Անձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի... Կարդալ աւելին
25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝ Կարդալ աւելին
1880-1910 երեսնամեակի անգլիական թէ ամերիկեան գրականութեան ամենէն ցայտուն դէմքերէն մէկն է Հենրի Ճէյմզ։ Ծնած էր Նոր Եորք 1843-ին. 1869-ին կը հաստատուի Անգլիա, ուր կ՚ապրի մինչեւ իր մահը 1916-ին։ Հեղինակն է տասնեակներով վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու, որոնցմէ ամենէն ուշագրաւ խորագիրներն են What Maisie Knew (1897), Կարդալ աւելին
Սփիւռքահայ թատերագիրներու վտիտ ցանկին մէջ, Օշական թատերագիրը թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու ուշադրութիւնը հազիւ թէ հրաւիրած է իր վրայ ցարդ, հակառակ հեղինակին յօրինած շուրջ 15 թատերախաղերուն։ Թէեւ անոնցմէ մէկ քանին արժանացած են ցանցառ բեմադրութիւններու, Օշական թատերագիրը կը շարունակէ մեծաւ մասամբ հայկական բեմերէն բացակայիլ տակաւին։ Ըստ Վահէ Օշականի, այս... Կարդալ աւելին