Նորվան Արք. Զաքարեան
Նորվան Արք. Զաքարեան

ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ, ԿԱՄ, ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

ՄԱՐԿ Նշանեանէն առաջին ընթերցումս եղած է Վահան Թէքէեանի առթիւ կատարած վերլուծաբանական իր լայնածաւալ աշխատութիւնը։ Հարուստ բովանդակութեամբ այս գործը, կրնամ ըսել երախայրիքն է ապագայ իր գրական, փիլիսոփայական վաստակին, որոնց հիմնական մասը նուիրուած է վերլուծաբանական, թարգմանական եւ լեզուաբանական խնդիրներու։
     Մարկ Նշանեան  այն մտաւորականներէն է որ կ՛ապրի Սփիւռքի այսօրուան պայմաններուն մէջ Հայ գոյութեան անդոհանքը։ Քայքայման մը անդոհանքը։ Հայ Գոյութեան քայքայումը հոս պէտք է ըմբռնել, առաւելաբար,  արեւմտահայերէնի, մշակութային, ընկերային, հաւաքական կեանքի յարաբերութիւններու առումով։ Ան այն հաւատացողներէն է, որոնք Սփիւռքի գոյութենական շարունակականութիւնը կը տեսնեն մշակութային ստեղծագործ կենսունակաութեան մէջ։ Այս իսկ նկատառումով, իրեն համար աշխարհը կը սկսի գրական, փիլիսոփայական մեկնաբանութեամբ։ Բացայայտ է արդարեւ, որ իր սրտին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ մեկնաբանութեան արուեստը։ Բայց ո՛չ միայն մեկնաբանութեան, այլ նոյնքան թարգմանութեան։ Հարց կու տամ, արդե՞օք հետեւորդ մը չէ 5րդ դարու Թարգմանչաց Վարդապետաց օրինակին, որոնք ունէին հայ գոյութեան նոյն կարգի մտատանջութին, եւ որոնք, ՄՇԱԿՈՅԹը մտածեցին գործածել որպէս ազդու զէնք դիմադրելու վտանգին։

   Մարկ Նշանեան  այն մտաւորականներէն է որ կ՛ապրի Սփիւռքի այսօրուան պայմաններուն մէջ Հայ գոյութեան անդոհանքը։

     Իր մեկնաբանական արուեստի պաշտօնական  նախաձեռնութիւնը կարելի է ըսել որ սկիզբ կ՛առնէ «Վահան Թէքէեան, կամ, անկարելի անցքը» գործով։ Անիկա տպուեցաւ իր իսկ հրատարակած «ԿԱՄ» վերլուծական հանդէսի առաջին թիւին մէջ 1980ին։
     Այս երկի արարման հիմնական նպատակն ու շարժառիթը նշմարելի է որ եղած է ո՛չ միայն անձնական ընթերցումի գոհացումը այլեւ մեկնաբանութեամբ համակարգի բերել Թէքէեանի ստեղծագործութիւնը, բացատրելով այդ ոլորտի մէջ Անցքի մը անկարելիութիւնը, հաստատելով անկայուն սկզբունքի մը հիմքերը։
     Այս աշխատութեան առաջին ութը-ինը էջերը, ուսուցանելու անհրաժեշտութենէ մղուած, որոշ չափով կ’ամփոփեն մտածումները, ընթերցողը նախապատրաստելով հանգամանաւոր ընթերցումի մը դէպի իր աշխատութեան սիրտը։
