ԱՆ-ՁԳՈՂԱԿԱՆ
Դուրս եկուր, դուրս
ձգողութեան կաշկանդումէն.
քու թեւաւոր ձին հրեղէն
սիրածիդ հետ պիտի տանի ձեզ երկինքներ,
ուր անկումներ իքարուսեան
արգիլուած են:
Դուրս եկուր, դուրս,
գորշ քաղաքին բաւիղներէն,
քու սիրածդ դեռ կը լողայ ամպերուն մէջ –
պէտք է դուրս գաս
քու մտային կալանքներէն՝
հասնիս իրեն:
Ոլորտին մէջ այդ անանուն, անանձնական,
քու անձկութեան
փուշերն անգամ արիւնոտած՝
կրնան իյնալ եւ կորսուիլ
համբոյրի մը մէջ ջերմագին,
որ ծովային թաց խտութիւն
ունի իր մէջ –
քեզ կը լուծէ, բայց չի խեղդեր:
Սէր, թռիչք է այս ակներեւ,
որ լուսնային ոստումներէն,
ձգողութեամբ այնքան թեթեւ,
շատ աւելին կու տայ մեզի:
Ո՞ւր ենք հիմա՝
սահմանագիծի մը վրայ,
այնքան տարտամ, բայց ցանկալի,
ուր ես կրնամ նախնիներուս պէս անկաշկանդ
ամուսնացնել՝ ձին թռչունին հետ թեւաւոր,
աղջիկը նուրբ երկարածամ
ճկուն ձուկին հետ գունաւոր,
տակաւին այլ, զարմանազան
կապեր, ձեւեր վերագտնել –
վերադառնալ սահմանազանց
եւ անկաշկանդ
իմ էութեան:
ՍԻՐՈՅ ՊԱՐՏԷԶ
Խնամելու պատրաստ եմ քու պարտէզը լուսնային՝
համբոյրներով սիրավառ:
Ճառագայթող, խտացեալ արեւը կայ ցերեկի
(Սեւ քօղով մը ծածկուած)
այս վայրին մէջ բոցավառ:
Գիշերներու խենէշ ճիչը կը զարնուի
զայն եզերող որմերու
սահմաններուն արգիլեալ –
չի կրնար ներս թափանցել:
Վարդեր բոսոր, թաւշային,
խտխտացող ցօղերով՝ այգուն այնտեղ կը փայլին,
իսկ Թռչունը դրախտի (Որ թռչուն չէ, այլ ծաղիկ)
կտուցը վեր կ’երկարէ
կիրքով, սիրով բռնկուն:
Սրինգը հոն կը նուագէ
մաքուր սէրերն անցեալի –
աշխարհի մը կորսուած սահմաններուն արծաթէ …
Իսկ կիթարը թրթռուն, թմբուկին հետ վաւաշոտ,
խոնաւ ու տաք գիշերուան
երանգները կը պեղէ:
Կը խնամեմ ահա լուռ
ստինքներուդ յասմիկը՝ հետախուզող մատներով,
կ’իյնամ շաւիղը բացուող մացառներուդ գրաւիչ …
Այս բազմածուփ վայրերու կածաններուն ծանօթ եմ,
կրնամ շարժիլ անարգել
եւ վրդովիչ նայուածքներուդ տակ գիտեմ
միշտ անխռով նաւարկել …
Ջուրեր այնտեղ կը հոսին,
շատrուաններ կը ցայտեն՝
ստեղծելով համանուագ մը աշխոյժ,
ուր կը զարթնուն ապրումներ,
յիշատակներ զուարթուն …
Կը խառնուին իրար հոն
անցեալ, ներկայ: Առաւել՝
չեն ուրանար մէկզմէկ:
Տարբեր դէմքեր, մարմիններ,
երազն ու լերկ առօրեան՝
կը հաշտուին, կ’ըլլան մէկ:
Հոս կը մնամ աշխարհիդ
պարտիզպանը մշտարթուն:
ԾԱԾԿՈՑԻՆ ՏԱԿ ԵՐՓՆԵՐԱՆԳ
Մարալին
Այս ծածկոցը երփներանգ՝
մենք հիւսած ենք երկուքով —
մասերն անոր (պատառիկներ, դրուագներ)
մենք կտրտած ու պահպանած
էինք վաղուց, ամէն մէկս առանձին,
երբ տակաւին
զիրար չէինք հանդիպած,
մեր ճամբաները երկու
չէին զիրար խաչաձեւած, միացած:
Այս ծածկոցը յօրինուածք է ինքնատիպ,
