Յարութիւն Քիւրքճեան

ՉՈՐՍ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԵՏՔ

(ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՆՕԹԵՐ)*

— Կը պատկերացնե՞ս,— կըսէ հին ընկերդ,— քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կընէ 68ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20ականներու աւարտէն…:
    Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած` տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր բերնին:
    … Ժամանակի անցքին անգիտակից չէիր լրիւ: Բայց ինչպէ՞ս չէիր անդրադար­ձած ժամանակամիջոցներու այս մէկ համեմատութեան՝ «Աւելի քան…»: Թերեւս քու յարաբերական առանձնութի՞ւնդ՝ եւրոպական Միջերկրականի արեւելեան ափերուն: Կամ մտասեւեռեալ անուշադրութի՞ւնը՝ իր ըրածի օգտակարութեան համեստօրէն համոզուած, անով տարուած մարդու: Կամ պարզապէս կենսաձեւ դարձած որոշ եպիկուրեանութի՞ւն…: Նոյնիսկ յաճախակի այցերդ Սփիւռքի հին « մայրաքաղաք»ին՝ ծննդավայր Պէյրութիդ, համայնքիդ, քեզի չէին տուած առիթ ընկալելու ժամանակի այս թաւալքը
    Բայց այսօր, ահա, այս հանդիպումը՝ փարիզեան ուսանողական օրերու ֆրանսահայ ընկերոջդ հետ: Հիմա դուն ես հիւրը հին բնավայրիդ մէջ, ինք՝ հիւ­րընկալը, «տեղացին»: Նոյնիսկ ե թէ հոս կը գտնուի ժամանակաւոր «տեղացիու­թեամբ», իբր դասախօս Պէյրութի հայկական համալսարանի հայագիտական բաժինի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր տարիներով ապահովելէ եւ արժեւորելէ ետք նոյնպիսի ամպիոններԱյո՛, ժամանակը կը սուրայ: Եւ տասնամեակներու թաւալքին հետ անոր թա­կարդը բռնուած ապրողմտածող էակ՝ պահ մը ա՛լ, կամայակամայ, ինքզինքդ կը տեղադրես կացութիւններու փոփոխուող հեռանկարի մը մէջ: Անհատական թէ հաւաքական գոյահոսքի հեռանկար, որուն զանազան կտրուածքները, ժամա­նակի այս կամ այն կէտին վրայ, քեզ կը մղեն հանգրուանային հարցադրումնե­րու: Նոյնիսկ եթէ կը խորշիս յաճախակի հանգրուան նշելու պայմանական ծէսէն

* * *

Կար ու չկար՝ Սփիւռք մը կար — 60ականներու Սփիւռք մը, իր երեքչորս տաս­նամեակներու թիզ մը պատմութեամբ: Սփիւռք մը՝ կայուն, պատճենահանուած. Միջին Արեւելքը՝ Միջին Արեւելք, Եւրոպան՝ Եւրոպա, Ամերիկան՝ Ամերիկա ու այսպէս՝ շարունակաբար:   
    Իրականութիւնը, ճիշդ է, աւելի բարդ է ինչպէս միշտ: Գաղթային տեղա­շարժ մը միշտ ալ զգացուեր էր: Եկածանցած էր զանգուածային հայրենադարձ՝ յետոյ նոր ելքով Երկրէն (դեռ մանրալիքներով): Արտագաղթ կը ճանչնար Սփիւռքի Արեւելքը՝ Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան, Իրան դէպի Արեւմուտք. ոմանց համար՝ Աւետեաց երկիր, ոմանց՝ մեկնումի անբացատրելի մղումի մը «վերջին սահման». դեռ ուրիշներու՝ պարզապէս գիտութեանուսումի փարոս…: Բայց ժա­մանակաշրջանը ինքնի՛ն կայուն էր առհասարակ. նուազ հաղորդակից էին մոլո­րակի գօտիները, տեղափոխումները՝ համեմատաբար սակաւ:

