ՊԷՏՔ է կարենանք վերակազմել գրականութեան պատմութիւնը տնօրինող մտային համակարգ մը, որուն մէջ ամենէն դրական, ամենէն դրուատալից մենագրութիւնը նուիրուած է Գարեգին Սրուանձտեանցին, այսինքն՝ մէկու մը որ կ՚աշխատէր հաւաքող բանասէրի ախորժակներով, եւ գաղափար չունէր «գրական յղացք»ին մասին։ Ահաւասիկ նախ Համապատկերի ընդհանուր Մուտքին մէջ գրուածը իր մասին. Կարդալ աւելին
Սփիւռքահայ թատերագիրներու վտիտ ցանկին մէջ, Օշական թատերագիրը թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու ուշադրութիւնը հազիւ թէ հրաւիրած է իր վրայ ցարդ, հակառակ հեղինակին յօրինած շուրջ 15 թատերախաղերուն։ Թէեւ անոնցմէ մէկ քանին արժանացած են ցանցառ բեմադրութիւններու, Օշական թատերագիրը կը շարունակէ մեծաւ մասամբ հայկական բեմերէն բացակայիլ տակաւին։ Ըստ Վահէ Օշականի, այս... Կարդալ աւելին