Նշանեան
Րաֆֆի Աճէմեան

ԳՐԻԳՈՐ ՄՈՄՃԵԱՆ

Գրիգոր Մոմճեան ամբողջական արուեստագէտ մըն է։ Պէյրութէն մինչեւ Հոլանտա, ուր կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ 45 տարիէ, անցնելով Երուսաղէ­մէն, Ֆիրենցէէն ու Փարիզէն, ան հետամուտ եղած է ներսէն եկող զգացումի մը դրսեւորումին, մասնաւորաբար ապաւինե­լով գոյնի ու գիծի հանդէպ վաղ տարիքէն յայտնուած հետաքրքրութեան ու ձիրքին, բայց ոչ միայն։ Փայլուն աշակերտ, Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանը ա­ւարտելէ ետք ուսման ծարաւը զինք կը նե­տէ Սուրբ Քաղաքի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ուր կը մնայ 1961-1964 տա րինե­րուն։ Բախտ մըն է այս մէկը, որ վանքի խնկաբոյր ու խորհուրդներով լի մթնոլոր­տին մէջ պիտի կազմաւորէ զգայուն պա­տանիին ոգին, խորունկ ազդեցութիւն գործելով անոր հոգեկան աշխարհին զար­գացման վրայ։ 1964ին կրկին Պէյրութ է ու պաքալորիան ամբողջացնելու համար կը յաճախէ Յովակիմեան-Մանուկեան վար­ժարանը, որմէ ետք հազուագիւտ հայ ուսանողներէն կ’ըլլայ ան՝ ընդունուելու Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուես­տից հիմնարկը, որուն հնգամեայ ծրագի­րը կ’աւարտէ առաջնութեամբ ու լիբանանեան պետութեան կողմէ շնորհուած մրցա­նակ-կրթաթոշակով կը մեկնի Ֆիրենցէ, ուր տարի մը իտալական միջնադարու արուեստը ուսումնասիրելէ ետք՝ կ’անցնի Փարիզ ու կը հետեւի տեղւոյն Գեղարուես­տից, ինչպէս նաեւ Կիրառական արուեստ­ներու բարձրագոյն վարժարաններու դասընթացքներուն։ 1975ի գարնան երբ կը պատրաստուի վերադառնալ Պէյրութ պե­տական պայմանագրին համեմատ դասա­խօս դառնալու հեռանկարով՝ օդակայանը կը փակուի։ Ծայր տուած է արդէն Լիբա­նանի քաղաքացիական պատերազմը, ո­րուն հետեւանքով պիտի սկսի հայկական Պէյրութի լաւագոյն տարրերուն աշխար­հով մէկ սփռումը, Սփիւռքի համաշխար­հայնացումը։ Մոմճեան քանի մը տարի կ’աշխատի որպէս ներքին յարդարանքի ճարտարապետ, յղանալով ու գեղազար­դելով փարիզեան շարք մը խանութներ։ «Շաբաթը չորս օր կ’աշխատէի»՝ կ’ըսէ ան, «ապրուստս վաստկելու համար, իսկ

Երեք օր գիշեր-ցերեկ կը գծէի։ Պայմանս այդ եղած էր աշխատանքի լծուելէս առաջ։ Ապա սիրահարուեցայ», կը շարունակէ ան՝ «ու հոլանտուհի տիկնոջս հետ ամուսնանալէ ետք, 1979ին որոշեցինք հաստատուիլ Հոլանտա», ուր կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ ան մինչեւ օրս։ «Նախատեսուած չէր», կը շարունակէ ան։ «Կ’ուզէինք յարմար տեղ մը հաստատուիլ ուր կարենայինք ապրիլ։ Երբ կնոջս ծննդավայրը այցի եկանք առաջին անգամ, անմիջապէս ըսի իրեն՝ փնտռածս ա՛ս է։ Սիրահարուեցայ հորիզոնին։ Բնութիւնը գինովցուց զիս։ Նաեւ հոս է որ քաջութիւնը ունեցայ ամբողջովին նետուելու արուեստի ասպարէզ»։ ­

