ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

ՖԷՄԻՆԻԶՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅ ընթերցողը կամ անծանօթ է ֆէմինիսթ մտածումին, կամ վերապահութեամբ կը մօտենայ անոր, կամ ալ՝ քմծիծաղով: Հայուն համար, եւ արդար ըլլալու համար՝ աւելցնենք, ոչ միա՛յն հայուն համար, եթէ ֆէմինիզմը քիչ թէ շատ ընդունելի երեսակ մը ունի, այդ անոր պայքարն է ի խնդիր կիներու եւ այրերու հաւասարութեան, օրէնքի ատեաններուն առջեւ եւ տնտեսական մարզին մէջ: Ատկէ անդին, ֆէմինիզմը կը վերածուի վտանգի, եւ կամ կը նկատուի կռուազան, նոյնիսկ միասեռական ենթադրուող կիներու յատուկ մօտեցում մը՝ մտածումին եւ կեանքի, որ չի կրնար հետաքրքրել բնականոն, հաւասարակշիռ ընթերցողն ու մտածողը: Նման դիրքաւորում կ’անտեսէ ֆէմինիզմի յեղափոխական մղումը, որ չի բաւականանար գոյութիւն ունեցող ընկերային թատրոնին մէջ դեր ստանձնելով, այլ կ’ուզէ փոխել բեմը եւ բեմադրութեան օրէնքները, սկսելով սեռի հասկացողութենէն, եւ փոխել նաեւ ի միջի այլոց՝ գրականութեան, քննադատութեան եւ տեսութեան մարզերը, մանաւանդ համալսարաններէն ներս:    
    Ես երբ մեկնակէտ կ’առնեմ այն ֆէմինիզմը՝ որ կը զարգանայ Ամերիկայի հսկայ համալսարանական ցանցին մէջ, եւ որուն ամէնէն զօրաւոր յենակէտերն են գրականութեան եւ պատմութեան ճիւղերը, ապա՝ ընկերային գիտութիւններու զանազան կրթանքները եւ տիփարթմընթները: Շնորհիւ կին ակադեմականներու թիւի աճումին, ֆէմինիզմի համապարփակ մօտեցումին, եւ սեռայինին հետ կապուած հարցերու կարեւորութեան՝ մարդը եւ ընկերութիւնը ուսումնասիրող բոլոր մասնագիտութիւններուն համար, ֆէմինիզմը այսօր կը համարուի ամէնէն ուժականը եւ ազդեցիկը այն հակումներէն եւ շարժումներէն, որոնք 1968-էն ի վեր յեղափոխեցին մարդկային գիտութիւններու մարզը: Այսօր, մարքսիզմէն եւ յետ-կառուցապաշտ շարժումէն ալ աւելի, ֆէմինիզմն է որ ասպարէզ կը կարդայ գրականութեան, քննադատութեան եւ տեսութեան դասական հասկացողութիւններուն: Իմ նպատակս է ներկայացնել ֆէմինիզմը, իբր տեսութիւն, եւ ապա Զապէլ Եսայեանի «Վերջին բաժակը» վիպակին հպանցիկ մէկ ընթերցումը կատարել՝ ֆէմինիզմի թելադրած ցուցմունքներուն հետեւելով:
     Եթէ կարելի է բարդ շարժում մը կարգախօսով մը ներկայացնել, ամերիկեան ֆէմինիզմի պարագային այդ պիտի ըլլար ֆրանսուհի Սիմոնն տը Պօվուարի Երկրորդ սեռ գրքէն քաղուած խօսք մը, անգլերէնով,- «One is not born a woman»: Այս հաստատումէն՝ որ «ոչ ոք կին կը ծնի» կը հետեւին քանի մը վարկածներ,- նախ, արուի եւ էգի միջեւ գտնուող ֆիզիքական անժխտելի տարբերութիւններ չեն բաւեր՝ բացատրելու համար ընկերութեան մէջ հասունցած այր մարդու մը եւ կնոջ մը միջեւ զանազանուող բոլոր տարբերութիւնները: Անոնք կը նկատուին կառուցուած տարբերութիւններ, որոնք կ’արտադրուին երախայի ծնունդէն սկսող եւ ցմահ շարունակուող գիտակից եւ անգիտակից միջոցներու անդուլ եւ անդադար կիրարկումով: Լեզուն արտայայտչական եւ ներկայացուցչական միջոցները (գիրք, ֆիլմ եւլն.) իրենց կարեւոր դերը ունին սեռայնացուած ինքնութիւններու կազմաւորումին մէջ: Ընկերութեան մէջ կիրարկուող հաղորդակցական բոլոր միջոցները կը գործածուին, դրոշմելու եւ վաւերացնելու համար սեռայնօրէն զանազանուած գաղափարներ եւ փորձարութիւններ, մէկ մասը յատուկ կազմուող արուին, միւսը՝ էգին, որ սահմանուած է կին ըլլալու:
    Ֆէմինիզմը կը մերժէ անձի, երկու սեռերու կերտումի այս ներկայ իրավիճակը,- շեշտենք, ոչ միայն կին-անձ, այլ նաեւ այր-անձերու հոգեբանութեան եւ մտածելակերպի ու վարուելակերպի կառուցումը, «արտադրութիւնը», կերտումը: Միամիտ չէ: Կ’ընդունի որ անձ ըսուածը միշտ ընկերային արտադրութիւն մըն է, «գրութիւն» մը, որ «կը գրուի» ֆիզիքական տարբերութիւններու հայթայթած էջերուն վրայ: Սակայն կը մերժէ այն նեղմիտ, յամառ եւ սուր բաժանումները, երկուութիւնները, որոնք «տղան՝ այսպէս, աղջիկը՝ այնպէս», «այրերը՝ այսպէս, կիները՝ այդպէս» դասաւորելով կաշկանդիչ կառոյց մը կը պարտադրեն երկու սեռերուն ալ, մասնաւորաբար՝ կիներուն: Ֆէմինիզմը բազմաճակատ պայքար մըն է, երկուութիւնները բազմապատկելու, սեռայնացուած քաթեկորիներու միջեւ տիրող պատնէշները կործանելու, այրն ու կինը, միասեռականն ու տարբերասեռականը իրենց սահմանուած վանդակներէն եւ լուսանցքային դերերէն դուրս բերելու: Միաժամանակ, իր հանգանակն է նաեւ այն՝ թէ մարդկային մտքի իսկական կարողութիւնն ալ կաշկանդուած է, սեռայնացման ներկայ օրէնքներէն:
    Ահա այդ պայքարն է, որ կը գործէ գրականութեան հասկացողութեան մէջ ալ, 1970-էն ի վեր, Ամերիկայի մէջ: Նաեւ՝ այլուր: Սակայն քանի որ ես ամերիկեան ակադեմական աշխարհի արտադրութիւնն եմ եւ միայն անոր քաջածանօթ, իմ ակնարկս պիտի սեւեռեմ անոր: Կը սկսիմ աւանդականացած հայկական մօտեցումով, պատմական ակնարկով:
