Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։ Աչքերը թարթեց, ո՛չ թէ լոյսէն, այլ հարուածող ցաւի ալիքներէն։ Թէպէտ ջուրի կարիքը ունէր, բայց ցունամի մը անհրաժեշտ էր՝ սպասուող զարթխումը ջրելու համար։ Advilի պէտքը կը զգար, բայց կ՚ենթադրէր, որ կարմիր դեղահատերը, զորս M&Mի պէս կուլ կու տար այսպիսի պարագաներու, իրմէ հեռու էին։ Պանդոկի իր սենեակը գտնուող դեղերու պարկին մէջ։ Ի՛ր պանդոկին։
Իսկ այս մէկը որոշապէս իր պանդոկը չէր։ Անոր պանդոկն էր։ Վերադարձե՞ր էր հոս։ Յայտնապէս՝ այո՛։ Մեկնած ըլլալուն վստահ էր։ Կը կարծէր վերադարձած ըլլալ օդանաւային ընկերութեան շատ աւելի համեստ յարմարութիւններուն։ Գոնէ այդ եղած էր իր ծրագիրը։ Ի վերջոյ, այս առաւօտ պէտք է օդանաւ նստէր։
Երբ շրջուեցաւ, միտքը դանդաղօրէն սկսաւ զբաղիլ պատասխանի կարօտ հարցումներով, ներառեալ ամենէն հասարակը. ժամը քանի՞ էր։ Ըստ երեւոյթին, ժամացոյցը անկողինի անոր կողմը ըլլալու էր, քանի որ իր կողմը չէր։ Իր կողմի գիշերուան սեղանիկին վրայ հեռաձայնը կար եւ ճենապակեայ ափսէ մը՝ արմաւէ եւ շաքարէ բլիթներով եւ երեք լոխումներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը շամփուրուած էր ատամնակրկիտի չափ արծաթեայ թուրով։ Ժամը կարեւոր էր, որովհետեւ տասնմէկը քառորդ անցած պէտք է ճիշդ պանդոկին (ի՛ր պանդոկին) մուտքի սրահը գտնուէր՝ անձնակազմին հետ, օդանաւը գացող հանրակառքը եւ ապա՝ դէպի Փարիզ մեկնող թռիչքը առնելու։ Մնացեալը, ներառեալ թէ ինչպէ՞ս բաւարար քաջութիւնը պիտի ունենար ոտքերը անկողինի կողքին դնելու եւ նստելու (խնդիր մը, որ, տրուած ըլլալով իր իսկ վիճակի զգացողութիւնը, ողիմպիական մարմնամարզիկի մը խիզախութիւնը կրնար պահանջել), երկրորդական էր։ Դանդաղ ու խոր կերպով քիթէն ներշնչեց, թեթեւ սուլոցով, այս անգամ զգալով անիսոնէն աւելի սուր բոյր մը. սեռի հոտը։ Այո՛, շքեղ պանդոկի շամփուի անշփոթ բուրմունքը կար սենեակին մէջ, բայց նաեւ կրնար շնչել թէ՛ ինքզինք ու թէ՛ զայն, նախորդ գիշերուան փաստացի ծորումները։ Հոն էր տակաւին, ամբողջովին լուռ ննջած, եւ շրջուելուն պէս պիտի տեսնէր զայն։ Մէյ մը որ նստէր։
Աստուա՛ծ իմ, եթէ միայն զինք տարած ըլլար ի՛ր սենեակը։ Բայց ընթրիքի ժամանակ սենեակի բանալին սահեցուցած էր քովը ու յայտնած՝ թէ գիշերուան իննին վերադարձած կ՚ըլլար ու խնդրած, որ հոն սպասէր իրեն։ Սպասած էր։ Սենեակը սուիթ մըն էր, զանգուածեղ, անթերի յարդարումով եւ աւելի մեծ, քան իր Մանհաթընի յարկաբաժինը։ Հիւրասենեակին սուրճի սեղանը սատափով զարդարուած էր, իսկ տախտակը այնպէս յղկուած, որ լոյսը կը ցոլացնէր լիալուսնի նման։ Պառին մէջ (իսկական պառ մըն էր, ո՛չ թէ մինիպառ մը կամ համալսարանի սառնարան մը, զոյգ մը Coke Zeroի թիթեղներով մեկուսի դարակին վրայ), ուիսքիի շիշ մը կար, որու արժէքը թերեւս աւելի էր, քան Նիւ Եորքի իր յարկաբաժնի ամսական բոլոր ծախսերը։
