Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը (Վերյայտնութեան սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ Փարիզ կեդրոնացած, գրական ամբողջովին տարբեր ընկալում մը ցուցաբերեց նախաղէտեան գրականութեան նկատմամբ՝ փորձելով օտար գրականութեան հետ շփումով նոր գրականութեան մը հիմնադիրը հանդիսանալ։
    Սակայն, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի կ’ունենար բոլորովին այլ գործընթաց մը։ Հոս, մինչեւ 1915 ստեղծագործած հեղինակներու գրական կենսագրութիւններն ու արտադրանքը, քիչ մըն ալ Աղէտի գունաւորումով, կը ստանային նոր փայլ մը, կը սկսէին ենթարկուելու նոր մեկնութեան ու, կտրուած ըլլալով օտարի հետ շփումներէ (դիտաւորեալ մեկնաբանութեամբ, քանի որ իրենց ակունքին մէջ այդ միջգրութենական կապը անխուսափելիօրէն ներկայ էր), նոր սերունդին ու անոր գրականութեան սկզբնաղբիւրը, սկզբնաւորումը կը համարուէին։ Իբր այդ, Աղէտը տեսած, զայն վերապրած ու հազար ու մէկ տանջանքներով Պոլիսէն, երբեմն զանազան աքսորավայրերէն ու շատ անգամ անապատներէն նոր ափեր հասած արեւմտահայ հեղինակները կ’արժանանային այս սերունդի ջերմ ընդունելութեան, կ’ընկալուէին որպէս ուսուցիչներ ու կը վայելէին անվերապահ յարգանք ու համակրանք (որքան որ ատեն-ատեն բանավէճերու առիթներ բանային հետագային)։ Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան, Կոստան Զարեան, Լեւոն Շանթ, Արշակ Չօպանեան, անյայտ ու անանուն դեռ ուրիշներ կամ առանց մեծ ազդեցութիւն ձգելով հրապարակէն հեռացածներ՝ կուռքեր էին, նահապետներ… Անոնք ալ իրենց հերթին, իրենց սեփական աշխատութիւններուն կամ ստեղծագործութիւններուն կողքին, կը քաջալերէին, յառաջաբաններ կը գրէին, նիւթական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէին, կը գրախօսէին, նամակով կամ հրապարակաւ խորհուրդ կու տային նորերուն։ Այս շրջանի գրական սերնդափոխութիւնը այդ տարածքին վրայ խաղաղ անցում մը ապրելով, իր աւարտին պիտի հասնէր 1940ականներու վերջերը, երբ հողին դարձած էին գրեթէ բոլոր դասականները ու ասպարէզը գրաւած էին նորերը։ Աւելի քան հետաքրքրական պիտի ըլլար սփիւռքահայ գրականութեան նոր դէմքերուն հետ արեւմտահայ դասականներու յարաբերութիւններուն ուսումնասիրութիւնը եւ անոնց կարծիքները երիտասարդ գրագէտներուն ու վերջիններուս ստեղծագործութեան մասին, այսպէսով անուղղակիօրէն լուսաբանելով աւագ սերունդին ազդեցութիւնը յետնորդներուն վրայ։
    Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, Կոստան Զարեանի ու Անդրանիկ Ծառուկեանի յարաբերութիւնը կարելի է բաժնել երեք փուլերու, որոնք կը պայմանաւորուին երիտասարդ հեղինակին կողմէ երէց գրագէտին հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքով։ Առաջին շրջանը կարելի է սկզբնաւորել Նայիրի ամսագրի հրատարակութեամբ՝ 1945ին, երբ խմբագիր Ծառուկեանը նոր հաստատուած ամսագրին աշխատակցութեան կը հրաւիրէ Զարեանը։ Մինչեւ 1951, այսինքն՝ Զարեանի Պէյրութ այցելութեան թուականը, Ծառուկեանի ու Զարեանի միջեւ նամակագրական կապ մը կը զարգանայ։ 1951-1954ին Զարեան ապրած է Պէյրութ, ուր հայագիտութիւն դասաւանդած է տեղւոյն Ամերիկեան Համալսարանին, ինչպէս եւ «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանին մէջ։ Զարեանի Պէյրութ գտնուած միջոցին Անդրանիկ Ծառուկեան հնարաւորութիւն ունեցած է անձամբ հանդիպելու անոր, զրուցել հետը, անձնական տպաւորութիւններ կուտակել։ 1954էն մինչեւ 1963, գրաւոր թէ բանաւոր որեւէ վկայութիւն չունինք, թէ այս թուականներուն որեւէ յարաբերութիւն եղած է երկու հեղինակներուն միջեւ։ 1963 եւ 1969 թուականներուն, սակայն, Ծառուկեան Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Զարեանի հետ։


ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (1945-1951)

Անդրանիկ Ծառուկեան, Հալէպի մէջ, 1940ականներու սկիզբը փորձ մը կ’ընէ հրատարակելու Նայիրի անունով պարբերական մը, քանի մը թիւ վերջ դադրեցնելու համար զայն։ 1945 թուականին ան վերստին կը հրապարակէ Նայիրին, այս անգամ որպէս ամսագիր։ Այդ շրջանին թէեւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ գրական հանդէսներ կը հրատարակուէին, որոնց մէջ հանդէս կու գային ժամանակի սփիւռքահայ ու արեւմտահայ գրողներն ու կուսակցական-հանրային գործիչները, ներառեալ՝ Միջին Արեւելքի մէջ ապրողները, սակայն Միջին Արեւելքի երիտասարդ գրողները իրենց շրջանին ուրոյն բեմը չունէին։ Յակոբ Օշականը, ի մասնաւորի, հայկական աւանդներու ծաղկման լաւագոյն միջավայրը կը համարէր Միջին Արեւելքը, Հալէպի գլխաւորութեամբ։ Նայիրի այդ թուականէն սկսեալ մինչեւ 1982, գրեթէ 40 տարի, նախ Հալէպի մէջ որպէս ամսագիր, ապա Պէյրութի մէջ որպէս շաբաթաթերթ, բազում վերիվայրումներով հանդերձ, եղաւ ու մնաց Միջին Արեւելքի գրական սերունդի կարեւոր բեմերէն մին. տարբեր յաճախականութեամբ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններուն անոր աշխատակցած են Յակոբ Օշական, Կոստան Զարեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Արսէն Երկաթ, Շաւարշ Նարդունի, Արամ Հայկազ, Համաստեղ, Հրաչ Զարդարեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Լեւոն Չորմիսեան, Մուշեղ Իշխան, Ժագ Ս. Յակոբեան, Եդուարդ Տարօնեան, Պօղոս Սնապեան, Խոսրով Թիւթիւնճեան, Մինաս Թէօլէօլեան եւ բազմաթիւ ուրիշ անուններ, որոնց գումարումը մեծաւ մասամբ սփիւռքահայ գրականութեան  ողնայարը կը ներկայացնէ։
    Անդրանիկ Ծառուկեանի Կոստան Զարեանին նկատմամբ ցուցաբերած համակրանքին ու յարգանքին անդրանիկ ապացոյցը կարելի է համարել Նայիրիի նոր շրջանին բացուիլը Զարեանէ կատարուած արտատպումով մը։ Այսպէս, Զարեանի “Ars Poetica”ն հրատարակուած է Նայիրիի նոր շրջանի Ա. թիւի առաջին էջերուն վրայ, խմբագրական հետեւեալ ծանօթագրութեամբ. «ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ, հայ գրականութեան եւ արմենական Ոգիին մեծաձայն շեփորը, որուն «Արուեստ Քերթողական»ով կը բանանք Նայիրիի նոր շրջանը։ Այս հուժկու եւ բազմատաղանդ գրիչը հրաւիրած ենք աշխատակցութեան։ Կը յուսանք յառաջիկայ թիւերով իրմէ տալ աւելի ընդարձակ եւ անտիպ էջեր։ Զարեան այժմ կը գտնուի Ամերիկա եւ մտադիր է, առաջին իսկ պատեհութեամբ այցելել Սուրիա-Լիբանան, ինչպէս կ’իմանանք իրմէ ստացած նամակէ մը»[1]Նայիրի, Սեպտեմբեր 1945, էջ 1-3։։ Նայիրիի Հոկտեմբեր 1945ի Բ. թիւին մէջ Անդրանիկ Ծառուկեանի ստորագրութեամբ տպագրուած է Նաւը լերան վրայի առթիւ գրախօսական մը, որով Ծառուկեան բարձր գնահատելով Զարեանի այս ստեղծագործութիւնը, հանրութեան յանձնարարած է կարդալ զայն ու փոխանցել յաջորդ սերունդներուն[2]Այս գրախօսականին յայտարարութիւնը նախապէս կատարուած է Սեպտեմբեր 1945ի Ա. թիւին մէջ. «Իր (իմա՛՝ Զարեանի. Վ.Մ., Ս.Տ.) … Continue reading։ Այս գրախօսականին տպագրութենէն ետք, Ծառուկեան Օշականէն նամակ մը ստացած է. «Չուշացաւ Օշականին սաստը. «Չտեսութիւն է ըրածդ, գրեց Օշական։ Զարեան բառերու կախարդ մըն է ու դուն տարուած ես այդ կախարդանքէն»։ Ծառուկեան Զարեանի նկատմամբ ունեցած համակրանքը պաշտպանելու համար պատասխանած է. «Բայց արուեստագէտէն ի՞նչ կը պահանջենք եթէ ոչ այն, որ յաջողի մեզ կախարդել»։ Այս թղթակցութենէն ետք, երկուքը դէմ առ դէմ հանդիպելու առիթ մը կ’ունենան Օշականի Հալէպ այցելութեան միջոցին (1947-1948)։ Ներկայ եղած է նաեւ Եդուարդ Տասնապետեանը։ Խօսք բացուած է Զարեանի մասին.-

