Նշանեան
Րաֆֆի Աճէմեան

ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ՝ ՊԱՏԿԵՐ, ՊԱՏՈՒՄ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՏՈՐ 2՝ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄՈՒՏՔ

     Առաջին հատորով մը[1]Մարկ Նշանեանի Պատկեր պատում պատմութիւն, Հատոր 1՝ փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը, Երեւան, Յովհաննիսեան … Continue reading, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ ընթերցում մըն էր երկու հեղինակներու գործերէն բխող, մանաւանդ երբ կ՚առնչուէր աղէտի հորիզոնին ու ցեղասպանական կամեցողութեան։ Հետեւած էինք ապշեցուցիչ այդ բացայայտումին նախորդ մեր գրութեան մէջ[2]Տե՛ս Րաֆֆի Աճէմեան, «Աղէտի հորիզոնին՝ պատում եւ վերապրող Պլանշոյի արձակին մէջ», Բագին, թիւ 2, 2017։:
     Երկրորդ այս հատորը նոյն լուսարձակը կը բանայ Սփիւռքի քանի մը գրողներու արտադրութեանց վրայ։ Վերջապէս, եթէ Պլանշոյի ու Պաթայլի մօտ փորձառութիւնը ունէր ներըմբռնողական ու մտաւորական հիմք, Սփիւռքի գրողներուն մօտ անիկա իր ետին ունի անձնական ու հաւաքական ապրուած իրողութիւն մը։ Հարիւր տարի ետք ահաւասիկ մեծ պայթումէն, չենք կրցած տակաւին դարձնել անոր էջը ու կը շարունակենք բնակիլ անոր յաճախանքին մէջ։ Ուրիշ խօսքով՝ չէ դարձած ան մեզի համար դէպք։ Ստիպուած ենք ուրեմն շարունակել անոր հետ ճակատումը։ Բայց ուրացո՜ւմը պիտի ըսուէր, ուրացումը կը շարունակուի։ Գիտենք որ ուրացում ու ցեղասպանական կամեցողութիւն միասին կու գան, միասին կը ծրագրուին ու կը բանին։ «Պատմեցէ՛ք «ճշգրտօրէն» ինչպէս տեղի ունեցան այդ բոլորը» ըսեր էին Պլանշոյի պատումին քննիչները եւ հարցուփորձի ենթարկուողը ստիպուած եղած էր ընդունիլ, որ «անկարող էի պատահածներով պատում մը կազմելու։ Կորսնցուցած էի պատմութեան զգացողութիւնը»[3]Մորիս Պլանշոյ, Վիպումներ, թրգմն. Մարկ Նշանեան, Երեւան, Ինքնագիր գրական ակումբ, 2013, էջ  123-124։: Ճշմարտազերծ դէպքն ու վկային մահն են որ կը բացայայտուէին այստեղ։ Կը գտնուինք հոս ժամանակի դիպուածային, այսինքն սովորական թաւալքէն այլ կերպ բանող դրութեան մը մէջ։ Վերջին մարդն է հոս խօսողը եւ անոր երեւումն էր, որ այդքան ապշեցուցիչ էր այս գրողներուն մօտ։

ԵՍԱՅԵԱՆ՝ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

Հիմա ե՛տ երթանք հարիւր տարի. Զապէլ Եսայեան ճիշդ նոյն բանը կ՚ընէ բազմահարիւր վերապրողներու հետ։ Կը պահանջէ որ պատմեն Պլանշոյի բառերով «հաւաստի իրադարձութիւնները» եւ ինք գրի կ՚առնէ, զանոնք թարգմանելու ու աշխարհի խղճին մատուցելու նպատակով։ Կը պատրաստէ փաստաթուղթերու արխիւ մը[4]Թարգմանուած այդ թղթածրարը, լուսանկարներով հանդերձ, Եսայեան իր ձեռքով պիտի հասցնէր Փարիզ, սակայն առ այժմ մարդ … Continue reading: Դէպքը ի՛նքն է որ կը պահանջէ ատիկա, կը պահանջէ պատմել, անընդհատ պատմել, սակայն իրադարձութիւնները պատմելը երբեք չի կրնար տալ եղածին ամբողջութիւնը եւ ուրեմն պատմելու արարքն ալ ինքնին վերջ չունի։ Մարկ Նշանեան կը վերցնէ Զապէլ Եսայեանի նոյն տարիներուն հայկական մամուլին մէջ հրատարակած Ժողովուրդի մը հոգեվարքը կոչուող աշխատութիւնը, ուր Հայկ Թորոյեան ականատեսի վկայութեամբ մը պատմէ 1914էն մինչեւ 1916ի սկիզբը իր տեսածները[5]Զապէլ Եսայեան, Ժողովուրդի մը հոգեվարքը՝ աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ, լոյս տեսած «Գործ» պարբերականին մէջ, … Continue reading: Երկու էջնոց յառաջաբանէ մը զատ, ծայրէ ծայր Թորոյեանն է պատմողը, Եսայեան գրի առնողը, գրականացնողը, եւ վերջաւորութեան անոր տակ իր անունը դնողը։ Ահաւասիկ առաջին երկդիմութիւնը։ Ո՞վ է հեղինակը։ Յստակ է որ կայ անսքօղ թուացող արձանագրութեան մը պահանջը, անմիջական ու ճշմարիտ հնչելու անհրաժեշտութիւնը։ Նոյն ատեն սակայն վկայելու այդ պահանջը պէտք ունի գրուելու ու համոզիչ հնչելու որ տեղ հասնի, պէտք ունի ուրեմն գրականութեան միջոցներուն, սակայն պէտք չէ հնչէ որպէս գրականութիւն, այսինքն շինծու։ Հոս է երկդիմութիւնը եւ Եսայեան առաջինն է որ այս երկդիմութեան փորձառութիւնը կը կատարէ՝ կ՚ըսէ Նշանեան։ Վկայութենէն վկայագրութիւն անցքն է։ «Ի՞նչ է վկայագրութիւնը։ Փաստաթո՞ւղթ է թէ արուեստ։ Զուտ վկայութի՞ւն է, թէ ոճաւորուած պատում»[6]Սեդրակ Պաղտոյեան, Երբ դրախտը դարձաւ դժոխք… արհաւիրքի եօթ տարիներ 1915-1922, Մարկ Նշանեանի խմբագրութեամբ ու … Continue reading։ Ահա կեդրոնական հարցը, որ երկար ատեն տառապեցուցած է գրողները, արգելքի մը առջեւ դրած զանոնք ու երկփեղկումի առաջնորդած։ Նորութիւն չէ։ Անտոնեան, Շանթ, Օշական, Վարուժան, բոլորն ալ դէմ յանդիման գտնուած են այս երկուութեան առանց համոզիչ լուծում մը առաջարկել կարենալու։ «Պէտք պիտի ըլլար սպասել յիսուն տարի եւս, մինչեւ Ի. դարու վերջաւորութիւնը, որպէսզի Գ. Պըլտեան, իր ուսումնասիրութիւններով եւ մանաւանդ իր վերջին տարիներուն հրատարակած վեցհատորեակով արձանագրէր վկայագրութիւնը գործի մը մէջ եւ բացայայտ դարձնէր Օշականի ու Վարուժանի հասկացողութենէն անդին՝ վկայագրութեան դաշտը»[7]Անդ, էջ 22։ Այսօր Պըլտեանի սկիզբը անպաշտօն կերպով «բլուրի շարք» կոչուածը կը կրէ Գիշերադարձ խորագիրը ու հասած … Continue reading: Ինչպէ՞ս կ՚արձանագրուի այդ անցքը ու ի՞նչ ըսել է վկայագրութեան դաշտ։ Պիտի անցնինք հատորի երկրորդ բաժնին, որ նուիրուած է Պըլտեանի արձակ շարքին[8]Եսայեանի բաժնին մէջ կան երկու գլուխ եւս՝ «Գրականութիւնը որպէս մրցադաշտ» ու «Քաղաքացիութեան սկզբունքը» … Continue reading:

 

ՊԸԼՏԵԱՆ՝ ՎԿԱՅԱԳՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ՈՐՊԷՍ ՎԻՊԱԿԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԻ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄ

Սկսելու համար, Նշանեան հարց կու տայ թէ արդեօք վիպակա՞ն է Պըլտեանի հատորներու այս շարքը ու կ՚աւելցնէ ըսելով որ այդ հարցը անոնց «ամենէն խորունկ եւ ամենէն գաղտնի ենթահողին կը պատկանի» (206)[9]Փակագիծով տրուած էջերը կ՚երթան Մարկ Նշանեանի Պատկեր պատում պատմութիւն, Հատոր 2՝ մրցակցութիւններ, Երեւան, … Continue reading: Պըլտեան ինք պատումներ անունը կու տայ անոնց։ Հարցը հոս վէպ հասկացողութեան կ՚երթայ որպէս գեղարուեստական ժանր։ Ինչո՞ւ վէպ նշումը գոհացուցիչ չի նկատուիր հոս եւ ի՞նչ կայ անկէ անդին։ Յստակ է որ հատորները կը կրեն ինքնակենսագրական բնոյթ, սակայն նոյն ատեն սկիզբէն զատորոշում մը կայ պատմասանի ու հեղինակի միջեւ։ Այսինքն պատմուածը իրական չէ՞։ Ընթերցողներու լայն խաւի մը համար գրաւիչը հոն երեւցող «իրական» Պէյրութն է, Հայաշէնը ու այդ տարիներուն (ըսենք 1945-1965) հոն ուռճացող խիտ ու խայտաբղէտ կեանքը, ինչ որ շարքը հոյակապ կերպով կը յաջողի վերստեղծել, յաճախ իսկական կերպարներով ու իսկական անուններով։ Առաջին անգամն է որ գաղթականութեան յաջորդող իրական կեանքը կը վերածուի գեղարուեստական գործի ու կը դառնայ ինքնաբաւ, այսինք կը սկսի ինքն իր կեանքով ապրիլ էջերուն մէջ։ Պըլտեան անոր բնակիչներուն հետ, անոնց լեզուի (կամ ենթալեզուի, որովհետեւ յաճախ լեզու իսկ չէ այդ կիսաքանդ մռմռոցը որ կայ անոնց բերաններուն մէջ) շերտերուն մէջէն, ինչ որ Նշանեան կը կոչէ ընկերային մեծ տարաձայնութիւնը, այսինքն բլուրին բանաւոր բերանը, լսելի կը դարձնէ պատմական ճշմարտութեան հարցը։ Սակայն «փաստականին աշխարհագրութիւնը «փաստ»ը չէ որ կրնայ տալ» կը գրէ Նշանեան ու կը շարունակէ՝ «վէպը միայն կրնայ տալ զայն, ինքնանդրադարձային շարժումով մը, որ կը հասցնէ վիպականը իր սահմանին» ու կը շարունակէ, քիչ մը վար՝ «իմ աչքիս՝ հոս է Պըլտեանի վէպերուն գլխաւոր արժանիքը, եւ այդ կէտն է որ «վկայագրականացում»ի անուան տակ պիտի բացատրեմ զանազան անկիւններէ մեկնելով» (208)։ Վէպին մէջ ինքնանդրադարձային շարժումի մը անհրաժեշտութիւնն է որ կը ծագի, ինչ որ զայն կը հասցնէ իր սահմանին, կ՚ըսէ Նշանեան, եւ ինչ որ կ՚առաջնորդէ նոր գործողութեան մը՝ վկայագրականացումի, այսինքն վկայութեան վերածուիլը վկայագրութեան, այդ գործընթացը ինքնին, որպէս գործողութիւն, որպէս երեւոյթ եւ ոչ թէ միայն բովանդակութիւն։ Նշանեան այդ եզրը կը յղէ 90ականներէն սկսած ու հրէական Ողջակէզը ընդգրկող վկայութիւններու ստեղծած «վկայաբանական ճգնաժամի»ն ու անոր բացած ճեղքին պատմութեան ու գրականութեան ոլորտներէն ներս[10]Shoshana Felman եւ Dori Laub, Testimony: Crises of Witnessing in Literature, Psychoanalysis and History, Նիւ Եորք, Routledge, 1991։ «Կատարեալ յեղաշրջում մըն էր … Continue reading։ Որովհետեւ անոնք որ նախապէս փորձած էին մօտենալ դէպքին գիտէին որ կարելի չէր գրականութիւնը վերածել վկայութեան, ինչպէս որ նոյնպէս գիտէին որ վկայութիւնը բաւարար չէր Աղէտին հետ չափուելու համար։ Հարիւր տարի է ուրեմն որ պատմողին կողմէ իսկ թելադրուած «գրէ՛»ն կը մնար անելի մը առջեւ։ Պըլտեանի «ծրագիրը վիպական գրականութեան եւ վկայագրութեան խորհրդաւոր սահմանագիծը փորձել ու փորձարկել է» (216) կը գրէ Նշանեան որովհետեւ «անոնց նիւթը յիշուածը չէ, այլ յիշելը» (215)։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը պիտի ըսուէր։ Յիշողութեան աշխատելու, բանելու կերպն է առարկան, անոր արձանագրուիլը, որովհետեւ այդ գործողութեամբ արձանագրողն է որ կը յայտնուի ու կ՚ըսէ «ես»։ Հոս է որ կը պատահի «ինքնանդրադարձային շարժում»ը ու կը սկսի ինքնակենսագրութիւնը։ Ուրեմն «վկայագրութեան խնդրին դէմ յանդիման, ինքնակենսագրութիւնը կը դառնայ տիրական» (220) եւ այդ պարտքը ստանձնողը կը դառնայ գրող։ Ահաւասիկ առաջին մեծ հարցականը որ Նշանեան կը կարդայ Պըլտեանի գործին մէջ՝ «ինչպէ՞ս դարձայ գրող» (221), որ ակամայ կ՚արձագանգէ «գրէ՛»ի հրամայականին, կը բխի անկէ, ետին ունենալով միշտ արխիւի, արխիւացումի հոգը։ 

