Յակոբ կիւլլիւճեան

ԾԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ ՍՓՈՓԱՆՔԸ

­Ծա­նօթ ըն­տա­նիք մըն ե­նք։ Ըն­տա­նիք ը­սե­լով մեծ մայրս նկա­տի ու­նիմ ու հա­մեստ ան­ձս։ Եր­կու­քով կը բնա­կինք գլ­խա­ւոր պո­ղո­տայէն խիտ պու­րա­կով մը բաժ­նո­ւած եւ հո­ղին ամ­րօ­րէն խրո­ւած հաս­տորմ տու­նին մէջ։
     ­Մեծ մայրս բարձ­րա­հա­սակ ո­սկ­րուտ կին մըն է՝ լա­չա­կին տա­կէն ճակ­տին վրայ գա­հա­վի­ժող հի­նայո­ւած ա­ռատ մա­զե­րով։ Իր ձայնն իշ­խող է ու եր­բեմն չոր, սա­կայն շատ ան­գամ փա­ղա­քուշ ու մեղմ։
     ­Մեր ըն­տա­նի­քին մէջ դրամ վաստ­կո­ղը ի­նքն է։ Ի­նք­նա­շար­ժի ա­թոռ­նե­րու հա­մար կեր­պա­սէ ծած­կոյթ կը կա­րէ։ Քա­ղաք­նուս մէջ ան­ծած­կոյթ նստարանով կառք չկայ. ան­վայել բան մըն է նս­տա­րա­նը ե­ղա­ծին պէս ձգե­լը։
     Ես ալ ճանչ­ցո­ւած եմ, եւ ոչ մի­այն քա­ղա­քին մէջ, այ­լեւ նա­հան­գէն ի­սկ դուրս։ Օ­ճա­ռի պղպ­ջակ կը թռց­նեմ վար­պե­տու­թե­ամբ եւ յար­գի մր­ցա­նակ­ներ շա­հած ե­մ։ Ան­ցե­ալ տա­րի յա­ջո­ղե­ցայ ու­ռեց­նել խո­շոր ձմե­րու­կի մը չափ պղպ­ջակ մը, ո­րուն նկա­րը տե­ղա­կան լրա­գիր­նե­րը հրա­պա­րա­կե­ցին, ու քա­ղա­քա­պե­տը զիս ան­ձամբ շնոր­հա­ւո­րած է­։
     ­Մեծ մայրս թէ­եւ հպարտ ի­նձ­մով՝ մտա­հոգ ալ է։ Ի­րի­կո­ւան թէյէն ե­տք կը սկ­սի յա­ճախ իր ե­րե­մի­ա­կա­նը.
     – Ա­րո­ւես­տա­գէտ ե­ս՝ հասկ­ցանք։ Սա­կայն պէտք է դրամ վաստ­կիս որ ապ­րինք։
     – Հա­նի, կը հա­կա­դար­ձեմ մեղ­մու­թե­ամբ, դուն այդ­չափ կը շա­հիս, որ նայէ տու­նին մէջ ալ տեղ չկայ։ Դա­րակ­նե­րը լե­ցուն են թղ­թադ­րա­մով ան­ցե­ալ օ­րը դգալ մը կը փնտ­ռէ­ի դրա­մի դէ­զե­րը պե­ղե­լով է, որ հա­զիւ գտայ։ Ես ալ որ վաստ­կե­լու ել­լեմ՝ ի­՞նչ պի­տի ըլ­լայ վի­ճակ­նիս։
     – Որ­դի՛ս, շի­տակ կ’ը­սես, որ տու­նը տեղ չկայ։ Սա­կայն մի՛ մոռ­նար, որ այ­սօ­րո­ւան դրա­մը ա­ռա­ջո­ւա­նին պէս չէ։ Տաս­նե­ակ մը հաւ­կի­թի հա­մար ա­փով դրամ կու տաս հի­մա։
     – Հա­նի, ին­չեր­նի՞ս պա­կաս է, որ ես ալ դրամ վաստ­կիմ։
     – Ծօ՛, քսանվեց տա­րու ե­ղար, կար­գո­ւե­լիք տղայ ես ար­դէն, ե­կուր քե­զի շնորհ­քով աղ­ջիկ մը հաւ­նեց­նեմ։
     – Չե՛մ ու­զեր կա­նուխ կար­գո­ւիլ, պէտք է պղպ­ջակ թռց­նե­լու ա­րո­ւեստս կա­տա­րե­լա­գոր­ծեմ եւ ամ­բողջ ե­րկ­րին մէջ ծա­նօթ դառ­նամ։
     –  Զա­ւակս, իմ կա­րածս գո­նէ կը մնայ, քու պղպ­ջակ­ներդ կը ճա­թին ու վե՜րջ։
     – Կը սխա­լիս, հա­նի,- կ’ա­ռար­կեմ։ Ես ա­մէն մէկ պղպ­ջակս կը նկա­րեմ ու չա­փե­րը կ’ար­ձա­նագ­րեմ։
