> Ժամ առաջին
ՀՈՍ չեմ եկած երբեք։ Քիչ մը ճնշող է ներսի մթնոլորտը։ Մութ է եւ կարծես ներկաները հրոսակներու խումբ մըն են։ Կ՚երեւի ես ալ տարօրինակ կը թուիմ իրենց, իմ մաքուր ճինզովս եւ ճերմակ վերարկուովս։ Կաշիէ ժաքէթներով, շղթաներով եւ թաթուներով այրեր ու կիներ կը դառնան եւ ինծի կը նային։ Ջուրէն դուրս ինկած ձկնիկ եմ հոս, որ ստիպուած է դիմացի քանի մը ժամերուն չկորսնցնել իր շնչառութիւնը։
Կիսամութ սրահին մէջ դանդաղօրէն կ՚երթամ կը նստիմ աջ պատին տակի սեղանը, որ ամէնէն առջեւի սեղանն է։ Այս ձեւով գոնէ զիս զննող թաթույազարդ մարդոց աչքերը իմ ետիս կը մնան եւ ես կրնամ սուզուիլ blues երաժշտութեան մէջ, մէյ մը որ նուագախումբն ու երգիչը, որոնց նուագարանները բեմին վրայ իրենց կը սպասեն, յայտնուին եւ զիս փրկեն այս անյարմար վիճակէն։
Բայց հազիւ կը նստիմ աթոռին եւ կը սկսիմ տեղաւորուիլ, սպասեակը կը վազէ մօտս, RESERVED ցուցակ մը կը դնէ սեղանին վրայ, եւ կը խնդրէ որ ուրիշ սեղան նստիմ։ Անախորժ կացութիւնս կը կրկնապատկուի եւ ես քիչ մը կարմրած եւ քիչ մըն ալ բարկացած՝ կ՚երթամ կը նստիմ քիչ մը անդին։ Այս barին մէջ ո՞վ սեղան կ՚ապահովէ… ո՛չ ճաշարան է, ո՛չ ալ երգահանդէս, որ սեղան աթոռ ապահովես… վերջ ի վերջոյ blues bar մըն է եղած չեղածը… եւ ինչո՞ւ ա՛յս barը պէտք է հանդիպէինք… մասնաւոր բացառիկ բան մը ալ չունի որ յատկանաշական ըլլայ—բացի եթէ Վահրամին համար յատուկ նշանակութիւն ունի։
Երբեք առանձին bar չեմ գացած։ Նախապէս ընկերներու հետ, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն ալ՝ Վահրամին հետ գացած եմ։ Բայց միշտ ալ բոլորովին տարբեր եղած են մեր գացած տեղերը։ Քիչ մը աւելի լուսաւոր, քիչ մը աւելի բնական տարազներով մարդիկ, եւ բաւական աւելի հանգստաւէտ։ Հոս աթոռները կարծր են, առանց բարձի եւ առանց թեւերու յենակի։ Որքա՞ն երկար կարելի է նստիլ հոս առանց անհանգստանալու։ iPhone-ս կը հանեմ պայուսակէս եւ կը սկսիմ վերջին լուրերը կարդալ։ Եւրոպայի տնտեսութիւնը տակն ու վրայ է։ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժ եղած է եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ մեռած են։ Շէյքսփիր գեր-աջակողմեան հռչակուած է…
Վահրամը կ՚ուշանայ եւ ես ժամանակ անցընելու համար խմիչք մը կ՚ապսպրեմ։ Խմիչքի բաժակը ձեռքիս՝ ինքզինքս տեղւոյն հետ քիչ մը աւելի յարմար կը զգամ եւ կամաց-կամաց կը հանգստանամ։ Շուրջս՝ թաթույազարդ մարդիկը խումբ խումբ նստած են, իրենց մէջ բաւական ալ կիներ։ Կարծես բոլորն ալ իրարու եւ վայրին շատոնց ծանօթ են։ Ճիշդ իմ ետեւի խումբէս մէկը քիչ անդին գտնուող խումբէն անձի մը իր սեփական անունով կը դիմէ, «Hey, Tony!», կը կատակէ հայհոյանքներով համեմուած, ամէնքը կը խնդան։ Ուրիշ մը ապսպրանքներ կը դնէ ուղղակի խոհանոցին, եւ քանի մը հոգի ալ բարձրաձայն կը պահանջեն որ նուագախումբը բեմ գայ։
— Not yet!— կը պոռայ մէկը խոհանոցէն։
Ինչի՞ կը սպասեն։ Արդէն ժամը ինը անցած է եւ նուագը պէտք է սկսի։
Վահրամին ուշացումը սովորական չէ։ Զինք ճանչցած օրէս ժամադրութիւնը յարգող եղած է, այն աստիճան՝ որ ամէն անգամ որ տեղ պիտի երթանք եւ ես հինգ վայրկեան ուշանամ, կը նեղուի եւ յաջորդ տասը-տասնըհինգ վայրկեաններուն անտրամադիր կ՚ըլլայ։ Իսկ եթէ մինչեւ մեր հասնելիք տեղը սիրտը չառնեմ՝ այդպէս ալ կը մնայ… ենթադրաբար. իրականութեան մէջ՝ չեմ գիտեր ինչքա՞ն կրնար տեւել իր անտրամադրութիւնը, որովհետեւ միշտ ալ սիրտը առած եմ եւ տրամադրութիւնը փոխած։ Բայց հիմա որ ի՛նք կ՚ուշանայ՝ ե՛ս ի՞նչ ընեմ. նեղուած եւ անտրամադիր ձեւանա՞մ իր գալէն ետք։ Բայց ես այդպիսի խաղեր չեմ խաղար։ Ոչ նեղուած եմ, ոչ ալ անտրամադիր։ Ուշացողս կը հասկնայ ուշացողը։ Վստահ որ տրամաբանական պատճառ մը ունի եւ պիտի բացատրէ երբ հասնի։ Իրեն համար ալ կարեւոր է որ այսօր հանդիպինք։ Իրականութեան մէջ՝ իրեն համար աւելի կարեւոր է։
Բայց հիմա որ կը մտածեմ՝ իրեն հանդիպած առաջին օրս ալ ուշացած էր Վահրամ—թերեւս միակ անգամը մինչեւ այսօր։ Թատերական ներկայացման մը փորձին էր, որ առաջին անգամ զինք տեսայ, երբ կէս ժամ ուշ ներս մտաւ։ Չհասկցանք ինչո՛ւ եկած էր այդ օր. իր առաջին եւ վերջին գալն էր այդ փորձերուն։ Անկէ ետք անհետացաւ, բայց երկու շաբաթ ետք ինծի հեռաձայնեց եւ սուրճի հրաւիրեց։ «Տարբեր ես իմ ճանչցած աղջիկներէս», ըսաւ, հաւանաբար բացատրելու համար թէ ինչո՞ւ ի՛մ թիւս առած էր բեմադրիչէն եւ ոչ՝ օրինակ՝ ներկայացման հերոսուհի Անթուանէթինը, որ blonde էր եւ մեծ կուրծքեր ունէր։ Հետաքրքրական տարօրինակութիւն մըն էի ես իրեն համար, ինչպէս կը սիրէր ըսել այդ օրերուն։
Քովի սեղաններէն բարձր խօսակցութիւն, խնդուք եւ կանչեր։ Բայց զիս հանգիստ կը թողուն։ Ի՞նչ կը կարծէի։ Ինծի մօտենալով պիտի սպառնայի՞ն ինծի։ Զիս վերէն վար չափչփելէ ետք՝ զիս մոռցած էին արդէն։