    1963-ին, Պէթթի Ֆրիտան, ամերիկացի հրեայ կին մը, որ բարձրորակ համալսարաններէն մէկը աւարտելէ ետք ամուսնացած էր, քանի մը զաւակներ մեծցուցած ու բարեկեցիկ կեանք կ’ապրէր, շեղելով գոհ տանտիկինի դերէն, լոյս ընծայեց The Feminine Mystique հատորը, նախակարապետը՝ ֆէմինիզմի վերազարդնումին: Այն օրերուն պայթուցիկ նկատուող այս պէսթ-սէլըրը այսօր կը թուի համեստ մերժում մը ըլլալ երկու տիրապետող վարկածներու: Առաջին մերժուած վարկածը կը հաստատէր, թէ 1789-ի Ֆրանսական Յեղափոխութենէն մինչեւ 1918 կիներու իրաւունքներուն համար մղուած պայքարները վերջապէս յաջողութեամբ պսակուեցան երբ կիները քուէարկելու իրաւունք ստացան, երկրորդը՝ թէ 1945-էն ետք սկսած ամերիկեան տնտեսական ոսկեդարը բարեկեցիկ դասակարգի կիներուն համար օրհնութիւն մըն էր, եթէ անոնք ունէին տուն, զաւակներ, արդիական ամէն գործիք, հանգիստ եկամուտ, եւլն.: Ըստ իս, այս վարկածներուն ֆրիտանի կողմէ մերժումը՝ պարզապէս սպառողական ընկերութեան մը մէջ «կանացի»ի սահմանումին ժխտումն էր, – Ֆրիտան հաստատեց, թէ բարեկեցիկ կեանք մը վայելող կինը չ՚ուզեր միայն իր արգանդով արտադրել, այլ իր բոլոր ուժերով, որոնք հաւասար են այր մարդուն ուժերուն, եւ սակայն որոնց չարտօնուիր արդիւնաւորուիլ: Լաւ կահաւորուած տունէն դո՛ւրս գործունեայ ըլլալու իրաւունքին հաստատումն էր իր գործը:
    Ֆրիտանի գործը նշմարուեցաւ, բայց շուտով կլանուեցաւ 1960ական թուականներուն այն աւելի՛ մեծ պայքարին մէջ, որ մղուեցաւ ի խնդիր սեւ ամերիկացիներու իրաւունքներուն, ապա՝ վիեթնամեան պատերազմին դէմ: Այդ պայքարներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ, ի միջի այլոց՝ սեռային յարաբերութիւններու հանդէպ գոյութիւն ունեցող մտածելակերպը: Հակառակ անոր, որ կիները մեծ դեր խաղացին 1960-ական թուականներու պայքարներուն մէջ, 1968-ին իսկ արդէն յստակ էր որ երկարամազ ու մօրուսաւոր ըմբոստ երիտասարդ այր մարդը, իր հօր նման, կիներէն կ’ակնկալէր աջակցութիւն եւ օժանդակութիւն, ո՛չ՝ իսկական հաւասարութիւն: Հակապետական եւ ժողովրդական այն մեծ շարժումին մէջ, որ տիրապետեց մեր կեանքին, 1960-ական թուականներուն, կիները սուրճ մը կը սպասարկէին, միմէոյի մեքենաները աշխատցնող եւ հեռաձայնները վարող անձնակազմ էին, սակայն ղեկավար դիրքերէ հեռու կը մնային, կրկին փաստելով մարդաբանութեան քանիցս փաստուած վարկածը, թէ՝ աւանդական բոլոր ընկերութիւններու մէջ, «կիները կը կազմակերպեն, այրերը կ’առաջնորդեն»:
    Սակայն, պայքարներու մէջ թրծուած կիներու նոր սերունդը չէր կրնար բաւարարուիլ նման վիճակով: 1968ի վերջաւորութեան հանրային ժողովի մը ընթացքին պատմութեան առջեւ անանուն մնացած կին մը կը հարցնէ խմբակի ղեկավար այրերէն մէկուն,- «Քու կարծիքովդ ի՞նչ է կիներու դիրքը, մեր շարժումին մէջ»: «Հորիզոնական», կը պատասխանէ ան, ինքնագոհ ժպիտով մը ակնարկելով ըմբոստ տարրերու սեռային ազատամտութեան:
    Անշուշտ խօսք մը շարժում մը չի ստեղծեր: Սակայն, անմիջապէս տարածուած այս խօսքը, եւ անոր համապատասխան հոգեվիճակը, 1969ի սկիզբը արդէն սկսած էր բռնկեցնել նոր շարժում մը, կիներու որոշ խմբակներու անջատում, հակա-վիեթնամականներու շարքերուն մէջ իսկ որոշ մեկուսացում: Գոյացան consciousness-raising խմբակները, գիտակցութեան վերբերումի խմբակներ, եթէ կ’ուզէք, ուր կիներ, առանց այրերու ներկայութեան, կը խօսէին իրենց կեանքին ու տեսակէտներու մասին,- ինքնապատումի, խոստովանութեան, հասարակաց ցաւերու եւ փորձառութիւններու մասին զրուցողներու այս շրջանակները, անհաւատալի արագութեամբ ստեղծեցին նոր մթնոլորտ մը, որուն մէջ շատեր սկսան տեսնել որ որոշ փորձարութիւններ այս կամ այն կնոջ անձնական կեանքի դժուարութիւնները ըլլալէ հեռո՛ւ են,- անոնք արդիւնքն են ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող վարկածներու եւ մտային կառոյցներու սիսթեմաթիք կիրարկումին, որոնց պարտադրումը կը ստեղծէ «կանացի» ըսուածը, սահմանումներու այն վանդակը՝ որուն մէջ ապրող իւրաքանչիւր կին կը կարծէր թէ ի՛ր ձախողութիւններու, իր անձնական յանցանքներու արդիւնքն էր իր դժգոհութիւնը, մինչ իրականութիւնը այն էր որ կիներու հասարակաց փորձարութիւնն էր այն, արդիւնք՝ ընկերային կառոյցի մը: Գիտակցութեան խմբակներու բազմապատկումը, 1969էն 1970, մթնոլորտի մը պատրաստումին ամբողջացուցիչ քայլն էր: 1970էն ետք, վիէթնամական պատերազմի դանդաղ աւարտը արտօնեց որ կիներու հարցը գրաւէ բեմը, եւ այդ օրէն ասդին՝ ան կը մնայ բեմին վրայ, ահա 17 տարի:
    Ի՞նչ եղաւ ֆէմինիզմի դերը, գրականութեան եւ քննադատութեան մարզերուն մէջ: Առաջին նախաքայլերը օրագրային ինքնակենսագրական գրութիւններու բազմապատկումն էր,- չմոռնանք որ ինքնապատումը, պատումի մը միջոցաւ ինքնութեան թեքսթին կառուցումը, Զապէլ Եսայեանի վաստակին առանցքներէն մէկն է, սակայն 1970էն ետք բազմապատկուող ամերիկացի ինքնակենսագրական վէպ գրող կիները չստեղծեցին մեծարժէք գործեր (թէեւ ոմանք կը հաւատան թէ Սիլվա Փլաթի գրութիւնները, այս սեռին մէջ, արժէքաւոր են): Այդ ինքնակեսագրական գրութիւններու իսկական դերը այն էր, որ հող պատրաստեցին: Սակայն, այդ հողին վրայ ծաղկող առաջին հունտը զուտ գրական գործ մը չէր, այլ՝ փորձագրութիւնը եւ քննադատութիւնը իրարու խառնող տոքթորայի թէզ մը, Քոլոմպիա համալսարանի անգլերէնի տիփարթմընթէն իր վարդապետական տիտղոսը ստացող կնոջ մը գրչէն,- Քէյթ Միլէթ, որուն Sexual Politicsը («Սեռային քաղաքականութիւն») իբր առանձին հատոր լոյս տեսաւ 1970-ին:
