ՊԷՏՔ է կարենանք վերակազմել գրականութեան պատմութիւնը տնօրինող մտային համակարգ մը, որուն մէջ ամենէն դրական, ամենէն դրուատալից մենագրութիւնը նուիրուած է Գարեգին Սրուանձտեանցին, այսինքն՝ մէկու մը որ կ՚աշխատէր հաւաքող բանասէրի ախորժակներով, եւ գաղափար չունէր «գրական յղացք»ին մասին։ Ահաւասիկ նախ Համապատկերի ընդհանուր Մուտքին մէջ գրուածը իր մասին.
Ինչո՞ւ այնքան մօտի կը մնայ Սրուանձտեանց վարդապետը այս ժողովուրդին հոգեկան հարստութեան գանձարանին ու գոհանայ փշրանքներով, երբ այնքան դիւրին էր իրեն համար լման գանձը գտնել, դասաւորել ու փրկել կորուստէ[1]Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա. հատոր, Երուսաղէմ, 1945, էջ 10։ Ընդգծումը ինձմէ։։
Եւ այնքան յափշտակիչ է, այնքան ապշեցուցիչ է Օշականին ըսածը այս «վարդապետի կտոր»ին մասին, այնքան բնորոշիչ է ի ՛ր իսկ ծրագիրը հասկնալու համար, որ կ՚ուզեմ անոր նուիրուած յարաբերաբար կարճ մենագրութեան առաջին էջերէն երկար հատուած մը մէջբերել հոս.
[Ան] մեզի ձգած է գործը մը որուն գինը այլեւս դարձած է անհատելի։ Կան բաներ որոնք վեր են մեր գիներէն ու սակերէն։ Ասոնցմէ է Սրուանձտեանցով փրկուած հայ հայրենիքին ամենէն ծփուն բայց ամենէն թանկ հոգեղէն դրութիւնը, նոր բառով մը՝ հայ հոգիին յօրինուածքը, անոր ներքին տարողութիւններն ու տարրերուն վրայ ձեռք ձգած սեւեռումը։ […] Սրուանձտեանց հաւաքած է այդ հողե րուն վրայ ապրող շրթունքներու ամբողջ ծորումները, այդ հողերէն ծնած դարերուն ամբողջ պատկերները, մատենադարաններուն բոլոր բարիքը, որ խուցերու, մատուռներու եւ հիւղերու պաշտելի հիւրերը եղան դարերով, ձեռագրի, զարդի, նկարի, գիրքի կերպարանքներուն ներքեւ։ Զգացած է վերջին անգամ […] այդ հայրենիքին խուլ, խորունկ, անվերածելի պատկերակերպումնե րը, որոնք իր էջերուն մէջ կը մնան ընդմիշտ շահուած։
Եւ սակայն Սրուանձտեանցի գործը հազիւ թէ կը շօշափէ գրականութեան յղացքը, այնպէս ինչպէս դրեր եմ զայն իմ աշխատանքի մուտքին։
Հայոց քաղաքակրթութեան ցեղագրական պատմութեան համար այնքան թանկ տարրեր փրկագործող այս մարդը հազիւ հազ մտածած է գրականութիւն ըսուած բանի մը կարելիութեան, չըսելու համար նոյնիսկ գոյութեան։ Բախտը ուզած է որ այս բացարձակ անշահախնդրութիւնը հանդէպ գեղարուեստին […] ականատեսի, բուն իսկ հողէն հաւաքողի կենդանի իր արդիւնքներովը՝ Գարեգին Սրուանձտեանց կ՚աւելնայ հայրենագի տութենէն, ցեղագրական ստորոգելիներէն ու կը մտնէ արեւմտահայ գրականութեան կալուածէն ներս, բաց ճակատով[2]Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ. հատոր, Երուսաղէմ, 1956, էջ 311-312։ Այս տողերը ֆրանսերէն … Continue reading։
Ուրեմն փրկութիւն մը կայ, փրկագործում մը, որուն մէջ գրականութիւնը ըստ երեւոյթին՝ դեր չունի։ Եւ սակայն այս գործողութեամբ իսկ՝ Սրուանձտեանց կը մտնէ արեւմտահայ գրականութեան կալուածէն ներս։ Սահմանին վրայ ենք, բանասիրութեան եւ արուեստին միջեւ։ Յստակօրէն՝ «լման գանձ»ը չէ կրցած փրկել, գոհացած է փշրանքներով, որովհետեւ այդ սահմանէն անդին չէ անցած, դոյզն չափով իսկ գաղափար չունէր «գրական յղացք»ին մասին։ Ու նոյնքան հասկնալի է, որ վերջին հաշուով՝ այդ պարտականութիւնը պէտք է ստանձնէր Օշական, ուղղակի շարունակելով կամ ծայրէն սկսելով վարդապետին գործը։ Այո, բայց այս ամբողջը կը բացատրէ գրական ծրագիր մը, Օշականի կողմէ լաստակերտուած։ Չի բացատրեր բանասիրական ծրագիրը, հոն ուր վերջինս գործ ունի գրական գործերու հետ։ Սրուանձտեանցի ազգագրական եւ հնախօսական գործունէութիւնը բաւական գրական չէ, կամ բնաւ չէ։ Իսկ գրողներո՞ւնը, գրականութիւն մշակողնե րո՞ւնը։ Անո՞նցն ալ բաւական գրական չէ։ Եթէ հաւատարիմ պիտի մնանք Օշականի տրամաբանութեան, Սրուանձտեանցին վերաբերող այս տողերուն մէջ, եւ ատկէ անդին, ստիպուած ենք ենթադրել որ հարցումին պատասխանը պիտի ըլլայ դրական։ Անո՛նցն ալ ուրեմն բաւական գրական չէր։ Եւ կը գտնուինք տարօրինակ յարակարծիքի մը դէմ յանդիման, որուն համաձայն բանասիրական ծրագիրին է, որ պարտականութիւն տրուած է գրականը գրականացնելու, Օշական պիտի ըսէր՝ «գրական յղացք»ը ազատագրելու։ Այդ առումով, ամէն մէկ գրող ու ամէն մէկ գործ հանգրուան մը պիտի ներկայացնեն գրական յղացքի ազատագրումի ճամբուն վրայ։ Եւ Համապատկերը պիտի ըլլայ այդ ճամբան ե ՛ւ նկարագրողը, ե ՛ւ իրական դարձնողը, երկուքը միաժամանակ եւ մէկը միւսով։ Նկարագրող-իրականացնող։ Պիտի ըլլայ գեղագիտացնող մեքենայ մը։ Ահա՛ յարակարծիքը, ահա՛ բանասիրութեան հին կոչումը, որուն ժառանգորդը ուզած է ըլլալ Օշական, շատ բնականօրէն եւ առանց փիլիսոփայելու։ Բանասիրութիւնն է, որ պիտի գեղագիտացնէ ինչ որ կը ներկայանար որպէս գրական, բայց տակաւին բաւական գեղագիտացած չէր։ «Հին կոչո՞ւմ»ը ըսի։ Առիթը պիտի ունենամ բացատրե լու, կրկին ու կրկին, որ Վիպապաշտներու ծրագիրն էր, իրենցմէ եկած կոչումն էր։ Ուրեմն այդքան ալ հին չէր։ Մէկ դար հնութիւն ունէր, ԺԸ. դարու վերջերէն սկսած։ Որպէս նկարագրող՝ ծրագիրը պատմական բնոյթ ունի անշուշտ։ Բայց որպէս իրականացնող՝ պատմական ու պատմագիտական իր դերէն դուրս կ՚ելլէ, իր առարկան կ՚այլացնէ, կ՚ազատագրէ իր սահմանափակումներէն։ Կը գեղագիտացնէ։ Ու այս բոլորը ընե լով՝ կ՚ազգայնացնէ զայն։