որ գծած է քարտէսը իր ծածկագիր՝
ածուներուն իր տասնեակ:
Այս ծածկոցին ամէն մէկ մասը փոքրիկ
(բոսոր կարմիր, կապոյտ, սեւ,
ուրիշ տասնեակ գոյներու
ուղղանկիւն կամ քառակուսի
չափերուն մէջ զանազան)
ամէն մէկուս յուշերէն,
ապրումներէն, փորձառութեան էջերէն
պատառիկներ կը պահէ:
Դեռ հոն արթուն
երազներ կան, սէրեր կան,
քօղարկուած
ցանկութիւններ բոցկլտուն:
Հոն՝ տակաւին
ուրախ-տխուր պահեր կան,
եւ անծանօթ,
երազներու մութ արտերուն մէջ պահուած՝
անուններ կան, բառեր կան …
Արդ, ծածկոցն այս երփներանգ,
սիրողներուն պէս Քլիմթի,
առած ահա
մարմիններուն շուրջը մեր,
կը պաշտպանուինք խորթ ձայներէն արտաքին,
ցուրտէն, մէկ-մէկ
հարուածներէն անոպայ,
եւ մեր ներքին ջերմութեամբ
կը զօրանանք
ու կը մնանք
դեռ կանգնած:
ՄԻ՛ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՐ
Մի՛ մտահոգուիր հաշուոյս, սիրելիս,
երբ զիս հոս տեսնես շրջան մ’առանձին,
հեռացած արդէն
անողնայար, կեղծ բարեկամներէ,
որոնք պատրաստ են
ամէն երգի հետ շուրջպար բռնելու,
միմիայն իրենց փոքր բեմ մը տրուի
նոյնիսկ եթէ այդ իրենց տեղը չէ:
Մի՛ մտահոգուիր հաշուոյս, սիրելիս,
չե՞մ ըսած քեզի,
լսելու համար քու ձայնդ ներքին
պէտք է հեռանաս
խամաճիկներու եւ հտպիտներու
այդ խայտաբղէտ տօնահանդէսէն,
ուր դիմակաւոր եւ կամ շպարուած
անճոռնի դէմքեր
կը բղաւեն կոկորդները պատռելու չափ,
որ լուսարձակներ
իրենց արտառոց ձեւերուն վրայ
կեդրոնացնեն:
Օ՜, դուն չե՞ս գիտեր, որ կան ընկերներ,
որոնց համար միշտ
բարեկամութեան շրջանը նրբին
ժամանցելիութեան թուական ունի՝
համաձայն իրենց նեղլիկ շահերուն:
Արդ, մի՛ հեռանար,
կողքիս դանդաղիր քիչ մը, սիրելիս,
անապակ գինին խմենք առանձին,
առանց՝ ժխորի,
ժպիտներուն թաց,
իմաստէ պարպուած բառերուն լլկուած,
եւ փրկենք ինչ որ տակաւ կը մեռնի
այս թունաւորուած մթնոլորտին մէջ:
ՑՈՒԼԸ
Կեանքը սեւ եւ ահարկու
ցուլի նման արնախում,
կոտոշները իր սրած
պիտի մղուի քեզի դէմ:
Երբեմն իր
յարձակումը անկակնկալ
շատ աւելի սուր եւ ուժգին
պիտի ըլլայ,
եւ դուն պիտի չանդրադառնաս,
թէ հարուածը ուրկէ կու գայ,
որքան ալ դուն
արագ, ճկուն
շարժումներով փորձես փախչիլ
կամ խուսափիլ
իր մահացու մանգաղներէն:
Կարծես արիւն
կը վազէ վար իր աչքերէն.
ոտքերուդ տակ
կը դղրդայ հողը արդէն,
եւ դուն կը կարծես պիտի խաղաս
կեանք-ցուլին հետ այս խաղը հին,
որ քեզ առած խորհրդաւոր,
արնակարմիր հմայքին տակ՝
քմծիծաղով լուռ, ակնդէտ
քեզ կը հսկէ
եւ կ’արձակէ
ուղեծիրի մը մէջ այնքան
վտանգաւոր եւ անհեթեթ:
Արդ, անդադար պիտի շարժիս
եւ չկենաս՝
մինչեւ իյնաս
քայլերուն տակ
այդ սեւ շարժուն փոթորիկին
եւ սպառած
խառնուիս հողին: