Վեհանոյշ Թեքեան
Վեհանոյշ Թեքեան

ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մօր ու հօր հարսանիքը

Որոշում եւ իրագործում Երկիր մոլորակին վրայ ապրելու՝ 10 Մարտ, 1948։

Իր մօր եւ հօր հետ, 1949, Շթորա, Լիբանան

Երկիր՝ Լիբանան

Քաղաք՝ Պէյրութ

Հասցէ՝ Քանթարի փողոց, առաջին շէնքին առաջին յարկը, ուր Նշան Փալանճեան Ճեմարանը հիմնուած էր ատենին։
Արաբ տանտիրուհին կը պատմէր թէ Նիկոլ Աղբալեան մարդամօտ, ազնիւ մարդ մըն էր, մինչ Լեւոն Շանթ՝ «ֆայլասուֆ»։

Ծնողք՝ Սարգիս եւ Մարի Թեքեան։

Որովհետեւ մեծմայրս նեղուեր է որ իր զաւկին առջինեկը աղջիկ է՝ հայրս ըսեր է մօրը. «Հոգ մը ըներ, քու անունովդ՝ Վեհանոյշ կը կնքենք»։ Մայրս, սակայն, յամառօրէն Սօսի գրեր է ինծի համար ծրագրած հագուստներու նկարներուն քով։ Շուտով միջին եզր մը ի յայտ եկեր է եւ տնեցիները զիս կոչեր են Նուշիկ։

Հայ հին իշխանուհիի անուն է կ՚ըսէին. թագս փնտռելէն հոգիս ելաւ։

Մայրը

Բարեբախտաբար շատ չուշացան յաջորդներս՝ Անի, Արա, Սեւան, Լենա։ Մեր մանկութիւնը ուրախ էր։

1966, շրջանաւարտ Քաղաքի Հայ Աւետարանական Քոլէճի
Լիբանանի քաղաքացիական
պատերազմի ընթացքին
Թեքեաններուն հրկիզուած տունը
Թեքեան ընտանիքի բնակարանը, Պէյրութ,
Լիբանան

Ընդարձակ, բարձր տուն էր. ճիշդ նախագահ Շամունի պալատին քով Երկարահասակ լուսամուտներ։ Դուրսը արեւ ու անձրեւ. ներսը՝ գուրգուրանք ու ճռուողիւն։

Հայրս դերձակ էր ձմրան եղանակին, իսկ միւս ամիսները ունէր պանրագործութեան ընդարձակ գործատեղի Լիթանիի ճռնչացող գետի եզրին։ Պատանեկութենէն՝ ճէզուիթներու ամբողջ դպրոցին առաջնութիւնը շահած է տարիներով, ուզեր է բժշկութիւն ուսանիլ, ծնողքը բառացիօրէն պարտադրեր են որ մեծ եղբօր նման դերձակ ըլլայ։ Հօրը հետ երթար պանիր շինէր. ընտանեկան գործը ընդարձակուէր։ Հայրս դերձակութիւն չէր սիրեր։ Ամէն առտու կանուխ ամառ-ձմեռ ծով կ՚երթար լողալու, երբեմն մեզ ալ կը տանէր։ Ծովաբնակ կենդանիներով տուն կու գար եւ երգելով կ՚եփէր զանոնք։ Մարզիկ էր, արկածախնդիր, բարեգութ, զուարթ։ Երկար ձող մը բռնած տանիքին ծայրէն կը քալէր, աճպարարութիւն կ՚ընէր։ Չորս լեզու կը խօսէր։ Ուրի՜շ աշխարհի մարդ էր։ Վարպետօրէն կը կապկէր մարդիկը. եւ քանի որ ամբողջ աշխարհը չէր կրցած պտտիլ, մեծ մարմաջ ունէր մեզի աշխարհագրութիւն սորվեցնելու։