Բայց յարակարծիքը յաւելեալ բարդութիւն մը ունի իր մէջ, այս մէկը՝ տեղական պայմաններուն եւ պատմական եղելութիւններուն հետ առնչուած։ Սրուանձտեանցի մասին կ՚ըսէ. «Զգացած է վերջին անգամ […] այդ հայրենիքին խուլ, խորունկ, անվերածելի պատկերակերպումները…», ու իր «վերջին անգամ»ը կը բացատրէ Օսմանեան գրաքննութեան միջամտութեամբ, որ մինչեւ 1908ի արգիլեց որեւէ «տեղագրական» զեկոյց, այդ հայրենիքէն եկած կամ գալիք։ Բայց ատկէ ետք եկա՞ծը։ Այդ հայրենիքէն ամբողջական ջնջո՞ւմը մարդկային քարտէսներէն։ Այդ ջնջումէն ետք՝ այլեւս ի՞նչ կը մնայ փրկելիք։ Ի ՞նչ բան կը մնար որ գեղագիտացուելով՝ նաեւ ու միաժամանակ «ազգայնացուէր»։ Պէտք է հասկնալ որ Համապատկերը ամբողջութեամբ այդ պայմաններուն մէջ կը գրուի։ Կը գրէ ու կը նկարագրէ «գրական յղացք»ին ազատագրումը, գեղագիտացումի կ՚ենթարկէ արեւմտահայ գրական արտադրութիւնը, ազգայնացումով կը մտահոգուի, հոն ուր ո ՛չ գրական յղացք մնացած է, ո ՛չ արեւմտահայ արտադրութիւն, ո ՛չ ալ ազգայնացուելիք միջուկ։
Նոյն ծիրին մէջն ենք հաւանաբար, երբ Օշական Մնացորդացի մասին կը գրէ՝ «Իր վէպին մէջ, Օշական փրկած է անդարձ կորուստէ իր ժողովուրդէն ու անոր դրացիէն՝ Թուրքէն անփոխարինելի բարի մթերքներ…»[3]Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ. հատոր, Անթիլիաս, 1982, էջ 34-35։։ Եւ ուրիշ տեղ՝ «Օշականի վէպին մէջ բարքերու բաժինը թերեւս կը կազմէ այդ վէպին ամենէն բարձր արժանիքը» (Ժ., էջ 160)։ Ուր վերստին՝ փրկուածին ազգագրական պարունակը կը թուի ըլլալ էականը։ Բայց «ազգագրական» վերագրումը խաբուսիկ է։ Քանի որ «պէտք կա՞յ աւելցնելու որ նոյն ատեն անոնք գիտական, բանասիրական, ազգագրական հաւաքումներ չեն» (Ժ., էջ 164)։ Ցեղային բարքեր ու ժողովրդական գանձարան պէտք ունին փրկուելու, կորուստի ճամբուն վրայ էին արդէն իսկ, դատապարտուած էին, լռութեան դատակնիքին ենթարկուած էին, օսմանեան գրաքննութենէն անկախաբար։ Ինչ որ կը մնայ անոնցմէ՝ կը մնայ ընկլուզուածի հանգամանքով։ Վէպ գրելը, բայց նոյնպէս Համապատկեր գրելը կապ հաստատել է այսպէս՝ ընկլուզուածին հետ, որպէս այդ։ Իսկ «գանձը գտնել» արտայայտութիւնը զանազան ձեւերով կը վերադառնայ Օշականի մօտ, առաջին մէկ օրէն։ Ամէն անգամ՝ նոյն իրողութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ։ Օրինակ մը, նորէն Սրուանձտեանցին նուիրուած էջերէն. «… այն օրը, երբ սեբաստացի աբբա մը կղզիի մը մէջ հիմը կը դնէր մեծ գործին, հայ հայրենիքի վերագիւտին …» (Դ., էջ 310)։ Վերագիւտը (հայ հայրենիքին, լման գանձին) կ՚ենթադրէ միջամտութիւն մը։ Գիրը, իմացականութիւնը կը հաւաքեն, կը տրամադրեն ինչ որ արդէն իսկ ընկլուզուած է։ Երբ ազգագրական պահանջը կը դառնայ զգա լի, կորուստը արդէն իսկ տեղի ունեցած է։ Աւելի ճիշդ՝ գիրին միջամտութիւնը եւ աշխարհի մը ընկլուզումը փոխադարձ, մէկը միւսով պայմանաւորուած երեւոյթներ են։ Այս փոխադարձութիւնը, ինքնին էական, միշտ զանցառուած իրողութիւն մըն է, զանցառուած մանաւանդ Օշականին իսկ կողմէ, երբ կը խօսի կորուստի, փրկութեան, վերագիւտի մասին։ Բայց Օշականի գործին մէջ՝ այդ իրողութիւնը ուրիշ ձեւով մը վերադառնայ, ամենէն ուժեղ ու անսպասելի ձեւով, քանի որ կորսուածին իսկական փրկութիւնը կ՚անցնի գրականութենէն, գեղագիտացումէն։ Այդ է, որ ատենօք կը կոչէի «գրական կանգնում»ի համակարգը, որ կը տիրապետէ բնականաբար երբ օրինակ 1947ին անգամ մը եւս կ՚ըսէ՝ «Կը դնեմ պայմանը մեծ արուեստագէտին», այս ան գամ անցողակի կերպով՝ «Սասունցի Դաւիթ»ին մասին խօսելու ատեն[4]Տե՛ս Վէմունի (որ Բ. Թաշեանի ծածկանունն էր), «Օշական կը բացատրէ», Յուսաբեր ամսագիր, Դ. տարի, թիւ 14 (14 Նոյեմբեր, … Continue reading։
Համապատկերի Թ. հատորին սկիզբը, կարեւոր ծանօթութեան մը մէջ, Օշական կը բացատրէ 1914ին ծնունդ առած Մեհեանի շարժումին «զսպանակներ»ը, ու կը փորձէ սահմանել անոնց հետապնդած «ազգայնացում»ը, զատորոշումներու եւ տարբերակումներու ճամբով։
Նոր չէր այդ տղոց նիւթը, բայց նոր՝ զայն կերպադրող արուեստը։ Դարձեալ, ձախերուն հետապնդած ազգայնացումը հիմնովին հերքումն էր վաթսունի մարդոց հռետորական օգտապաշտութեան, պատմամոլութեան, լիպերալիզմին, որոնք ընկերա–քաղաքական շարժումներ էին աւելի քան գրական ուղղութիւն …։ Այս ազգայնացումը՝ դէմ մանաւանդ Մխիթարեաններուն …։ Այդ ազգայնացումը վերադարձնել էր մեր գրականութիւնը իր ցեղային հարազատութեան, խորքին, իրական մոյնքին, բայց տարբերութեամբ մը գաւառական գրականութիւն բանաձեւին տակ զետեղուած յղացքէն ալ[5]Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ. հատոր, Անթիլիաս, 1980, էջ 14։ Ընդգծումները՝ հեղինակային։ … Continue reading։
Մինչեւ հոս՝ ցեղային հարազատութեան սկզբունքը կ՚ըսուի միայն հակադրուելով նախորդ սերունդներու իրագործումներուն։ Յաջորդ նախադասութիւնները կ՚ըսեն աւելի՛ բան մը.
Ձախերը կը հաւատային իրենց ցեղին մէջ անայց շտեմարաններու յոյզէն, գեղեցկութենէն։ Այդ ընդերքը մինչեւ խորանալ, հոն պահ դրուած գանձերը բերել լոյսին։ Ասիկա կը նշանակէր արեւմտահայ գրականութիւնը ընդունիլ թերի, հատուածական, ու ընդարձակել այդ գրականութեան սահմանները Պոլսէն, Իզմիրէն, Վենետիկէն շատ անդին, դէպի Արեւելք, դէպի սիրտը մեր երկրին[6]Անդ։ Ընդգծումները հոս ալ՝ հեղինակային։։
Սիրտը ծածկուած է, երեւան չէ եկած երբեք։ Անթեղուած կրակ մըն է։ Պէտք է բոցավառի իր վերջին նշոյլներով։ Պէտք է բացուի արուեստի լոյսին մէջ։ Արուեստն է, որ «ընդերք»ը պիտի փրկէ, հողածածկ գանձարանը պիտի կենագործէ։ Գեղագիտական սկզբունքի օշականեան տարբերակը ունինք հոս։ Երկրորդաբար, ունինք անշուշտ այս ձեւով Մեհեանի շրջանին՝ «ազգայնացում»ի որոշադրումը։
Համապատկերը կ՚իրագործէ ուրեմն Մեհեանի օրերուն բանաձեւուած փրկագործական ծրագիրը, որ վերապահուած էր արուեստին։ Համապատկերի հսկայածաւալ ձեռնարկութիւնը ի կատար կ՚ածուի միայն ու միայն այդ իրագործումին համար։ Ծրագիրը բանաձեւուած էր 1914ին, հատուածումի/ամբողջացման հակադրութեան ընդմէջէն, հասարակաց՝ ամբողջ սերունդին, քանի որ նոյնանման արտայայտութիւններով կը գտնենք զայն Վարուժանի ու Զարեանի մօտ։ Մեհեանի երրորդ համարին մէջ, «Հայաստանեայց գրականութիւն» վերնագրուած յօդուած–հանգանակին մէջ, Օշական կը գրէ. «Հատուածեալ մեր գոյութիւնը ամբողջութեան տանելու համար կը սպասենք մեր Տանթէին»[7]Յակոբ Օշական, «Հայաստանեայց գրականութիւն», Մեհեան, թիւ 3, 1914, էջ 40։ Այսօր մատչելի Անգղին կտուցին տակ հատորին … Continue reading։ Արուեստագէտները պիտի ըլլան «մեծ գործաւորները», «ազգ ստեղծողները», երբ մեր առջին ունինք միմիայն «իր կեդրոնէն, իր երկրէն, իր կրօնքէն վռնտուած … խլրտուն զանգուած մը»։ Օշականի յարացոյցը 1914ին Կոմիտասն է, հոս կոչուած «աշխատանքի Վարդապետ մը», որովհետեւ իբրեւ արուեստագէտ՝ փրկագործական աշխատանքին գործաւորն էր։ Իրմէ առաջ՝ ժողովրդական գանձարանը «անայց շտեմարան» մըն էր, զոր հարկ էր «բերել լոյսին», «անտես երազի մը պէս շղարշուած … անանուն եղերերգութիւններ»ու հաւաքածոյ մըն էր, ու «աշխատանքի Վարդապետ մը մեր երգերէն ստեղծեց մեզի, օտարացածներուս համար, յայտնութեան մը չափ հրաշալի երաժշտութիւն մը»[8]Մեհեան, թիւ 3, էջ 40 (Օշական, Անգղին կտուցին տակ, էջ 38)։։ Անյայտ էին. արուեստն է, որ զանոնք կը յայտնաբերէ։
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ
Երեսուն տարի ետքը, 1944ին, նոյն կոմիտասեան յարացոյցն է, որ կու գայ բնականօրէն Օշականի գրչին տակ, երբ կ՚ուզէ բնորոշել Համապատկերի ծրագիրը։ Հատուածը կը գտնուի Ժ. հատորի այն երկար գլուխին մէջ, ուր Օշական իր կրկնապատկերին, իր «հէքիաթ»ին այցելութիւնը կ՚ընդունի խուցէն ներս, ու կը վիճի անոր հետ[9]Այդ հատուածը կ՚երկարի Ժ. հատորի էջ 372էն մինչեւ 494։։ Երկարաբանութիւններով լեցուն էջեր են ասոնք, եւ այդ պատճառով իսկ՝ երբեմն դժուար ընթեռնելի։ Դիւրութեամբ կարելի է կորսուիլ Օշականի կողմէ յարուցուած մասնակի վիճարկումներու բաւիղէն ներս։ Կարեւոր էջեր են սակայն, որովհետեւ Օշական այդ վիճաբանութեան կը ձեռնարկէ յայտնօրէն իր կեանքին ու իր գրականութեան մէջ Համապատկերին տեղը, դիրքը, նշանակութիւնը ճշդորոշելու միտումով։
Ու հարցը, ուրեմն, աւելի քան իրաւ ու եղերական — ինչո՞ւ Յակոբ Օշական անունով վտանգուած, աճպարարի մը պէս մահուան հետ աչք–կապուկ խաղցողի մը առողջութեամբ աշխատաւոր մը, իր սպառած ուժերը ոճրապարտ գիտակցութեամբ մը յատկացնէր պիտի Համապատկերին, երբ իր Մնացորդացը կը սպասէր, անաւարտ[10]Օշական, Համապատկեր, Ժ., էջ 371։ Այս հարցումին եւ հարցադրութեան պիտի վերադառնամ ընդերկար ներկայ … Continue reading։
«Հէքիաթ»ի այցելութեան նուիրուած գլուխը կը սկսի յետոյ սա տողով. «Ու կու տամ մերձաւոր գոհացում մը այդ հարցականին» (Ժ., էջ 372)։ Տրուած պատասխանին մանուածապատ ոլորտներուն պիտի չհետեւիմ առ այժմ։ Կու գամ այն հատուածին, ուր Համապատկերի ծրագիրը կը բաղդատուի Օրմանեանի «Ազգապատում»ի ծրագրին։ Օրմանեանի գլխուն փաթթուած գլխաւոր մեղադրանքը այն է, որ իր բազմահատոր պատմութիւնը իրականութեան կմախքը միայն կու տայ։ Եկեղեցիին պատմութիւնն ալ, ինչպէս գրականութեան պատմութիւնը, առիթ մը պիտի ըլլար «անձնաւորութեանց կերտումին ծիրով» ժողովուրդի մը կեանքը վերստին ապրելու ու ապրեցնելու, հետապնդելով միաժամանակ՝ «ժամանակին նուաճումը, գաղափարներու գուպարը, օտարը, բանակներ ու մորթողներ, նահատակներ ու սուրբեր» (Ժ., էջ 395)։ Օրմանեան չէ հասած անշուշտ այդ վերակենդանացման, քանի որ չէ փորձած ո ՛չ անձնաւորութիւնները վերակերտել, ո ՛չ ալ գաղափարներու աշխարհը վերստեղծել, բայց «ե թէ երբեք արդիւնքը վրիպանք մըն է, … օրինակը կը մնայ սրտառուչ» (Ժ., էջ 396)։ Օշականի սովորական կեցուածքին (ու իր սերունդի սկզբունքին) համաձայն՝ բնական է որ իրագործումը կարելի պիտի ըլլար միայն իբրեւ արուեստի գործ. «արուեստի գործերուն գերագոյնն է մեր եկեղեցիին պատմութիւնը» (Ժ., էջ 395), ինչպէս նաեւ ու հետեւաբար՝ մեր գրականութեան պատմութիւնը։ Այս համածիրին մէջ է, որ Օշական կը յիշէ երկու իրագործումներ, մօտ իրենց յղացքով ու գործադրութեամբ՝ Համապատկերի հետապնդումին։ Ահաւասիկ հատուածը.