    Միլէթի գործին երկրորդ մասը արդի եւ ժամանակակից, գրեթէ-դասականացած այր գրողներու գործին ուսումնասիրութիւնն է. իսկ առաջին եւ աւելի կարդացուած մասը՝ այդ ուսումնասիրութեան հիմքը պատրաստող տեսական աշխատանքն է: Հոն՝ Միլէթ կը քննէ Ֆրէօյտի հոգեբանական տեսութիւնը: Կը կրկնէ եւ աւելի սուր քննադատութեան կը վերածէ շատոնց նշմարուած այն իրականութիւնը, որ ֆրէօյտի տեսութիւնը, մարդկային ինքնութեան կազմութեան մասին, այր մարդոց սենարիօ մըն է աւելի, ֆանթէզի մը՝ ուր կիները կը սահմանուին իբր անոնք՝ որոնք այր չեն, որոնք չունին առնանդամ եւ ուրեմն ամբողջ ու կատարեալ չեն, որոնց համար այր մարդը եւ անոր մարմնակազմութեան վրայ փոխաբերաբար հիմնուած խորհրդանիշ ֆալլոսը կը ներկայացնեն հեղինակութիւնը, երեւակայութեան եւ կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:
    Միլէթ այս աւանդականացած քննադատութիւնը կը սրէ, կ’ընդլայնէ, կը զետեղէ Ադամ-Եւայի պատումէն մինչեւ 20րդ դար երկարող ու այր մարդուն գերակայութիւնը յղացող պատումներու շարքին քովն ի վեր, ու կը սկսի գրականութեան վերընթերցումը: Գրականութիւնը, անոր համար եւ իրմէ ետք գրող ֆէմինիսթներուն համար, միայն արտացոլումը չէ ընկերային իրականութեան, այլ նաեւ անոր մէջ տիրող յղացքներու կառուցման եւ վերանորոգման մէկ գործօնը, միւս արուեստներու եւ մէտիաներու կողքին: Այսպէս, երբ Տ. Հ. Լորընս իր իբր թէ յեղափոխական վէպին մէջ կը մերժէ Լորտ Չէթըրլիի (եւ ուրեմն անգլիական բարձր դասակարգի խորհրդանիշ) անդամալուծութիւնը եւ սեռային անկարողութիւնը, ու կը պանծացնէ Լէյտի Չէթըրլիի զարթնող սեռայնութիւնը, այր քննադատներ կը գովեն գիրքը, իբր ջատագով թէ՛ այրերու, թէ՛ կիներու սեռային ու հոգեկան ազատագրումին: Միլէթ կտրուկ կերպով կը մերժէ նման դատում, եւ ջախջախիչ վերլուծումով մը կու գայ փաստելու որ գիրքը կը ցոլացնէ, նոյնիսկ կը կառուցէ անդրանցում մը՝ 19-րդ դարու ֆանթէզիէ մը 20րդ դարու ֆանթէզիի մը, երկուքն ալ՝ ա՛յր մարդու ֆանթէզիներ, որոնք Լորընսի գրական տաղանդին շնորհիւ կը թուին համոզիչ: 19րդ դարու անգլիական առնա-տիրապետական մօտեցումը կը նախընտրէ կին մը՝ անմեղ, անբիծ, տգէտ սեռային հարցերու մէջ, ցանկութիւն չզգացող, ամուսնութենէն ետք իսկ տեսակ մը կոյս: Քսաներորդ դարու յետպատերազմական այրերու նախընտրութիւնն էր կին մը՝ սեռայնութեան ընդունակ, այր մարդուն նախընտրած սեռային ցանկութիւնը ուրախ եւ գրկաբաց ընդունող, որ այր մարդուն նախընտրած սեռային դաստիարակութիւնը ընդունելու պատրաստ էակ մըն էր, այսինքն՝ Լէյտի Չէթրլին: Ճիշդ է, կ’ըսէ Միլէթ, որ կիները կը նախընտրեն Լէյտի Չէթրլին, քան՝ 19-րդ դարու անսեռ կին հրեշտակները: Սակայն կը հաստատէ որ երկու ինքնութիւններն ալ հաւասարապէս այր մարդոց իրերայաջորդ սերունդներու սեռային նախընտրութիւններուն հայելիներն են, անոնց ներքին անապահովութիւնները եւ սեռային անվսահութիւնները ամոքող յաւիտենական ստնտուներ: Այս կիներու շատ բան կրնայ արտօնուիլ, սակայն երբե՛ք իրե՛նց նախընտրութիւնները, իրե՛նց ինքնութիւնը արտայայտել, ո՜ւր մնաց իրենց համար հաւասարութիւն պահանջել, սեռի եւ սիրոյ մէջ:
    Այսօր Միլէթի քննադտութիւնը նախնական ու պարզմիտ կը համարուի, աւելի բողոք մը՝ քան հասուն գործ: Այսպէս՝ ան կը կարդացուի ինչպէս մենք այսօր Աբովեանի Վէրք Հայաստանին կը կարդանք,- իբր սրտակեղեք սակայն միամիտ արդիւնքը վիպագրական արուեստի նախնական հասկացողութեան: Այս է թերեւս դերը, որ կը սահմանուի առաջին խիզախներուն, ռահվիրաներուն, արուեստի եւ քննադատութեան մարզերուն մէջ: Անժխտելի է սակայն Միլէթի գործին դերը, եւ մինչեւ այսօր ալ ինծի շատ դիպուկ կը թուին անոր քննադատութիւններէն ոմանք, քանի որ ոչ գրականութիւնը, ոչ ալ մասմէտիաները այնքան ալ մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած են, այս մարզին մէջ:
    Միլէթի գործերէն մինչեւ այսօր, 17 տարիներու ընթացքին իրագործուած ֆէմինիսթ քննադատութիւնը անցաւ երեք հանգրուաններէ, զորս կարելի է նկարագրել պարզացուցիչ մօտեցումով,- ա) կինը՝ իբրեւ զոհ, բ) կինը՝ իբրեւ դիմադրող, գ) կինը՝ իբրեւ այր մարդուն հետ երկխօսութեան մը հաւասար ընկերակից եւ կամ նոյնիսկ՝ իբրեւ մրցող: Այս հանգրուանները անցեալ-ներկայի բաժանումներ չեն միայն: Այսօ՛ր ալ, նոր գրուող գիրքերու մէջ, կարելի է գտնել օրինակներ՝ այս երեքէն, սակայն առաջինը մանաւանդ կը համարուի միամիտ եւ հինցած մօտեցում:
    Գործնականօրէն, ի՞նչ կը նշանակէ այս մօտեցումներով քննադատութիւն կիրարկել: Բացատրելու համար, նախ կարեւոր է յիշել թէ ո՜րքան հաստատ հիմքերու վրայ գրուած էր համալսարաններու գրականութեան դասընթացքներու այսպէս կոչուած կորիզը կամ «կանոն»ը, դասականացած վէպերու շարքը: Անգլերէն վէպը կը սկսի, ըսենք, 1719-ին Ռոպինսոն Քռուզոյի տպագրութեամբ: 1719էն 1970, գրուած տասնեակ հազարաւոր վէպերուն կէ՛սը գոնէ կիներու գործն է: Սակայն, համալսարանի մէ՛ջ դասաւանդուող հարիւր դասականացած վէպերուն թերեւս ութ կամ տասը հատը կիներու գործն էր, 1970-ին: Աւելի՛ն, անոնք կը մեկնաբանուէին իբր «կանացի վէպը», «կիներու վէպը», սակայն միւսները՝ ոչ, իբր «այրերու վէպը»: Հէմինկուէյի գործը, օրինակ, որ մարմնացո՛ւմն է այր սեռի որոշ ֆանթէզիներու, «վէպ» էր պարզապէս, մէկ մասնիկը վիպարուեստի ողնասիւնին, մինչ կին գրողներու վէպերը (Օսթըն, Էլիըթ, Վիրճինիա Վուլֆ) կը մնային կողոսկր եւ ոչ ողնասիւն, քիչ մը զարտուղի՝ որքան ալ հետաքրքրական:
    Ֆէմինիզմը եկաւ հաստատելու որ կին գրողները եղած են այրատիրութեան զոհերը, իսկ գիրքերու մէջ կին հերոսուհիները եւ դերախաղացները՝ եղած են զոհերը նոյն մտածումին, ընթերցող հասարակութեան մօտ: «Զոհ» ըլլալ, գրողի մը համար, կը նշանակէ մոռցուիլ եւ անտեսուիլ, ոչ տաղանդի բացակայութեան պատճառով, այլ՝ նոյնինքն կի՛ն ըլլալու, ուրեմն՝ անկարեւոր նկատուելու պատճառով: Հսկայ մատենագրական աշխատանքի մը շնորհիւ պեղուեցաւ անցեալը, վերակառուցուիլ սկսաւ կին գրողներու գործը,- վէպեր, քերթուածներ, օրագիրներ, ինքնակենսագրութիւններ: Այսօր, Անգլիոյ մէջ գոյութիւն ունի «Վիրակօ» հրատարակչականը, որ միա՛յն մոռցուած կին գրողներու գործերը թղթակազմ հրատարակելու եւ մատչելի ընելու աշխատանքին նուիրուած է: Միաժամանակ, ֆէմինիսթ քննադատներ լծուեցան վերլուծական աշխատանքի, ուր ցոյց տուին թէ ինչպէս կիները, նոյնիսկ ամէնէն ծանօթ հերոսուհիները, կ’ապրին կաշկանդուած կեանքեր, կը գոհանան քիչով, կ’ընդունին երջանկութիւն մը որ միայն իրենց սիրած այր մարդոց երջանկութիւնը ապահովելու մէջ կը կայանայ, եւլն.: Յաւելեալ, վերլուծելով այր քննադատներուն գործերը, ֆէմինիսթ քննադատներ ցոյց տուին թէ անոնք սիսթեմաթիք կերպով կ’անտեսեն վէպերու կամ թատերախաղերու կին դերակատարներու տեսանկիւնն ու կարծիքները: Եւ կամ, երբ այր քննադատները կ’ընդունին այդ կին դերակատարներու տեսակէտները իբր ճշմարտութիւն, կ’ընդունին միայն ա՛յն կին տիպարները՝ որոնք որովայնախօսի պուպրիկներ են, խօսնակներ միայն՝ այր մարդոց եւ տիրող մտածելակերպին: Մինչեւ այսօր ալ կան կին քննադատներ, որոնք յաջող կերպով կը կիրարկեն այս մօտեցումով վերլուծումներ: Եթէ երբեմն միամիտ կը համարուի նման վերլուծումի կոպիտ կիրարկումը, պատճառը այն է որ այր եւ կին տիպար (նկարագիր, գործօն անձ, քարաքթէր)՝ երբ կը ստեղծուին ու կը գործեն արուեստի մէջ, լեզուակե՛րտ, բառակե՛րտ միաւորներ են: Ֆէմինիսթ քննադատներ երբեմն կը մոռնան սա կէտը, եւ այնպէս մը կը խօսին՝ որ կը կարծես իրենց ընկերութեան մէջ շնչող էակներու կ’ակնարկեն:
    Սակայն, հակառակ այս խոցելի կէտին, այն ֆէմինիսթ քննադատութիւնը՝ որ քիչ մը պարզամիտ ձեւով վէպի մը մէջ զոհուող կին տիպարը կը նոյնացնէ կեանքի, ընկերութեան, իրականութեան մէջ զոհուող կին էակներու հետ, մնաց զօրաւոր, մօտ տասնամեակ մը: Կին տիպարը զոհ կամ պուպրիկ նկատող այս մօտեցումին յաջորդեց հանգրուան մը, ուր ֆէմինիսթ ընթերցողը կը փնտռէր ըմբոստ կինը, դիմադրող կինը, կը պանծացնէր կիներ, որոնք սպառնալիք կը թուէին այր մարդուն, եւ որ իր կարգին յաճախ «խենթ» կամ «պոռնիկ» կը որակէր այրատիրութեան դիմադրող կինը: Այս հանգրուանին փնտռուեցան ինքնավսահ, անկախ կիներ՝ որոնք կը մերժէին ընդունիլ հրեշտակի, ծառայի, սեռային առարկայի կամ տանտիկինի դերերը, երբեմն՝ յաջողելով, յաճախ՝ ի գին մահու, անձնասպանութեան, յաճախ՝ մտակորոյս ըլլալով: Այս շրջանին է նաեւ որ կին միասեռականը սկսաւ մեկնաբանուիլ իբր դիմադրող ֆիկիւր մը, գրող Կէրթրուտ Սթայնի նման, դէմք մը՝ որ կը կերտէ իր ինքնութիւնը մերժելով այրի սեռականութիւնը, սակայն առանց մերժելու սէրը եւ սեռը, մինչ միջնադարու մեծ մայրապետները, որոնք անկասկած կերտած էին անկախ ինքնութիւն մը, ստիպուած էին հրաժարիլ սեռայինէն, ինչ որ անշուշտ անընդունելի զոհողութիւն մըն է, արդի ֆէմինիսթին համար:
    Ներկայիս, կը գտնուինք հանգրուանի մը մէջ, ուր առանձնաշնորհեալ է կին-այր երկխօսութեան, հաւասարութեան փնտռտուքը, գոնէ՝ հակադարձ իրերազդեցութեան մը հետքերը: Կը մերժուին քլիշէներ,- կինը՝ կոյս կամ պոռնիկ, մայրը՝ իբր ստինք կամ քասթրէյշըն սպառնացող վհուկ, եւլն.: Վիրճինիա Վուլֆի Տիկին Տալլօուէյը եւ To the Lighthouse, Ճէյն Էյրը, Էլիըթի Տօրօթէն, երբեմն՝ Ճոյսի Մոլլի Պլումը հերոսուհիներն են այս ժանրի քննադատութեան, որ միաժամանակ մօտէն կը հետեւի կին գրողներու նոր գործերուն, կը շեփորէ անոնք՝ որոնց մէջ կինը այր մարդուն հաւասար եւ անոր չափ անկախ եւ ինքնապարտադրող դեր ունի, անկողնէն՝ գրասենեակ, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ անխտիր:
    Ամփոփեմ այս ակնառկը, ընդգծելով որ երեք հանգրուաններէն իւրաքանչիւրը-զոհի, դիմադրողի, հաւասարի փնտռտուք կը բնորոշուին երեք տարբեր ճիգերով, ա. մատենագրական, ուր կորուսեալ, ուրացած, մոռցուած կամ անտեսուած անցեալ մը կը փնտռուի: Մեր հայկական իրականութեան մէջ չեմ գիտեր թէ որքան մեծ է թիւը մոռցուած կին գրողներու: Երբեմն ինծի այնպէս կը թուի թէ մեր անցեալի՝ կին գրողը հազուագիւտ երեւոյթ մը ըլլալով, կը յիշուի, եթէ նոյնիսկ արհամարհուի: Վերջին երկու տարիներուն, Վահէ Օշական, Ասպարէզի իր սիւնակներով անդրադարձաւ 19-րդ դարու քանի մը կին գրողներու, որոնց անուններն ու գործերը անծանօթ էին ու կը մնան ինծի: Հայաստանն ալ, կ’ենթադրեմ, ունի աղբիւրները նման աշխատանք մը տանելու:
    Երկրորդ ճիգը, որ կը բնորոշէ արդի ֆէմինիզմի բոլոր հանգրուանները, եւ որ կը պակսի մեր մօտ, վերաքննական, վերլուծական, վերընթերցումի աշխատանքն է, որ անցեալի ու ներկայի դասականացուած թէ անտեսուած գործերը կը զննէ, ցոյց տալու համար թէ ինչպէս ֆէմինիսթ մտածումի ստորոգութիւններու ներմուծումը կը ճոխացնէ, կը բարդացնէ, յաճախ կը փոխէ եւ երբեմն կը յե՛ղա-փոխ-է այդ գործերուն մեկնաբանութիւնը, անոնց վերագրուած իմաստը: Ա՛յդ է որ կ’ուզեմ ընել ես, այսօր, Եսայեանի մօտ:
    Երրորդ ճիգը՝ կին գրողներու կողմէ կը կատարուի: Քաջալերուած, տիրող նոր մթնոլորտէն, բազմահարիւր կին գրողներ կ’արտադրեն անկեղծ ու անվախ գործեր, ուր խոստովանութիւն, բողոք, զայրոյթ եւ այրատիրութեան մերժումը կ’ընթանան զուգընթաց, նոր տիպարներու ստեղծումին հետ: Կը յօրինուին այր թէ կին տիպարներ, որոնք կը փորձեն տարբեր ձեւերով զիրար սիրել, հասկնալ, ապրիլ եւ երբեմն, իւթոփիք մղումին յանձնուած , նոր աշխարհներ կերտել: Այս մղումը թափանցած է ամէն կողմ, այնքան որ նոյնիսկ գիտա-ֆանթէզիական սեռին մէջ Ուրսուլա Լըկուինի եւ Ճոաննա Ռասի նման կիներ ապագան կ’երազեն ֆէմինիսթ տեսանկիւնէ: Թէ որքան հազուադէպ է այս, մեր մօտ, ձեզի կը թողում որոշել:
    Փակեմ, ընդգծելով որ նման ակնարկ, արդի գրական ֆէմինիզմի, ստիպողաբար կ’անտեսէ վերջին տասնամեակի եւ իմ նկարագրած երրորդ հանգրուանին ընկերացող ամենաբարդ, միաժամանակ ամենանուրբ երանգը, այն՝ որ կը մերժէ այր թէ կին մարդու հաստատ ինքնութեան մը գաղափարը: Ինքնութիւնը, ըստ այս շարժումին, յաւէտ խախուտ, շարժուն, փոխուելու հակամէտ բան մըն է: Ըստ անոր, գրականութիւնը կը պատկերացնէ այրատիրութեան ճիգը, մասնի՛կ մըն է այն ճիգին, որ կը փորձէ հաստատ հիմերու վրայ դնել ինքնութիւնը: Սակայն, այրը ինքզինքին կրնայ տալ իր նախընտրած ինքնութիւնը եւ զայն օժտել անխախտութեամբ միա՛յն եթէ մերժէ իր եւ կնոջ ինքնութեան ճշմարտութիւնը,- այսինքն ինքնութիւններու իրերայենումը:
    Այդ մերժումին արդիւնքն է կնոջ ուրիշացումը: Կինը կը վերածուի ուրիշին եւ տարբերին, կը տեսնուի իբր այն՝ որ այր չէ, կը կորսնցնէ իր սփէսիֆիսիթէն, իր յատուկ իրականութիւնը, կը վերածուի հակադրութեան մը, կը տեսնուի իբր ոչ-այրը: Այս մօտեցումը, որ կը բնորոշէ կինը, «բնութիւն» մը կը պարտադրէ անոր, կը ստեղծէ «յաւիտենական» էգը, այն յոյսով որ այդ կեղծիքը կը վաւերացնէ յաւիտենական այրը, ապա նաեւ կը մեկուսացնէ միասեռականը, զոյգասեռը կամ պայսէքշուըլը (bisexual). Ֆրէօյտի փոլիմորֆը, իբր անբնականոն, անօրէն: Մինչդեռ, ըստ ֆէմինիզմի այս ամէնէն յանդուգն ու բարդ ճիւղին, մարդ արարածին բնութիւնը, բնականը՝ սեռային անորոշութիւնն է, ամէն տեսակը հակումներու միատեղ, միաժամանակ գոյութիւնն է: Մանուկը, արու թէ էգ, փոքրիկ այր մը կամ կին չէ: Երբ ան դեռ չէ ձեւաւորուած, կերտուած, շղթայուած ընկերային կարգերու կողմէ, արու մանուկը ունի այսպէս-կոչուած «իգական» գիծեր ու նախընտրութիւններ ալ, իսկ էգ մանուկը՝ «առնական» կոչուող նմանօրինակ գիծեր: Այս հաստատումը թէ՛ սեռային նախընտրութիւններու մասին է, թէ՛ ալ՝ մշակութային: Սակայն ընկերութեան մէջ, այրը եւ այրատիրութիւնը, մտահոգ՝ զուտ առնականութեան մը փնտռտուքով, արու մանուկի՛ն մօտ թէ իրենք իրենց մօտ կը ժխտեն, կը մերժեն իգականը, կը փորձեն ջնջել զանոնք: Պիտի տեսնենք ինչ դեր ունի այս բոլորը՝ Եսայեանի գործի մեկնաբանութեան մէջ:

* * *

Զապէլ Եսայեան ծնած է 1878-ին եւ մեռած, հաւանաբար, 1943-ին, ստալինեան կուլակին մէջ: «Զոհ դարձաւ անհատի պաշտամունքին, երբ լի էր ստեղծագործական կարելիութիւններով», ինչպէս կ’ըսէ իր սովետահար կենսագիրը: Իր առաջին գրութիւնը հրատարակած է 17 տարեկանին, եւ զօրաւոր թափով ստեղծագործած է ամբողջ 40 տարի, 1895-էն 1935, Պոլսոյ, Եւրոպայի եւ, հայրենադարձութենէն ետք, Խորհ. Հայաստանի մէջ: Իր վաստակի առաջին հանգրուանը 1895-1915 շրջանին լոյս կը տեսնէ, երբ Պոլսոյ մէջ Սրբուհի Տիւսաբէն ետք երեւան եկած էին ու կը գործէին ուրիշ կին գրողներ,- Սիպիլ, Զարուհի Գալէմքէրեան, Արշակուհի Թէոդիկ, Հայկանոյշ Մառք, ապա՝ Մաննիկ Պէրպէրեան, Հերանոյշ Արշակեան, եւլն.: Սկիզբէն, կը նշմարուի որ Եսայեան տարբե՛ր է միւսներէն, հեռու կը մնայ անոնց զգացական մօտեցումէն եւ կամ շատ հրապարակագրային եւ բարոյախօսական դիրքաւորումներէն: 1907ին, Բիւզանդիոն թերթին մէջ, ազդեցիկ քննադատ Արտաշէս Յարութիւնեան կը գրէ որ միւս կին գրողները «ամէնքն ալ իրարու հետ կը շփոթուին, վասնզի ամէնքն ալ Սիպիլին պատկերը կը կապկեն»: Տարբե՛ր կը գտնէ Եսայեանը, հակառակ որոշ գործերուն մէջ գտնուող «երազաւէտ, թախծալից» երանգին: Կին թէ այր, այլ քննադատներ համաձայն են: Տիկին Հայկանոյշ Մառք կ’ոգեւորուի, Եսայեանը կ’որակէ «չքնաղ հանճար մը, փայլուն, ակնախտիղ սեւ ադամանդ մը, որուն արուեստագէտ գրականութիւնը հպա՛րտ կ’ընէ զիս՝ կին ծնած ըլլալուս համար» (Բիւզանդիոն, 1907, թիւ 3, էջ 82): Բացի Արամ Անտոնեանէն, Պոլսոյ միւս հրապարակագիր-քննադատները չեն անտեսեր Եսայեանի գործը, եւ նոյնիսկ Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆի ու Ենովք Արմէնի նման այլամերժներ դրականօրէն կ’արտայայտուին անոր հանդէպ: Տարիներ ետք, 1942ին, Յակոբ Օշական կը գրէ թէ Եսայեան «արեւմտահայ վէպին ամէնէն մեծ դէմքերէն է, եթէ ոչ ամէնէն մեծը»:  