     «Ինչո՞ւ անկարելի է անցքը» ենթադրեալ հարցումի մը կը պատասխանեն առաջին էջերը նոյն ատեն։ Այս սեմին, Մարկ Նշանեան կ’ունենայ կարեւոր մտայղացումներ, որոնք կարելի է ըսել մեկնակէտը կը հանդիսանան իր ծրագրին։ Առաջին հանգրուանի մը կը սահմանագծէ տարողութիւնը Խօսքի փոխանցման տրամաբանութեան։ Խօսքի փոխանցման անհրաժեշտ պայմանը ձեւն է եւ մէկ հատ չէ ձեւը։ Կայ գրողէն դէպի հասարակութիւնը, դասախօսէն դէպի ունկնդիրները, եւ ոչ միայն ասոնք, «այլ խօսքի փոխանցում մը որ կարենայ առնել իր մէջ ընկերութեան մը բոլոր խաւերը, անոր կեանքին մէջ մտնելով, կազմելով զայն, ըլլալով ընկերութեան մը շաղախը» (Կամ, թիւ 1, էջ 158)։
     Խօսքի փոխանցման տրամաբանութիւնը կը շարունակուի խօսքի փոխանակութեան սահմանումով։ Փոխանակութիւն մը կայ փոխանցումին մէջ կապուած ընկերային, հաւաքական յարաբերութիւններուն որոնք «էապէս կը շինեն համայնքը» (Կամ, թիւ 1, էջ 159)։
     Խօսքի փոխանցման եւ փոխանակութեան պայմաններու վրայ է որ կը յայտնուի անկարելի անցքը։ Կ’ենթադրեմ, թէ անկարելի անցքը իբրեւ խորագիր ծնունդ կ’առնէ այս երկու մտայղացումներէն եւ այս սկզբնական էջերուն մէջ կը փորձէ տալ առաջին բացատրութիւն մը խորագրին.‐ « Վ. Թէքէեան բանաստեղծին տարիներու տքնանքը ցոյց պիտի տայ անցքի մը անկարելիութիւնը դէպի ըսենք խօսքի փոխանակութեան «նոր» պայմանները, որոնք մերն են այսօր» (Կամ, 1, էջ 160)։
     Պիտի շարունակէ այս միտքը, յայտարարելով թէ այդ անցքը անցք մըն է դէպի Սփիւռք, ապա մտածումը կը զարգանայ յանգելով կեանքի եւ չգրուածի տարբերութեան, իմաստի մը՝ ձախողութեան ընդմէջէն յաջողութեան։ «Վ. Թէքէեան շատ դժուար հանդուրժած է», պիտի գրէ Նշանեան, «իր դժբախտութիւնը, իր մոլորութիւնը պտտցուցած է ան Սփիւռքի մէկ  ոստանէն միւսը։ Շատ բան չի նշանակեր սակայն այդ գոյութենական մոլորանքը եթէ չէ արձանագրուած եւ չէ ընթեռնելի ան իր գիրքերուն, իր տողերուն մէջ նաեւ։ Եւ այդտեղ է արդէն որ մեզի համար՝ Վ. Թէքէեանի կեաքին թշուառութիւնը իմաստ մը կ՛առնէ, այդտեղ է որ կը վերաբերի մեզի» (Կամ, 1, էջ 160)։
     Այդ իմաստը պիտի վերաբերի նաեւ խօսքի փոխանցման ու փոխանակութեան պայմաններուն, եւ նոր հաղորդակցութեան մը կարելիութեան փնտռտուքին։
     Մարկ Նշանեան Վ. Թէքէեանի իր ձեռնարկը կը սկսի սերտել, մեկնելով Հրաշալի Յարութիւն գործէն. «Թէքէեանի ամենէն կարեւոր գրքին անունն է ուրեմն», կը գրէ ան,‐ «Հրաշալի Յարութիւնը։ Ասոր մէջ է որ պէտք է գտնենք ճամբայ մը սկսելու համար ընթերցումը» (Կամ, 1, էջ169)։ Մ.Նշանեան մասնագիտական արժէքաւոր վերլուծաբանական գործ մըն է որ կը թողու, թերեւս ո՛չ այնքան մատչելի սովորական ընթերցողներուն, բայց շատ օգտակար գրականութեան գիտաշխատողներուն համար։