«Ի՞նչ է վկայագրութիւնը։ Փաստաթո՞ւղթ է թէ արուեստ։ Զուտ վկայութի՞ւն է, թէ ոճաւորուած պատում»։ Ահա կեդրոնական հարցը, որ երկար ատեն տառապեցուցած է գրողները, արգելքի մը առջեւ դրած զանոնք ու երկփեղկումի առաջնորդած։

     Գրող դառնալը կ՚ենթադրէ հեռացում մը, «ինքնակենսագրական մեծ Գաղթ» կը կոչէ զայն Նշանեան, որովհետեւ պատմողը պիտի ձգէ իր հարազատ միջավայրը ու անցնի միւս կողմ՝ նախ քաղաք, ապա այլ քաղաք, դէպի ուսում, եւ ատիկա կ՚ապրուի որպէս դաւաճանութիւն իրեններուն հանդէպ, սակայն միաժամանակ գերագոյն հաւատարմութիւնն է, որովհետեւ կ՚անսայ անոնցմէ եկած, անոնք որ լեզու չունէին, գրելու թելադրանքին։ «Անցայ։ Անոնք չկան այլեւս։ Եւ ես անդադար կը գրեմ իրենց աշխարհը։ Կը վկայագրեմ, կը խօսեցնեմ, կը ձգեմ որ խօսին» (236) գրողին հետ կը յարասէ Նշանեան։ Այս ամէնը անշուշտ գրական գործի մը մէջ է որ կը պատահին։ Այս է հիմնական տարբերութիւնը նախապէս եղածներէն։ Վկայութիւնը ոչ թէ կը գրականանայ, այլ կը մտնէ գրական գործին մէջ իբրեւ վկայութիւն։ Գրական գործն է, անոր բացած միջոցն է, որ կարելի կը դարձնէ այդ արարքը։ «Իրենք կը խօսին, իմ բերնէս, վաղակատարով» (236) կը բացատրէ Նշանեան։ Վաղակատարը (օրինակ՝ լռեր են)՝ մեծ բախտը կը հանդիսանայ այս լեզուին (ամէն լեզու չունի վաղակատարի այս կարելիութիւնը) ու կը դառնայ զգալի ներկայութիւն հատորներու երկայնքին։ Անոր գործածութեամբ է, որ կարելի կը դառնայ վկայագրական կառոյցին յայտնութիւնը, գերազանց կերպով օրինակ Հարուածըին մէջ[11]Գրիգոր Պըլտեան, Հարուածը, Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 1998։։ Երկրորդ մեծ ներկայութիւնը անշուշտ պատկերներն են, «պատկերի հմայքը» կը կոչէ զայն պատմողն իսկ, որուն ենթակայ է ան առաջին իսկ հատորէն՝ Սեմերէն[12]Գրիգոր Պըլտեան, Սեմեր, Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 1997։, երբ մօրը ձեռքին կը յայտնուի տրցակը։ Խնդիրը այդ հմայքէն բան մը հանելն է ու անկէ անդին անցնիլը։ Պատկերըին[13]Գրիգոր Պըլտեան, Պատկերը, Լոս Անճելըս, «Ապրիլ» հրատարակչութիւն, 2003։ մէջ, օրինակ, կայ լուսանկարչութեան տեսութիւն մը, կը գրէ Նշանեան, ուր պատկերը կ՚ընձեռէ, կարելի կը դարձնէ երեւակայութեան ազատագրումը (եւրոպական լեզուներով image – imagination, որուն արձագանգը պահելու համար Նշանեան երբեմն կը գործածէ պատկեր – պատկերակայում եզրը որպէս համազօր երեւակայութեան պատկերային ընդերքին), ինչպէս որ Նշանին[14]Գրիգոր Պըլտեան, Նշան, Լոս Անճելըս, «Ապրիլ» հրատարակչութիւն, 2000։ մէջ կայ ընթերցումի տեսութիւն մը՝ ընթերցումը որպէս երեւակայութեան ազատագրումի ճանապարհ (252)։ Միւս կողմ անցնիլ մը կայ։ Տրցակը բանալն ու պատումին ծնունդ տալը մաս կը կազմեն ոսպնեակին միւս կողմը անցնելուն։ Միւս կողմ գտնուողը հոս Սեդօ էմմին է, քամերան ձեռքը, ապա նաեւ կարճ ժամանակ մը պատմողը՝ որպէս աշկերտ։ Ոսպնեակին այդ միւս կողմ անցնիլն է, որ կարելի կը դարձնէ լուսանկարի հմայքին երկդիմի գործողութիւնը, ե՛ւ որպէս մեռելները զմռսող, ե՛ւ միաժամանակ անոնց փտութիւնը յայտնող (253)։ Ինչպէ՞ս։ Սեդօ կը նկարէ իր շուրջինները, սակայն կը խուսափի անոնց մասին որեւէ նշում ընելէ, արխիւացնելէ։ Առաւել եւս, իր մահուան հետ իր նկարած նկարներն ալ կը կորսուին, կը թափուին։ Հետամուտ չէ անոնց փրկութեան։ Այնպէս որ Սեդօ յայտնապէս չ՚ուզեր պատկերը վաւերաթուղթ դարձնել։ Ժամանակը յարգելու խնդիր մը կայ, որ քայքայումի ժամանակն է (240) կը գրէ Նշանեան։ Բայց կայ աւելին։ Սեդոյի նկարած նկարներէն մէկուն մէջ պատմողը կը նկատէ անոր ձգած շուքը, բան մը ոչ չէր նկատած ատենին։ Անցեալի արեւէն արձակուած շուքն է ասիկա, որ կ՚արձանագրուի պատումի ներկային մէջ։ Ատոր անդրադարձով է որ կարելի կը դառնայ պատկերի հմայքէն ձերբազատումը։ Ինչպէ՞ս։ Որովհետեւ անդրադարձը կատարողը կը հասկնայ որ կարելի չէ վերադառնալ անցեալի արեւին։ Ահաւասիկ ուրեմն զմռսումն ու փտութիւնը միաժամանակ։ Նոյնը կ՚ընէ նաեւ վաղակատարը. անմիջապէս որ կերպարները կը խօսին իրենց լեզուով ու արտայայտութիւններով, վիպումը կ՚անցնի հեղինակային պատումին, պատմողին՝ վաղակատարով։ Կը յարգէ անոնց ժամանակը։ Ցոյց կու տայ անոնց մահը։ Ժամանակի այս խաւաւորումը առաջին հանգրուան մըն է միայն։ Աւելի ուշ, Սեդոյի մահէն ետք «տղան կը սկսի իր դարձը, իր աքսորը, աքսորին ստանձնումը։ Որ նաեւ բաժանումին ու մոռացութեան ստանձնումն է։ Եւ այս մէկը, պատկերի բնանիւթին հետ, ինքնակենսագրական մեծ թեման է Պատկերըին մէջ։ Տղան պիտի սորվի ապրիլ «բաժնուած» ինքն իրմէ» (247)։ Հոս բաժանումի, երկու ըլլալու, մեկնելու-վերադառնալու թեմաներն են որոնց կ՚ակնարկուի եւ որոնք ներկայ են շարքին մէջ անընդհատ։ Նշանի վերջաւորութեան երբ պատմողը, որ վերադարձած է իր աքսորէն, այցելութեան կ՚երթայ Արեւիկին, ան կը հրամայէ ըսելով՝ «մի՛ գրեր», որ նախկին «գրէ՛»ին հակառակն է։ Սակայն այդ «մի՛ գրեր»ն է, որ կը կարդանք էջին վրայ։ Եթէ գրուած չըլլար, պիտի չգիտնայինք, ճիշդ ինչպէս Հարուածըին մէջի հօր «սուս ծօ՛»ն է, որ կը լսենք։ «Լռութեան հրամայականը կը դառնար գրառութեան աղբիւրը» (308) կը գրէ Նշանեան, որովհետեւ կը գրուի այդ մի գրերը։ Հաւաքող մը, կազմող մը, արխիւացնող մը կայ, որ ինքնիրեն կ՚ըսէ՝ «կարծես չեմ գացած մինչեւ ծայրը, չեմ գտած շրջագիծը, ուզած եմ պատմութիւնը փրկել մոռացումէն» (310), ինչ որ կը մղէ Նշանեանը հարց տալու՝ «ո՞վ է հոս խօսողը, վերակազմութեան ձգտողը… կամ հակառակը՝ ո՞վ է այդ ամբողջը ընկալողը։ Եւ եթէ նո՛յնն են մէկն ու միւսը, այն ատեն ի՞նչ է այդ ճեղքուածքը, այդ ծերպը, նոյնին եւ նոյնին միջեւ» (311)։ Շերտերու ու խաւերու խնդիրն է հոս, որ ներկայ է կրկին շարքի երկայնքին, եւ որ կը հպատակի վիպական տրամաբանութեան մը՝ դէպք, արարք, վէպ կարգով։ Պատումը կը պարտադրէ եռամակարդակ շերտաւորում։ Հարուածըին մէջ օրինակ կան «ոճիրի, հետախուզութեան ու գրառումի մակարդակները։ Վէպը (դէպքի լեզուական արարումը) այս երեք մակարդակներուն վրայ կը բանի։ Մակարդակները իրար առնչուած են վաղակատարով, վկայութեան ժամանակով։ Եթէ վէպը առաջին կամ երրորդ դէմքով գրուած ըլլար, երեւան չէր գար վկայութեան կառոյցը եւ ուրեմն վկայագրականացումը» (330)։ Մանրաշխարհի բնակիչները հաւաքողին կողմէ կը գործածուին որպէս վկայ դէպքը վերակազմելու համար (հետախուզութեան մակարդակ), սակայն հետախուզութիւնն ալ ինքնին կը պատմուի որպէս գործողութիւն, եւ ուրեմն հաւաքողը ինքնին կը դառնայ վկայ գրառումը կատարողին համար։ Այսպէս գրողական բարդ կառոյց մը կը բանի որ հետախուզողը կը վերածէ վկայի։ Աւելի անդին, խաւ մը եւս պիտի աւելնայ, երբ պատմողը ինքն իր մասին անցնի երրորդ դէմքի ու վաղակատարի, կարծես ինքզինք դուրսէն սկսի տեսնել։ Օրինակ՝ գերեզմանատուն այցի մը ընթացքին ոճիրը (Հարուածըի մէջ հայրասպանութիւն մը տեղի կ՚ունենայ), որ յետամղուած է ու մոռցուած, անոր յիշողութիւնը յանկարծ կը վերադառնայ, արձանագրողը ամբողջովին օտարացնելով պատմողէն։ Նշանեան ասիկա կը բաղդատէ յոյներու Եդիպոսին հետ։ «Այս երրորդ մակարդակին վրայ Եդիպոս ինքն իրեն պատմեր է իր իսկ կատարած հետախուզութիւնը… Եդիպոս այստեղ ինքն իր վկան է։ Վաղակատարը կը թարգմանէ վկայութեան կառոյցը» (327), ու աւելի անդին՝ «տեսարանը կը գոցուի ինքն իր վրայ, կը պարփակէ զինք» (328). «հետախուզութեան Եդիպոսը եւ գրառութեան Եդիպոսը կը միանան երբ Ոճիրը կը վերադառնայ տուն, երբ երեք մակարդակները կը դադրին զանազանուելէ, երբ գրառութիւնը կը յայտնուի որպէս հայրական արգիլումին գրառումը» (330)։ Ականատես ենք գործողութեան մը, որ «իր մէջ կը պարունակէ վկայութեան կամ վկայագրութեան վերածուիլը, բայց նաեւ գրականացումը, որ հակառակ կամ հակադիր շարժումն է (331)։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մէկ ուղղութիւնը կ՚ենթարկուի պատմականին, ստոյգին, հետախուզութեան, սակայն միւսը՝ երրորդ մակարդակին վրայ, կը հպատակի գրականացումի շարժումին եւ ուրեմն կ՚ազատագրէ վկայութիւնը պատմութենէն։ Այս է վկայագրականացումը եւ հո՛ս է Պըլտեանի շարքին ամբողջ նրբութիւնն ու դժուարութիւնը, կը խոստովանի Նշանեան (331)։