Մայրս բժշկութեան առաջին տարուան արձանագրուած էր, «գլուխը տարեր են» ազգականները որ ասանկ բախտ չի ներկայանար, եւ ուրեմն վէճը չշարունակուելու համար խաղաղատենչ մայրս ամուսնացեր է. տասնութ տարեկան։ Հմայիչ արտաքին, բարձրագոյնին ձգտող, գրեթէ կատարելապաշտ։ Տաղանդաւոր տանտիկին, իմաստուն մայր։ Յոգնիլ չէր գիտեր։ Անսպառ եռանդ ու ոգեւորութիւն։
Արդարադատ ու անզիջող, կը դիմադրէր ու կը յաղթահարէր։ Կը յիշեմ որ յաճախ դժբախտ լքուած կիներու իրաւունքը կը պաշտպանէր. մեր տունը կը բերէր, կը խնամէր։ Թուրքին կողմէ տարագրուած ծերուհին որ լուացք ընելով իր միակ զաւակը մեծցուցած էր ու հարսը դուրս դրած էր զինք՝ մայրս անկողին պատրաստեց անոր համար ու խնամեց չորս տարի մինչեւ հոգին աւանդեց մեր յաՊիպին։ Ամենակարող մայրս չեմ կրնար ըմբռնել թէ ինչպէս հինգ զաւակ գրեթէ միս մինակը մեծցուց, ամէն բան կանոնաւոր, կոկիկ, նրբագե՛ղ ճաշակ։ Ճգնեցաւ որ ամէնքս ալ համալսարանաւարտ ըլլանք։

Քրոջ՝ Սեւանին, մօրը, զաւակներուն՝ Հայկին եւ Նայիրիին հետ, Նոր Ճըրզի, 1985

Պատանեկութեանս երկուքն ալ իրենց անձերը նուիրեցին հաւատքին։ Հայրս ու մայրս կը միացնէին քրիստոնէական անձնուէր կեանքը եւ աղօթքի կարեւորութիւնը։

Զաւէն Մսրլեանի հետ

Դեռ չափահաս չեղած՝ ընթերցումը օդի պէս, լոյսի պէս, հողի պէս, ջուրի պէս անհրաժեշտ էր։ Միշտ գիտակից եղած եմ պարտաւորութիւններուս, բայց յաղթական հոգեկիցս՝ գիրք էր։ Կը կարդայի մինչեւ իսկ լուսնի լոյսի տակ,որովհետեւ ժամը ութին քնանալու համար լոյսերը կը մարէին։ Գիւղը ելեկտրականութիւն չկար, գիշերները կը լուսցնէի լամբի լոյսի տակ կարդալով, արբշիռ, կը միանայի բանի մը որուն ինչ եղածը հասկցեր էի. ինչպէ՛ս եղածին մէջ է որ կը թափանցէի։

Գիրքի շնորհահանդէս, Սոնա Յովհաննէս, Վեհանոյշ Թէքեան, Գալուստ Պապեան, Թորոնթօ, Սնունդ եւ Անդունդ գիրքի շնորհահանդէսի ընթացքին

Մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան յաճախած եմ Հայ Աւետարանական Գոլէճ։ Ծնողքս չուզեց որ մենք ուղեղալուացում ունենանք ազգային վարժարանէ ներս. աւետարանական դպրոցի չէզոքութիւնը իտէալական էր։ Երկու տարի Հայկազեան Գոլէճ. ապա՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուր առաջին օրէն մայրս եղած է հրավառ լոյսը որ զիս առաջնորդած է մինչեւ այսօր։ Հաւատացած եմ որ գրողի այս վաստակը չէի ունենար եթէ չըլլար իր անդադրում քաջալերանքը, եւ ինչո՞ւ չէ՝ պնդումը որպէսզի գրէի, կեանքիս ամենադաժան օրերուն անգամ։

Եփրատ գետի ափին

Սակայն, կ՚ըսեն՝ առանց աստուածատուր տաղանդի կարելի չէր գրել այնպէս ինչպէս գրեցի։ Նոյնիսկ եթէ ճիշդ ըլլայ, տաղանդը յիսուն առ հարիւրի անգամ հասնելու չէ, ու միշտ կը զիջի կոչումի գիտակցութեան ու տքնաջան աշխատանքի։

Զաւակներուն՝ Հայկին եւ Նայիրիին հետ, Նոր Ճըրզի, 1985
Յակոբ Կիւլոյեան, Երուանդ Փամպուքեան, Տոքթ. Յարութիւն
Կարեւորեան, Երուանդ Պարսումեան եւ տիկին Կարեւորեան