     Խորագիրը բացայայտօրէն կրօնական պիտակ կը կրէ։ Կը կողմնորոշուի՞ սակայն անիկա դէպի Քրիստոսի Յարութիւնը։ Կը գծագրուի՞ արդեօք Թէքէեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւնը Քրիստոսի Յարութեան աստուածային նպատակի եւ իմաստի հիմքերուն վրայ ։ Ըստ երեւոյթին ո՛չ, քանի որ Մ.Նշանեան Կամ էջ 169ին մէջ կը գրէ.‐ «Առաջին ակնարկով մը՝ գիրքին էջերուն վրայ որեւէ տեղ յստակ եւ վերջնական ձեւով չէ ըսուած – գոնէ անմիջական միջոցներով թափանցելի ‐ խօսք մը որ մօտիկ եւ մատչելի դարձնէր «Յարութեան» իմաստը»։
     Թէքէեան անհրաժեշտ գտած է բացայայտելու համար խորագիրը պզտիկ բացատրութիւն մը տալով։ Կը մէջբերենք. «… Եւ այս Յարութիւնը «յարութիւնն» է անցեալին, ամբողջ հոգիի մը անցեալին»։
     Ինչպէս կը տեսնէք, համեմատութիւն չկայ Քրիստոսի Յարութեան դէպքին հետ։ Քրիստոսի Յարութեան պարագային, յարութիւն առնողը մարմին է, մարդացեալ Աստուծոյ Մարմինը։ Խօսքը որ մարմին եղաւ։ Մինչդեռ Թէքէեան կ՛ըսէ «անցեալ»ի մը յարութիւնը։ Յայտնի է, որ Թէքէեան կ՚ակնարկէ ժամանակի մը յարութեան։ Բայց ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ժամանակի մը յարութիւնը։ Մ. Նշանեան կ՚անդրադառնայ ատոր Լուսաւորչի Կանթեղի ոտանաւորին հետեւեալ տողերը վերլուծած ատեն.‐

Այդպէս եւ ես, ո՜վ մեծ Սուրբ, հաւատարծարծ կանթեղիդ
Ըզգացի որ հոգւոյս մէջ կը ծագէր շողը վճիտ,
Եւ կը մեծնար, կը մեծնա՜ր, մինչեւ կ՛ըլլար ա՛յգ մը նոր…

     «Անցեալի ներկայ‐ապագայ յարութեան մը մասին են այս տողերը», կը գրէ Մ. Նշանեան, «եւ կանթեղն ալ կ՚երեւի իբրեւ ստուգելի ու անբովանդակ յարութեան մը խորհրդանիշը, իբրեւ գաղափար մը արտայայտող պատկեր մը, փոխաբերութիւն մը» (Կամ, 1, էջ 171)։ Այստեղ մէջբերում մը կը կատարէ Վահէ Վահեանի գրիչէն. «Առէք այդ կանթեղը իբրեւ յարացոյցը յաւերժական ճանապարհորդ մեր ժողովուրդին ու թող քերթողի հոգին փոխարինուի հոգիովը իր ազգին։ Այն ատեն՝ տեսլակերտուած պատկերը կը դառնայ գուշակութիւնը այն ինքն Հայութեան նոր այգին»։ Նշանեանին չի համոզեր Վահեանի տեսակէտը, ի դէպ, իր հերթին իրեն համար ալ դիւրին պիտի չըլլայ տարազումը անցեալի Յարութեան մտքին եւ հոս պիտի քակուի հարցումներու շարք մը։ «Ի՞նչ է Յարութիւնը երբ կ՚անցնի գրականութենէն։ Կա՞յ, եղա՞ծ է, կամ պիտի ըլլա՞յ Յարութիւն մը որուն մասին կը խօսի, կը գրէ բանաստեղծը։ Եթէ կայ, եթէ եղած է, այն ատեն՝ ո՞ւր, ի՞նչ եղանակով» (Կամ, 1, էջ 171)։ Այս հանգրուանին է, որ պիտի մտնէ ան Յարութեան թէքէեանական մտածողութեան մէջ հարուստ փիլիսոփայական խոհերով, պիտի յղանայ շատ մը հետաքրքրական մտքեր, ինչպէս՝ «արարեալի եւ ստուգելի»ի յղացքը, հասնելու համար Յարութեան «իմաստ»ին, «Այլ»ի յայտնաբերումին, եւայլն, արժեւորելով միանգամայն քննադատական հասկացողութեան պարունակը։     
