յօդուածներ ստորագրելէ ետք յանկարծ լռեցիք: Ի՞նչ է այդ լռութեան պատճառը:

ՉԵՄ կրնար բացատրել գոհացուցիչ ձեւով, ո՛չ ինքզինքիս, ո՛չ ձեզի: Սկիզբը քանի մը յօդուած Պոսթոնի Հայրենիքին մէջ հրատարակեցի 1975ին, ապա Յառաջի մէջ, եթէ շիտակ կը յիշեմ 1976-2006, ուղիղ 30 տարի: Հաճոյքով եւ կիրքով կը գրէի: Հայութենէն անջատ ապրած եմ առօրեաս. հայ լեզուն գործածելու գլխաւոր միջոցս (ծնողքիս հետ հեռաձայնով խօսելէ անդին) մամուլ եւ գիրք կարդալն էր եւ գրելը Յառաջի մէջ: Սերտ բարեկամութիւն ունէի անոր խմբագիր Արփիկ Միսաքեանին, ապա նաեւ թերթին օգնական խմբագիր  Արփի Թոթոյեանին հետ: Օր մը, 2006ի սեպտեմբերին, երբ Երեւանէն Ամերիկա կը վերադառնայի Փարիզի ճամբով, երկար յօդուած մը յանձնեցի Արփիկին հայաստանեան գիտաժողովի մը մասին, որ – առաջին անգամ ըլլալով – ան ըսաւ որ յարմար չէր գտներ այդ ձեւով հրատարակել. լաւ ըսի, հետս Ամերիկա կը տանիմ, հոն կը վերամշակեմ: Նախ ժամանակ չունեցայ, եւ երբ վերջապէս նստայ աշխատանքի, յանկարծ ու անսպասելիօրէն զգացի որ հայերէն գրելու փափաքս, ոգեւորութեան ակս չորցած էր: Երբ փորձեցի վերլուծել ինքզինքս, չկրցայ լիովին հասկնալ թէ ի՛նչ պատահած էր: Միայն կրնամ ըսել, թէ կորսնցուցած էի խանդավառութիւնս եւ վստահութիւնս որ մտաւորական կապ մը ունէի «իմ» հանրութեան հետ:

 

ՁԵՐ յօդուածները ընդհանրապէս կը բեւեռուին Սփիւռքի մշակութային կեանքին շուրջ, լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով այդ կեանքին հանդէպ: Այսօրուան սփիւռքի մշակութային կեանքը հետաքրքրական չէ՞ք գտներ:

ԱՆՇՈՒՇՏ բոլոր սփիւռքները կը հետաքրքրեն զիս իբր սփիւռքագիտութեան հում նիւթ, իսկ հայ սփիւռքը նաեւ իբրեւ ըլլալու եւ ապրելու կենսական ձեւ: Սփիւռքի մշակութային կեանքով հարկաւ հետաքրքրուած եմ, սակայն անոր բազմաթիւ ծալքերուն հաւասարապէս քաջածանօթ չեմ, ֆիզիքականօրէն Սփիւռքէն անջատ ապրելուս պատճառով: Ծանօթ եմ մշակութային կեանքի այն ծալքերուն, որոնք մատչելի են մամուլէն, ներկայիս նայեւ թուայնական աշխարհէն, թէեւ Դիմատետրին վրայ չըլլալով, իսկապէս ամբողջական գաղափար չունիմ Սփիւռքի հաւաքական կեանքի այդ ծալքին մասին: Հիմնականօրէն զիս հետաքրքրողը Սփիւռքի, նաեւ Հայաստանի, Հայութեան հանրային ոլորտն է, ո՛չ միայն արուեստի եւ գեղեցիկի, այլ նաեւ անձնական ու հաւաքական մտքի, մտածումի, վիճարկումի ոլորտը, հաւաքական կիրքերու, ապա նաեւ վերլուծումներու բախումի դաշտը։ 

Հիմնականօրէն զիս հետաքրքրողը Սփիւռքի,
նաեւ Հայաստանի, Հայութեան հանրային ոլորտն է,
ո՛չ միայն արուեստի եւ գեղեցիկի, այլ նաեւ անձնական
ու հաւաքական մտքի, մտածումի, վիճարկումի ոլորտը,
հաւաքական կիրքերու, ապա նաեւ վերլուծումներու
բախումի դաշտը։ 

    Աւելցնեմ, որ հաւաքական միտքի եւ կիրքի բոլոր արտայայտութիւնները պիտի հետաքրքրէին զիս, թէեւ զրկուած ըլլալով Դիմատետրէն, կը սեւեռիմ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու մտածումին եւ վիճարկումներուն վրայ: Վերջերս, Հայաստանի նախկին դեսպան ի Գերմանիա, ապա փոխ նախարար, փիլիսոփայութեան դոկտոր Աշոտ Ոսկանեանի եւ Առաւօտ թերթի խմբագիր Արա Աբրահամեանի զրոյցը CivilNetի  վրայ (7 յուլիս 2022) կը հաստատէր, որ իրենց խօսակցութեան  «հիմնական թեման մտաւորականութիւնն է, [անոր դերը իբրեւ] հասարակութեան կողմնորոշիչ ու [իր] գործառոյթները …»։ Կը բաժնեմ նման հետաքրքրութիւն, բայց պիտի ուզէի նաեւ մարդաբանական ու վիճակագրական ճշգրտութեամբ հասկնալ թէ ժողովուրդի զանգուածը ի՞նչ կը լսէ, ի՞նչ կ՝անտեսէ եւ ինքնուրոյն ոճով ինչպէ՞ս կը  հակաճառէ։ Թերեւս պէտք է ըսել՝ այս օրերուն զիս է՛ն շատ հետաքրքրողը հայութեան բազմաշերտ ու բազմախաւ հաւաքական միտքն է, որուն ամենէն մատչելի շերտերը մտաւորականն ու գեղարուեստականն են։

…բոլոր արտայայտիչ միջոցները կը մտածեն –
ո՛չ միայն փիլիսոփայութիւնն ու գրականութիւնը։
Վէպն ու թատրոնը քաղաքական մտածում կը ձեւեն,
ֆիլմը կը մտածէ, գաղափարախօսութիւն մշակելէ անդին։

    Ուսուցչական տարիներուս կը հաստատէի ուսանողներուս որ բոլոր արտայայտիչ միջոցները կը մտածեն – ո՛չ միայն փիլիսոփայութիւնն ու գրականութիւնը։ Վէպն ու թատրոնը քաղաքական մտածում կը ձեւեն, ֆիլմը կը մտածէ, գաղափարախօսութիւն մշակելէ անդին։ Դասընթացքներէս մէկը կը կոչուէր Պատում եւ գաղափարախօսութիւն ամերիկեան ֆիլմին մէջ։ Մէկ ուրիշը՝ պարզապէս Գրականութիւն եւ քաղաքականութիւն։
    Անկասկած պիտի թուի որ կը հեռանամ Սփիւռք-մշակոյթի հարցէն։ Սակայն իմ կարծիքով՝ ո՛չ։ Պարզապէս աշխատանքային կեանքիս վերջին տասնամեակներուն փորձած եմ խուսափիլ գեղարուեստը դիտելէ միայն գեղագիտական քննադատութեան տեսանկիւնէն եւ փորձած եմ զայն տեսնել իբր հաւաքական մտածումի կարեւոր սակայն ոչ բոլորովին առանձնաշնորհեալ ծիրերէն մէկը։
    Կան անձեր, որոնց համար «մշակոյթ»ը կ’ընդգրկէ առօրեայ կենցաղէն մինչեւ բարձր արուեստ։ Որոշ մարդաբաններ համաձայն պիտի ըլլային այդ մօտեցումին: Նոյնիսկ երբ աւելի կը սահմանափակենք բառին իմաստը, նորէն ալ «Սփիւռքի մշակութային կեանքը» տարածուն կալուած է, կ’ընդգրկէ ֆիլմէն ու երաժշտութենէն մինչեւ վէպ ու քերթուած, պար ու նկարչութիւն: Եթէ Լոս Անճելըս կամ Պէյրութ բնակէի, թերեւս աւելի ծանօթ ըլլայի սփիւռքահայութեան մշակոյթի բազմաթիւ նոր տարբերակներուն: Բայց չեմ: Միայն կը կարդամ  ինչ որ կրնամ,- երբ որ կրնամ … բանաստեղծութիւն, արձակ, յատկապէս պիտի ըսէի փորձագրային արձակ, բառին համընդգրկող իմաստով, այսինքն՝ մամլոյ մէջ յօդուածներ, սիւնակներ, կարծիքներ, վերլուծումներ, եւ անոնց նման բայց թուայնացուած հրատարակութիւններ, որոնք ինծի կը հասնին: Կրկնեմ, չեմ կրնար ըսել, թէ Սփիւռքի բազմատեսակ ու բազմածալք մշակոյթին քաջածանօթ եմ։ Գլխաւորաբար կը կարդամ հայերէն վերլուծական եւ վիճողական արձակ, գրականութեան քննադատութիւն, գրախօսականներ, պատմագրութիւն, եւ, երբ ձեռքս կը հասնին Հայաստանէն, ընկերային գիտութիւններու վերաբերող նիւթեր:
    Զիս հետաքրքրողը հայուն, յատկապէս սփիւռքահայուն միտքն է, մտածումը, որ մեզի նման փիլիսոփայութիւն չունեցող ազգի մը մօտ կը զարգանայ, կ’արտայայտուի, կը մտածուի մշակութային բազմաթիւ սեռերու, ժանրերու, բայց յատկապէս մտաւորական արձակի մէջ։ Ապա նաեւ, գիտէք, հեղինակութեան եւ անոր բացակայութեան հարց մը կայ: Անշուշտ որ անձնական ճաշակ ու կարծիք ունիմ մշակութային բազմաթիւ երեւոյթներու մասին, բայց ան հիմնուած չէ լայնածաւալ փորձառութեան եւ քննարկումի վրայ: Բացառութիւնը պիտի ըլլար վէպի եւ բանաստեղծութեան մասին գրելը, գրախօսելը։ Հոն որոշ հմտութիւն մը ունիմ։ Հիմա որ թոշակառու եմ եւ ծանր հիւանդութենէ կ՛ապաքինիմ, պիտի փորձեմ այդ գրախօսական ու քննական սեռերը մշակել։

