Յ. Օշականի անունին ու գործին, յատկապէս վէպերուն կապուած՝ առգոյ է «դժուարութեան», «բարդութեան» ընդհանուր տպաւորութիւն մը: Աւելի չէզոք բանաձեւումով՝ «ընթեռնելիութեան» խնդիր մը:
Երեւոյթը ունի առարկայական կողմ մը, ինչ կը վերաբերի գործերու լեզուա-ոճային երեսին: Սկսած՝ հայերէնի քիչ գործածական եզրերէ, որոնք կրնան ընթերցող մոլորեցնել, ինչպէս կրցեր են, օրին, թիւրընթերցումի տանիլ գրաշար թէ հրատարակիչ-սրբագրիչ1, ապա՝ անցնելով բարբառային—յատկապէս բիւթանիական գաւառաբարբառի—բառերէ2՝ յանգելու օտարալեզու եզրերու, թրքերէն թէ ֆրանսերէն3:
Ասոր կողքին, ու անշուշտ աւելի եւս, վերծանումի տարրերը Յ. Օշականի սեփական ոճին—շեշտօրէն ինքնուրոյն ոճ, արդիւնք՝ լեզուն իր բազմախաւ մտածումին-ապրումին ու խորապէս երանգաւոր պատկերացումներուն ճկելու բուռն մղումի մը, որ կրնայ տանիլ, երբեմն, մինչեւ շարահիւսական… բռնաբարութեան4: Այս վերջին պարագան, թէեւ ոչ յաճախադէպ, զգալիօրէն հետեւանք է գրողական կշռոյթի արագութեան—ապրուածին ետեւէն հասնելու հեւքի, ապա եւ՝ աւելի տռամային՝ ֆիզիքական սպառումն ու յոգնած սիրտ մը տնտեսելու մտասեւեռման:
Ներկայ աշխատասիրութիւնը թիրախ չունի Յ. Օշականի լեզուաոճային հարուստ այս ոլորտը, որուն վերլուծումը կրնայ հատոր լեցնել: Վերի ակնարկը, հպանցիկ, կը միտէր պարզապէս ճշդելու ամբողջ այդ մարզի փակագծումը, բացառումը:
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐԾԱՆԵԼԻՆ
«Վերծանում», հոս, ուրեմն ընկալելի է իբր օշականեան հսկայական թողօնի մէկ մասի քննութիւն՝ ձեռագրային կամ տողաշարական նիւթի մաղումով. վերծանում հեղինակային բնագրին (երբ ձեռագիրը պահուած է), կամ՝ խորքային ընթերցումով մը ստուգում հրատարակութիւններու (երբ ձեռագիր չէ պահուած): Խորքային-քննական ընթերցում, որ ցաւալիօրէն չէ կիրարկուեր պարբերական մամուլով հրատարակուած գործերուն, յատկապէս՝ սկզբնական՝ Հայրենիք ամսագիրի, ու քիչ մը նուազ չափով՝ Յուսաբերի պարագային5:
Վէպերու հատորով հրատարակութեան յետագայ պատկերն ու ստեղծած հարցերը ժառանգութիւն են ուղղակի պարբերական մամուլի այդ հրատարակութիւններէն:Դարավերջի տասնամեակներուն, մեծ իրագործում կայացուցին յաջորդական հրատարակումներ, սկսած՝ Երկերէն, շարունակուած՝ Մնացորդացի երեք հատորներով եւ Հա րիւր-մէկ տարուան ներով, երեք վէպ՝ մէկ հատորի մէջ6: Անոնք ոչ միայն մամուլի քաւարանէն կը փրկէին առաջին վէպերը, այլեւ կը նորոգէին, բարելաւելով, տպագրական տխուր պատկեր պարզող, նաեւ անգտանելի դարձած Մնացորդաց ները եւ Սիւլէյման