…անոնք որ նախապէս փորձած էին մօտենալ դէպքին գիտէին որ կարելի չէր գրականութիւնը վերածել վկայութեան, ինչպէս որ նոյնպէս գիտէին որ վկայութիւնը բաւարար չէր Աղէտին հետ չափուելու համար։

     Տեսանք ինքնակենսագրականի ներխուժումը գրութենէն ներս։ Երբ վկայագրութիւնը վերջացած է, հարցը կը դառնայ՝ ինչի՞ կը վերածուի ինքնակենսագրութիւնը, որովհետեւ Անունը լեզուիս տակէն[15]Գրիգոր Պըլտեան, Անունը լեզուիս տակ, Փարիզ, «Երկ» մատենաշար, 2003։ ետք, Երկուքէն[16]Գրիգոր Պըլտեան, Երկուք, Փարիզ, «Երկ» մատենաշար, 2006։ ետք ու մանաւանդ Շրջումով[17]Գրիգոր Պըլտեան, Շրջում, Երեւան, «Սարգիս Խաչենց», 2012։, ոճիրին վկայութիւնը եւ վկայագրականացումը չկան այլեւս, «պատումին փրկութիւնը վերջացած է, կատարուած է, ու ստիպուած ենք միայն յետադարձ ակնարկով, գիշերային շրջադարձով մը, անդրադառնալու կատարուածին եւ սահմանելու մերը դերը, ատկէ առաջ եւ ատկէ վերջ», կը գրէ ան Շրջումին նուիրուած վերջին գրութեան մը մէջ[18]Մարկ Նշանեան, Յաւիտենական շրջադարձ, Անահիտ Տօնապետեանի, Սիրանոյշ Դւոյեանի ու Վիկտորիա Խուրշուդեանի կազմած … Continue reading։ Նպատակը պատումը չփակելն է, կամ այլ ձեւով դրուած՝ երեւցողը մահն է եւ ուրեմն՝ ինչպէ՞ս ժառանգել մահը։ 

Վկայութիւնը ոչ թէ կը գրականանայ, այլ կը մտնէ գրական գործին մէջ իբրեւ վկայութիւն։ Գրական գործն է, անոր բացած միջոցն է, որ կարելի կը դարձնէ այդ արարքը։

     Շրջումին մէջ Պըլտեան կը գրէ՝ «… յիշողութեան կեդրոնին, աւելի մտաբերումին քան յիշողութեան, գոյութիւն ունի մահուան կտրուածքը եւ երբ որ կը յիշէր խորքին մէջ ո՛չ թէ բան մը, ո՛չ թէ իրողութիւն մը, այլ զանգուածատիպ ամբողջ մը, լեռնակուտակ դիակներու կամ զգայութեանց շեղջակոյտ մը, ուրիշ բան չէր ըներ եթէ ոչ դիմել պատկերին, վիպասանութեան, դիւային ուժերուն, որոնք կը բնակէին մէջը… »[19]Շրջում, էջ 26։։ Երկար մէջբերեցինք, ինչպէս կը մէջբերէ զայն Նշանեան (KB274)[20]Նշանեանի յղումը կը գտնուի վերեւ նշուած գիտաժողովի հատորին մէջ, որոնց էջաթիւերը գրութեան մէջ կը տրուին KB … Continue reading, որովհետեւ էական բան մը կը պատահի հոս։ Երկու բան քով-քովի կը դրուին, կը բացատրէ Նշանեան, որոնք նոյն ոլորտին չեն պատկանիր՝ լեռնակուտակ դիակներն ու զգայութեանց շեղջակոյտը, եւ ասիկա՝ յիշողութեան գործողութեամբ մը հո՛ն, ուր կայ մահուան կտրուածքը։ Վկայագրութիւնն ու ինքնակենսագրութիւնը հոս չեն զանազանուիր իրարմէ, կը նշէ Նշանեան։ Շրջումին մէջ պատմողը կրկին կը վերադառնայ, այս անգամ հակառակ ուղղութեամբ, այսինքն Փարիզէն Պէյրութ առաջին վերադարձէն ետք՝ նորէն դէպի Փարիզ, այս անգամ վերջնական կերպով։ Ականջին մէջ գնա՛ ըսող մը կայ, ու «դառնալով, գիշերադարձով, կը մտնենք տարագրութեան մէջ որպէս տարագրութիւն», կը գրէ Նշանեան (KB275)[21]Պըլտեան, Շրջում, էջ 33։։ Այդ վերադարձն է նաեւ որ կը ստեղծէ ո՛չ միայն տարագրութիւնը, այլ նաեւ ծագումը, որովհետեւ եթէ մէկը չըլլար՝ միւսը պիտի չյայտնուէր, կը բացատրէ Նշանեան։ «Ըլլալու համար, պէտք է վերադառնալ։ Դէպի տարագրութիւն» (KB274)։ Այսինքն վերադառնալ վերադարձէն։ Ահա ինչու, կը գրէ Նշանեան, այս վէպը, այսինքն Շրջումը, կը պահանջէ նախորդներուն վերընթերցումը, որովհետեւ անիկա դուռը կը բանայ մինչեւ հիմա գրուածը վերամեկնաբանելու անհրաժեշտութեան, օգտագործելով ինքնակենսագրութեան բոլոր տուեալներն ու հնարաւորութիւնները։ Հին Գաղթը (դէպի ուսում) կը մեկնաբանուի հիմա Մեկնումի միջոցներով (KB281)։ «Է՛ ինչ որ կը վերադառնայ», սակայն ««վերադարձողը» մահն իսկ է, մահուան կտրուածքը» (KB284) ու աւելի անդին. «Հոս այլեւս ինքնակենսագրութեան խաղերը չեն»։ Նշանեան հոս կը բանայ նիցչէական յաւիտենական վերադարձի մեկնաբանութիւնը, որուն բացայայտ յղումները կ՚երեւին Պըլտեանի գրչին տակ, գրեթէ բառացի կերպով։ «Հիմա կը մնայ միայն զարթնումը», մեկնաբանելով կը յարասէ գրողին հետ Նշանեան, որ գիշերուան (մահուա՞ն) մէջ զարթնում մըն է, «կը մնայ միայն շրջիլս, անվերջ։ Անվերջ կը դառնամ գիշերուան մէջ» (KB287)։ Ահա Գիշերադարձը եւ եթէ կ՚ուզենք զայն տեսնել պատկերի մը մէջ՝ կրնանք յղուիլ Ռեմպրանտի նշանաւոր պաստառին՝ (La Ronde de nuit)[22]Այս մէկը գրողին հետ անձնական զրոյցէ։։ Փակելէ առաջ այս բաժինը՝ ամփոփենք. «Պըլտեան… համարկելով վկայութիւնը գրականութեան մէջ, կը շրջէր գրականութիւնը» (KB262), կը գրէ Նշանեան որովհետեւ գրականութիւն եւ վկայութիւն իբրեւ անկախ սեռեր մէկը միւսը դուրս ձգող շարժումներով է որ մէջտեղ եկած էին առաջին օրէն իսկ։ Այնպէս որ, «եթէ վէպը կը պատմէ շրջումի փորձառութիւն մը», այսինքն վերադարձը՝ վերադարձէն, «այդ փորձառութիւնը նաեւ եւ ի միջի այլոց՝ վէպի՛ շրջումին փորձառութիւնն է» որ «ցոյց կու տայ լման վիպաշարը որպէս վէպի վերջաւորութեան արձանագրութիւնը, ի հարկէ՝ վիպական արձանագրութիւնը, որպէս լռելեայն անցումը նոյն ոլորտին մէջ՝ ուրիշ ոլորտի մը» (KB256)։ Ահա արձագանգը կրկին Պլանշոյի հետ, որ գրեր էր՝ «ոչ մէկ պատում», պատումին մէջ իսկ։

ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ՌԸԹՈՒՇԻ ՎԷՊՆ ՈՒ ՎՐԷՊԸ

Հատորին երրորդ եւ չորրորդ բաժինները կը վերաբերին ֆրանսահայ վէպին յանձինս անոր լաւագոյն երկու ներկայացուցիչներուն՝ Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի[23]Նշանեան Պըլտեանի բաժնին մէջ ունի նաեւ ամբողջ բաժին մը նուիրուած Անունը լեզուիս տակ հատորին, ուր կողք կողքի … Continue reading։ Եթէ Պըլտեանի պատումներուն մէջ պատմողը կը կրկնէր որ պատկերի հմայքի բնակիչն էր սկիզբէն, պիտի տեսնենք որ ֆրանսահայ գրողներուն մէջ ալ այդ յաճախանքը առկայ է սկիզբէն։ Սկսինք Շահնուրով։

«եթէ վէպը կը պատմէ շրջումի փորձառութիւն մը», այսինքն վերադարձը՝ վերադարձէն, «այդ փորձառութիւնը նաեւ եւ ի միջի այլոց՝ վէպի՛ շրջումին փորձառութիւնն է» որ «ցոյց կու տայ լման վիպաշարը որպէս վէպի վերջաւորութեան արձանագրութիւնը, ի հարկէ՝ վիպական արձանագրութիւնը, որպէս լռելեայն անցումը նոյն ոլորտին մէջ՝ ուրիշ ոլորտի մը»

     Նահանջը առանց երգին[24]Շահան Շահնուր, Նահանջը առանց երգի, Փարիզ, 1929։ կորուստի իր երկդիմի հրապոյր-վանողականութեամբ Սփիւռքի ամենէն շատ կարդացուած վէպն է անկասկած։ Սերունդներ հոն գտած են իրենց ծանօթ աշխարհահայեացք մը, հոն տեսած են իրենց իսկ ունեցած ինքնապատկերացումին հաստատումը՝ օտարութեան մէջ օտարումին մատնանշումը, կը բացատրէ Նշանեան։ Վերնագիրը ինքնին արդէն ամէն բան չ՚ըսե՞ր։ Հարցը այն է որ, «ոչ ոք կ՚անդրադառնար որ բուն դէպքը պատմաքաղաքական պատահականութեան մակարդակին չէ՛ որ տեղի ունեցած էր» (348), կը գրէ ան։ Ըսուածը այն է որ վէպին ընկալումը մնացած է իրապաշտ ընկալումի մակարդակին, առանց փորձել հասկնալու թէ իսկապէս ի՞նչ կը պատահի վէպին մէջ։ Ոչ իսկ նկատուած է հոն կերպարներու ծաղրանկարային ու անոնց խօսքերուն քմծիծաղի շերտը։ Նշանեան տեսարան առ տեսարան պիտի կազմալուծէ վէպի դիպաշարն ու տեսարանները։ Նախ սակայն, պէտք է հարց տալ թէ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէին Շահնուր ու իր հետ Փարիզի գրողները իրենց վիճակը օտարութեան դէմ յանդիման։ Դէպքէն հազիւ տասնամեակ մը անդին գտնուող երիտասարդ այս գրողները ստիպուած էին դիմագրաւել աւերն ու օտարութիւնը միաժամանակ, փորձելով բացատրութեան եզրեր գտնել պատահածին համար։ Սարաֆեանն է մեծ տեսաբանը։ Անոր մօտ սերունդին դիմագրաւած պարապն է որ կը մատնանշուի։ Օտարութեան հետ փորձառութիւնը կը սկսի պարապով, կարծես ենթակային պակսէր «այլութիւն» մը, որպէս հակադիր եզր, որ կարենար ծառայել իբրեւ հակադիր բեւեռ, ինքնանալու համար։ «Դրսութիւնը, օտարութիւնը մեր վրայ կը գործեն կլանիչ, ընկլուզիչ հմայք» (380)։ Ասոր պատճառը Արեւմուտքին հետ չափազանց մօտիկութեան վիճակն է, տարագրութենէն իսկ առաջ, որ ջնջած էր տարբերակումի սկզբունքը ու անոր հետ ինքնութեան ու ինքնացումի կարողութիւնը, սակայն ինք մնացած էր մեր աչքէն ծածկուած։ Այս ալ իր կարգին կը բացատրուի հայրական կերպարի անկումով, «որ կը զուգադիպի կարծես Աղէտին հետ, կը ներկայանայ որպէս Աղէտին գաղտնի մեկնաբանութիւնը» (349), կը գրէ Նշանեան։ Հայրական կերպարին անկումը անշուշտ գերութեան հետ կապուած է։ Մատնանշուածը ներքին փլուզում մըն է, անյիշատակ աւեր մը, որ Շահնուրի վէպին մէջ պիտի յայտնուի տեսանելիի ոլորտին մէջ։ Փարիզի գրողներուն մօտ կրկին կայ պատկերին յաճախանքը, սակայն հոս հայրական սկզբունքին կորուստն է որ կը դիմաւորուի պատկերին մէջէն ընդհանրապէս (349)։ Ասիկա բացայայտ կ՚երեւի Նահանջըին մէջ, ուր լուսանկարներու ամբողջ խաղ մը կը դառնայ։ Ամբողջ հարցը այն է որ օտարին հետ յարաբերութիւնը ներքնապէս ու ի սկզբանէ ենթադրուած յարաբերութիւն մըն է։ Օտարը երբեք չի տեսնուիր ինչպէս որ է։ «Ի՞նչ է ենթադրուածը։ Հմայիչ ու մահացու պատկերն է։ Մահը, կործանումը դուրսէն կու գան» ու «գաղափարաբանութիւնը անուններ կու տայ դուրսէն եկող այդ «վտանգին»։ Կը կոչէ զայն «այլասերող», բոզացնող։ Անուններ տալը վտանգէն զերծ մնալու ձեւ մըն է։ Այդ անունները պահպանումի գաղափարաբանութեան բառերն են» (382), կը գրէ Նշանեան։ Երկար մէջբերեցի, որովհետեւ բացատրուածը երեւակայական, պատկերակայական ( imaginaire) յարաբերութիւնն է օտարին հետ։ ««Վէպը» կամ «վիպական տրամասութիւն»ը պատկերակայական յարաբերութեամբ կը բանի սկիզբէն» (408), կը գրէ Նշանեան։ Ամբողջ նիւթը այդ պատկերակայական յարաբերութեան տիրութեան բացայայտուիլն ու քակուիլն են ու այս բոլորը «բացարձակապէս անկախ են հեղինակի մը կամեցողութենէն» (408), կ՚աւելցնէ ան։ Բացատրութիւնը այն է որ «պատկերները կը տիրէին այնքան ատեն որ ոչինչ երեւան եկած էր հայրական սկզբունքէն ու անունի պաշտօնէն» (384)։ Ասոր մէջ ճեղք մը կը բացուի երբ կը յայտնուի Նէնէթին հայր (եւ ուրեմն անուն) չունենալը։ Նէնէթ որբ մը կամ լքուած երեխայ մը եղած է։ Ասոր կը զուգադիպի Պետրոսի գողցած երկու ապակիներէն առաջինին ձեռքէն իյնալն ու փշրուիլը[25]Յիշեցնենք որ հարիւր տարի առաջ լուսանկարները կը տպուէին ապակիէ ժխտանկարներէ։։ Պետրոս անշուշտ սիրահարած է Նէնէթին, սակայն կը մտատանջուի անոր ով կամ ինչ ըլլալու հարցով, որովհետեւ մտքին մէջ ենթադրածը յստակ է առաջին պահէն (բոզ մըն է)։ Ատոր համար ալ գողցած էր այդ նկարները։ Կը մնայ երկրորդը, ուր երեւցող մերկ կնոջ պատկերը ծայր աստիճան ռըթուշէ (վերահպումէ) անցած է եւ որ սակայն կը կորսուի։ Աւելի ուշ ետ մէջտեղ կ՚ելլէ։ Ընկերները գտեր են զայն, վերահպումէն լուացեր ու խոշորցուած նոր պատկեր մը տպեր։ Պետրոս հոս կը ճանչնայ Նէնէթը, սակայն տակաւին վստահ չէ, մինչեւ որ կը բաղդատէ երրորդ գողցուած նկարի մը հետ, որ անոր երիտասարդութեան մէկ նկարն է, զուտ պատկեր, առանց որեւէ վերահպումէ կամ անկէ լուացումէ անցած ըլլալու, ու կը հաստատէ նմանութիւնը։ Պատկերակայական ենթադրութիւնը հոս կու գայ իր աւարտին, երեւան կ՚ելլէ ու կը քակուի։ Ասիկա վէպին իսկ կատարած ռըթուշն է, այսինքն սրբագրութիւնը, ատոր համար ալ Նշանեան Շահնուրի այս վէպը կը կոչէ ռըթուշի վէպը։ Հիմա Պետրոս կրնայ յարաբերիլ Նէնէթին հետ որպէս Նէնէթ, եւ ոչ որպէս պատկերակայականի հմայիչ օտարուհին։ Նէնէթ սակայն մերժած է զինք ու գացած զաւկին հօր հետ (զաւակ մը ունի՝ Պիպի)։ Վէպը կը կազմակերպէ անոր վերադարձը հաշմանդամ վիճակով (ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով հայրը կը մեռնի, մինչ Նէնէթ կը կորսնցնէ մէկ թեւը)։

Ամբողջ հարցը այն է որ օտարին հետ յարաբերութիւնը ներքնապէս ու ի սկզբանէ ենթադրուած յարաբերութիւն մըն է։ Օտարը երբեք չի տեսնուիր ինչպէս որ է։ «Ի՞նչ է ենթադրուածը։ Հմայիչ ու մահացու պատկերն է։ Մահը, կործանումը դուրսէն կու գան» ու «գաղափարաբանութիւնը անուններ կու տայ դուրսէն եկող այդ «վտանգին»։ Կը կոչէ զայն «այլասերող», բոզացնող։ Անուններ տալը վտանգէն զերծ մնալու ձեւ մըն է։ Այդ անունները պահպանումի գաղափարաբանութեան բառերն են»։

Սրբագրութեան աւարտին՝ բոլորովին օտարը (պատկերակայականէն ձերբազատուած) երեւան կու գայ։ Հոս սակայն կը յայտնաբերուի արմատական օտարութիւնը, որ «կը բնակի տեսողութենէն անդին, մեր «հոգիներուն» յատակը, պատրաստ՝ ամէն ինչ քանդելու, բայց շղթայուած գրեթէ միշտ» (395)։ Արմատական օտարութիւնը չի սրբագրուիր եւ այսպէս օտարութեան փորձընկալումը կը յանգի վրիպումի։ Անոր նշանը Պիպին է, շառաւիղը օտարի զուգաւորումին օտարին հետ (նոյնը նոյնին հետ)։ Պետրոս Նէնէթի երիտասարդութեան նկարը գողցած պահուն Պիպի իրմէ գողցած էր Պետրոսին գրիչը։ Գրութեան աշխատանքը գուցէ կարենար ելք մը գտնել, սակայն տեղի ունեցածը փոխանակութիւն մըն է պատկերին ու գիրին միջեւ եւ ուրեմն քայքայումը Պիպիի ձեռքով է որ պիտի գայ՝ գիրի գործիքին խափանումով։ Վէպի վերջաւորութեան Պիպի հակակշռէ դուրս է ու Նէնէթ անձնասպան կ՚ըլլայ եւ կամ… կը մեռնի որովհետեւ չի կրնար արգանդին մէջ կրել Պետրոսին երեխան։ Այդ ենթադրել կու տայ Նէնէթի կցկտուր աղերսումը ու արիւնլուայ վիճակը։ «Ասկէ անդին՝ պէտք է Զարեհ Որբունիի գործը կարդալ, հասկնալու համար թէ ի՛նչ ձեւ, ի՛նչ հանգամանք կրնայ զգենուլ գրութեան աշխատանքը, եթէ կ՚ուզէ հաշտուիլ վրիպումին հետ, եթէ կ՚ուզէ «զանցել» վրիպումը» (401), կը գրէ Նշանեան ու կ՚աւելցնէ՝ «ռըթուշի վէպին մէջ, պատկերներու կայսրութիւնը անյաղթահարելի, անզանցելի կը մնայ» (402)։

ՈՐԲՈՒՆԻ՝ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆՈՐ ՄԱՐԴԸ

Ինչո՞ւ Զարեհ Որբունի, ապա՝ ի՞նչ կապ մէկէն միւսը։ Նշանեան բազմաթիւ տեղեր զուգահեռներ կ՚ընէ երկու գրողներուն միջեւ, բայց նաեւ Փարիզի այդ տարիներու այլ գրողներու դիմագրաւած հարցերուն հետ։ Սփիւռքահայ վէպը այդ տարիներուն է որ կը ծաղկի։ «Մենք»ի սերունդին վէպերը (Շահնուր, Որբունի, Հրաչ Զարդարեան) «անքակտելի միաւորներ կը կազմեն, կարծես նոյն հարցադրումը մէջտեղ բերելու երեք տարբեր ձեւեր ըլլային, նոյն փորձառութեան երեք տարբերակները» (419)։ Թէեւ օրին կարդացուած էին իբրեւ իրապաշտ վէպեր, սակայն այսօր անոնց մէջ մեզ հետաքրքրողը լեզուէն ներս Օտարը համարկելու եղած փորձն է։ Օտարին հետ «մօտիկութեան» վերլուծական փորձ մըն էր կատարուածը, որ սակայն տարիներով քօղարկուած էր տիրապետող իրապաշտ մօտեցումին անունով եկող գաղափարաբանական ընթերցումով, կը բացատրէ Նշանեան։ Տեսանք վերը Շահնուրի վէպի Պետրոսին ենթադրութիւնը Նէնէթին մասին ու անոր հաստատումը։ Այդ ենթադրութիւնն ու հաստատումը շեղում մըն են, որ թոյլ չեն տար որ հարցին բուն էութիւնը բացայայտուի, որ այդ անբնական «մօտիկութեան» իսկ բացայայտումն է։ Սակայն տեսանք որ Նէնէթ պիտի մեռնէր ատով իսկ ծաւալած անսանձելի բրտութեան հետեւանքով։ Օտարը ոչ թէ միայն չէր համարկուեր, այլ չէր դիմանար հայուն հետ յարաբերութեան։ Որբունի ալ իր Հալածուածները[26]Զարեհ Որբունի ունի Հալածուածները կոչուող վիպաշարք մը, որմէ գրուած են վեց հատոր, սակայն կենդանութեան լոյս … Continue reading վիպաշարքին մէջ կը բեմադրէ ճիշդ նոյն նիւթը։ Այս անգամ Նիքոլն է որ պիտի մեռնի տղաբերքի պահուն։ Օտարուհին չի կրնար կրել Մինասի սերունդը։ Եւ եղեւ մարդ[27]Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, 1964։ վէպին մէջ ժամանակին հետ խանգարուած յարաբերութիւնն է որ մատնանիշ կ՚ըլլայ։ Թովմաս պէտք ունի մանկութեան հետ փրթած թելը վերահաստատելու որ կարենայ կրկին «որդի» դառնալ, վերագտնել հօր կորսուած կերպարը ու դուրս գալ մօր հետ օրինազանց վիճակէն, որուն մէջ դրած է զինք այդ կորուստը, որպէսզի նաեւ կարենայ Սրբուհին հանել «քոյր» նկատելու անբնական վիճակէն ու կարենայ զայն առնել կնութեան։ Այսինքն վերահաստատել ցանկութեան բնականոն հոսքը։ Դառնալ կրկին մարդ։ Կ՚ամփոփենք այդ գեղեցիկ վէպը լիուլի տափակցնելու գինով։ Բայց հարցը հոս վէպի մտահոգութիւնն է ու անոր մէջ երեւցող վրէպը, ինչպէս կ՚ըսէ Նշանեան, որովհետեւ Որբունիի վէպը գրչավրէպներ ու ժամանակավրէպներ կը շարէ վրայէ վրայ, որոնք բանալիներ են, կը մատնանշեն ընդհանուր խանգարում մը, որ կու գայ ժամանակի խանգարումով։ Վէպը «փորձընկալումի վայրն է» (447) կը գրէ ան, ու եթէ  չըլլար վէպը, պիտի չկարենայինք գիտնալ ու փորձընկալել վրէպը։ Ահա վէպին պաշտօնը։ «Հետեւիլ ո՛չ միայն վէպին մէջ պատմուածին, այլեւ՝ վէպով կատարուածին… «Եւ եղեւ մարդը «այս իմաստով սփիւռքեան գերագոյն վէպն է» (434)։ Փորձընկալումի այս եզրը երեւելի կը դառնայ մանաւանդ երբ այս վէպերը կը թարգմանուին։ Արդիւնքը, լաւագոյն պարագային, կ՚ըլլան խեղճուկ ֆրանսերէն կամ անգլերէն վէպեր։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնց «խորագոյն փորձառութիւնը, օտարութեան փորձընկալումը լեզուին մէջ եւ լեզուին ընդմէջէն, պատկերներու խաղը…» (435), որոնք գրուածքին հետ կը կազմեն էական եզր մը, չի փոխադրուիր թարգմանութեան հետ։ «Չի՛ բաւեր պատմուածը թարգմանել։ Պէտք է ի վիճակի ըլլալ նաեւ պատմումը թարգմանելու եւ ընկալող լեզուին մէջ նոյն ցնցումը պատճառելու» (435)։ Փորձընկալումի այս եզրը չի յայտնուիր եթէ մնանք իրապաշտ ընթերցումի մակարդակին։ 

Վէպը «փորձընկալումի վայրն է» (447) կը գրէ ան, ու եթէ չըլլար վէպը, պիտի չկարենայինք գիտնալ ու փորձընկալել վրէպը։ Ահա վէպին պաշտօնը։ «Հետեւիլ ո՛չ միայն վէպին մէջ պատմուածին, այլեւ՝ վէպով կատարուածին… «Եւ եղեւ մարդը «այս իմաստով սփիւռքեան գերագոյն վէպն է»

     Իսկ Հալածուածները շարքի չորրորդ գիրքին՝ Սովորական օր մըի[28]Զարեհ Որբունի, Սովորական օր մը, Պէյրութ, տպարան Սեւան, 1974։ մէջ կայ կրկին պատկերը ու անոր սրբագրութեան՝ ռըթուշի հարցը։ Տասը էջի վրայ Որբունի կը նկարագրէ հօր լուսանկարէն մեծցուած ընդօրինակութիւն մը կատարելու Մինասի դպրոցական տարիներուն ըրած փորձը, որուն ընթացքին կը փորձէ նաեւ լուսանկարին մէջ հօր մէկ աչքին մէջ երեւցող տժգունումը սրբագրել։ Հօրը նկարը սակայն կը դիմադրէ կարծես, նոյնիսկ կը խափանէ փորձը, որովհետեւ Մինաս չի յաջողիր աչքը վերակենդանացնել։ Ահա՛ կրկին շահնուրեան ռըթուշի թեման։ Մինաս կը խոստովանի որ ի վերջոյ կը հրաժարի վիրաւոր աչքը սրբագրելու փորձէն։ Ե՛ւ վերանորոգման փորձը, ե՛ւ անոր ձախողութիւնը դրդուած են հօր լուսանկարէն, կարծես հայրը կ՚ուզէ որ որդին կատարէ այդ փորձը սակայն միաժամանակ կը խափանէ զայն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի ի յայտ գայ հօր կերպարի կրած աւերին անսրբագրելիութիւնը։ Այս է Նշանեանի ընթերցումը այստեղ։ Առանց սրբագրութեան այս փորձին, պիտի չյայտնուէր անոր անսրբագրելիութիւնը, անոր կրած աւերը պիտի չդառնար տեսանելի։ Հարցը նկարի մը մէջ հօր դիմագիծը սրբագրելու անձնական անկարողութիւն մը ցուցադրելը չէ, այլ շատ աւելի խորունկ բան մը, որ կը վերաբերի հօր կերպարի կրած աւերումին՝ որպէս կերպար։ Զայն սրբագրելու փորձը դատապարտուած է ձախողութեան ու կը մղէ տղան հասկնալու այդ կացութիւնը որպէս այդ՝ անսրբագրելի։

«Չի՛ բաւեր պատմուածը թարգմանել։ Պէտք է ի վիճակի ըլլալ նաեւ պատմումը թարգմանելու եւ ընկալող լեզուին մէջ նոյն ցնցումը պատճառելու»։

     Կայ սակայն աւելին։ Նոյն շրջանին, Մինաս կը խոստովանի որ կը սկսի ոտանաւորներ գրել։ «Այդպէս ինքնաբերաբար սկսայ գրել, երբ այլեւս անկարելի էր նկարը հասցնել իր լրումին» (455)[29]Վէպին մէջ, անդ, էջ 64։։ Այսինքն գրելը կը սկսի երբ կերպարին աւերը կը յայտնուի որպէս անսրբագրելի։ Այս է որ հոյակապ է, որովհետեւ գիծի եւ գիրի փոխանակութիւն մը կը թելադրէ եւ այս անգամ Շահնուրի նշածին հակառակ ուղղութեամբ։ Շահնուրի Պետրոսը գրիչը կորսնցուցած էր, մինչ Որբունիի Մինասը զայն կը յայտնաբերէ։ Հոն բացասական նշան է, մինչ հոս դրական։ Սակայն, Մինաս կը նկատէ որ բառերն ալ ի վերջոյ վերանորոգում չեն բերեր, այլ միայն ողբասացութիւն։ Մեռած հայրերը կը թաղեն ու կը սգան, սակայն խնդրոյ առարկան հոս ո՛չ թէ մեռած կամ սպաննուած հայրն է, այլ հայրական կերպարի վերջնական կորուստը։ Ուրեմն ողբը հոս սուգ չի կրնար ըլլալ։ Մինաս կը խոստովանի որ գրածները կը պատռէ, որովհետեւ կը զգար որ ինք ալ կը քանդուէր անոնց հետ։ Ըսուածը հոս լեզուին չդիմանալն է աւերին ու սանձարձակուած քանդումին անարգել շարունակումը։ Բայց հօր կամքն է ասիկա։ Ան կ՚ուզէ որ աւերածութիւնը բաց մնայ, որդին հասցնելով խելագարութեան ու ինքնազոհութեան։ Ի վերջոյ, սակայն, մայրն է, որ կարծես կը հայթայթէ պակսող՝ գուցէ փրկարար տեղեկութիւնը։ Հայրդ ալ կը գրէր, կ՚ըսէ ան, սակայն գրածը չէր պատռեր։ Առաւել՝ «տարագրութենէն քանի մը օր առաջ, սնտուկով մը թաղեց մեր տան բակը։ Ով որ դառնայ, ասոնք կ՚առնէ, ըսաւ։ Մեզմէ ո՛չ մէկը վերադարձաւ հոն։ Հիմա փտած ըլլալու են։ Երկինքէն այնքան ջուր թափեցաւ անկէ ի վեր» (463)[30]Վէպին մէջ, անդ, էջ 65։։ «Աւերը անվերադարձ է», կը բացատրէ Նշանեան, «բայց գրելու համար հայրական օրէնքին եւ հայրական կերպարին անվերադարձ աւերը, վկայ մը պէտք էր, վերջին վկայ մը» (464)։ Այդ վկան մայրն է, որուն թելադրանքէն կը հասկնանք որ ժամանակի ջրհեղեղային վերջաւորութիւնը պէտք է արձանագրել լեզուով մը որ թաղուած է՝ այսինքն «դարձած դիակ։ Ուրեմն լեզուով մը որ ըլլար ինքն իր պատկերը»[31]Բաղդատել ակնարկը մահադիմակին մասին Նշանեանի Պլանշոյէն փոխ առած տողին հետ՝ «Դիակը ինքնիր պատկերն է» (տե՛ս … Continue reading։ 

Թեկնածուն… «Լման Ի. դարու հայ գրականութեան մէջ՝ միակ օրինակն է գրական վկայագրութեան մը» (480), կը նշէ Նշանեան ու աւելի անդին կ՚աւելցնէ՝ «առաջին անգամ ըլլալով՝ կը լսենք մեռեալ վկային ձայնը»։

     Կը մնայ վերջին[32]Հատորին մէջ ասկէ զատ կայ նաեւ յաւելեալ անդրադարձ մը Որբունիի Ասֆլաթըին, որ նուիրուած է կրկնութեան, … Continue reading անդրադարձ մը կապուած Որբունիի Թեկնածուն[33]Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, Պէյրութ, տպարան Սեւան, 1967։ վէպին։ Հոս վերապրողն ու վկայագրութիւնն են, որ կրկին պիտի գան առաջաբեմ ու կապ մը պիտի հաստատուի Պլանշոյի գործին մէջէն կատարուած վերապրողի երեւութաբանութեան հետ, որ անշուշտ մեռեալ վկայի երեւութաբանութիւնն է, մէկ խօսքով անոր փորձառութեան յայտնուիլը, յարակարծիք մը ինքնին, որ վէպը կը գործածէ իր բացայայտումին համար։ Այդ թեման անշուշտ գաղտնի կապն է նաեւ երկու հատորներուն միջեւ։ Ո՞վ է վերապրողը Որբունիի վէպին մէջ եւ ի՞նչ է վկայագրութեան օրինավիճակը։ Որբունին առաջինն է, իննսունականներու վկայագրութեան դաշտին կրած ճգնաժամէն շատ առաջ, որ «կը խնդրականացնէր վիպական պատումին ու վկայագրական պատումին միջեւ յարաբերութիւնը», կը գրէ Նշանեան (477)։
     Նախ սակայն, Թեկնածուն «փարիզեան վէպի շահնուրեան համաստեղութեան չի պատկանիր» (478), կը գրէ Նշանեան, պատկերի սրբագրութեան, օտարուհին սպաննելու, եւ իր այլ թեմաներով։ Սակայն, հոս կատարուած լուծումներէն թելադրուելով է, որ Որբունի ձեռք պիտի առնէ այդ նիւթերը յաջորդ հատորներուն մէջ ու զանոնք մէկ առ մէկ կազմալուծէ։ Վէպին կեդրոնը կը գտնուի գրաւոր վկայութիւն մը Վահագնի կողմէ որպէս ժառանգ ձգուած իր բարեկամին՝ Մինասին։ Վահագն թուրք ուսանող մը կը սպաննէ ու անկէ անմիջապէս ետք գրի կ՚առնէ զայն, երբ ոստիկանութիւն կը տարուի ու կ՚ապրի ամիս մը, իր իսկ խոստովանութեամբ, «յետ մահու» գոյութիւն մը, որպէս մեռել, որմէ ետք ալ անձնասպան կ՚ըլլայ։ «Լման Ի. դարու հայ գրականութեան մէջ՝ միակ օրինակն է գրական վկայագրութեան մը» (480), կը նշէ Նշանեան ու աւելի անդին կ՚աւելցնէ՝ «առաջին անգամ ըլլալով՝ կը լսենք մեռեալ վկային ձայնը» (495)։ Այո, որովհետեւ խօսողը վերապրող մըն է, ու ինչպէս տեսած էինք Պլանշոյի մօտ օրինակ՝ վերապրողը, ան որուն մէջ մեռցուած է վկան, չի կրնար վկայել իր փորձառութեան մասին։ Այն ատեն, ինչպէ՞ս կրնանք լսել անոր ձայնը։ Պիտի տեսնենք։

Ապշեցուցիչ այժմէականութիւն մը ունի Որբունիի գրութիւնը (ահաբեկչութիւն, ներողութեան արշաւ, եւ մասամբ նորին) զանազան առումներով ու Նշանեան զայն կը կարդայ իր մեկնաբանական ծրագրի լայն աղեղով, կարծես քառասուն տարուան փորձառութեամբ։

     Որբունիի վէպը ունի եռաստիճան կառոյց (կրկին ինչպէս տեսեր էինք Պըլտեանի շարքին մէջ)՝ Վահագնը (վկայագրութիւնը ձգողը), Մինասը (որ Վահագնի դրդումով պէտք է զայն ժառանգէ ու կարգի բերէ) եւ Զարեհը (Որբունին ինք, որ վէպին մէջ կը դառնայ դերակատար. վերջաւորութեան կ՚անդրադառնանք որ կը կարդանք Մինասի գրած նամակը Զարեհին – զայն վէպի վերածելու խնդրանօք)։ Նամակը ստորագրուած է Մինասին կողմէ։ Իսկ գիրքի կողքին կայ Որբունիի անունը։ Յստակ չէ թէ Որբունի բան մը փոխած է Մինասի գրածէն կամ ոչ։ Ահա կրկին Թորոյեան-Եսայեան զոյգը ու ստորագրութեան երկդիմութիւնը։ Վկայագրութիւնն է որ կը պարտադրէ այդ երկդիմութիւնը, սակայն եռաստիճան կառոյցով է միայն, որ ան կու գայ առաջաբեմ ու կը դառնայ տեսանելի։
     Իսկ ինչ որ Վահագն կը փոխանցէ բարեկամին, իր անձնասպանութեամբ, իր իսկ մահն է, որպէս ժառանգ։ «Վահագն Մինասին դարձերեսն է» (487), կը գրէ Նշանեան, սակայն ան պէտք է անհետանայ, որ միւսը ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Որբունի հոյակապ ձեւով կը բեմադրէ Վահագնի որոշումին պահը, որուն մէջ կը մտնէ սեռային հաճոյքի ծառայած ըլլալու անդրադարձն ու անոր որպէս հետեւանք՝ կրած չարչարանքը, որ զոհագործական ու զոհաբերական երանգով կու գայ։ Դահիճ եւ զոհ կը կազմեն հոս անքակտելի զոյգ մը։ Ինչպէ՞ս։ Վահագն կ՚անդրադառնայ որ այդ մէկը միւսին կապող հրէշային զուգաւորումը գործած է ոչ թէ միայն անցեալին մէջ, այլ կը շարունակէ մինչեւ այսօր զինք ծառայեցնել զոհագործական վայելքին որպէս կրաւորական ենթակայ։ Այդ անդրադարձը կը կատարուի Զիայի (թուրք ուսանողը) հետ պատահական ծանօթութեան բերմամբ։ Մինչեւ այդ հանդիպումը, Վահագն տարիներու վրայ քաշկռտած է հոգեկան ախտաբանական նշաններով ու կառոյցով մակաբուծային գոյութիւն մը։ «Այդ կառոյցն է, որ մէկ անգամէն կը ճաթռտի» (493) երբ Զիա կը խոստովանի որ հայուհիի մը սիրահարած է եւ առաւել եւս, յաջորդ օրը ներողութեան երկտող մը կը ղրկէ, այդ խոստովանութեամբ զինք գուցէ վիրաւորած ըլլալուն համար։ Այդ ներողութիւնն իսկ է, որ Վահագնը կրկին կը դնէ զոհի վիճակին մէջ, կրկին ապրիլ կու տայ զոհագործական վայելքի բրտութիւնը ու կը փլէ իր արդէն խախուտ գոյութիւնը, որովհետեւ կ՚անդրադառնայ որ դահիճը կը գտնուի իր մէջ։ Մէկ լուծում ունի Վահագն. գործել թրքասպանութեան արարքը ու ապա մեռցնել ինքզինք, անով իսկ կատարելով փրկագործական կատարեալ արարքը, որ կ՚ազատէ Մինասը նոյն հարկադրանքէն, այսինքն կ՚ազատէ զինք իր ու իրենց մէջ բնակող թրքասպանի ներկայութենէն (506-507)։ Ապշեցուցիչ այժմէականութիւն մը ունի Որբունիի գրութիւնը (ահաբեկչութիւն, ներողութեան արշաւ, եւ մասամբ նորին) զանազան առումներով ու Նշանեան զայն կը կարդայ իր մեկնաբանական ծրագրի լայն աղեղով, կարծես քառասուն տարուան փորձառութեամբ։ Արդիւնքը իսկապէս շշմեցուցիչ է։

 

