Զապէլ Եսայեանի եղերական մահէն ութսուն տարիներ ետք տակաւին իրմէ մնացած է անտիպ նամակներու հսկայ քանակ մը, որ կը շօշափէ անձնական, ազգային եւ հասարակական այլազան թեմաներ, յատկապէս՝ Կիլիկիոյ որբախնամ աշխատանքին առնչուող նիւթեր, որոնք այնքան կարեւոր են այդ շրջանի պատմութիւնը համակողմանիօրէն ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն։ Այս անտիպներուն մէկ կարեւոր մասը կը պահուի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանին մէջ, իսկ միւսները՝ Հայաստանի ազգային արխիւին եւ արխիւային այլ հաւաքածոներու մէջ։
«Բագին»ի նախորդ երեք թիւերով հրատարակութեան տուած էինք վիպագրուհիին 22 անտիպ նամակները, ուղղուած՝ գրող Արամ Անտոնեանին, իսկ այս թիւով կը հրատարակենք եւս հինգ անտիպներ իրմէ, յղուած՝ գրող, խմբագիր, թարգանիչ, քաղաքական-հասարակական գործիչ Լեւոն Բաշալեանին (1868-1943)։
Եսայեանէն՝ Բաշալեանին յղուած նամակագրութիւնը այսքանով չի սահմանափակուիր. երեք այլ նամակներ կան, հրատարակուած՝ հայրենի բանասէր Արփիկ Աւետիսեանի կազմած Եսայեանի «Նամականի»ին մէջ[1]Զապէլ Եսայեան. Նամակներ, կազմեց եւ ծանօթագրեց Արփիկ Աւետիսեան, Երեւան, 1977, նամակ թիւ 121, 131 … Continue reading։ Կողմնակի տուեալներէ գիտենք նաեւ, որ Եսայեան զանազան առիթներով Բաշալեանին ուղղած է քանի մը այլ նամակներ, որոնց հասցէները սակայն անծանօթ կը մնան մեզի։
Բաշալեանին յղուած Եսայեանի նամակներուն ընթերցումը կու տայ այն տպաւորութիւնը, որ անոնք մտերիմ եղած են։ Անոնց նամակագրութիւնը շօշափած է ոչ միայն ընդհանրական մտահոգութիւններ, այլ նաեւ անձնական ու ընտանեկան հարցեր, որոնք այնքան կը նեղէին նիւթական դժուար կացութեան մէջ գտնուող մեծ գրագիտուհին։
Նամակները հրատարակութեան կու տանք նոյնութեամբ, առանց որեւէ միջամտութեան։ Ի հարկին, մեր կողմէ անոնց կցած ենք կարգ մը ծանօթագրութիւններ։
Հրատարակուող նամակներուն բնագիրները կը պահուին Հ.Բ.Ը. Միութեան Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի Զապէլ Եսայեանի անձնական թղթածրարին մէջ։ Անոնց պատճէնները մեզի տրամադրուած են նոյն Մատենադարանի նախկին փոխտնօրէն, պատմաբան Վահէ Թաշճեանի կողմէ, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնները։
* * *
Կը կարծենք, թէ ժամանակը հասած է գիտական նոր հրատարակութեամբ լոյս ընծայելու Եսայեանի ամբողջական «Նամականի»ն, որ իր անտիպներուն կողքին պէտք է ընդգրկէ նաեւ Աւետիսեանի ժողովածուին նամակները, բայց վերականգնուած լեզուով եւ ուղղագրութեամբ, մինչ անոր ֆրանսերէն նամակները պէտք է հրատարակել իրենց հարազատ լեզուով եւ ո՛չ միայն հայերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս ըրած է Աւետիսեան իր վերոյիշեալ գիրքին մէջ։
* * *
Ա.
29 Նոյ. 1924
8, Rue Lamartine
Viroflay (S. et O.)
Սիրելի պարոն Բաշալեան,
Այս իրիկուն տեսակցեցայ քաղաքացի Ե.ի հետ։ Զինքը պիտի տեսնէի որոշ պատճառով, եւ առիթը լաւ էր իրեն ըսելու թէ ձեզ հետ տեսակցած եմ քիչ առաջ։ Յայտնեցի իրեն որ ձեր խօսքերը շատ կազդուրիչ էին երկրի վիճակի վերաբերմամբ եւն. եւն.։ «Այդ խօսակցութենէն ետքը, ըսի իրեն, յառաջ եկած տպաւորութիւնը այն է որ պէտք է երթալ երկիր եւ լծուիլ աշխատանքի։ Ի հարկէ, աւելցուցի, պարոն Բաշալեան Կ.ի phraséologieն չունի եւ հերարձակ հիացումի մէջ չէ, բայց իմ կարծիքով, խելք ու տրամաբանութիւն ունեցող մարդկանց համար աւելի ապահովիչ է Պ. Բաշալեանի գնահատումը»։
Ե. շատ մեծ ուշադրութեամբ ինձ լսեց եւ տեսայ թէ որքան գոհ մնաց. վստահ եղէք որ աւելորդ շատախօսութիւն չէի ըներ ես այս հարցին վրայ եթէ վստահ չ’ըլլայի որ տեղիք կայ։ Արդիւնքը այն եղաւ որ Ե. ըսաւ ինձ թէ պէտք է անպատճառ Պ. Բ.ը մեզ հետ կապել գործով։ Պատասխանեցի թէ արտասահմանի մէջ մէկը չեմ գիտեր որ Բ.ի նման կարող ըլլայ եւրոպական իմաստով գործ վարել եւն. եւն., վերջ ի վերջոյ եկանք այն եզրակացութեան որ երբ Խ. Հ. Մ. ներկայացուցչութիւնը հաստատուի այստեղ ձեզ ներկայացնեն իբր վստահելի անձ, ամէն տեսակէտով եւ գործով կապեն այդ հաստատութեան հետ։ «Մենք այստեղ, ըսաւ Ե. հսկայական գործ պիտի ունենանք առեւտրական եւ ֆինանսական, այդպիսի անձի մը գործակցութիւնը շատ թանկագին կ’ըլլայ»։
Յետոյ ինձ յայտնեց թէ ձեզ հետ անձամբ ունեցած տեսակցութիւնը (Փարիզի մէջ) շատ ապահովիչ տպաւորութիւն ըրեր է իր վրայ նաեւ։
Այս տողերը ձեզ կը գրեմ տեղեակ պահելու համար։
Այս կարգի խօսքերը կ’անցնին ու կ’երթան եթէ մէկը չ’ըլլայ որ մարմին տայ անոնց։ Վստահ կրնաք ըլլալ որ հողը մշակելու համար ոչ մէկ առիթ չեմ փախցներ եւ աչալրջութեամբ կը հսկեմ։ Միւս կողմանէ խորհեցայ որ աւելորդ չէ ձեզ տեղեակ պահել։ Կարեւորը այն է սակայն որ այդ խօսքերը ըսուած են։ Որոշ ծրագիր եւ որոշ ցանկ կայ մարդոց որոնք պէտքական կը համարուին։ Ամէն պարագային տպաւորութիւնս այն է որ ապագան կը յայտնուի մեզ լիքը ամէն կարգի հաւանականութիւններով։
Կը մաղթեմ ուրեմն ձեզ յաջող ճամբորդութիւն եւ յոյս ունիմ որ ձեր վերադարձին առիթ կ’ունենամ ձեզ տեսնելու որքան կարելի է շուտով։
Այս միջոցիս պիտի գրեմ նաեւ Ներսէսին[2]Նկատի ունի հաւանաբար պրիւքսէլաբնակ Ներսէս Չամքերթէնը, որ տեղւոյն Հ. Բ. Ը. Միութեան … Continue reading։
Ձերդ սիրալիր զգացումներով եւ յարգանքով
Զապէլ Եսայեան
* * *
Բ.
27 Յունվ. 1925
8, Rue Lamartine
Viroflay (S. et O.)
Սիրելի պարոն Բաշալեան,
Վերջերս Թէոդիկը[3]Թէոդիկ, բուն անունով՝ Թէոդորոս Լապճինճեան (Կ. Պոլիս, 1873-Փարիզ, 1928), բանասէր, գրող, խմբագիր։ … Continue reading ինձ նամակ մը գրելով ըսեր էր որ հոգեդողիկ թողուցի զինքը ինչ որ իր տուած բացատրութեան համեմատ կը նշանակէ եղեր կէօզենտէքի։ Էհ ուրեմն, դուք ալ ինձ հոգեդողիկ թողուցիք։ Դեռ չի լսեցի ձեր պիւրոյին հասցէն։ Սպասեցի նաեւ որ ձեր ընելիք դասախօսութեան օրը եւ տեղը իմանամ. այդ մասին կիսասպառնական ծանօթութիւն մը կար Ապագային[4]«Ապագայ»՝ քաղաքական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, լոյս տեսած է Փարիզ, 1920-1940 եւ 1946-1949 … Continue reading մէջ, ուրիշ բան չի լսեցի։ Արդեօ՞ք արդէն իսկ ըրած էք ձեր դասախօսութիւնը։ Եթէ այդպէս է, աւելի աղէկ է որ այդ մասին բնաւ չի գիտնամ։
Ամէն պարագային շատ գոհ կ’ըլլայի ձեզ տեսնելով։ Նախ ձեզ տեսնելու հաճոյքին համար եւ յետոյ որպէսզի կարենայի ձեզ տեղեակ պահել կարգ մը բաներու որոնք կը կարծեմ թէ ձեզ կը շահագրգռեն։ Բնաւ միտքէս չ’անցնիր որ նեղութիւնը յանձն առնէք մասնաւոր ժամադրութիւն մը տալու բայց եթէ գիտնայի թէ ո՞ւր կը հանդիպիմ ձեզ, ձեր աչքին կ’իյնայի։ Այս Վերօֆլէյը տեսակ մը աքսորավայր եղաւ ինձ համար եւ դեռ չեմ տեսներ թէ ինչպէս վերջ պիտի գտնէ։ Ամբողջ աշխարհը աքսորավայր է երբեմն… երբ մարդ անունին արժանի մարդու չես հանդիպիր։
Ամէն պարագային, սիրելի պարոն Բաշալեան, գոհ կ’ըլլամ եթէ ձեր լուրերէն ունենամ եւ աւելի գոհ կ’ըլլամ եթէ իմանամ որ հանգիստ էք եւ գոհ։
Շատ սիրալիր բարեւներով եւ յարգանքով
Ձերդ Զապէլ Եսայեան
* * *
Գ.
25 Սեպտ. 1925
8, Rue Lamartine
Viroflay (S. et O.)
Սիրելի պարոն Բաշալեան,
Արդեօք որքան գէշ մտածեցիք իմ մասիս ձեր այնքան սիրալիր եւ բարեացակամութեամբ լեցուն նամակը այսքան երկար ատեն անպատասխանի թողելուս համար։ Իրականութիւնը այն է որ սրտմտութեամբ եւ ամէն կարգի սրտնեղութիւններով լիքն էի եւ խղճահարութիւն ըրի ձեզ գրել այդ վատ տրամադրութեանս մէջ։ Նախ ըսեմ թէ ձեր նամակը շաբաթ մը ուշ ստացայ որովհետեւ Սեպտ. 4-5ին ինձ յատուկ պատճառներով (զորս դիւրաւ կը գուշակէք) յարմար սեպեցի circulationէ հեռանալ եւ մեկնեցայ Պրըթանեը, երեխաներուս մօտ։ Տանը պատուիրած էի որ նամակ, հեռագիր եւն. ետեւէս չի ղրկեն որպէսզի ոեւէ կերպով չի խանգարուի այն խաղաղութիւնը որուն պէտք ունէի եւ որու միջոցին, առանձին եւ կղզիացած պէտք էր որ վերջնական որոշումներ առնէի իմ սեպհական վարուելակերպիս մասին։ Եթէ երբեք գուշակէի թէ ձեզմէ նամակ կրնար ըլլալ այդ օրերուն, ի հարկէ ուրիշ կերպ կը տնօրինէի բայց այդպիսի յոյս մը չէի սնուցաներ բնաւ։
Երբ Բարիզ վերադառնաք անշուշտ բախտը կ’ունենամ ձեզ տեսնելու եւ աւելի մանրամասն խօսելու։ Այդ բոլոր օրերուն եկայ այն եզրակացութեան որ Plus ça change plus c’est la même chose[5]Նախադասութիւնը ֆրանսերէն է՝ որքան որ փոխուի, նոյն բանն է։, եւ ըստ այնմ պէտք է առնել խնդիրները։
Ինչ կը վերաբերի ձեւական անկանոնութիւններուն եւ անկարգութիւններուն որոնց զոհ կ’երթանք առաւել կամ նուազ ամենքս ալ, կը կարծեմ թէ անձնական անհոգութեան խնդիր է։ Կայ անշուշտ նաեւ շահագրգռուած intrigantներու զանազան տեսակի թելադրութիւնները եւն.։ Այս տողերը չեմ գրեր բնաւ եղածը արդարացնելու դիտաւորութեամբ, այլ պարզապէս այն ձգտումով որ հոգւոյս խորքին մէջ կ’ուզեմ դեռ յոյսի մը կառչիլ եւ կը սիրեմ մտածել թէ ինչ որ կը կատարուի վատ, անարդար եւ անարժան, աւելի անձերու սխալներու արդիւնք է քան թէ որոշ տեսակէ հաւաքական մտածողութեան հետեւանք։
Այս յուսահատական եւ առեղծուածային նամակս զարմանալի թուի ձեզ թերեւս։ Բայց կը կարծեմ թէ դուք կը հասկնաք քօղարկուած երանգները եւ ակնթարթ մը ձեր մտածումը կը հանդիպի իմ մտահոգութիւններուս։
Ուրախ պիտի ըլլամ ձեզ կրկին տեսնելով։ Առ այժմ կը ղրկեմ ձեզ խորին յարգանքներս եւ լաւագոյն զգացումներս։
Ձերդ Զապէլ Եսայեան
«Երեւան»ը[6]«Երեւան» քաղաքական, ընկերային եւ գրական թերթ, լոյս տեսած է Փարիզ, 1925-1930 թուականներուն։ … Continue reading պիտի հրատարակուի Հոկտ. 1ին։ Գրական բաժնին ղեկավարութիւնը ինձ յանձնուած է։ Ձեզ [ոչ] միայն այդ տիտղոսով այլեւ անձնապէս կը խնդրեմ որ ձեր մեծանուն աշխատակցութիւնը շնորհէք մեզ։ Ինչքան ուրախ պիտի ըլլայինք եթէ պատմուածք մը կամ նորավէպ մը հրապարակէինք ձեզմէ։
* * *
Դ.
30 Հոկտ. 1925
Սիրելի պարոն Բաշալեան,
Ներփակ կը գտնէք նամակ մը որ պարոն Ն. Չամքերթէն ղրկեր է ինձ, ձեզ հասցնելու խնդրանքով։ Յոյս ունեցայ որ ես անձամբ կը բերեմ ձեզ բայց գիտնալով որ այս օրերս շատ զբաղած էք, բոսթով կը ղրկեմ նամակը, վերապահելով ինձ հաճոյքը ձեզ տեսնելու առաջիկայ առիթով։
Ներեցէք նամակի պահարանին գէշ վիճակին համար, քանի մը օր է որ թուղթերուս մէջ է եւ ճմռթկուեր է։
Ձերդ յարգանքով եւ սիրով
Զ. Եսայեան
* * *
Ե.
28 Սեպտ. 1926
8, Rue Lamartine
Viroflay (S. et O.)
Սիրելի պարոն Բաշալեան,
Եթէ արգելք մը չունիք, շատ ուրախ պիտի ըլլայի ձեզ տեսնելով յառաջիկայ ուրբաթ Սեպտ. 1ին կէս օրէ ետք ժամը 3-4 ձեր պիւռօյի մէջ։
Մեկնելէ առաջ[7]Ակնարկութիւնը կ’երթայ Մոսկուայի ճամբով Եսայեանի Երեւան ուղեւորութեան։, հաճոյք մը պիտի ըլլար ինձ համար ձեզ անձամբ յայտնել իմ անխախտ զգացումներս այն եղբայրական վերաբերմունքի մասին որ միշտ եւ ամէն առիթի ինձ հանդէպ ունեցած է
Ցտեսութիւն ուրեմն եւ յարգալիր ու ջերմ զգացումներով
Ձերդ Զապէլ Եսայեան
↑1 | Զապէլ Եսայեան. Նամակներ, կազմեց եւ ծանօթագրեց Արփիկ Աւետիսեան, Երեւան, 1977, նամակ թիւ 121, 131 եւ 155։ |
---|---|
↑2 | Նկատի ունի հաւանաբար պրիւքսէլաբնակ Ներսէս Չամքերթէնը, որ տեղւոյն Հ. Բ. Ը. Միութեան վարչութեան փոխատենապետն էր։ |
↑3 | Թէոդիկ, բուն անունով՝ Թէոդորոս Լապճինճեան (Կ. Պոլիս, 1873-Փարիզ, 1928), բանասէր, գրող, խմբագիր։ Հեղինակ բազմաթիւ գիրքերու։ Ծանօթ է առաւելաբար իր խմբագրած ու հրատարակած «Ամէնուն Տարեցոյցը»ներու շարքով (1907-1928)։ |
↑4 | «Ապագայ»՝ քաղաքական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, լոյս տեսած է Փարիզ, 1920-1940 եւ 1946-1949 թուականներուն։ Հրատարակութիւն ՌԱԿ-ի։ |
↑5 | Նախադասութիւնը ֆրանսերէն է՝ որքան որ փոխուի, նոյն բանն է։ |
↑6 | «Երեւան» քաղաքական, ընկերային եւ գրական թերթ, լոյս տեսած է Փարիզ, 1925-1930 թուականներուն։ Ունեցած է «յառաջդիմական» ուղղութիւն։ Եսայեան մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին։ |
↑7 | Ակնարկութիւնը կ’երթայ Մոսկուայի ճամբով Եսայեանի Երեւան ուղեւորութեան։ |