Աչքերը փակեց ամօթէն, զզուանքէն։ Փորձեց ինքնիրեն յուշել, թէ ասիկա իր ո՞վ ըլլալը (ըլլալու կերպն) էր, ինքնատելութեան զգացումը գոնէ քիչ մը մեղմելու ճիգով։ Զուարճացած չէի՞ն անցեալ գիշեր։ Անշուշտ։ Գոնէ ինք այդպէս կ՚ենթադրէր։ Աչքերը բանալու ատեն, պահ մը յոյս տածած էր, որ պարզապէս գինովութենէն մարած ըլլար, բայց չէ, յայտնի էր, որ լրիւ անգիտակից դարձած էր։ Նորէն։ Տարբերութիւնը զուտ բառային չէր։ Երկո՛ւքն ալ ապրած էր։ Գինովութենէն մարիլը աւելի ստորնացուցիչ էր պատահած պահուն. դէմքը բազմոցի բարձերուն մէջ կիսատ թաղուած կինն էր, բոլորովին անգիտակ՝ շուրջը ընթացող խնճոյքին։ Գիտակցութիւնը կորսնցնելը աւելի ամօթալի կը դառնար յաջորդ առաւօտ, երբ կ՚արթննար օտար անկողիններու մէջ օտար տղամարդոց հետ, առանց գաղափար ունենալու, թէ ինչպէ՞ս հոն հասած էր։ Կրնար վերյիշել այս պանդոկի սենեակը եւ այս մարդը, ինչ որ լաւ նշան էր, բայց յստակ էր, որ անդնդախոր բացեր կային իր յիշողութեան մէջ։ Վերջին յիշածը մեկնելու վրայ ըլլալն էր։ Իր յիշողութեան մէջ, հագուած էր եւ սուիթէն կ՚ելլէր, իսկ ան՝ պանդոկի այդ հրաշալի գիշերազգեստներէն մէկը հագած, արտաքնապէս սեւ ու ճերմակ շերտագիծերով, իսկ ներսէն՝ բամպակով, կը կատակէր վոտկայի կոտրուած շիշին մասին, զոր դեռ պէտք է մաքրէին, մրթմրթալով, որ առտուն կը զբաղէր թափուած վոտկայով ու ապակիի սուր կտորներու հարցով։
Սակայն ահա հոս էր։ Դարձեալ անոր անկողինին մէջ։
Հառաչեց դանդաղօրէն, զգուշութեամբ, չգրգռելու համար արդէն նշմարուող գլխացաւը։ Վերջապէս գլուխը բարձրացուց եւ պժգանքի ալիք մը զգաց մինչ սենեակը կը դառնար իր շուրջ։ Անմիջապէս կրկին ընկղմեցաւ բարձի վաւաշոտ, կակուղ հիւրընկալութեան մէջ։
Օդանաւին մէջ, հաւնած էր անոր անուշահոտին անտառային բոյրը, որ ռուսական էր, ըսեր էր ան։ Ռուսերը կը սիրէր, ըսեր էր։ Այո, ամերիկացի էր, հարաւէն տղայ մը, կատակեր էր, բայց ռուսերու շառաւիղ էր եւ կը զգար, որ տակաւին ռուսական հոգի մը ունէր։ Պուշկին։ «Եւգենի Օնեգին»։ Դատարկ սրտի մը պայծառութեան մասին բան մը։ Ռուսերը դրամ կը թափէին անոր հէճ ֆընտին մէջ, կը ճառագայթէր (եւ ճառագայթ մըն էր, ո՛չ թէ յոխորտանք մը, այնքան մանկունակ էր), եւ խելացնոր սակաւապետները իր քեռիներուն պէս կը նկատէր։ Անոնք խաղալիք արջուկներու կը դառնային իր ձեռքը, ո՛չ թէ ռուսական արջեր։
Հիմա անուշահոտը չէր զգար։ Յիշեց, որ միասին ցնցուղ առած էին։ Մեծ, ընտիր լոգարան մըն էր, սեւ ու ճերմակ շերտաւոր մարմարով, որ մարմարեայ նստարան մը ունէր, ուր նստելով, ան իր ծոցը քաշած էր զինք, մինչ անիսոնէ շամփուով մազերը կը լուար։
Անոր անունը Ալեքսանտր Սոքոլով էր, հաւանաբար իրմէ եօթը կամ ութը տարի աւելի երիտասարդ. երեսուններու սկիզբը, ենթադրեց։ Կը սիրէր, որ զայն Ալեքս կոչէին, որովհետեւ Ալը շատ ամերիկեան կը հնչէր։ Կատարեալ աշխարհի մը մէջ, խոստովանեցաւ, Ալեքսանտր պիտի կոչէին զայն, որովհետեւ ռուսական կը հնչէր։ Բայց երբ սկսած էր աշխատիլ, անոր մեծաւորները առաջարկած էին Ալեքսը պահել. միջազգայնօրէն չէզոք ըլլալը կարեւոր էր, տրուած ըլլալով արտասահման անցուցած ժամանակը։ Մեծցած էր Վըրճինիայի մէջ, թէեւ հարաւային շեշտի հետք չունէր բնաւ, եւ այժմ կ՚ապրէր Մանհաթընի վերին արեւմտեան կողմը, ուր Unisphere Asset Managementի մէջ հիմնադրամ մը կը վարէր։ Թուաբանութեան մոլուցքը անոր յաջողութեան գաղտնիքն էր, ինչպէս եւ պատճառը, որ հիմնադրամը գոհ պահէր ամէն ոք Ատլանտեանի երկու կողմերուն։ Յայտնի էր, որ գործէն հաճոյք կ՚առնէր, հակառակ պնդումին, որ քիչ բաներ աւելի տաղտկալի էին, քան ուրիշ մարդոց դրամը կառավարելը, եւ ուրեմն կ՚ուզէր խօսիլ կնոջ ըրածներուն մասին, անոր պատերազմի պատմութիւններուն մասին։ Ծայր աստիճան հրապուրուած էր։
Ան Տուպայ գացող թռիչքին 2C աթոռը նստած էր եւ հազիւ քնացած։ Համակարգիչով աշխատած էր, շարժանկարներ դիտած, եւ զինք դարպասած, շատ աւելի մօտէն ծանօթանալով, քան ինչ որ ինք կարողացած էր ընել։ Վայրէջքէն առաջ, համաձայներ էին, որ կարճ հանգիստէ մը ետք, միասին պիտի ընթրէին, ժամադրուելով անոր պանդոկին մուտքի սրահը։ Գիտէին, որ ընթրիքը սեռային նախաբան էր միայն։ Անոր անունը անգամ մը եւս իր մտքին մէջ դարձուց, ինքզինք պատրաստելով՝ մարմինը շրջելու եւ ցաւի փրփրալից ալիքները դիմագրաւելու։ Զայն դիտելու։ Անգամ մը եւս փորձեց մտաբերել, թէ որքա՞ն օղի խմած էր նախորդ գիշեր։ Հարիւր քսան աստիճան։ Թափանցիկ հեղուկը, որ ջրոտ կաթի գոյն կը ստանար՝ սառը աւելցնելէ ետք։ Եւ դեռ վոտկան կար, «Սթոլի»ն, զոր անոր բարեկամը բերած էր այդ գիշեր։ Օղի խմած էր, երբ Պէյրութ, Իսթանպուլ կամ Տուպայ գացեր էր։ Բայց այսքան խմա՞ծ էր ասկէ առաջ։ Ո՛չ, ըսաւ ինքնիրեն, թէեւ ինքն իր վրայ կը խնդար։ Խմած էր։ Անշո՛ւշտ, խմած էր։ Օր մը օդանաւային ընկերութիւնը զինք պիտի բռնէր, օր մը արեւուն շատ պիտի մօտենար ու թմրեցուցիչի քննութեան մը ձախողութեան պիտի մատնուէր, եւ ատիկա պիտի ըլլար վերջաւորութեան սկիզբը։ Ամէն բանի վերջաւորութեան սկիզբը պիտի ըլլար ատիկա։ Պիտի հետեւէր հօր բացած արահետին, որուն վախճանը գիտէր։
Ո՛չ, ճիշդ ու ճիշդ հօրը բացած արահետը չէր, որովհետեւ ան տղամարդ էր եւ ինք՝ կին։ Տղամարդու, կնոջ եւ խմիչքի ճշմարտութիւնը գիտէր. հազուադէպօրէն լաւ կը վերջանար սեռերէն մէկուն համար, բայց բռնաբարուողները կիներն էին։
Հառաչեց։ Ցաւալի էր, որ օդանաւային ընկերութիւնը Ռիատ չէր երթար։ Սէուտական Արաբիոյ պանդոկներու մինիպառերը ալքոլ իսկ չունէին։ Պէտք էր մինչեւ ոտքերու ծայրը հասնող ապա մը հագնէր։ Երբե՛ք դուրսը առանձին պիտի չըլլար, ուրեմն՝ երբե՛ք տղամարդ պիտի չորսար։ Պիտի ժամադրուէր անոնց պանդոկներու մուտքի սրահներուն մէջ։ Երբե՛ք։
Մտածեց, որ եթէ Ալեքսի բարեկամը հեռաձայնած չըլլար ու հագուած չըլլային, ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլար հիմա։ Կինը (Քասի կը կարծէր, որ անունը Միրանտա էր, բայց նոյնիսկ եթէ ասիկա իր գիտակցութեան կորուստի դէպքերէն մէկը չըլլար, իր յիշողութիւնը այդ առաւօտ բաւական մառախլապատ էր տակաւին) հեռաձայնած էր ճիշդ անոնց լոգարանէն դուրս ելլելէն ետք՝ մաքուր, յետսիրաբանական եւ տակաւին քիչ մը խմած, եւ ըսած, թէ սենեակէն պիտի անցնէր՝ գաւաթ մը խմելու համար։ Քասի խորհեցաւ, որ ան ալ կերպով մը հէճ ֆընտին հետ գործ ունենալու էր եւ վաղը Ալեքսի հետ նոյն ժողովներուն պիտի մասնակցէր։ Թերեւս Տուպայի անշարժ գոյքի աշխարհին հետ ալ կապ ունենար, բայց Քասի վստահ չէր, թէ ուրկէ առած էր այս գաղափարը։
Երբ Միրանտա սուիթը հասաւ, յստակ դարձաւ, սակայն, որ Ալեքսի հետ հազիւ թէ ծանօթ էին եւ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէին։ Սակայն, գործէն անդին գացող անցեալ մը ունէին. ըստ երեւոյթին, հասարակաց բարեկամներ եւ գործարարական կապեր ունէին այն շինարարկան գործերուն հետ, որ ամէնուրեք ներկայ էին գիտա-երեւակայականի նմանող ծովահայեաց այս քաղաքին մէջ։ Անոր նոյն տարիքը ունէր, մութ նշաձեւ աչքերով եւ կարմրաւուն մազերով, դէպի ետեւ հաւաքուած՝ անթերի ֆրանսական հանգոյցով։ Սեւ, լայն տաբատ մը հագած էր եւ նրբագեղ բայց անշուք, կարմիր ու սեւ թիկնոց մը։ Եւ անկասկած՝ լաւ խմող էր։ Երեքն ալ նստած էին սուիթի փարթամ հիւրասենեակին մէջ, շուրջ ժամ մը, գուցէ քիչ մը աւելի, մինչ Միրանտայի բերած վոտկային հաշիւը կը մաքրէին։ Քասիի մտքէն անցաւ այն գաղափարը, որ ասիկա սեռային եռակողմ հանդիպման կանխաւ ծրագրուած ձեւ մըն էր, եւ մինչդեռ ինք սկզբնաւորողը պիտի չըլլար, գիտէր, որ մասնակից պիտի ըլլար, եթէ Ալեքսը կամ Միրանտան սկսէին։ Բան մը (խմիչքը, զրոյցը, սուիթը) նորէն գրգռած էր զինք։ Ալեքսն ու Միրանտան նստած էին՝ սուրճի հոյակապ սեղանին հակադիր աթոռներու վրայ, իսկ ինք առանձին էր բազմոցին վրայ, եւ այն իրողութիւնը, որ երեքն ալ իրարմէ քանի մը ոտք հեռու էին, ձեւով մը պահը