ՄՆ, ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Կ՚ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՄ ԶԻՆՔ

Միշէլ Սիւրիա Ժորժ Պաթայլի թիւ մէկ մասնագէտն է Ֆրանսայի մէջ, որուն մասին գրած է առաջին մեծ ուսումնասիրութիւնը՝ Georges Bataille, la mort à l’œuvre [Ժորժ Պաթայլ, մահը գործի վրայ], որ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած է։ Երեսուն տարիէ ի վեր, Սիւրիա Lignes եռամսեայ հանդէսի (գրական, քաղաքական, փիլիսոփայական) պատասխանատուն է։ Որպէս հրատարակիչ, Մարկ Նշանեանի ֆրանսերէն գիրքերէն երկու հատը ինք հրատարակած է՝ La Perversion historiographique (2006, éd. Léo Scheer) եւ Le Sujet de l’histoire (2015, éd. Lignes)։ Որպէս վիպագիր, ունի առնուազն երկու կարեւոր վէպեր, որոնք յիշուած են ներկայ տողերուն մէջ՝ La Défiguration (Դիմազերծումը, 2000) եւ L’Éternel retour (Յաւերժական շրջադարձը, 2005)։ Այս վերջին վէպին շուրջ, Մարկ Նշանեան ուսումնասիրութիւն մը ունի («Le saut et le salut. Une athéologie de la Catastrophe» [Ոստում եւ փրկութիւն։ Աղէտի ապաստուածաբանութիւն մը], Contre-Attaques Perspective 1, 2010), որուն կ՚ակնարկէ Միշէլ Սիւրիա իր այս գրուածքին մէջ, մասնաւորաբար «շրջադարձ»ի եւ «մեռելային պատկեր»ի հարցերուն անդրադառնալով։

  • MN, dorénavant, comme lui-même se nomme, signe, se (dé-)signe. Ուրեմն ասկէ սկսեալ՝ ՄՆ, ինչպէս ինքը կը կոչէ ինքզինք, կը յղէ ինքն իրեն որպէս հեղինակ, ու կը ստորագրէ իր նամակները։
  • ՄՆ, ինչպէս որ կ՚երեւակայեմ զինք, ինչպէս որ կ՚երեւակայեմ թէ Պլանշոն օր մը սկսած է Ֆուկոն երեւակայել, որուն երբեք չէր հանդիպած, կ՚երեւակայեմ զինք աւելի քան թէ կը ճանչնամ, քանի որ քիչ տեսած եմ զինք, ու քիչ տեսած եմ որովհետեւ հեռու կ՚ապրի, «հեռու ուրկէ՞» պիտի ըսէր հին հրէական կատակ մը (աքսորեալի հին կատակ), ամէն պարագայի՝ հեռու ինձմէ, կը ճամբորդէ շատ, կամ ես՝ իրմէ, ես որ չեմ ճամբորդեր, որ երբեք հետը հեռաձայնով չեմ խօսած (կարծեմ), երբեք չեմ տեսած իր դասաւանդելը, ոչ ալ դասախօսելը, ես որ իր բազմաթիւ խօսած լեզուներէն միայն մէկ հատը լաւ գիտեմ, եւ վերջապէս ես որ զինք կը ճանչնամ միմիայն որովհետեւ կը կարդամ, կարդացած եմ ու կը կարդամ իրմէ գրուածքներ, գիրքեր եւ նամակներ, հիանալի նամակներ, հազուադէպ կը պատահի այդքան հիանալի նամակներ ստանալը, որոնցմէ ամէն մէկ բառ կշիռ ունի, որոնցմէ բացակայ է որեւէ անկշիռ բառ, նուազագոյն քաղաքավարութեան բառերը, նամակներ որոնք մէկ-մէկ յաւելումներ են, գիրքերէն առաջ կամ ետք էական եւ պատահական յաւելումներ, զանոնք նախակարապետող, զանոնք