 

ՁԵՐ հայրը՝ Մինաս Թէօլէօլեան, եղած է Սփիւռքի կարեւոր մանկավարժներէն մէկը, որ գործած է տարբեր գաղութներու մէջ: Ի՞նչ եղած է անոր ազդեցութիւնը ձեր մտաւորական կազմաւորումին վրայ:

ՀԱՅՐՍ պիտի խուսափէր, թերեւս նոյնիսկ մերժէր «մանկավարժ»ի պիտակը, թէեւ դասաւանդած է երկրորդական վարժարաններու մէջ, քերականութեան դասագիրքեր պատրաստած է եւ այլն: Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի առաջին, հիմնադիր տնօրէնը եղած է։ Հրատարակած է բանաստեղծութիւն, մշակած է հսկայածաւալ՝ Հայաստանի մէջ պիտի ըսէին վիթխարի քանակով լրագրական արձակ – գոնէ 15.000 էջ խմբագրական ու սիւնակ հրատարակած է, այսինքն 50 հատոր, իւրաքանչիւրը 300 էջ, եթէ հաւաքուէին … Սփիւռքահայութեան մօտ իր բարձր արժեւորուած նուաճումը եղած է իր երկհատորեայ Դար մը գրականութիւնը,  որ մանաւանդ 1955-1975 թուականներուն շատ կարդացուած էր, ապա վերամշակուեցաւ եւ երկրորդ տպագրութեամբ մը լոյս տեսաւ 1977-1982ին: Մինչեւ հիմա կը հանդիպիմ տարեց անձերու, որոնք կը դրուատեն այդ հատորները: Բայց եւ  այնպէս ինք՝ ինքզինք կը նկատէր նախ եւ առաջ խմբագիր, մամուլի աշխատող,  լրագրող (1930ականներուն երիտասարդ թղթակից եղած է Ճափոնի  մեծ օրաթերթերէն մէկուն, Yomiyuri Shimbunին։ Ինք Ճափոներէն չէր գիտեր՝ Ճափոններն ալ՝ թրքերէն։ Թղթակցութիւնները ֆրանսերէնով կը փոխանցուէին…).: Կրնայ տրամաբանական չթուիլ, սակայն անձի մը ինքնապատկերը անպայման չէ որ կը յարմարի  շրջապատի ձեւաւորած այլապատկերին:    

Զիս հետաքրքրողը հայուն, յատկապէս
սփիւռքահայուն միտքն է, մտածումը, որ
մեզի նման փիլիսոփայութիւն չունեցող ազգի
մը մօտ կը զարգանայ, կ’արտայայտուի, կը մտածուի
մշակութային բազմաթիւ սեռերու, ժանրերու, բայց
յատկապէս մտաւորական արձակի մէջ։

    Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է հայրս  մտաւորական կազմաւորումիս վրայ: Այդ կազմաւորման մէջ աւելի ազդու գործօնը մայրս եղած է: «Եսայեան»ի շրջանաւարտ, սիրուած ուսուցչուհի «Եսայեան»էն մինչեւ Հալէպի Ճեմարան, ապա Պէյրութի «Սուրբ Նշան»: Արեւմտահայ բանաստեղծութեան սիրահար, բայց նաեւ գիտութեամբ հետաքրքրուող: Պոլիս փափաքած էր բժշկուհի ըլլալ, սակայն տնտեսական միջոցները չէ ունեցած այդ ընելու: Չորս տարեկան էի, երբ ինծի հայերէն ու ֆրանսերէն-լատիներէն տառերը սորվեցուց միաժամանակ, իբր դասագիրք գործածելով Մխիթարեաններու մէկ պատկերազարդ գիտական բառարանը, որ ծայրէ ի ծայր կարդացած եմ, սովորաբար առանց հասկնալու: (Միջանկեալ, անգլերէնն ալ Encyclopedia Britannica կարդալով սորված եմ, ոչ ծայրէ ծայր, ի Գահիրէ): Մայրս մորթուած հաւու դիազննութիւն ընելով ինծի կը բացատրէր մարմնակազմութիւնը, երբ հինգ տարեկան էի: Բանաստեղծութիւն եւ գիտութիւն – բան մը կը յիշեցնէ՞: Իմ ապագայ ասպարէզները:
    Հօրս ազդեցութի՞ւնը: Երբ ինը տարեկան էի, գործի լծած էր զիս, կ’օգնէի իրեն բազմաթիւ ցանկեր կազմելով, զանոնք նոր տեղեկութիւններով թարմացնելով – գրողներու անուններ, իրենց հեղինակած գիրքերը, թուականները: Ես իր reference indexն էի երբ Դար մը գրականութիւնը կը պատրաստէր: Աւելի՛ն. Հալէպ «Հայկազեան» երբ կը յաճախէի, ժամը չորսին ուղղակի տուն չէի երթար, Արեւելքի մօտակայ խմբագրատունը կ’երթայի. հայրս անոր երկու խմբագիրներէն մէկն էր, հոն խմբագրատան մէջ «մեծերուն» կ՛ունկնդրէի կամ գրաշարներուն հետ կը շաղակրատէի: Հօրմէս ինծի ուղղակի փոխանցուածը հայ մամուլի սէրն է: Ըլլայ Արեւելքի խմբագրատան մէջ, ապա ի Գահիրէ նոյնը՝ Յուսաբերի խմբագրատան մէջ: Նոր մահացած Վահան Նաւասարդեանի աթոռը կար հոն, հոն էին նաեւ Բենիամին Թաշեանը եւ հայրս – հայ թերթի խմբագրատուները «տուն» եղած են ինծի ալ: Տասնամեակներ ետք, Յառաջի խմբագրատան մէջ, ի Փարիզ, նոյն զգացումը կը յուզէր զիս: «Սա իմ տեղս է, ինչպէս հօրս տեղն էր» զգացումը զօրաւոր էր իմ մօտ: Ուրեմն ամփոփելով՝ օրաթերթ, տպարան, մամուլ՝ հօրմէս: Գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն՝ հօրմէս, բայց նաեւ մօրմէս: Գիտութեան հանդէպ՝ մօրմէս:
    Իսկ պատմագրութեան եւ ընկերային գիտութիւններու հանդէ՞պ: Այն նիւթերն էին անոնք, ուր ծնողքս, այս երկու այլապէս բաւական գիտուն անձերը՝ հմտութիւն չունէին, զանոնք չէին ճանչցած: Երբ դեռ մանուկ տարիքիս սկսայ հօրս պատմական երեւոյթներու մասին հարցումներ ուղղել, ան ալ, մայրս ալ կ’ըսէին՝ «Տղաս, Պոլիս մեզի չէր արտօնուած հայոց պատմութիւն սորվիլ»: Գիտէք, երբ ծնողքդ իրենց շրջանակին մէջ յայտնօրէն հեղինակութիւններ էին, եւ յանկարծ մանուկ հասակիդ կը տեսնես, կ’անդրադառնաս  որ անոնք պարզ պատմական գիտելիքներ չունէին, ուր մնաց Հայաստանի աշխարհագրականը — Շատախն ու Տայքը զանազանել չէին գիտեր, նման պարագայի դուն ինքզինքիդ կը սորվեցնես անոնց չգիտցածը: Այդպէս: Ծնողքիդ ըրածները կը կազմեն քեզ, բայց նաեւ այն, ինչ որ իրենց առիթ չէր տրուած ուսանելու, կատարելու, ընելու, այդ բացերն ալ կը կազմեն անձ մը, գոնէ կազմեցին զիս:

 

Ի՞ՆՉ է լեզուին՝ հայերէնի դերը ձեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ձեր աշխատանքային առօրեան անգլերէնով կ’ընթանայ:

Ո՛Չ միայն աշխատանքային. 46.5 տարի դասաւանդած եմ ամերիկեան համալսարանի մը մէջ, ուր հայ չկար, քաղաքի մը մէջ, ուր միակ հայը չորրորդ սերունդի ամերիկացի մըն էր, թէեւ հայկական մականունով օժտուած: Կինս, գրականութեան ու տեսութեան փրոֆէսէօր է, ամերիկուհի, պերճախօս անգլերէնի մէջ, այլապէս միալեզու: Հայերէնը իմ ընթերցումիս լեզուն եղած է, երբ ժամանակ ունեցած եմ կարդալու: Ապա նաեւ Յառաջի մէջ յօդուած, ակնարկ գրելով պահած եմ ինչ որ կրցած եմ: Բայց տխուր իրականութիւնը այն է, որ ես աւելի ազդու անգլերէն արձակ կը գրեմ քան հայերէն, եւ նոյնքան տխուր, որ շատ յաճախ անգիտակցօրէն անգլերէն կը մտածեմ հայերէն գրած ատեն: Հայերէն նախադասութիւնները կը հոսին դիւրաւ, սակայն յանկարծ կ’անդամալուծուիմ – ենթագիտակցութիւնս անգլերէն մտածելով զիս բերած կ’ըլլայ տեղ մը, ուր ինծի պէտք եղած բառին հայերէն հոմանիշը չունիմ, չի գար: Այս առաւօտ քանի մը տող հայերէն մրոտեցի նօթատետրիս մէջ ու յանկարծ անդամալուծուեցայ, որովհետեւ «matrix» բառին հայերէն հոմանիշին պէտք ունէի: Այդպէս: Աւելցնեմ որ հեռաձայնէն կը խուսափիմ, նոյնիսկ առձեռն-բջիջային չունիմ, այնպէս որ հեռաւոր բարեկամներու հետ հայերէն խօսելու առիթ ալ շատ չեմ ունենար: Վերջերս, Zoomը առիթներ կու տայ հայերէն ունկնդրելու, նաեւ հիմա որ թոշակառու եմ, քիչ մը աւելի ժամանակ ունիմ հայերէն կարդալու: (Ինչպէս գիտէք, հայերէն մեքենագրել ալ չեմ սորված, ստիպուած եմ ձեզի ուղղուած այս տողերը լատինատառ գրել): Հազարէ աւելի այն էջերը, որ Յառաջի մէջ հրատարակած եմ, ձեռագիր գրած եմ, երբ տակաւին ձեռագիր վերծանող գրաշարներ կային։