Կու տամ անունը ուրիշ աշխատաւորի մը։ Ասիկա գրականութեան գործիքը կազմող լեզուին վրայ առաջին ընդարձակ համադրումը փորձող մարդն է, աշխարհաբար լեզուի նոր ճարտարապետը, Հ. Ա. Այտընեանը։
Այս մարդը չէ ստեղծած անշուշտ մեր քերականութեան օրէնքները, բայց դիտած է զանոնք, մինչեւ իր օրը չմտածուած նիւթերու ներսը։ Ու այդ դիտողութիւնները համակարգելով գրած է իր մագիստրոսական գործը։ Յարգ ու պատիւ իրեն։ Չէ գրած անշուշտ մեր քաղաքակրթութեան, մեր ժողովուրդին հոգին, բայց գրած անոր մշակոյթին մէկ էատարրին հիմնական կերպարանքը։ Ա՛յս է ահա կեանքին սպասը։ Կոմիտաս վարդապետ ո ՛չ մէկ երգէ հեղինակած, բայց ստեղծած է հայ երգին պատկերը, դիտելով անոր ոճը բազմասարիք փոփոխակներու մէջէն ու հասնելով իր համերգներուն սէնֆոնիք ճարտարապետութե ան։ … Ինչո՞ւ մեր պատմութիւնը չըլլար ձեռնարկուած նման հանճարային մարդոց ձեռքով[11]Օշական, Համապատկեր, Ժ., էջ 396։։
1914ին, ժողովրդական գանձը, եղերերգութիւններու տարբերակով, ընդերքէն դուրս երեւան կու գար, կը յայտնուէր, անուն կը ստանար արուեստի լուսաւոր տարրին մէջ։ Հոս՝ 1944ին, արուեստի տարրը կայ միշտ, քանի որ Համապատկերը իբրեւ գրականութեան պատմութիւն «արուեստի գործերուն գերագոյնն է», ինչպէս է ՛ր (կամ կրնար ըլլալ) պարագան Եկեղեցւոյ պատմութեան համար։ Բայց արուեստ ըլլալէ անդին, յայտնութեան ու փրկագործումի լուսաւոր տարրը հանդիսանալէ առաջ, ճարտարապետութիւն մըն է, համադրական ձեռնարկ։ Կոմիտաս երգ չէ հեղինակած, բայց ստեղծած է հայ երգին պատկերը։ Ստեղծած է զայն անշուշտ իբրեւ «համապատկեր», քանի որ հասած է իր համերգներուն մէջ անոնց համանուագային ճարտարապետութեան։ Նոյն հատուածին մէջ Հայր Արսէն Այտընեանին եւ իր հայերէն լեզուի քերականութեան յիշատակումը[12]Յիշատակումը կ՚երթայ Արսէն Այտընեանի Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի գիրքին, լոյս … Continue reading ցոյց կու տան, որ գերակշիռ փաստը հոս արուեստի գործողութեան միջամտութիւնը չէ՛ «գանձարան»ի յայտնաբերումին մէջ, այլ դիտուածը «համակարգել»ու արարքը։ Ինչո՞ւ սակայն Կոմիտասի յարացոյցին հարկ էր հոս Այտընեանի անունը կցել։ Կոմիտասի անունին նոր արժէք մը կը տրուի Համապատկերի էջերէն ներս, այո՛, երբ 1914ի յայտնութենէն կ՚անցնինք 1944ի համակարգումին։ Համապատկերի մը ծրագրին եւ համանուագային ճարտարապետութեան մօտիկութիւնը կը մնայ միայն նմանութիւն, այնքան ատեն որ չենք հասկցած «արուեստ»ի այդ ներքին աստիճանաւորումը, յայտնութենէն համակարգում։
Արուեստը այն լուսաբակն է, որուն ծիրին մէջ անայցը, անյայտն ու անանունը կը ստանան նոր օրինավիճակ մը, նոր կենդանութիւն մը։ Արուեստը տեսանելի կը դարձնէ անտեսանելին, կը գոյացնէ ինչ որ գոյութեան լուսածիրին չէր հասած։ Կը յայտնաբերէ ու կը փրկագործէ։ Նոյնը կ՚ընէ, օշականեան ըմբռնումով, վէպը, իբրեւ արուեստ։ Վէպը «դիւցազնական»ի մակարդակին կը բերէ ինչ որ «անանուն» մնացած էր, ինչ որ առասպելներու անյայտ գանձարանի մթութեան մէջ պահուած էր։ Այդ արարքը Մնացորդացի սկզբնական գործողութիւնն է։ Բայց Օշականին հետապնդածը ուրիշ բան է։ Ի՞նչ բան։ Ըստ երեւոյթին՝ պատմութիւնը, եւ ո՛չ թէ արուեստը։ «Ինչո՞ւ մեր պատմութիւնը չըլլար ձեռնարկուած նման հանճարային մարդոց ձեռքով»։ Բայց ի՞նչ ըրած են այդ մարդիկը։ Առաջինը գրական լեզուի համադրումը փորձած է, ու դարձած՝ աշխարհաբարի «ճարտարապետ»ը։ Երկրորդը հասած է սէնֆոնիք ճարտարապետութեան մը։ Երկուքն ալ եղած են իրենց առարկային (լեզուին, երգին) համակարգողները, եւ այդ ձեւով միայն բերած են զայն իր լրումին։ Արուեստը համակարգումի գործողութեան մէջ կը հասնի իր լրումին։ Օշականին հետապնդածը եթէ պատմութիւնն է ուրեմն, պատմութիւնն է որպէս արուեստ, համակարգումով իր լրումին հասած արուեստ։
Այս բնաբանը՝ «պատմութիւնը որպէս արուեստ» կը ձգէ մեզ սակայն նոյն դժուարութեան առջեւ, չի բացատրեր արուեստի աստիճանաւորումը՝ յայտնութենէն համադրում, չի բացատրեր պատմութեան եւ արուեստին հասարակաց արմատը։ Որովհետեւ եթէ պատմութիւնը կը հետապնդուի որպէս արուեստ, յստակ է որ փոխադարձաբար՝ արուեստը իր մէջ պիտի ունենայ «պատմական» եզր մը, իբրեւ էատարր։ Ինչ որ Օշական համակարգում մը կոչէ, անոր զանազան փոփոխակներով՝ համադրում, համապատկեր, համանուագ, համերգ, խորքին մէջ ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ այդ պատմական եզրը։ Դիտանկիւնի զարմանալի շրջափոխութեան մը հանդիսատեսները կ՚ըլլանք այս ձեւով։ Համակարգումը լեզուական օրէնքներու կամ երգի ոճական փոփոխակներու ճարտարապետական կառուցուածքը չէ՛։ Այդ կառուցուածքը արդիւնք է միայն։ Այտընեան կը նկարագրէ գրական լեզուի վերջին ու վերջնական վիճակ մը։ Գրական լեզուի այդ «վերջնական» բնոյթը, ըլլալու համար, էանալու համար իբրեւ վերջնական, կը պահանջէ ճարտարապետի մը միջամտութիւնը։ Ճարտարապետը իր համակարգումով՝ վերջնականութեան կնիքը կը դնէ գրական լեզուին վրայ։ Կը «վերջնականացնէ» լեզուն։ Ինչ որ կը մատնանշէ նաեւ որ լեզուն վերջացած է, երբ ճարտարապետը կը միջամտէ։ Այսինքն ա) լեզուն իր լրումին հասած է, ու բ) լեզուն իր աւարտին հասած է։ Երգին պարագան նոյնն է, ու մինչեւ իսկ՝ աւելի բացայայտ է ան։ Կոմիտասեան դիմագիծով՝ համանուագի ճարտարապետը կը միջամտէ երբ կենդանի երգը հասած է իր վերջաւորութեան, բայց ո՛չ տակաւին իր վերջնականութեան։ Կոմիտաս ուրեմն կ՚արձանագրէ ժողովրդական երգը իր ամբողջական շիջումի եզրին։ Փրկելով զայն արուեստի ծիրին մէջ՝ կ՚արձանագրէ անոր վերջաւորութիւնը ու նոյն արարքով՝ կը «վերջնականացնէ» զայն։ Երկու պարագաներուն՝ գործ ունինք վախճանական փորձառութեան մը հետ, որուն վրայ շեշտը չէ դրուած հոս Օշականի կողմէ, որ սակայն բացայայտ է։ Արուեստը ըստ էութեան՝ վախճանական բնոյթ ունի։ Վախճանական փորձառութիւն եւ վախճանական գործողութիւն։ Այս «դրոյթ»ը հասարակաց գետինն է (պիտի ըսէի գրեթէ՝ հասարակաց տեղիքը), որուն վրայ գեղագիտական սկզբունքի երեք մեծ ներկայացուցիչները՝ Օշական, Վարուժան եւ Զարեան կը միանան իրարու։ Վախճանական արուեստի հարցը խնդրոյ առարկայ պիտի դառնայ նորէն աւելի անդին, երբ քննենք այն հատուածները, ուր Օշական աւելի հանգամանօրէն կ՚անդրադառնայ այդ փորձառութեան ու այդ գործողութեան։
ԺԱՄԱՆԱԿԸ… ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻՆ ՆԵՐՍԸ
Արուեստին վախճանականութեան հետ առնչուած կարեւոր կէտ մը եւս կայ։ Երգին ու լեզուին վերջաւորութիւնը եւ ուրեմն «վերջնականացում»ը վիճակներ չեն, այլ՝ արդիւնքներ։ Այտընեան քերականութեան օրէնքները կը նկարագրէ, իբրեւ լեզուի պատմութեան յանգումը։ Պատահական չէ բնաւ, թէեւ Օշական չի յիշեր այդ հանգամանքը, որ Քննական քերականութիւն հատորին սկիզբը դրուած ըլլայ երեք հարիւր էջնոց յառաջաբան մը, ներկայացուած որպէս հայերէն լեզուի պատմութիւն, սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, որուն առաջին էջերուն կը կարդանք հետեւեալը.
Անտարակոյս է, որ լեզուն իւր յառաջդիմութեան, անկման ու վերանորոգութեան վիճակներովը՝ անվրէպ ծանրաչափ մը կ՚ըլլայ մարդկութեան փոփոխմանցը մէջ ազգի մը նիւթական, բարոյական եւ գլխաւորաբար մտաւորական կենացը յաջող կամ անյաջող վիճակին։ Եւ աս է լեզուի պատմական նշանակութիւնը։ Ուստի ինչպէս ամէն պատմութիւն՝ նոյնպէս այս մասնական (լեզուի) պատմութիւնը՝ պատճառախնդիր համեմատութեանց արժանի է…[13]Այտընեան, Քննական քերականութիւն, էջ 27։ «Պատճառախնդիր» բառը պէտք ունի բացատրութեան։ Պէտք չէ մոռնալ որ այս … Continue reading
Կոմիտասի երաժշտական ճարտարապետութեան յանգումին մէջ՝ պատմական շարժընթացը չ՚երեւիր անշուշտ իբրեւ կազմաւորիչ եզր։ Այդ պատճառով է հաւանաբար, որ Կոմիտասի «յայտնութեան մը պէս» գեղեցիկ երգերու կողքին՝ կը դրուի Այտընեանին անունը որպէս յաւելեալ յարացոյց։ Այս վերջինն է ի հարկէ, որ երեւան կը բերէ կարգաւորումին, այսինքն՝ լրացած արուեստին պատմական եզրը։ Պէտք է ընդունիլ, որ համերգին ու համանուագին մէջ՝ «պատմական» տարողութիւնը պիտի մնար անյայտ, եթէ չըլլար յաւելեալ յղումը։ Կը բաւէ սակայն այդ ճարտարապետութիւնը հասկնալ իբրեւ ինչ որ է ան, այսինքն՝ իբրեւ յանգում, ուրեմն՝ իբրեւ լրում ու վախճան, որպէսզի նոյն պահուն՝ երեւան գայ անոր էացումին գլխաւոր բաղադրիչը՝ ժամանակը։ Օշական կրնայ պատմութիւնը հետապնդել որպէս արուեստ, որովհետեւ արուեստը, իր ներքին աստիճանաւորումով՝ յայտնութենէն դէպի համակարգում, կ՚ենթադրէ ինչ որ կը կոչենք ժամանակ։ Ժամանակը իբրեւ կորիզ, ժամանակը իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ, ժամանակը իբրեւ էատարր։ Ժամանակը կը յայտնուի որպէս էատարր, երբ գիտակից ենք արուեստի վախճանական տարողութեան ու էութեան։ Երբ Օշական կ՚ըսէր տարբեր շրջարկի մէջ, թէ Մնացորդացով կ՚ուզէր Աղէտը փրկել ժամանակէն, այդ մէկ նախադասութեան մէջ կը հաւաքէր վախճանականը, արուեստը եւ ժամանակը։ Կարճ բացատրութեամբ մը, «փրկել ժամանակէն» կը նշանակէ հոս՝ փրկել ա՛յն ժամանակէն՝ որ մնացած է վախճանէն դուրս, այն ժամանակէն՝ որ մտածուած է «վերջնականացում»էն անկախ։
Թերեւս աւելի հասկնալի ըլլայ հիմա, թէ ինչո՛ւ Այտընեանի քերականութիւնը եւ Կոմիտասի համերգները «կը լուսաւորեն» հարցը, երբ առաջին ակնարկով այնքան ալ բացայայտ չէր քերականութեան մը եւ համանուագի մը կապը Համապատկերի պատմական ծրագիրին հետ։ Ըսի որ Օշական պատմութիւնը կը հետապնդէ որպէս արուեստ։ Այդ պատճառով եւ այդ իմաստով միայն՝ Համապատկերը վէպ մըն է, եւ «ամէն մէկ հեղինակ նոյն ատեն հերոս մըն է ընդարձակ վէպի մը, որուն անունն է դարձեալ արեւմտահայ գրականութիւն» (Ա., էջ 25)։ Բայց եթէ Օշական կրնայ հետապնդել պատմութիւնը որպէս արուեստ, պատճառը այն է, որ արուեստի խորքին՝ կայ ժամանակը, վերջնականացնող, վախճանականացնող ժամանակը։ Հակառակ ուղղութեամբ՝ կ՚ուզէ հետապնդել պատմութիւնը որպէս համակարգում, համադրում, որովհետեւ ասոնք ուրիշ բան չեն եթէ ոչ պատմական եզրը արուեստին մէջ, գրեթէ միշտ անյայտ, չկասկածուած։ Ո՞ւր կ՚երեւի պատմական եզրը։ Հոն՝ ուր արուեստը վերջաւորութենէն ետքը կու գայ, կը կատարելագործէ վերջաւորութիւնը, կը վերջնականացնէ զայն, ինչպէս Կոմիտասի պարագային։ Արուեստը իբրեւ յանգում։
Այս կարճ վերլուծումը կորիզային ձեւով իր մէջ կը պարունակէ Օշականի գործին, ժամանակաշրջանին, գրական ու քննադատական ծրագիրներուն շուրջ եղած ու գալիք բոլոր վերլուծումներուն դժուարութիւնը։ Գաղափարներուն մէջ չէ՛ ան։ Դժուարութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ ամէն վերլուծում կը վկայակոչէ բոլոր եզրերու, բոլոր դիտանկիւններու միջամտութիւնը։ Ինչպէ՞ս հասկնալ օրինակ՝ արուեստը իբրեւ «պատմական» համակարգում, եթէ չմիջամտեն վերջնականացումը, յանգումը որպէս արուեստին բուն իրագործումը, եւ ուրեմն՝ վախճանական փորձընկալումն ու գործողութիւնը։ Ինչպէ՞ս հասկնալ Համապատկերի պատմական առաջադրանքին ներքին յղումը էապէս անպատմական թուացող իրագործումներու։ Ստիպուած ենք անդադար վերստեղծել Օշականի յայտարարութիւններուն, վերակոչումներուն, խորագոյն ենթադրեալը, ենթահողը, տրամաբանութիւնը։ Խորագոյնը այն է, որ ժամանակը վախճանին կարողականութիւնն է։ Կայ հետեւաբար, իբրեւ յետնամաս, չըսուած բայց ամենուրէք ենթադրելի, ժամանակը փրկելու անհրաժեշտութիւնը։ Բացատրեցի վերը, որ «Աղէտը փրկել ժամանակէն» խօսքը պէտք չէ շփոթութեան մատնէ մեզ։ Աղէտը պէտք է փրկել, այո՛, անվախճան, գծային, անցողական ու սրբագրելի ժամանակէն, այլ խօսքով՝ դիպուածներու ժամանակէն։ Այդ կը նշանակէ, որ պարտքին տակն ենք Աղէտին ժամանակը փրկելու, այսինքն՝ ժամանակը փրկելու իբրեւ Աղէտին կարողականութիւնը։
Օշական զանազան տեղեր շատ գիտակից կերպով ըսած է արուեստին եւ ժամանակին միջեւ առնչութիւնը։ Քանի մը օրինակներ պիտի տամ հոս, արագ ձեւով, առանց վերլուծումի։ Առաջին օրինակը կու գայ Մնացորդացէն, ուր սկիզբը, երբ գիւղին տէրտէրը կը պատրաստուի վէպին ամբողջ առաջին մասը գրաւող ու անոր նախամուտը կազմող հէքիաթը պատմելու, կը կարդանք հետեւեալը. «Ան չէր գիտեր ժամանակին իմաստը։ Ու ժողովրդական ամէն յօրինումի նման կը դիզէր մէկ անձի վրայ այնքան դրուագ … որ մտիկ ընողը կը վերանար իրողութեանց պարունակէն ու կը թաղուէր հէքիաթին ծոցը»[14]Յակոբ Օշական, Մնացորդաց, Ա. հատոր, երկրորդ հրատարակութիւն, Անթիլիաս, 1988, էջ 38։։ «Ան»՝ տէր տէրն է ան շուշտ, բայց նախադասութեան շարունակութիւնը ցոյց կու տայ, որ նոյնքան եւ աւելի՝ ժողովրդական պատմումն է, ընդհանուր առումով՝ առասպելը, այսինքն՝ ինչ որ չէ փոխադրուած տակաւին արուեստի ծիրին մէջ։ Առասպելէն արուեստ անցքին մէջ՝ կայ ժամանակի հարց մը, ժամանակի իմաստին գիտակցելու խնդիր մը։ Չեմ մանրամասներ։ Երկրորդ օրինակը կու գայ Համապատկերէն, ուր Գրիգոր Զօհրապին նուիրուած մենագրութեան մէջ, Օշական յանկարծ կ՚անդրադառնայ «երկու մեծ բռնութիւններուն», որոնց ենթարկուած էր մեր գրականութիւնը[15]Յ. Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե. հատոր, Երուսաղէմ, 1956, էջ 153։։ Մէկը՝ ժամանակն էր։ Միւսը՝ «քաղաքական ճակատագիրը»։ Գրականութեան ճիտին նստած առաջին «բռնութեան» մասին կ՚ըսէ.
Ատոնցմէ առաջինը ժամանակն էր ու է, որ մեր բոլոր գրողները պահեց իր երկաթ կապանքին տակ։ Տեւողութիւնը արուեստի գործին համար այն է, ինչ որ է արեւը պտուղին համար[16]Նոյն տեղը։ Տուած մէջբերումս հեռուէն միայն կը յուշէ հատուածին պարունակած ամբողջ ուժն ու նշանակութիւնը. ամէն … Continue reading։
Ժամանակը՝ բռնութի՞ւն։ Կ՚ուզէ ըսել անշուշտ՝ ժամանակի պակասը, ժամանակին բացակայութիւնը։ Հատուածը կը թելադրէ որ ժամանակը արուեստին արեւն է։ Չեմ խորանար հոս ալ, հասկնալու համար թէ ինչպէ՛ս կը գործէ ան, թէ ինչո՞ւ երբեմն կը բացակայի, խաւարի մատնելով աշխարհը։ Այդ բացակայութեան, այդ զեղծումին մասին կը խօսի Մնացորդացը, նախ՝ բանտ նետուած Սողոմին, յետոյ՝ նոյն խուցին մէջ գտնուող հարիւր տարուան դատապարտեալներուն մասին երբ կ՚ըսէ.
