ՎԱՐՈՒԺԱՆ՝ ՄԵՐ ԴԱՍԱԿԱՆԸ

   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը, հետեւիլ անոնցմէ մեկնող տարբեր երակներուն, եւ փորձել հասկանալ գրողին առաջադրանքները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս եւ ստեղծագործութիւններուն ծննդոցը, որ, յաճախ, անակնկալ եւ անսպասելի դրսեւորումներով կը շարժի։ 

   Վարուժանի պէս հարուստ երանգապնակով բանաստեղծի պարագային, որ հատորէ հատոր ամբողջովին տարբեր աշխարհներ կը բանայ եւ քնարին լարերը կը փոխէ՝ աշխատանքը շատ աւելի դժուար կը դառնայ ու «թակարդ»ներով հարուստ։ Սակայն, նոյն ատեն, պէտք չէ մոռնալ, որ Դանիէլ Վարուժան ամբողջական ու ինքնուրոյն դպրոց է, եւ անոր ժառանգութեան տարբեր երեսներուն ուսումնասիրութիւնը ուսանելի բազմաթիւ դասեր ունի ինքնին: Եւ միշտ ալ հարց կու տանք՝ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ կը բխի Վարուժանի քերթողութեան հարուստ եւ այլազան նկարագիրը։ 

   Գաղտնիքը, հաւանաբար, բանաստեղծին կազմաւորման բարդ հոլովոյթին մէջ կը կայանայ:

   Վարուժանի սկզբնական շրջանի մեծ սէրերը մեր վիպապաշտներն են՝ Աբովեանն ու Րաֆֆին, Ալիշանն ու Դուրեանը, որոնց նկատմամբ իր հիացումն ու ակնածանքը պիտի պահէ մինչեւ վերջ: Այս պատճառով ալ, Արշակ Չօպանետնին գրուած նամակի մը մէջ ինք պիտի ըսէ. 

   «Գաղափարիս մէջ կ’ընտրեմ Պայրընը կամ Նիցցէն, բայց արուեստիս մէջ կը նախընտրեմ Քուչա՜կը (ի հարկէ աւելի սանտրուած ու մաքուր): – Ըստ իս միայն ռոմանթիկ դպրոցն է՝ որուն սնունդը մեր ինքնատպութիւնը եւ հայութիւնը պիտի չեղծանէ: Հիւկոյի մէջ բան մը կայ որ արար է, արարին մէջ Նարեկացին՝ Նսրեկացիին մէջ հայը»:

   Սակայն Վարուժանի նախասիրած հեղինակները, որոնց մասին շարունակ կը խօսի իր նամակներուն մէջ, գունագեղ համաստեղութիւն մը կը կազմեն: Կը սիրէ կարդալ Շէյքսփիրը, Պայրընը, Հիւկոն, Հոմերոսը, Ժ. Ժ. Ռուսոն Պօտլեռը, Լեոփարտին, Որատիոսը, Մեթերլինկը, եւայն. աւելի ուշ՝ Միցկեւիչը, Ատա Նեկրին եւ, մ ա՛նաւանդ՝ Է. Վերհառնը

   Դասականացած վարպետներու ծանօթացումն ու իւրացումը տարբեր խորութիւն պիտի տայ Վարուժանի գործին: Աստիճանաբար պիտի սանձուին Ռուսոն, Պօտլէրը, Լեոփարտին, Որատիոսը, Մեթերլինկը, եւայլն. աւելի ուշ, իրապաշտութիւնը՝ աւելի լայն հասկացութեամբ մը պիտի գրաւէ իր ուշադրութիւնը: 

   Տակաւին արեւմտեան վարպետներու վաստակին կողքին՝ Վարուժան յաճախ կը հե- տաքրքրուի արեւելեան բանաստեղծութեամբ եւ մտածողութեամբ, կը կարդայ «Աւեստա»ները, «Վետա»ները, «Մայանա»ները, պարսկական բանաստեղծութիւն, եւայլն, չհաշուած Նարեկացին, Քուչակը, Տէմիրճիպաշեանը կամ Հայ այլ հեղինակներ, որոնք առօրեայ ապրում են իրեն համար:

   Արդ, զարմանալի չէ, որ 1909ին, երիտասարդ բանաստեղծ Լեւոն Էսաճանեանին ուղղուած նամակի մը մէջ, Վարուժան կը գրէ այսպէս

   «Առայժմ այսքանը ըսեմ թէ միշտ անտրամաբանական գտած եմ գրական դպրոցներու բաժանումը, ըստ իս գեղեցիկը դպրոց չունի. գեղեցկութիւնը բազմանկիւն հատուածակողմ մըն է. մեծ արուեստագէտին հոգին վերէն ուղղահայեաց նայող արեւու պէս այդ բիւրեղէ հատուածակողմին ամէն անկիւններէն շողեր կարձակէ (…) Իրապաշտ գուցէ կոչէք զիս. Կ’ընդունիմ. բայց իրապաշտութիւնը գեղեցկութեան հասնելու ամէնէն ուղիղ գիծն է: Իրապաշտութեան մէջ պէտք է փնտռել բոլոր միւս դպրոցները՝ որոնք իր ստորաբաժանումներն են լոկ. բնութիւնը իր խորհրդաւորութիւնները ունի, իր անսանձ մրրիկները ունի, կամ իր միջօրէի արեւուն միակտուր խաղաղութիւնը. ասոնք փոխն ի փոխ նկարելով ինչպէս որ են, ի՛նչպէս որ մեր հոգիին վրայ փոխն ի փոխ կը ցոլան, մենք կ’ըլլանք խորհրդապաշտ, ռոմանդիկ, դասական, հետեւաբար գեղեցկութիւնը անթերի արտադրելու համար ես պիտի սիրէի տալ այս բոլորը միանգամայն (…) Ահա թէ ինչո՛ւ համար իրապաշտութիւնը յատուկ դպրոց մը ընդունիլը ծիծաղելի կը թուի ինձ»(2):

   Ինչպէս կը տեսնենք՝ Վարուժան Կանտի մէջ արդէն, 1909ին, բաւական յստակ պատկերացում ունի իր աշխատանքին մասին, ինչպէս նաեւ՝ յստակ կողմնորոշում, տարբեր հարց որ իր առաջադրանքներուն մէկ մասին իրագործումը պիտի գտնենք «Հեթանոս երգեր»ուն եւ «Հացին երգը» խորագրով բանաստեղծին յետ մահու հատորին մէջ միայն:

   Եթէ 1905ի աւարտին յարաբերաբար բաւական յստակ դիմագիծով մը կը ներկայանայ Վարուժան, ատոր պատճառը, անկախ իր տաղանդէն, պէտք է փնտռել իր նախափորձերուն, սեւ աշխատանքի տարիներուն մէջ, որոնք կը մնան անտիպ: Երբ 1905ի աւարտը կը նշենք, նկատի չունինք «Սարսուռներ»ով հրապարակ ելած Վարուժանը միայն, այլ մինչ այդ գրական մամուլի մէջ հրատարակուած գործերը նաեւ։