Օշական ջղայնացաւ, եւ ձեռքը բռունցքի վերածած, գոչեց.
– Այդ վեց հարիւր էջերը այսպէս կը քամեմ-կը քամեմ՝ եւ միայն վաթսուն էջ կը մնայ…
Եւ անմիջապէս յետոյ.
– Բայց այդ վաթսուն էջը հայ գրականութեան անմահ էջերուն մաս կը կազմեն…[3]Անդրանիկ Ծառուկեան, Մեծերը եւ… միւսները, Պէյրութ, 1992, էջ 282։ Օշական Նաւըի մասին նման տողեր ունի նաեւ … Continue reading։  

    Նայիրիի յաջորդ՝ Գ. թիւին մէջ, արտատպուած է նաեւ Կոստան Զարեանի «Կոմիտաս վարդապետին (նրա աճիւնը Հայաստան տանելու առթիւ)» հանրայայտ քերթուածը, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1936ին Հայրենիք ամսագրին մէջ[4]Նայիրի,  Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1945, էջ 109-111։։ 
    Շարունակելէ առաջ անհրաժեշտ է մատնանշել, որ Զարեանի հանդէպ Ծառուկեանի կեցուածքին մէջ չկար միայն իմացական ու խմբագրական հետաքրքրութիւն մը, այլ նաեւ՝ ստեղծագործական։ Արդարեւ, նոյն 1945ին ան կը հրատարակէր հռչակաւոր «Թուղթ առ Երեւան» վիպերգը, գրուած՝ արեւելահայերէն, ուր զգալի էր, ձեւին մէջ, անգիտակից հետեւողութիւն մը Զարեանի գրելաոճին, յատկապէս նկատի ունենալով երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ անցումի լարումի մը գոյութիւնը։ Միւս կողմէ, Օշական իր «Վկայութիւն մը» հատորին մէջ Թէքէեանի ու Զարեանի «ստուերները» կը թելադրէր տեսնել Ծառուկեանի այդ գործին մէջ[5]Յակոբ Օշական, Վկայութիւն մը, Հալէպ, 1946, էջ 41։։ Նման վկայութիւն մը ունի նաեւ Անդրանիկ Ծառուկեան, ինչ որ Զարեանէ ազդուած ըլլալու խոստովանութիւն մը կարելի է համարել իր հաշուոյն։ Զարեան, Պէյրութ գտնուած միջոցին, կը հարցնէ.

– Էտ քո «Թուղթ առ Երեւանը» որոշ տեղեր կրում է … Կոստան Զարեանի ազդեցութիւնը…
– Կրնայ ըլլալ։ Մեծ պատիւ մը կ’ընէք, պարոն Զարեան։ Անբնական չէ որ մէկը կրէ իր սիրած հեղինակին ազդեցութիւնը[6]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 273։։

    Այնուհետեւ, երկար ժամանակ, Կոստան Զարեանի անունին չենք հանդիպիր ամսագրի էջերուն մէջ, թէեւ ան աշխատակցած է Պէյրութի Անի ամսագրին՝ մէկ բանաստեղծութեամբ («Ձի, գարուն եւ Հայաստան»)։ 1946ի աւարտին Միջին Արեւելքի գրական շրջանակը յուզող կարեւորագոյն խնդիրը կը դառնայ սփիւռքահայ գրողներու համագումար մը նախաձեռնելու առաջադրանքը։ Այս առթիւ թեր ու դէմ բազմաթիւ յօդուածներ կը տպագրուին Նայիրիի եւ Սփիւռքի այլ թերթերու ու պարբերականներու մէջ։ Նման համագումար մը սարքելու խնդիրը երբ կը յստականայ, գլխաւոր կազմակերպիչներէն Անդրանիկ Ծառուկեանի ստորագրութեամբ մեքենագիր, նոյն բովանդակութեամբ նամակներ կ’առաքուին զանազան երկիրներու մէջ բնակող հայ գրողներուն։ Պահպանուած չըլլալով հանդերձ, կրնանք ենթադրել, որ նման նամակ մը ստացած է նաեւ Զարեանը, որ այդ թուականներուն կը բնակէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մեր այս ենթադրութիւնը կ’ամրանայ, երբ, ի շարս այլոց, Զարեանի անունը կը կարդանք համագումարին մասնակցելու հաւանութիւն տուած գրողներու ցուցակին մէջ, որ հրատարակուած է «Նայիրի»ի կողմէ[7]Նայիրի, Մայիս 1947, էջ 229-231։։ Միւս կողմէ, Արամ Հայկազին ուղղուած 26 Յունիս 1947 թուակիր նամակին մէջ Ծառուկեան գրած է. «Ամերիկայէն հրաւիրած ենք միայն քեզ, Զարեանը, Համաստեղը եւ Նուրիկեանը»[8]ԳԱԹ, Արամ Հայկազի ֆոնտ, թիւ 211։։ Միջին Արեւելքի մէջ այդ թուականներուն ստեղծուած քաղաքական անկայուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համագումարին շուրջ կարգ մը շրջանակներու կողմէ ստեղծուած բացասական կարծիքը թոյլատու չեն ըլլար, որպէսզի Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը կայանայ[9]Այս մասին աւելի մանրամասն տե՛ս Սեւան Տէյիրմէնճեան, «Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը եւ Ծառուկեան», Գարուն, … Continue reading։ Կոստան Զարեանի Միջին Արեւելք այցելելու առաջին պատեհութիւնը այսպէսով կը յետաձգուի։ 
    Ծառուկեանէն Զարեանին ուղղուած 26 Յուլիս 1947 թուակիր նամակ մը պահպանուած է Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին մէջ (ԳԱԹ)։ Այդ նամակը, որ կցուած է այս յօդուածին, հասցէագրուած է ուղղակի Զարեանի Միացեալ Նահանգներու հասցէին[10] Mr. C. Zarian, 11 W. 42nd St. Room 326, New York 33, NY-USA.։ Ծառուկեան, նախապէս բազմաթիւ անգամներ, զանազան առիթներով ու տարբեր անձերու ու հասցէներու միջոցով Զարեանին նամակներ առաքած ըլլալու փաստը նշելէ ետք, կը յայտնէ իր հիացմունքն ու համակրանքը գրագէտին ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ։ Կը խնդրէ Զարեանի կենսագրութեան մանրամասները, հետագային կատարելիք ուսումնասիրութեան մը մէջ օգտագործելու նպատակով։ Որքան գիտենք սակայն, Ծառուկեան Զարեանի մասին նման աշխատասիրութիւն մը չէ կատարած կամ, առնուազն, չէ հրատարակած։ Ծառուկեան «Նայիրի»ի աշխատակցութեան հրաւէր ուղղելու եւ Գաղութահայ Գրողներու Համագումարի կազմակերպչական հարցերուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին, պատրաստակամութիւն յայտնած է, Զարեանի ցանկութեան պարագային, առանց վճարումի 60 էջնոց գըրքոյկ մը հրատարակելու հեղինակէն։ Անվճար գիրք տպագրելու ուշագրաւ պարագան Զարեանի հանդէպ յատուկ վերաբերմունք ու համակրանք մը  կը բացայայտէ։ Առ ի համեմատութիւն, կÿարժէ նշել, որ նոյն թուականներուն Արամ Հայկազ դիմած է Ծառուկեանին իր առաջին գիրքը Սուրիոյ մէջ տպագրելու մտադրութեամբ եւ ստացած՝ հետեւեալ պատասխանը. «Գալով հոս տպագրուելուն, շատ գործնական չէ։ Այստեղ մենք հիմա բացառիկ մենաշնորհը ունինք աշխարհի ամէնէն սուղ երկիրը ըլլալու»[11]ԳԱԹ, Արամ Հայկազի ֆոնտ, թիւ 211։։
    Զարեանի պատասխանը մեզի յայտնի չէ, բայց Նայիրիի հաւաքածոյի քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան դրական կերպով ընդառաջած է Ծառուկեանի զոյգ խնդրանքներուն։ Առաջին հերթին, հոն լոյս տեսած է «Լարախաղաց» քերթուածը, որ գրուած էր Նիւ Եորք, 1947ին[12]Նայիրի, Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 1947, էջ 441-442։։ Իսկ քիչ ետք, սկսած է հրատարակուիլ Զարեանի Նայիրիին տրամադրած անտիպ գործ մը՝ «Սրտի ճանապարհով»[13]Նայիրի,  Փետրուար 1948, էջ 1-11։։ Խմբագրական ծանօթագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ապահովուած է Զարեանի աշխատակցութիւնը։ Կը կարդանք, թէ Զարեան Միացեալ Նահանգներէն վերադարձած է Իտալիա եւ հաստատուած՝ Հռոմ, ուրկէ ամէն ամիս կանոնաւորաբար պիտի աշխատակցի Նայիրիին։ Խմբագրութիւնը կը յայտնէ, թէ ան ողջունած է Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը եւ յառաջիկայ ամառ պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի սարքէ հայերէն ու ֆրանսերէն դասախօսութիւններ՝ գրական նիւթերու շուրջ։ Իսկ իր դուստրը՝ իտալաբնակ քանդակագործուհի Նուարդ Զարեանը, ցուցահանդէս մը կը ծրագրէ բանալ Պէյրութի մէջ[14]Անդ, էջ 11։։ Արդարեւ, Նայիրիի այդ տարուան քանի մը թիւերուն մէջ կը հրատարակուի Կոստան Զարեանի «Սրտի ճանապարհով» ստեղծագործութիւնը («Ես կա՛մ, կը մնա՛մ»[15]Նայիրի, Մարտ 1948, էջ 93-96։, «Օ՜, իմ Հայրենիք»[16]Նայիրի, Յունիս 1948, էջ 363։
    Նոյն 1947ին, Զարեանի հետ անուղղակի առնչութիւն ունեցող ուշագրաւ պատահար մը կայ. Ծառուկեանի այցելութիւնը Թագուհի Շահնազարին՝ Կոստան Զարեանի առաջին կնոջը։ 1947 թուականի աշնան, Բազմավէպի 100ամեակի հանդիսութիւններուն մասնակցելու նպատակով Ծառուկեան մեկնած էր Իտալիա, ուր օգտուելով առիթէն հանդիպում մը ունեցած է Թագուհի Շահնազարի հետ։ Այս տեսակցութեան մասին, հետագային, Զարեանի մահէն ետք, Ծառուկեան ակնարկ մը գրի առած է՝ «Թագուհի Շահնազար» վերնագրով[17]Անդրանիկ Ծառուկեան, «Թագուհի Շահնազար», Նայիրի, 8 Մարտ 1970, էջ 4։, ուր կը պատմուին այս հանդիպման մանրամասները։ Յայտնի է, որ Ծառուկեան Զարեանը տեսնելու ակնկալութեամբ չէ այցելած Շահնազարը. արդէն Զարեան այդ տարիներուն կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ եւ Ծառուկեանի այցելութեան յաջորդ օրը պիտի գար Հռոմ.