Տասնհինգ տարեկան էի երբ առաջին ոտանաւորս լոյս տեսաւ Պատանեկան Արձագանգին մէջ, սիրելի ուսուցչուհիիս՝ Ժանէթ Քասունիի քաջալերանքով։

Անկէ ետք (այժմ դոկտ.) Զաւէն Մսըրլեանն էր հայերէնի ուսուցիչս։ Բախտաւո՜ր էինք։ Միակ ուսուցիչն էր որ առանց ժամանակ վատնելու հետաքրքրաշարժ կերպով իսկապէս հայերէն կը սորվեցնէր։ Երախտապարտ եմ իր քաջալերանքին համար։

Սեւան, Լենա, Արա, Վեհանոյշ եւ Անի Թեքեանններ, Նոր Ճըրզի, 2011

Հայսքուլէն հազիւ շրջանաւարտ՝ աշխատակցեցայ Սիրան Սեզայի Երիտասարդ Հայուհիին։

Ծնողներուն՝ Մարի եւ Սարգիս Թեքեանի հետ

Սիրան Սեզան պիտի մեկնէր Պոլիս, իր եղբօր՝ Մատթէոս Զարիֆեանի գերեզմանին շիրմաքար զետեղելու. խնդրեց որ Երիտասարդ Հայուհիի այդ ամսուայ թիւը սրբագրէի։ Ճակատագրական եղաւ Տպարան Սեւան ուղղուիլս. Սիմոն Սիմոնեան հրաւիրեց որ Սփիւռքին ալ աշխատակցիմ Գորովն ու գնահատանքը զոր Սիմոնեան կը տածէր նոր գրողներու նկատմամբ բարեբեր դարձուցին հողը, ծնաւ Սփիւռք-Գարունը. մենք կոչուեցանք Գարունականներ։ 1967-1978 յաւերժահմայ Սփիւռքի մէջ էի։ Իր անսպառ եռանդը՝ աշխատասիրութիւնը, համեմուած երգիծանքով, համով դարձուցին մեր օրերը. ամէն առիթ ընծայեց որ մեր գրականութիւնը բարգաւաճի։ Սասնոյ լոյսերուն մէջ թող պարուրուի իր հոգին։

Մօրը եւ զաւակներուն հետ

 1969ին Սիմոնեանի պնդումով եւ Գուրգէն Մահարիի խմբագրութեամբ ու յառաջաբանով, ինչպէս նաեւ Արմենակ Օհանեանի ինքնակամ մեկենասութեամբ հրատարակուեցաւ Կապոյտ Ապրիլը։

Տիկին Քասունիին հետ, Լոս Անճելոս, 1998

Այդ տարին տուեր էի ասմունքի երեկոյ մը, երաժշտութեան ու սահիկներու ընկերակցութեամբ, քիչ մը եւս բարեկամանալով բեմերու հետ։

Յակոբ Կիւլլիճեանի եւ
Առնօ Երէցեանի հետ

Որոշած էի որ ապրուստս երբեք կախեալ չըլլայ հայկական հաստատութենէ մը – հազա՜ր յարգանք բոլոր անոնց որոնք կը ծառայեն հայկական հաստատութիւններու մէջ հմտութեամբ ու անմնացորդ նուիրումով։ Իմս պարզապէս անկա՛խ մնալու հարկադրանքն էր. գրականութեան պարագային զիջում պէտք չէ ըլլայ։ Ազատութիւնս վտանգուելու հաւանականութենէ զերծ պէտք է պահէի, որ գրէի ինչ որ կ՚ուզեմ, ինչպէս որ կ՚ուզեմ։ Հետեւաբար աշխատեցայ ակնոցավաճառատան մը մէջ իբրեւ վերակացու։ Ապա կոյր, համր կամ օթիսթիք երեխաներու ուսուցիչ՝ պատրաստեցի արաբերէն լեզուով դասագիրք մը անոնց համար։ Միսիոնարի գործս լրացած համարեցի եւ ցատկեցի Նիւ Եորքի Մերիլ Լինչ սակարանային ընկերութեան Պէյրութի ճիւղը, ուր մնացի երեքուկէս տարի, մինչեւ պատերազմը։

Ամէն անգամ որ հատոր մը հրատարակեցի, Հայկազեան Գոլէճի գեղեցիկ սրահին մէջ շնորհանդէս տեղի ունեցաւ, ուր կը հաւաքուէին բոլոր կուսակցութիւններէն, յարանուանութիւններէն գրողներ ու գրասէրներ – չէզոք գետին էր։

Եւ եղաւ որ 1975ին ահ ու խաւար տարածեց պատերազմը, մա՜յրը լացուց մայրիներու երկրին։ Մեր տունը առաջինն էր ուր խուժեցին զինեալները արեւելեան ափի։ Աւարուեցաւ աւերուեցաւ տունը, բայց մնաց անոր կենսագրութիւնը։

1978էն ի վեր կ՚ապրիմ Նիւ Եորք։ Հայրս ու մայրս բժշկութեան քովէն սահեցան, սակայն ես սուսիկ-փուսիկ չանցայ։ Ամուսնացայ սրտաբան Մկրտիչ Փանոսեանին հետ եւ ունեցանք երկու զաւակներ՝ Հայկ եւ Նայիրի։ Երեք տարի ետք անհրաժեշտ էր փրկել իմ ու զաւակներուս կեանքը, ուրեմն Պէյրութի փլատակ տունէն հինգ տարի ետք ձգեցի նաեւ ա՛յս փլատակը։ Բարեկամուհիներ սատարեցին որ անյայտ մնանք յաւելեալ փորձանքէ ազատելու համար։ Մոթելի մը սենեակին մէջ, ուր երկու տարու եւ եօթ ամսու զաւակներուս կողքին՝ դեռ նոր սրտի ծանր գործողութեան ենթարկուած մայրս կը  խնամէի, գիշերները Այբբենգիմը ասեղնագործեցի, որ հիմա կը ժպտի մէկուկէս տարեկան թոռնիկիս, անոր անկողնին վրայէն։

Թորոնթօ

Մինչ այդ, ամբողջ տասը տարի դատարան երթեւեկելէ ետք յաջողեցայ ունենալ ամուսնալուծման փաստաթուղթը։ Անձնական կեանքիս մէջ կատարելապէս բախտաւոր եղայ դժբախտութիւններով։ Եթէ անհունի հունտը կ՚ապրի մէջդ՝ անոնք կրնան վհատեցնել բայց չեն կրնար ընկճել։ Ոչինչ կրնայ ճնշել դիմադրականութեան ուժին վրայ։

Հոգեկան կեանքս անհուն էր գրականութեան շնորհիւ, հիմա ֆիզիքական կեանքն ալ անհունացաւ կենսախորհուրդ զաւակներուս հետ տարիներու մեծ երակի բաբախումով։ Եթէ Հայկն ու Նայիրին հրաշք են, ո՞վ է հրաշածինը։

Լոս Անճելոս

Գրեթէ տասնհինգ տարի միակ սեւեռումս զաւակներս էին. եւ եթէ չըլլար մօրս պնդումը, եւ իմ հազուադէպ անձկութիւնս ինզինքս ըլլալու՝ այդ քիչն ալ չէի գրեր։ Կորսուած տարիներ չեմ համարեր երբեք, որովհետեւ տարբեր երկրի մը մէջ ուր հազիւ ոտք կոխած էի զաւակներս միսմինակս մեծցուցի։ Կաշառակեր ու անարդար դատարանի մը մէջ՝ տակաւին ամուսնալուծման զիլ եղանակներուն ամբողջովին անծանօթ՝ բառացիօրէն տիւ ու գիշեր զաւակներս պաշտպանեցի ամէն չարիքէ։

Առաջին երկու բառերը փոխելով՝ դիպուկ է Չարենցի խօսքը. «Երգէս անդին, դու գիտե՞ս, ինձ ոչ ոք չի ճանաչում»։