Բարձրաձայն խնդուք մը կը լսեմ եւ ներս կը մտնէ vaudevilleեան զոյգ մը։ Կինը սաստիկ զօրաւոր շպարուած, նեղ եւ կարճ սեւ կաշի փէշով, փարթամ կուրծքը բաւական բաց, եւ բարձր կրունկներով. իսկ այրը՝ մութ վարդագոյն գոստիւմ հագած, սեւ շապիկին երեք-չորս կոճակները բաց, եւ գլուխը ածիլուած—-զոյգ մը ուրիշ ձկնիկներ ջուրէն դուրս ինկած այս սրահին մէջ։
Կինն է խնդացողը։ Այրին թեւը մտած կը կանգնի մուտքին եւ կը նայի չորս դին։ Սպասեակը վազելով կու գայ եւ զիրենք աջ պատին տակի սեղանը կ՚առաջնորդէ, որ ամէնէն առջեւի սեղանն է, ուր ես ուզեցի նստիլ…
Ուրեմն այդ սեղանը vaudevilleի այս զոյգին համար ապահովուած էր։ VIP են, ի՞նչ են։
Ես դեռ իմ զարմանքս չկլլած՝ նուագախումբի անդամները յանկարծ կը յայտնուին եւ կը սկսին բեմը լեցնել եւ պատրաստուիլ իրենց ելոյթին։ Ուրեմն ասո՞նց կը սպասէինք որ նուագը սկսէր։ Խմիչքս նորոգելու պատրուակով սպասեակը կը կանչեմ եւ կը հարցնեմ թէ ո՞վ են այս մարդիկը։
— They are the owners,— կը պատասխանէ սպասեակը։
Հի՛մա հասկցուեցաւ։ Բայց թաթուազարդ խումբե՞րը ինչու չէին հասկցած եւ նուագ կը պահանջէին այս զոյգին գալէն առաջ։ Հասկցանք որ ես նոր եմ հոս, եւ անտեղեակ ներքին իրականութեան։ Սակայն այս մարդիկը, որոնք իրենց ակումբին պէս կը վարուին հոս, վստահաբար մնայուն յաճախորդներ են։ Գիտնալու էին որ պէտք է սպասեն այս արքայական զոյգին։
Սպասեակին կը հարցնեմ թէ ինչո՞ւ անհամբեր էին ուրեմն միւսները. չէի՞ն գիտեր որ իրենց գալէն ետք պիտի սկսէր նուագը։
— No, no! The band wasn’t waiting for them. It’s just happened that they came at the same time the band was ready to come on stage. And the owners don’t come here that often, anyway. Our regulars don’t know them.
Երաժշտութիւնը սկսած է արդէն, բայց bluesի շատ չի նմանիր։ Bluesի եւ Rockի խառնուրդ մըն է, շատ բարձր, որ ուղեղիս պատերուն կը զարնուի։ Ըստ իս՝ տարբեր ոճերու միաձուլում կայ՝ եւ միաձուլում կայ։ Այս երաժշտութիւնը երկրորդ տեսակի միաձուլում է. չյարմարող եւ կոկորդէն դժուար իջնող։
Ներկայ մարդոց հոս թառիլը հասկցայ. ակումբի նման վայր մըն է հոս իրենց համար։ Բայց արդեօք ինչո՞ւ զոյգե՛ր կու գան հոս—անանկ մը չէ՛ որ սքանչելի երաժշտութիւն կայ։ Կու գան իրարու միանալո՞ւ՝ թէ իրարմէ բաժնուելու։ Երաժշտութիւնը այնքան բարձր է, որ միանալու համար հոս ժամադրուողները շատ բան պիտի չկրնան ըսել իրարու. սիրոյ քաղցր խօսքերը իրենց հմայքը պիտի կորսնցնեն, երբ խօսակցութիւնը ստիպողաբար շատ բարձր ընթանայ։ Բայց բաժնուելու նպատակով վերջին անգամ մը տեսնուելու եկողներուն համար՝ այս տեղը հիանալի յարմարութիւն ունի. բաժնուողները ստիպուած չեն զգար խօսակցութեան նիւթ գտնելու որպէսզի բուն նիւթի անախորժութենէն խուսափին. աղմուկը կրնայ ամենայն յօժարութեամբ լեցնել խօսքի բացակայութիւնը, պարապութիւնը։
Կը դառնամ սպասեակը կրկին կանչելու, որ խմիչքս նորոգէ, եւ կը տեսնեմ որ Վահրամ ներս կը մտնէ։
> Ժամ երկրորդ
Վահրամ իր գեղեցիկ աչքերը ինծի ուղղած՝
— Շատո՞նց հոս ես։ Կը ներես ուշացայ,— կ՚ըսէ, ճակտիս վրայ համբոյր մը կնքելով։
— Հարց չէ։ Հոս հետաքրքրական բաներու ականատես եղայ,— կ՚ըսեմ։— Բայց նախ ըսեմ որ չհասկցայ ինչո՞ւ հոս ընտրեցիր որ գանք։ Երբուընէ՞ գիտես այս barը։
— Վերջերս գտայ։ Գիտեմ, տարբեր է քու ճաշակէդ։ Բայց հետաքրքրական է իր տարօրինակութեամբ։
— Հը՜մ… բայց ճնշող մթնոլորտը եւ շուրջի մարդիկդ կը տեսնե՞ս կոր։
— Կը տեսնեմ կոր։ Անվնաս են. իրենց թիփին մի նայիր։
— Գիտեմ, գիտեմ. մէկական փիսիկներ են առիւծի տարազով… ինչ որ է։ Ինչպէ՞ս ես։
— Լաւ եմ։ Դո՞ւն։
— Ես ալ։ Քանի մը հատ խմած եմ արդէն։
— Ես ալ բան մը ապսպրեմ։
Քանի մը վայրկեան լուռ կը սպասենք որ սպասեակը գայ։
Սպասեակը կու գայ, Վահրամ իր խմիչքը կ՚ապսպրէ եւ կը դառնայ նուագախումբին կողմը։
— Traffic կա՞ր ճամբան,— կը հարցնեմ։
— Ոչ մասնաւոր։ Տասնհինգ վայրկեանէն հոս հասայ,— եւ կրկին կը դառնայ նուագախումբին կողմը։
— Շա՞տ գործ ունէիր։
— Չէ։
Վերջապէս, կարճ դադարէ մը ետք՝ ինծի կը դառնայ.
— Քլէրին քովէն անցայ։ Պէտք է զինք հանգստացնէի։
Վահրամին whiskyն կու գայ։ Կը խմենք լուռ։
— Դուրսը դեռ կը ձիւնէ՞,— կը հարցնեմ։
— Հա, բայց թեթեւցած է։ Քու օթոյիդ վրայ բաւական ձիւն հաւաքուած է։ Կ՚երեւի բաւական է հոս ես։
— Այսինքն։ Շատ չեղաւ։
Չըսեմ որ մէկ ժամ է հոս եմ. շատ անձկանօք կրնամ թուիլ։ Վնաս չունի. թող խորհի որ նորէն ուշացայ։ Բայց գիտնայի որ նախ Քլէրին քով պիտի երթայ՝ ես ալ իսկապէս կ՚ուշանայի։ Իմ փոքր ուշացումներս այդ կնոջ պահանջկոտութեան քով ոչինչ են։ Վահրամը, սակայն, կը դիմանայ կոր ատոր։
Ամէնէն առջեւի սեղանին սեւ կաշի փէշով կինը բարձրաձայն բան մը կ՚ըսէ, քիչ մը ջղային։ Այրը անմիջապէս ոտքի կ՚ելլէ եւ սպասեակը կը կանչէ։ Վահրամին դառնալով իր ուշադրութիւնը այդ զոյգին վրայ կը հրաւիրեմ եւ կ՚ըսեմ.
— Ըստ երեւոյթին այս barին տէրերն են։
— O՜։ Չէի գիտեր։ Առաջին անգամ կը տեսնեմ զիրենք։
Քանի մը վայրկեան ետք՝ սպասեակը մեծ պնակ մը fish & chips կը բերէ եւ այրը զայն կը տեղադրէ կնոջ դիմաց։ Քովի սեղանէն քանի մը հատ թուղթէ անձեռոցներ ալ կ՚առնէ եւ կնոջ պնակին քով կը դնէ։ Կինը կը սկսի ջղային հանդարտութեանբ ուտել, մինչ այրը անոր կողմը յենած՝ իր հետ ցած ձայնով կը խօսի։
— Գիտե՞ս ես ինչ կը կարծեմ,— կ՚ըսեմ Վահրամին։— Կարծեմ այս կինը պոռնիկ եղած ըլլալու է ժամանակին, հարուստ յաճախորդներ ունեցած է, որոնք լաւ վարձատրած են զինք, եւ ինք ալ բաւական դրամ մէկ կողմ դրած է։ Այդ դրամն ալ այս տեղին վրայ դրած եւ իր նիւթական ապագան ապահոված է։
— Իսկ մա՞րդը,— Վահրամ կը հարցնէ, չարաճճի ժպիտով մը։
— Մարդն ալ անոր սիրածը կամ ամուսինը ըլլալու է։ Տեսա՞ր ինչպէս անոր շուրջը կը դառնայ կոր։ Իր հաճոյակատարն է։ Հաւանաբար կինը առանձին չմնալու համար ամուսնացած է իր հետ, որովհետեւ հակառակ որ շատ շպարուած է եւ ոչ պատկառելի հագուած է՝ յայտնի է որ ինք աւելի sophistiqué է. նստուածք-կեցուածք ունի։
— Իսկ մարդն ալ գործածուած օթօ ծախողի կը նմանի։ Կրնայ ըլլալ որ ճիշդ ես։ Կարծես մարդուն համար այս կինը lotteryէն ելած է. չի գիտեր կոր ի՛նչ պիտի ընէ իրեն հաճելի ըլլալու համար։
Մեր բաժակները իրարու կը զարնենք եւ կը խմենք։ Եկած ենք կարեւոր բանի մասին խօսելու։ Բայց դեռ ժամանակը չէ։ Երաժշտութիւնը լսենք քիչ մը։
Երգչուհին ֆրանսական հնչումով անգլերէն կը խօսի եւ երկար-բարակ կը բացատրէ թէ ինչ պիտի երգէ հիմա։ Եւ կը սկսի երգել անծանօթ երգ մը։ Գոնէ ինծի համար։
— Այս երգը գիտե՞ս,— կը հարցնեմ Վահրամին։
— Հա։ Summertime-ն է։
— Summertime-է զատ ամէն ինչի կը նմանի։ Բան չէ ձգած երգէն։ Բարձր երաժշտութիւնը եւ իր ֆրանսական accentն ալ վրան՝ բան չի հասկցուիր կոր։
— Յաջորդ երգիչը աւելի լաւ կ՚երգէ։
— Սպասենք ուրեմն։
Վահրամ բաւական լաւատեղեակ կը թուի այս վայրին մասին։ Վերջին երեք ամիսներուն բաւական նորութիւն կուտակած ըլլալու է։
Նոր երգիչ, նոր երգեր եւ ժամը կը սահի։
Ամէնէն առջեւի սեղանին զոյգը ոտքի է։ Կինը քիչ մը կ՚օրօրուի, ինքզինք կը հաւաքէ եւ կը յենի մարդուն, որ իր արմուկէն բռնած զինք տեղ մը կ՚առաջնորդէ։ Կ՚ուղղուին դէպի հանգստարան։ Կը լսուի կնոջ բարձր ձայնը, պոռալով, գանգատելով։
— Շնորհքով գինով է,— կ՚ըսէ Վահրամ։— Դուն ալ կ՚ըսես, թէ sophistiqué է։ Հասարակին մէկն է։ Դրամը մէկը sophistiqué չ՚ըներ։ Խեղճ մարդը ինչեր կը քաշէ թերեւս իր ձեռքէն։
— Է, դրամի համար ամուսնացողը այդ ամէնը պիտի քաշէ, ուզէ չուզէ։
— Once a whore, always a whore.