Ժամանակի զգայութեան այս ձեւազեղծումը անգիտակից անոր մօտ, իբր հետեւանք թերեւս բնախօսական օրէնքի մը, որ ա ՛լ անպէտ գործարան մը կը ձգտի խցել, կուրցնել մարմինէն։ Հարիւր մէկ տարուան, որ անոր պատիժին տախտակն էր, տեւողութեան յղացքը խաթարած էր անոր ուղեղին մէջ[17]Յ. Օշական, Մնացորդաց, Բ. հատոր, Անթիլիաս, 1988, էջ 489։։
Այս պարագային անշուշտ՝ արուեստի եւ ժամանակի առնչութիւնը չէ՛ խնդրոյ առարկան, բայց այդ խաթարումի ծայրագոյն կէտէն կը բխին Օշականի բոլոր վէպերը։ Ատկէ կը բխի նաեւ Համապատկերը, որպէս արեւմտահայ հեղինակներուն «վէպ»ը։ Մնացորդացի արգանդէն զատուած չորս վէպերուն (Հարիւր մէկ տարուան «եռանկար»ին եւ Մաթիք Մելիքխանեանին) եւ անոնց «հերոսներ»ուն (Մաթիքէն զատ՝ Հաճի Մուրատ, Հաճի Ապտիւլլահ եւ Սիւլէյման Էֆենտի), Օշական կը գրէ.
Չորսն ալ մահապարտներ են։ Մահը լուծում մըն է։ … Բայց վէպը վերջաբանով չ՚ապրիր։ Անիկա մարմին մըն է, մահուան ծոցը իյնալէ առաջ։ Օշական, արդարօրէն, կը խորհի նախամահին, այսինքն՝ կեանքի ա՛յն հանդէսին, որ իւրաքանչիւր մահապարտը կը պաշտպանէր, նախքան նկուղը, գերեզմանը հարիւր մէկ տարուան արգելափակումին[18]Համապատկեր, Ժ., էջ 184։ Ընդգծումը՝ ինձմէ՛։։
Ինչ որ վերը կոչեցինք «վախճանական ժամանակ»ը, այսինքն՝ ժամանակը որպէս վախճանին կարողականութիւնը, հոս բացայայտօրէն կ՚երեւի Օշականի գրչին տակ «նախամահ» բառով, որուն կազմութիւնը արդէն իսկ ապշեցուցիչ բան մը ունի իր մէջ։ Վէպը նախամահի հանդէսն է։ Նոյն բանը պէտք է լսելի ըլլայ բնականաբար Համապատկերի պարագային։ Այս հարցերուն պիտի վերադառնամ աւելի ուշ։ Կ՚արձանագրեմ հոս միայն այն շքեղ նախադասութիւնը, Համապատկերի մը ծրագիրը եւ նշանակութիւնը պարզող.
Եւ որովհետեւ կեանքի ապրուած ժամանակը հազիւ մեզի կը թելադրէ իր անհունութիւնը, մեռնելէ վերջը կը գտնէ իր շքեղ տարողութիւնը արուեստի գործին ներս[19]Համապատկեր, Ժ., էջ 320։։
Այս նախադասութենէն անմիջապէս ետքը, Օշական կ՚աւելցնէ. «Համապատկերի ընթացքին մէկէ աւելի անգամներ Օշական կատարած է այդ աշխատանքը»։ Ժամանակին անհունութիւնը աշխատանք մը կը պահանջէ։ Արուեստի գործը, ինքն իրմով, չի պարունակեր, չի ցուցաբերեր, իր լրումին չի հասցներ այդ անհունութիւնը։ Պէտք ունի նոր, կրկնակի աշխատանքի մը, որ համակարգումի աշխատանքն է։ Անշուշտ «արուեստի գործին ներսը» բառերը կրնան յղուիլ երկու բանի. ա) արեւմտահայ գրականութեան պատկանող գործերուն, որոնք պէտք ունին Համապատկերին մէջ կատարուած համակարգումի աշխատանքին, որպէսզի անոնց մէջ ժամանակը հասնի իր շքեղ տարողութեան, իր անհունութեան. բ) Համապատկերին իսկ, իբրեւ արուեստի գործ։ Երկու պարագաներուն՝ արուեստը իր վախճանին հասած ժամանակէն ետքը կու գայ։ Կը սնանի ժամանակի անհունութենէն։ Աւելի ճիշդ ըլլար հաւանաբար ըսել՝ արուեստն է, որ ժամանակին կը վերադարձնէ իր անհունութիւնը, արուեստն է որ կը վերակենդանացնէ աւարտած ժամանակը։ Իսկ «ժամանակի միջամտութիւնը հոմանիշ է պատմութեան» (Ժ., էջ 321)[20]«Հոմանիշ է պատմութեան» բառերը ընդգծուած են Օշականի կողմէ։։
Այս հատուածին սկիզբէն ի վեր՝ պատմութիւն եւ արուեստ կը փոխարինեն իրենց յատկանիշները, փոխն ի փոխ կը կրեն իմաստին ծանրութիւնը։ 1914ին, Կոմիտասի անունը գեղագիտական սկզբունքի հասարակաց մտայնութեան համաձայն՝ կը տրուէր իբրեւ անյայտին յայտնութիւնը իրագործող երեւոյթին ցուցանիշը։ 1944ին, նոյն անունին երեւումով, շեշտը կը դրուէր համակարգումի գործողութեան վրայ։ Համակարգումը պէտք է հասկցուի միշտ «պատմական» տարողութեամբ, նոյնիսկ Կոմիտասի եւ Այտընեանի պարագաներուն։ Այդ ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ էր «ժամանակ»ի միջամտութիւնը, հետեւաբար՝ արուեստի եւ ժամանակի կապակցութեան արագ բացայայտումը։ Բնականաբար՝ իսկական համակարգումը տեղի կ՚ունենայ Համապատկերի ծրագիրով, քանի որ ասոր հիմնանիւթն իսկ պատմական է։ Այս ուղղութեամբ նաեւ՝ մասամբ հասկնալի է թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս «արուեստի գործերուն գերագոյնն է մեր Եկեղեցիի պատմութիւնը»։ Կրնայ վէպ դառնալ, վէպ մըն է արդէն իսկ, արուեստի գործերուն գերագոյնը ըսուելու աստիճան, ինչպէս վէպ մըն է արեւմտահայ գրականութիւնը։
Ուշագրաւը սակայն այն է, որ նոյնիսկ համադրական ծրագրին մէջ՝ Օշական կը հետապնդէ յանգումը, վերջնականացումը։ Արդ՝ վախճանականը (ուրեմն արուեստը իբրեւ վախճանական փորձառութիւն եւ փորձընկալում) իր մէջ ունի պարտադրաբար պատմական տարողութիւն։ Այս կէտը բացայայտ չէր Կոմիտասի պարագային ու պահանջեց մեզմէ ոլորապտոյտ վերլուծումներ։ Ժամանակը կը բնակի արուեստին մէջ։ Ժամանակը մինչեւ իսկ՝ արուեստին կորիզը կը կազմէ։ Ի՞նչ է սակայն ժամանակը։ Վախճանին կարողականութիւնն է։ Միայն պատմութիւնը, արուեստ դարձած պատմութիւնը, կրնայ փրկել ժամանակը իբրեւ այդ, իբրեւ վախճանի կարողականութիւն։