* * *

Դուք, մնայուն կամ ժամանակաւոր կեցութեամբ 60ականներուն Միջին Արեւել­քէն Արեւմուտք յանգած նորերդ, եկած՝ փնտռելու ո ՛չ թէ կասկածելի արժէքներու հանք «Աւետեաց երկիր» մը, այլ ձեզի համար իսկ դեռ ճշդելի ուրիշ բան մը,— կապրէիք ներիմացումը նոր տեսիլքի մը. ձեր մէջ արդէն կ՚ուրուագծուէր մերժումը Արեւելք/Արեւմուտք, հայապահպանում/ ձուլում մանիքէական երկուութեան: Եւ աւանդական պատկերացումներու այս խախտումը, հայութիւնը մտածել փորձող իրերահաղորդ միջինարեւելքցի երիտասարդներուդ համար, մեկնակէտ ունէր դիտարկումը Արեւմուտքի հայածին նոր սերունդին, անոր՝ հայու­թեան դեռ կապուած մէկ շերտին…:    
    Տեղւոյն վրայ ձեր ճանչցած ֆրանսահայ, ամերիկահայ տարեկիցներուն մօտ, ճիշդ է, դուք հաստատեր էիք հայեցի այն ապամշակութայնացումը, որուն կը սպասէիք. լեզուականմշակութային խոր թացումը, որուն հեռակայ ծանօթացու­մը ունեցած էիք՝ երէցներու ողբագին ահազանգումներուն մէջէն: Բայց ինչ որ անծանօթ էր ձեզի ու կ՚երեւէր իբր անսպասելի գիւտ մը՝ արեւմտեան Սփիւռքի այդ նորերուն մօտ հոգեմտաւոր բացութիւնն էր, չըսելու համար՝ վառ հետաքրքրութիւնը, հանդէպ հայեցիութեան ոլորտին՝ առհասարակ:
    Բարդոյթներէ զերծ, անկաշկանդ այս տրամադրելիութեան մէջ, գործնական կա՛մ ակադեմականտեսական տրամադրելիութիւն, դուք կը տեսնէիք ստուերը անհուն կարելիութիւններու, կորսուա՛ծ կարելիութիւններ՝ անցած տասնամեակ­ներու եւ սերունդներու հաշուին: Անհատոյց պարտք, որ կարձանագրէիք՝ առա­ջին սերունդներու ղեկավարութեան ու մտաւորականութեան անունին դէմ, ուժերու ցրւումի, մսխումի՛ սիւնակներուն տակ: Կարելիութիւններ՝ սակայն դեռ «փրկելի», այս կամ այն համեմատութեամբ քանի ի վերջոյ մարդկային որեւէ համայնք, քանակ ըլլալով հանդերձ, նաեւ ու մանաւանդ է՛ որակ, որակով կայա­ցող…:
    Այդ անդրադարձի, անսպասելի գիւտի, գործի նոր դաշտի ու մարտահրաւէ­րի այդ ժամանակէն՝ ա հա՛, հին ընկերդ. այս կապը՝ այսօր վերագտնուող, կրկին ամրացող: Պահ մը քեզ անցեալ փոխադրող, եւ մանաւանդ ներկադ կամրջող ան­ցեալ տեսիլքի մը, հասարակաց՝ քեզի, իրեն եւ ուրիշներու…:

* * *

Կայուն աշխարհ մը՝ երէկի աշխարհը, կ՚ըսէիր: Տպաւորութիւնը չի յղուիր մի­այն տեղաշարժներու սակաւութեան առարկայական տուեալին: Անիկա, 60-ականներու սերունդի ձեր թեւին համար, կրող է ահա մի՛ւս՝ որակային, խորքայի՛ն փաստին լճացումի, գաղափարային ճահիճի իրականութեան: Նահանջի ողբով եւ անոր առընթեր ապիկարութիւններով բնորոշուող, եւ որ կը շարունակո­ւէր ձեր օրերուն ալ…:    
    Դուք, արեւելեան կողմն աշխարհի բնօրրան ունեցող, սակայն անկաշկանդ դատումներու ձգտող՝ այդպէ՛ս կը տեսնէիք «կայուն» Սփիւռքը՝ հայապահպանման գաղափարախօսութեան Սփիւռքը. կը կշռէիք անոր թշուառութիւնն ու սնանկութիւնը: Գաղափարային կեթօն, որ՝ ծնած Եղեռնի սարսափէն ու համրու­թենէն, աճած ու բարդացած՝ քաղքենի տեղայնացումի, ապամշակութայնացու­մի պահպանողականութեամբ, լաւագոյն պարագային անկապակից կիսամիջոցներու լծուած՝ իր փոսը կը փորէր իբր հայ հաւաքականութիւն, խուճապահար, միանգամայն ողբալով այդ «մօտալուտ» վախճանը, խժալուր ողբով ու կանխիկ…: «Կը նահանջե՜նքկը ձուլուի՜նք»:

* * *

60ականներուն հասած սերունդ, սերունդի մը մէկ թեւը, դուք չունէիք յաւակնու­թիւնը ձեզ պատկերացնելու իբր ռահվիրաներ: Երիտասարդական սովորական միամիտ հպարտութիւնը չէր ձեզ ծառացնողը. կը տեսնէիք շրջապատող աւերը: Նաեւ գիտէիք, որ Սփիւռքի առաջին իսկ տարիներէն՝ 1930ի շուրջ, անոր վերապ­րումի ուղին, պարզ ու մեկին, բայց քիչերէ, երեւի միայն տեսանողներէ՛ նկատե­լի՝ մատնանշուած էր արդէն:
    «Հայ ոգին՝ ես ինծի՝ նմանցուցած եմ միշտ նաւաբեկութենէ մը ազատող Ռո­պէնսոնին: Անիկա պիտի գիտնայ ինքզինք պաշտպանել ու իր խրճիթը շինել զա­նազան բեկորներովԱյս սերունդը պէտք է նետէ պահպանողականութիւնը, ծուլութիւնըպէտք է գիտնայ բացառիկ բախտը, որ ազգային դժբախտութիւնը տուաւ իրեն՝ գաղթը: … Փախաւ, սահեցաւ մեր հայրենիքը մեր ոտքերուն տա­կէն, ծովին տալով մեզ: Բայց լաւագոյն առիթն է աս՝ լողալ սորվելու համար: Մեզի կը մնայ սուզուիլ՝ առանց երկարբարակ չափելու, առանց վախի»: 
    Կամ՝ չափածոյի կշռոյթով՝ «Նոր է, նոր, նոր, որ անբան / Մեր տրտունջներն հեգնելով, ատելութիւնն ամբողջ մեր / Ոռոգելով, հարուստ ծով / Մը կուրծքիս տակ՝ կը ծնիմ…»
    (Երկուքն ա լ՝ Նիկողոս Սարաֆեանէն: Նոյնաշեշտ ելոյթներ կարելի է գտնել արդէն 30ական այլ գրագէտներու մօտ, անշուշտ ֆրանսահայ):
    Սերունդ մը աւելի կանուխ, ուրեմն, արդէն տեսանողներ կը տեսնէին այդ էա­կանը, տարրականը.— Ցրօնք  դարձած հաւաքականութիւն մը դատապարտուած է կորուսման՝ եթէ զիջի պահպանման վախի բնազդին, ինքնակրկնումի եւ լճա­ցումի զառիթափին: Բայց ան կրնայ իր ճամբան ընել «ռոպէնսոնաբար»՝ «առանց երկարբարակ չափելու, առանց վախի», եթէ գիտնայ իր մէջ վերագործօնացնել դարաւոր ատակութիւն մը միջմշակութային «բացուածք»ի, ատակութիւն՝ «միւս»ը ընդունելու, իւրացնելու, «օտար»ը հարազատելու, ու մշակութային սե­փական ինքնութիւն վերակերտելապրեցնելու: Թէկո՛ւզ ընդլայնուող, մոլորակա­ցող 21րդ դարեան աշխարհի մը մէջ:
    Այո, այդպէս: Դուք «յուշարար»ներ էիք, ո ՛չ ռահվիրաներ: Ատոր համար իսկ ձեր մէջ՝ լրջութեան եւ ինքնագիտակցութեան հաւասար էր ձեր համեստութիւնը

 

* * *

Այս վերյիշումները, մտածումի այս թեմաները յաճախեր են քեզ ամէն անգամ որ՝ կարճատեւ թռիչքէ մը ետք՝ օդանաւը հպեր է գետին. եւ շնչեր ես Պէյրութի, ՊուրճՀամուտի, Անթիլիասի խոնաւ, թխմուած մթնոլորտը:  
    Այս բոլորը հարազատ զգացեր ես քեզի, բայց եւ օտա՛ր միանգամայն: Օտարութեան խոր, ծածուկ տպաւորութեամբ մը, ներսդ հեռուն, այլապէս իրա կա՛ն ջերմութեան, խանդի խաւերու տակ ծածկուած…: Ինչո՞ւ օտար. դո՞ւն կորսնցուցեր ես հարազատութեան զգայնութիւնդ: Կամ Պէյրութը՝ ի՞նքը…: Կամ՝ ի՞նչ հասկնալ «հարազատութիւն» պիտակով: Եղե՞ր է երբեւիցէ հարազատութիւն՝ առանց ինքնագիտակցութեան: Եւ ինքնութեան, ինքնաճանաչումի ե՞րբ եւ որքա­նո՞վ ատակ է եղած այս համայնքը, այս բնավայրը՝ որ ծնած է (եւ սնա՞ծ) քեզ: Իր­մէ նուազագոյն հեռաւորութեամբ մը, կենսակա՛ն հեռաւորութեամբ մը զինք արդէն պղտոր գիծերով ընկալելու փաստը՝ հաւաքական անդրադարձումի, հաւա­քական ինքնաճանաչումի այդ անբաւարարութենէն չէ՞ որ կը բխի…: Հայ Պէյրութը որքանո՞վ կը ճանչնայ ինքզինք հարց կու տայիք արդէն չորս տասնամեակ առաջ:
    Իսկ անկէ ի վե՞ր…: Ահա՛. մէկ ուրիշ սերնդակիցդ, գիրիարուեստի ճգնաւոր՝ շատոնց արդէն « Լոյս քաղաք»ի խորհրդապահ ստուերներուն ապաւինած, վերջին տասնամեակին, որմնանկարներու վիպաշարով մը՝ նոյն այս հայ Պէյրութի առաջին կէս դարը յանձնեց գրական անմահութեան (անհամ այս փոխաբերու­թիւնը թող ներուի. բայց այդ է եղածը): Իսկ հոս՝ Պէյրութ, ո ՞վ անցած է անոր Սեմերէն, ընկալած անոր Նշանները, Պատկերները. ցնցուած՝ անոր հայրասպանին Հարուածէն…: Ատլանտեանէն անդին տեղի ունեցած գրական երեկոյ մը, Երկուք վէպին շնորհահանդէսը, առիթ կու տար երիտասարդ ընկերոջ մը, ինքն ալ գրագէտ, քեզմէ առաջ նշելու փարատոքսը. որ՝ այդ վիպական աշխարհը, ստեղծագործութիւնը՝ անգիտացուած է հայ Պէյրութէն, այն միջավայրէ՛ն իսկ, որ անոր հումքն է ու մեկնակէտը…:
    Ամբողջ տասնամեակներու լիբանանեան քաղաքական ճգնաժամը, իրեն ըն­կերացող մարդուժի արտահոսքով, թերեւս պատճա՞ռ մը՝ զգայազրկման այս վիճակին…: Դժուար է հաստատել նման չքմեղանք, եթէ նոյնիսկ կարելի չէ զայն ետ մղել լրիւ…: Այլ պատճառներ ալ կան անկասկած (բայց պատճառներու հետախու­զութիւնը չէ որ կը զբաղեցնէ քեզ հոս. կը բաւէ հաստատել հոգեմտաւոր մթնո­լորտի, ինքնաճանաչման ձգտումի անբաւարարութիւնը…):
    Արդէն՝ նոյնպիսի անբաւարարութիւն չե՞ն դրսեւորեր աւելի «բնականոն» պայմաններ ապրող սփիւռքեան շատ համայնքներ: Սկսած՝ այսօր բաբելական կենդանութիւն մը ցուցաբերող հեռաւորարեւմտեան մեծ գաղութէն, անոնք չունին անպայման աւելի հարուստ հոգեմտաւոր մթնոլորտ՝ ինքնագիտակցութեան հեռանկարի մէջ: Ու կ՚այցուիս յիշատակովը ուրիշ ճգնաւորի մը, տեսանողի մը նոր հեռացած մեր աշխարհէն…: Եւ յիշատակովը իր մէկ ցնցիչ, կենարար գործին, որուն կշիռքով կշռուեցաւ այդ մեծագաղութը, եւթեթեւ գտնուեցաւ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս չյիշես հոս՝ հայ ինքնութեան հիւլէական տարբաղադրումհամադրումը պատկերող «Օծում»ը Վահէ Օշականի, եւ իր ստեղծած գռեհիկ հակազդեցութիւնները…:
    Ուրեմն սխալ հասկնալ պիտի ըլլար՝ քեզի վերագրել ինչ որ ստորագնահատման, ստորադասման միտում հայ Պէյրութի հաշուին: Հարցը առաջնութեան կամ վերջնութեան հարց չէ անդրադարձ գիտակցութեան մը ընդհանրական պակասին հարցն է, հոս թէ հոն, վիճակի մը՝ որ տասնամեակներ առաջ կը հաստատէիք Սփիւռքի «մայրաքաղաք»ի հաշուին, եւ որ կը յամենայ տակաւին

 

* * *

Չես մոռնար աշխարհասասան փոփոխութիւններ, մեր «փոքր ածուին» հասնող իրենց ալիքներով նաեւ.— Ու մանաւանդ՝ Հայաստանի անկախացում, պետութեան կայացում՝ թէկուզ տաժանելի ու թերաւարտ երկունքով, Սփիւռքի անսպասելի աճում ու բազմապատկում, ե ՛ւ թուականքանակային, ե՛ւ աշխարհագրական գօտիներու, ե՛ւ հայու «ազգագրական» տիպարի նոր, յաւելեալ բարդացումով: Որոնք աննախընթաց «խղճի քննութեան», ինքնութեա՛ն քննութեան մը ատեանին առջեւ քաշեցին Սփիւռքը՝ առանց խորքային նուազագոյն պատրաս­տութեան: Զայն պարպեցին իմաստէ, իր ընկալեա՛լ իմաստէն. միւս կողմէ երե­ւան հանելով, պարտադրելով արեւու լոյսի պէս պայծառ՝ գիտակցումը անոր ոչժամանակաւոր կարգավիճակին: ՍփիւռքՀայաստան մնայուն, համաժամ գո­յակցութեան մը ճակատագրին: Արդէն կանխատեսելի, եթէ ոչ իսկ հաստատուած իրադրութիւն, բայց այժմ՝ ի պէտս կարճատեսներու եւ ջայլամներու:
   
Ուրիշ ի՞նչ բերաւ մեզի անցնող քառասնամեակը համաշխարհային հոլո­վոյթէ բխած նոր իրադրութեան մը կրաւորական ընդունումէն անդին: Համաս­փիւռքեան, ապահամազգային որոշ կառոյցներու ստեղծում, ազգային էական ձգտումներու հետապնդում միջազգային բեմի, այլեւ փաստը՝ պարտադրուած
պատերազմի մը մարտահրաւէրը վերցնելու եւ յաղթական դուրս գալու…: Այս բոլորը, չես մոռնար, կը կազմեն հաշուեկշիռի տախտակին դրական թեւը՝ «պահանջէ»ներու սիւնակը: Ազգային պետութեան կայացման մէջ անոնց առկայութիւնը՝ զգալի: Թէեւ յաճախ ծանրօրէն անբաւարար այս ալ, երեւի, օրինաչափ ուղեկիցախտանիշը՝ բոլոր Հայրենիքներու եւ Սփիւռքներու յարաբերութիւնները ախտահարող

* * *

Բայց այս բոլորը շատ հեռու կ՚երթան, կը խուսափին համառօտութեան ձգտող ընդգրկումէդ: Եւ քեզ կը հեռացնեն Հայկազեան համալսարանի մատենադարանի մտերմիկ մթնոլորտէն. ու նոր հանդիպումէդ: Վայելքէն՝ կրկին ներկային բերելառնչելու տասնամեակներ առաջ ընդհատուած զրոյցի մը թեմաները. ներյայտ կապերը:   
    Բայց եւ ծնող ափսոսանքը, ինքնա-մեղադրա՛նքը՝ թէ ինչո՛ւ չես պահած, չէք պահած կապը համակողմանի ճիգով։ Ինք՝ դասախօս ընկերդ, Սփիւռքի արեւմտեան կողմանց ծնունդ, անոր ուղիներու մենաւոր ճամբորդ, խոպանացող հողերու վրայ հայ նոր մշակոյթի հերկ ընող հազուագիւտներէն: Ճգնաւոր մը իր կարգին՝ նոյնքան քիչ ճանչցուած, որքան իր սերնդակիցբախտակիցները (վկայ՝ իր հիմ­նածխմբագրած վերլուծական Կամ հանդէսին յաջորդական ճոխ հատորները, մամուլի մէջ ցրուած վերլուծումները. չհաշուած դեռ՝ օտարալեզու ծանրակշիռ հատորներ): Դուն՝ որուն հարազատ է ճգնութեան այս աշխարհը. նոյնիսկ եթէ այլ ձգ­տումներ քեզ հեռու պահած են ամբողջական ներդրումի նոյնպիսի քայլէ:

* * *

Ապա՝ լսարանն էք, ուսանողներուն հետ զրոյցի: Անոնք ժամանակը ունեցած են, քանի մը ամիս, ընկալելու իրենց դասախօսին հիմնական հարցադրումները, մտահոգութիւնները: Արդէն՝ ինչպէ՜ս կրնար ինքնութեան որոնումը, հայեցիութեան նոր ձեւակերպումներու առաջադրանքը հարց չըլլալ նոր, արթուն մտ­քերու համար:   
    Եւ նորերը կը խօսին, կը հարցադրեն: Զրոյցը կը դառնայ իրենց քննարկած մէկ գրութեան շուրջ, քաղուած նոյն այդ 60ականներու Ահեկան պարբերաթերթի էջերէն: Միշտ՝ հաւաքական ինքնագիտակցութեան, սեփական իրագործման առնչուող թեմաներու արծարծումով: Քառասուն տարի առաջ, եւ այսօր. 60ականներու Սփիւռք եւ 21րդ դարասկիզբի ՍփիւռքՆոր կացութիւններ, նոր պայմաններ
    Պահ մը, կարծես զրոյցի ա լիքը ճեղքող թիավարումով, հին ընկերդ քեզի կը դառ նայ. «Եւ մե՛նք ի՞նչ կրցանք ընել,— հարց կու տայ,— մենք՝ որ ճամբայ ելած էինք մեր երէցներէն տարբեր գործելու, Սփիւռքը իր քայքայումէն դուրս բերելու առաջադրանքով…»:
    Հարցումը հոն հարցում չէր՝ հաւանօրէն՝ պատասխանի սպասող: Քեզի համար, ըսիր արդէն, հարցադրում է: Ինքնահարցադրում: 1968ի երիտասարդական Ահեկաններէն մինչեւ 2008ի ուսանողական լսարանները, մինչեւ ծալովի էջերը երիտասարդական մամուլի նորօրեայ մենաւոր ճամբորդ Ի դէպի (որուն համար գրի կ՚առնես զայն),— այդ հարցադրումը ինքնութեան որոնման մը, ինքնագիտակցային ճիգի մը անվերջանալի հրամայականին շեշտումը կը կանչէ ամէն բանէ առաջ: Դիմագրաւելի նոր կացութիւններու մէջ՝ անիկա «ամէն րոպէ լուծելի, բազմաթիւ անծանօթներով, բարդ հաւասարում է» պիտի ըսէիք երբեմն:
    Բայց հոս, այս պահուս, հարցադրումը ականջիդ կը հնչէ նաեւ տեղ մը կրո­ւած հաշուեպահանջ հարցականի շեշտով.— Ի ՞նչ եղաւ ձեր ճիգին, լարումին ելքն ու արդիւնքը: Ի՞նչ եղաւ երազուած, սպասուած, կանչուած «ձեր» Սփիւռքը, «վաղուան Սփիւռքը». կայացա՞ւ՝ իր Ներկային հետ ա՛լ հաշտ, օտարումէ ձերբազատ, ցրուած բայց ցրուումին մէջ միա ցած, ցրօնքը յաղթահարած Սփիւռքը իբր համայնական կեանքի ուրոյն ձեւ: «Մենք ի՞նչ կրցանք ընել»…
    Արդեօ՞ք կիսակառոյց Սփիւռքի մը մէջ՝ կարելի է ձգտիլ միայն փակ, փոքրաթիւ հոգեմտաւոր հարազատներու համայնքի մը…: «Կարելին ա՞յդ է միայն անրջական կարելին…» — ինչպէս Թէքէեանի մը համար
    Խոստովանէ՛, որ երբեմն այդ միակ կարելիութիւնը կ՚երեւի քեզի իբր հեռանկար եթէ կրնաս հեռանկար կոչել այնքան անձուկ, գոց հորիզոն մը: Բայց եր բեմն ա լ՝ կ՚ունենաս յաւելեալ կարելիներու ներիմացումը (յո՞յսը): Կ՚ըսես՝ ինքնախաբէութիւն չէ հաւատալ նոր գաղափարներու անզգալի, աստիճանական թափանցումին «հիմնարկայնացած» միջնաբերդերէ ներս: Երբեք անակնկալի չե՞ս եկած, վերջին այս տարիներուն, նման ամրափակ ենթադրուած վայրերու մէջ գտնելով արձագանգը հեռաւոր կանչերու. անոնցմէ՝ որ ատենին անապատի մէջ կը հնչեցնէիք դուք եւ ուրիշներ…:
     
Մինչ այդ, լուռ հարցումհարցադրումներու խորքին վրայ, 2008ի համալսարանական տղոց հետ գլուխգլխի զրոյցը ահա հասած է նշելու հայ ինքնութեան նոր տուեալները — «հաւասարումին» նոր անծանօթները.— Հայրենիքի հետ նոր, բարդագոյն յարաբերութիւն մը. նոր հրամայականը՝ հայու ազգագրականմշակութային աւելի՛ եւս ընդլայնուած տիպարի մը, որ ընդգրկէ «հին» ու «նոր» Սփիւռքներէ մինչեւ կորուսեալ, օտարացեալ հայրենի տարածքներու վրայ բար­քերով, լեզուով, երբեմն ե ՛ւ կրօնքով օտարուած հայ համայնքներ. տայ անոնց կարելիութիւն՝ յարումի, համարկումի, նախաձեռնարկ մասնակցութեան
   
Ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ, ինչպէ՞ս կիրագործուի ինքնանորոգման, ընդլայնումի այդպիսի գործընթաց մը…: Ո ՞չ՝ ատենին անպատասխան մնացած կանչերու ներգործութեամբ: Անուղղակի, քիչ նկատելի ներգործութիւն մը. գաղափարական սերմերու հեռաւոր ծլարձակում՝ դանդաղ ու մասնակի, բայց անխուսափե­լի…:
    Եւ ե՞րբ, ո՞ւր արդէն այդպէս չէ եղեր յարաբերութիւնը յառաջապահ գաղափարներու եւ հաստատուած կառոյցներու, նոյնիսկ ազգապետական բնականոն կենսաձեւի մէջ ընթացող նոյն դանդաղ, մասնակի արդիւնաւէտութեամբ…:
    Բայց… «Մենք ի՞նչ կրցանք ընել…» — հարցումը թո՛ղ մնայ բաց, անպատաս­խան: Ըլլայ խոնարհ թելադրանք ու պատգամ՝ հարցադրումի: Մնայուն ինքնահարցադրումի:

 * Լոյս տեսած Ի դէպ պարբերականին մէջ, Լոս Անճելըս, 2008, թիւ 6:

Կ. տարի, 2021 թիւ 2 – 3

նախորդ
ԱՐՄԱՏԱԽԻԼ
յաջորդ
ԺԱՄԱՆԱԿԸ