    Այլ խօսքով, հայ ֆէմինիսթ մը պիտի չկարենայ բողոքել թէ Եսայեան անտեսուած էր, երբ կ’ապրէր: Մահէն ետք թերեւս Սփիւռքը քանի մը տարի անտեսեց զինք, սակայն վերջին տասնամեակին մանաւանդ, իր գործերը, մասնաւորաբար Սիլիհտարի պարտէզները, յաճախ ուշադրութեան սեւեռակէտ դարձան: Դեռ նոր լոյս տեսած գիրք մը, Շուշիկ Տասնապետեանի Վերլուծական էջերը (Պէյրութ, Տպ. Էրեբունի, 1987), կը պարունակէ անոր մասին չորս գրութիւն, որոնք կ’ընդգծեն Վերջին բաժակըի, Սիլիհտարի պարտէզներըի եւ Արգելքըի կարեւորութիւնը, մեր վէպի արժեւորման համար: Հարցը, ուրեմն, անտեսուած կամ չգնահատուած գրողի մը վերարժեւորումը չէ, այլ անոր վաստակի մեկնաբանութեան տարբեր, ֆէմինիզմէն ազդուած ուղղութիւն մը տալն է, բան մը՝ որ չէ կատարուած Հայաստանի մէջ, կամ Տասնապետեանի կողմէ: Անշուշտ թէ Հայաստանի, թէ Սփիւրքի քննադատները կ’ակնարկեն Եսայեանի ֆէմինիզմին, սակայն նման ակնարկներ կը սեւեռին անոր հրապարակագրութեան վրայ,- «մասնաւորապէս նրան խիստ զբաղեցնում էր ֆէմինիզմի, կնոջ ազատագրութեան, հասարակական վիճակի հարցը», կը գրէ սովետահայ մասնագէտ մը, նշելով Եսայեանի «Կնոջ հարցը», «Նոր կինը», «Մեր կիները» եւ այլ յօդուածները, բոլորն ալ հրապարակուած Պոլսոյ Ծաղիկին մէջ, 1903-ին, որոնք յաջողեցան յուզել օրուան հանրութիւնը:
    Հետաքրքրական է, սակայն, որ մեր քննադատական աւանդութեան մէջ նման բնութագրում ընդհանրապէս կը վերապահուի Եսայեանի հրապարագրական եւ ոչ-գրական արձակին: Երբ կը դառնանք գրականին, կը հանդիպինք դասականացած գրական արժեւորումներու, որոնք ունին կրկնուող պատկերներ եւ ներքին կառոյց մը: Նախ կայ այն տարածուած հաստատումը թէ պոլսահայ կին գրողներ սովորաբար «ինքնատիպ չեն, չունին ազգային նկարագիր, եւ դիւրաւ կարելի է զանոնք շփոթել ֆրանսացի գրողներուն հետ» (Բիւզանդ Քէչեան, Բիւզանդիոն, 1908, էջ 109): Եսայեան կը հակաճառէ այս մեղադրանքին, հաստատելով որ բոլո՛ր պոլսահայ գրականութեան կը պակսի ինքնատիպութիւն, քանի որ թէ՛ այրերու, թէ՛ կիներու գործին վրայ հաւասարապէս ծանր կը կշռէ Ֆրանսայի ազդեցութիւնը (Ծաղիկ, 1904, թիւ 8, էջ 65): 
    Ինչո՞ւ մէջբերել նման տողեր: Վերջապէս անծանօթ չենք այսպիսի ամբաստանութիւններու: Գիտենք որ երբ մեր գրասէր հասարակութիւնը քիչ մը շատ արագ ու յանկարծ ինքզինք կը գտնէ նորաձեւ կամ նորանիւթ գրութեան մը առջեւ, «ֆրանսագիր», «օտարամիտ» «հակատոհմիկ» բառերը դիւրաւ կը հոսին գրիչներէ: Վկայ, ի միջի այլոց, Պըլտեանի աշխատանքին գտած ընդունելութիւնը, սկզբնական շրջանին, ինչպէս անկէ քիչ մը առաջ՝ Վահէ Օշականի որոշ երկերու ընդունելութիւնը: Սակայն հետաքրքրականը, Եսայաեանի պարագային, սա է,- նախ՝ որ ինք այդ ամբաստանութեան աւելի արժանի չէ քան նոյն շրջանի ուրիշ գրողներ, որոնք զբաղած են ֆրանսացիներու գործերը թարգմանելով, «ընտելացնելով»: Եւ երկրորդ, յատկանշական է որ օտարամոլութեան մեղադրանքը յանդուգն կին գրողի մը հասցէին կ’ուղղուի: Մեր մօտ, ուրեմն, կին գրողը եւ Եսայեանը կը վերածուին այս ամբաստանութեան թիրախներուն, սակայն հարկ է աւելցնել,- ոչ միայն մեր մօտ : Գոնէ պոլսահայերուն համար կրնանք ըսել որ Տիկին Տիւսաբի ֆրանսալեզու մականո՛ւնն իսկ վարժեցուցած էր զիրենք, այո մեղադրանքը գործածելու: Սակայն ինչպէ՞ս բացատրել որ անգլիացի քննադատներու համար ալ յանդուգն գրողը, մանաւանդ կին գրողը նմանապէս կ’ամբաստանուի իբր օտարապաշտ, իբր ներմուծող գերման կամ ֆրանսական մշակութային «մանրէ»ներու: Առաջինին օրինակ Ճորճ Էլիըթը (որ՝ Ժորժ Սանտին նման, կին էր) եւ որուն մտածումին վրայ շատ ազդած է գերման փիլիսոփայութիւնը: Երկրորդին օրինակ, փաղանգը մանր ու մեծ գրողներու, Շարլոթ Պրոնթէյի նման, որոնք կը դատապարտուին իբր վարակուած՝ Ժորժ Սանտէն, Պելժիա բնակելէն եւլն.: Անշուշտ, պէտք է ընդունիլ՝ որ այն որ նոր է, յաճախ խորթ է, այն որ խորթ է, օտար է՝ հաւաքական անգիտակիցի տրամաբանութեան մէջ, սակայն գրողներու հանդէպ ամէնուրեք տարածուած այս ամբաստանութիւնը փաստ մըն է որ իսկական նորութիւն բերող, բարձրորակ կին գրողը վտանգ կը համարուի, մանաւանդ՝ եթէ կարելի է կասկածիլ որ Եսայեանի նման, ան ապրած է օտար երկիրներ, մանաւանդ՝ Փարիզ, եւ, ո՜վ գիտէ, սեռային յարաբերութիւն ալ ունեցած է օտար հետ: Սեռայինը, ի վերջոյ, փոխաբերական եւ անգիտակից պատկերացումներու նախընտրած տարածքն է:
    Նորաձեւ եւ տաղանդաւոր կին գրողին ներկայացուցած չակերտաւոր սպառնալիքը, երեւակայութեան մարզին մէջ, նաեւ կ’առթէ ուրիշ որակում մը, քիչ մը ամէն կողմ, ի միջի այլոց՝ Եսայեանի պարագային ալ: Ինչպէ՞ս ընդգծել որ կին մը կը զանցէ իրեն սահմանուած դերը, կը մտահոգէ նոյնիսկ համակիրները, -պարզ է, կարելի է զինք որակել «առնական», ոչ-կանացի: Եւ այս որակումը կը գտնէք քիչ մը ամէն կողմ, Մինաս Թէօլէօլեանի գիրքէն՝ մինչեւ Եսայեանի սովետահայ կենսագրի գործին մէջ: Երկուքն ալ համակիր, երկուքն ալ գովեստով խօսող,- ի՞նչպէս գովել կին մը, զոր կ’ուզենք շնորհաւորել իր տաղանդին համար, տաղանդ՝ որ իբր թէ սովորաբար չի փնտռուիր կիներու մօտ, միաժամանակ նշելով՝ որ վտանգաւոր բան մը կայ հոդ,- պարզ է: «Եսայեանի ձայնը հնչում էր խիստ առնական ու տպաւորիչ», կ’ըսէ քննադատը: Նոյնիսկ Տասնապետեան անգիտակից զոհն է այս սովորութեան, երբ կը նկարագրէ Եսայեանը իբր «առնական հզօր ուժով եւ կանացի ջերմութեամբ» օժտուած: Մտքի ուժը, նոյնիսկ այս արդիական գործին մէջ կը վերապահուի այր մարդուն:
    Իր կարծիքով, Եսայեանի վիպակը, Վերջին բաժակըի քննարկումն է, ի միջի այլոց, «այր» եւ «կին» սահմանումներու իմաստին: Աւելի ընդհանրանալով, կարելի է ռիսք մը առնել եւ ըսել որ անոր վաստակին մէկ կարեւոր մասը նուիրուած է հայ կնոջ գրողի մը ինքնութեան կերտումի հարցին, կերտում՝ որ եսակեդրոն, նոյնիսկ նարկիսական որակուած է յաճախ, եւ որ սակայն չի՛ մոռնար ինքնահարցաքննութեան հրամայականը: Եսայեան ստիպուած է գրել «այր» եւ «կին» բառերով եւ անոնց զօդուած, անոնց վերագրուած եզրերով, երբ կը մտածէ ու կը պատմէ: Սակայն, չընդունիր այդ բառերը իբրեւ անձեռնմխելի տուեալներ:
    Վերջին բաժակը 87 էջնոց նորավէպ մըն է, որու ընթացքին Ատրինէ անուն կին մը իր բացակայ «սիրահարին», կը պատմէ իր կեանքը եւ մանաւանդ կը խօսի իր կեանքին մասին, զոր կը նոյնացնէ «հրաշագեղ վէպ»ի մը: Տասնապետեան, արդի քննադատութեան մէկ ուրիշ հակումին քաջածանօթ, լաւ կը բնորոշէ գրելու արարքին հիմնական կարեւորութիւնը, երբ կ’ըսէ,- «Հեղինակը խոստացած է իր սիրոյ վէպը գրել, եւ առանց այդ գրելուն, ի՞նչ սէր» (էջ 16): Ապա կը գրէ,- «Քննադատը պարտի փնտռել ու գտնել այն ընդհանուր օրէնքը որ կը ստեղծէ (գրութիւնը) սկզբնական ոչինչէն» (էջ 14): Ես, ընդունելով հանդերձ «գրելու», «արտայայտուելու» (էջ 14) պահանջը եւ գրութեան ներքին օրէնքի կարեւորութիւնը, կը մերժեմ այդ «սկզբնական ոչինչ»ի գաղափարը: Ըստ իս, գրքին ատաղձը, հում նիւթը՝ հայ ընկերութեան մէջ «կին» եւ «այր» բառերու եւ սեռերու սահմանումն է: Եսայեանի պատումը կը տողանցէ զանոնք, եւ մէկ-մէկ կ’ոտնակոխէ, հայ իրականութեան սահմանին մէջ: Վերջին բաժակը կը պատմէ սեռային սահմանումներու օրինազանցումը, առանց տեղ տալու մարմնական սեռին: Նշենք քանի մը կարեւոր կէտեր:
    Երբ Ատրինէ, զոր գեղեցիկ կը գտնեն մարդիկ ու կը դարպասեն, կ’որոշէ ամուսնանալ տգեղ, խոժոռ Միքայէլին հետ, կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ: Կը գրէ,- «անիկա ճշմարիտ մարդ մըն էր»… «եւ միայն կիները գիտեն թէ որքա՜ն հազուագիւտ բան է ճշմարիտ մարդ մը» (14-15): Անշուշտ, նման խօսք մեզի ենթադրել կու տայ որ «մարդ»ը ա՛յր մարդն է: Սակայն, Եսայեան կը բացատրէ, թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, կը շեշտէ որ «մարդ» բառը կը նշանակէ «ա՛յր թէ կին» (էջ 14): Կ’ընդգծէ որ «մարդիկ… չեն ներկայանար այնպէս, ինչպէս որ են իրապէս։ Ու այն կեղծ հանդերձանքը, որ կը ստանան յաճախ, անգիտակցութեամբ» կը զգենուն: Կը ստանձնեն դերեր, սահմանուած ուրիշներու կողմէ: Կամ կը զատեն իրենց յարմար թուող դերեր: Կ’ընեն ամէն ինչ, փոխ կ’առնեն զգացումներ եւ սկզբունքներ, որպէսզի խուսափին անկէ, որ կը բխի «իրենց ներքին աշխարհէն, իրենց էութենէն, իրենց հոգիէն» (էջ 15): Միքայէլը եւ Ատրինէն կ’ամուսնանան, հակառակ անոր որ Ատրինէ չի սիրեր Միքայէլը: Կը հիանայ անոր, քանի որ ան, Ատրինէին նման, անձ մըն է որ գիտէ թէ «նուիրական եւ առանձին օրէնքներ կը թելադրէ սեփական էութիւն»ը (էջ 15):
    Արդի ֆէմինիզմը կը մերժէ սեփական էութեան մը վարկածը, ինչպէս կը ժխտէ զուտ սեփական ոճի մը վարկածը: Ի տարբերութիւն անոնցմէ, Եսայեան կը հաւատայ անոնց: Սակայն, այդ սեփական էութիւնը, որուն կը հաւատայ, այսպէս կոչուած կանացի էութիւն մը չէ: Անսեռ, ճէնտըրլէս էութիւն մըն է, պիտի ըսէր ամերիկացին, կամ գոնէ այդպէս կը հաւատայ Ատրինէ: Երբեմն, երբ յանցաւոր կը զգայ, ինքզինքը կը մեղադրէ, «ես չար կին մըն եմ» ըսելով (էջ 23), չհաւատալով հանդերձ ինքն իր մեղադրանքին, չհաւատալով որ իբր կին մեղադրելի է: Յանցանք չի գործեր, սակայն կը մտածէ յանցանք գործելու մասին, եւ «կը յուսահատէի, ժամերով կ’արտասուէի, խղճալով ինքզինքիս վրայ եւ անզօր ջանքեր ընելով, ազատելու համար ինքզինքս զիս կաշկանդող կապանքներէն» (էջ 23): Այդ կապանքները, ինչպէս ցոյց պիտի տայ պատումը, միայն ամուսին եւ ընտանիք չեն, այլ «կին», «մայր», «հայ մայր» բառերուն սահմանումներն ու ընկալուած հասկացողութիւնները, իր պոլսահայ ընկերական շրջանակին մէջ: Հասկացողութիւններ, որոնցմէ բոլորովին զուրկ չէ ի՛նքն ալ, սակայն որոնց դէմ պիտի մաքառի, յանուն սիրոյ:
    Ատրինէն բարեկեցիկ է, ամուսինը կը սիրէ զինք, «կորիւնի պէս» զաւակներ ունի, ինչպէս կ’ըսէ ի՛նք ալ: Ամերիկացի քննադատը պիտի ըսէր, Պէթի Ֆրիտանի նման, հիմա որ ունի ամէն ինչ, որ իբր թէ կ’երջանկացնէ կինը, քաղքենի ընկերութեան մէջ, հիմա՛ պատրաստ է հասկնալու ֆէմինիզմի պեղած դժուարութիւնները: Եւ իրօք, կը ճանչնայ: Ատրինէ հարց կու տայ,- «կարելի՞ է ստել, ստել ինքզինքին եւ ըսել թէ փորձառութիւնը, սէրը եւ նոյնիսկ զանազան ցանկութիւններ չխռովեցին զիս» (էջ 23), ապա կը պատմէ ցանկութիւնը: Իր սեռային ցանկութեան առարկան. «Քաջ էր եւ խիզախ, ասպետի գեղեցկութիւնը կը կրէր իր դէմքին վրայ»… (էջ 26): «Իր փրփրոտ երախով եւ կայծակնացայտ սմբակներով, իր սեւ ձիուն վրայ թեթեւ նստած կը բարձրանար Սկիւտարի բարձունքները» (էջ 26): Սակայն այս հերոսը Սեբաստացի Մուրատ մը չէ, իր Բէգասով, այլ… թուրք սպայ մը: Եւ Ատրինէ կ’ընդունի որ եթէ մերժած է անոր սէրն ու անոր հետ սեռային յարաբերութիւնը, պատճառը իր ամուսինը չէ, իր մա՛յր ըլլալն ալ չէ, այլ 1909-ի ջարդերը: Ազնիւ է թուրք սպան, սակայն «անողոք եւ դաժան դէպքեր մեզ կը բաժնէին իրարմէ, արեան հեղեղներ կային մեր միջեւ ծովացած» (էջ 31): Այս հատուածին մէջ, Ատրինէ կը մերժէ կնոջ, տիկնոջ վերագրուած քլիշէներ, կանացի ցանկութեան մասին 1924-ին դեռ բաւական ընդհանրացած վարկածներ, եւ կու գայ հաստատելու որ թուրք սպային կը մերժէ ոչ իբր կին, ոչ իբր ամուսնացած կին,ոչ իբր բարոյական ունեցող հայ կին, այլ՝ իբր հայ: Ահա այս կինն, սկիզբը այնքա՜ն վստահ իր ինքնութեան որ կու գայ գտնելու թէ իր հայ ամուսինը չի ցանկար, թուրքը կը ցանկայ, սակայն կրնայ այդ իրականութիւնը լիօրէն ընդունիլ միա՛յն գրութեան եւ պատումի ընթացքին, միա՛յն թուրք սպայի մահէն ետք, որ կը պատահի 1912-ի պալքանեան պատերազմին: Անոր մահը, կը գրէ Ատրինէ, կը ջնջէ ամօթը (էջ 37) եւ ինք կու գայ ընդունելու զգացումը, կ’ընդունի որ ինքնութիւնը «յարափոփոխ բան մըն է, իր առանձին եւ մեզի անծանօթ օրէնքներով:, որոնք նման չեն մարդոց հարկադրած օրէնքներուն» (էջ 38):
    Աւելի ուշ, Ատրինէ ներկայ կ’ըլլայ խօսակցութեան մը, ուր իր ամուսինին բարեկամներէն մէկը կը պատմէ հայ կնոջ մը մասին, որ տունը, ամուսինը, նաեւ զաւակները՝ թողած, գացած է սիրականին հետ (էջ 52): Ատրինէ չի դատապարտեր զայն: Համաձայն է պատմողին հետ, որ կ’ըսէ,- «ճշմարիտ կին մըն է եւ անսացեր է իր կոչումին: Փոխանակ կեղծելու եւ ստելու, ոտնահարեր է բոլոր նախապաշարումները եւ ուզեր է ապրիլ իր զգացումներու եւ սրտին համաձայն» (էջ 62): Այլ խօսքով, ըրեր է այն, ինչ որ ամէն լաւ մարդ, թէ՛ այր, թէ՛ կին, պէտք է ընէ, ըստ Ատրինէի: Ան համաձայն չէ իր ամուսինին հետ, երբ վերջինս կը ճառէ «կնոջ յատուկ առաքինութիւններ»ու մասին (էջ 63): Իբր իսկական ֆէմինիսթ, կը մերժէ այն առաքինութիւնները, որոնք մէկ սեռի միայն կը պարտադրուին: Ի վերջոյ ի՛նքն ալ կը լքէ իր ամուսինը, սակայն կը վերադառնայ անոր, որպէսզի իր զաւակներըը առանց իրեն չմեծնան:
    Մէկ կողմէն, Ատրինէ-Եսայեան կը մերժեն կիներու պարտադրուած դերեր եւ զգացումներ: Միւս կողմէ, տեղի կու տան աւելի՛ զօրաւոր քլիշէներու, հայու եւ մօր վերագրուած քլիշէներու: Սակայն, նոյնիսկ հոս, զիջող Եսայեանը չ՚ուզեր իր տիպարին, Ատրինէին պարտութիւնը վերագրել զուտ մայրական, հետեւաբար միայն կիներու յատուկ զգացումի մը,- կ’ընդհանրացնէ սկզբունքը: Ատրինէ չ՚ըսեր – ես մայր եմ, առանց զաւակներուս չեմ ըլլար: Կ’ընդհանրացնէ իր զիջումը ըսելով, «Անկարելի է ուրիշներու դժբախտութեան գինով երջանկութիւն կազմել» (էջ 64): Այսինքն, զաւակները կը վերածուին «ուրիշներ»ու մէկ օրինակին, սկզբունքի մը: Ապա կ’աւելցնէ թէ «այսուամենայնիւ պէտք չէ մեղադրել զինքը», իր զաւակները լքող կինը, «այլ (միայն) կարեկցիլ իր անկարողութեան»(էջ 65): Եւ վերջապէս, հակառակ այս բոլոր արտայայտութիւններուն, այնքա՜ն զօրաւոր կը մնայ իր մէջ իր սիրահարին հանդէպ ունեցած ցանկութիւնը, որ նորավէպին վերջընթեր էջին վրայ, երբ կը նկարագրէ սիրահարէն իր վերջնական բաժանումը, կը մտածէ,- «այդ պահուն կարծես բան մը գահավիժօրէն կործանեցաւ իմ մէջս, եւ եթէ զիս տանէիր հետդ, այլեւս կուրօրէն, խելայեղօրէն ամէնուրեք կը հետեւէի քեզի» (էջ 86): Այսինքն, վերջին վայրկեանին, կինը, հայ կինը, տանտիկինն ու մայրը կը վերասահմանուին եւ կը վերահաստատուի իբր ցանկութիւն զգացող, սահմանումները ոտնակոխելու պատրաստ անձ մը, իբր մարդ մը, ոչ այր, ոչ ալ կին քաթէկորիներով սահմանուած, – իբր ֆէմինիսթ մարդ մը:
    Կարելի չէ Զապէլ Եսայեանը շփոթել, նոյնացնել 1987-ի ծայրայեղ ամերիկացի ֆէմինիսթի մը հետ: Սակայն կարելի է, եւ պէ՛տք է հաստատել, որ արդի ֆէմինիսթ տեսութիւնը մեզի կ’օգնէ տեսնել՝ թէ անոր վաստակին մէկ կարեւոր մասը լծուած է հարցաքննելու, բողոքելու, մերժելու, մեղանչելու, զանցելու այն աշխատանքին, որուն նպատակն է հայ այրն ու կինը փոխադրել սեռականային, սեռային ու սիրային քլիշէներէ անդին: Այդ փոխադրումի ճիգին ճանաչումն է որ փորձեցի հոս:

 («Յառաջ – Միտք եւ արուեստ», ապրիլ 1988)

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 2