↑1 | Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա. հատոր, Երուսաղէմ, 1945, էջ 10։ Ընդգծումը ինձմէ։ |
---|---|
↑2 | Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ. հատոր, Երուսաղէմ, 1956, էջ 311-312։ Այս տողերը ֆրանսերէն թարգմանութեամբ մէջբերած եմ Le Deuil de la philologie գիրքիս մէջ (Ժընեւ, 2007, էջ 92)։ Առաջին տողին վրայ տպուած տարբերակը կ՚ըսէ «բառեր»։ Սրբագրեցի ու տեղը դրի «բաներ»։ Ուրիշ կէտեր ալ կասկածելի են մէջբերուած այս հատուածին մէջ, ինչպէս «անհատելի» եւ «պատկերակերպում» բառերը։ |
↑3 | Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ժ. հատոր, Անթիլիաս, 1982, էջ 34-35։ |
↑4 | Տե՛ս Վէմունի (որ Բ. Թաշեանի ծածկանունն էր), «Օշական կը բացատրէ», Յուսաբեր ամսագիր, Դ. տարի, թիւ 14 (14 Նոյեմբեր, 1947)։ |
↑5 | Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ. հատոր, Անթիլիաս, 1980, էջ 14։ Ընդգծումները՝ հեղինակային։ Այս տողերը մէջ բերած էի ատենօք «Գրական կանգնումը» ուսումնասիրութեանս մէջ (ԿԱՄ, 3-4, 1986, էջ 207-209) ու Âges et usages de la langue arménienne գրքիս մէջ (Փարիզ, 1989, գլուխ 9, էջ 361-362)։ |
↑6 | Անդ։ Ընդգծումները հոս ալ՝ հեղինակային։ |
↑7 | Յակոբ Օշական, «Հայաստանեայց գրականութիւն», Մեհեան, թիւ 3, 1914, էջ 40։ Այսօր մատչելի Անգղին կտուցին տակ հատորին մէջ (Պէյրութ, 2008), էջ 39։ Յաջորդ երկու մէջբերումները նոյն էջէն կու գան։ |
↑8 | Մեհեան, թիւ 3, էջ 40 (Օշական, Անգղին կտուցին տակ, էջ 38)։ |
↑9 | Այդ հատուածը կ՚երկարի Ժ. հատորի էջ 372էն մինչեւ 494։ |
↑10 | Օշական, Համապատկեր, Ժ., էջ 371։ Այս հարցումին եւ հարցադրութեան պիտի վերադառնամ ընդերկար ներկայ աշխատասիրութեան 3րդ բաժնին մէջ, այս անգամ՝ «վկայութեան կառոյց»ի հարցէն մեկնելով։ |
↑11 | Օշական, Համապատկեր, Ժ., էջ 396։ |
↑12 | Յիշատակումը կ՚երթայ Արսէն Այտընեանի Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի գիրքին, լոյս տեսած Վիեննա, 1866ին։ Տրամադրելի է այսօր նոր հրատարակութիւն մը, նոյն բովանդակութեամբ, Երեւան, 1987։ Գիրքին սկիզբը կայ 300 էջը անցնող «Նախաշաւիղ» մը, «Արդի հայերէն լեզուի ծագումն, էութիւնը, պատմութիւնն ու ներկայ վիճակը» ընդհանուր վերնագրով, որ հայերէն լեզուի պատմութիւն մը կը հրամցնէ, սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը։ Կ՚ենթադրեմ որ Օշական նկատի ունէր այդ նախաշաւիղը նոյնքան, որքան՝ բուն քերականութիւնը։ |
↑13 | Այտընեան, Քննական քերականութիւն, էջ 27։ «Պատճառախնդիր» բառը պէտք ունի բացատրութեան։ Պէտք չէ մոռնալ որ այս գիրքը Վիեննա լոյս տեսած է, գերմանալեզու շրջարկի մէջ։ Վիեննայի Մխիթարեանները «պատճառախնդիր» բառը (եւ գաղափարը) փոխ առած էին ԺԸ. դարու Գերմանիոյ պատմագիտութենէն։ Այդ հոսանքին մեծ ներկայացուցիչն էր Հ. Յովսէփ Գաթրճեան իր երկհատոր Տիեզերական պատմութիւն ի սկզբանէ աշխարհիս ցմեր ժամանակս գիրքով (1849 եւ 1852)։ ԺԸ. դարու գերմանալեզու պատմագրութեան մասին, տե՛ս Peter Reill, The German Enlightenment and the Rise of Historicism, Berkeley, Univ. of California Press, 1975։ Տե՛ս նաեւ իմ «Enlightenment and Historical Thought» յօդուածը, Enlightenment and Diaspora, The Armenian and Jewish Cases, ed. by Richard Hovannisian and David Myers, Atlanta, Scholars Press, 1999, էջ 98։ |
↑14 | Յակոբ Օշական, Մնացորդաց, Ա. հատոր, երկրորդ հրատարակութիւն, Անթիլիաս, 1988, էջ 38։ |
↑15 | Յ. Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ե. հատոր, Երուսաղէմ, 1956, էջ 153։ |
↑16 | Նոյն տեղը։ Տուած մէջբերումս հեռուէն միայն կը յուշէ հատուածին պարունակած ամբողջ ուժն ու նշանակութիւնը. ամէն պարագայի՝ կը կարօտի մեկնաբանութեան, որպէսզի առնուազն՝ երկու «բռնութիւններ»ուն (ժամանակի եւ քաղաքական ճակատագրի) միջեւ էական առնչութիւնը հասկնալի դառնայ։ Հատուածը վերլուծումի մաղէն անցուցած էր ատենօք Գ. Պըլտեան իր «Յակոբ Օշական եւ արեւմտահայ նորավէպը» յօդուածով, Բագին, Սեպտեմբեր, 1980։ Նոյն այդ յօդուածը լոյս տեսաւ Սփիւռքահայ գրականութիւն տարեգիրքին մէջ, Երեւան, 1989, էջ 293-321։ Այսօր՝ Մարտ հատորին մէջ տրամադրելի է, զգալի փոփոխութիւններով (Գրիգոր Պըլտեան, Մարտ, Անթիլիաս, 1997, էջ 51-82)։ Վերջապէս, «արուեստ եւ ժամանակ» նիւթին շուրջ՝ ընթերցողը կը յղեմ Յակոբ Օշականի մասին իմ գրքիս՝ Le Roman de la Catastrophe, Ժընեւ, MétisPresse, 2008, էջ 133-140։ |
↑17 | Յ. Օշական, Մնացորդաց, Բ. հատոր, Անթիլիաս, 1988, էջ 489։ |
↑18 | Համապատկեր, Ժ., էջ 184։ Ընդգծումը՝ ինձմէ՛։ |
↑19 | Համապատկեր, Ժ., էջ 320։ |
↑20 | «Հոմանիշ է պատմութեան» բառերը ընդգծուած են Օշականի կողմէ։ |