– Անհանգիստ կը թուիք, Տիկին Թագուհի։
 – Ինչպէս չըլլամ, տղաս, ինչպէս չըլլամ։ Ճենովա գացին, բերելու։ Վաղը հոս են եւ դեռ տունին մէջ ամէն ինչ պատրաստ չէ…
Գացողը ո՞վ է, բերուելի՞քը ով։ 
(…)
Նուարդը, իր աղջիկը, ամուսնին հետ Ճենովա գացած են դիմաւորելու համար Կոստան Զարեանը, որ Ամերիկայէն Իտալիա կու գայ նաւով, իր նոր գտած … ամերիկացի կնոջ հետ[18]Անդ։ Ի դէպ, Զարեան իր ամերիկացի կինը «նոր գտած» չէր, քանի որ անոնց մտերիմ կապը կ՚երթար մինչեւ 1929 (Վարդան … Continue reading։

    Ծառուկեան իր այս այցելութեան մասին կը խօսի նաեւ աւելի ետք՝ 1983ի «Անցորդը եւ իր ճամբաները» յուշապատումին մէջ, ուրկէ ի յայտ կու գայ, թէ Թագուհի Շահնազարին այցելած է իր դստեր՝ Նուարդ Զարեանին ծանօթանալու նպատակով։ Ծառուկեան, թէեւ Ն. Զարեանին հանդիպելու հնարաւորութիւնը ունեցած չէ, սակայն ջերմ տպաւորութիւններով կը խօսի Զարեանի առաջին կնոջ՝ Թագուհիի մասին. «Հրեշտակային» մակդիրը պիտի պատշաճէր իրեն, եթէ վերացական եւ օդային բառ մը չըլլար։ Եւ արդէն, պէտք է բառեր փնտռել, կամ ստեղծել, այդ բացառիկ կինը հաւատարմօրէն նկարագրելու համար»[19]Ծառուկեան, «Թագուհի», էջ 4։։ Նոյնիսկ զայն կը համեմատէ Զարեանին հետ. «Նժարին մէջ եթէ դնենք Կոստան Զարեանի գրական տաղանդը, եւ միւս նժարին մէջ այս կնոջ սիրտը, ո՞ր մէկը աւելի ծանր պիտի կշռէ արդեօք…»[20] Անդ։։ Այդ կնոջ նկատմամբ այնքան մեծ կ’ըլլայ Ծառուկեանի համակրանքը, որ չ’ուզեր հանդիպիլ ամերիկացի կնոջ մը հետ ամուսնացած Զարեանին. «Ես, նորօրեայ Տօն Քիշոթ, մտածումով տէր կը կանգնէի դատի մը, ուր, անիրաւեալը ի՛նք դատ չունէր եւ հաշտուած էր կացութեան հետ, բայց ինծի կը թուէր, որ երբ Զարեանը տեսնեմ, պէտք է որ Թագուհին պոռթկայ իմ մէջէս…»[21]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 289։։ Այդ հանդիպումէն ետք բարեկամութիւն մը կը հաստատուի Ծառուկեանի ու Շահնազարի միջեւ։ Վերջինս, «Թ. Զ.». ստորագրութեամբ, քանի մը յօդուածներով կ’աշխատակցի «Նայիրի»ին՝ «Հայաստանի երաժշտանոցին մէջ Ռոմանոս Մելիքեանի հետ աշխատած օրերէն, քաղցր յուշերով եւ յուզիչ դրուագներով»[22]Ծառուկեան, «Թագուհի», էջ 4։։
    Զարեանի Իտալիոյ հասցէին[23]Mr. C. Zarian, Via S. Vito, 52, Forio d’Ischia – Italia. ուղղուած Ծառուկեանի երկրորդ նամակը, որ մեզի հասած է եւ զոր կը հրատարակենք ստորեւ, թուագրուած է 24 Դեկտեմբեր 1948։ Յայտնի է, որ Ծառուկեանին ուղղուած 4 Դեկտեմբեր 1948 թուակիրով մը, զոր չենք տեսած, Զարեան իր վրդովմունքը կը յայտնէ կարգ մը հարցերու շուրջ եւ ետ կը պահանջէ «Սրտի ճանապարհով»ին ձեռագիր բնագիրը։ Ինչպէս նախորդ նամակին մէջ տեսանք, Ծառուկեան Զարեանէն գիրք մը տպելու պատրաստակամութիւնը յայտնած էր։ Զարեանի նամակին հիմամբ կրնանք ենթադրութիւններ ընել երկու գրողներուն միջեւ ծագած վէճին պատճառներուն վերաբերեալ։
    Ծառուկեանի առաջին նամակէն ետք, որով Զարեանէն գիրք մը տպագրելու պատրաստակամութիւն յայտնուած էր, Զարեան Ծառուկեանին ուղարկած պէտք է ըլլայ «Սրտի ճանապարհով» ընդարձակ վիպերգը՝ հատորի ձեւով հրատարակուած տեսնելու ակնկալութեամբ։ Ինչպէս տեսնուեցաւ սակայն, այս քերթուածէն հատուածներ միայն տպագրուած են Նայիրիի մէջ։ «Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեր պօէմին տպուած հատուածներուն «Նայիրի»ի մէջ, յայտնեմ իսկոյն, թէ առանց առարկութեան եւ մեծ հաճոյքով պիտի ուզեմ վճարել այն գումարը որ պահանջէք»։ Ծառուկեան մեղմելու համար Զարեանի բարկութիւնը, կու տայ հետեւեալ պատճառաբանութիւնը. «Իմ ամբողջ մտահոգութիւնս եղած էր Զարեանէն էջեր տպել «Նայիրի»ի մէջ»։ Ծառուկեանի այս բացատրութիւնները մեր ենթադրութիւնը հիմնաւոր կը դարձնէ, թէ «Սրտի ճանապարհով» վիպերգը ուղարկուած էր բացառաբար գրքի մը ձեւով տպագրուելու համար, սակայն պոէմը «ներկայ ծաւալով, եւ մանաւանդ վերջին մասին յաւելումով, կ’ըլլայ կրկինը», մինչդեռ խօսքը 60 էջնոց գրքոյկի մը տպագրութեան մասին էր։ Զարեան վրդոված է նաեւ այն պատճառով, որ Ծառուկեան անպատասխանի ձգած է նամակ մը. այս առթիւ Ծառուկեան գրած է. «Ձեզմէ որեւէ նամակ չեմ ստացած՝ որուն անմիջապէս պատասխանած չըլլամ»։ Հաւանական է Զարեանէն անպատասխանի մնացած (կամ՝ Ծառուկեանի պատասխանը իրեն չհասած) նամակի մը գոյութիւնը։ Այդ նամակով, հաւանաբար, Զարեան առարկութիւն ըրած է «Սրտի ճանապարհով»ին տպագրութեան, քանի որ նշեալ քերթուածի Նայիրիին մէջ հրատարակութիւնը դադրած կը տեսնենք ամսագրի Յուլիս 1948ի 5րդ թիւէն ետք։ Անշուշտ, այս ենթադրութիւնները կրնան հերքուիլ կամ հաստատուիլ այն ժամանակ միայն, երբ երեւան գան Զարեանի Ծառուկեանին ուղղուած 4 Դեկտեմբեր 1948 թուակիր եւ այլ նամակները։
    Ի դէպ, կ՚արժէ նշել, որ Զարեան այս գործը սկսած էր գրել իր հայաստանեան տարիներուն (1922-1924), ինչպէս վկայած է «Անցորդը եւ իր ճամբան»ի մէջ, եւ կը պատկանէր իր փայփայած «համադիւցազներգութեան» սեռին.-

Ամէն մի պոեմա կապուած է երկրի հետ, որովհետեւ երկնքից է գալիս։
Գնացքը ռիթմ է, ուստի՝ մեծ թռչունի նման թեւարկում է։
«Հայաստանում» պոեման համայնադիւցազներգական աշխարհազգացումի առաջին արտայայտութիւնն է։ Երկինքը եռանկիւնի է, դաշտը ոլոր եւ պատկերը ծեփուած է խմորի նման[24]Կոստան Զարեան, Երկեր, Անթիլիաս, 1975, էջ 95։։

    Անոր ակնարկած էր 2 Հոկտեմբեր 1944ին, Բենիամին Նուրիկեանին թուարկելով իր գլխաւոր գործերը.- «(…) «Հայաստանում» պոէման, որի երկրորդ եւ երրորդ մասերը լրացած են հիմա եւ, յուսամ, լոյս պիտի տեսնեն (…)»[25]Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեան եւ Բենիամին Նուրիկեան. նամականի», Բագին,  3, 1997, էջ 123։։
    Առաջին մասը լոյս տեսած էր Հայրենիք ամսագրին մէջ, 1925ին[26]Կոստան Զարեան, «Հայաստանում», Հայրենիք ամսագիր, Նոյեմբեր 1925։։ Իսկ Նայիրիի մէջ հատուածաբար լոյս տեսած երկրորդ ու երրորդ մասերէն ետք, ամբողջութիւնը անտիպ մնացած է ու այս իսկ պատճառով «համադիւցազներգական» բնոյթին քննարկումը կը մնայ ապագայի գործ։ Վազգէն Գաբրիէլեանը հարեւանցի անդրադարձ մը կատարած է.-

(Զարեանի. Վ.Մ., Ս.Տ.) տեղը հայրենիքն է, իր գործը՝ երկիրը փառաբանելը։  Պատերազմից յետոյ այսպիսի տրամադրութիւնները նրա գործերում աւելի են շատանում։ Պատահական չէր, որ 1948 թ. Զարեանը լոյս ընծայեց 1925 թ. գրած «Սրտի ճանապարհով» բանաստեղծութիւնների շարքը, որոնք գրուել էին Խորհրդային Հայաստանում ապրած տարիներին եւ որոնք «նոր կերտուող այս Հայաստանի» մասին հիացումի եւ հաւատի խօսքեր էին[27]Վազգէն Գաբրիէլեան, Սփիւռքահայ գրականութիւն, Երեւան, 1987, էջ 353։։

    Խնդրոյ առարկան վիպերգ էր (պոէմ) եւ ո՛չ թէ «բանաստեղծութիւնների շարք»։ Բայց ամենէն կարեւորը այն է, որ կարելի չէ հրատարակուած բաժինները «նոր կերտուող այս Հայաստանի» հանդէպ անվերապահ «հիացումի եւ հաւատի խօսքեր» համարել։ Այս իմաստով, բնորոշ է հետեւեալ հատուածը, որ Զարեանի գրականութեան ծանօթ թեմաներէն մէկն է.-

Իսկ բանաստեղծը լսում է, ասում.-
(…) Կառուցել, այո, հնարել…
Արիւնիդ թափը տալ, հրկիզուել
Դարերով ձեզ սպասող տեսիլքով,
Նոր մարմին որոնող երազով –
Այդ, այո՛, ձեզ հետ են ձեռքերը իմ յուզուած…
Բայց լինել, խորհրդից եւ կամքից պարպուած, 
Թիւերի գորշ քանակ, լուռ մի ստրուկ
Ու հոգի յոգնաբեկ՝
Խուզարկուած աչքերով ոստիկան եւ ստրուկ –
Այդ երբե՛ք, այդ երբե՛ք…
Եթէ մարդ –ստեղծագործ աւիւնից իր զրկուած-
Տէրը չէ իր մտքի, տէրը չէ դնդերի իր լարուած,
Եթէ չէ՝ ըմբոստ երգ դաշնակող,
Արարիչ եւ կերտող,
Եթէ չէ անկաշկանդ արխիտեքտ –
Ո՞ւմ է պէտք
Տնտեսուած բանտը այդ պարտադիր երազի
Անուրախ, վշտալի[28]Զարեան, «Սրտի», էջ 4։։

    Կոստան Զարեան աւելի ուշ նաեւ փայփայած է Միջին Արեւելքի մէջ բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը տպագրելու ցանկութիւնը։ Գահիրէի Յուսաբեր օրաթերթի խմբագիր Վահան Նաւասարդեանի որդին՝ Բէգլար Նաւասարդեանը, Զարեանին ուղղուած 3 Ապրիլ 1950ի նամակով հաւանութիւն կու տայ հեղինակին այն խնդրանքին, որ իր հատորը տպագրուէր Գահիրէի մէջ[29]ԳԱԹ, Կոստան Զարեանի ֆոնտ, թիւ 73։։ Հատորը պիտի բաղկանար բանաստեղծութիւններէ[30]Արծրուն Աւագեան, Կոստան Զարեան. կեանքը եւ գործը, Երեւան, 1998, էջ 51։ եւ պիտի ունենար 300¬350 էջի ծաւալ[31]ԳԱԹ, Կոստան Զարեանի ֆոնտ, թիւ 73։։ Զարեան ստանալով Յուսաբերի հաւանութիւնը հաւաստող Նաւասարդեանի նամակը՝ նման հատորի մը տպագրութեան շուրջ, օրակարգի կը բերէ երկու տարի առաջ Ծառուկեանի հետ ունեցած իր անհամաձայնութիւնը։ Այս մասին կը կարդանք Նաւասարդեանի Զարեանին յղած նամակէն. «Եւ յանկարծ, չգիտես որտեղից, միտքս ընկաւ Ծառուկեանը։ Լեղիս պատռեց։ Չէ՞ որ դուք նրա մասին ձեր առաջին նամակի մէջ գրել էիք. «Այդ Ծառուկեան կոչուած մարդը անկոռեկտ մի անձնաւորութիւն դուրս եկաւ»[32]Անդ։։ Զարեան Նաւասարդեանին ուղղուած նամակին մէջ հարցուցած ըլլալու է, թէ ինչո՛ւ Ծառուկեանի նման անձնաւորութիւն մը կայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ թէ կարելի է նմաններուն «գծի բերել». «Ինչ վերաբերում է Ծառուկեանի նման մարդուն «առնել մեր կուսակցութեան մէջ՛՛ դրան ես անշուշտ չեմ կարող հանգամանօրէն պատասխանել, բայց ձեզ անծանօթ չի կարող լինել այն պարագան, որ գաղթաշխարհում չեն վխտում հայ կարող, լուրջ, ճշմարտօրէն հայրենասէր մարդիկ։ Այստեղ էլ ի վերջոյ սով կայ։ Ունեցածիդ վրայ գուրգուրալը դարձել է սրբազնագոյն պարտականութիւն։ Նաեւ «գծի բերելու» միջոցներն էլ այն չեն ինչ որ կը լինէին եթէ մենք ապրէինք մեր ազատ ու սեփական հայրենիքում ուր ունենայինք կառավարութիւն ու պատկան իշխանութիւններ»[33]Անդ։։
    Զարեանի եւ Ծառուկեանի միջեւ գրքոյկի մը հրատարակութեան ու «Սրտի ճանապարհով»ի Նայիրիի մէջ տպագրութեան առթիւ ստեղծուած այս տհաճ իրավիճակը պիտի չխանգարէր երկու հեղինակներուն միջեւ ստեղծուած համեմատաբար ջերմ յարաբերութեան, որ հաստատուեցաւ Կոստան Զարեանի Պէյրութ գտնուած տարիներուն եւ հետագային ալ՝ Հայաստանի մէջ։

 

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ (1951-1954)


19 Հոկտեմբեր 1951ին Կոստան Զարեան իր ամերիկացի կնոջ ու զաւակին՝ Յովանին հետ, Իտալիայէն կը տեղափոխուի Լիբանան։ Այս տեղափոխութիւնը խանդավառութիւն կը ստեղծէ Պէյրութի գրական շրջանակներէն ներս։ Մանաւանդ երիտասարդներ անհամբերութեամբ կը սպասէին ուշացած այս այցելութեան, եթէ նկատի առնենք անկէ առաջ Զարեանի Լիբանան երթալու չիրականացած խոստումները։
    Զարեանին դիմաւորելու համար նաւամատոյց փութացած են Անդրանիկ Ծառուկեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Մուշեղ Իշխան, Ազդակէն Տիգրան Ոսկունի, մինչ Կարօ Սասունի «որ Եգիպտոս կը գտնուի… կրկին ու կրկին պատուիրած է մեզի որ յայտնենք իր «բանաւոր բացակայի» պարագան»[34]Ծառուկեան, Մեծերը,  էջ 262։։
    Զարեանի Լիբանան այցելութիւնն ու կեցութիւնը կ’ողջունուին տեղւոյն մամուլին կողմէ։ Ազդակ օրաթերթի առաջին էջին վրայ լուսանկարով մը կը տպագրուին «Կոստան Զարեանին պատգամը»[35]Կոստան Զարեան, Նաւատոմար, Երեւան, 1998, էջ 464 (հրատարակուած՝ «Պատգամ» խորագրով)։, ինչպէս նաեւ «Մեր տեսակցութիւնը մեծանուն գրագէտին հետ» խորագրեալ հարցազրոյց մը[36]Անդ, էջ 635։։ 
    Անդրանիկ Ծառուկեանի ոգեւորութիւնը ակնյայտ կ’երեւի նաեւ իր կողմէ երեք տասնամեակ ետք  գրի առնուած «Մեծերը եւ… միւսները» շարքէն Կոստան Զարեանին նուիրուած «Անցորդը եւ իր ճամբաները» յուշագրութեան մէջ։ «Եկաւ։ Եկան։ Լիառողջ ու կայտառ, փառաւոր մարդ մը, բարձրահասակ, յաղթանդամ, առիւծի գլուխ մը, սպիտակ առատ մազերով»[37]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 262։։ Նաւամատոյցէն զինքը անմիջապէս կ’առաջնորդեն Պէյրութի «Փանսիոն Աննա» պանդոկը՝ «իրենց վերապահուած տեղը»[38]Անդ։։ Պանդոկէն բաժնուելէ առաջ Ծառուկեան Զարեանին խորհուրդ կու տայ այցելել գրեթէ մահամերձ Լեւոն Շանթին (մահացած՝ 29 Նոյեմբեր 1951ին) ու Մեծի Տանն Կիլիկոյ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին (մահացած՝ 21 Յունիս 1952ին)։ Ծառուկեանի ընկերակցութեամբ, Զարեան առաջին այցելութիւնը կու տայ Լեւոն Շանթին։ Շանթ լսած էր Զարեանի ժամանումը եւ կը սպասէր այս այցելութեան։ Զարեան ու Շանթ, Ծառուկեանի վկայութեամբ, կը զրուցեն կենցաղային նիւթերէ։ Շանթէն բաժնուելով կ’երթան Անթիլիաս՝ այցելելու Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսին։ «Աթոռ մը բերած են եւ Զարեան նստած է բարձին կողմը, աւելի մօտէն լսուելու համար Վեհափառէն, որուն ականջը, արդէն ծանր, դժուարութիւն ունի լսելու։ Կը խօսին Ամերիկայէն, յուշեր կը պատմեն»[39]Անդ, էջ 269-270։։ Զարեան Գարեգին Կաթողիկոսի հետ այս տեսակցութեան մասին պատմած է Վեհափառի մահուան առթիւ գրած իր մահախօսականին մէջ. «Ապա նրան տեսայ Անթիլիասում։ Հիւանդ, անկողնում պառկած, ձեռքերը գունաթափուած, այտերը ներս ընկած, փոքրացած, բարձերի մէջ կորած։ … Աչքերը աւելի զարմացած, քան երբեք, խօսքերը՝ շփոթ։ Երեխայացած»[40]Զարեան, Նաւատոմար, էջ 466-467։։ Հանդիպման ժամանակ Գարեգին Կաթողիկոս դիմելով Զարեանին կ’ըսէ. «Ինձ մօտ գալու համար վատ առաջնորդ ես ընտրել, Զարեան, երեւի չգիտես թէ նա շէֆ աւազակ է…» (…) «Ճամբան Զարեանը կ’ուզէ իմանալ շէֆ աւազակին պատմութիւնը»։ Խորհրդահայ կուսակցական քննադատ Հրաչեայ Գրիգորեան քանի մը տարի առաջ Սովետական Հայաստան ամսագրին մէջ յօդուած մը ստորագրած էր Ծառուկեանի ու Նայիրի ամսագրին դէմ՝ Ծառուկեանը կոչելով «շէֆ աւազակ»[41]Հրաչեայ Գրիգորեան, «Դաշնակ վարձկանների ծախու օրգանը («Նայիրի» ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի, 1947 թ., No … Continue reading։ Զարեան կը պատասխանէ. «Ոչինչ մարդ»։  Բայց չի գիտեր թէ այդ «ոչինչ մարդը» օր մը ինչ փորձանք պիտի բերէ իր ալ գլխուն»[42]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 271։։ Այդ օր Զարեան եւ Ծառուկեան կը զրուցեն Գարեգին Կաթողիկոսի մասին, իսկ Ծառուկեան կը պատմէ իր յուշերը Վեհափառէն։ Յունիս 1952ին Գարեգին Վեհափառ կը վախճանի։ Զարեան իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հեռագրով մը. «Վեհափառի մահը ամբողջ հայ ժողովուրդը ցնցեց, որովհետեւ նա աւելի ոգի էր, քան մարմին։ Կ. Զարեան»։ Կը գրէ նաեւ մահախօսական մը՝ «Վեհափառը», որ, յիշեալ ցաւակցական հեռագրին հետ, կը տպագրուի Հասկի Գարեգին Յովսէփեանցին նուիրուած բացառիկին մէջ (թիւ 7-8-9, 1952)[43]Զարեան, Նաւատոմար, էջ 635-636։։
    Ինչպէս բնորոշ է Ծառուկեանի այս յուշապատումին, Զարեան ընդհանրապէս կ’երեւի մտերմիկ կեանքով՝ իր խօսքով, իր պարով, կիներու հետ, կապելաներու մէջ։ «Իր գրականութեան հանդէպ մեր հիացումը կը մնայ անաղարտ, բայց մարդը կորսնցուցած է հեռուներէն մեզի ներշնչած հմայքը։ Կամաց կամաց կը տեսնենք թէ իր մէջ անհատը հականիշն է իր տաղանդով մեր մէջ կազմուած պատկերին»[44]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 281։։ Ծառուկեանի ու Զարեանի մտերմութեան մէջ գրչի եղբայրութենէ կամ գրական յարաբերութենէ աւելի ընկերային կամ կենցաղային կապ մը ակնյայտ է, առնուազն՝ Ծառուկեանի յուշագրութենէն փոխանցուած զգացողութեամբ։ Զարեան լիբանահայ երիտասարդ գրողներուն կամ մտաւորականներուն հետ ժամանակ կ’անցընէ ոչ այնքան գրական խնդիրներ քննարկելու, անոնց մշակած գրականութեամբ հետաքրքրուելու, որքան Պէյրութի մէջ առանձինն չմնալու մտահոգութեամբ։ «Եւ սակայն Զարեանը Զարեանն է, մեծութիւն մը»[45]Անդ, էջ 283։. Ծառուկեան միշտ ալ կը պահէ մեծ յարգանք ու համակրանք թէ՛ Զարեանի անձին եւ թէ անոր գրականութեան նկատմամբ։ «Անցորդը եւ իր ճամբաները» պատումը ո՛չ միայն վկայութիւնն է Զարեանի պէյրութեան օրերուն, այլ նաեւ Ծառուկեանի յիշեալ համակրանքին գրաւոր մէկ արտայայտութիւնը։
    Ծառուկեանի վկայութեամբ կը տեղեկանանք Զարեանի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ դասախօսելու հանգամանքներուն։ Այսպէս, համայնքը դիմում մը կը կատարէ Համալսարանի վարչութեան եւ կը խնդրէ, «որպէսզի ամպիոն մը տրուի իրեն, որպէս արուեստներու եւ հայագիտութեան դասախօս»[46]Անդ։։ Այս առթիւ Վահէ Սէթեան «յանձն կ’առնէ, երկու տարուան համար տարեկան երեք հազար տոլար տրամադրել համալսարանին եւ Զարեան կը հրաւիրուի դասախօսելու»[47]Անդ։։ Այս տողերէն յայտնի է, որ համայնքի վարիչներուն ու բարերարներուն ջանադրութեամբ է որ բացուած է հայագիտական ամպիոնը համալսարանէն ներս։ Միւս կողմէ Կոստան Զարեան կը գրէ իր պէյրութեան «Նաւատոմար»ին մէջ. «Վաղը հայերը պիտի ուրանան, որ ե՛ս ստեղծեցի Հայ մշակոյթի պատմութեան ամպիոնը A.U.B.¬ում, որ ինձանից առաջ այս մասին երեւակայել իսկ չէր կարելի…»[48]Զարեան,Նաւատոմար, էջ 488։։ Ի հարկէ, այս հաստատումը ճշմարտութեան որոշ բաժին մը ունի, քանի որ Զարեանի ներկայութենէն առաջ, Պէյրութի մէջ բարձրագոյն կրթութեան տիրացած, անգլերէն դասաւանդելու եւ նիւթին քաջատեղեակ երրեակ յատկանիշներով օժտուած անձ մը չկար, չհաշուելով Զարեանի անմիջական փորձառութիւնը՝ 1946-47ին Նիւ Եորքի մէջ անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով հայ մշակոյթի պատմութիւն դասաւանդած ըլլալը։ 
   Ամերիկեան համալսարանի ամպիոնը հետագային պիտի փակուէր սակայն. «… գիտեմ թէ Զարեանի ոչ-լուրջ եւ անյարատեւ ընթացքին պատճառով կորսնցուցինք այդ դարաւոր հաստատութենէն ներս հայագիտական մնայուն ամպիոն մը ունենալու պատեհութիւնը…»[49]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 284։։ Այս ամպիոնի հիմնադրութեան հարցին, փակումին պատճառներուն եւ Զարեանի դասախօսական ձեռընհասութեան հարցերը, ինչպէս եւ յարակից խնդիրներ, յաւելեալ քննութեան կը կարօտին եւ դուրս են այս յօդուածին նպատակէն։ Բայց,  այսուամենայնիւ, Ծառուկեանի հաղորդած տեղեկութիւններէն կարելի է եզրակացնել, թէ Զարեան Լիբանան չէր եկած Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ դասախօսելու յատուկ առաքելութեամբ, ինչպէս կը գրէ Եուրի Խաչատրեան «Նաւատոմար» հատորի ծանօթագրութիւններուն մէջ («… Կոստան Զարեանն ընտանիքով գալիս է Բէյրութում հասատուելու, ուր պէտք է դասախօսութիւններ կարդար Ամերիկեան համալսարանում»)[50]Զարեան, Նաւատոմար, էջ 635։։
    Զարեան Պէյրութի մէջ կը մասնակցի նաեւ գրական երեկոյթներու։ Իր պատումին մէջ, Ծառուկեան Մաննիկ Պէրպէրեանին նուիրուած գրական հաւաքոյթի մը նկարագրութիւնը կÿընէ, որու գլխաւոր բանախօսը ինք եղած է, իսկ Զարեանն ալ գտնուած է հանդիսականներուն շարքին, Շահան Պէրպէրեանի կողքին։ Ծառուկեան, իր բանախօսութեան ընթացքին, Մաննիկ Պէրպէրեանի արձակ բանաստեղծութիւնները վերլուծելու առընթեր անդրադարձ կը կատարէ նաեւ Զարեանի քառեակներուն ու մէջբերումներ կ’ընէ հեղինակի «Սրտի ճանապարհով» քերթուածէն։ Այդ առթիւ փոքր վէճ մը կը ծագի Զարեանի ու Ծառուկեանի միջեւ. «Իմ քերթուածս լրիւ չկարդացիր, ուրիշ քառեակներ ալ կան»[51]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 285։, կը բողոքէ Զարեան։ Ծառուկեան կը փորձէ պաշտպանւիլ, սակայն Զարեան կը շարունակէ հակաճառել. «Ի՞նչ տեսակէտ… դու ոչինչ էլ չասացիր արձակ բանաստեղծութեան մասին։ Ինքդ էլ մի արձակ բանաստեղծութիւն կարդացիր, ոչինչ չասելու համար»[52]Անդ, էջ 292։։ Շահան Պէրպէրեանի հեղինակաւոր միջամտութեամբ վերջ կը գտնէ այս անհաճոյ կացութիւնը։ Զարեան Պէյրութի մէջ մասնակից կ’ըլլայ նաեւ Պետրոս Դուրեանին նուիրուած գրական հաւաքոյթի մը։
    Ծառուկեանին Զարեանի Պէյրութի տարիներուն վերաբերեալ յիշատակները այսքանով կը սահմանափակուին։ Իր յուշատետրէն հասկնալի կը դառնայ, որ Զարեան այնքան ալ տպաւորուած չէ իր պէյրութեան օրերէն եւ կ’ուզէ ժամ առաջ բաժնուիլ այդ քաղաքէն։ 1954 թուականին ան կը լքէ Պէյրութը՝ երթալ հաստատուելու համար Եւրոպա։