   Ինչպէս կը կարդանք Ա. Ս. Շարուրեանի «Դանիէլ Վարուժանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւնը» խղճամիտ աշխատանքին մէջ, որ լոյս տեսաւ այս տարի, իբրեւ Վարուժաիէ ծննդեան 100ամեակին նուիրուած հրատարակութիւն(3), քերթողը 1902ին իսկ պատրաստ ունէր «Ծաղկեփունջ կամ բրգնիկցիի մը նուագները» անուն հատորը: 1904ին կը պատրաստէ այլ հատոր մը, որ նախ կը կոչուի «Փուշէ ակօսներ», ապա, բովանդակային որոշ փոփոխութիւներէ ետք՝ «Մրրկայոյզ կայծոռիկներ»(4): 

   Այլ հատոր մը, կրկին 100ամեակի հրատարակութիւներէն, Վազգէն Գաբրիէլեանի խմբագրած «Դանիէլ Վարուժան – երկեր»ն է, ուր կը գտնենք «Ծաղկեփունջ»ը եւ «Փուշէ ակօսներ»ուն մեծ մասըԼ5): «Ծաղկեփունջ»ին, մէջ յստակօրէն կ’երեւին Վարուժանի վիպապաշտ հակումները, որոնք, այստեղ, կը մատնեն նաեւ աղդեցութիւնը Պոլսոյ կրտսեր վիպապաշտներուն: «Փուշէ ակօսներ»ը աւելի հասուն ստեղծագործութիւներէն են անշուշտ, եւ անոնց մեծ մասը նկատի առնուած էր արդէն «Սարսուռներ»ուն մէջ: 

   Այնտեղ կը գտնենք այսպիսի տողեր

Ի՞նչ, ի՞նչ ընեմ , հա՛րկ է սպասեմ, բայց հոզւոյս 

Բոցը դարձեալ դէպի հոզւոյս կը դառնայ

Եւ իմ մոխիրս անձնասպան 

Պիտի մընայ իր քայքայման մէջ այրի

Ու եթէ գայ օր մը որ դո ւ ինձ ժըպտիս

Գուցէ այս սիրտըս ըլլայ 

Լըքուած խեփոր մ’որուն մէջի կենդանին 

Արդէն մեոա՜ծ է շատոնցԴեռ կանուխ», էջ 423):

 

   Սակայն ինչպէս ակնարկեցինք, ե՛ւ այստեղ, ե՛ւ աւելի ուշ «Սարսուռներ»ուն մէջ, նկատելի են վիպապաշտ որոշ ազդեցութիւններ, ինչպէս բարոյախօսելու տրամադրութիւն մը եւ աւելորդ զգացապաշտութիւն մը, որ Վարուժանի գրաքննադատներուն կողմէ, Չօպանեանէն մինչեւ Օշական, մխիթարեաններու եւ մասամբ Հիւկոյի ազդեցութեան հետեւանք կը նկատուի

   Սակայն ան որոշ դիմագիծ կազմած է արդէն, որովհետեւ այս շրջանին գրած է «Վերածնութիւն», «Արծիւներու կարաւանը», «Հայկակներու որորանը», «կռուի երթ», «Մատնիչը», «Վաղուան բողբոջներ», «Եիկիտ Տօնէլ», «Պապս» եւ տասնեակ մը նման այլ քերթուածներ, որոնք նաեւ, վերոյիշեալ սիրային կարգ մը բանաստեղծութիւններուն հետ, վար դրուած են Մխիթարեան հայրերու կողմէ «Սարսուռներ»ու հրատարակման ատեն եւ հատորին մէջ չեն անցած: Այս պատճառով ալ երիտասարդ հեղինակը Արշակ Չօպանեանին պիտի գրէ.

    « . . .Ծաւալի փոքրութիւնը արկած մըն է լոկ.- կէսէն աւելինկրնամ ըսել լաւ մասըչհրատարակուեցաւ՝ շնորհիւ (թո՛ղ ուրիշ պատճառները) վանքի մամուլին կուսակրօնութեան եւ կուսազգութեան» (6): 

   Հեղինակին կողմէ իսկ ընդգծուած «կուսազգութեան»ը ուղղակի մատնանշում մըն է վերոգրեալ խորագիրներուն, այսինքն՝ հայրենական ու պայքարի բանաստեղծութիւններու անտեսումին: 

   Այնտեղ տեսանելի են թանձրացած գոյներն ու ապրումները, վիպապաշտ նկարագիրի հանգոյցներն ու լուծումները, կամ «Եիկիտ Տօնէլ» ու «Պապս» դիւցազներգութիւններու պարագային՝ հայփըրպոլիք առումով չափազանցութիւնները: 

   «Վաղուան բողբոչներ»ուն մէջ (7) կը տեսնենք հայ գիւղացին, որ իր արտին մէջ աշխատած ատեն կը սպաննուի: Պարզ է, որ ոչ մէկ արդարութիւն պիտի գործադրուի մեռնողին համար: Կացութիւնը կը ներկայացուի այսպէս

Թէ – մինչեւ ե՞րբ իր արեամբ 

Հայ գիւղացին պիտի արտն իր ոռոգէ:-

Կը լռէ շուրջն ամէն իր:

Լուսնին լացող աչքերուն 

Ամպերը թուխ թաշկինակներ կը դառնանՑեղի ն սիրտը», էջ 51-62):

 

   Պատկերներու գործածութեան եղանակը պերճախօս է ինքնին, մա՛նաւանդ վերջին երկու, տողերը, որոնք ամբողջովին վիպապաշտ մթնոլորտէ մը կը բխին:  Բանաստեղծութեան լուծումը նոյնպէս, – վաղը, թափուած արիւնէն, հողը առլի հասկեր պիտի ծնի, եւ հոն պիտի ծաղկին կարմիր կակաչներ… 

   Այս առումով՝ շահեկան է նաեւ Յակոբ Օշականի այնքան սրտամօտ «Դիակին սայլը» բանաստեղծութեան աւարտը (8): Շատ իրապաշտ ու բիրտ տողերով ջարդի զոհերուն նկարագրութեան.

 Հոն են դիերն, իրարու վրայ. որդին մօր 

Գանգուրներով պատանքուած

Մին խըրած է իր ամբողջ բռունցքը միւսին 

Տաք վէրքին մէջ լայնաբաց: 

 

Հետեւեալ վիպապաշտ լուծումը կը յաջորդէ.

 Եւ այն ատեն պատըշգամի մը վըրայ 

Կոյս մը կ’ելլէ գեղանի

Ու կը նետէ արտասուաթոր բուռ մը վարդ 

Սայլին վըրայ՝ որ կ’անցնիՑեղին սիրտը», էջ 95): 

 

   Նման պատկերներու, հանգոյցներու կամ լուծումներու յաճախ կը հանդիպինք «Ցեղին սիրտը» հատորին մաս կազմած քերթուածներուն մէջ: Եւ եթէ Արովեանը եւ Րաֆֆին երիտասարդ բանաստեղծին հոգեկան սնունդ տուած են, Պետրոս Դուրեանն ու միւս վիպապաշտները իր կազմաւորման առաջին տարիներուն կարեւոր ազդակ հանդիսացած են (9): 

   Չօպանեան այս ազդեցոլթիւնը կը տեսնէ «Սարսուռներ»ը գրախօսած ատեն՝ «Անահիտ»ի մէջ։ Օրինակ, որոշ ըսելակերպեր կամ պատկերակերտումի եղանակներ, ինչպէս՝ «Երգել կ’ուզեմթող սարսըռայ բընութիւնն», ուղղակի Դուրեանէն կու գայ(10):  Աւելի ուշ՝ հայրենի քննադատներէն Հեկտոր Ռշտունի կը մատնանշէ այլ նմանութիւն մը, բաղդատելով Դուրեանի «Տրտունջք»ին աստղ ըլլալով Աստուծոյ կողը խրելու պատկերը Վարուժանի «Հայհոյանք»ին հետեւեալ տողերուն հետ(11).

 Եւ մայրութիւնս ու հայութիւնս՝ որոնց յար 

Սըրտիս մէջ թո՛յն ջամբեցիր 

Իբրեւ երկու խայթ խըղճի 

Կայծակնահիւս կողերուդ մէջ կը մըխ մՑեղ ն սիրտը», էջ 99-100):

 

   Սակայն նման օրինակներ՝ զինք նախորդող բանաստեղծի մը ժառանգութեան ընկալումը եւբանաստեղծական մշակոյթի մը շարունակականութիւնը կը նշեն, ինչ որ բարենիշ կամ գրական ազդակ է ինքնին։ 

   Միւս կողմէ՝ «Ցեղին սիրտը» բացող երկու քերթուածները՝«Ձօն»ն ու «Նեմեսիս»ը («Նախերգանք») տարբեր զարգացում կ’արձանագրեն արդէն: 

   «Նեմեսիս»ին մէջ քերթողը երկու իմաստով կը ներկայանայ: Ան քերթողքանդակագործն է, որ Նեմեսիսի արձանը կը քանդակէ, նոյն ատեն՝ քերթողբանաստեղծը:

    Քանդակագործը կ’աւարտէ արձանը, այդ արարքին ընթացքին ամբողջութեամբ տալով ինքզինք: Արձանը, միաժամանակ, ծնունդ է չարաշահուած ժողովուրդին, որովհետեւ քերթողը զաւակն է իր ժողովուրդին։ 

Քերթողբանաստեղծը, արձանը աւարտելէ ետք, կը բանայ  աշխատանոցին դռները ու կը քնանայ իր ստեղծագործութեան ոտքերուն, եւահա ժողովուրդը կը խուժէ՝ հաղորդակից դառնալու Նեմեսիսի խորհուրդին.

Քըրջաւոր են, աեաւո՛ր են, բայց այսօր 

Հանճարներու, դարերու 

Ամբողջ մտածումն, ամբողջ վաստակը խըմող 

Գաղափարին արծիւի թեւն ըսպիտակ 

Եկաւ դըպչիլ անոնց դեռ կոյս ճակատին։ 

 

   Այսինքն՝ արուեստագէտին գործը կը սատարէ ժողովուրդի գիտակցութեան արթնացումին, անոր կացութենէն կազմաւորուելէ ետք ի՛ր իսկ գիտակցութիւնը։ Այստեղ Վարուժան ընկերային որոշ դեր կու տայ բանաստեղծին. սակայն, նոյն ատեն, կը զատորոշէ ստեղծագործական աշխատանքին երկնումը, ստեզծագործելու գործողութիւնը, անոր յաջորդող արուեստագէտի մղիչ դերէն:

   Իսկ «Ձօն»ը կը բերէ կեդրոնացումի, բանաստեղծութեան տարրերուն վրայ տիրապետողի այնպիսի՛ հակակշիռ մը, որ հետագային Վարուժանի բանաստեղծութեան լաւագոյն էջերուն յատկանիշը պիտի դառնայ: Եւ այս զատորոշումը ամէնէն աւելի ցայտուն է «Ցեղին սիրտը» կազմող հատորին տարբեր քերթուածներուն մէջ: Պարզապէս հրաշալի են այն գործերը կամ հատուածները, ուր Վարուժանի կեդրոնացումը եւ խտութիւնը կը տիրապետէն եւ, բնականաբար, հո՛ն՝ ուր կը պակսի այս յատկանիշը որոշ հռետորականութիւն եւ վառ գոյներով ու յուզականութեամբ ծանրաբեռնուած բառեր կը ճնշեն: 

   «Ձօն»ի իւրաքանչիւր տունը կը բանայ ինքնուրոյն աշխարհ մը եւ կը բերէ Վարուժանի քերթողութեան մէկ բնագաւառը: Հոն կան եղեգնեայ գրրչով երդուած փառքերը, հայ պանդուխտներու կարօտը, սուրի զոհերուն արիւնը, սեփական օճախի սէրը եւ, վերջապէս, հայ մարտիկներու նուիրումն ու պայքարը: Իւրաքանչիւր վեցտողեայ տուն նոր ուղղութիւն կ’արձանագրէ: Ո՛չ մէկ աւելորդ բառ, ո՛չ մէկ յուզական զառածում: Նոյն ատեն, զարմանալի թրթռացում մը կը փոխանցուի քերթուածէն եւ կը պարուրէ ընթերցողին մտային ու հոգեկան հորիզոնը… 

   Այս երկու քերթուածները Վարուժանը կ’առաջորդեն հո՛ն՝ ուր ատենէ մը ի վեր կը ձգտէր, այսինքն՝ բանաստեղծական այնպիսի՛ ըմբռնողութեան մը ու այնպիսի՛ լեզուի մը, որ իր ժողովուրդին արթնցող գիտակցութեան եւ լինելութեան պայքարին համապատասխան ըլլար: 

   Երբ քանի մը տարի ետք՝ 1911ին, «Հայ լեզուի խնդիրը» հարցումին կը պատասխանէ երիտասարդ բանաստեղծը, այնտեղ հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ

   «Ամէնէն անելի ուռճացած կը գտնեմ քերթողական լեզուն, որ ուղղակի զարգացաւ եայ ժողովուրդին շունչին տակ՝ ջանալով պատկերել հայրենիքին ցաւերը, ըմբոստացումները եւ հեռանկարը իր բովանդակ լուսաստուերով։ Ժողովուրդին ջղագրգիռ, գերազգայնիկ եւ արիւնայեղց ծոցին մէջ սաղմնաւորուեցաւ այդ լեզուն, եւ ան ամէնէն աւելի հարազատ կերպարանքը կը ներկայացնէ Եղիշէի բարբառին։ Վարդանանց դարը եւ ֆետայիներու դարը՝ որքան եղերական եղան՝ այնքան ալ հերոսական են։ Այն երկու դարերն ալ տուին իրենց մեծ ու պզտիկ դիւցազներգութիւները»: 

   Սակայն պէտք է աւելի մօտէն հասկնալ Վարուժանի հոգեկան աշխարհը: Տուեալ հատորին մէջ «Հօրս բանտին մէջ» բանաստեղծութիւնը կը բացուի այսպէս.

 Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր

       Մութ զընդանին մէջ այցի։ 

Մայրս հիւանդ էր. կը շրջէի ե՛ս ազատ 

      Մէջտեղ բանտի եւ մահճի (էջ 55

 

   Ահաւոր փորձառութիւն մը պէտք է ըլլայ այս մէկը հայրը փնտռող պատանիին համար: Եթէ 1895-96ի կոտորածները, հաւաքական իմաստով, կը դրսեւորուին իր «Ջարդը» բանաստեղծութեան մէջ, անոնց անհատական անդրադարձը կ’երեւի վերոյիշեալ մէջբերումին մէջ, որ ուղղակի արձագանգն է Թէոդիկին ուղղուած 1 Նոյեմբեր 1908 թուակիր նամակի հետեւեալ տրամադրութիւներուն. «… զիս տարած են Պոլիս 1896ի կոտորածի օրերուն, ուր հայրս արեան սարսափին մէջ փնտռելէ յուսահատ՝ գտած եմ բանտին մէջ այն տխուր օրերուն ստօրէն ամբաստանուած» (12):

   Պարզ է, որ այս անհատական թէ հաւաքական փորձառութիւնները խոր հետք կը ձգեն երիտասարդ բանաստեղծին հոգեվիճակին վրայ, երբեմն «Հայհոյանք»ին, նման բիրտ հակազդեցութիւններ ստեղծելով (երբեմն ալ տեսնելով «Յիսուսներ թըքնըւած», եւ սրբութիւններ՝ ցեխի մէջ։ Ինք պիտի փորձէ պատկերացնել այս ողբերգութիւնը, ապա երգել «Դիւցազնի մը Սուրին» կամ շեփորել եղեգնեայ գրչէն փողբոց ժայթքող պայքարը:

   Եւ վստահաբար այս է պատճառը նաեւ այն իրողութեան, որ երբ ազգային հարցը կը յուզէ զինք, բոլոր այլ նկատառումներ երկրորդական կամ երրորդական փլանի վրայ կ’երթան, կը նահանջեն, կը նահանջէ նոյնիսկ ընկերվարական գիծը, որ «Սարսուռներ»ուն կամ «Հեթանոս երգեր»ուն մէջ յստակ ձեւ ունի: Այս իմաստով, բանաստեղծին կողմէ «խոստովանութիւն» կարելի է նկատել Արշակ Չօպանեանին ուղղուած իր մէկ նամակին հետեւեալ պարբերութիւնը.

    «Դարերով ընդհատուած տոհմային փառահեղ քաղաքակրթութեան թելը ձեռք առնելու է եւ շարունակելու (…) Համալսարանին մէջ ընկերվարական գիտակցական հոսանք մը կը շրջապատէ զիս, բայցի՛նչ կ’ուզէք ըսէք – հազիւ մեր հին փառքը երեւակայութեան թռիչքով կը հրահրեմ՝ ինքնիրմէս բոլորովին դուրս կ’ելլեմ»(13): 

   Եւ Վարուժանի ազգայնականութիւնը յաճախ որեւէ սահման չի ճանէնար:  

   «Սարսուռներ»ու ծանօթ բովանդակութեամբ հրատարակութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ Վարուժան անմիջապէս խորհի իբ «ազգային» բանաստեղծութիւները խմբելու այլ հատորի մը մէջ, ինչ որ «Ցեղին սիրտը» գործին ինքնուրոյն նկարագիր կու տայ: Իր առաջին հատորին հրատարակումէն ետք, կը տեսնենք, որ Վարուժան յստակօրէն գիտէ, թէ ինչի կը միտի կամ ուր կ’երթայ: 1906ին արդէն, տոքթ. Ռաֆայէլ Պազարճեանին գրած նամակի մը մէջ կը խօսի «հայրենասիրական» քերթուածները խմբելու մասին (14): Երկու տարի ետք, Արշակ Չօպանեանին յղուած այլ նամակի մը մէջ, կը խորՀի «բոլորովին մտերմական եւ ապրուած» բանաստեղծութիւներէ կազմուած այլ հատոր մը կազմել (15), որ, ինչպէս պիտի տեսնենք հետագայ նամակներուն մէջ, «Հեթանոս երգեր» պիտի կոչուի եւ լոյս տեսնէ1912ի: Իսկ 1909ին, Գառնիկ Գլըճեանի գրուած երկտողի մը մէջ, Վարուժան կ’ըսէ, թէ «Հացին երգը» պիտի սկսի յառաջիկայ գարնան (16):

   Եւ հաւանաբար այստեղ կը կայանայ Վարուժանի ստեղծագործական հարուստ արտագրութեան գաղտնիքը: Ան ոչ մէկ կէտի վրայ կը մնայ գամուած. շատ լաւ գիտէ, թէ ուր կ’երթայ եւ այդ ուղղութեամբ ալ շարունակ կ’աշխատի: Իսկ երր ստեղծագործական ուղղութիւնը ճշդուած է եւ գրողական արարքին գիտակից է բանաստեղծը, մնացեալը բնականաբար կը յաջորդէ:

   «Ցեղին սիրտը» հատորին հրատարակման յաջորդող 5-6 տարիները հաւանաբար ամէնէն շահեկաններն են Վարուժանի ստեղծագործութեան համար: Սակայն, ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ, Վենետիկն ու Պելճիքան կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած են իր ստեղծագործութեան հոլովոյթին վրայ: Իսկ միջավայրը՝ իր մշակութային, ընկերային, նոյնիսկ աշխարհագրական տուեալներով կարեւոր ագդակ է գրողի մը հետաքրքրութիւններուն, «ճաշակ»ներուն ու մտածողութեան հոլովոյթին կապակցութեամբ: 

   Եւրոպական շրջապատին մէջ է, որ անկախ աղգային հարցին արծարծած տագնապէն, Վարուժանի մէջ կը զարգանայ պատկերային մտածողութիւն մը, որ, իր արեւելեան երեւակայութեան խառնուած՝շքեղ կառուցումներու եւ պերճագեղ պաստառներու իրագործման կը միտի: Այդ վայրերուն մէջ է նաեւ, որ մարմին կ’առնեն իրապաշտ նկարագիրի եւ ընկերային բնոյթով բանաստեղծութիւնները, որոնք ապագային պիտի կոչուին «Գողգոթայի ծաղիկներ»: Զարմանալի՞ կը թուի այս երկու տարբեր հոսանքներուն մէկ- տեղումը մէկ բանաստեղծի, կամ նոյնիսկ մէկ հատորի մէջ…: Պէտք չէ մոռնալ, որ շատ մը բանաստեղծներու, մա՛նաւանդ տաղանդաւորներու գործին մէջ մէկէ աւելի երակներ կան, ձայներ կան, որոնք զուգահեռաբար կը զարգանան եւ, երբեմն ալ, խաչաձեւումներ ու նոր համադրումներ կ’իրականացնեն: Իսկ Վարուժանի արագ զարգացումը վիպապաշտութենէն մինչեւ իրապաշտութիւն, հարուստ ենթահող պատրաստած է այս առընչութեամբ:  

   Բանաստեղծին պատկերային մտածողութեան առընչուած մէկէ աւելի ակնարկութիւներ կը գտնենք իր նամակներուն մէջ։ Օրինակ, Թէոդիկին ուղղուած իր այդքան ծանօթ նամակինքնակենսագրականին մէջ ան կ’ըսէ.

    «Երկու միջավայր ազդած են վրասՎենետիկը իր Թիցիանով եւ Ֆլանտրը իր ՎանՏեգներով: Աոաջինին գոյները եւ վերջնոյն բարբարոս իրապաշտութիւնը յօրինած են վրձինս՝ զոր սնափառւթիւնն ունիմ թաթխած ըլլալու միմիայն հայրենի հողին որդան կարմիրին մէջ եւ ծովածուփ արեանը» (17): 

   Շահեկան չէ՞ այն պարագան, որ բանաստեղծը իր համեմատութիւնները կը վերցնէ արուեստի այլ մարզէ մը եւ իր ստեղծագործութիւները կը նմանցնէ երկու ինքնուրոյն նկարագիրով գեղանկարիչներու ստեղծագործութեանց: Աւելի՛ն. Վարուժան կը զատորոշէ Թիցիանի գոյներն ՎանՏեքի պաստառներուն բարբարոս իրապաշտութիւնը, եւ այս երկու յատկանիշները հարազատ են «Հեթանոս երգեր»ու հեթանոս միջավայրին: 

   Իսկ 1911ին, երբ Բրգնիկէն կը գրէ Մերուժան Պարսամեանին եւ ակնարկութիւն կը կատարէ իր ուսանողական տարիներու եւրոպական միջավայրին, հետեւեալ պերճախօս խոստովանութիւնը կը կատարէ. «Հոն առանց պատկերի անկարելի կ’ըլլայ ինծի խորհիլ իսկ» (18): 

   Պատկերներով մտածելու վարժութիւնը, հակառակ Եւրոպայի մէջ կազմուած ըլլալուն, հետը պիտի մնայ, մի՛շտ: Սակայն ինք գիտակից է նաեւ այն հանգամանքին, որ անհատական ու հաւաքական ապրումներուն նկատմամբ որոշ առարկայականութիւն պէտք է ցուցաբերէ, ինչ որ կը մղէ զինք փնտռելու՝«…անհատական հոգիիս հետ [առընչուող] բոլոր objectif գեղեցկութիւները» (19):

   Պատկերային մտածողութեան այս գիծը ամէնէն աւելի «Հեթանոս երգեր»ու հեթանոսական շարքերուն մէջ կը դրսեւորուի, ուր «Վենետիկ»ներէն մինչեւ Նեզոսի վրայ ծփացող «Կղէոպատրա»ներ, եւ «Արեւելեան բաղանիք»ներէն մինչեւ «Հարճ»երը կը տողանցեն: Այնտեղ պիտի փորձէ իր ներաշխարհին մտերիմ յոյզերը հասկնալ, ինչպէս եւ՝ «սրտի ծիւրումը, ջիղերո կծկումը», առաւել կ’ուզէ «մարդ էակին գիրքը գրել» (20): Սակայն հոն գոյութիւն ունի նաեւ վերակենդանացումը անցեալի արժէքներուն, հեթանոս ընկերութիւն մը՝ իր կիրքերով ու կենցաղով։ Եւ այդ անցեալը միմիայն հայկականը չէ, այլեւ յունահռովմէականը եւ արեւելեանը:

   «Հարճը» բանաստեղծութեան երկրորդ բաժնին մէջ Վարուժան կը փորձէ սահմանել այն աշխարհը, որ զինք այնքան առինքնած է

Փա՜ռք մեծազօր կենցաղին ասպետական դարերուն՝ 

 Ուր պաշտուեցաւ Գեղեցիկն ու Զօրութիւնը արրուն

Եւ խորհրդանիշը անմահ Գեղեցիկին, Զօրութեան՝ 

Փրփուրներու Դիցուհին ըստինքներով ռօշնական։

 Փա՜ռք ձեզի միշտ, գանգրահեր ո՛վ տսպետներւ արդընկէց

 Որոնց զրահով վերտըւած լանջքերուն տակ բաբախեց 

Սիրտ մը յաւէտ անձնըւէր՝ տըկարներուն, ընկճուածին

Եւ Գեղանի կիներուն, անոնց մարմնոյն բիւր գանձին։ 

Փա՜ռք ձեզի միշտ, ո՛վ դարեր ասպետական կենցաղին,

 Ուր մարդիկ հզօր եւ անկեղծ էին նման գինիին:

…Բայց այսօր չե՛ն քանդակեր սուսերներով կորովի 

Գեղեցկութեան սուրբ Բագինն՝ ուր իգութիւնը խընկուի:

 Բաւական է լի գաւաթ մը Միւնիխի գարեջուր 

Որ աճուրդի հանուած սէրը գնեն մարդիկ քրէիքուր

Սէր վաճառուա՜ծ, ոչ նուիրուած՝ ինչպէս պսակ սարդենի 

Զոր հերոսին համար սուրն աստուածներէն կ’ընդունի (էջ 147-149):

 

   Անկախ հոս եւ ընդհանրապէս գործածուած բառապաշարէն, որ, իր կարգին, որոշ ժամանակաշրջան մը կենդանացնելու կը ծառայէ, կը տեսնենք ձգտում մը մարդ արարածը կրկին այնպիսի կենցաղի մը մէջ տեսնելու, ուր կը տիրապետեն գեղեցիկը, ուժը, անկեղծութիւնը, կարեկցութիւնը, եւայլն, որոնք կը հակադրուին ներկայի կենցաղին, ուր մարդու հերոսական ձգտումներէն ոչինչ մնացած է, իսկ սէրը կարելի է գնել գարեջուրի բաժակով մը: Սէրը եւ սեռը, իրենց լրացուցիչ երկու երեսներով, տարբերութիւնը կը նշեն այդ դիցաբանականհեթանոս անցեալին ու միապաղաղ ներկային:

   Փաստօրէն, դիւցազնական շունչով գրուած այս վիպերգին մէջ, Բագրատունեաց Տրդատը կրնայ կնոջ մը համար ամէն ինչ վտանգել, նոյնիսկ սեփական կեանքը: Նոյնն է պարագան հեթանոս կնկան։ Մեծ կիրքերու, խորունկ ապրումներու, եւ ձգտումներու դարաշրջանն է, ուր ամէն ինչ կեանքէն մեծ է դիւցազնական եզր մը կ’առնէ: 

   Մարդու եւ կնոջ այդ առողջ, բնական, ու կեղծ բաբոյախօսութենէ հեռու յարաբերութիւնը կը գտնենք այլ բանաստեղծութիւներու մէջ եւս, ինչպէս՝ «Օրենեալ ես դու ի կանայս…»ին, «Գրգանք»ին, եւ, մա՛նաւանդ՝«…Ով Լալագէ»ին մէջ, ուր բնութեան վերանորոգումն ու կնոջ արարչագործութիւնը զուգահեռաբար կը զարգանան: 

   Հակադրաբար՝ համակրելի ոչինչ կայ «Գողգոթայի ծաղիկներ»ուն մէջ, ուր բարոյական եւ ընկերային արժէքներու անկումին իսկ պատճառով՝ մարդը կորսնցուցած է իր աստուածային տարողութիւնը, վերածուած է շահագործողի եւ շահագործուողի, իսկ մեքենաները կու գան աւելի եւս դիւրացնելու անոր շահագործումը: Այս պատճառով ալ, աշխատանքի գացող բանուորուհին որքան ալ պաշտելի ըլլայ բանաստեղծին համար, խանգարուած առողջութեամբ, սնունդի եւ սիրոյ կարօտ արարած:

   Անշուշտ ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւնը, Վարուժանի նկարագրած ձեւով, տակաւին Հայաստան կամ Օսմանեան կայսրութիւն չէր մտած, առաւելաբար ծնունդն էր բանաստեղծին եւրոպական փորձառութեան(21), սակայն ո՛չ Պոլսոյ մէջ, ոչ ալ գաւառի մէջ Վարուժան գտած էր այն արժէքները, որոնց կը ձգտէր: Դարերու գերութեան լուծին տակ՝ իր ազգակիցները եւս կորսնցուցած էին կեանքի այն հերոսական պատկերացումը, գեղեցիկ ու ազնիւ արժէքներու ձգտումը, զորս բանաստեղծը կը փնտռէր: Անշուշտ նման արժէքներու եւ ժամանակաշրջանի մը վերակենդանացումը նոր հորիզոններ ու նոր ձգտումներ ստեղծելու ճիգ մըն է ինքնին:

   Եւ երբեք պարագայական չէ, որ «Հեթանոս երգեր»ուն մէջ առնուած են երկու քերթուածներ՝ «Պատգամաւորներս» ու «Եփրեմ» խորագիրներով, որոնք ներկայէն վերցուած կերպարներ կը բերեն: Որովհետեւ անոնք տիպարներ են, որոնք կը պայքարին անցեալի դիւցազուններուն տարողաւթեամբ: Անոնցմէ մէկը՝ գիրի եւ յեղափոխութեան սպասարկու մը, բանտարկուած է Մետեխի բանտին մէջ, իսկ միւսը նահատակուած՝ դրացի ժողովուրդի մը ազատագրման համար, եւ դագաղին մէջ կը ննջէ աստուծոյ մը պէս

 Դագաղն արդէն փակուեցաւ.- վըրան վարգեր Շիրազի

Սուր մը հըսկայ, դեռ ջերմիկ, ուրկէ արի՛ւն կը հոսի

Կափարչին տակ կը նիրհէ, անմահութեամբ սըրարբած

Շանթն Աստուծոյ՝ խորտակուած (821): 

 

   Այս իմաստով ալ կը տեսնենք, թէ «Հեթանոս երգեր»ու առաջին բաժինին մէջ զետեղուած անցեալի գունագեղ պաստառները, սիրոյ քնարական երգերը, ընկերային անարդարութիւնը պատկերացնող քերթուածներն ու հերոսներու նուիրուած բանաստեղծութիւները հարուստ ամբոջութիւն մը կը ներկայացնեն: 

   Եւ երբ Վարուժան կ’ըսէ. «Անցեալը կը պաշտեմ եւ ի հեճուկս ապագայապաշտներուն՝ անցելապաշտ դպրոցը պիտի հիմնեմ»(22), պարզ է, որ արտայայտութիւնը  բառացիօրէն պէտք չէ առնել: Ճիշդ է, որ Վարուժան հեռու է ապագայապաշտներու գրական հանգանակէն, սակայն «անցելապաշտութիւն»ը իրեն համար արժէքներու համակարգի մը փնտռտուքն է եւ «Ցեղին սիրտը» հատորով մարմնաւորուած ազգայինհաւաքական ապրումներու շարունակութիւնը: 

   «Հեթանոս երգեր»ը նոյն ատեն կը բերեն մեր օրերու առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք կը զբաղին քաղաքային, քաղաքաբնակ մարդու կենցաղով, հակառակ անոր, որ հիմնականօրէն կը կեդրոնանան մարդու շահագործման եւ մարդմեքենայ յարաբերութիւններու երեւոյթներուն վրայ: 

    Աւելի՛ն. այս հատորը գրական հասունութեան մը լաւագոյն գրաւականն է. 

   Վայրկեան մը կանգ առնենք վերի մջբերումին վրայ: Տուեալ եւ յաջորդող տուներուն մէջ վիպապաշտ նկարագիրով կամ ապրումներով պատկերներ կամ արտայայտութիւններ չեն պակսիր, սակայն այնպիսի՛ զուսպ կեցուածք մը կայ ամբողջութեան նկատմամբ, այնպիսի հակակշիռ մը զգացումներու հեղեղին եւ բանաստեղծութեան էատարրերուն վրայ, այնպիսի թելադրականութիւն մը կը բխի տողերէն, որ եթէ «Եփրեմ»ը (կամ «Պատգամաւորներս»ը) բաղդատենք նախորդող հատորին նոյն նկարագիրի քերթուածներուն հետ, կը տեսնենք, թէ որքան զարգացում արձանագրուած է քանի մը տարուան ըանթացքին: 

   Գալով յաճախ հոլովուած Վարուժանի իրապաշտութեան, որ գլխաւորաբար ընկերային բանաստեզծութիւններու կարգ մը նկարագրութիւներուն կամ պատկերներուն մէջ կ’երեւի, եթէ իր նեղ սահմանումին մէջ առնենք, կը տեսնենք, որ ա՛յդ գործերուն մէջ իսկ, քանիքանի առիթներով տեղի տուած է զգացական, փաթեթիք պատկերներու, օրինակ, «Սպասում»ին վերջին տունը

   Իրապաշտութեան այն միւս՝ ընդհանրական հասկացութիւնը, որ Վարուժանինն է, զոր անգամ մը մէջբերեցինք, ուր իրապաշտութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ համադրութիւնը զայն նախորդող շարժումներուն, առանց վարդապետական հանգանակներու կամ կաշկանդումներու, իր դրսեւորումը կը գտնէ «Հեթանոս երգեր»ու էջերուն:  Երբեմն այս կամ այն լարը աւելի ուժեղ կը հնչէ, սակայն գործին ամբողջութիւնը նուրբ հաւասարակշռութեան մը իրականացումը կը մնայ: 

    Այս շրջագիծին մէջ հետաքրքրական են, որ խոհական կամ անձնական ձեւի քերթուածներ, «Տրտունջք»ին եւ «Լքում»ին նման, ինչպէս կը զարգանան:

   «Տրտունջք»ը երկար զրոյցի մը ձեւով զարգացող բանաստեղծութիւն մըն է, որ ինքնազննումի կը միտի եւ խոստովանական շեշտ մը կ’առնէ եւ, նոյն ատեն, մտածումներու ու խորունկ ապրումներու յաջորդական ապրումներ կը բերէ: Խօսքը Եղիա Տէմիրճիպաշեանի ուղղելով՝ բանաստեղծը պիտի ըսէ

Դուն որ օր մը, ո՛վ Հընդիկ, բռնուած ցաւէն հանճարիդ 

Ծովակին մէջ Մոտայի, բուրումներով առլըցուն

Անյայտանալ ուզեցիր բուստերուն տակ լուսաշիթ

Բնաւ երբեք չըտեսար՝ թէ ինչպէս շուրջդ փարթամ 

Կը ծիծաղէր բընութիւնն, աքասիաներն եզերքին 

Կը ձիւնէին ծաղիկներ յանդունդներուն վրայ ծըռած

 Ծիծառը դուն չըլսեցիր՝ թեւն ալիքին թաթխելով՝

 Երբ տարփագին կը կանչէր քեզ վիհերու թովչանքէճ 

Արեւուն տակ փայլակող աստուածային խընճոյքին.

Չըխորհեցար դուն բնաւ՝ թէ կ’արժէ կեանքը ապրիլ (էջ 180): 

 

   Մտածումի եւ, երբեմն, յուսախաբութեան ծայրագոյն սահմաններուն հասնող այս բանաստեղծութեան մէջ, ուր անհատական ու հաւաքական փորձառութիւններ կ’արձանագրուին նաեւ, Վարուժան բառերուն ու ապրումներուն վրայ հաստատած դասական ժուժկալութեամբ մը, երբեմն նուրբ քնարականութեամբ եւ երբեմն ալ վիպապաշտ շունչով մը, Մ. Պէշիկթաշլեանէն մինչեւ Դուրեան ու Տէմիրճիպաշեան, եւ կարդացած միջազգային վարպետներուն ժառանգութիւնը իւրացուցած կը ներկայանայ: Եւ «Տրտունջք»ը որ արդի հայ քերթողութեան լաւագոյն «երկար բանաստեղծութեան» նմոյշներէն մէկն է, մաս կը կազմէ այն նոյն հատորին, ուր դիւցազնական շունչով մը պատմուած է «Հարճը»

 Կարծէք «Տրտունջք»ին անձնական ապրումներու բաժինը կը կազմէ «Լքում» քերթուածը, մա՛նաւանդ երբ կ’ըսէ.

 Կանո՜ւխ է դեռ, – իմ ձեռքերս իմ արեան մէջ

 Թաթխելու դեռ կանո՛ւխ է (էջ 302):

 

Բանաստեղծութեան վերջին տողերուն մէջ ջրհորին դիմաց աւելցնելու.

 Եւ Լուսընկան (որ պիտ՝ փշրի անկումէս 

Ծընոնդ տալով հազարաւոր աստղերու), 

Յետոյ դարձեալ, խաղաղիկ

Պիտի առնէ ձեւն իր նախկին, պիտ՝ ըլլայ 

Ջուրերուդ վրայ՝ իմ անձնասպան հոգիէս 

Բողրոջած մեծ արիւնլըւայ նունուֆար 

Մ’որուն արմատն ոչ ոք գիտէ թէ ո՛ւր է (էջ 304):

 

   Եւ խորհիլ, որ «Հեթանոս երգեր»ու մէջ «Տրտունջք»ին կը յաջորդէ «Առկայծ ճրագ»ը, որ իր 12 տողերով, կառուցումի եղանակով, տարբեր նկարագիր ու տարբեր աշխարհ կը բերէ: Տակաւին նոյն հատորին մէջ տեղ գրաւած են «Արեւելեան բաղանիք», «Օրհնեալ եւ դու»ն, «Ո՛վ Լալագէ»ն, «Գեղեցկութեան արձանին», «Բեգաս»ը, «Պատգամաւորներ»ը եւ նման այլազան բանաստեղծութիւններու շարք մը, ինչ որ, կրկին, Վարուժանի իրապաշտութիւնը պայմանական հասկացութեան մը կը վերածէ…

   Իր նամկներէն մէկուն մէջ, ուղղած երիտասարդ բանաստեղծ վահռամ Երէցեանի, Վարուժան կը թելադրէ ինքնուրոյն ըլլալ, աւելցնելով՝ «Մանաւանդ լաւ է կարդալ հելլէն ու հռովմէական դասականները եւ յետոյ, Եւրոպայի գրականութեան կոթողները»(23), այսինքն՝ հետեւիլ իր իսկ գարգացումի եղանակին

   Վարուժանի մէկ այլ ճիգը, չմնալու արեւմտեան վարպետներու, արժէքներու կամ ճաշակներու ծիրին մէջ միայն, իր սրտին այնքան մօտ Քուչակով կամ արեւելեան աւանդներով ստեղծագործելու նաեւ՝ կը գտնենք «Հացին երգը» բանաստեղծաշարին մէջ: Այս մէկը չի նշանակեր, թէ արեմտեանը մերժուած է հոս, այլ՝ նոր տարրերու հետ ստեղծած է տարբեր համադրում մը, ուր ժողովրդային երգերու հետեւողութեամբ տաղեր, խօսակցական ձեւի տողեր ու բացագանչութիւններ, իրենց պարզութեամբ, թեթեւութեամ, խաոտւթեամբ կամ ափերու այլազանութեամբ կրկին նոր ուղղութիւն կը նշեն: 

   Եթէ Օշականի իսկ «վկայութեամբ» Վարուժանի գլխաւոր առանձնայատկութիւներէն մէկը ամբողջ ժամանակաշրջան մը (ի՛ր ժամանակաշրջանը) բերելու յատկանիշն է ((24), այս գիծը բացակայ է տուեալ հատորին մէջ: Ինչպէս «Հեթանոս երգեր»ու հեթանոսական շարքը ամբողջ անցեալ մը կը վերակենդանացնէր, ուր բանաստեղծը կը ներկայացնէր սեփական պատկերացումը մարդ էակին եւ մարդկային յարաբերութեանց, սոյն հատորին մէջ Վարուժան կը նկարագրէ իտէալական կացութիւնը մշակին, հայ մշակի , որ իր հողին վրայ կ’աշխատի: «Վաղուան բողբոջներ»ու  խոր ողբերգութիւնը չկայ այստեղ, համիտեան խժդժութիւններու հետեւանքներն ալ չենք տեսներ, այլ՝ համամարդկային մակարդակի մը վրայ, մշակին աշխատանքը հողին հետ:

   Նոյն Օշականը, բացի քանի մը քերթուածներէԿալերու գիշեր»), պիտի դատապարտէր տուեալ հատորին բանաստեղծութիւններուն «նկարագրողական» բնոյթը, ինչպէս Հ. Ռշտունի ելւհայրենի քննադատները կը գովաբանեն այս բանաստեղծութիւններուն… պարզութիւնը։ Մինչդեո. Վարուժանի «մշակական» բանաստեղծութիւններուն հիմնական իրագործումը քերթողական մտահոգութիւններու ծիրին մէջ կ’ինայ: 

 «Հունձք կը ժողվեմ»ը կարծէք ժողովրդային երգ մըն է, կոմիտասեան ձեւով վերցուած ժողովրդային բանահիւսութենէն, անոր արագ ու թեթեւ տողերը.

 Հունձք կը ժողվեմ մանգաղով,

       — Լուսնակը եարս է — 

Ակօս ակօս ման գալով 

      Սիրածս հարս է: — (էջ 43):

   կրնան խոր ազդեցութիւն չձգել իբրեւ բանաստեղծութիւն, սակայն տարբեր շունչ մը կը բերեն վստահաբար: Նոյն օրինակին մէջԼ կը տեսնենք, որ ինչպէս երկու տարբեր չափեր (4-3/5/4-3/5 ) նոյն տունին մէջ կը խաչաձեւուին: Իսկ «Հացին երգը» հատորին բանաստեղծութիւններուն կէսը մօտաւորապէս տարբեր չափերով կազմուած , որոնք Հեհտեւողականօրէն կը կիարկուին, եւ այս հետեւողականութիւնն իսկ առանձին նկարագիր կու տայ քերթուածներուն: 

   Չափի, կշռոյթի փոփոխութիւնը երբեմն կու գայ խօսակցական արտայայտութիւներէն, ինչպէս «Կամներգ»ի քառատողին յաջորդող երկու տողերը.

«Դարձի՛ր, կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ

Նուաճէ դէզերը հունձքերուս, ժիր, ժիր»: – (էջ67):

 

   Սակայն խօսակցական ձեւի տողերը, նոյնիսկ մշակներուն «Հօ՜, հոօ՛, հռօ՛, հռօ՛» բացագանչութիւնները, որոնք հարազատ են քերթուածներու մթնոլորտին, թարմացնող տարր կը դառնան: Պէտք չէ մոռնալ ժողովրդային ասացուածքներու, հաւատալիքներու ներառումը, որոնք նաեւ այս ռոլմուվ կարեւոր նպաստ կը բերեն: 

   Այլուր՝ աւանդական ձեւեր նոր շունչ կը ստանան Վարուժանի կիրարկած շրջագիծին մէջ եւ փնտռտուք մը կը մատնեն ի՛ր կողմէ, սեփական քերթողութեան ընդհանուր մարմնին մէջ այլազանութիւն մտցնելու իմաստով: Օրինակ, զոյգ տողերով ու կից յանգերով բանաստեղծութիւն գրելը գիւտ չէ, սակայն Վարուժան «Անդապահը» գործին մէջ կը փորձէ զայն, տակաւին առաջին տողին մէջ բացագանչութիւներով խառն խօսակցական լեզու մը գործածելով

«Եհէ՜, եհէ՜. արտերուն մէջ մարդ մարդաձայն չը մըտնւէ՜» (էջ 35): 

   Եթէ վերոյիշեալ տարրերը ինքնայատուկ կենդանութիւն եւ շարժունակութիւն կու տան որոշ բանաստեղծութիւներու, քերթուածներու այլ շարք մը տարբեր ձեւի, դասական հանդարտութեան մը տակ, այլ աշխուժութիւն եւ ուժականութիւն կը ցուցադրէ: Այս շարքին լաւագոյն օրինակներէն մէկը «Ցորեանի ծովեր» բանաստեղծութիւնը կը մնայ: Լայթ մոթիւի  պէս կրկնուող, տուները բացող եւ փակող «Հովե՜ր  կ’անցնին / Ծովե՜ր կ’անցնին»ներուն միջեւ, բանաստեղծական տարբեր չափի մը վրայ կը բացուի պաստառ մը, որ տունէ տուն զարգացում կարձանագրէ, նոր երանգներով կը հարստանայ։ 

   Առաջին տունին մէջ կը սկսի ներքին շարժումը: Անցնող հովերուն հետ ցորեանները կ’արթննան եւ անոնցմէ հասնող անսահման դողը կը վարակէ նաեւ մեզ։ Երկրորդ տունին մէջ հովին շարժումը կը ծաւալի.

 Ա՛յնքան կ’յորդի, կը կատղի դաշտը յուռթի՝

 Որ պիտի հոն արածող ուլը խեղդի (էջ 29):

 

   Փոթորկած ցորեաններուն եւ կարծէք խեղդուող ուլին պատկերը այնքան իրական է, անակնկալ, որ վայրկեան մը կը մոռնանք, որ բնութեան մէկ սովորական պաստառին հետ գործ ունինք: Յաջորդող փոխաբերութիւնը՝ պատռուող եւ կտրուող ցորեանի պատմուճաններով, որոնք լոյսի եւ ստուերի խաղեր կը ստեղծեն, նոր նրբերանգներով կը հարստացնեն բանաստեղծութիւնը…: Եւ այսպէս, հովին անցքին հետ, ցորեանի դաշտը, տունէ տուն, մնալով հանդերձ «անփոփոխ», կը կերպարանափոխուի, նոր մանրամասնութիւններով ու նրբերանգներով կը հարստանայ, ինչ որ ներքին ուժականութիւն եւ շնչառութիւն կու տայ բանաստեղծութեան: Եւ միմիայն արտաքնապէս ան ճիգ, սակայն հանդարտօրէն հակակշռուած լեզուի տիրապետումն է, որ նման արդիւնք կրնայ արձանագրել:

   Իսկ երբ «Կալերու գիշեր»ը կը կարդանք, կը զգանք, որ այս աշխարհը որքան մտերիմ եղած է հեղինակին համար, ինչպէս ներքինփորձառական աշխարհին մէջ բիւրեղացած է ժամանակի ընթացքին եւ ինչ դեր ունեցած է իր կազմաւորումին մէջ

 Եւ այսպէս՝ օր մը պառկած՝ փողփողումին տակ երկնի

իմ ծնողներըս մըշակ՝ զիս յղացան կաթոգին

Զիս յըզացա՜ն սեւեռած իրենց աչքերը բարի 

Վերն ամէնէն մեծ Աստղին, ամենավառ Հըրայրքի (էջ 65):

 

   Բնութեան եւ այս աշխարհին հետ մտերմութիւնն է, որ գրողին թոյլ կու տայ լսելու միջոցին շնչառութիւնը, տեսնելու ծիրանի գօտիին տակ ծնող եղնիկն ու լուսնի նման եղնորդը, եւ կամ զգալու՝ գուռը լեցուած արցունքովը աստղերուն: Տակաւին բանաստեղծաշարին մէջ կը հանդիպինք այնպիսի՛ մտերիմ մանրամասնութիւներու, որոնք հաղորդակից կը դարձնեն այս դաշտերը եւ կը գիտակցինք, որ «արարչական ի՛նչ կորով» կը գտնուի այս անգամ Վարուժանի՛ մատուցած սրբազան հացին ետին

   Վարուժանի «մշակական»ներէն, Սիրունիի «Նաւասարդ»ին մէջ տպագրուած անտիպներու փունջէ մը մեկնած, հայրենի քննադատները երբեմն այն կարծիքը կը յայտնեն, որ բանաստեղծը իր չորրորդ հատորով հասած էր որոշ պարզութեան: Բառապաշարի առումով ճշմարտութիւն մը կրնայ ըլլալ այստեղ։ «Հեթանոս երգեր»ուն քննարկման ատեն, կազմակերպուած էսայեան սանուց միութեան կողմէ, իրենց ուղղուած քննադատութեանց հիմնական մասը կ’երթար Վարուժանի բառապաշարին: Սակայն այդ ձեւի բանաստեղծութիւնները Վարուժանի քերթողութեան մէկ երակն են միայն, իսկ պարզացում է նման հարուստ երանգապնակով բանաստեղծին գոյները սահմանափակել մէկ քանիով միայն: Պարզ է, որ երբ Վարուժան աքսորէն Հոմերոսի «Իլիական»ը կը խնդրէր, տարիներով փայփայած հայկական դիւցազնավէպը երկնելու համար, նման «ոճով» մը պիտի չգրէր զայն, հաւանաբար «Հարճը» պոեմին լեզուով ու շունչով գործ մը պիտի արտադրէր

   Ա՛յս իսկ պատճառով՝ Վարուժան կը մնայ Եղեռնի մեր ամենամեծ կորուստը, որովհետեւ 31 տարեկանին արդէն երեք կարեւոր դիրքեր ունի եւ ուժերու ծաղկումին մէջ է: Աւելի՛ն. ան քաղաքային կենցաղի մեր առաջին բանաստեղծն է, ճարտարապետականացած, մեքենական կեանքի մամուլին տակ ճզմուած մարդուն մտերիմը, նոյն ատեն՝ քնարական յոյզերու բանաստեղծը, հեթանոսական աշխարհի բանաստեղծը, ազգայինհաւաքական տագնապներու ու ձգտումներ ու բանաստեղծը եւ մշակներու աշխատանքին երգիչը: 

    Վարուժանի ամբողջական աշխարհի մը պատկերացումը, հեթանոս կամ այլ, կրնայ շատ բան չըսել մեզի այսօր, եւ կամ՝ վիպապաշտ երազ մը նկատուիլ: Կատարելութեան հասնելու ձգտումը նոյնպէս, ստեղծագործական ու անհատական մակարդակներու վրայ, կրնայ տարբեր ժամանակաշրջանի մը երազը կամ հեռանկարը թուի , սակայն Վարուժան այն մեծ թռիչքի բանաստեղծն է, որ յարաբերաբար իր ստեղծագործական կարճ տարիքին ընթացքին, ո՛չ միայն տարբեր դարաշրջաններու դասականները ուսումնասիրած է եւ առանձին բանաստեղծական յղացք կազմած, այլեւ, միաժամանակ, ան այլեւս մեր արդի քերթողութեան պայծառ դիմագիծերով դասականը դարձած է, եւ մի՛շտ կը մնայ… յորդող աղբիւրը լոյսի:  

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

յաջորդ
ՄԱՀՀԱՄ