Մարտ 2021ին, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանի Հացին երգը (1921) հատորի առաջին ամբողջական երկլեզու՝ Song of the Bread խորագրով անգլերէն-հայերէն հրատարակութիւնը, թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ խմբագրութեամբ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։ Հատորը կը բաղկանայ 146 էջերէ, ուր ընդգրկուած է երեսուն բանաստեղծութիւն։ Գիրքը կը սկսի խմբագրին կողմէ պատրաստուած անգլերէն յառաջաբանով, Poet, Interrupted խորագրով, Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութեամբ եւ բանաստեղծութիւններու անգլերէն թարգմանութեանց մասին տեղեկութիւններով։ Հատորին մէջ կան նաեւ Հացին երգըի առաջին հայերէն հրատարակութեան նախաբանի անգլերէն թարգմանութիւնը, իսկ վերջաւորութեան՝ բանաստեղծութիւններուն մասին մատենագիտական տեղեկութիւններ։