 

ՈՐՊԷՍ սփիւռքահայ մտաւորական, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք մտաւորականութեան դերը այսօր, մանաւանդ ընթերցումի եւ մամուլի մեծ նահանջին առջեւ:

ՀԱՐՑԸ միայն մտաւորականութեան դերը չէ, այլ անոր կարելիութիւնը ներկայիս ու ապագային, անոր շարքերու, անդամներու պատրաստութիւնը, բաղադրութիւնը, էութիւնը, որակը եւ այլն: Գիրքի նիւթ է:   
    Թերեւս կ’արժէ ընդգծել, որ մտաւորականութիւն բառին արմատը «միտք» բառն է: Երբ Վահէ Օշական կը գրէր՝ «Սփիւռքահայ ըլլալը ամէն բանէ առաջ միտքի վիճակ մըն է» (Հասկ, փետրուար-մարտ 2011, էջ 151. տպագրութեան թուականն է. բնագիրը այդ թուականէն առաջ գրուած է անշուշտ), ըսել կ’ուզէր, թէ լիովին ապրիլ իբր սփիւռքահայ, տեսակ մը մտաւորական ու հոգեկան յաւելեալ ճիգ կը պահանջէ, այլ ճիգերու կողքին: Երբ կ’աւելցնէր, որ «հայութիւնը սփիւռքային ժողովուրդ մըն է, հողային ժողովուրդ մը չէ» (նոյն տեղը, էջ 152), մասամբ ըսել կ’ուզէր, թէ մշակոյթ, մտածելակերպ, արուեստագէտներ եւ մտաւորականութիւն կենսական են հողազուրկ սփիւռքային հաւաքականութեան մը համար: Նոյնքան այսօր՝ որքան տասնամակներ առաջ։
     Երկրորդ՝ 25 տարի Antonio Gramsci դասաւանդած եմ, տարբեր նիւթեր, բայց միշտ ներառնելով իր այն կարճ գրութիւնը, որ անգլերէնով կը կոչուի «The Formation of the Intellectual»: Երրորդ՝ անցեալ օր կարդացի երկար յօդուած մը Լեւոն Շանթի «Ժողովուրդ ու մտաւորականութիւն» յօդուածաշարքէն (Հայրենիք ամսագիր, փետրուար 1924): Բոլոր պարագաներուն ալ ակնյայտ էր եւ է որ դիւրին սահմանումներու դիմադրող հարց մըն է մտաւորականութեան հարցը, որուն մասին կ’ուզեմ տեղ մը առիթն ունենալ երկար գրելու: Ներկայիս թուայնացումը այս հարցն ալ կը փոխէ, կը փոխակերպէ, ոչ անպայման բարեփոխելով: Երեւի թուայնաոլորտի մտաւորականութեան մասին յատուկ տեսութեան մըն ալ պէտք ունինք։ Ըսեմ ամփոփ ձեւով՝ կը հաւատամ որ մտաւորականներն ու արուեստագէտները (մէկ մեծ համակարգի երկու ճիւղերը) կենսական են առողջ հայ սփիւռքի մը համար, նոյնքան կենսական, որքան են ֆինանսական միջոցները, վարչական կազմակերպութիւններ՝ որոնք քաղաքական ղեկավարներ ալ են, եւ վերջապէս ու նորէն ու տակաւին՝ կղերը, երբ ան միայն ծիսակատար չէ, այլ նաեւ մտաւորական: Սա պատասխանելու շատ խիտ ձեւ մըն է, բայց կա՛մ այսպէս պիտի ըսեմ, կա՛մ հատոր մը պիտի գրեմ …։

 

ԳԻՏԵՆՔ որ անգլերէն Diaspora հանդէսին խմբագիրն էք, հանդէս մը որ նուիրուած է սփիւռք եզրին, անոր հասկացողութեան, վերլուծումին եւ տարբեր սփիւռքներու ներկայացումին: Քսան տարի առաջ հայկական Սփիւռքի հասկացողութիւնը տարբեր էր, ի՞նչ փոխուած է այսօր եւ ի՞նչ փուլերէ անցած է այդ փոփոխութիւնը:
ԻՆՉՊԷ՞Ս կը բնորոշէք Սփիւռք եզրը այսօր: Ի՞նչ է տարբերութիւնը մեր՝ հայկական սփիւռքին եւ մնացեալ սփիւռքներուն՝ հրէական, յունական, արաբական եւ այլն:

ՆՈՐԷՆ երկու հարցումները միացնելով փորձեմ պատասխանել:  
    Մինչեւ 1963, արեւմտեան հասարակական գիտութիւնները կը ճանչնային իբր սփիւռք երրորդութիւն մը՝ հրէականը, յունականը, հայկականը, որոնցմէ միակ կարեւորուածը առաջինն էր: 1964էն ետք «ափրիկեան սփիւռք» արտայայտութիւնը տարածուեցաւ անգլիախօս աշխարհին մէջ – որ կը ներառնէ զանգուածը այն խափշիկ, իբր ստրուկ արեւմտեան ցամաքամաս տարուողներու, որոնց հաւաքականօրէն «սփիւռք» կոչելը ատեն մը խրթին հարց էր, բայց ո՛չ այլեւս, ներկայիս բոլորովին ընդունուած է (ստորեւ  պիտի փորձեմ բացատրել թէ ինչպէ՞ս)։ Ապա արագօրէն աւելցան չինական հսկայ եւ հուժկու սփիւռքը, նմանապէս հնդկականը, չմոռնանք Լիբանանի, աւելի ճշգրտօրէն Պիլատ Էլ Շամի սփիւռքը, եւ յետոյ տասնեակներ:  Ներկայիս, գոնէ 65 հաւաքականութիւն կայ, որ սփիւռք ունի, ի միջի այլոց աճող եւ իր պետութեան կողմէ կազմակերպուող թրքականը: Սփիւռք բառին իմաստն ալ փոխուեցաւ ու կը փոխուի, քանի որ յետ-1965 հսկայածաւալ գաղթերը (migration) եւ անդրազգայնութիւնը (transnationalism) ամէն ինչ կը փոխեն. թուայնացումը եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցները՝ նմանապէս:
    1991ին, երբ գործակցելով Գուրգէն Սարգիսեանին եւ Զօրեան հիմնարկին հետ, հիմնեցի գիտական պարբերաթերթը եւ սկսայ զայն խմբագրել, անոր անունը երկու բաժին ունէր եւ դեռ ունի՝ Diaspora: a journal of transnational studies, այսինքն Սփիւռք – անդրազգայնութեան ուսումնասիրութիւններու պարբերաթերթ: Անգլիախօս գիտական աշխարհին մէջ, Սփիւռքը անդրազգայնօրէն ապրելու ամենէն աչքառու ձեւերէն է, բայց միակը չէ: Մեծ փոփոխութիւնը որ պատահած է, այն է որ նախապէս հայերու եւ հրեաներու պարագային յատկապէս, կարեւոր կը նկատուէր որ սփիւռքը ակամայ պարտադրուած ապրելաձեւ մըն էր – բաբելոնական եւ հռովմէական նուաճումները հրէութեան պարագային, թրքական վայրագութիւնները, յատկապէս Ճելալիներու ահաւոր ոտնձգութիւնները (մօտաւորապէս 1590-1650), ապա Եղեռնը՝ հայութեան պարագային, իսկ Ափրիկէի սեւերու պարագային 1445էն 1845 չորս դար տեւող սպանդը հարիւր հազարաւորներու, ապա նաեւ ամէն եւ իւրաքանչիւր տարի քանի մը տասնեակ հազարաւոր մարդ էակներու գերեվարում եւ շնչող ապրանքի պէս արտածում Ափրիկէէն Արեւմուտք։ Արհաւիրքէն՝ Սփիւռք։ 

…մտաւորականներն ու արուեստագէտները
(մէկ մեծ համակարգի երկու ճիւղերը)
կենսական են առողջ հայ սփիւռքի մը համար,
նոյնքան կենսական, որքան են ֆինանսական
միջոցները, վարչական կազմակերպութիւններ՝
որոնք քաղաքական ղեկավարներ ալ են,
եւ վերջապէս ու նորէն ու տակաւին՝ կղերը,
երբ ան միայն ծիսակատար չէ, այլ նաեւ մտաւորական:

    Բայց ներկայիս մասնագէտները զբաղցնող հարցերը սփիւռք մը իր հայրենիքէն արտաքսող, գաղթականութիւն պարտադրող դրդապատճառները չեն միայն, ո՛չ իսկ գլխաւորաբար։ Հարցը վերլուծումն է որեւէ պատճառով, ազդակներու շնորհիւ ստեղծուաղ սփիւռքներու։ Սփիւռք մը, ի՛նչ ալ ըլլայ իր հողէն ու հայրենիքէն դուրս ապրելու դրդապատճառը,  կը սահմանուի իբր հաւաքականութիւն մը որ կը փորձէ պահել իրեն յատուկ տարբերութիւնները, բայց երբ ժամանակի անցման ընթացքին այդ ճիգերը կը ձախողին, ապա յաջող ու յարատեւող Սփիւռք մը զինք իր շրջապատէն զանազանող նոր տարբերութիւններ եւ ի հետեւանք անոնց նոր ինքնութիւն մը կը կերտէ։  Բոլոր ինքնութիւնները, անձնական կամ հաւաքական – հայ եւ թուրք, այր եւ կին, սեւ ու ճերմակ – նախ միւսէն, ուրիշէն, դուրսինէն, այլէն տարբերութիւն մը կ՚ ենթադրեն, ապա, հաւաքական ինքնութիւններու պարագային՝ կիսուած, բաժնուած ինքնութենական միաւոր մը,- օրինակ լեզու մը, Եղեռնի նման հաւաքական փորձառութիւն մը եւ անոր յիշողութիւնը։ Ապա նաեւ հասարակաց ու հաւաքական փորձառութիւնները հասարակութեան մը, հաւաքականութեան մը ինքնութեան կռուաններն ու խարիսխներն են, ըլլան անոնք իւրայատուկ պատումներ, միթոսներ, արուեստներ (երաժշտութիւն՝ յատկապէս, որը՝ ինչպէս ցոյց տուաւ Paul Gilroy, սեւամորթներու անդր-ովկիանոսային Սփիւռքի բնորոշիչ յատկանիշն է)։ Հոս կենսական է նշել որ սփիւռքները միայն կրաւորականօրէն՝ իրենց պարտադրուածներով ու պատահածներով (օրինակ՝ Եղեռն, գերեվարութիւն) չեն ստեղծուիր, այլ նաեւ ակտիւօրէն, իրենց իսկ գործունէութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ։)