նոյնհետայն վերակազմող (իր կարգաւորումները անդադար կը փոխուին), որոնք կը շարունակեն բան մը որ երկխօսութիւն կը սեպէ ինքը, երկխօսութիւն մը զոր ազնուութիւնն ունի երկկողմանի նկատելու, ու իրականութեան մէջ իր ահաւոր մենախօսութիւնն է, մելամաղձոտ ճառասական մենախօսութիւն — այդ տպաւորութիւնը կը ձգէ գոնէ վրաս այն արժանիքը զոր ինքը ինծի կը վերագրէ. չ՚ուզեր խորհիլ որ իր մտածածը միմիայն ինքն իրե՛ն է որ կը պարտի, թերեւս անկէ երկիւղ զգալով։
  • Ինչ որ ՄՆ մտածած է մինչեւ հիմա իր աչքին չի հաւասարիր մտածողութեան պահանջածին, չի բաւարարեր զինք, այնպէս որ անդադար կը վերսկսի — կը սպառի։ Մտածողութիւն ըսուածը զիս սովորաբար շատ չի յուզեր։ Ի՛ր մտածողութիւնը սակայն կը յուզէ, ինչպէս կը յուզէր Լաքու-Լապարթինը, կամ Վիւարնէինը (այսօր անծանօթի վերածուած) — ժամանակակիցներու անուններ կու տամ։ Որովհետեւ հոն ամէն ինչ նժարին վրայ է, ու մտածողութիւնը չի հասնիր այդ ամէն ինչին։ Բայց ատոր կը ձգտի ի՛րը, երբեմն զգոյշ եւ համբերատար, երբեմն՝ որոտաձայն եւ տագնապահար։ Իր մտածողութիւնը կիրքի շեշտը կը կրէ, շեշտ մը որ այնքան երկար ատենէ ի վեր՝ կը պակսի մտածողութեան, այնպէս որ մտածողութիւնը, իր պարագային, կարծես ի վիճակի ըլլար վերստին կապ հաստատելու մարգարէական կատաղութեան հետ (սկիզբէն ի վեր, երբ կը կարդամ զինք, կը յիշեմ Չեսթովը, թէեւ կապ չունի ինքը Չեսթովին հետ, գոնէ տեսած չափովս)։
  • Մահը ամէն տեղ ներկայ է ՄՆի մտածողութեան մէջ, եւ այս օրերուս՝ մտածողներու գործերուն մէջ ո՛չ մէկ տեղ այդքան ներկայ է ան։ Քիչ կը պատահի որ մահը միջամտէ մտածողութեան մէջ, մեռեալները՝ ա՛լ աւելի քիչ, եւ ամէն պարագայի՝ երբեք զայն դադրեցնելու, հրաժարեցնելու աստիճան. կամ այն աստիճան որ մտածողութիւնը վերսկսի մահուան, մեռեալներուն, դրած պայմանները յարգելով։
  • ՄՆի մեռեալները բոլոր մեռեալները չե՞ն։ Ե՛ն, այո, այն վայրկեանէն որ կամքէ անկախ մեռեալ չկայ որ մեռած չըլլայ իրմէ անդին գտնուողներուն համար։ Այսինքն՝ բոլորին։

    Յետոյ՝ մէկու մը չէ տրուած ինքն իրեն համար ունենալ բոլոր մեռեալները (զանոնք սեփականացնել, զանոնք ներկայացնելու յաւակնութիւնն ունենալ), ո՞վ կրնայ այդ քանին դիմանալ։ Եւ արդէն չդիմանալու համար, մեռեալները պէտք չունին շատ ըլլալու, երբեմն մէկ հատը բաւարար է (եւ ո՞վ կրնայ յաւակնիլ նոյնիսկ մէկ հատիկ մեռեալներ կայացնել)։

  • ՄՆ, որուն մասին չեմ գիտեր ճիշդը՝ թէ ի՞նչ լեզուով կամ քանի՞ լեզուով կը խօսի, կը մտածէ, կ՚երազէ, կը խնդայ, կը սիրէ, չի գոհանար գործերը թարգմանելով այսինչ լեզուէն այսինչ լեզուին, լեզունե՛րն իսկ կը թարգմանէ։ Կ՚ուզեմ ըսել որ ամէն լեզու կը դարձնէ թարգմանելի, թէեւ հսկայ գին մը վճարելով, եւ վերջաւորութեան ըսելով որ թարգմանական գործողութիւնը ունի մնացորդ մը, ու այդ մնացորդն է միայն կամ ա՛ն է ամէն բանէ աւելի որ կը հետաքրքրէ զինք — կամ պիտի մեռցնէ զինք։ Կը խորհի թերեւս որ այդ մնացորդին մէջն է, որ մեռեալներու հոգիները կը նվնվան, ա՛յն մեռեալներուն՝ որոնք զրկուած են իրենց հոգիէն։ Կամ թերեւս խորհի որ ինքը պիտի ըլլայ այդ նվնվոցին պատճառով «մնացորդ»էն զրկուողը։
  • Երբեմն կը խօսի «վէպ»ին մասին, թերեւս որովհետեւ այդ պահերուն՝ ինծի՛ հետ է որ կը խօսի (իր նամակներուն մէջ)։ Հաւանաբար կ՚ուզէ ըսել (չեմ հարցուցած, հարց չեմ ուղղեր իրեն, սովորութիւն չունիմ) որ վէպին ուժը աւելի՛ է քան մտածողութեան ուժը, որ վէպը կարող է (դժուարութեամբ) հասնելու հոն ուր մտածողութիւնը չի կրնար հասնիլ։ Իրողութիւնը այն է, որ լաւ կը հասկցուինք այդ էական կէտին շուրջ։ Եւ բաւական է որ հասկցուինք այդ կէտին շուրջ, ինքը՝ փիլիսոփայ, բանասէր, մեկնագէտ, թարգմանիչ, եւ ես՝ ոչինչ (ոչի՛նչ որ ըլլար այդքան օգտակար ու ճշդորոշ), որպէսզի հասկցուինք ընդհանրապէս։ Ո՛չ թէ ըսելու համար Տըլէօզին հետ՝ Արուեստը կը մտածէ, այլ աւելի ճիշդ ըսելու համար՝ Վստահ չէ որ արուեստը կը մտածէ ամէն ինչ, բայց առնուազն կը մտածէ ինչ որ մտածողութեան կարողութենէն անդին է։
  • Երբեմն կը պատահի որ Ժորժ Պաթայլի մասին զրուցենք (իմա՛՝ գրաւոր)։ Մեր երկուքէն՝ հաւանաբար ե՛ս եմ որ զայն ամենէն շատը կարդացած եմ, ինչ որ չի նշանակեր՝ ամենէն լաւը։ Գերինքնիշխանութեան մասին, այս օրերուս՝ իր սիրեցեալ նիւթերէն, ու յատկապէս՝ Պաթայլի մօտ գերինքնիշխանութեան մասին, այսինքն իր լեզուով՝ «վերջին մարդ»ուն, ՄՆ շատ բաներ ունի ըսելիք տակաւին, բաներ որոնք կը յափշտակեն զիս, ու կը յափշտակեն ա՛լ աւելի, որովհետեւ ինքը այդ բաները կ՚արտաբերէ չհասկցողներուն դէմ ծառանալով — ու քիչ չեն անոնք, որոնք բան չեն հասկցած Պաթայլէն, ինչ որ չ՚արգիլեր թէ զինք անընդհատ մէջբերեն։ Նաեւ ուրեմն ինծի դէմ, որ չեմ գրած Պաթայլի այդ մէկ գիրքին համար [La Souveraineté, Գերինքնիշխանութիւնը] յառաջաբան մը, հակառակ անոր որ այնքա՛ն յառաջաբաններ գրած եմ։ Ուրեմն անպակաս են չհասկցողները, կ՚ըսէ, օրինակ՝ Ագամբէնը, եթէ հետեւինք իր մեկնաբանութիւններուն։ Մէկ բացառութիւն՝ Տերիտան։
    Չեմ ճանչցած որեւէ մէկը որ ըլլար նոյնքան հետամուտ մեկնաբանութեան ու թերեւս «ճշմարտութեան» (կը չակերտեմ, հեռաւորութիւն մը պահելու համար ամէն առումով արտառոց «ճշմարտութիւն» բառով գրածիս հետ, գրածէս)։
  • Յաճախ պատահած է որ ըսէ ինծի, թէ թերեւս չէի հասկցած ինչ որ ես գրած էի, վէպիս մէջ — L’Éternel retour [«Յաւերժական վերադարձը» կամ «Յաւերժական շրջադարձը»] — որուն մասին յաճախ կը խօսի (երբ կը խօսի հետս)։ Միայն ինքը ունի այդ համարձակութիւնը — վերջին հաշուով՝ ամէն ինչ դրած էի այդ գիրքին մէջ, միակ գիրքը զոր մինչեւ ծայրը պիտի ուզէի պաշտպանել։ Բայց ճիշդ այդ պատճառով, որովհետեւ ամէն ինչ դրած էի հոն, կամ որովհետեւ այնպէս մը ըրած էի որ ամէն ինչ հոն ներկայ ըլլայ, անմիջապէս ընդունեցի իր ըսածը եւ իր ըսելը։ Եւ ի՞նչ էր իր ըսածը։ Հետեւեալն էր. ինչ որ չենք գիտեր, ինչ որ խորքին մէջ անկարելի է գիտնալը, վէպը ի՛նքը գիտէ, մեր տեղը ա՛ն է որ գիտէ։ Ճիշդ պիտի չըլլար ըսել որ չէի խորհած ես ալ նոյն բանը, բայց ես ինծի պահելով խորհածս, այսինքն առանց ատկէ բան մը հետեւցնելու, ինչպէս ինքը։ Բայց ահաւասիկ իրողութիւնը. չէի հասկցած ինչ որ ես գրած էի Նիցչէի յաւերժական շրջադարձին մասին, ու թերեւս մէկը չէր հասկցած, Նիցչէն իսկ չէր հասկցած, ու այդտեղ՝ ՄՆ իր դիտանկիւնէն հասկցած էր բան մը որ ոստում մըն է, ոչ միայն իր ընտրած դիտանկիւնէն, այլ բոլոր դիտանկիւններէն, ու վերջին հաշուով՝ նոյնիսկ իմ դիտանկիւնէս։

Ֆրանսուատը Սալ քարոզիչը ըսած կ՚ըլլայ. «Ամպիոնէն կ՚ուսուցանեմ ճշմարտութիւններ, որոնք ամբողջովին իմ հասողութենէս անդին են»։

Եւ Նիցչէն Քէօզելիցին յղած նամակներէն մէկուն մէջ. «Այդ երկու գրուածքներս [3րդ եւ 4րդ Անժամանակեայ դիտարկումները] հասկցայ միայն տասնհինգ օր առաջ»։ Աւելցնելով՝ «Գրածներս կը թերթատեմ ու առաջին անգամ ըլլալով կը զգամ որ արժանի եմ անոնց»։ Զայն կը մէջբերեմ միմիայն գրականութեան պաշտպանութիւնը հետաքրքրող բան մը մէջբերելու սիրոյն (ո ՛չ թէ իմ գրականութեանս)։

  • Հասարակաց բարեկամ մը՝ Ժան-Լիւք Նանսին, կարդա լէ ետք L’Éternel retour-ս, ինծի ըսաւ. հիանալի է, եւ այլն, բայց…։ « Բայց»ը միշտ հետաքրքրական բառ մըն է, շինուած է որպէսզի մնացեալը մոռնաս, որպէսզի բուն գրաւարկը դրոշմուի ու ղե ղիդ մէջ։ Եւ գրաւարկը պիտի ըսուէր յաջորդ նախադասութեամբ. Ինչո՞ւ «փորձագրութեամբ» մը չե՞ս ըսած նոյն բանը։ Կարճի կը կապեմ, տասնըհինգ տարի անցած է ատկէ ի վեր, սիրալիր խօսակցութիւն մըն էր մեր ունեցածը, եւ սակայն չէինք կրնար աւելի հակոտնեայ դիրքերու վրայ գտնուիլ։ Նոյն բանը փորձագրութեամբ չեմ ըսած որովհետեւ վէպը, միայն վէպը — եւ ահա՛ բան մը որ փիլիսոփան պիտի չհասկնայ, նոյնիսկ մեծ փիլիսոփայ մը — կը թոյլատրէ որ չսխալինք, նոյնիսկ երբ չենք գիտեր թէ ի՛նչ է անոր հաղորդած ճշմարտութիւնը (պանդոյրին սկզբունքը, սկզբունք մը որ կը մերժէ մտածողութեան ամենակարողութիւնը, ու մտածողութիւնը շատ բան պիտի շահէր այդ սկզբունքը որդեգրելով)։ Աւելի՛ն. վէպը միայն կը թոյլատրէ որ սխալինք, հոն իսկ ուր ո՛չ մէկ սխալ սպրդած է։ Պաթայլը նոյն բանը կ՚ըսէր, հետեւեալ ձեւով. մտածողութիւնը գրեթէ միշտ անկար է, բայց մինչեւ իսկ իր այդ անկարութիւնը կը խուսափի իրմէ։
  • Չեմ գիտեր ի՛նչ է ՄՆի պարագան, բայց ես կը հասկնամ միմիայն գրած պահուս, գրելու լման տեւողութեան։ Խելագար յաւակնութիւն (սակայն անկեղծ). գրած պահուս, գրելու լման տեւողութեան, ամէն ինչ կը հասկնամ (ու կը կենամ այն պահուն, երբ կ՚անդրադառնամ որ դադրած եմ հասկնալէ, մասամբ կամ ամբողջութեամբ)։ Իսկ ետքը, այլեւս գիտակցութիւնը չունիմ թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս գրած եմ ինչ որ գրածս եմ (Տըլէօզը նման բան մը կ՚ըսէր ի ՛ր հաշուոյն. որ գրելէ անմիջապէս ետքը՝ կը մոռնար թէ ի՛նչ բան դրդած էր զինք գրելու)։ Նոյնն է երբ կը կարդամ, ի միջի այլոց երբ ՄՆի գրածները կը կարդամ. կարդացած պահուս՝ ամէն ինչ որ հասկնամ, կը սքանչանամ կարդացածիս վրայ եւ կը սքանչանամ ես իմ հասկնալուս վրայ — բայց յետոյ կ՚անհետանայ այդ զգացումը։ Յետոյ զարմանքն է որ կը տիրէ. զարմանքը տեսնելով թէ ինչպէ՛ս մէկը կրնայ մտածումը տանիլ խելամտութեան, ցաւատանջութեան եւ կիրքի այդ աստիճանին։ Ու զարմանքին հետ՝ անկարելիութիւնը անոր ինչո՛ւն ուրիշներու բացատրելու։
  • Ինչո՞ւ այդքան լաւ կը հասկնամ չհասկցածս։ Ահա՛ ուրիշ ձեւ մը նոյն բանը ըսելու. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ «վէպ»ը միայն, ինչպէս որ կ՚ըմբռնենք վէպը ինքը եւ ես, ի վիճակի է ինծի հասկցնելու, գոնէ պահ մը հասկնալի դարձնելու, ինչ որ մինչեւ իսկ ե՛ս վերջին հաշուով չեմ հասկնար։ Հարցում մը, որուն ետեւը կը պահուըտի ուրիշ մը, աւելի նրբին. այդպիսի հասկացողութիւն մը արդեօք «վերապահուած» չէ՞ (կ՚ուզեմ ըսել. վերապահուած այն անձերուն որոնք իրենց մորթին վրայ կրած են հարցումին կողմէ ենթադրուած պատմութիւնը)։ Անն-Լիզ Սթերնը, այդ հիանալի կինը, հարցուց ինծի այդ հարցումը, իրիկուն մը, երբ միասին կը ճաշէինք Ժան-Նոէլ Վիւարնէին հետ (Վիւարնէն էր միջնորդողը). Ինչպէ՞ս կը հասկնաք այս բաները, դուք որ հրեայ չէք (խօսքը ուրիշ վէպի մը մասին էր, L’Éternel retourէն առաջ գրուած վէպը՝ La Défiguration [Դիմազերծումը])։ Պատասխանը, ինչ որ կը կարծեմ՝ պատասխանն էր, այդ իրիկունը չեկաւ միտքս անշուշտ. եկաւ շատ աւելի ուշ (երբ ուրիշ գիրք մը կը գրէի). Ինծի պէս, հրեայ կամ ոչ, այդ ամբողջը կրնայ հասկնալ ա՛ն միայն, որ մահը ճանչցած է ծնելէ առաջ։ Ինչ որ կրնամ ըսել ուրիշ ձեւով. Ա՛ն որ մահը ճանչցած ծնողներէ սերած է, ծնողներէ որոնք ճանչցած են մահը, թերեւս միայն մահը ճանչցած են, ու զաւակ շինած են մոռնալու համար զայն։ Զոր չեն մոռցած անշուշտ, ինչպէ՞ս մոռնային։ Առ առաւելն իրենց սարսափները փոխանցած կ՚ըլլան, արգանդէն իսկ, իրենցմէ սերողին։ Որքա՞ն են արդեօք ասոնք, այս վերջին դարուն երկայնքին։ Կէս ծնածներ, կէս մեռածներ, վիժուկներ։ 
  • Օր մը ՄՆ գրեց ինծի հետեւեալը. իմ յղացած ու գրած L’Éternel retourիս մէջ գրեթէ աննշմարելի կերպով ընդելուզուած այլաբանութիւններուն ընդմէջէն է (ի՛մ բառս է, չեմ կարծեր որ ինքը այդ բառը գործածած ըլլայ), որ «շրջադարձ»ը կը մտածուի իր յաւերժական անկարելիութեամբ (կամ իր անելանելի վիճակով, ճիշդ բառը սա պահուս կը վրիպի միտքէս)։ Ինչ որ ուրեմն հասարակաց է այդ «այլաբանութիւններ»ուն, եւ այդ մէկը յայտնութիւն մըն էր իմ աչքիս, այն է որ երկուքն ալ կը խօսին պատկերին մասին («Պատկեր»ին, կը գլխագրէ ինք բառը, գլխագրելու համար բառին նշածը)։ Ահաւասիկ, մէջբերումը կը քաղեմ նամակէ մը, թող ներէ զիս (այս ձեւով գոնէ՝ կ՚ըլլամ ստոյգ ու հաւաստի). «Պատկերը. մեռեալին կողմէ վերադարձուած, մեռելային պատկեր։ Թարգմանութիւնը. այն մէկը որ ուրիշ լեզուի մէջ կը փոխադրէ կամ նոյն լեզուին մէջ, եւ փոխադրելով՝ վերապրող լեզուն կը բացայայտէ, որպէս այդ, վերապրող։ Ա՛յն թարգմանութիւնը որ ոստումը կը կատարէ գերինքնիշխան լեզուէն դէպի վերապրող լեզուն։ Եւ ուրեմն ի՛նքը՝ թարգմանութիւնը միակ իմաստալից վկայութիւնն է աղիտաւոր Դէպքին մասին»։ Սեղմ ու կարճ բանաձեւումներ, որոնք ուղղակի յափշտակիչ են, հիանալի։ Սեղմ ու կարճ ըլլալնին արագ մտածելու, կամ յանկարծախօսելու հետեւանք չէ՛։ Նախ բան մը չեմ հասկնար ըսածէն, հակառակ անոր որ քսան տարիէ ի վեր կը կարդամ զինքը (բայց ինքն ալ շատ փոխուեցաւ այս վերջին քսան տարիներուն)։ Յետոյ կը հասկնամ հետեւեալը. ամէն պատկեր մեռելային է (այդ մէկը դժուար չէր, Ռոլան Պարթն էր ըսողը, բաւական տափակ ձեւով), եւ ամէն թարգմանութիւն կը մեռելացնէ (այս մէկը միայն Նշանեանն է ըսողը այդ աստիճան), եւ ուրեմն նոյն գործընթացն է, որուն համաձայն պատկերը եւ թարգմանութիւնը իրենց կամքին հակառակ կը ծնանին «վերապրող լեզու»ն, նշանեանական բառակապակցութիւն, իմ աչքիս երկար ատենէ ի վեր սրբազնացած («իմ աչքիս» ըսելով, կ՚ուզեմ ըսել՝ այն չափով որ թիւրիմացութեան չեմ մատնուած)։ Առաւել եւս սրբազնացած այն առումով որ միշտ ուզած եմ ըսել իրեն հետեւեալը. երկար ատենէ ի վեր, հոն ուր տակաւին գրականութիւն կայ, իսկապէս գրականութիւն, լեզուն չի կրնար ուրիշ բան ըլլալ եթէ ոչ վերապրող (եւ քանի որ հոս բարեկամութեան խօսքը կայ, եւ ՄՆ իր բարեկամները կը մէջբերէ յաճախ եւ ջերմեռանդութեամբ, թոյլատրեցէ՛ք որ ես ալ մէջբերեմ ուրիշ բարեկամի մը՝ Փիէռ Կիւյոթային անունը, այն գրողին որ իր ահաւոր կեանքին լման տեւողութեան՝ աշխատած է իր լեզուն փրկելու համար, այսինքն այնպէս մը ընելու որ գերինքնիշխան լեզուն ծնանի վերապրող լեզու մը, ի՛ր լեզուն, իր ստեղծած լեզուն, ստրուկներու, բոզերու լեզուն, անոնց լեզուն՝ որոնք, մտնելով յարաբերութեան մէջ, կ՚անդամահատուին, կ՚ենթակայեցուին, կը բնաջնջուին)։
  • ՄՆին չեմ պատմած տակաւին, ուրեմն նամակով, հաւանաբար բաւական յաճախակի չենք հաղորդակցիր որպէսզի պատմած ըլլայի. L’Éternel retourը պիտի վերատպուի մօտ ատենէն, նոր հրատարակութեամբ, եւ անփոփոխ։ Այո, անփոփոխ, բայց երկրորդ գիրքի մը յաւելումով, որ զայն կը շարունակէ ու ձեւով մըն ա լ՝ ծայրէն կը գրէ, կամ ճիշդն ըսելու համար — բայց տարօրինակ պիտի հնչէ — որ զայն կը կանխէ, որուն կարգավիճակը միւսէն առաջ գրուած ըլլալն է, կամ անոր գրառումն իսկ հանդիսանալն է — ուրիշ տարօրինակութիւններու կարգին (որոնց կը հասնի իր խելքը)։ Եւ «պատրաստել»ու համար ուրեմն այդ նոր (լիակատար) հրատարակութեան առաջին հատորը, պէտք ունեցայ L’Éternel retourի 2005ի առաջին հրատարակութենէն օրինակ մը ձեռք ձգելու (քովս չէր մնացած), նոյնիսկ խունացած (որպէսզի նօթագրեմ մէջը) եւ առ այդ՝ ապսպրեցի գիրքերու առուտուրով զբաղող կայքէջի մը վրայ (բաւական չէ հարստութիւնս որպէսզի ես իմ գիրքերս գնեմ, նոր վիճակով)։ Եւ քանի մը օր ետք ստացած օրինակս խունացած իսկ չէր. շատ աւելի վնասուած վիճակի մէջ էր, ամբողջ երկայնքին, գրեթէ ամէն էջի վրայ, ընդգծուած, նօթագրուած, մէկուն մը կողմէ որ փաստօրէն կարդացած էր զայն։ Մէկ քով դրի, ջղայնացած (բայց չնետեցի, չեմ գիտեր ինչո՛ւ)։

Եւ քանի մը օր ետք հետեւեալը պատահեցաւ. երբ գիրքը վերստին ձեռք առի, այդ նշումները, այդ նօթագրումները, այդ ընդգծումները սկսան յուզել զիս հետզհետէ աւելի, երբ մէկ առ մէկ աչքէ կ՚անցընէի զանոնք։ Որովհետեւ անմեղ արարք մը չէ, երբ մարդ «ինքզինքը» կը կարդայ ուրիշի մը աչքով, ոչ միայն ուրիշի մը (բարեկամի մը), այլ անծանօթի մը (այս պարագային՝ իգական սեռէ անծանօթի մը աչքով, մատիտով «Isa» գրուած էր տեղ մը), անծանօթի մը որ հասկցեր է գիրքը, որքան ե՛ս կը հասկնամ, եթէ դատեմ այն երեւոյթէն որ իր ընդգծումներն ու նօթագրումները մեծ մասամբ կը վերաբերէին այն հատուածներուն, զորս ես ալ, վերընթերցելով, կը գտնէի էական, եւ այս նոր հրատարակութեան երկրորդ հատորին մէջ վերստին ձեռք առնուած ու ընդլայնուած են։