     Մարկ Նշանեան կը խօսի Թէքէեանի կողմէ կատարուած քերթուածներու դասաւորման մասին, ուր Թէքէեան կը գրէ թէ հազիւ կրցած է անոնցմէ երկու խմբում ընել՝ առաջինը աւելի անձնական, երկրորդը աւելի ընդհանրական նիւթերու։  «Որոնք այսպէ՜ս», Թէքէեանն է ըսողը, «կը կազմեն Թէքէեանի հոգիին երկու երեսները»։
     Այս առթիւ, Նշանեան կ՚՛ենթադրէ, թէ երբ Թէքէեան կը խօսի «ամբողջ հոգիի մը անցեալի» մասին, հաւանաբար կը յղէ այդ երկու երեսներուն, անձնականին եւ հաւաքականին… Եւ կը յայտնէ հետեւեալ միտքը. «Թէքէեան կը հասկնայ Յարութիւնը այս բաժանումին ընդմէջէն երբ կը վերադառնայ իր բանաստեղծութեան» (Կամ, 1, էջ 169)։
     Այս յայտնաբերումը այսպէս խիտ բանաձեւուած գոց կը պահէ Թէքէեանին «Յարութիւնը հասկնալ»ը, չի բացայայտեր։ Յետոյ, քերթուածներու դասաւորումէն առաջ կա՞ր խորագիրը թէ ոչ մկրտուեցաւ ան դասաւորումի թելադրութեամբ բանաստեղծութեան վերադարձէն յետոյ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Թէքէեան ի մտի չունենար Յարութիւնը իբրեւ նախադրեալ, քերթուածները քերթելէ առաջ։ Յամենայն դէպս, Նշանեան «Յարութիւնը հասկնալ»ը անպայման չի կապեր խորագրի մկրտութեան հետ։
     Ի դէպ, ըսենք թէ Մ. Նշանեանի այս աշխատութիւնը կը բաղկանայ տասը գլուխներէ կամ հատուածներէ՝ թիւ զերոն հաշուելով։ Ըստ գրքի վերջաւորութեան դրուած ցանկին, հատուած 2ը կը կրէ «Բացումը» ենթախորագիրը։ Այս հատուածի էջ 185ին վրայ կը կարդանք, թէ Թէքէեան իր գիրքին խորագիրը կը հասկնայ «գրեթէ կրօնական» իմաստ մը տալով անոր։ Մ. Նշանեան այս առթիւ կը գրէ, « Կը կարծեմ որ «կրօնական»ը հոս պէտք չէ առնել բթացած նշանակութեամբ մը‐օրինակ՝ իբրեւ «բարձր»ի կամ «վսեմ»ի իբրեւ հոմանիշ, ո՛չ ալ փոխաբերական իմաստով մը։ Որովհետեւ ո՛չ միայն «հրաշալի»ն է որ ունի կրօնական այդ երանգը, հրաշքէն ստանալով իր մասնաւոր առումը, այլեւ Յարութիւնը չի կրնար չյղել քրիստոնէական յղացքին ու խորհուրդին։ Եւ այս արդէն իսկ նշան մըն է դէպի սկիզբը դրւած խնդրականութեան, քանի որ Յարութեան խորհուրդին եւ անոր ծիսական կրկնութեան վրայ է որ հիմնուած‐հաստատուած է հաւաքականութիւնը, քրիստոնէականը, իբրեւ այդ։ Յարութիւնը միասնական « կապ»ին սկզբունքն է, սկզբնաւորութիւնը, եւ այդ սկզբնաւորութիւնն է որ կը վերանորոգուի անդադար համայնքին մէջ»։ Մ. Նշանեան չէ փորձած այս աշխարհայեացքը բաղդատական կշիռի մը վրայ դնել վերակենդանութեան հաւատալիք ունեցող այլ կրօններու հետ, քանի որ միւս կրօններու պարագային ալ ծիսական կրկնութեան վրայ հիմնուած եւ հաստատուած է հաւաքականութիւնը, որպէսզի բացայայտուէր Յիսուսի Յարութեան Խորհուրդի վրայ հիմնուածին առաւելութիւնը, անշուշտ եթէ Թէքէեան ունէր նման հայեցակէտ քրիստոնէականին  առաւելութիւնը արժեւորելու։ Նշանեան կը գոհանայ ըսելով. « …գրական ըսուած աշխատանքը կը բերէ կրօնականը իր ճշմարտութեան, բայց կը ստանայ մանաւանդ իր կարգին անկէ իր ժառանգին խորագոյն թելադրանքը»։ Յաջորդ էջին մէջ, էջ 186, կը շարունակէ,« Եթէ գրական աշխատանքը, բանաստեղծական տրամադրիչէն անցնելով մասնաւորաբար, կը բերէ կրօնականը իր ճշմարտութեան, չ՚ըներ այդ անշուշտ տրամախոհական եղանակով մը, պահելով‐զանցելով կրօնքը։ «Գրեթէ» մը կայ որ կ՚ենթադրէ կրօնականութեան տարրալուծում մը։ Այդ տարրալուծումը նոր չէ որ սկսած է հաւանաբար. կրօնականը միշտ ալ «վաղաշէջ» եղած ըլլալու է։ Ատկէ հաւանաբար ալ իր կայունութիւնը։ Կը մնայ միայն հետեւիլ, ընկերակցիլ այդ սկզբնական շիջումին, արձանագրուած անցեալին մէջ, որ «հրաշքով» միայն կը շրջուի։ Ընկերակցիլ շիջումին, հոն ուր բանաստեղծութիւնը, իր մասնայատուկ աշխատանքով, կը հանդիպի անոր, կը քողազերծէ ու կը նորոգէ զայն, կը յաղթուի անկէ։ Մէկ խօսքով՝ կը փորձարկէ‐կը փորձէ զայն»։ 
     Մարկ Նշանեանի մեկնողական այս գործը հետաքրքրական է նաեւ այն առումով որ ընթերցողի մտքին կը յարուցանէ հարցեր որոնք ուղղակիօրէն կրնան առնչութիւն չունենալ Թէքէեանի յարութենական մտահայեացքին հետ, բայց կրնան անուղղակիօրէն կապուած ըլլալ նիւթին։
     Օրինակ։ Թէքէեանի Հրաշալի Յարութիւնը ի մտի ունի՞ փրկախօսական միտք մը իր ետին։ Աստուծոյ ծրագրին մէջ Յարութեան խորհուրդը, ինչպէս սուրբ գրային ընթերցմամբ գիտենք, հետեւանքն է ադամական անկումին։ Արարչութիւնը վնասուեցաւ անէծքով այս անկումին պատճառաւ։ Մարդը դարձաւ մահկանացու։  Մահուան այս ժառանգութիւնը խզեց կապը Արարողին եւ Արարեալին միջեւ։ Եղաւ բաժանում։ Աստուծոյ մէջ Յարութիւնը ծրագրուեցաւ այս բաժանումէն։Այս ծրագրաւորումը կու գար աստուածային փրկախօսական նպատակէն, խորհուրդէն։ Անէծքը բառնալու, վնասուածքը սրբագրելու մտադրութենէն։ Մահը կոխկրտելու, խորտակելու, կեանքը վերադարձնելու (խօսքը, կը հասկնաք անշուշտ, անմահական կեանքի վերադարձի մասին է ) անքննելի եւ անճառելի մարդասիրութենէն։ Քրիստոսի Յարութեամբ կ՚երկորդուի արարչութիւնը, կ՛ըլլայ “ նոր երկինք եւ նոր երկիր ” այսինքն