Փարիզ, 1950։ Նկարին վրայ՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, իր տպարանին մէջ։ Յակոբ Տէր Յակոբեան հօրաքրոջս՝ Զարուհիին ամուսինն էր։ Ակօ Պապա կը կոչէի զինքը։ Հօրս մահէն ետք հայրութիւն ըրած է ինծի, որքան որ կրնար։ Յաճախ կ՚այցելէինք իրենց։ Պզտիկ էի, չէի կրնար գիտնալ այն ատեն որ Տէր Յակոբեանը Պարտիզակի քաղաքապետ եղած էր։ Գիրքեր հրատարակած էր ու պիտի հրատարակէր (1912ին՝ Ուր խեցիներ ժողվեցի, Պոլիս, իսկ մահուան տարին՝ Պարտիզակը խատուտիկ, յուշամատեան մը)։ Չէի կրնար գիտնալ որ Rue Damesmeի այդ տպարանին մէջ է, որ Յառաջ թերթը տպուած էր 1932էն մինչեւ 1953 (Յառաջ թերթը, որուն մէջ հեգելով ես հայերէն սորված եմ, հայկական աշխարհին ծանօթացած եմ, ցրուած հայութեան հետ անգիտակցաբար կապ պահած եմ, գրիչ շարժողներու անուններուն մէկ առ մէկ տեղեակ դարձած եմ, մահը հեռացուցած եմ հետզհետէ, ընտելանալով անոր հետ)։ Չէի կրնար գիտնալ որ Շահան Շահնուրը Տէր Յակոբեաններուն բարեկամն էր, որ այդտեղ վերը՝ իր սենեակը ունէր, ուր օրուան մէջ լուսանկարչական ռըթուշով կը զբաղէր։ Բայց ամէն կողմ թուղթերով ու գիրքերով լեցուած էր։ Հոն է որ դեռ պատանի՝ ձեռքս առած եմ Ահարոնի Մագաղաթները, հիացումով։ Հոն է որ հանդիպած եմ Փարիզի այդ շրջանի հայ մտաւորականներուն, անոնց՝ որոնք հայերէն կը գրէին, հայերէն գիրն ու լեզուն կ՚ապրեցնէին օտարութեան մէջ։
Տովիլ, 1954։ Նկարին վրայ՝ հայրս, Վիկտորիա մօրաքը, Զարուհի Տէր Յակոբեանը եւ մեծ մայրս։ Վիկտորիան մեծ մօրս քոյրն էր։ Ամէն վերապրող ունի իր ուրոյն պատմութիւնը։ Մերինները վերապրած են (ու Վիկտորիան ալ յատուկ տեղ մը ունի իմ կենսագրութեանս մէջ), որովհետեւ ինքը՝ Վիկտորիան տարագրութեան ճամբուն վրայ վար դրուած է Սվազի քայմաքամին կողմէ։ Տասնվեց տարեկան էր։ Պարզ խօսինք. բռնաբարուած է, զաւակներ ունեցած է։ 1918ին փախած է անգլիացիներուն հետ, թուրք երեխաները ետին ձգելով անշուշտ։ Նախ՝ Պոլիս, յետոյ՝ Պոսթոն, մինակը։ 36 տարի չէ տեսած մեծ մօրս։ Բայց կապի մէջ մնացած են։ Այն ատեն ճամբորդել չկար։ Տեսնուիլ չկար։ Ո՛չ իսկ հեռաձայնել։ Ամէն ինչ կ՚ըլլար գիրով, անգամ մը եւս։ Ու վերջապէս՝ 1954ին Վիկտորիան մեզի եկած է այցելութեան։
Փարիզ, 1979, Թորոնթօ, 2001։ Վահէ Օշականին հետ։ Արշակին աշխատանոցն է։ Հոն կը մնար երբեմն Վահէն երբ Փարիզ կ՚այցելէր։ Մինչեւ վերջը՝ Վահէն հաւատարիմ մնացած է Արշակին, անոր նկարները զետեղելով եւ ուրեմն ցուցադրելով իր գիրքերուն մէջ։ Վահէ Օշականին մասին գրած էի, Քառուղի հատորին առիթով, 1973ին։ Իսկ 1977ին, ինքն է որ ինծի անակնկալ ու ճակատագրական նամակ մը յղած էր, խնդրելով որ յօդուած մը պատրաստեմ հօրը՝ Յակոբ Օշականի մասին, Նիւ Եորքի անգլիալեզու Ararat եռամսեային համար։ Պատասխանատուութեան զգացումը հոն բոյն ըրած է մէջս, եթէ չէր ըրած ատկէ առաջ։ Այդպէս է ամէն պարագայի որ սկսայ լրջօրէն Յակոբ Օշական կարդալ, յետոյ անոր մասին գրել ու դասախօսել, հայերէն եւ ֆրանսերէն, Փարիզ, Լոս Անճելըս եւ քիչ մը ամէն տեղ, մինչեւ 2008ի գիրքս՝ Le Roman de la Catastrophe [Աղէտին վէպը]։ Հայերէն գրուածները անտիպ են։ Իսկ Վահէի բանաստեղծութան մասին երկար ուսումնասիրութիւնս (գրուած 1984ին) տարիներ ետքը միայն լոյս տեսաւ, Հասկ տարեգիրքին
մէջ, այս մէկը՝ յամառ բայց անյայտ աղբիւրէ բխող դիմադրութեան մը հետեւանքով։ Վահէն իր հօրմէն ետք, եւ շատ տարբեր պայմաններու տակ, Սփիւռքի ինքնագիտակցութիւնը կը ներկայացնէր, ամբողջութեամբ ու միս-մինակը։
Նիւ Եորք, 1998։ Նախորդ տարին՝ Գոլումպիա համալսարանի պատերէն ներս Եղիշէ Չարենցի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով գիտաժողով մը կազմակերպած էի։ Ուրեմն 1998ին՝ կարգը եկած էր Յակոբ Օշականին, որուն մահուան յիսնամեակն էր։ Նկարին վրայ՝ մասնակիցներն են. Վահէն կայ անշուշտ։ Կայ Պօղոս Սնապեանը։ Աջին՝ Գրիգոր Յակոբեանը, Հայաստանցի մեր գրականագէտ բարեկամը, որ դժբախտաբար հոգին աւանդեց 2005ին։
Թորոնթօ։ 2001ի լուսանկարին վրայ՝ մահէն քանի մը ամիս ետքն է, յուշ երեկոյ մը, Թորոնթոյի մէջ, իր պէյրութցի բարեկամներուն կողմէ կազմակերպուած։ Պատին վրայ փակցուած իր պատկերին հետ՝ իր յիշատակն է որ կը սաւառնի մեր գլուխներուն վերեւ։ Հինէն փոխանցուած նոյն պատասխանատուութիւնն է նորէն, պատկերի վերածուած։ Լեզուին հանդէպ։ Արուեստի ու մտածողութեան հանդէպ։ Սփիւռքի հանդէպ։