 

ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ


Կոստան Զարեան եւ Անդրանիկ Ծառուկեան Հայաստանի մէջ կ’ունենան երկու հանդիպումներ. առաջինը՝ հաւանաբար 1963ին, երկրորդը՝ 1969ին։
    Զարեան երկար տարիներ բազմաթիւ երկիրներու մէջ տարագիր ապրելէ ետք 1962ին վերջնականօրէն կը փոխադրուի Երեւան։
    Ծառուկեան Պէյրութէն ետք չէր հանդիպած Զարեանին, նամակագրական կապ մըն ալ չեն ունեցած ըստ երեւոյթին. «Շուրջ տասը տարի լուր չունեցայ Զարեանէն, մինչեւ որ օր մը իրար գտանք Երեւանի մէջ»[53]Ծառուկեանի ու Զարեանի վերջին հանդիպման մասին ունինք երեք վկայութիւններ. Ա. Ծառուկեան, «Կոստան Զարեան», … Continue reading։ Թէ՛ Ծառուկեան, թէ Զարեան այդ շրջանին կը մնային «Արմենիա» պանդոկին մէջ, ուր ալ կը հանդիպէին իրարու։ Միասնաբար անգամ մըն ալ կը զրուցեն Հրաչեայ Գրիգորեանին մասին եւ Ծառուկեան Զարեանին կը յիշեցնէ Գարեգին Կաթողիկոսին այցելութեան ատեն իրենց ունեցած զրոյցը՝ 1951 թուականին, եւ «շէֆ աւազակ»ի պատմութիւնը։ Նաւը լերան վրայի երկրորդ տպագրութեան օրերն էին, երբ Հրաչեայ Գրիգորեան խմբագիր կարգուած էր երեւանեան հրատարակութեան, որուն ճակատագիրը ծանօթ է։ Ծառուկեան ու Զարեան միասին կը քալեն Երեւանի մէջ, կ’այցելեն սրճարան մը, կը խօսին Խորհրդային Հայաստանի գրական կեանքին մասին…
    Ծառուկեանի ու Զարեանի վերջին հանդիպումը կը կայանայ 1969ի Մայիսին, Զարեանի մահէն քիչ առաջ։ Ալեզարդ գրագէտը արկածի մը հետեւանքով ոտքը կոտրած է, անկողնոյ կը ծառայէ եւ Ծառուկեան, Թորոս Թորանեանի ընկերակցութեամբ, կ’այցելէ իրեն։ Կը զրուցեն, Զարեան Կոմիտասին աճիւնները Հայաստան տեղափոխելու առթիւ գրուած իր քերթուածէն քանի մը տող կը գրէ ու կու տայ Ծառուկեանին, վերջինիս խնդրանքով, որպէս յիշատակ։ Կը բաժնուին, այս անգամ վերջնական կերպով։ Զարեանի մահուան առթիւ, Ծառուկեան Նայիրիի մէջ անգամ մը եւս կը տպագրէ 1935 թուականին գրուած ու Կոմիտասին նուիրուած քերթուածը՝ Զարեանի հետ վերջին հանդիպման ժամանակ առնուած ձեռագրին նմանահանութեամբ միասին, ու կը գրէ մահախօսական մը. «Մեծերէն էր։ Իրմով՝ Հայ Գրականութիւնը անծանօթ հորիզոններու տագնապը զգաց եւ տարաշխարհիկ ապրումներու սարսուռը։ Շատ պիտի գրուի իր մասին, եւ աւելի շատ պիտի կարդացուին իր գործերը»[54]Ծառուկեան, «Կոստան», էջ 17։։
    Ծառուկեան Զարեանի մահուան առթիւ գրուած այս տողերով գալիքն ալ կը գուշակէր մասամբ, երբ կ’ըսէր, թէ աւելի շատ պիտի կարդացուին իր գործերը, քան թէ պիտի գրուի անոնց մասին։ Ու դիպուկ կերպով պիտի բանաձեւէր, 1983ին, անոր կարգավիճակը հայ գրականութեան պատմագրութեան մէջ.-

«Սփիւռքի կշիռքները հազիւ Շահնուր կամ Որբունի կրնան վերցնել։ Զարեան կամ Օշական փորձեն՝ կշիռքը կը կոտրի։ Անկարողութիւնը տկարութեան վիճակ մըն է, մեղք մը չէ։
Բայց բոլորովին անհասկնալի կը մնայ Հայաստանը, ուր (…) աւելի քան զարմանալի է Կոստան Զարեանի շուրջ այս անտարբերութիւնը, որ քիչ մը կը նմանի «լռութեամբ դաւադրելու» կերպի մը»[55]Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 261-262։։

    Բարեբախտաբար, Զարեանի շուրջ մասնագիտական լռութիւնը խըզւած է վերջին տարիներուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Պէտք է մաղթել, որ Ծառուկեանը եւս կ՚արժանանայ նոյն վերաբերումին։ 

 

Ա. ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ[56]ԳԱԹ, Կ. Զարեանի ֆոնտ, թիւ 43։

Հալէպ, 26 Յուլիս 1947

Սիրելի Զարեան,

    Բազմաթիւ առիթներով[57]Այս շրջանին Անդրանիկ Ծառուկեան նամակներ յղած է նաեւ Արամ Հայկազին (26 Յուլիս 1947, ԳԱԹ, Արամ Հայկազի արխիւ, թիւ … Continue reading եւ զանազան հասցէներով գրած եմ ձեզի (ճամբորդի հետ, Վրացեանի միջոցով, «Հայրենիք»ի հասցէով), բայց այս առաջին նամակն է որ կը գրեմ ուղղակի ձեր հասցէին։ Հասցէն կը պարտիմ Վրացեանին։ Յուսամ թէ այս անգամ աւելի բախտաւոր դուրս կու գայ նամակս եւ կը ստանայ պատասխան մը։ Նուազ տաղտուկ պատճառելու համար՝ փորձեմ դասաւորել ըսելիքներս.
    1. Հիացող մըն եմ ձեր գրականութեան վրայ։ Գիտեմ թէ ճշմարիտ արւեստագէտին համար -մանաւանդ ձեզի համար- այնքան ալ նշանակութիւն չունի՝ թէ ով կը հիանայ իր վրայ եւ ով չի հիանար։ Այսուհանդերձ, պարտք էր ինձ գրել ասիկա, մանաւանդ որ «Նայիրի»ի լրիւ հաւաքածոները ապացոյց են ըսածիս։ (Ղրկած եմ ձեզի, օրիորդի մը հետ[58] Այս նոյն օրիորդին մասին կը խօսուի նաեւ Համաստեղին ուղղուած 24 Օգոստոս 1947 թուակիր նամակին մէջ (ԳԱԹ, Համաստեղի … Continue reading եւ Ս. Վրացեանի հասցէով)։
    2. Ջերմապէս կը խնդրեմ ձեզմէ որ փութացնէք ձեռագիր մը՝ «Նայիրի»ի համար, ինչպէս եւ լուսանկար մը։ Պիտի ցաւէի, եթէ առաջին կէտով ըրած յայտարարութիւնս… բարեխօսութիւն նկատէիք այս կէտի համար։ Շուտով բացառիկ թիւ մը պիտի հրատարակենք եւ կատարեալ հրճուանք մը պիտի պատճառէք ինծի՝ եթէ այդ թիւը բացուի ձեր անտիպ մէկ գործով ու պատկերով։ Ձանձրացայ… Զարեան արտատպելէ։ Այս թիւն իսկ -որ մամուլի տակ է- կը բացուի ձեզմով, անշուշտ, արտատպում։
    3. Մեծապէս շահագրգռուած ենք նաեւ ձեր անձով։ Ձեր այժմու կեանքին եւ զբաղումներուն մասին եթէ քանի մը նօթեր ղրկէք՝ երախտապարտ կը մնամ։ Կ’օգտագործուին ուսումնասիրութեան մը մէջ։
    4. Գրական համագումարի[59]Գաղութահայ Գրողներու Համագումար գումարելու առաջին նկրտումներուն կարելի է հանդիպիլ 27 Սեպտեմբեր-1 Հոկտեմբեր … Continue reading աշխատանքները առաջ կը տարուին լրջութեամբ եւ մինչեւ ամիս մը նախապատրաստական քայլերը առնուած կ’ըլլան։ Պաշտօնական հրաւէրը կը ստանաք Սեպտեմբերի[60]Ծառուկեան 17 Մայիս 1947 թուակիր մեքենագիր նամակներ յղած է Արշակ Չօպանեանին (ԳԱԹ, Չօպանեանի արխիւ, թիւ 3125ա), … Continue reading մէջ։ Անշուշտ որոշ թերթեր դիրք բռնած են եւ ամէն օր կը ցուցադրեն իրենց … «մտքի թրիքը» (խե՜ղճ Սուրխաթեան…)[61]Արեւելահայ գրադատ Յարութիւն Սուրխաթեան¬Թումանեան (1882¬1938)՝ ստալինեան մաքրագործումներու զոհերէն, Թիֆլիսի … Continue reading բայց մեր մամուլը, ամբողջութեամբ, խանդավառ է համագումարով։ Կարելի է ըսել, թէ սկսաւ ժողովրդական դառնալ համագումարը եւ լայն խաւեր հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան։
    5. Գրած եմ Վրացեանին — եթէ ուզէք որեւէ հրատարակութիւն ընել այստեղ, սիրով կը ստանձնեմ տպագրութիւնը, առանց որեւէ ծախքի։ (Անշուշտ, զանգուածեղ գործի մը մասին չէ խօսքը, այլ, «Տատրագոմ»ին տարողութեամբ գործի մը)[62]Զարեանի Տատրագոմի հարսը վիպերգը առաջին անգամ տպագրուած է 1930 թուականին, Պոստըն։ Կը հաշուէր 68 էջ։։
    6. Անհամբեր՝ կը սպասեմ ձեր … օդային պահարանին։ Սիրով եւ յարգանքով՝

Ա. Ծառուկեան

 

Հալէպ, 24 Դեկտ. 1948

Սիրելի Զարեան,

    Այս երկտողը պատասխանն է ձեր 4 Դկտմբ.ի նամակին, որ ստացայ երէկ։ Երբեք չեմ կրնար ես ինծի թոյլ տալ նոյն թօնով պատասխանելու։ Կ’ուզեմ ընդգծել միայն, թէ արդար չէ ձեր վրդովումը։ 
    ա. Ձեզմէ որեւէ նամակ չեմ ստացած՝ որուն անմիջապէս պատասխանած չըլլամ։ Ընթացիկ քաղաքավարութենէ աւելի, հաճոյք մը ու նոյն ատեն պատիւ մը կը նկատեմ ձեզի հետ թղթակցիլը, հետեւաբար անհեթեթ պիտի ըլլար իմ կողմէ նման վերաբերում մը։
    բ. Ձեր պօէմին գալով, կը յիշէք անշուշտ, -ու եթէ պահած էք առաջին նամակս պիտի կրնաք հաստատել- թէ առաջարկս աւելի փոքր ծաւալով գործի մը մասին էր, ոչ աւելի քան 60 էջը։ Մինչդեռ իր ներկայ ծաւալով, եւ մանաւանդ վերջին մասին յաւելումով, կ’ըլլայ կրկինը։ Նիւթական հոգը չէ միայն, որ զիս տատամսող կը դարձնէ այս պարագային, այլեւ, այլ մանաւանդ՝ տպագրական ձեր ճաշակին գոհացում չկարենալ տալու մտահոգութիւնը։ Շատ գէշ որակով թուղթեր միայն կան այստեղ ու համեմատաբար լաւ թուղթերը անհաւատալիօրէն սուղ են։ Ընդհանրապէս լրագրի թուղթ է որ կը գործածուի։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ձեր պօէմին տպուած հատուածներուն «Նայիրի»ի մէջ, յայտնեմ իսկոյն, թէ առանց առարկութեան եւ մեծ հաճոյքով պիտի ուզեմ վճարել այն գումարը որ պահանջէք։ Ընդհանրապէս, նիւթական հարցերով չէ պատահած, որ վէճ ունենամ որեւէ մէկուն հետ, որովհետեւ ինծի համար նիւթը այնքան արժէք ունի, որքան … նիւթը։ Իսկ եթէ ձեր վրդովումը կու գայ այդ հատուածներուն գէշ ընտրութենէն ու գէշ դասաւորումէ մը իմ կողմէ՝ կը ցաւիմ խորապէս։ Իմ ամբողջ մտահոգութիւնս եղած էր Զարեանէն էջեր տպել «Նայիրի»ի մէջ։ Յամենայնդէպս, կը կարծեմ թէ արդար լուծում մը տրուած կ’ըլլայ այդ խնդրին, երբ պատրաստակամ եմ նիւթական կողմը հատուցանելու եւ գրական կողմին համար չքմեղանք ընելու։
    Յայտնեմ նաեւ, թէ կարելիութեանս սահմանին մէջ, որեւէ կերպով ձեզի օգտակար ըլլալու փափաքը միշտ կը մնայ մէջս։ Եթէ յիշեալ ծաւալին մօտիկ գործ մը չունիք, կրնամ փոխանակ ձեզմէ բան մը տպելու, տպել ձեր մասին գրքոյկ մը, Ահարոնեանի ծանօթ ուսումնասիրութիւնը[63]Զարեանի Տատրագոմի հարսը վիպերգը առաջին անգամ տպագրուած է 1930 թուականին, Պոստըն։ Կը հաշուէր 68 էջ։ կամ կենսագրական այլ գրութիւն մը, նոյնիսկ օտար գրիչներէ, եթէ ունիք։ Ջերմ փափաքս է նաեւ որ կանոնաւորաբար աշխատակցիք «Նայիրի»ին։ Կրնաք դուք իսկ որոշել գումարը եւ միջոց մը կը գտնեմ ձեզի փոխանցելու։ Այս կողմերը փոթորկած են, ներքին եւ արտաքին պատճառներով։ Գրաքննութիւն կայ նամակներու եւ թերթերու։ Արտասահմանէն եկած նամակները կ’ուշանան եւ յաճախ կը կորսուին։ Պիտի խնդրեմ, որ ինչ ալ ղրկէք, անպայման ապահովագրեալ ըլլայ եւ իմ անունովս, փոխանակ «Նայիրի»ի։ Նամակատուփը միշտ նոյնն է — 372։
    Սիրով եւ յարգանքով՝
    Ա. Ծառուկեան

    Յ. Գ. Եթէ կը պնդէք պօէմին ձեռագիրը ետ ստանալու մասին, բարի եղէք յայտնելու ու կը ղրկեմ ձեզի կամ մատնանշուած հասցէին, Փարիզ։

    Յ. Գ. Նամակս սկսայ երեք օր առաջ եւ այսօր փօստ կը յանձնեմ -24 Դեկտմբ.։ Կ’ուզէի գիտնալ [2 բառ անընթ.][64]Այս յետգրութիւնը գրուած է առաջին էջի լուսանցքին՝ վերէն վար։։

(Թիւ 3, 2002)

(ԿԲ. Տարի, 2023)

References
1 Նայիրի, Սեպտեմբեր 1945, էջ 1-3։
2 Այս գրախօսականին յայտարարութիւնը նախապէս կատարուած է Սեպտեմբեր 1945ի Ա. թիւին մէջ. «Իր (իմա՛՝ Զարեանի. Վ.Մ., Ս.Տ.) վերջին երկարաշունչ գործը -Նաւը լերան վրայ- կը գրախօսուի ներկայ թիւով»։ Հրատարակուած է սակայն Բ. թիւին մէջ։
3 Անդրանիկ Ծառուկեան, Մեծերը եւ… միւսները, Պէյրութ, 1992, էջ 282։ Օշական Նաւըի մասին նման տողեր ունի նաեւ Յովհաննէս Աւագեանին ուղղուած 23 Ապրիլ 1947 նամակին մէջ. «Նաւը լերան վրայ» վրիպանք մըն է, թէեւ մեր գրականութեան գեղեցկագոյն էջերէն 50-60 մը ունի իր մէջ» (Յակոբ Օշական, Նամականի, Ա. հատոր, Պէյրութ, 1983, էջ  98-105)։
4 Նայիրի,  Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1945, էջ 109-111։
5 Յակոբ Օշական, Վկայութիւն մը, Հալէպ, 1946, էջ 41։
6 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 273։
7 Նայիրի, Մայիս 1947, էջ 229-231։
8, 11 ԳԱԹ, Արամ Հայկազի ֆոնտ, թիւ 211։
9 Այս մասին աւելի մանրամասն տե՛ս Սեւան Տէյիրմէնճեան, «Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը եւ Ծառուկեան», Գարուն, թիւ 10, 2002։
10 Mr. C. Zarian, 11 W. 42nd St. Room 326, New York 33, NY-USA.
12 Նայիրի, Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 1947, էջ 441-442։
13 Նայիրի,  Փետրուար 1948, էջ 1-11։
14 Անդ, էջ 11։
15 Նայիրի, Մարտ 1948, էջ 93-96։
16 Նայիրի, Յունիս 1948, էջ 363։
17 Անդրանիկ Ծառուկեան, «Թագուհի Շահնազար», Նայիրի, 8 Մարտ 1970, էջ 4։
18 Անդ։ Ի դէպ, Զարեան իր ամերիկացի կինը «նոր գտած» չէր, քանի որ անոնց մտերիմ կապը կ՚երթար մինչեւ 1929 (Վարդան Մատթէոսեան, Կոստան Զարեանի շուրջ, Անթիլիաս, 1998, էջ 284)։
19, 22 Ծառուկեան, «Թագուհի», էջ 4։
20  Անդ։
21 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 289։
23 Mr. C. Zarian, Via S. Vito, 52, Forio d’Ischia – Italia.
24 Կոստան Զարեան, Երկեր, Անթիլիաս, 1975, էջ 95։
25 Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեան եւ Բենիամին Նուրիկեան. նամականի», Բագին,  3, 1997, էջ 123։
26 Կոստան Զարեան, «Հայաստանում», Հայրենիք ամսագիր, Նոյեմբեր 1925։
27 Վազգէն Գաբրիէլեան, Սփիւռքահայ գրականութիւն, Երեւան, 1987, էջ 353։
28 Զարեան, «Սրտի», էջ 4։
29, 31 ԳԱԹ, Կոստան Զարեանի ֆոնտ, թիւ 73։
30 Արծրուն Աւագեան, Կոստան Զարեան. կեանքը եւ գործը, Երեւան, 1998, էջ 51։
32, 33, 38, 46, 47 Անդ։
34 Ծառուկեան, Մեծերը,  էջ 262։
35 Կոստան Զարեան, Նաւատոմար, Երեւան, 1998, էջ 464 (հրատարակուած՝ «Պատգամ» խորագրով)։
36 Անդ, էջ 635։
37 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 262։
39 Անդ, էջ 269-270։
40 Զարեան, Նաւատոմար, էջ 466-467։
41 Հրաչեայ Գրիգորեան, «Դաշնակ վարձկանների ծախու օրգանը («Նայիրի» ամսագիր գրականութեան եւ արուեստի, 1947 թ., No 1-2-3-4-5-6)», Նայիրի, Օգոստոս-Սեպտեմբեր 1948, էջ 506¬512. հմմտ. Սովետական Հայաստան, թիւ 6, 1948։
42 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 271։
43 Զարեան, Նաւատոմար, էջ 635-636։
44 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 281։
45 Անդ, էջ 283։
48 Զարեան,Նաւատոմար, էջ 488։
49 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 284։
50 Զարեան, Նաւատոմար, էջ 635։
51 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 285։
52 Անդ, էջ 292։
53 Ծառուկեանի ու Զարեանի վերջին հանդիպման մասին ունինք երեք վկայութիւններ. Ա. Ծառուկեան, «Կոստան Զարեան», Նայիրի, 28 Դեկտ. 1969, էջ 17. Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 298-301. Թորոս Թորանեան, Գիրք որդիական, Հալէպ-Պէյրութ, 1980, էջ 161։
54 Ծառուկեան, «Կոստան», էջ 17։
55 Ծառուկեան, Մեծերը, էջ 261-262։
56 ԳԱԹ, Կ. Զարեանի ֆոնտ, թիւ 43։
57 Այս շրջանին Անդրանիկ Ծառուկեան նամակներ յղած է նաեւ Արամ Հայկազին (26 Յուլիս 1947, ԳԱԹ, Արամ Հայկազի արխիւ, թիւ 211), Համաստեղին (24 Յուլիս 1947, ԳԱԹ, Համաստեղի արխիւ, թիւ 132)։ Նամակագրութեան տուն տուող պատճառները կազմակերպելի Գաղութահայ Գրողներու Համագումարին մասնակցելու ու Նայիրիի աշխատակցելու հրաւէրն էր, ինչպէս նաեւ Թուղթ առ Երեւան գրքոյկի առաքումը
58  Այս նոյն օրիորդին մասին կը խօսուի նաեւ Համաստեղին ուղղուած 24 Օգոստոս 1947 թուակիր նամակին մէջ (ԳԱԹ, Համաստեղի արխիւ, թիւ 132)։ Ալին Թիւյսիւզեանին հետ Ծառուկեան Նայիրիներ ուղարկած է նաեւ Համաստեղին։
59 Գաղութահայ Գրողներու Համագումար գումարելու առաջին նկրտումներուն կարելի է հանդիպիլ 27 Սեպտեմբեր-1 Հոկտեմբեր 1946ին կայացած Հայաստանի Գրողներու Միութեան Բ. Համագումարէն անմիջապէս ետք։ Նայիրիի մէջ (Յունիս-Սեպտեմբեր 1946, թիւ Ժ.-ԺԹ.) լոյս կը տեսնեն բազմաթիւ յօդուածներ (Անդրանիկ Ծառուկեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի եւ այլոց ստորագրութիւններով), որոնք քննադատելով Բ. Համագումարը կոչ կ’ուղղեն Սփիւռքի մէջ եւս գաղութահայ գրողներու միութիւն մը հիմնադրելու եւ այդ ուղղութեամբ կը սկսին համագումար մը կազմակերպելու։ Սփիւռքը այս հարցի շուրջ միասնականութիւն չի ցուցաբերեր։ Կարգ մը շրջանակներ հակահայաստանեան նպատակներ կը վերագրեն նման համաժողովի մը եւ կ’արտայայտեն իրենց անհանգստութիւնը։ Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած քաղաքական անկայուն իրավիճակի եւ այլ պատճառներով կարելի չ’ըլլար նման հաւաքում մը, փոխարէնը՝ աւելի սեղմ շրջանակով կը կայանայ Միջին Արեւելքի Հայ Գրողներու Համագումարը 18-20 Սեպտեմբեր 1948ին, Շթորայի մէջ։
60 Ծառուկեան 17 Մայիս 1947 թուակիր մեքենագիր նամակներ յղած է Արշակ Չօպանեանին (ԳԱԹ, Չօպանեանի արխիւ, թիւ 3125ա), Ահարոն Տատուրեանին (ԳԱԹ, Տատուրեանի արխիւ, թիւ 65), ինչպէս նաեւ, կ’ենթադրենք, այլ գրողներու՝ որպէս հրաւէր Գաղութահայ Գրողներու Համագումարին։ Նման նամակ մը գացած ըլլալու է նաեւ Զարեանին, որուն անունը եւս կը տեսնենք համագումարին մասնակցելու հաւանութիւն տուած գրողներու շարքին (տե՛ս Նայիրի, Մայիս 1947, թիւ Դ, էջ 229-231)։
61 Արեւելահայ գրադատ Յարութիւն Սուրխաթեան¬Թումանեան (1882¬1938)՝ ստալինեան մաքրագործումներու զոհերէն, Թիֆլիսի Մշակին մէջ քննադատական յօդուած մը ստորագրած է Մեհեանի դէմ։ Կոստան Զարեան «Անցորդը եւ իր ճամբան» գիրքին մէջ անցողակի նշած է զայն,  Սուրխաթեանի գրութիւնը կոչելով «մտքի թրիք» (տե՛ս Երկեր, էջ 135)։
62, 63 Զարեանի Տատրագոմի հարսը վիպերգը առաջին անգամ տպագրուած է 1930 թուականին, Պոստըն։ Կը հաշուէր 68 էջ։
64 Այս յետգրութիւնը գրուած է առաջին էջի լուսանցքին՝ վերէն վար։