ՄՆը ինչպէ՞ս պիտի մեկնաբանէր այս ամբողջը, եթէ իմ տեղս ըլլար։ Հաւանաբար պիտի համաձայնէր հետս, խորհելով որ «retour» բառին կրկնակի իմաստով՝ միաժամանակ շրջում մըն է եւ վերադարձ մը։ Բայց հոս նոյնքան հաստա՞տ է արդեօք իմաստը։ Կ՚ուզեմ ըսել. ներկայ պարագային՝ ես բան մը չեմ ղրկած որ ինծի վերադարձած ըլլար, այդ «Isa»յին անձնապէս բան մը չեմ հասցէագրած։ Իսկ եթէ հասցէ չկայ, ուրեմն չկայ շրջում, չկայ շրջադարձ ու վերադարձ։

Այո, բայց retour-ի երկրորդ իմաստով՝ թերեւս նորէն ալ շրջում մըն է. ինծի կը վերադառնայ (մասնակի) վերապրում մը, նոյն մահուան (հեղինակի մահուան, ընթերցող կնոջ մահուան) կրկնակի ծանուցումով։ Որովհետեւ երթ չունեցած այդ «դարձ»ին մէջ, ընթերցողը չէ՛ որ իր տեղը չի գրաւեր, գրողն է. գրողն է, որ «ինքզինք»ը կը ստանայ զինքը ընդունող եւ հասկցող (այնքան լաւ հասկցող) անձէն։ Ու մտքիս մէջ այսպէս ձեւակերպեցի իրողութիւնը, ձեւակերպումով մը որուն սխալին ե՛տքը միայն անդրադարձայ. աննախընթաց դարձ մըն է այս մէկը, գիրքի մը պարագային որուն նիւթն է Նիցչէի առումով վերադարձը, բայց որ հեղինակին կը վերադառնայ ընթերցող(ուհի)ի մահէն ետք միայն։ Ի՞նչ վերապրում կայ հոս, արդեօք ՄՆը պիտի կարենա՞յ ըսել ինծի, եւ ի՞նչ լեզուէ արդեօք, լեզուէ մը որ ի՛մս եղած ըլլայ, ու ես երբեք անդրադարձած չըլլամ որ իմս էր (քանի որ ես ինծի հետ կապակցութեամբ միայն գիտեմ թէ ի՛նչ է վերապրիլը)։

Դա՞րձ։ Վերադա՞րձ։ Revenance? Retournance? (այս բառը ֆրանսերէն կա՛ր ատենօք)։

  • Բայց այս ամբողջը կը հաւասարի գրելու արարքը ապուշ արարք դարձնելուն, կամ գրելով ինքզինք ապուշի մը վերածելու։ Գրել պէտք է ինչպէս ուրիշներ (յաճախ նոյն անձերը) կը խմեն հասկնալու համար։ Մեր ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, ՄՆ եւ ես, «յաւերժական վերադարձ»ին մասին (իրողութեան, ո՛չ թէ գիրքին), կարծեմ երբեք չենք տուած Մալքոմ Լաուրիի՝ Under the Volcano վէպի հեղինակին անունը, ինծի համար գոնէ այնքան զգլխիչ անունը (իրեն համար ալ նոյնքան զգլխի՞չ, չեմ գիտեր)։ Լաուրիի այդ գործը կատարեալ «վիպական» յեղում մըն է իմ աչքիս, հոս հասկցուած իմաստով «վիպական», եւ երկու անգամ կատարեալ, կամ կրկնակիօրէն կատարեալ։ Ու անոր քիչ ծանօթ շարունակութիւնը՝ Dark as the Grave wherein my Friend is Laid (1968ին լոյս տեսած, յետ մահու, ֆրանսերէն թարգմանութիւնը՝ Sombre comme la tombe où repose mon ami, 1970ին), զայն երրորդ անգամ ըլլալով կատարեալ կը դարձնէ։ Ահաւասիկ դար ձեր ու շրջումներ, ամէն մէկը երկրորդ կարողութեան բարձրացած, ո՛չ թէ փրկագործութեան մը հասնելու համար, այլ որպէսզի փրկելն ու փրկուիլը մէկ անգամ ընդմիշտ դառնան անկարելի։