Նոր Եորք

Գրելէ զատ նաեւ դասաւանդեր եմ հայ գրականութեան պատմութիւն։ Համազգայինի ընդմէջէն փորձած եմ ժամանակակից գրողներու եւ մտաւորականներու հետ ձեռնարկներ կազմակերպելով ներկայացնել ժամանանակից գրողները, քիչ մը հակակշռել յոբելեաններու եւ ոգեկոչումներու յորձանքը։

Իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնս տասներկու տարեկանէս կը սկսի, երբ «Սովետական Հայաստան»ի գրութիւնները կարդալու կողքին՝ խաղող բռնած կոլխոզուհիին նկարը կը դիտէի ու կը դիտէի, մինչեւ հասայ Հայաստան, հասայ ու հոգիս յագեցաւ եւ հոգիս ծանրացաւ։
Չուզեցի հայրենիք երթալ պարապ ձեռքով, Ոստրէի հրատարակութենէն ետք միայն արժանի զգացի տեսնելու։ Այնուհետեւ գոնէ տասը անգամ գացի։ Պայծառ ծիածան կապուած էր երբ սեւ երանգն ալ տեղաւորուեցաւ։

Մոնթրէալ

Վահագն Դաւթեանի կողմէ հատընտիրս խմբագրուելէ ետք, «Գրական Թերթ»ը յայտարարելէ ետք որ մօտ ատենէն լոյս կը տեսնէ տպագրուող Բառէ Մոլորակները, յանկարծ անոր տպարանէն դուրս ել լելը խափանուեցաւ, որովհետեւ…

Դաշնակցական մամուլին մէջ լոյս տեսաւ «Կարս» քերթուածս։ Դաւթեան տրտմաթախիծ ըսաւ. «Հարցը մենք չենք, Սփիւռքի ձե՛ր մարդիկն են»։ Եւ ցոյց տուաւ նամակը ուր կ՚ըսուէր թէ ես դաշնակցական ակումբէն դուրս չեմ ելլեր եղեր։ Մինչդեռ բոլոր հայերս հոն կը հաւաքուէինք պատերազմի թէժ շրջանին, քաղաքի արեւելեան ափէն արեւմտեան ափ ապահով հասնելու։ Նամակ գրողը ամբողջ կեանքը հայերէնի դասատու, տնօրէն, խմբագիր, նոր սերունդի հայ գիր ու գրականութեան անտարբերութեան հանդէպ աւաղող անձնաւորութիւն մըն էր։ Դաւթեանը ըսաւ. «Եթէ մենք անտեսենք՝ մինչեւ Մոսկուա կը գրեն»։ Մնացի Սեւ Ցանկին վրայ մինչեւ Հայաստանի անկախացումը։ Հատընտիրիս երեսը տեսած չեմ։

Սան Ֆրանսիսքօ

Հայաստանի գրական շրջանակները միշտ սրտաբաց ընդունեցին զիս։ Հօր պէս, քրոջ պէս, յարգելի գրչակիցի պէս։ Մենք ծաւալուն ու խորաթափանց խօսակցութիւններ ունեցանք։

Գիրքերուս հրատարակութեան ոդիսակա՜նը. մասամբ տրուած է Խօսող լերան պատմութիւնըին մէջ։ Որեւէ կուսակցութեան չպատկանելուս համար, փշապատ ճամբաս մինակս հարթելու էի։ Երբեմն ալ հնարամիտ դարձայ. օրինակ՝ Նշանագիրի էջերը մեծադիր են որովհետեւ գրաշարը ըսաւ թէ իւրաքանչիւր էջ տաս տոլար պիտի արժէ։ Թերթ թերթ ծաղիկներ բոյսեր փուշեր թուփեր, երանութեան պահերու արտադրանքներ, կը համադրես հեռու կը ղրկես։ Դափնեպսակ դարձած տունդ կը հասնի։ Ի՜նչ բախտաւոր եմ որ հա՛յ գրող եմ եւ որոշեցի միայն հայերէն հրատարակել։ Անտեսելով անգլիագիր գրող ըլլալու ընկերակցող փառքն ու պատիւը, մեր ազգային կազմակերպութիւններուն իսկ կողմէ, որոնք կ՚անտեսեն հայ գրականութեան բուն բնակիչը, հայերէ՛ն գրողը։ Եւ եթէ կարողացայ ներկայացնել Սփիւռքի էութիւնը ու պանծացնել արեւմտահայերէնը, ուրեմն լոյսի ճառագայթը չհեռացաւ վրայէս։

Անցեալ տարի սիրտս յուզումի մէջ թաթխուած էր։ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի ինչպէս նաեւ Գանատայի Համազգայինի նախանձեռնութեամբ, ծայրագոյն բծախնդրութեամբ ու գորովով ՝ գիր ու գրականութեան հմուտ հայուհիներ – ինչպէս նաեւ գրականութիւն ջամբող դասախօսներ, տօնակատարեցին 70 տարիներու յիսունհինգամեայ վաստակս։ Նուրբ շքեղութեամբ, ինքնատիպ ներկայացումներով, բիւրեղեայ սրտով։ Աւելին պիտի գրեմ այս երեւոյթին մասին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեմ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Համազգայինի վարչութիւններու լուսապայծառ հոգի ունեցող տիկիններուն, իւրաքանչիւր ելոյթ ունեցողի եւ սիրելի, սիրելի աշակերտներուն որոնք ներկայացուցին գործերէս։ Հոս ալ, Պետրոս Դուրեանի մէկ տողը կը մէջբերեմ տարբեր քոնթէքստի մէջ. «Արշալո՜յս մը անցաւ սրտէս»։ Արփաճաճանչ ու երկարակեաց։

Վեհանոյշ Թեքեանի մեծհօր ու
նախնիներու տունը, Թալաս

Տասնչորս տարի Նիւ Եորքի Գոլումպիա Համալսարանի մատենադարանին մէջ գիրքերու ովկիանոսի մէջ էի. երբեմն ժամանակակից գրողներու նոր հրատարակութիւնները՝ սեղանիս վրայ դրուած՝ Բարեւ կ՚ըսէին ինծի։ Հայերէն ձեռագիրներու, գիրքերու եւ հրատարակութիւններու (ինչպէս նաեւ թրքերէն եւ արաբերէն) մատենագրութիւնը կատարելէ ետք՝ երկու տարի առաջ դարձայ թոշակառու։

2012ին քրոջս եւ եօթանասուն ուխտաւորներու հետ Արեւմտահայաստան այցելութեամբ իրենց իսկ ծննդավայրին մէջ խօսեցայ Չարենցի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Մեծարենցի, Թէքէեանի հետ։ Վերադարձ էր նախամօրս տունը, իսկական տունը Թալասի մէջ, ուր Թեքեան տոհմածառի Սարգիսներէն Նիկողոսներէն Սմբատներէն Յակոբներէն զտուած միայնակ «զարմիկ» մը կ՚ապրէր։ Ընդարձակ վարդաթուփերու միջեւ տունը հարսի ճերմակ հանդերձանք էր։ Սեւ էր պատմութիւնը, բայց Տունը մնացած էր սպիտակ։

Սպիտակի վրայ կենսախիտ պիտակ։

 

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ

Կապոյտ Ապրիլ
(բանաստեղծութիւններ), 1969, Պէյրութ, Լիբանան

Ոստրէ
(բանաստեղծութիւններ), 1974, Պէյրութ, Լիբանան

Ճեղքուած մանրանկար
(պատմուածքներ), 1977, Պէյրութ, Լիբանան

Կիզակէտ
(բանաստեղծութիւններ), 1978, Պէյրութ, Լիբանան

Նշանագիր
(արձակ եւ բանաստեղծութիւն), 1987, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Բազմածուփ աշխարհ
(բանաստեղծութիւններ), 1993, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Տոհմածառ
(պատմուածքներ), 1997, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Սնունդ եւ անդունդ
(բանաստեղծութիւններ), 2000, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Հրագիր
(քերթուածներու ընտրանի), 2000, Երեւան, Հայաստան

Խօսող լերան պատմութիւնը
(գրավերլուծումներ), 2015, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Աղօթքներ ուռկանի մէջ
(բանաստեղծութիւններ), 2015, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ

Սփիւռքագիր
(բանաստեղծութիւններ), 2017, Երեւան, Հայաստան

Սփիւռքապատում
(արձակ), 2017, Երեւան, Հայաստան