Սառած Վահրամին կը նայիմ։
— Ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա ըսել։ Կինը դրամը հաւաքած եւ այդ կեանքէն դուրս եկած է։ Դեռ դուն who՞re կ՚ըսես իրեն։
— Չտեսա՞ր վիճակը։ Չի բաւեր այդքան խմեր է, ոտքի չի կրնար կոր կենալ, եւ դեռ կը պոռայ կը կանչէ կոր։
— Կարծես դուն հէչ չես գինովցած։ Չե՞ս յիշեր Պերճենց տունը…
— Եկուր չվիճինք ուրիշներու համար,— կ՚ընդմիջէ զիս։
Սպասեակը կը կանչէ, ինք իր խմիչքը կը նորոգէ եւ դառնալով ինծի՝
— Քու խմածդ ի՞նչ է։
— Counterpoint։
> Ժամ երրորդ
Ամէնէն առջեւի սեղանին զոյգը կը վերադառնայ սեղան։ Մեր առջեւէն անցած միջոցին՝ կինը մարած աչքերով կը նայի ինծի երկար։ Շունչս կը կենայ վայրկեան մը։ Ինչքա՛ն ցաւ կայ աչքերուն մէջ. ինչքա՛ն տխրութիւն։ Եւ ինչո՞ւ ինծի նայեցաւ այդպէս. կին-կնոջ մերձեցո՞ւմ, օգնութեան կա՞նչ, անձկութի՞ւն աւելի ուրախ օրերու, երբ ինծի պէս ինք ալ կը խմէր առանց ցաւելու, թէ՝ զգուշացում, որ անցաւ պահերը խաբուսիկ են։
Վահրամ դիմացս նստած՝ կնոջ ետեւէն կը նայի եւ գլուխը կը շարժէ։
— Խղճալի վիճակ,— կ՚ըսէ։
— Որո՞ւն համար։ Կնո՞ջ թէ ամուսնոյն։
— Երկուքին ալ։
— Համաձայն։
Ժամը հասած է մեր նիւթին անցնելու։
— Վաղն է ստորագրելու ժամադրութիւնը։ Ժամը երկուքին։ Փաստաբանը կէս ժամ տուաւ։ Խնդրեմ մի ուշանար,— կ՚ըսէ Վահրամ։
— Ամէն ինչ կէս-կէս։ Տուն եւ դրամ,— կը շեշտեմ։
— Այո։
— Կապոյտ բազկաթոռը ես կ՚ուզեմ։
— Լաւ։
— Անկողինը եւ սաւանները քեզի թող մնան։ Ես մաքուր մը կը գնեմ։
Չի պատասխաներ։ Բայց աչքին ծայրովը ինծի կը նայի, յետոյ խմիչքին։
Չկրցայ զսպել. չէի ուզեր այդպէս արտայայտուիլ, բայց եղա՛ւ. ըսի։ Ասկէ աւելի բարի չեմ կրնար ըլլալ։
— Խոհանոցի իրերն ալ իմս են,— կ՚ըսեմ։
— Անշուշտ։
— Վաղը երկուքին, ուրեմն։ Առանձին եկուր։
— Շատ լաւ։
Վահրամ ոտքի կ՚ելլէ մեկնելու, բայց ճիշդ այդ միջոցին առջեւի սեղանին զոյգը ոտքի է կրկին, բայց այս անգամ այրը կնոջ թեւէն բռնած զինք կը քաշքշէ դէպի դուռ։
— Please don’t leave me! Please!— կինը կ՚աղաչէ հեկեկալով։
Այրը անտարբեր իր պաղատանքին՝
— Don’t make a scene!,— կ՚ըսէ կտրուկ, հազիւ լսելի ձայնով։
— Why are you doing this? Please, Jerry! You know I love you! I gave up everything for you! Look what you make me wear!
Ճեռին, սակայն, առանց կարեւորութիւն տալու կնոջ խօսքերուն, զինք արդէն դրան մուտքը հասցուցած է։ Կինը յանկարծակի ցնցումով մը թեւը կը քաշէ այրին սեղմումէն եւ խրոխտ կեցուածք մը առնելով՝ մազերը կը շտկէ։ Դուռը կը բացուի եւ պաղ հովուն հետ limousineի վարորդ մը ներս կը մտնէ, յատուկ գլխարկով եւ վերարկուով։ Ճեռին տրցակ մը դրամ կը դնէ վարորդի ափին մէջ եւ բաներ մը կ՚ըսէ իրեն։ Վարորդն ալ կնոջ բազուկը բռնելով զինք դուրս կ՚առաջնորդէ, մինչ կինը դառնալով Ճեռիին բարձրաձայն կ՚ըսէ.
— You could have broken up with me privately, you know. Not like this!
Ճեռին հանդարտ իր սեղանը կը վերադառնայ, խմիչքը կ՚առնէ սեղանին վրայէն եւ բաժակը քանի մը անգամ ձեռքերուն մէջ դարձնելէ ետք՝ մինչեւ յատակը կը խմէ։
Վահրամ ինծի դառնալով կ՚ըսէ.
— Ճիշդ չէինք մենք։
— Գիտեմ։ Հաւանաբար սկիզբէն։
Երաժշտութիւնը, որ պահ մը լռած էր, կը շարունակուի։