Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններու ընտրանին`
Souls on Fire: Selected Poems

    Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Դանիէլ Վարուժանի Song of the Bread-էն ետք, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը հրատարակած է Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն ընտրանի մը, Souls on Fire: Selected Poems եւ Հրավառ հոգիներ խորագրերով։ Երկլեզու հատորին մէջ մէկտեղուած են Չարենցի հայերէն բնագրերը եւ անոնց անգլերէն թարգմանութիւնները։ Հատորը խմբագրած է Վիգէն Թիւֆէնքճեան, իսկ թարգմանութեան հսկայ աշխատանքը կատարած է Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան։
    Գրքի 177 էջերուն մէջ ներառնուած են Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» (“Th Incensed Masses”) երկարաշունչ գործը, ինչպէս նաեւ «Մահուան տեսիլ» (“Vision of Death”) խորագիրը կրող իր երեք բանաստեղծութիւնները։ Անոնցմէ ամենէն հռչակաւորը 1933ի «Մահուան տեսիլ»ն է, որուն մէջ, Տանթէ Ալիկիերիի Աստուածային կատակերգութիւն (1308-1321) գործին հետեւողութեամբ, Չարենց կ՚այցելէ հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան ժամանակաշրջանը եւ կեանքի կը կոչէ այդ շարժման ամենէն ազդեցիկ դէմքերը, ինչպէս օրինակ՝ Ալիշան, Րաֆֆի, Ռափայէլ Պատկանեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Խրիմեան Հայրիկ, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան եւ այլք։
    Հատորը նաեւ կ՚ընդգրկէ 1920 եւ 1936 տարեթիւերը կրող Չարենցի երկու այլ «Մահուան տեսիլ»ները, որոնցմէ առաջինը գրուած է Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկման օրերուն, իսկ երկրորդը՝ ակադեմիկոս եւ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի մահուան առթիւ։ Հատորին վերջին բանաստեղծութիւնն է Չարենցի հռչակաւոր «Պատգամ»ը (“Testament”), որուն մէջ Չարենց ծածկագրած է հայութեան ուղղած իր յորդորը՝ «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
    Գրքին վերջաւորութեան երեք յաւելուածներ եւս կան, որոնք Չարենցի գործերը կը զետեղեն իրենց մշակութային պարունակին մէջ։ Առաջինը անգլերէն թարգմանութիւնն է Չարենցի, Ազատ Վշտունիի եւ Գէորգ Աբովի 1922ին հրապարակած «Երեքի դեկլարացիա» գրական հանգանակին, որ լոյս կը սփռէ Չարենցի այդ տարիներու գործերուն վրայ. երկրորդ յաւելուածը կ՚ամփոփէ Վահան Տէրեանի հանդէպ անոր փոփոխական վերաբերմունքին ամփոփ պատմութիւնը, իսկ վերջին յաւելուածով, Չարենցի Գիրք ճանապարհի գործը նկարազարդող արուեստագէտ Յակոբ Կոջոյեան կը վերյիշէ երկուքի գործակցութիւնը։ Վերջապէս, հատորը կ՚ամբողջանայ խմբագրին պատրաստած համապարփակ ծանօթագրութիւններով, որոնցմէ 1933ի «Մահուան տեսիլ»ին վերաբերող նիւթերը կարեւոր յաւելում մը կը հանդիսանան չարենցագիտութեան ոլորտին։
    Հատորը կը վաճառուի Amazon հարթակին վրայ եւ Համազգայինի Գանատայի գրատարածներուն մօտ։