էֆէնտին: Տակաւին, կը սրբագրէին բազմաթիւ վրէպներ, տողաշարական-ուղղագրական, ու որոշ թիւ մըն ալ իմաստային թիւրընթերցումներ7: Խորքային ընթերցումով ի մաստային վերծանումի եւ սրբագրումներու այս աշխատանքը մասամբ կը բարելաւէր բնագիրը նաեւ այս մակարդակին, սակայն թողելով կարեւոր քանակ մը տակաւին սրբագրելի վրէպներու. հասկնալի անկատարութիւն, որ լաւ կը ճանչնայ (եւ պարտի դիմագրաւել) որեւէ բնագիրի վերծանող-սրբագրող, մանաւանդ օշականեան բարդութեամբ բնագիրի մը առջեւ…
Հեղինակային ձեռագիրի չգոյութիւնը, անշուշտ, կարեւոր բաժին ունի հատորներով տպագրութեան մէջ յամեցող թիւրընթերցումներուն ու անոր վրայ բարդուող նոր վրիպակներու առատութեան մէջ: Իսկ Յ. Օշականի ձեռագիրի դժուարընթեռնելիութեան հարցը նշուած է եղած յաճախ: Յատկապէս, Յուսաբերի մէջ Մնացորդաց ի տողաշարումին կապուած, ունինք Բ. Թաշեանի մը վկայութիւնը, որ կը չափազանցէ այդ դժուարութիւնը: Մինչ անդին, վէպերու հրատարակութիւններէն նորագոյնին՝ երեւանեան Հաճի Ապտուլլահի
խմբագիր Գր. Յակոբեան մը անտեղիօրէն… ստորագնահատած է զայն8:
Քանի մը նշելի փաստեր ալ՝ երկ առ երկ.
Անջատ՝ յիշատակումի արժանի են Ծակ-Պտուկը վէպին վերջին բաժինը ու աւարտը յատկապէս, որոնք կը մնան վիրաւոր՝ Հայրենիքի խմբագրութեան կատարած անհեթեթ, անարդարանալի մկրատումներով: Ամսագիրի խմբագիր-տնօրէն Ռուբէն Դարբինեան, աւելի ետք իր հրատարակած նամակներուն առընթեր, այս վէպին մասին ծանօթագրութեան մը մէջ, գրիչի (ու մտքի) զարհուրելի թեթեւութեամբ մը կը խոստովանի. «Շատ կրճատումներ եղած էին խմբագրութեան կողմէ»…: Եւ ասիկա, անշուշտ, ձեռագիրներ չպահպանելու պայմանով—այլապէս աններելի «աւանդութիւն», բաւական տարածուած՝ մեր մշակութային իրականութեան մէջ…
Հաճի Ապտուլլահի պարագային, նշելին կ’առնչուի վէպին երեւանեան հրատարակութեան: Չհաշուած մի քանի շահեկան վերականգնումներ, եւ հակառակ Յ. Օշականի մէկ ձեռագիր-ինքնագիրին բախտաւոր առկայութեան9, որմէ Գր. Յակոբեան չէ գիտցած օգտուիլ փաստօրէն—հրատարակութիւնը լի է թիւրընթերցումներով, ուղղագրական եւ կէտադրական վրէպներով, եւ ծանրաբեռն՝ յաճախ վիճելի ճշդութեամբ կամ շահեկանութեամբ ծանօթագրութիւններով ու աղիւսակներով: Անշուշտ, որոշ շահեկանութիւն ունի երկը ներածող «Դիւթք եւ Ըղձանք» վերլուծական փորձը:
Գալով եռահատոր Մնացորդացին, արդէն ակնարկ եղաւ «խմբագրական նոթ»երու, հոն նշուած՝ առաջին հրատարակութեան վրայ կատարուած վերանայում-սրբագրումներու աշխատանքին, լուսաբանուած՝ օրինակներով, եւ որուն վաւերականութիւնը կասկածէ վեր է: Խմբագիրը սակայն բաւարարուեր է այդ «օրինակներով», սահմանուած՝ ընթերցողին «գաղափար մը տալու». կը պակսի արձանագրումը կատարուած փոփոխութիւններու՝ իրենց ամբողջութեան մէջ, ինչ որ քննական հրատարակութեան մը տարրական պահանջն էր: Եւ հրատարակութիւններուն ընթերցող-վերծանողը, չդիմելու համար Հայրենիքի եւ Յուսաբերի բնօրինակ-տարբերակներուն եւ անոնց հետ բառ առ բառ անհեթեթ համեմատութեան մը, հարկադրուած է այս նորերը ընդունիլ իբր բնօրինակ…: Ինչ որ նաեւ այս աշխատասիրութեան պարագային կատարուեցաւ, հարկադրաբար:
Դիտողութիւն մը նաեւ՝ Մնացորդացի երեք հատորներու աւարտի «տարտամութիւններ առաջացնող» բառերու ցանկերուն առթիւ: Ասոնք այլապէս խնդրայարոյց են: Դիտողութիւնները վերապահելով մանրամասնեալ սրբագրութիւններու ցանկերուն, կը բաւէ հոս նկատել տալ, որ իբր կասկածելի-անհասկնալի նշուած բառերը մեծ մասամբ չեն այդ պիսին. անոնք ճիշդ են, ու յստակօրէն կը պատշաճին համագրութեան—կա՛մ ինչպէս որ են, կա՛մ թիւրընթերցումի մը սրբագրութեամբ: Անոնք, ինչպէս վերը նշուեցաւ արդէն, յաճախ պարզապէս «բառարանային» են (քիչ-գործածական, կամ բարբառային). կամ՝ կը բխին Յ. Օշականի լեզուա-ոճային այս կամ այն մասնայատկութենէն:
ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ-ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄ
Աշխատասիրութիւնը, որ առիթ կուտայ վերի դիտողութիւններուն, ինչպէս սկիզբը ըսուեցաւ՝ վէպերը դարձուցած է ձեռագրային կամ տողաշարական նիւթի մաղումի, քննութեան առարկայ, անոնցմէ զեղելով, ինչպէս նկատուած կ’ըլլայ արդէն, «Մաթիկ Մելիքխանեանց»ը, «Սահակ Պարգեւեան»ը եւ «Ոսկի Օրան»ը, որոնք հրատարակումի տարբեր պատմութիւն են ունեցած: Այլ պատճառով, բայց նկատի առած վերծանումի թիւրընթերցումներ եւ բազմապիսի ուրիշ թերիներ, անոնց միացուեցաւ «Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց»10 գրապատմական-գրաքննադատական երկը (հովանաւորութիւն՝ Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն)։
Առաջին ակնարկով՝ այս աշխատանքին կարելիութիւնը, եւ հետեւաբար՝ կարեւորութիւնը, կրնան երեւիլ խնդրական, մանաւանդ մեծ մասին համար՝ ձեռագիրներու բացակայութեան պայմաններու մէջ: Բայց վրիպակներու ուշադիր քննութեամբ, ի տես անոնց քանակին, բնագիրին վրայ անոնց յաճախ այլանդակիչ դերին, նաեւ սրբագրութիւններու շօշափելի քանակին ու որակին, ընթերցողը պիտի յանգի տարբեր համոզումի: Զարմանալով նաեւ՝ որ հրատարակիչներ ցարդ բաւարարուեր են… ափսոսալով հեղինակային ձեռագիրի բացակայութեանը (գործերու մեծ մասին հա մար): Եւ որ մտածուած իսկ չըլլայ ամբողջական քննական ընթերցումի մը այնքան բացայայտ կարելիութեան մասին…