տեղի կ՚ունենայ “երկրորդումն արարչութեան”։ Վ. Թէքէեանի Յարութեան հասկացումը ունի՞ փրկախօսական այսպիսի յետնաշխարհ մը, նպատակակէտ մը։ Կա՞յ անկում մը «Ամբողջ հոգիի մը անցեալին», Հրաշալի Յարութիւնը  կը վերականգնէ՞ այդ անկումը, կը վերանորոգէ՞ ստեղծագործութիւնը։ Մ. Նշանեանի հոյակապ աշխատասիրութեան մէջ այս բաները եթէ վերլուծուած եւ փոխաբերաբար ըսուած են, ինծի չյաջողուեցաւ ընկալել զանոնք։ Անշուշտ Թէքէեանի յարուցեալը մարմին չունի։ Անցեալն է։ Ժամանակը։ Վստահաբար այս ժամանակը իր ստորոգելին ունի։ Այլապէս միամտութիւն պիտի ըլլար կարծել ժամացոյցային ժամանակի յարութեան մասին, ռամիկ կերպով ըսուած՝ ներկան յարութիւնն է անցեալին, ապագան ալ յարութիւնն է ներկային։ Նշանեան անշուշտ լաւապէս հասկցած է ժամանակի ստորոգելիութեան հարցը, բայց լաւ պիտի ըլլար եթէ ստորաբաժանէր այդ անցեալը, առանձնացնէր եթէ աղէտի՞ անցեալն էր կամ ընդհանուր հայոց պատմութեան, թէ ոչ մի միայն իր գոյութեան։ Թէքէեանի Յարութեան փոխաբերութիւնը բացայայտ է որ չի հետեւիր Քրիստոսատիպ Յարութեան հետքերուն այլապէս Անցքը կարելի պիտի ըլլար, որովհետեւ Քրիստոսի Յարութիւնը մահուան յաղթանակին կարելիութիւնն է։ Անիկա կարելին յայտնող է, անկարելին գործադրողը։ 
     Մարկ Նշանեանի այս գործի ընթերցումի ընդմէջէն հարցերը կու գան հարցերու ետեւէն։ Թէքէեանի Հրաշալի Յարութիւնը ծիսական կրկնութիւն կը ստեղծէ՞, այն որուն կ՚ակնարկէր Մ. Նշանեան քիչ մը վերը, որպէսզի ան հրաշագործէր հիմնումը հաստատումը հաւաքականութեան։ Թէ ոչ, այն տողը որ կ՚ըսէ, «միայն բանաստեղծութիւնը կարելի կ՚ընէ այդ հրաշքը» կը վերաբերի վերանորոգումի մը արդէն կրկնուող ծէսին քրիստոնէական կրօնքի մէջ։ Հետաքրքրական է այդ պարագային մտածել հոս աշխարհիկին ազդեցութիւնը կրօնականին վրայ։
     Չեմ գիտեր, սփիւռքեան գրականութեան աշխատաւորները եթէ իրենց յետնաշխարհին մէջ չունենան փրկախօսական խոհ եւ միտք, ինչպէ՞ս պիտի կարենան առաջքը առնել քայքայուող հաւաքականութեան։
     Ինծի համար սփիւռքեան գրականութիւն մշակողներուն մէջ ամենէն ուսուցողական եւ իր ժամանակը արտայայտող գրականութիւնը, Գրիգոր Պըլտեանին գրականութիւնն է, փիլիսոփայութիւնը։ Իր գիրքերը բնաւ եզրակացնող միտում չունին։ Բանաստեղծութիւնն ու արձակը կը վարդապետեն «Ոչինչ»ը։ Մի՛ փնտռէք թելադրութիւն, խրատ, իր գործերու աւարտին։ Այս գոյացապաշտ գրողին գործերուն մէջ սակայն կայ ձայնապահութիւն մը հակա«ոչինչ»ի։ Իր ստեղծագործութիւնը նախադրեալ ունի վերակառուցումը, վերակենդանութիւնը։ Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար պոէմի հեղինակը բանաստեղծ‐գեղագէտ է. ճշմարիտ արուեստագէտ տեսականօրէն եւ գործնապէս։ Իր պոէմին մէջ որքան ալ տեսականօրէն  քանդումով լսելի կը դարձնէ «Ոչինչ»ը, գործնապէս սակայն կը զգացնէ չըսուած, չգրուած սպասում մը, վերակառուցման, վերակենդանութեան։ Ասիկա կը վերաբերի իր բոլոր գործերուն, Մանտրաներուն եւ միւս բոլոր գործերուն։ Սփիւռքի մէջ մեր դարաշրջանը այսպիսի ստեղծագործ արուեստագէտներ պիտի որ ունենար, որոնց ստեղծագործութիւնը կառուցողական նպատակ ունենալով կարելի դարձնէր խօսքի փոխանցումը։ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ», բանաստեղծական է տողը, արարող, կը շարժի, ահազանգ մը ընդդէմ քայքայուող հաւաքականութեան եւ կառուցողական միաժամանակ։ Մարմին ունի իր արձակը եւ բանաստեղծութիւնը, տինամիզմ մը, ուր տեսութիւնը կը կերպանաւորուի։
     Այս միջամտութիւնը պարզապէս անոր համար որ կ՚ուզէի զուգահեռ մը ընել «Անկարելի անցք»ին եւ «Կարելի»ին միջեւ։
     Մարկ Նշանեան փիլիսոփայական գիտութեան բարձր մակարդակի իր իմացութեամբ եւ փորձառութեամբ, կը շարունակէ պեղել Վ. Թէքէեանի, բացի Հրաշալի Յարութիւնէն, այլ քերթուածներու ընդերքը հետեւեալ ենթախորագիրներու տակ, «Անիրագործումը», «Այլը», «Շրջում», «Առարկայացումները՝ ա.‐ Գեղօնը, բ.‐ Բազմաթիւ երրորդը, գ. Գեղագիտական տեսութիւն մը», «Փոխաբերութիւնը», «Սիրոյ անծայր շրջանը», «Հայրութեան գոյականացումը», «Հսկումը», «Շուքը», «Կրօնականի երեւութաբանութիւն մը» եւ վերջապէս «Մէկ Հատիկս, հայեցողական օրէնքը»։
     «Մէկ Հատիկս»ի առթիւ կատարած իր վերլուծաբանութենէն կ՚ուզէի հոս հատուած մը մէջբերել ցոյց տալու համար Մարկ Նշանեանի մեկնաբանական արուեստի հմտութիւնը եւ տաղանդը.‐

Նոր զարնուած էր երբ որ, գիշեր մը երազս տեսայ՝
    թէ մութին մէջ հեւ ի հեւ,
Կը քաշէի կարասի փոխադրող կառք մը հսկայ՝
     Քովս շուքի մը հետ սեւ,
Որուն յաճախ կ՚ըսէի անձկութիւնով ու վախով,
     «Ընկե՛ր, լաւ չեմ տեսներ ես,
Դուն կը տեսնե՞ս…, եւ թէեւ կը քալէինք քովէ քով,
     Բայց ձայն չկար ընկերէս,
Չէի գիտեր թէ արդէն մեռած էր խեղճն այդ պահուն,
     Այնուհետեւ չարթնցաւ,
Չխօսեցաւ ան երբեք. վերջէն տեսար զինքը դուն,
     Ան չտեսա՛ւ քեզ բնաւ…,

«… Քերթուածը իր կարգին կը կրկնէ երազը, կ՚առնէ զայն իր մէջ, իբրեւ թէ աչքի ‐ դէմքի իսկական աչքի ‐ կորուստին վերաբերէր ան։ Մինչդեռ քերթուածն է, իր ամբողջութեամբ, որ շինուած է երազի ձեւով. քանի որ աչքին կորուստն է որ կը փոխաբերէ շուքի կորուստը, շուքի փնտռտուքին լքումը։ Հրաշալի կերպով՝ քերթուածը կը գրէ ուրեմն վերջին հանգրուանին, «լուծում»ին ճշմարտութիւնը ‐ շուքին՝ մահուան վերածուիլը։ Այդտեղ՝ ոչինչ չէ մնացած, ճիշդ է, բացումէն, շրջումէն որ  կը դարձնէ խօսքը ինքն իր վրայ ու կը ստեղծէ Որդին անոր մէջ, իբրեւ աներեւակայելի շուքը հրաշալի Երեխային։ Ամէն ինչ սակայն ներկայ է, բրածոյի հանգամանքով։ Եւ մանաւանդ՝ գաղտնիքը, հայրութեան ու տղայութեան, անոնց սիրոյ անհուն անդրադարձին ‐ ցամքած շուքը։
     Անցքը անկարելի է, բայց կը ձգէ միշտ հնարաւորութիւնը այդ անկարելիութեան վերադառնալու, կը ստիպէ նոյնիսկ որ վերադարձուի անոր. աչքին վէրքը երբեք չի սպիանար։ Դիտելով ինքզինք հայելիէն, հայելիին մէջ,  աչքը չի կրնար չտեսնել իր չտեսնող եղբայրը, սպառնական, սպասող կանչող՝ դէպի անցեալը, դէպի այն փոխադրութեան վայրկեանները, ուր կա՛ր տակաւին, ուր շուք էր, ուր կարասիները շալկած՝ «ես»ը չէր լքած ամէն ինչ, ուր շրջումը ամբողջովին չէր հեռացած ու շիջած, բայց ուր վայրկեան մը ետք՝ պիտի լռէր ամէն ինչ» (Կամ, 1, էջ 287‐288)։

Մարկ Նշանեանի… բոլոր աշխատութիւնները, կը սնուցանեն Սփիւռքի ժամանակի մտածողութիւնը, կը ձգտին ցրւումին մէջ հաւաքական կենսափորձին եւ ասոր նուաճումին։

     Անոնք որոնք կը խորհին, թէ Մարկ Նշանեանի այս արժէքաւոր աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ Յ.Օշականի «Սփիւռքը եւ իրաւ բանաստեղծութիւնը», նուիրուած Վահան Թէքէեանին, կը սպառէ այլեւս ամէն ուսումնսիրութիւն Վահան Թէքէեանի մասին, այնքան ալ համոզիչ չեն, որովհետեւ Մ. Նշանեան իր այս գործով, որ ունի հարուստ ստեղծագործական բաժին մը, իր դիւթիչ հայերէնով եւ հմայիչ մտայղացումներով, ուսումնասիրութեան հարուստ ժառանգութիւն մը կը թողու Թէքէեանի մասին գալիք ուսումնասիրութիւններու։ Անշուշտ, իր փիլիսոփայական բարդ թերմինաբանութեամբ մատչելի կրնայ չըլլալ ընթերցումը դասական ընթերցող լայն մեծամասնութեան համար, բայց վստահաբար գրականութեան գիտաշխատողներուն շատ պիտի հետաքրքրեն իր տեսակէտները, որոնք Մ. Նշանեանի յղացումները ուսումնասիրած ատեն, ինքնաբերաբար պիտի մտնեն նաեւ Թէքէեանի  վերաուսումնասիրութեան մէջ։ Նշանեանի այս երկը ահագին նիւթ կը մատակարարէ լաւապէս ծանօթանալու Վահան Թէքէեանի բանաստեղծական արուեստի մտայանգումներուն։   
     Մարկ Նշանեանի այս աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր աշխատութիւնները, կը սնուցանեն Սփիւռքի ժամանակի մտածողութիւնը, կը ձգտին ցրւումին մէջ հաւաքական կենսափորձին եւ ասոր նուաճումին։

Փարիզ, 20 Սեպտեմբեր 2021              

 

նախորդ
ԺԱՄԱՆԱԿԸ