ա՛լ աւելի կը տաքցնէր։ Սակայն, ի վերջոյ պարզուեցաւ, որ ասիկա եռակողմ հանդիպում գոյութիւն չունէր։ Միրանտա մեկնեցաւ, օդին մէջ համբուրելով անոնց այտերը, իսկ Ալեքս դուռը փակեց ետեւէն։ Այսուհանդերձ, մինչ Միրանտա վերելակին չէր կրնար հասած ըլլալ անգամ՝ հեռաւոր միջանցքի մը մէջ, Ալեքս զինք կը մերկացնէր, ապա՝ կը մերկանար, դարձեալ սիրաբանելու համար, այս անգամ ննջասենեակին մէջ, այդ հոյակապ, հսկայ անկողինին մէջ, որ արաբական կամարի ձեւաւորումով գլխատախտակ ունէր։
Բայց յետոյ հագուած էր։ Հագուած էր։ Գիտէ՛ր հագուած ըլլալը։ Պիտի վերադառնար օդանաւային ընկերութեան պանդոկը։ Հրաժեշտ չէ՞ր տուած սուիթի մուտքին։ Վերելակը չէ՞ր հասած, հոն ուր որ էր, նոյն յարկին վրայ։
Թերեւս։ Կամ թերեւս ոչ։
Ըստ էութեան, անկարեւոր էր, որովհետեւ յստակօրէն վերադարձած էր անոր սենեակը եւ կրկին մտած՝ անոր անկողինը։
Ի հարկէ, ենթադրելով, որ իրապէս մեկնած էր։ Թերեւս միտքը ընթրիքէն ետք ճաշարանէն մինչեւ անոր պանդոկի սենեակը առանձին քալելուն կ՚երթար, երբ Ալեքս ըսած էր, որ ներդրողի մը հետ կարճ ժողով մը ունէր։ Կ՚ուզէր որ իրեն սպասէր մերկ՝ սենեակին մէջ։ Ինք յօժարած էր։
Եւ ահաւասիկ այստեղ էր, դարձեալ մօրէ մերկ։
Վերջապէս շունչ մը քաշեց, կծկուելով իր աչքերուն ետին մրճահարուող գամերէն, եւ 180 աստիճան շրջեցաւ անկողինին մէջ՝ Ալեքսը դիտելու համար։
Ահա հոն էր։ Երկվայրկեանի մը չափ, միտքը արձանագրեց «սխալ բան մը կայ»ի գաղափարը։ Գուցէ մարմինին կատարեալ անշարժութիւնն էր, կամ թերեւս անոր կենդանական պաղը զգացած ըլլալու կերպն էր։ Ու այն ատեն արիւ- նը տեսաւ։ Մեծ բոսոր բիծը տեսաւ բարձին վրայ, եւ լպրծուն, տակաւին թաց աւազան մը ճերմակ սաւաններուն վրայ։ Կռնակին վրայ պառկած էր։ Վիզը տեսաւ, կարմիր ճանապարհը ծնօտի մէկ կողմէն միւսը, եւ թէ ինչպէս արիւնը ժայթքած էր կուրծքին վրայ մինչեւ կզակի խորքը՝ մեղրի պէս խեղդելով մօրուքի սեւ թելերը։
Անզգալաբար, հակառակ ցաւին, մէկ կողմ նետեց սաւանը եւ ցատկեց անկողինէն, նահանջելով դէպի վարագոյրին կողմը։ Մինչ հոն կանգնած էր, թեւերը կուրծքին շուրջ փաթթած՝ զսպաշապիկի նման, անդրադարձաւ, որ ինք եւս արիւնոտած էր։ Մազերը եւ ուսերը։ Ձեռքերն ալ։ (Յետոյ, վերելակին մէջ, պիտի կռահէր, որ չճչալու միակ պատճառը ինքնապահպանման բնազդն էր։ Գլուխը այնպէս մը կը տրոփէր, որ իր յուսահատ, խուճապահար ճիչին ձայնը կրնար զինք սպաննած ըլլալ)։
Երբեւէ այդքան արիւն տեսա՞ծ էր։ Մարդ էակի պարագային՝ ո՛չ։ Թերեւս եղնիկ մը, երբ մանուկ էր Քենթաքիի մէջ։ Բայց ո՛չ անձ մը։ Երբեք։
Ժամացոյցը կը գտնուէր անոր մարմինին միւս կողմը, անկողնի հեռաւոր անկիւնը։ Թուային ժամացոյց մըն էր, ուր գրուած էր 9:51։ Ո՛չ իսկ իննսուն վայրկեան ունէր ուրիշ պանդոկի մը մուտքի սրահը գտնուելու, պատրաստ՝ օդակայան երթալու եւ ապա դէպի Փարիզ թռիչքը առնելու ու, վաղը, տուն ուղղուելու՝ Նիւ Եորքի Քենետի օդակայանը։
Կռնակը տալով վարագոյրին, նախ սահեցաւ պէյսպոլի գնդակ բռնողի դիրքով եւ ապա՝ գետին։ Փորձեց կեդրոնանալ, որոշումներ տալ։ Միտքը դանդաղեցաւ միայն երբ նկատեց կոտրտած ապակիներու խաւը գետնին վրայ, համաստեղութիւն մը կարպետին վրայ՝ անկողինի ստորոտին եւ շքեղ պահարանին միջեւ, ուր հեռատեսիլը զետեղուած էր։ Էր երբեմն՝ Միրանտայի բերած վոտկայի շիշը եղած էր։ Հիմա՝ մեծաւ մասամբ տաշեղներ եւ եռանկիւնաձեւ կտորուանքներ էին, գրեթէ գեղեցիկ, թէեւ շիշին վիզը դեռ միացած էր ուսին, իսկ ուսը ատամնաւոր ծայր մըն էր։ Ապա, երբ անդրադարձաւ ատոր կարելի նշանակութեան, զգաց ներսը յառաջացող սրտխառնուքը։ Վազեց դէպի զուգարանը, ձեռքերով բերանը ծածկած, կարծես մատները հնարաւորութիւն ունենային, որեւէ հնարաւորութիւն, ձգողականութիւնը զանցող նման ջրվէժ կասեցնելու։ Հասաւ արտաքնոցին, բայց հազիւ թէ։
Նստեցաւ՝ կռնակը պիտէին, դէմքը ցնցուղին, եւ դիտեց առաստաղէն ու պատերէն իջնող խողովակներու օրօրուիլը։ Սկսաւ մտքին մէջ ցանկագրել նախորդ գիշերուան բոլոր յիշատակները, միաժամանակ անդրադառնալով նաեւ, թէ որքա՛ն բան մնացած էր օղիի, վոտկայի եւ այլ խմած բաներու ծածկոյթէն անդին։ Փորձեց պատկերացնել, թէ ի՞նչ կրնար զինք մղած ըլլալ կոտրուած շիշ մը առնելու եւ անոր վիզը կտրելու, կարծես ինք ու իր հայրը եղնիկ մը մորթոտէին։ Ըմպելարաններու մէջ գզուըռտող տեսակէն չէր։ Երբեք մարդու վնաս չէր հասցուցած, գոնէ ոչ ֆիզիքապէս։ Բայց խմելու ժամանակ իր վարմունքը, երբ ամէն տրամաբանութիւն խեղդուած էր թեքիլայի կամ ճինի մէջ, առասպելական դարձած էր։ Տեսականօրէն, առաջին անգամ մը կար ամէն ինչի համար, թէեւ անիմաստ էր, որ սպաննած ըլլար զայն։ Մարդիկ պատմած էին, որ երբ անգիտակից այդ վիճակին մէջ ըլլար, արարքները նուաստացնող ու փճացնող կ՚ըլլային եւ (առիթներով ալ) վտանգաւոր՝ իր իսկ անձին նկատմամբ։ Բայց բիրտ չէին։
Անդրադարձաւ, որ առաջին ընելիքը պէտք է ըլլար «Չխանգարել» նշանը դնել սենեակի դրան վրայ։ Անհրաժեշտ էր հեռու պահէր մաքրութեան անձնակազմը, մինչեւ որ գիտնար ի՞նչ ընել։ Աչքերը թարթեց ու նորէն թարթեց։ Զարմացած էր, թէ ի՛նչ արագութեամբ Ալեքս Սոքոլովի մարմինը սթափեցուցած էր զինք եւ աշխարհասասան եւս մէկ զարթխումի ցաւն ու եւս մէկ հպանցիկ սիրաբանութեան հետեւող խղճի խայթը վերածած՝ աննշան համարուելու չափ իրողութեան։
Անգլերէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
(Հատուած)