     – Որ­դիս, ծե­րա­ցայ, կ’ու­զեմ թոռ­ներս տես­նել։
     – Հա­նի, քու թոռդ ես ե­մ։
     – Այո՛, ճիշդ է։ Ծոռ­նիկ­ներս տես­նել ը­սել ու­զե­ցի։
     Այդ տե­սակ զրոյց­նե­րը կը կրկ­նո­ւէ­ին ե­թէ մեծ մայրս հրա­տապ ա­պսպ­րանք մը չու­նե­նայ։ Ի­սկ որ ու­նե­նայ՝ կա­րի իր մե­քե­նային առ­ջեւ ան­ցած, կա­նո­նա­ւոր թաք­թա­քով կը լեց­նէ տան պա­տե­րը։
     Յա­ճա­խորդ­նե­րը կէ­սօ­րէ ա­ռաջ կու գան բե­րե­լով ի­րենց կտոր­նե­րը եւ նկա­րագ­րե­լով ի­րենց փա­փա­քած ծած­կոց­նե­րը։
     Բ­ժիշկ­նե­րը կարծր կտա­ւը կը նա­խընտ­րեն ու մութ գոյ­նե­րը։ Փաս­տա­բան­նե­րը ը­նդ­հա­կա­ռակն՝ բաց գոյ­նե­րը եւ ո­ղորկ կեր­պա­սը։ Գոր­ծա­ւոր­նե­րը տո­կու­նու­թիւ­նը կը գնա­հա­տեն, ի­սկ ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րը՝ պատ­կա­ռազ­դու տես­քը։
     Ա­մե­նէն հա­ւա­տա­րիմ յա­ճա­խոր­դը ոս­տի­կա­նա­պետն է։ Քա­նի՜ ան­գամ մեծ մայրս խրա­տած է զինք նոր կա­րած ծած­կոց­նե­րը խնամ­քով պա­հել՝ ա­նօ­գուտ է։ Օր մը ձեր­բա­կա­լո­ւած չա­րա­գործ մը կը պատ­ռէ զա­նոնք, ու­րիշ օր մը վի­րա­ւոր ոս­տի­կան մը ա­րիւ­նի հետ­քեր կը թո­ղու։ Ի­սկ ան­գամ մը ոս­տի­կա­նա­պե­տին կառ­քին տակ ռումբ մը դրո­ւեր է, ու ի­նք­նա­շար­ժը օ­դը ե­լեր է՝ նս­տա­րա­նի ծած­կոց­նե­րը հե­տը։ Բա­րե­բախ­տա­բար ի­նք­նա­շար­ժին տէ­րը  պայ­թիւ­նի պա­հուն դուր­սը գտ­նո­ւած է­ր։
     – Ալ չգա՛ս ծած­կոց կա­րել տա­լու,- կ’ը­սէ ի­րեն մեծ մայրս։ Աչ­քիս լոյ­սը վրան կը հատ­ցու­նեմ, դուն ալ բնաւ յար­գը չես գի­տեր։
     – Տա­րա­բախտ ար­հեստս է մե­ղա­ւոր, տի­կի՛ն,- գլու­խը կ’ե­րերց­նէ ոս­տի­կա­նա­պե­տը.- ես ի­՞նչ մեղք ու­նիմ։
     Ու թե­ւին տա­կէն կեր­պա­սի ծրար մը հա­նե­լով մեծ մօրս կ’երկնց­նէ։
     ­Հա­նիս տա­կա­ւին վր­դոված կը բա­նայ ծրարն ու յան­կարծ ան­շարժ կը մնայ։

­     Հի­աս­քանչ սր­ճա­գոյն թա­ւիշ է ոս­տի­կա­նա­պե­տին այս ան­գամ բե­րա­ծը։ Ձեռ­քին մէջ կը դարձ­նէ, մա­տե­րուն մի­ջեւ կը բռ­նէ, լոյ­սին դէմ կը նայի ու վեր­ջա­պէս տե­ղի կու տայ։
     Ազ­նիւ կտո­րը մեծ մօրս տկա­րու­թիւնն ե­ն։ Դժ­գո­հու­թիւ­նը տե­ղի կու տայ այդ փոր­ձու­թե­ան առ­ջեւ։
     – Եր­կու­շաբ­թի առ­տու ե­կուր, կ’ը­սէ։
     – Չա­փե­րը չէ՞ք առ­ներ, կը հարց­նէ ոս­տի­կա­նա­պե­տը։
     – Պէտք չկայ, կտ­րուկ կ’ը­սէ ծեր կի­նը.գոց գի­տեմ ար­դէն. քա­նի­ե­րո՜րդ ան­գամն է։ Սա­կայն այս մէ­կը որ աւ­րես՝ ալ ե­րեսդ չտես­նեմ։
     Ոս­տի­կա­նա­պե­տը ե­րախ­տա­գի­տու­թե­ան ար­տա­յա­յու­թիւն­նե­րով կը մեկ­նի։ Մեծ մայրս ալ թա­ւի­շը հիւ­րաս­րա­հին պա­տու­հա­նի գո­գին կը փռէ, որ «օդ առ­նէ», իր խօս­քով։
     Ի­րի­կո­ւան թէյին դար­ձե­ալ կար­գո­ւիլ չկար­գո­ւե­լուս խօս­քը կը բա­նայ ու կ’երկնց­նէ, ի­սկ վեր­ջա­ւո­րու­թե­ան կ’ել­լէ պա­տու­հա­նը գո­ցե­լու։
     – Թա­ւի՜­շը, կը փր­թի իր շուր­թե­րէն։
     – Վա՞ր ին­կեր է։ Եր­թամ բե­րե՞մ, կ’ը­սեմ։
     Պար­տէ­զը կ’իջ­նեմ, սա­կայն ո­չինչ կը գտ­նեմ պա­տու­հա­նին տակ։
     Ոս­տի­կա­նա­պե­տին լուր կու տանք։ Մար­դը կոր­սո­ւած կտո­րին խօս­քը մտիկ ը­նել չ’ու­զեր ու իս­կոյն ու­րիշ նոր մը կը բե­րէ։
     ­Խորհր­դա­ւոր այդ կո­րուս­տը եր­կար ա­տեն զբաղ­ցուց մեր միտ­քը, սա­կայն ի վեր­ջոյ տե­ղի տո­ւաւ շա­բաթ­նե­րու թա­ւա­լու­մին առ­ջեւ։
     ­Կու գայ ա­մա­ռը, եւ մենք օ­դա­փո­խու­թե­ան կը մեկ­նինք ծո­վե­զե­րե­այ գիւ­ղա­քա­ղաք մը։ Փայ­տա­շէն կո­կիկ տուն մը կը վար­ձենք ու կը սկ­սինք վայե­լե­լու ամ­րան ան­դոր­րը, զոր զգա­լա­պէս կը խան­գա­րէ շու­նի մը հա­ջիւ­նը, մա­նա­ւանդ՝ գի­շեր­նե­րը։ Տու­նե­րուն մի­ջեւ խիտ ծա­ռերն ու թու­փե­րը սա­կայն չէ­ին թո­ղուր տես­նել յա­րա­կից բա­կե­րուն ներ­սը։
     Օր մը սա­կայն փո­ղո­ցէն ան­ցած ա­տեն տե­սանք շու­նը, որ ան­շարժ կե­ցած՝ ու­շա­դիր կը հե­տե­ւէր մե­զի։ Մօ­տե­ցայ ու փոր­ձե­ցի խրատ ո­ւղ­ղել կեն­դա­նի­ին, որ գի­շեր­նե­րը չհա­ջէ։
     ­Շու­նին աչ­քե­րը սա­կայն մեծ մօրս վրան է­ին, զիս բնաւ չնշ­մա­րել կը թո­ւէր։
     Երբ սա­կայն մեծ մայրս խօ­սե­ցաւ շու­նին՝ ան ծեր կնոջ ձայ­նը լսե­լուն պէս պր­կո­ւե­ցաւ ամ­բողջ մար­մի­նով ու ա­ղի­ո­ղորմ կաղ­կան­ձիւն մը հն­չե­ցուց։
     Այդ տե­սա­րա­նը կը կրկ­նո­ւէր ա­մէն ան­գամ, ե­րբ փո­ղո­ցէն այդ տու­նին առ­ջեւ ան­ցնէ­ինք։
     ­Հի­մա մեծ մայրս է, որ տա­րօ­րի­նակ կեր­պով մը կը դի­տէ շու­նը։
     – Ի­՞նչ ու­նիս, հա­նի՛,– կը հարց­նեմ։
     – Մէյ մը ու­շա­դիր դի­տէ աս կեն­դա­նին։
     ­Կը դառ­նամ, կը զն­նեմ, սա­կայն տա­րօ­րի­նակ ո­չինչ կը գտ­նեմ վրան։ Գե­ղե­ցիկ շուն մըն է՝ կախ ա­կանջ­նե­րով։ Սր­ճա­գոյն թա­ւի­շէ մորթ մը ու­նի ու քիչ մը տխուր աչ­քեր։
     – Չճանչ­ցա՞ր,- շուն­չը բռ­նած կը հարց­նէ մեծ մայրս։
    – Ի­՞նչ պէտք է ճանչ­նայի կամ զո՞վ,– կը զար­մա­նամ։
     ­Ծեր կի­նը շեշտ կը նայի աչ­քե­րուս ու կ’ը­սէ շն­չա­հատ.