Յաջողութիւնը կամաց կամաց կը սկսի ժպտիլ անոր, «թէեւ յաճախ պատա­հած էր» կ’ըսէ ան, «պզտիկ տարիքէս՝ Պէյրութէն, որ ուսուցիչներս գործերս հաւնէին, քաջալերէին ու գնէին, սակայն խիզախութիւն պէտք էր հաւաքէի ամ­բողջովին անոր մէջ նետուելու համար»։ Այսպէս՝ անոր գործերը ցուցադրուած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ու անկէ կարեւոր հաւաքածոներ ունին այսօր Օքս­ֆորտի համալսարանի Պոտլէյեան գրադարանը, Պոլոնիայի, Լաքէնհալի, ինչպէս նաեւ միջազգային զանազան թան­գարաններ։ Մասնաւորաբար հպարտ է ան Լաքէնհալի (Հոլանտա) կողմէ ձեռք ձգուած ու մեր ժողովուրդի սեւագոյն է­ջին,— որ նաեւ բոլորիս մօտ ընտանեկան սեւ էջ մըն է,— նուիրուած իր գործով, նաեւ հայերէնի ներկայութեամբ իբրեւ լեզու եւ գիր՝ պաստառներուն իսկ վրան։

Մոմճեան բազմատաղանդ արուես­տագէտ մըն է։ «Պզտիկ տարիքէս բանաս­տեղծական տողեր կը գրէի», կ’ըսէ ան։ Այդ ներշնչումին աղբիւրը չէ կորսնցուցած ան երբեք։ Անոր ջուրերը կը հոսին հոգե­կան խորունկ ու տիեզերական հաւատքի մը ակունքներէն, կեանքի հանդէպ միստի­քական սիրոյ ու լաւատեսութեան պայծառ լոյսով յագեցած։ Տողերն ու բառերը՝ յա­ճախ հայերէնով, բայց ոչ միայն, կու գան ամբողջացնելու պաստառները, ընդելուզուելով անոնց պարունակութեան հետ։ «Գրի կ’առնեմ այն լեզուով որ կը յայտնուին անոնք մտքիս հորիզոնին»՝ կ’ըսէ ան։ Ասոնք քերթողական արուեստէ մը ա­ւելի ներշնչեալ տողի յայտնութեան մը ե­րանգները ունին ստեղծագործական կամարի լայն աղեղի մը մէջ։ «Ինչ որ գոյնն ու ձեւը չեն ամբողջացներ, գիրը կու գայ զանոնք պարուրելու՝ եւ կամ հակառակը»։ Խօսքը թաքուն ներշնչումին մասին է, մեր հոգիները մեր շրջապատին, տիեզերքին կապող գաղտնի կապերը յայտնաբերել փորձող։ «Ո՞վ ենք, ուրկէ՞ կու գանք եւ ո՞ւր կ’երթանք»։

Մոմճեան վարակիչ խանդավառութեամբ կը խօսի այս նիւթերուն մասին, մանաւանդ երբ կը յիշէ գոյնի, ձեւի ու թի­ւերու իրար հետ տիեզերական կապակցու­թեան մասին ու այդ ամէնը իրար հիւսող արուեստի մը հետապնդումին։ «Ատոր հա­մար ալ խուսափած եմ մէկ ոճի մէջ ես զիս բանտարկելէ», կ’ըսէ ան ։ Արդարեւ կրա­ֆիքականէն մինչեւ իւղաներկ, գոյներու շերտային մակերեսներէն մինչեւ պղտոր լուսանկարչային թէքնիք մը, ինչպէս նաեւ վիտէօ, դաշտը բաց եղած է արուեստագէ­տին առջեւ։ «Գործը ինք կը ներկայանայ», կ’ըսէ ան, «եւ ինք զինք կը պարտադրէ իր ուզած ձեւով»։ Արուեստագէտին կը մնայ տրամադրուիլ անոր։ Ընկալողին ալ՝ անցնիլ առաջին տպաւորութենէն անդին, պեղելու համար արուեստագէտին աշխարհն ու անոր բովէն անցնող հարցումներն ու հարցադրումները։ Որովհետեւ Մոմճեանի արուեստը ինքնաբաւ ոլորտի մը մէջ կը շրջագայի, որուն հիմնական մղիչը կը կազմէ արուեստագէտին անսպառ փնտռտուքը։ Իբրեւ այդ է նաեւ որ Մոմճեան ամբողջական արուեստագէտ մըն է։

 ­

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *