Տարածութիւն,
կը խտանան ուր դարեր
ու ծարաւէ կը բռնկին
ռումբերուն մէջ երազի՝
տիեզերքի աչքէն հեռու,
տեղ մը՝ կաւի կառոյցներուն,
որոնք յաճախ կը փխրին,
կառուցուելով կը փոխուին՝
հասնելու նոր
շարժումներու
շնչառութեան:
Տարածութիւն` այնքան մօտիկ,
ուր կը սպասենք՝ սպառելով,
խոնարհելով,
չես գիտեր ո՞ր լարախաղաց միմոսին
կամ հերոսին տիկնիկային,
որ պիտի գայ մեր լեզուին սահմանին մօտ,
աճուրդներուն, կրկէսներուն մեզի աղմուկը բերէ:
Բառը ինչպէ՞ս կը բացուի,
ինչպէ՞ս կը շարժի,
կ՛ըլլայ բջիջներ
հոսանքներուն մէջ.
ինչպէ՞ս կը պտղի
ու կը թափանցէ՛,
կը տարրալուծէ
կազերն անկատար մեր այրումներուն՝
փնտռելով անցքեր,
ծակտիկներ յոյսի,
մաքառումներու,
թուղթի բարբառէն՝
կաւերէն անդին,
մինչեւ վեր՝ փողոց,
իբրեւ զօրակոչ
եւ ժամադրութիւն …։
Կը նահանջեմ հոն երբեմն,
գետնուղիներ կը փնտռեմ
խաւերուն մէջ լռութեան,
երբ թունաւոր մշուշը զիս պարուրէ
ամէն անգամ որ շարժիմ
ելլելու դուրս տոմինոյի ցանցերէն.
կը նահանջեմ հոն երբեմն,
գետնուղիներ բանալով
վար,
վար՝
տեղ մը,
բջիջներուս կորիզին մէջ,
ուր կ՛այցելեն շողեր, ձայներ,
աքաղաղներ մտերիմ,
դողին համար զարթնումի:
Տեղ մ՝ընդարձակ
միջեւ
Լեզուին Շարժումին
մենք կը շրջինք
դեգերելով թիւերուն մէջ
ու կը շարուինք
(կը շարժեն մեզ)
իրարու քով
(դէմ դիմաց)
որբանոցի դրան առջեւ փաթաթուած,
սպասելով, որ շարժինք,
կտցահարենք՝
խածոտելով, արիւնելով մէկզմէկ,
մինչեւ կաթիլը վերջին,
(որ դրուած է աճուրդի):
Ինչպէ՞ս բանալ սահմանը այս խաղերուն,
դաւադրութեան.
ինչպէ՞ս պատռել դիմակները
թատերական տոտեմներուն
«հակա-մարտող»,
ինչպէ՞ս քակել թնճուկ խաչբառը՝ շինուած
հազարավանկ բառերով՝
երկրագունտի կռնակին
իբրեւ ժառանգ փակցուած։
Տեղ մը միջեւ երկուքիս
քերթուած մը կայ անառակ,
որ կը բացուի մոլորակի մը կանչին՝
ճամբորդելով անվերադարձ պահերուն մէջ
սահմաններու խաղէն անդին,
բառէն անդին՝
տեղ մը պահուած փախուստի …
Քերթուած բառի,
առասպելի,
(զոր երգեցին կամ ստեցին բանաստեղծներ)
բաց զայրոյթը բազմապատկուող ու խտացող բաներուն,
քարէ լեզուն նախամարդու կրակին,
շարժումներուն,
ոստումներուն կարօտի,
մինչեւ, մինչեւ որ ելլենք
զքիզոֆրէն հաւկիթէն դուրս,
կեղեւէն դուրս կրաքարի կարծրութեան,
քակէ՛
քակէ՛
քակէ՛ կապերը լեզուին…:
(Թիւ 6, 1980)
(ԿԲ. Տարի, 2023)