     – Շուն մը չէ ա­սի­կա, այլ՝ մեր պա­տու­հա­նէն ան­հե­տա­ցած թա­ւի­շէ լա­թը։
     Սր­տանց կը խն­դամ, սա­կայն խն­դուքս կո­կորդս կը մնայ, ե­րբ կը լսեմ որ շունն ալ կար­ծես մեծ մօրս խօս­քին ի պա­տաս­խան կը կաղ­կան­ձէ ա­ղի­ո­ղորմ։
     – Ե­՛լ ոս­տի­կա­նա­պե­տին լուր տուր։
     – Ա­ղէկ, սա­կայն ի­՞նչ ը­սեմ ի­րեն։
     – Ը­սէ, որ յան­դուգն գո­ղու­թիւն մը կա­տա­րո­ւած է ու թե­րեւս կարգ մը ու­րիշ յան­ցանք­ներ։
     Ի­րի­կո­ւան դէմ ոս­տի­կա­նա­պե­տը կը հաս­նի մեծ ծո­վե­զե­րե­այ վայ­րը ու լուռ մտիկ կ’ը­նէ մօրս։ Աչ­քե­րուն մէջ կա­տա­րե­ալ մտաշ­փո­թու­թիւ­նը կը կար­դամ, զոր ի­նք ար­տա­բե­րե­լու կը վա­րա­նի՝ ա­պա­գայ ա­պսպ­րանք­նե­րը չմեր­ժո­ւե­լու հա­մար։
     Վեր­ջա­ւո­րու­թե­ան սա­կայն զգու­շա­ցուց, որ հե­տաքն­նու­թիւ­նը շատ դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ։
     – Ի­՞նչ խօս­քով ձեր դրա­ցի­ին դու­ռը զար­նեմ։ Ի­նչ­պէ՞ս ը­սեմ, որ իր շու­նը թե­րեւս կապ ու­նե­նայ ան­հե­տա­ցած լա­թի մը հետ։
     ­Մեծ մայրս ան­դր­դո­ւե­լի կը մնայ, եւ ոս­տի­կա­նա­պե­տը ո­չինչ ա­ւե­լի յար­մար կը գտ­նէ, քան լռե­լե­այն են­թար­կո­ւիլ ճն­շու­մին։
     Մե­զի թե­լադ­րեց, որ շու­նին ու­շադ­րու­թիւ­նը վրա­նիս շե­ղենք, մինչ ի­նք…։ Հոս է, որ սեւ ա­մպ մը ի­ջաւ իր ե­րե­սին։
     Իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան դիւ­րին է­ր։ Շու­նը ամ­բող­ջու­թե­ամբ մեզ­մով կլա­նո­ւած՝ տու­նին շուրջ կա­տա­րո­ւա­ծին ան­հա­ղորդ կը մնայ։ Ցան­կա­պա­տին քով կե­ցաւ մին­չեւ ոս­տի­կա­նա­պե­տին վե­րա­դար­ձը։
     ­Մինչ խո­շո­րա­կազմ ու կոշտ այդ մար­դը բո­լո­րո­վին շո­ւա­րած կ’ե­րե­ւէր։ Ձայ­նը կը դո­ղար ան­գամ։
     – Տու­նին ե­տե­ւի կող­մէն մօ­տե­ցայ։ Սե­նե­ակ­նե­րուն լոյ­սը կը վա­ռէր բա­րե­բախ­տա­բար։ Եւ ի­՞նչ տես­նեմ…։
     – Պատ­մէ, սիրտս մի՛ հատց­ներ,- չոր կ’ը­սէ մեծ մայրս։
     – Եր­կու կա­րի մե­քե­նայ կը տես­նեմ սե­ղա­նին վրայ։ Չորս կող­մը՝ կեր­պա­սի ծրար­ներ։ Սա­կայն կա­րե­ւո­րը ատ չէ։ Պա­տե­րուն վրայ շու­նե­րու պատ­կեր­ներ կան։ Տաս­նե­ակ­նե­րո՛վ։ Ա­զատ տեղ չկայ…։
     ­Մար­դը ճակ­տին քր­տին­քը կը սր­բէ ու կը շա­րու­նա­կէ.
     – Ը­սի մօ­տե­նամ ու ա­ւե­լի սե­նե­ա­կին ներ­սը ա­ղէկ մը տես­նեմ։ Որ պատ­մեմ տե­սածս՝ պի­տի չհա­ւա­տաք։
     – Շա­րու­նա­կէ՛,- ան­համ­բեր կ’ը­սէ մեծ մայրս։
     – Գե­տին­նե­րը փռո­ւած լա­թեր կը տես­նեմ։ Գլան-գ­լան կամ ար­դէն ձե­ւո­ւած։ Ու մէյ մը… կեր­պա­սէ կա­րո­ւած եր­կու շուն։ Մէ­կուն գլու­խը կը պակ­սէր, միւ­սին՝ մի­այն ա­կանջ­նե­րը։
     – Իս­կոյն գնա՛ հար­ցաքն­նէ տան­տէ­րը։
     – Ի­՞նչ բա­նի հի­ման վրայ, տի­կին,– ճա­րա­հատ կը հա­կա­դար­ձէ մար­դը.– շուն կա­րե­լը օ­րէն­քին դէմ չէ…։
     – Սա­կայն գող­ցո­ւած կտո­րէ՛ն կա­րելն է օ­րէն­քին դէմ,- կ’ընդվ­զի մեծ մայրս։
     – Սա­կայն գո­ղու­թիւ­նը ի­նչ­պէ՞ս փաս­տենք, տի­կի՛ն, կ’ա­ղա­չե՛մ։
     – Շու­նը մէջ­տեղն է. աս­կէ ա­ւե­լի յս­տակ փա՞ստ մը կ’ու­զես։
     – Հի­մա ե­թէ դա­տա­ւո­րին ը­սեմ, որ վա­զող ու հա­ջող շուն մը գող­ցո­ւած կտո­րէ մը կա­րո­ւած է՝ ոչ մի­այն գոր­ծէս պի­տի ճամ­բո­ւիմ, այ­լեւ յի­մա­րա­նո­ցը կղ­պո­ւիմ։
     – Ի­սկ որ օ­րը ցե­րե­կով կա­տա­րո­ւած յան­ցան­քը չքն­նո­ւած ձգես՝ շքան­շա՞ն մը պի­տի տան քե­զի։
     – Տի­կի՛ն, գթա­ցէք վրաս։ Ձեռքս կա­պո­ւած է։ Ե­թէ մար­դը շու­նե­րը մեռց­նէր ու ի­րենց մոր­թէն բա­ներ մը կա­րէր՝ այն ա­տեն ոչ մէկ դժո­ւա­րու­թիւն պի­տի գտ­նէ­ինք առ­ջեւ­նիս։ Սա­կայն ի­րո­ղու­թիւ­նը ճիշդ հա­կա­ռա՛կն է­։
     ­Մեծ մայրս շուր­թե­րը սեղ­մած այ­լեւս մար­դուն չի նայիր ու իր հրա­ժեշ­տի շփոթ խօս­քե­րը հա­զիւ կը փո­խա­դար­ձէ։
     ­Թէյի սե­ղա­նին գլու­խը սա­կայն բո­լո­րո­վին հան­դար­տած կ’ե­րե­ւի ու քիչ մը մտա­հոգ։ Լուռ կը դի­տեմ զինք գու­շա­կե­լու հա­մար մտ­քին մէջ ե­ղա­ծը։
     Յան­կարծ ծեր կի­նը ոտ­քի կ’ել­լէ ու պա­յու­սա­կէն բուր­դէ չու­խայի պզ­տիկ կտոր մը կը հա­նէ ու ձեռ­քե­րուն մէջ կը դարձ­նէ։
     ­Հար­ցա­կան նայո­ւածքս բռ­նե­լով ալ կ’ը­սէ.
     – Եր­թամ դրա­ցի­ին, ծա­նօ­թու­թիւ­նը հաս­տա­տեմ։ Գի­տե՜մ, գի­տե՜մ՝ գող է։ Աս կտորն ալ տա­նիմ ի­րեն։
     Ու զար­մա­ցու­միս ի տես կ’ա­ւելց­նէ.
     – Դուն որ կար­գո­ւե­լու միտք չու­նիս. ծեր օ­րե­րուս իբ­րեւ սփո­փանք ին­ծի ալ շու­նիկ մը կա­րել չտա՞մ։ 

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 1