ԵԼՔ

Մօտէն հետեւեցանք հատորին մէջ ի յայտ եկող ու գրողէ գրող ու հատոր ծաւալող մտածումի թելին ու հիմնական թեմաներուն, այդպիսով փորձելով ցոյց տալ գիրքին ու շարքին հետապնդած նպատակն ու մտահոգութիւնները։ Հսկայական աշխատանք մըն է կատարուածը երկու հատորներուն մէջ, երկուքն ալ նոյնքան հետաքրքրական, որ չի սպառիր մէկ ընթերցումով։ Ինչ որ թուեցինք, պարզ ամփոփում մըն է, յաճախ շատ բան դուրս ձգող ու անխուսափելիօրէն տափակցնող։ Երկու հատորներու հազար ու աւելի էջերուն վրայ սփիւռքեան մեր կացութիւնն է, որ Նշանեան կը փորձէ հասկնալ, գրականութեան պրիսմակով, այն հաստատ համոզումով որ գրողներն ու գրականութիւնն են, որոնք զայն լաւագոյնս կրնան բացատրել, շատ աւելի խորունկ կերպով քան պատմութիւնը։ Ինչո՞ւ։ «Աղէտի մտածողութիւն մը պիտի չգոյանայ այնքան ատեն որ պատմագիտութեան Նեւտոնեան սահմաններուն մէջ մնանք, այն պատրանքը սնուցանելով որ լրիւ ճշմարտութիւնը կ՚ըսեն անոնք» (KB276), կը գրէ ան։ Հարցը օրինաւորութեան դաշտին կը վերաբերի։ Զայն սահմանելու համար նեւտոնեան բնագիտութիւնը պէտք ունի ընդհանուր յարաբերականութեան սկզբունքներուն։ Աղէտը, որպէս «մտածումի դէպք», կը հպատակի ապառնի անցեալի օրէնքին։ Տողը Պըլտեանէն կու գայ։ «Դժուարութիւնը այն է որ առանց այդ պատումին հնարաւոր չէ մտածումի դէպքը ըսել, մանաւանդ որ ետդարձով հարկ է վերբերել, միշտ իբրեւ ապառնի անցեալ որ երեւակայօրէն պիտի դառնայ ապագայ…» (KB275)։ Դժուար հասկնալի տողեր են մէկ անգամէն։ Մեկնաբանութիւնը այն էր, որ կը գտնուինք Աղէտին մէջ, որովհետեւ ան, որպէս «մահուան կտրուածք» չէ պատահած մեզի համար տակաւին։ Պիտի պատահի ապագային, որպէս անցեալ դէպք, եթէ ջանանք զայն «պատահեցնել»։ Եւ ատիկա պատումը կրնայ միայն իրագործել։ Պըլտեանի կերպարը աչքերը կը բանայ ու կը շրջի մահուան մութին մէջ, ինչպէս որ Որբունիի Վահագնը կը գտնուի բացարձակ զոհի ու բացարձակ վերապրողի դերերուն մէջ, որ նաեւ բացարձակ վկայի դերն է եւ «բացարձակ վկան ա՛յն է որ կ՚արթննայ։ Բայց կ՚արթննայ մահուան մէջ» (508)։ Եւ ատիկա կրնայ միայն պատահիլ դիպուածային ժամանակէն դուրս տեղ մը՝ վիպական տարածքին մէջ։ «Վիպասանութիւնն է, վիպասանին պատումն է, որ պիտի «պատահեցնէ» դէպքը, պատմագիտութեան կողմէ ենթադրուած ճշմարիտ իրողութենէն առաջ եւ անկէ անկախ» (276)։

Երկու հատորներու հազար ու աւելի էջերուն վրայ սփիւռքեան մեր կացութիւնն է, որ Նշանեան կը փորձէ հասկնալ, գրականութեան պրիսմակով, այն հաստատ համոզումով որ գրողներն ու գրականութիւնն են, որոնք զայն լաւագոյնս կրնան բացատրել, շատ աւելի խորունկ կերպով քան պատմութիւնը։

     Երկրորդ հատորը աւելի յուզիչ է, մանաւանդ երբ տեղ-տեղ որոշ գրութիւններ կրկին ձեռք կ՚առնուին քսան, գուցէ աւելի տարի ետք ու հեղինակը հոն անդրադարձը կ՚ընէ անցած ժամանակին ու մեր իրականութեան, այս պարագային հայախօս Սփիւռքի տարուէ տարի կրած անկումին, միաժամանակ այդ աւերն ալ կարդալով մեկնաբանական նոյն պրիսմակով, ինչ որ կը կիրարկէ գրողներուն ու գործերուն վրայ։ Քսան տարի առաջ «չէի նախատեսեր անկումը», կը գրէ ան, «զանգուածային քայքայումը որ տեղի ունեցաւ մեր աչքին առջեւ այս վերջին երկու տասնամեակներուն։ Պէտք եղաւ մտքի մեծ լարում մը, հասկնալու եւ ընդունելու համար այս իրողութիւնը։ Ա՛յդ է եղեր մեզմէ սպասուածը… կը գրեմ այսօր հազիւ կենդանի լեզուով մը, վերապրող կամ գերապրող՝ մահէն անդին ապրող, օտարութեան մէջ ապրող, օտարութեան մէջ «կորսուած» լեզուով մը։ Կը գրեմ այնպէս՝ ինչպէս թէ ըլլար ան մեռեալ» (423)։ Մինասի մօր ակնարկածը չէ՞ր՝ թաղուած լեզուն։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ թարգմանութեան մասին Նշանեանի ըսածը առաջին հատորին մէջ[34]Թարգմանական աշխատանքին մասին Նշանեան հոն կը գրէր. «Թարգմանելով՝ ա՛լ աւելի կը մօտեցնեմ զայն [լեզուն] իր … Continue reading։

… կը գտնուինք Աղէտին մէջ, որովհետեւ ան, որպէս «մահուան կտրուածք» չէ պատահած մեզի համար տակաւին։ Պիտի պատահի ապագային, որպէս անցեալ դէպք, եթէ ջանանք զայն «պատահեցնել»։ Եւ ատիկա պատումը կրնայ միայն իրագործել։

     Նշանեանի մօտ Փարիզի սերունդի ժառանգը ստանձնելը յանձնառութեան մը հետեւանք է, ինչպէս ինք կը գրէ Ինքնագիրի կայքէջին վրայ դրուած ինքնակենսագրական գեղեցիկ գրութեան մէջ։ «Ուզեր եմ իրենց աշխարհին, իրենց յամառութեան, իրենց ճգնումին, հայերէն լեզուի հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան հաւատարիմ ըլլալ։ Ուզեր եմ որ մէկը գոնէ, թէկուզ միայն մէկ հոգի, մնայ հաւատարիմ»[35]Տե՛ս https://inknagir.org/?author=13։։ Մեկնաբանական այս աշխատանքը Նշանեանի մօտ, Գրիգոր Պըլտեանի կատարած վերլուծական հատորներուն նման[36]Տե՛ս օրինակ Գրիգոր Պըլտեան, Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972՝ նոյնէն այլը, Երեւան, Սարգիս Խաչենց, 2017։ Տե՛ս նաեւ … Continue reading, ո՛չ թէ միայն փոխանցումի գործ մըն է որ կ՚ընէ Սփիւռքի գրողներու արտադրութիւնը լսելի դարձնելով մեզի, որ պէտք էր սկզբունքով, իբրեւ ժառանգորդ, տէրը ըլլայինք այդ գործերուն, այլ տեսանելի կը դարձնէ նաեւ ժառանգելու իսկ անկարելիութիւնը՝ խանգարուած ժամանակի մը մէջ։ Չենք կրնար ժառանգել, երբ մեր ականջները փակ են հոն առաջ դրուած հիմնական փորձին ու փորձառութեան հանդէպ։ Նշանեան մատնանիշ կ՚ընէ այդ խլութիւնը պատճաոող հիմնական պայմաններն ու խնդիրները։ Մեր իրականութիւնը ամբողջովին թափանցուած է օտարութեան մէջ միայն օտարում տեսնող (այսինքն ճակատագրական ու անյաղթահարելի մաշում – վտանգը դուրսէն կու գայ) գաղափարաբանութեամբ, այն աստիճան որ հայախօս Սփիւռքը կարողութիւնը չունի իրերու այդ դրութեան անդրադարձն իսկ կատարելու։ Նշանեանի կատարած ընթերցումը Սփիւռքի գրողներուն այդպիսի կարելիութիւն մը կը բանայ, որովհետեւ երեւան կը հանէ օտարութեան հետ անոնց ճակատումի փորձը ու անոր փորձընկալումը վիպական տարածքին մէջ, նոյնիսկ այնպիսի գրողներու ու գործերու մէջ, ինչպէս Շահնուրինը, որ ամենէն ծանօթ գործն է իբրեւ թէ Սփիւռքի։ Ծանօթ սակայն իր սովորական մաշումի ընթերցումով միայն։ Գրողէ գրող Նշանեան հարցադրումներ կը յայտնաբերէ մեկնելով գործին մէջ իսկ երեւցող նշաններէ ու կը կամրջէ զանոնք իրարու։ Այսպիսով Որբունիի թաղուած լեզուով գրողն ու Պըլտեանի մահուան մէջ արթնցողը իրար կը կապուին, իրենց հետ բերելով Պլանշոյի վերապրողն ու դէպքին պատումնային կառոյցը։ Ընթերցումի մեքենայ մըն է որ ի յայտ կու գայ երկու հատորներուն մէջէն։

Մեկնաբանական այս աշխատանքը Նշանեանի մօտ, Գրիգոր Պըլտեանի կատարած վերլուծական հատորներուն նման, ո՛չ թէ միայն փոխանցումի գործ մըն է որ կ՚ընէ Սփիւռքի գրողներու արտադրութիւնը լսելի դարձնելով մեզի, որ պէտք էր սկզբունքով, իբրեւ ժառանգորդ, տէրը ըլլայինք այդ գործերուն, այլ տեսանելի կը դարձնէ նաեւ ժառանգելու իսկ անկարելիութիւնը՝ խանգարուած ժամանակի մը մէջ։ Չենք կրնար ժառանգել, երբ մեր ականջները փակ են հոն առաջ դրուած հիմնական փորձին ու փորձառութեան հանդէպ։

     Պըլտեանի արտադրութեան հետ յարաբերութիւնը յաւելեալ երանգ մը կը բերէ նաեւ։ Տասնամեակներու վրայ երկարող յարաբերութիւն մըն է որ կը յայտնուի բարեկամութեան ու մրցակցութեան զոյգ նշանաբաններուն ներքեւ, երկու հատորներու ենթախորագիրներուն նման։ Նշանեան կը հետեւի Պըլտեանի արտադրութեան քայլ առ քայլ ու կ՚արձագանգէ, կը մեկնաբանէ, նոյն հարցականներուն կը մօտենայ տարբեր անկիւններէ։ Այդ արձագանգը խորունկ մեկնաբանութիւն մը կը հրամցնէ Պըլտեանի գործին, այն աստիճան որ կարելի է նոյնիսկ մտածել որ առանց այդ մեկնաբանական աշխատանքին, Պըլտեանի գործը պիտի չըլլար այս ձեւով լսելի ու տեսանելի։

Նշանեան կը հետեւի Պըլտեանի արտադրութեան քայլ առ քայլ ու կ՚արձագանգէ, կը մեկնաբանէ, նոյն հարցականներուն կը մօտենայ տարբեր անկիւններէ։ Այդ արձագանգը խորունկ մեկնաբանութիւն մը կը հրամցնէ Պըլտեանի գործին, այն աստիճան որ կարելի է նոյնիսկ մտածել որ առանց այդ մեկնաբանական աշխատանքին, Պըլտեանի գործը պիտի չըլլար այս ձեւով լսելի ու տեսանելի։

Պարզ մեկնաբանական աշխատանք մը չէ կատարուածը։ Մէկն ու միւսը կարծես երկու իրար հետ դարձող ու զիրար ամբողջացնող անիւներ ըլլային այնպէս մը, որ մէկով միւսը ալ աւելի հասկնալի կը դառնայ եւ ասիկա՝ փոխադարձաբար։ Ատոր համար ալ կրկնապէս յուզիչ է։ Այս մէկն ալ որպէս երախտագիտութեան խօսք Սփիւռքի այս երկու մեծ գրողներուն որպէս տասնամեակներու ընթերցող եւ ինչու չէ՝ նաեւ մեկնաբան։ Ճիշդ է որ այսօրուան Սփիւռքը նոյնը չէ, ինչ որ էր երբ այս երկու գրողները միասնաբար ճամբայ կ՚ելլէին։ Սակայն, սփիւռքեան մեր գոյութեան մեր իսկ ինքնահասկացողութիւնը նոյնը չէ շնորհիւ իւրայատուկ այս մրցակցութեան ու բարեկամութեան։

 

References
1 Մարկ Նշանեանի Պատկեր պատում պատմութիւն, Հատոր 1՝ փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը, Երեւան, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, 2015։
2 Տե՛ս Րաֆֆի Աճէմեան, «Աղէտի հորիզոնին՝ պատում եւ վերապրող Պլանշոյի արձակին մէջ», Բագին, թիւ 2, 2017։
3 Մորիս Պլանշոյ, Վիպումներ, թրգմն. Մարկ Նշանեան, Երեւան, Ինքնագիր գրական ակումբ, 2013, էջ  123-124։
4 Թարգմանուած այդ թղթածրարը, լուսանկարներով հանդերձ, Եսայեան իր ձեռքով պիտի հասցնէր Փարիզ, սակայն առ այժմ մարդ չի գիտեր անոր ուր գտնուիլը։ 2012ին, իննսուն տարի ետք գտնուեցան ու լոյս տեսան հայերէնով բնագիրները՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում՝ վերապրածների վկայութիւններ (1916-1917) անունը կրող եռահատոր շարքով, խմբագրութեամբ Ամատունի Վիրաբեանի, Երեւան, Հայաստանի Ազգային արխիւ։ Ընտրանի մը հրատարակուած էր 2005ին Վշտապատում խորագրով, «Զանգակ-97» հրատարակչատան մօտ։
5 Զապէլ Եսայեան, Ժողովուրդի մը հոգեվարքը՝ աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ, լոյս տեսած «Գործ» պարբերականին մէջ, Պաքու, Փետր. եւ Մարտ 1917ի թիւերով։ Հատորով լոյս տեսած է միայն 2020ին՝ Անուշաւան Զաքարեանի խմբագրութեամբ, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան։ Մարկ Նշանեան զայն ֆրանսերէնի թարգմանած ու հրատարակած էր 2013ին (Hayg Toroyan – Zabel Essayan: L’Agonie d’un people խորագրով, Classiques Garnier, Փարիզ)։
6 Սեդրակ Պաղտոյեան, Երբ դրախտը դարձաւ դժոխք… արհաւիրքի եօթ տարիներ 1915-1922, Մարկ Նշանեանի խմբագրութեամբ ու յառաջաբանով, Ապրիլ հրատարակչատուն, Լոս Անճելըս, 2007, էջ 10։
7 Անդ, էջ 22։ Այսօր Պըլտեանի սկիզբը անպաշտօն կերպով «բլուրի շարք» կոչուածը կը կրէ Գիշերադարձ խորագիրը ու հասած է 9 հատորի։ Տասներորդ մը ի լինելութիւն է (անձնական աղբիւրէ)։
8 Եսայեանի բաժնին մէջ կան երկու գլուխ եւս՝ «Գրականութիւնը որպէս մրցադաշտ» ու «Քաղաքացիութեան սկզբունքը» խորագիրներով, որոնց չենք անդրադառնար այս գրութեան մէջ։
9 Փակագիծով տրուած էջերը կ՚երթան Մարկ Նշանեանի Պատկեր պատում պատմութիւն, Հատոր 2՝ մրցակցութիւններ, Երեւան, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, 2016 հատորին։
10 Shoshana Felman եւ Dori Laub, Testimony: Crises of Witnessing in Literature, Psychoanalysis and History, Նիւ Եորք, Routledge, 1991։ «Կատարեալ յեղաշրջում մըն էր տեղի ունեցածը, բայց ընդյատակեայ, լռելեայն տեսակէն։ Այն վարկեանէն սկսեալ երբ անդրադարձի, ուրեմն մտածումի առարկայ կը դառնար վկայութեան ժառանգութիւնը (եւ սուգի դիմագրաւումը), պատմագիտութիւն եւ իրաւադատութիւն կը դադրէին վկայութեան բնական ժառանգորդները ըլլալէ», կը գրէ Նշանեան (272)։
11 Գրիգոր Պըլտեան, Հարուածը, Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 1998։
12 Գրիգոր Պըլտեան, Սեմեր, Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, 1997։
13 Գրիգոր Պըլտեան, Պատկերը, Լոս Անճելըս, «Ապրիլ» հրատարակչութիւն, 2003։
14 Գրիգոր Պըլտեան, Նշան, Լոս Անճելըս, «Ապրիլ» հրատարակչութիւն, 2000։
15 Գրիգոր Պըլտեան, Անունը լեզուիս տակ, Փարիզ, «Երկ» մատենաշար, 2003։
16 Գրիգոր Պըլտեան, Երկուք, Փարիզ, «Երկ» մատենաշար, 2006։
17 Գրիգոր Պըլտեան, Շրջում, Երեւան, «Սարգիս Խաչենց», 2012։
18 Մարկ Նշանեան, Յաւիտենական շրջադարձ, Անահիտ Տօնապետեանի, Սիրանոյշ Դւոյեանի ու Վիկտորիա Խուրշուդեանի կազմած Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine հատորին մէջ (Գրիգոր Պըլտեան եւ հայկական ժամանակակից գրականութիւնը), Փարիզ, Ինալքօ, էջ 271։ Հատորը կը խմբէ 2015ին Ինալքոյի յարկէն ներս տեղի ունեցած Գրիգոր Պըլտեանի նուիրուած գիտաժողովի նիւթերը։ Հատորի բոլոր գրութիւնները տրամադրելի են առցանց՝ https://books.openedition.org/pressesinalco/41199։
19 Շրջում, էջ 26։
20 Նշանեանի յղումը կը գտնուի վերեւ նշուած գիտաժողովի հատորին մէջ, որոնց էջաթիւերը գրութեան մէջ կը տրուին KB վերտառութեամբ ու փակագիծերով։
21 Պըլտեան, Շրջում, էջ 33։
22 Այս մէկը գրողին հետ անձնական զրոյցէ։
23 Նշանեան Պըլտեանի բաժնին մէջ ունի նաեւ ամբողջ բաժին մը նուիրուած Անունը լեզուիս տակ հատորին, ուր կողք կողքի ու մէջ ընդ մէջ կը վերլուծուին բանաւոր պատմութիւնն ու պատմաբանինը, պատմողին ունկնդրութեան, ետդարձերուն ու զարթնումին հետ տրուած։
24 Շահան Շահնուր, Նահանջը առանց երգի, Փարիզ, 1929։
25 Յիշեցնենք որ հարիւր տարի առաջ լուսանկարները կը տպուէին ապակիէ ժխտանկարներէ։
26 Զարեհ Որբունի ունի Հալածուածները կոչուող վիպաշարք մը, որմէ գրուած են վեց հատոր, սակայն կենդանութեան լոյս տեսած են միայն չորսը։ Առաջինը՝ Փորձը, լոյս տեսած է Փարիզ, 1929ին։ Ատկէ ետք, Որբունի քառասուն տարի սպասած է յաղթահարել կարենալու համար «վէպին լռութիւնը», կը գրէ Նշանեան, ու վիպաշարքը շարունակել կարենալու համար։ Մինչ այդ, տպած է պատմուածքներու հատորներ։ 1964ին տպած է անջատ վիպական գործ մը, որ կը կոչուի Եւ եղեւ մարդ, 1967ին շարքին երկրորդ հատորը՝ Թեկնածուն, ապա Ասֆալթը ու Սովորական օր մը 1972ին ու 1974ին։ 2020ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Հալածուածները խորագրով ու առաջին երեք վէպերը խմբող առաջին հատոր մը, Յովհաննիսեան ինստիտուտի կողմէ։ Երկրորդ ու երրորդ հատոր մը ծրագրուած են։
27 Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, Փարիզ, 1964։
28 Զարեհ Որբունի, Սովորական օր մը, Պէյրութ, տպարան Սեւան, 1974։
29 Վէպին մէջ, անդ, էջ 64։
30 Վէպին մէջ, անդ, էջ 65։
31 Բաղդատել ակնարկը մահադիմակին մասին Նշանեանի Պլանշոյէն փոխ առած տողին հետ՝ «Դիակը ինքնիր պատկերն է» (տե՛ս Պատկեր Պատում Պատմութիւնի Ա. հատորը, էջ 23 ու «Ինքն իր պատկերը» գլուխը, էջ 31-162)։
32 Հատորին մէջ ասկէ զատ կայ նաեւ յաւելեալ անդրադարձ մը Որբունիի Ասֆլաթըին, որ նուիրուած է կրկնութեան, թարգմանութեան ու վերապրող լեզուի խնդիրներուն։
33 Զարեհ Որբունի, Թեկնածուն, Պէյրութ, տպարան Սեւան, 1967։
34 Թարգմանական աշխատանքին մասին Նշանեան հոն կը գրէր. «Թարգմանելով՝ ա՛լ աւելի կը մօտեցնեմ զայն [լեզուն] իր վախճանին, կը կենդանացնեմ ու կը մեռցնեմ զայն, կը վերածեմ զայն վերապրող լեզուի մը… կը զմռսեմ լեզուն… կը վերածեմ լեզուն մոմիայի… » (Պատկեր պատում պատմութիւն, հատոր 1, էջ 137)։ Տե՛ս նաեւ վերապրող լեզուի մասին ակնարկը «Թարգմանել հայերէն» կոչուող դասախօսութեան մէջ, տրուած 2017ին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, Երեւան. https://www.youtube.com/watch?v=oYIWepGQ0i4, մասնաւորաբար 58՛էն սկսեալ։
35 Տե՛ս https://inknagir.org/?author=13։
36 Տե՛ս օրինակ Գրիգոր Պըլտեան, Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972՝ նոյնէն այլը, Երեւան, Սարգիս Խաչենց, 2017։ Տե՛ս նաեւ նոյն գրողին վերլուծական աշխատանքները խմբող երեք հատորները՝ Տրամ, Մարտ եւ Տարմ, առաջին երկուքը լոյս տեսած Պէյրութ, 1980ին ու 1997ին, վերջինը Երեւան՝ 2015ին։