Սփիւռք բառին իմաստն ալ փոխուեցաւ
ու կը փոխուի, քանի որ յետ-1965 հսկայածաւալ
գաղթերը (migration) եւ անդրազգայնութիւնը
(transnationalism) ամէն ինչ կը փոխեն.

    Թէ ինչ յատկանիշներ, երեւոյթներ, վարուելակերպեր կը տարբերեն մէկ սփիւռքը միւսէն, յատկապէս հայկականը՝ հրէականէն, անկարելի նիւթ չէ, սակայն չափազանց բարդ է, եթէ պատասխանատու մօտեցում պիտի կիրարկենք։ Առաջին, անբաւարար պատասխանը որ շատ մը հայեր կու տան այդ տարբերութեան մասին, կրօնքն է, կարծես այդ բառը կախարդական ցպիկ մըն է որ ամէն ինչ կը յստակացնէ։ Հրեայ սփիւռքը այնքան անբաւարօրէն հասկցուած է մեր կողմէ, որ ներածական դասախօսութին մը կը պահանջէ եւ հոս անոր տեղը չէ։  Յատուկ, անջատ Zoomային քննարկումի մը նիւթ է։ Հարցը ծաւալելով կրնանք ըսել, թէ միշտ պէտք է քննել բաղդատութեան մը միաւորները, յիշել տարբերութիւնները։ Միաձոյլ հայ սփիւռք մը, զրկուած, քերթուած իր ներքին տարբերութիւններէն, բաղդատել նմանապէս բարդութիւններէ մերկացուած, միաձոյլ հրէական սփիռքի մը, իսկապէս գրեթէ անկարելի է։

Սփիւռք մը, ի՛նչ ալ ըլլայ իր հողէն ու
հայրենիքէն դուրս ապրելու դրդապատճառը,
կը սահմանուի իբր հաւաքականութիւն մը որ
կը փորձէ պահել իրեն յատուկ
տարբերութիւնները,
բայց երբ ժամանակի անցման ընթացքին այդ ճիգերը
կը ձախողին, ապա յաջող ու յարատեւող Սփիւռք մը
զինք իր շրջապատէն զանազանող նոր տարբերութիւններ
եւ ի հետեւանք անոնց նոր ինքնութիւն մը կը կերտէ։

    Բայց կարելի է նշել որոշ եզրեր։ Օրինակ՝ 1880-1947 զարգացող նախա-Իսրայէլին կապը իր սփիւռքին հետ, ապա նաեւ 1948-1973 Իսրայէլի առաջին քսանհինգամեակին կապը նոյնին հետ՝ համեմատաբար աւելի պարզ եւ դիւրին էր, քան յանկարծ անկախացող 1991եան Հայաստանի կապը “իր” Սփիւռքին հետ։ Պարզ է թէ ինչո՞ւ։ Իսրայէլը հիմնողները եւ զայն ղեկավարող առաջին երկու սերունդները սփիւռքահրեաներ էին, սակայն մեր պարագային՝ սփիւքահայերը չէին անկախ Հայաստանը հիմնողներն ու ղեկավարողները։  Յաւելեալ, Իսրայէլի հիմնաւորման ընթացքին ու նախ-ընթացքին (1880-1948)  գոնէ 68 տարի ունեցաւ հրեայ սփիւռքը՝ ստեղծելու ներկայացուցչական եւ հաղորդակցական կազմակերպութիւններ, ու պատրաստելու ղեկավարներ, որոնք մեծապէս կը դիւրացնեն հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւնը։ Մեր պարագային ո՛չ միայն չկար այդ նախապատրաստականը, այլ նաեւ բազմաթիւ կէս-ներկայացուցչական մարմիններու եւ ղեկավարներու անփորձութիւնը՝ հարցեր, դժուարութիւններ ստեղծեցին։ Այլ բազմաթիւ ազդակներ ու գործօններ կան, որոնց վերլուծման յարմար վայրը մեր այս զրոյցը չէ։ Օրինակ՝ թուաքանակի հարցը. կամ նոր գաղթականութիւններով՝ մաշող, հինցող սփիւռքներու կայտառացման կարելիութիւնը. կամ հայրենիքի մը վարկին դերը սփիւռքի մը ինքնագիտակցութեան մէջ, եւն։

… անդր-ովկիանոսային … սփիւռքները միայն կրաւորականօրէն՝
իրենց պարտադրուածներով ու պատահածներով
(օրինակ՝ Եղեռն, գերեվարութիւն) չեն ստեղծուիր,
այլ նաեւ ակտիւօրէն, իրենց իսկ գործունէութեամբ
եւ ստեղծագործութեամբ։)

    Ներկայիս տնտեսական հարցեր, ապա նաեւ թուայնացուած հաղորդամիջոցներու դերը կը հետաքրքրեն բազմաթիւ մասնագէտներ։ Եւ վերջապէս թերեւս օգտակար է նշել քանի մը մասնագիտական յօդուածներու խորագիրներ “մեր”պարբերաթերթէն` Diasporaէն քաղուած, օրինակ՝ վերջին թիւին մէջ, “Թուրքիոյ եւ իր արտասահմանեան համայնքներու անդրազգայնութինը,” կամ նախապէս, “Հայ վաճառանական սփիւռքը դէմ յանդիման գաղութատիրական անգլիական պետութեան” (Սեպուհ Ասլանեանէն) կամ, շատ աւելի կանուխ, իմ յօդուածներէս մէկը՝ “Վերնախաւեր եւ հաստատութիւններ  Հայ անդրազգին մէջ”,  կամ ուրիշ հեղինակի մը “Թիպէթի մշակութային ցրօնքը”  եւ այլն։ Ամէն ցրօնք, սփիւռք եւ անդրազգ կը հետաքրքրէ պարբերաթերթին վարչութիւնն ու ընթերցողներէն ոմանք գոնէ։
    Աւելցնեմ որ ես Diaspora պարբերաթերթին խմբագիրը չեմ այլեւս: Էի հիմնաւորումէն (1991) մինչեւ 2020, որմէ ետք զիս փոխարինած են խմբագիրներ Դալար Շահինեան, ծնունդով պէյրութահայ, որ կը դասաւանդէ բաղդատական գրականութիւն Irvineի համալսարանին մէջ՝ Գալիֆորնիա, եւ Սօսի Գասպարեան, ծնունդով կիպրահայ, որ հիմա քաղաքական գիտութիւններ կը դասաւանդէ Սկովտիոյ Stirling համալսարանին մէջ: Պարբերաթերթը կը մնայ Զօրեան հիմնարկի պարփակին մէջ:

 

ԳԻՏԵՆՔ որ գրական պարգեւ մը սահմանած էք ձեր ծնողքին անունով. կրնա՞ք ներկայացնել այդ մրցանքին ծնունդը, անոր արժանացած գրագէտներուն անունները եւ այլ մանրամասնութիւններ:

ՅՍՏԱԿԱՑՆԵՄ. այս պարգեւը ստեղծուած է շնորհիւ Համազգայինի ամերիկեան ճիւղի գործունէութեան ու որոշումին, եւ  յղացման ընթացքին քաջալերուած է ծնունդով հալէպահայ, ներկայիս Սան Ֆրանսիսկօ բնակող Եդուարդ Մսըրլեանին կողմէ: Ան թէ՛ հօրս, թէ՛ մօրս աշակերտած է «Քարէն Եփփէ»ի մէջ եւ ուզած է զանոնք պատուել մրցանակով մը, որուն ֆինանսաւորումը ինք կը կատարէ, իր միջոցներով, անկախ Համազգայինի պիւտճէէն: Արեւիկ Գաբրիէլեան կը վարէ յանձնախումբը, որ կ’ընտրէ, կը նշանակէ մրցանակի թեկնածուները եւ դատողները։  
    Իմ դերս պարզ է՝ մրցանակի գոյութեան առաջին երկու տարիներուն գոնէ, Համազգայինը նախընտրեց որ իբրեւ անձ մը, որ Թէօլէօլեան ամոլին զաւակն է, անոնց մականունը կը կրէ, որ նաեւ քիչ թէ շատ գրականութեան մասին գաղափար ունի, ծառայեմ իբր ժիւրիի նախագահ: Այդ ըրի: Հիմնադրուելու առաջին օրերուն ինծի յանձնուած էր պարտականութիւնը ընտրելու, զօրակոչելու, համոզելու անձեր, որոնք անվճար պիտի ծառայէին իբրեւ ժիւրիի անդամներ, ձեռագիրները ընթերցողներ եւ  դատողներ: Այդ գործը կատարեցի: Բայց ընդգծեմ, որ միայն երկու տարի այդպէս էր: Անկէ ետք ես ուղղակի մասնակցութիւն չունիմ հոն – երբ ինծի կը դիմեն, կը փորձեմ օգտակար ըլլալ: Միայն այդ:

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 2