Ալիս Ուոքըր (1944-) ամերիկացի վիպագիր, բանաստեղծ եւ պատմուածքներու հեղինակ մըն է։ Իր գործերը կը պեղեն անհատական եւ ընտանեկան յարաբերութիւններ, յատկապէս սեւամորթ կիներու կորովն ու զգայնութիւնները, համատարած սեռային խտրականութեան եւ ցեղային կեղեքման միջավայրերու մէջ։ Ուոքըր հեղինակ է շուրջ տասնեօթ հատորներու։ Իր ամենէն համբաւաւոր գործը The Color Purple (1982) վէպն է, որ կը պատմէ Ճորճիա նահանգի գաւառաբնակ սեւամորթ կնոջ մը՝ Սիլիի կեանքը, 1909-47 տարիներուն։ Վէպը 1983-ին արժանացած է Փուլիցըր գրական մրցանակին, եւ երկու տարի ետք Սթիվըն Սփիլպըրկ զայն վերածած է ֆիլմի։ Որոշ […]
Կարդալ աւելին
ԱԼԻՍ ՈՒՈՔԸՐ
Գրութիւններու արխիւ