Ձեռնարկուած ներկայ մեթոտիկ քննական-խորքային ընթերցումով, ուրեմն շրջանցելով (յաճախ) ձեռագիրի բացակայութիւնը, կարելի է եղած սրբագրել կարեւոր մաս մը այդ վրիպակներէն, եւ ուրեմն բաւական վերա կանգնել բնագիրը՝ իր սկզբնական վիճակով: Հոն՝ ուր Յ. Օշականի ինքնագիր-ձեռագիրը տրամադրելի էր (Հաճի Ապտուլլահ եւ մաս մը՝ Մնացորդացէն), վերականգնումը կարելի է նկատել ամբողջական11:
Սրբագրութիւնները կատարուած են նախ՝ ամբողջական բնագրի օրինակներու վրայ, էջատակի, digilib.aua-ի համացանցային տողաշարումէն, որ զանոնք արդէն զետեղած է Համացանցի վրայ12: Բայց օգտակար համարուեցաւ անջատներ կայացնել, միշտ՝ Համացանցի վրայ, կարեւոր վրիպակները նաեւ ցանկի ձեւով (վրիպակ> սրբագրութիւն> էջաթիւ): Ասիկա կրնայ դիւրացնել գործը Յ. Օշականի երկերը ունեցող գրասէրներու, որոնք պիտի ուզեն սեփական օրինակներ բարելաւել. ինչպէս եւ օգտակար ըլլալ հաւանական հրատարակիչներու13:
Բայց մանաւանդ՝ բաղձալի է, որ այս նախաձեռնութիւնը մտաւոր հորիզոնի տէր երիտասարդութեան մը գըրգիռ տայ Յ. Օշական կարդալու, թօթափելով անոր անունն ու գործը շրջապատող անընթեռնելիութեան տպաւորութիւնը…: Բարդութիւն՝ այո՛, յաճախ եւ խորութիւններու բնորոշ մթութիւն,—բայց բնա՛ւ անընթեռնելիութիւն: Նուաճելի աշխարհ մը՝ խոր, բազմախաւ, ու ճոխ՝ մինչեւ շռայլութիւն…
Ցանկերուն համացանցային կապը ունենալու համար, դիմել ԲԱԳԻՆին:
Յ. Օշականը ըստ արժանւոյն գնահատող գրասէրներ կրնան իրենք եւս գտնել եւ առաջարկել հաւանական վրիպակներ, միշտ ԲԱԳԻՆի ճամբով:
«Հոգու պարտք»՝ ասիկա, որ ունինք, հաւաքաբար բոլորս, հանդէպ Մեծին Յակոբի…
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Անպայմա՛ն՝ դրական երեւոյթ է անցնող յիսնամեակի հրատարակ չական մեծ ճիգը, Յ. Օշականի գործին նուիրուած: Բայց, ըլլալով զինուած կարճաշունչ քննականութեամբ մը, անիկա անհրաժեշտ դարձուցած է այսպիսի շարունակում մը—որուն նաեւ արժանի էր, անկասկած:
Ու վերջին շեշտում մը.- Յ. Օշականի թողօնին վրայ կատարուած որեւէ աշխատանք, որեւէ ջանք անոր «տիրութիւն ընելու», խօսելով յատկապէս զայն հանրութեան բերելու, իր իսկական արժէքով ճանչցնելու ճիգերու մասին—նոյնիսկ թերի՝ երախտապարտ գործ է: Բայց մանաւանդ՝ անիկա ծառայութիւն մըն է, հեռու՝ վերը գործածուած «տիրութիւն ընել» արտայայտութեան երկդիմութենէն—անոր սահումէն՝ դէպի անհեթեթ «սեփականացում» մը: Ինչպիսին, օրինակ, դիտելի եղաւ Հաճի Ապտուլլահի երեւանեան հրատարակութեան առթիւ, անոր խմբագիրին ելոյթներուն մէջ, անտեղիօրէն յանձնապաստան, դեռ չհաշուած նաեւ վրիպած՝ իր արդիւնքը…: Բորբոքելով նաեւ բանավէճեր, առաջնութեան, առաջնահերթութեան յաւակնութիւններ, յանգելով ցուցանքի եւ հակադրումի երեւոյթներու:
Մինչ մեծի մը թողօնին առջեւ, առաջին ինքնաթելադրանքը պարտէր ըլլալ խոնարհ ծառայութեան, խոնարհութեա՛ն թելադրանք մը, միայն…
1 Խնդրոյ առարկայ են քիչ գործածական բառեր, երբեմն գրաբարէն ժառանգուած, ինչպէս՝ ներգեւում, անքանցելի, արուգ, մօրացում, թերագործ, տոռունք, իւրազներ, կրնկուիլ…: Ասոնք, նոյնիսկ երբ դուրս են ժամանակակից հայերէնի բառարաններէ, գտանելի են սակայն մեծ «Հայկազեան»ին մէջ…
2 Հոս՝ գործ ունինք պոլսամերձ գաւառի բարբառին հետ, որմէ—ուրեմն ժողովուրդի բերանէն—վիպագիրը քաղած է բառեր (երբեմն թրքախառն). ինչպէս՝ գուգուկ (իմա՝ կկու), մնտռութիւն (աղտ), կատոզ (մեծ կարաս), տոլկոկով (իմա՝ պարապ-կոկով, անկար), մէջ-մարդ (իմա՝ միջին տարիքի), Տիրո՜ւկ (իմա՝ Աստուա՜ծ), աղէկուկ, փուր, պօղ…
3 Թրքերէն բառեր՝ ինչպէս տարապայ, հէօտիւկ, մուխպիր սատըգ (հաւատարիմ տեղեկատու, իմա՝ լրտես): Կամ՝ ֆրանսերէն, գրուած՝ հայատառ թէ լատինատառ — ֆանթոշ, սուբաբ, նէկլիժէ, այէտ, mat, crépitement…
4 Տիպիկ օշականեան կիրարկումներ եզրերու, կամ շարահիւսական զանցառումներ, ինչպէս՝ կրակել (այրել, հրդեհել), կը նայէր իր անյագուրդ նայուածքը. կամ դեռ՝ Հանդարտութիւնը կու գար (հողին եռքին). կառոյց՝ ուր փակագծեալը բանալով՝ պէտք է հասկնալ. Հողին եռքին հանդարտութիւնը կու գար… Կամ՝ Քոմիթաճի՞. ո՞ր հայը չէր ատիկա… Կամ դեռ՝ տեսարանել, դերել բայերը…
5 Սկսելով Ծակ-պտուկը վէպէն, ապա՝ քանի մը տարուան ընդհատումէ ետք՝ Հաճի Մուրատ եւ Հաճի Ապտուլլահ, միշտ պոսթընեան ամսագիրին մէջ: Ի դէպ. նոյն ամսագիրին էջերուն, այս երեքը նախորդող Շահպազը զարմանալիօրէն չէ տառապած տողաշարական ծանր թիւրընթերցումէ…:
Իսկ Մնացորդացի հատորները (ու աւելի ետք Սիւլէյման էֆէնտին) լոյս կը տեսնէին Գահիրէի Յուսաբերին մէջ, ապա նոյն տողաշարութեամբ հատորի վերածուելու համար, իբր առաջին հրատարակութիւն:
6 Հրատարակութիւն Գ. Մելիտինեցի մրցանակի. Երկեր (1973), Մնացորդաց ա., բ. եւ գ. (1988), Հարիւր-մէկ տարուան (1996): Երեքն ալ՝ Անթիլիաս, Լիբանան:
7 Տեսնել այս երկերու երախտաշատ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի բացատրականները, «Սրբագրական նոթ» կամ «Խմբագրական նոթեր» խորագրեալ, հատորներու մուտքին կամ աւարտին, ուր կը տրուին օրինակներ կատարուած վերականգնումներէ: Նշելի են տակաւին անոնց կցուած զանազան բառարաններ, քաղուած՝ Յ. Օշականի ծանօթագրութիւններէն: Նաեւ՝ անջատ թերթիկի վրայ վրիպակներու ցանկ մը (որ սակայն, անհասկնալի բան, պիտի չօգտագործուէր Հաճի Մուրատը եւ Հաճի Ապտուլլահը միացնող 1996-ի վերհրատարակութեան մէջ…)
Պ. Սնապեան աւելի ուշ հրատարակութեան կու տար նաեւ շարք մը երկերու, մեծ մասով հաւաքուած ժամանակի գրական մամուլէն, «50-ամեակի» եւ «100-ամեակի» յոբելենական առիթներով:
8 Բ. Թաշեան, վաստակաւոր հայագէտ ու հեղինակ, թերեւս տարուած իր բարեմիտ հիւմորին թափէն, Յ. Օշականի ձեռագիրը կը մօտեցնէ «ասորեստանեան բեւեռագիրներու» («Լսարան հայ լեզուի»): Գր. Յա- կոբեան, ընդհակառակը, դժուարութիւնները կը բնորոշէ իբր… «անընթեռնելիութեան առասպել», եւ կը յաւակնի «Հաճի Ապտուլլահ»ի ձեռագիրէն վերծանած չըլլալ… «ընդամէնը երեք բառ» («Հաճի Ապտուլ- լահ վէպի ինքնագիր-ձեռագրի բնագրա-քննական ակնարկ», Երեւան, 2000):
9 Իբր «վեցերորդ յեղում» նշուած՝ Յ. Օշականի իսկ կողմէ, Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարան, որուն տնօրէնութիւնը սիրով ընդառաջեց պատճէն մը տրամադրելու մեր դիմումին:
10 Սկզբնապէս դասարանային-դասախօսական նիւթ՝ այս երկը վերախմբագրուած է, սակայն շատ անբաւարար որակով, մամուլի մէջ լոյս տեսնելու համար (Ազդարար, 26 / 12 / 51էն մինչեւ 21 / 11 / 52) եւ հատորով՝ ՊԷյրութ, 1999)
11 Առաջին հատորի ա. եւ բ. գիրքերու պարագային, սրբագրութիւններու կարեւոր համեմատութիւն մը կու գայ «Մնացորդաց»ի անգլերէնի թարգմանիչ Ճ. Մ. Կօշկարեանէն: Այդ գիրքերու հեղինակային ձեռա- գիրին քննութիւնը եւս կատարուած է Ճ. Մ. Կօշկարեանի հետ խորհրդակցաբար:
12 Այդ մայր տարբերակին մէջ, էջատակին միասին նշուած են վրէպներ եւ սրբագրութիւններ: Նշուած են նոյնպէս հաւանական սխալներ, առաջարկուած վերականգնումներուն կցելով? հարցանիշը: Իսկ բա-ցայայտ կամ հաւանական, բայց անվերականգ նելի սխալներ եւս մատնանշուած են, պարզապէս ընկերակցուած՝ նոյն? նշանով (մանրամասնութիւններ տեսնել՝ www.digilib.aua.am): Կէտադրութիւն սրբագրուած է միայն անհրաժեշտութեան պարագային (իմաստային վերականգնում):
13 Վրիպակ-սրբագրութիւններու մասին քանակական մօտաւոր պատկեր մը.- «Հաճի Մուրատ»ի համար՝ 70-ի շուրջ. «Ծակ-Պտուկը» եւ «Սիւլէյման էֆէնտի»՝ իւրաքանչիւրին՝ մօտ 200: «Հաճի Ապտուլլահ»՝ աւելի քան 500: «Զուգակշիռ»՝ աւելի քան 300. «Մնացորդաց»ի իւրաքանչիւր հատորը՝ աւելի քան 700: